ԱՓ ՄԸ ՍՈՒՂ ՀՈՂ

Քասախ

ՕՏԷՅ ՄՏԱՆԱԹ

Աուատ քունէն արթնցաւ հանդարտ եւ անհոգ: Անկողինին մէջ յամեցաւ, նայեցաւ կնոջ դէմքին, լսեց անոր հանդարտ շնչառութիւնը ապա պատշգամ ելաւ: Դիմաւորեց խոնաւ եւ զով նոր լուսաբաց մը, որուն նմանը երկար ատենէ չէր տեսած: Կեցաւ, դիտեց շրջապատն ու հորիզոնը՝ անոր վեհութեամբ հիացած: Վայրկեան առ վայրկեան իր էութիւնը լեցուեցաւ տիեզերքի բերկրանքով եւ անով գինովցաւ: Զգաց որ ամէն ինչի հետ կը զօդուի եւ ամէն ինչ կ’երկարի դէպի իր ներսիդին: Թեթեւ եւ անուշ նուագ լսեց: Ցանկացաւ որ այս վայրկեանը երկարէր եւ ինք հոն հաստատուէր: Տեսաւ երկրին վրայ հաստատուած շէնքերը, որոնք կը գուրգուրան իրենց մէջ ապրողներուն վրայ, շշնջաց. «Խաղաղութիւն երկրին եւ անոր բնակիչներուն»: Փափաքեցաւ ունենալ սեփական տուն մը: Պարզ եւ գեղեցիկ տուն մը ապրելու համար, որ ժառանգէր իր զաւակներուն ալ մնար իրմէ ետք: Գաղափարը հաճելի եւ իրականանալի թուեցաւ: Թեթեւ քայլերով ներս վերադարձաւ: Մտաւ պզտիկներուն սենեակը, դիտեց թէ ինչպէս անմեղօրէն կը քնանան, յետոյ անցաւ իր ննջասենեակը եւ փսփսաց իր կնոջ՝ Մատիհայի ականջին.
– Մատիհա… բարի լոյս:
Աչքերը բացաւ նեղացած:
– Մատիհա… քեզի ըսելիք մը ունիմ:
– Օ՜ֆ, ասկէ աւելի յարմար ժամանակ չի՞ գտար:
– Ասիկա ամենէն յարմար ժամանակն է: Եթէ հիմա պատշգամ ելլես՝ կը տեսնես թէ բնութիւնը ինչպէս կը բացուի եւ ինչպէս օրը կը սկսի երեւիլ եւ յստականալ: Հաւատա՛ ինծի, դուրսը օդը հրաշալի է: Սուրճ պիտի եփեմ մեզի համար, որ պատշգամը նստած միասին խմենք եւ խօսինք:

Գնաց խոհանոց, առաւ սրճեփը, նայեցաւ անոր ծանր մետաղին: Բացաւ ծորակը, ջուրը հոսեցաւ, քիչ մը լեցուց անկէ եւ սուրճ ու շաքար աւելցուց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բնութեան, որ չի զլանար իր բարիքները նուիրել:
– Մատիհա, սուրճը պատրաստ է:
Տեղէն ելաւ դժկամութեամբ, հագուեցաւ եւ հետեւեցաւ անոր: Համտեսեց սուրճը, որ շատ համեղ թուեցաւ իրեն:
– Հմմ… հմմ… ձեռքերդ դալար… երէկ ո՞ւշ եկար: Չզգացի գալդ:
– Քիչ մը ուշացայ, չուզեցի արթնցնել քեզ:
– Ստացա՞ր թոշակդ:
– Այո, երեք հազար տինար:
– Միա՞յն: Ծառայութեան թոշակը, աշխատանքի յաւելեալ ժամերը եւ խնայողութեան սնտուկը:
– Այսպէս աւելի լաւ է, քան տարիներով դատարանին մէջ քաշկռտուիլը: Փաստաբանը ուզեց դատը խաղաղօրէն վերջացնել, ես ալ համաձայնեցայ:
– Աստուած թող չվարձատրէ զիրենք:
– Մատիհա…,- լեզուն կարկամեցաւ,- պզտիկ կտոր մը հող պիտի գնեմ եւ մեզի համար տուն մը պիտի շինենք:

Կինը ճակատը շփեց եւ սերտեց գաղափարը:
– Ուրկէ՞ պիտի ճարենք հողին գինը:
– Երեք հազար ունիմ:
– Կը բաւէ՞:
– Փնտռողը կը գտնէ:
– Իսկ տո՞ւնը:
– Ամէն ինչ իր ժամանակին: Կրնանք «Պանք Էլ Իսքան»էն փոխ առնել եւ Աստուած կու տայ մեր ուզածը:

Երեւակայութեան ազատութիւն տուաւ Մատիհան.
– Ամբողջ կեանքիս ընթացքին կ’երազէի ունենալ սեփական տուն մը, շրջապատուած պզտիկ պարտէզով մը, որուն հոգ տանէի եւ մէջը վարդեր ցանէի:
– Մատիհա… երազդ իրականութիւն պիտի դարձնեմ:

Աչքերէն թօթափեց քունին հետքերը, փոխեց նստած դիրքը, քիչ մը մտածեց, յետոյ ըսաւ.

– Շնորհակալ եմ, բայց ես հիմա տուն չեմ ուզեր: Այս բնակարանը շատ յարմար է եւ վարձքն ալ շատ սուղ չէ, արդէն վարժուեցայ:
– Բայց այս տունը յարմար չ’ըլլար այն տան նման, զոր մե՛նք պիտի նախագծենք մեր ուզածին պէս, տուն մը, ուր ազատօրէն կը վարուինք:
– Դուն կ’երազես: Ուրկէ՞ դրամ պիտի բերենք տունը շինելու համար եւ ինչպէ՞ս պիտի հատուցենք դրամատունէն մեր փոխ առած պարտքը:
– Աշխատավարձս աւելի լաւ է հիմա եւ մեր ծախսերէն կը զեղչենք:
– Մեր ծախսե՞րը զեղչենք: Զեղչենք ուտելի՞քը եւ երեխաներուն հագուստնե՞րը: Դպրոցի կրթաթոշա՞կը եւ դեղե՞րը: Մոռցիր այս գաղափարը, Աստուա՛ծդ սիրես:

Հիասթափեցաւ եւ դէմքը մթագնեցաւ: Երեսը դարձուց, կարծելով որ անոր դիրքորոշումը լուրջ չէր:
– Ինչպէս որ կ’ուզես, տունը միայն իմս պիտի չըլլայ:

Ներս մտաւ, լուացուեցաւ եւ պատրաստուեցաւ դուրս ելլելու: Կինը տան մէջ հոս-հոն դարձաւ, երեխաները արթնցան եւ մէկ սենեակէն միւսը շրջեցան, բաղնիք եւ նստասենեակ մտան: Յարկաբաժինը նեղ, պզտիկ եւ անտանելի թուեցաւ իրեն: Տուն շինելու գաղափարը սկսաւ տանջել զինք, եւ որ դարձաւ իր միակ մտահոգութիւնը:

Սկսաւ յարմար հողակտոր մը փնտռել: Շաբաթ մը անցուց, փնտռելով առանց արդիւնքի: Հողերուն բարձր գինը վախցուց զինք: Յայտնաբերեց, որ իր ունեցած գումարը քիչ է եւ բանի մը չի ծառայեր: Վհատեցաւ: Մտածեց որ գումարը օգտագործէ զգեստներ եւ տան կահկարասի գնելու համար, բայց չհամարձակեցաւ դպչիլ անոր, այդ մտածումով տարուած, քունը փախաւ: Շարունակեց փնտռտուքը եւ գտաւ յարաբերաբար աժան հողակտոր մը եւ ուրախացաւ: Կնոջը հետ մինակ մնաց, բայց լուռ էր եւ միտքէն անցածին մասին չխօսեցաւ: Կինը նկատեց իր մտատանջութիւնը եւ հասկցաւ որ բան մը կը ծրագրէ:

Եւ երբ կինը հարցուց իրեն, շուարեցաւ եւ պապանձեցաւ:
– Մատիհա, հողակտոր մը գտայ, որ գերազանց է եւ աժան:
Չմեկնաբանեց եւ աւելին սպասեց:
– Բայց գինը աւելի բարձր է քան մեր ունեցած գումարը:
– Ես չըսի՞ քեզի, որ հրաժարիս այդ միտքէն:
– Մատիհա, եթէ ինքնաշարժը ծախենք՝ կ’ունենանք հողին գինը: Ճանապարհային փոխադրամիջոցներէն կ’օգտուինք: Իսկ հողը դժուար կը գտնուի:
Կինը իրեն նայեցաւ․
– Չեմ արտօներ որ ծախես, ինքնաշարժը մեր հաճոյքի միակ միջոցն է:

Սենեակէն դուրս ելաւ եւ դուռը ետեւէն ուժով փակեց:

Տխուր երեկոյ մը անցուցին, ամէն մէկը իր մտահոգութեամբ առանձնացաւ, եւ իրարու հետ չխօսեցան: Առաւօտուն անակնկալի եկաւ, երբ կինը իր ոսկեղէնները բերաւ եւ արցունքի կաթիլ մը նկատեց անոր աչքերուն մէջ:
– Ծախէ՛ ոսկին, պէտք չունիմ, բայց ինքնաշարժը մեզի թող մնայ:
Շատ ամչցաւ եւ ինքզինք մեղադրեց որ շատ խիստ եւ անհեռատես եղած էր:
Երեսը միւս կողմ դարձուց, եւ իր աչքերն ալ արցունքոտեցան:
– Մատիհա, ոսկին վերադարձուր : Կ’երդնում, որ քեզմէ բացի ոեւէ մէկը պիտի չդպնայ անոր, որքան ատեն որ ես ողջ եմ:
– Իսկ հո՞ղը:
– Մի մտահոգուիր: Անտրամաբանական միտք մըն էր եւ այլեւս այդ մասին պիտի չմտածեմ: Հողը ի՞նչ ընենք, եթէ մեզի միայն նեղութիւն պիտի բերէ: Կարեւորը քու գոհունակութիւնդ եւ ուրախութիւնդ է:

Կնոջ դէմքը քիչ մը փայլեցաւ:
– Սուրճ կը խմե՞ս պատշգամը:
Գլուխը շարժեց համաձայնելով: Կինը սուրճը եփեց եւ պատշգամ հրաւիրեց զինք, ուր նստեցան հանգիստ եւ սիրով: Սուրճը խմեցին խաղաղութեամբ:
– Աուատ, կը յիշե՞ս երբ առաջին անգամ ոսկի գնեցիր ինծի: Մեր նշանտուքին օրն էր:
– Կը յիշեմ,- միտքով հեռուները գնաց,- մայրդ տունը ինծի կը սպասէր: Իրեն տուի ոսկին հպարտօրէն կանգնած, բայց մայրդ ոսկիի կտորներուն նայեցաւ, չհաւնեցաւ եւ ըսաւ. «Միայն ասո՞նք»:
– Իսկ ես սենեակէս կը լրտեսէի ձեզի: Գիտցայ որ վիրաւորուեցար: Ետեւէդ եկայ եւ ըսի որ ինծի համար դուն ոսկիէն աւելի արժէքաւոր ես:

Կինը լռեց քիչ մը եւ յետոյ ըսաւ.
– Մինչեւ հիմա ալ այդպէս ես: Կը յիշե՞ս մեր ամուսնութեան առաջին տարեդարձը:
– Այո:
– Անակնկալ մը ըրիր ինծի ոլորուն ապարանջան մը բերելով: Եւ երբ Մազէնը ծնաւ, մանեակ մը նուիրեցիր ինծի: Եւ երբ Ահմէտը ծնաւ, այս ապարանջանները նուիրեցիր, – եւ ցոյց տուաւ թեւը,- եւ այս մատանին, ո՛վ մարդ, ով անձնասէր, տասներրորդ աշխատավարձդ ստացար եւ քեզի համար մատանի մը գնեցիր եւ անտեսեցիր զիս:
– Բայց երկու օր ետք ասիկա գնեցի քեզի համար: Աստուած վկայ, գեղեցիկ չէ՞:

Այդ վայրկեանին, կնոջ ոսկեղէնը յատուկ նշանակութիւն մը ստացաւ: Անոնց ամէն մէկ կտորը յիշատակի մը հետ կապուած էր: Կինը իր ոսկեղէնէն կը հրաժարէր խենթ գաղափարի մը համար, որ առտու մը ծագեցաւ իր միտքին մէջ: Քիչ մնաց որ պիտի լար, կայնեցաւ, կռնակը դարձուց անոր եւ ներս մտաւ:

Լուաց երեսը, հագաւ հագուստները եւ վերադարձաւ:
– Կանուխ չէ՞:
– Գործ մը կայ, որ պէտք է ընեմ:
– Բարով երթաս:

Մասնաւոր նպատակ մը չունէր: Քիչ մը պտտեցաւ փողոցներուն մէջ եւ քշեց դէպի միջնորդին գրասենեակը: Ինքզինքին հարցուց. ինչո՞ւ հարցը ներողամտութեամբ  բացատրել: Դրան առջեւ կայնեցաւ տատամսելով, «ներողութիւն կը խնդրեմ, կը բացատրեմ իրեն արարքս եւ կը հանգստանամ»: Մտաւ: Միջնորդը մարդու մը հետ կը խօսէր: Իրեն ըսաւ.
– Բախտէդ է որ եկար, ասիկա հողին տէրն է:

Հողատէրը ոտքի կանգեցաւ եւ հետը ձեռնուեցաւ: Հիասթափեցաւ ինքզինքէն եւ մտածեց որ ինքզինք փորձանքի մը մէջ նետեց: Միջնորդը ըսաւ.
– Ապու Իպրահիմը համաձանեցաւ հողին գինէն չորս հարիւր տինար պակսեցնել: Հինգ հազա՜ր, Աստուած վկայ, ասիկա անփոխարինելի գործառք մըն է:

Աուատ առաւ համրիչը եւ սկսաւ հատիկները սահեցնել: Միջնորդը ըսաւ.-
– Հիմա կը շնորհաւորենք վաճառքը: Տուր չէքերուդ տետրակը, ո՛վ մարդ:
– Իրականութիւնը այն է, որ հիմա չունիմ հինգ հազար տինար:
Միջնորդը բարկացաւ եւ հողատիրոջ նայեցաւ: Հողատէրը հարցուց.
– Որքա՞ն ունիս հիմա:
– Երեք հազար:
– Եւ մնացա՞ծը:
– Վեց ամսուան ընթացքին կը վճարեմ:
– Երեք ամիս, եւ չէքերով կը վճարես գինը:
– Չորս ամիս, ամէն ամիս հինգ հարիւր տինար:
– Համաձայն եմ: Գրէ չէքերը:
Ձեռքը գրպանը տարաւ, յետոյ վերադարձուց:
– Իրիկունը կը հանդիպինք:

Միջնորդը ըսաւ. ասիկա երեխաներու խա՞ղ է: Հիմա՛ պէտք է վերջացնենք գործառքը: Ես ուրիշ գործեր ունիմ:

Աուատ քրտնեցաւ եւ ծայր աստիճան շլմորեցաւ: Ի՞նչ պիտի ըսէ հիմա: Խոստացաւ: Ինչպէ՞ս ետ պիտի դառնայ: Եւ ուրկէ՞ հինգ հարիւր տինար պիտի բերէ ամէն ամիս:

Ապու Իպրահիմ ըսաւ. «Ցոյց տուր դրամդ»:

Ենթարկուեցաւ, երբ տակաւին ինքզինքին հետ չէր համաձայնած: Հանեց չէքերու տետրակը եւ պէտք եղած գումարը գրեց, եւ չորս չէք ալ՝ ապագային համար: Միջնորդը գործառքը կատարուած յայտարարեց: Ոտքի կայնեցաւ եւ ձեռնուեցաւ երկուքին հետ եւ զիրենք հողերու տնօրինութիւն հրաւիրեց:
– Եւ հիմա պատրաստէ հողի արձանագրութեան տուրքը եւ իմ վարձքս:
– Հիմա չունիմ, երեք օր ետք կու տամ:
– Ուրեմն դրամ չունի՞ս: Գործառքը վերջացաւ, իմ վարձքս հիմա՛ կ’ուզեմ:
– Երեք օր ետք:
– Ո՛չ, հիմա կ’ուզեմ:
– Եւ որքա՞ն է:
– Հարիւր տինար:

Աուատ տժգունեցաւ: Հաշիւ ըրաւ, հանեց չէքերու տետրակը եւ դողացող ձեռքով հարիւր տինարի չէք մը գրեց եւ դուրս ելաւ առանց հրաժեշտ տալու:

Երկու օր անհանգիստ կը փնտռէր մէկը, որ իրեն երեք հարիւր տինար պարտք տար: Մերժուեցաւ մէկէ աւելի անգամներ եւ անիմաստ պատճառներով: Եւ վերջապէս ընդհանուր տնօրէնին դիմեց, բացատրելով իրավիճակը, պատրաստակամութիւն յայտնելով հողակտորը գրաւի դնել պարտքին դիմաց: Գանձեց գումարը եւ երրորդ օրը հանդիպեցաւ միջնորդին ու Ապու Իպրահիմին եւ արձանագրութիւնը ամբողջացուցին:

Առաւ հողատիրութեան փաստաթուղթը: Զգուշութեամբ ծալեց եւ տուն գնաց: Ուրախութեամբ ցատկռտեց: Բարեւեց կինը եւ կատակեց զաւակներուն հետ, շատ կատակեց: Կինը իրեն նայեցաւ կասկածանքով: Հարցուց այս ուրախութեան պատճառը եւ ինք զայն վստահեցուց, որ զայն գոհացնելու համար էր:

Բայց չի կրցաւ լուրը երկար ժամանակ գաղտնի պահել: Հանեց հողատիրութեան փաստաթուղթը եւ ըսաւ.
– Այս հողակտորը մեզի կը պատկանի:
– Ըրի՞ր:
– Այո:
– Ինչպէ՞ս:
– Երեք հազար վճարեցի եւ մնացածը մասնավճարով:
– Եւ ինչպէ՞ս պիտի վճարենք մասնավճարները:
– Հիմակուընէ մի մտահոգուիր այդ մասին: Կարեւորը այն է որ ափ մը հողի տէր ենք:

Երբ երեխաները լսեցին ուրախացան, պոռչտացին եւ ուզեցին որ իրենց ցոյց տայ հողը: Համաձայնեցաւ եւ այդ օր կէսօրէն ետք զիրենք հոն տարաւ: Չէր կրնար ինքնաշարժով մօտենալ, դուրս ելան ու քալեցին երկար տարածութիւն մը: Կինը ընկճուեցաւ եւ ցաւ յայտնեց:
– Ինչո՞ւ է բարկութիւնդ, Մատիհա, չհաւնեցա՞ր տեղը:
– Հաւնի՞մ, հա, հա… ոչ ճամբայ կայ, ոչ տուներ, ոչ դպրոցներ, ոչի՛նչ:
– Պարզ է: Միջնորդը վստահեցուց ինծի, որ բնակարանային ծրագիր մը մօտ օրէն պիտի կիրարկուի, եւ ամբողջ շրջանը պիտի կառուցուի, ճամբան հոսկէ պիտի անցնի եւ միւս բնակարաններուն պիտի միանայ:

Ժայռի մը վրայ նստեցան եւ դիտեցին հորիզոնը, որուն լոյսը կը վառէր եւ կը փայլփլէր: Ծխախոտ մը վառեց եւ ըսաւ.
– Արեւը հիանալիօրէն եւ առանց հպարտութեան կը ճամբորդէ:
Ապա ծխախոտին ծուխը ներս քաշեց եւ ըսաւ․
– Ինչո՞ւ մեր երթը թարշամած եւ գունատ ըլլայ:
Կինը խնդաց եւ իր ձեւով ըսաւ.
– Արեւը իր ջերմութիւնը կը հաւաքէ եւ կը պահէ, որպէսզի յաջորդ առաւօտ նորէն ծագի:
– Մատիհա, ափսոս որ պէտք է վերջանանք եւ մեռնինք: Ինչո՞ւ չենք նորոգուիր արեւուն, օդին եւ ջուրին նման:
– Ինչպէ՞ս թէ: Մենք կը նորոգուինք մեր զաւակներուն ընդմէջէն:
– Ուրեմն լաւ ըրինք որ գնեցինք հողը: Անոնք մեզմէ պիտի ժառանգեն զայն:

Կինը բռնեց անոր ձեռքը եւ շոյեց: Երեխաները հողին վրայ պտտեցան եւ խաղցան: Իրենց ոտքերով զարկին եւ փորեցին հողը եւ անկէ ափ մը դրին տուփի մը մէջ, որ տուն տանին․ տունը երեխաները լուացուեցան եւ պառկեցան:

Իրենց նայուածքները հանդիպեցան իրարու: Կինը ըսաւ.
– Կարեւորը կարենանք գինը վճարել:
– Մի մտահոգուիր, բարին կու գայ հետը:

Կասկածելով ըսաւ եւ տխրութեամբ լռեց: Անձկութեան ժամեր անցուցին միասին: Հեռատեսիլ դիտեցին, սուրճ խմեցին, յետոյ քունը վրայ հասաւ եւ գացին քնանալու:

Կինը քնացաւ, բայց ինք արթուն մնաց: Լռութիւնը եւ մութը անհանգստացուցին զինք: Վախցաւ որ թերանայ իր խոստումը կատարելու: Թերեւս ալ բանտարկուի այդ պատճառով, եւ տան ապրանքները գրաւուին: Անկողինէն ելաւ եւ ուղղուեցաւ դէպի պատշգամ: Տեսաւ աստղերը երկինքին մէջ հանգիստ կը պլպլան: Զգաց որ խորունկ անդունդի մը մէջ կը սահի: Եւ պիտի խեղդուի հոն եւ պիտի մոռցուի: Ոեւէ մէկը պիտի չհարցնէ իր մասին: Ամէն մէկը իր անձնական կեանքը ունի: Անմահութեան եւ կեանքի վերանորոգութեան գաղափարները շռայլ բայց միաժամանակ անորոշ թուեցան իրեն:

Յաջորդ առտու տխրութիւնը ակնյայտ էր, դէմքը գունատ էր եւ աչքերուն շուրջը սեւցած, կինը տեսաւ վիճակը եւ հասկցաւ մտահոգութեան պատճառը: Ընկճուեցաւ եւ քիչ մը հեռացաւ անկէ:

Սկսաւ խօսիլ անոր հետ.
– Մատիհա, կարծեմ մեծ սխալ մը գործեցի:

Չպատասխանեց եւ շարունակեց իր գործը: Բարկացաւ եւ տունէն գնաց եւ իրիկունը յոգնած վերադարձաւ ապակայունացած: Կղպեց սենեակին դուռը եւ անկողին մտաւ: Կնոջ ընթրիքի հրաւէրին չընդառաջեց եւ պոռաց, երբ ան կրկնեց եւ պնդեց հրաւէրը, վիճեցան եւ կինն ալ չկերաւ: Երեխաները զարմացան եւ լուռ կեցան իրենց մօր քով:

Առաւօտուն կինը իրեն ըսաւ.
– Յամառութիւնը օգուտ չունի, առ ոսկեղէնը եւ ծախէ:

Մերժեց առաջարկը, խստօրէն բողոքեց եւ տունէն գնաց: Իրիկունը յոգնած եւ մտահոգ վերադարձաւ, մտաւ սենեակ եւ կղպեց դուռը: Կինը չհամարձակեցաւ մօտենալ իրեն: Մեծ տղան ղրկեց.
– Պապա, եկուր միասին ուտենք, մաման քեզի կը սպասէ:
– Պապա՛, ես զբաղած եմ, հանգիստ ձգէ զիս:

Օրերը անցան եւ անհանգստութիւնը սաստկացաւ եւ որոշեց հողը ծախել եւ ազատիլ այս տառապանքէն: Միջնորդը իրեն ըսաւ.
– Սպասէ, դուն գիտես որ հողին տեղը հեռու է եւ անցանկալի:
– Եւ ի՞նչ ընեմ ամսուն վերջը Ապու Իպրահիմին չէքը:
– Պէտք է չէքը պատրաստ ըլլայ, գիտես օրէնքը:
– Ապու Իպրահիմը կ’ընդունի՞ մէկ չէքը երկու ամսու բաժնել:
– Չեմ կարծեր, Ապու Իպրահիմը շատ խիստ մարդ մըն է:
– Ինքնաշարժէս զատ բան մը չունիմ, ի՞նչ ընեմ:
– Ես կը գնեմ:
– Քանի՞ կը վճարես:
– Երկու հազար հինգ հարիւր:
– Միա՞յն: Ինքնաշարժս շատ աւելի կ’արժէ:
– Ուրեմն ուրիշի մը ծախէ:

Համաձայնեցաւ ծախել, ինքնաշարժին բանալին յանձնեց, գանձեց գումարը եւ դուրս ելաւ: Փողոցներուն մէջ քալեց աննպատակ: Մարդոց զարնուեցաւ, վախցաւ ինքնաշարժներու ճչակին ձայնէն, նստեցաւ սրճարանի մը մէջ, նարտիի քարերու ձայնէն եւ խաղցողներու աղմուկէն նեղուեցաւ: Միս եւ պտուղ գնեց եւ տուն վերադարձաւ, զարկաւ դուռը, ոչ ոք պատասխանեց, իր բանալիով բացաւ եւ մտաւ: Հիւրասենեակին մէջ արտին հողը հոս ու հոն ցանցնուած էր եւ ծալլուած նամակ մը կար: Բացաւ նամակը եւ ինքզինք նետեց անկողինին վրայ եւ լացաւ:

 

Արաբերէնէ թարգմանութիւն
Մարի Սամանլեան-Փօլատեան

 

Օտէյ Մտանաթ ծնած է 1938 թուականին, Յորդանան: Վկայուած է Դամասկոսի համալսարանէն իբրեւ իրաւագէտ: Գրել սկսած է 1983էն սկսեալ: Ունի պատմուծաքներու հատորներ. «Տասներկրորդ տարօրինակ հիւանդը», «Բարի լոյս, Դրացուհի», «Դրսեցին», «Փոթորկոտ գիշեր մը», «Հոգիին փողոցները», «Այդ ճամբաները»: Գրած է նաեւ գրական քննադատական յօդուածներ: Ստացած է զանազան մրցանակներ: Անդամ է Յորդանանի Գրողներու Միութեան եւ Փաստաբաններու Միութեան:

 

 

 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

 

 

Leave a comment