ԾՆՈՒՆԴ

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

Ա.

Դուն որ ծնար ծնունդ տալով՝
օրհնեալ առեղծուած ես:
Դուն որ ծնար աշխարհ գալով՝
բարի եկար հազար բարով: 

Բ.

Անցեալ տարի՝ կնքամայր
անցեալ ամիս՝ մօրաքոյր
այսօր ահա՝ հօրաքոյր…

Այսպէս շարունակ եւ
կեցած տեղս
պաշտօնս հետզհետէ բարձրացում կը կրէ:

Գ.

– Աղջիկ մըն ալ դուն բեր,
ըսին զիս տեսնողները.
տարոսիկներուն հետ
մաղթանք բաժնեցին ուրիշները.

– Հապա՞ եթէ տղայ գայ…
– Պէտք է փորձես որ գիտնաս,
խրատեցին շատերը.

Ծեր կին մըն ալ մօտեցաւ
ու ականջիս փսփսաց.
– Երկու տղա՞յ,
աղջիկ չունի՞ս դուն…
– Չէ,- ըսի տեսակ մը շուարած.
– Ուրեմն, զաւակ չունիս դուն…

Ես չուզեցի հաւատալ, սակայն
ծեր կինը կեանքի փորձառութիւն ունէր…

Դ.

Մամա ըլլալ
ու զգալ համը աշխարհ գալուն,
ցաւը երկունքին,
համը ցաւին.
ցաւ, որ միայն քեզի է շնորհուած.
ցաւերուն մէջ միակը, որ մարդ սրտբաց կ’ընդունի…
ցանկալի ցաւ, երբ
կը քաղցրանաս,
կը վերանորոգուիս,
կը տոգորուիս,
կը շէնանաս,
կ’անմեղանաս.
ու՝
ցաւի ահաւորութենէն ետք, երբ
երկինքն ու երկիրը
իրարու կը միահիւսուին՝
ի վերջոյ կը լսես
քնքոյշ ճիչը:

Ե.

Մանուկը ծնաւ
– Աչքերնիդ լոյս
– Մամային կը նմանի:
– Ճիշդ պապան է, քա:
– Չէ հա, մեծ մաման է:
– Մեծ հօր քիթէն ինկեր է:
Իսկ դուն լուռ՝
գլխով հաւանութեան նշան կ’ընես,
բոլորին ալ խաթըրին կը նայիս,
մէյ մըն ալ էականին կը նայիս,
ու՝ ամուր-ամուր կը գրկես նորածինդ:

Զ.

Մանուկը ծնաւ չծնաւ
պատուաստեցին զինք.
Խոզուկի պատուաստ,
Ջրծաղիկի,
MMR,
HIB
FLU…

– Սիրելի՛ բժիշկ,
պատուաստ ալ չկա՞յ
պինդ մնալու
չընկրկելու,
տոկալու ու
համբերութեամբ մաքարելու…

– Կեանքը շատ դաժան է բժի՛շկ, պատուաստէ՛:

Է.

Մանուկը ի՞նչ կ’ուզէ.
Հաւատք
Յոյս
Սէր
եւ Մկրտութիւն:
Ու թաթխեցին հա թաթխեցին
մկրտեցին մանուկը.
կատարեցին անոր վերջին իղձը՝
մտածելով որ մնացածը ինքնիրեն կու գայ:

Ը.

Ու մայրը անհամբեր է
թէ ե՞րբ լեզու պիտ’ ելլէ
իր առջինեկը,
թէ ե՞րբ առաջին բառը՝
«Մամա» պիտ’ արտասանէ.
բայց եկուր տես որ
ամէն անգամ որ
մաման
«մա-մա», ըսէ
մանկիկը անվարան
«պա-պա»
կը կրկնէ անոր ետեւէն:

Թ.

Մօր կաթը
արդար
սննդարար
կենարար
էութիւն
լիարժէք
առողջութիւն
մտորում
ապրում
յոյզեր
յոյսեր
հիացում
դիեցում
յագեցում
աճում
յորդում:
Մօր կաթը՝
անքակտելի կապ:

Ժ.

Մանուկին ճիչը
դիւթիչ դուրեկան
շէնշող հոգեթով
քնքոյշ ու մեղմիկ:
Մանուկին ճիչէն
անպակաս մնաք:

ԺԱ.

Ակռահատիկ շինեցէք,
ցնծացէք, ուրախացէք.
իր առաջին ակռայով
մանուկն արդէն մարդ դարձաւ:
Օ՛ն, ուրեմն ժամանակն է
գուշակութեան.
դե՜հ, դրէք իրերն իր դիմաց
Թող ընտրէ ան ապագան:

 

 

 

 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

 

 

6 thoughts on “ԾՆՈՒՆԴ

  1. Շնորհաւոր ըլլայ, բոլոր հայ օճախները մանկանց ճիչերով լեցուին, բախտաւոր բալիկ ըլլայ:

    Like

  2. Ays inch lav kradzes Sosi; ughagi hoyagab. Kricht anmar hokis, aghchig mn al tun per jan ☺
    Hazar shnorhavor Nanori dzenunte. Hayrov Mayrov medzna yv ella aroghch u yerchanig 😙😘😚

    Like

Leave a comment