ՅԱՐՈՒԹ Գ․
Ուրեմն պիտի լոգնանք…
Մօրուքով մարդիկը նորէն կը սկսին երգել եւ աւազանին մէջ թռչունի մը բերանէն… կարծեմ շամբու կը պարպեն:
Յանկարծ քանի մը կիներ զիս հօրեղբօրս ձեռքէն կ’առնեն, կը դնեն սեղանի մը վրայ, ու բոլորը վրաս ծռած կը սկսին զիս մերկացնել:
Ուա՜ու, կաթիկ… մամաս ալ ունի ասոնցմէ եւ կաթիկ կը խմցնէ ինծի. բայց ասոնցմէ մէկը այնքան մեծ է, որ կը փակի երեսիս եւ կը խեղդէ զիս…
Մերկացնելէն ետք հօրեղբայրս նորէն կը գրկէ զիս, մօրուքով մարդը բաներ մը կ’ըսէ եւ հօրեղբայրս կը պատասխանէ:
Մէյ մըն ալ մօրուքով մարդը կ’առնէ զիս անոր ձեռքէն եւ կը մտցնէ աւազանին մէջ եւ կը սկսի ափովը ջուր թափել վրաս:
Ես կը փորձեմ ազատիլ ձեռքէն, կը պոռամ, կու լամ, բայց ի՞նչ օգուտ. նոյնիսկ մեծ մայրս կեցած կը դիտէ:
Վերջապէս մօրուքով մարդը աւազանէն կը հանէ զիս եւ կը դնէ հօրեղբօրս գիրկը եւ կը սկսի խօսելով մարմինիս ամէն կողմը ձէթ քսել:
Է՜, հիմա կը ցցնեմ: Նշան կ’առնեմ մօրուքով մարդուն մօրուքին եւ… շըռռռռռռռ մէկ հատ մը կը շռեմ…
Բոլորը կը խնդան, նոյնիսկ մօրուքով մարդը:
Է՜, բան մը չհասկցանք, եւ կը սկսիմ նորէն լալ ու պոռալ, մինչ նոյն կիները կը հագցնեն զիս ու պզտիկ սենեակէն կ’ելլենք մեծ նկարներով սենեակը…
Ծնողքս ու հօրեղբայրս շարքի կը կենան ու լոյս հանող գործիքով մարդիկը գործի կ’անցնին…
– Հատէ՛, մօտեցիր որ շնորհաւորենք:
Կնոջս ձայնն է, որ զիս կ’արթնցնէ:
Կը մօտենանք եւ կը շնորհաւորենք, կը նայիմ փոքրիկին, որ կարծես կը ժպտի ինծի…
Շնորհաւոր ըլլայ:
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: