ՍՏԵՓԱՆ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Մարդը քիւրտ է
քիւրտ է քիւրտ
ճամբան բռներ
ու կը վիճի
Խարբերդէն փրթած քի՜ւրտ
էլազըղցի խաշնարած թերեւս
ոչխարին բուրդը կտրած գզած մանած ատեն
պատմութիւն սորված
անկէ տիրապետուած
– այսինքն այն մէկէն որ Հրանդ Տինք պիտի շտկէր շինէր սրբագրէր
ամէն խելքով կամ ըղձանքո՜վ
բայց ի վերջոյ արիւնով սրբագծեց ու նրբագործեց
այնպէս մը որ
մինչեւ հիմա դեռ դատը կը լուծուի կը լուծարկուի
ճիշդ մեր դատին միլիոններուն հոլովումով
միայն ուրիշին գրպանը հոսող
աման ինչ կ’ըլլաս
ասինչ տեղ աս ձեւով մեր մասին խօսէ
մեր դատը գովէ –
եւ այդ պատմութիւնը կոկորդէս պիտի իջեցնէ
դուք այսպէս ըրիք այնպէս ըրիք
Էրտողանը ի զուր կը քննադատուի
մարդը կը սիրէ իր երկիրը
երբեմն ալ կը տիրէ անոր
կը տիրապետէ կը սիրապետէ իր գիտնալիքն է
կը հանէ կը դնէ ուզածին պէս
ինչ ուր ինչպէս ինչու
դուք մեր յղի կիներուն փորերը ճեղքեցիք
սանկ ըրիք նանկ ըրիք
եաու ասոր ի՞նչ ըսես հիմա
ճամբուն մէջտեղ
պատմութեան մէջտեղ կանգնած է
վէժ վիժաբան
մեր ըսելիքը ինք կ’ըսէ
ակռաները դեղնած պատմութեան փոշիով
պատմուած է իրեն բան մը հարկաւ
փոխանցուած փոխփսխուած
բայց չսերտուած
աղով աղած համ համեմած
հարիւր տարի աս սորվեցան
հարիւր անգամ բացատրես ալ
պատրաստ չեն
պիտի չըլլան
չեն սորված
սորվածնին աս է
շատ աղէկ
ե՞ս մնացի բացատրող
բացատրութեան իսկ պատրաստ չեն
նոր սկսան ճեղքռտուիլ շունչ քաշել մնջել հնչել
փո՜քրամասնութիւն
ատ ալ լաւ է
փառք Աստուծոյ
հարիւր տարի տեւեց մինչեւ փոքր մաս մը շարժեցաւ
ցաւն արթնցաւ
չէ չէ ատանկ չէ
դուն պիտի համբերես համբերես համբերես
ինք չի գիտեր դուն գիտես
չէ սորված
ուրկէ՞ գիտնայ
մաշալլահ
եթէ չէ սորված
ուրեմն դարձեալ յանցաւոր է
կ’ուրանայ կը ժխտէ
երեք անգամ յանցաւոր
եռաշերտ այդ ախմախը տանիլ ինծի՞ մնաց
եւ ո՞ւր տանիլ
մէջտեղն է միշտ
յետոյ
ո՞վ իմ հաշիւս պիտ’ նէ
ես անհաշի՞ւ եմ
նայէ ես չեմ ձանձրացած
ոչ ալ բողոք է կարդացածս
հասկցանք ալ որ
սխալ սորված սխալ լսած սխալ տեսած սխալ շնչած է
լաւ
ե՞ս պիտի կլլեմ այդ բոլորը
սա մէկ
յետոյ
կլլել կլեցնե՞լ է վէճ ըսուածը
փողոցին ճիշդ մէջտեղը
երկխօսութիւնը պայմաններ չունի՞
աննախապայման անպատճառ
չէ չէ
տես ընկեր
երկխօսութիւնը սիրով համբերութեամբ կը սկսի
ամէն ինչ պիտի մոռնաս
ու զէրօն գծես
անցեալ մանցեալ չկայ չէ եղած չի կրնար ըլլալ
– չէ եղած
ուրեմն կրնայ կրկնուիլ առօք փառօք –
միայն ապագայ ու ներկայ
ան ալ ոչ թէ քու ուզածդ
այլ իրեն յարմարածը
կրնա՞ս խօսիլ
այս է խօսքը
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: