ԷԼԵՆԱ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Պուէնոս Այրէս, Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Կրթական Հաստատութիւն, երկրորդականի գ. տարի
Սեպտեմբեր 13, 2016
Սիրելի մեծ մամա,
Ինչպէ՞ս ես: Մենք լաւ ենք: Ծնած օրէս բազմաթիւ անգամներ խօսեր եմ հետդ, բայց երբեք քեզ չեմ տեսած: Գիտեմ, որ ունիս շատ թոռնիկներ, որոնք քեզի հետ կ’ապրին Երեւանի մէջ:
Վստահ եմ, որ շատ մեծ ցանկութիւն ունիս զիս եւ եղբայրս տեսնելու եւ ճանչնալու: Շատ կ’ուզէի, որ մօտս ըլլայիր, որպէսզի վայելէի քու ներկայութիւնդ եւ ջերմութիւնդ: Կարծեմ դուն ալ կ’ուզես. այդպէս չէ՞:
Կը ցանկամ քեզի առողջութիւն եւ անհամբեր կը սպասեմ մեր հանդիպումին:
Քեզի պաչիկներ կը ղրկեմ եւ քու պատասխանիդ կը սպասեմ:
Սիրով՝
Էլեն
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: