ԼԱՐԱ ՃԵՐԱՆԵԱՆ
Պուէնոս Այրէս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Կրթական Հաստատութիւն, երկրորդականի գ. տարի
13 Սեպտեմբեր, 2016
Սիրելի մեծ մայրիկ,
Անցեալ շաբաթ Յունաստան հասայ:
Մօրս հետ շա՜տ պտտեցայ: Աթէնքի մէջ Փարթենոն գացինք՝ մեծ, աղուոր եւ պատմական շինութիւն մըն է: Երեք օր վերջ Ֆիքս գիւղը գացինք եւ մեծ հօրս ազգականներուն ծանօթացայ:
Նաւակով Միքոնոս եւ Սանթորինի գացինք, որոնք Յունաստանի ամենագեղեցիկ կղզիներն են. հոն ծովուն ջուրը մաքուր եւ կապոյտ է, իսկ աւազը՝ ճերմակ: Շա՜տ սիրեցի:
Նաւը շատ աղուոր էր, ճաշարան ունէր, ինչպէս նաեւ՝ աւազան, խաղեր, ամէն ինչ: Յետոյ Աթէնք վերադարձանք:
Պուէնոս Այրէս վերադառնալու համար Իտալիա պիտի երթանք: Վաղը Հռոմ պիտի ճամբորդենք, ուր երեք օր պիտի մնանք:
Շատ կարօտցանք քեզ եւ մեծ հայրիկը:
Սիրով՝
Լարա
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:
One thought on “ՆԱՄԱԿ ՄԵԾ ՄԱՅՐԻԿԻՆ”