ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ
միտք տեսութիւն սկզբունք
կանոն դրուածք… եւ այլն
բանտերը մեր օրօրոցէն դպրոցէն
պարարտանիւթ
կաթին գիրքին ու աղօթքին խառնուած
երանի թէ զսպանակս դուրս հրէր զիս անոնցմէ
կտրուէի անջատուէի փրթէի նետուէի խելառ
հեռանալով փոքրանայի ջնջուէի պաստառէն
դուրս դուրս դուրս ցատկէի ճաղերէն
երկրագունդը անջրպետէն դիտողի պէս
ընկալէի անոր լմանութիւնն ազնուական
իր գոյնզգոյն գիծերով
իր գիծերու գոյներով
պատժուած իր հմայքով
անմեղութեամբ խորտուբորտ։
Այդ հրաշքը բացայայտ՝
ատոր համար իսկ ծածուկ
անդիի կողմէն ըմբռնելու հասնէի
վերանայի անոր ախտէն վարակուելու
խենթ տարերքէն տարուելու
ցնցուէի
անոր անզուսպ կորովէն
որուն լոկ եղած ըլլալուն մէջ,
ո՛չ ուրիշ տեղ,
գտնէի զայն գեղեցիկ
անօրինակ ուժական
որովայնիս մէջ, յայնժամ միայն
խտխտար պիտի ծնունդը
իմաստին
որուն սերմը սրբազնագոյն առեղծուածը կը պահէ։
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: