ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ
ՏԷՔՈՌԻՆ ՄԷՋ
կորսուեցայ տէքոռին մէջ
ու չկրցայ երեւնալ
մասնիկ դարձայ նկարին
խօսիլ-լռել նոյնացան
թերեւս միշտ նոյնն էին
ինչպէս տառերն անունիս
անջատաբար կը բուսնին.
մարմին մ’աւել կամ պակաս
նժարին համար անտարբեր.
ի՞նչ է, սիրտս, նորէն ուռած
մէջտեղ ելեր կը հաջես.
ինչ որ կրցար կտցահարել
ճամբու եզրին
օրհնէ, անցիր ու գնա՛
գնա՛
գնա՛ այլեւս
երթալովդ՝ տէքոռէն, գիտցիր,
ոչինչ կը պակսի.
քեզմէ՝
ցաւ մը միայն կը պակսի
ու կը բաւէ այդ քեզի։
Ոտնահետքդ անգամ ձգէ իրեն
կորսուէ
ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ
Մարդէ աւելի մեծ,
քարի չափ փխրուն
բամպակի պէս խաբեբայ
երաժշտութիւն
է ձայնդ
որ կը կաթկթի դէմքիս
կը լուայ
ու ալ ոչինչ կը լսեմ։
Արձագանգ,
տարածք
ընդարձակ,
խեղդուելու չափ անհունութիւն մուտք գործել
ու լողալ
ալիքներուն մէջ
որոնք ականջ կը փակեն
ամէն բանի որ սուտ է.
ամէն բան արդէն սուտ է.
երաժշտութիւն,
որ կը քակէ
անվերականգնելի փլատակներ թողելով,
կը քանդէ
տրուած խոստումները վերադարձի,
կը մարէ մոմը վերջին շունչի.
չկայ երազ
պիտի ապրիս հասկնալով.
հասկնալո՞վ,
զայն, որ կը մեկնի մնալով,
կը մնայ երբ մեկնած է վաղուց
կամ չէր եկած երբեւէ.
կարծած էի լսած ըլլալ ձայնն անոր,
ի զուր եսի պատերազմ
մը տանիլ, ու թերեւս յաղթել
բայց որո՞ւ,
երբ տխրութիւնս պատառ-պատառ կը սպառէ
ինձմէ մնացած ամէն բան։
Իրմէ մնացած երաժշտութիւն,
օգնէ ինծի
ես խաբուած խաբուող ու խաբուելիք
ողորմելի պզտիկ մարդ մըն եմ.
կը բարձրանայ կը բարձրանայ կը բարձրանայ կուրծքս
տագնապէն.
թեւերդ բաց
առ
տար
առանց ետեւ նայելու
ալ չեմ ուզեր հոս մնալ։
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: