(ԱՆՍՏՈՐԱԳԻՐ)

Հետաքրքրական նորութիւն մըն է մեզի համար 1889 թուականէն՝ 128 տարիներու հեռաւորութենէն եկող այս անստորագիր, կարճ ու գողտրիկ երգիծապատումը, որ թերեւս դաստիարակչական նպատակով գրի առնուած ակնարկ մըն է, շատ հաւանաբար՝ «Չանթա»յի տէր եւ հրատարակիչ Տիրան Փափազեանի կողմէ, որ հեղինակ է Կ․Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած քանի մը թատերախաղերու եւ կատակախաղերու։
ՀԱՅԵՐԷՆ ՊԼՕԿ
Երեւելի սեղանաւորներէն մէկը, ամսուան սկիզբը ըլլալուն, իր մատակարարին հաշիւները ստուգելու համար կը հրամայէ ծախսոց տետրակը տեսնել եւ հաշուի նստիլ.
– Եկուր, նայիմ, պարո՛ն Խաչիկ, այս ամիս մսավաճառին որքա՞ն վճարեցիր։
– Պարո՛ն, 170 քըյյէ (օխա) ոչխարի միս առնուեցաւ, իւրաքանչիւր քըյյէն վեցական ղրուշէն՝ 1020 ղրուշ կ’ընէ, 140 քըյյէ ալ կովու միս առինք, վեցական ղրուշէն՝ 840 ղրուշ, ընդհանուր՝ 1860 ղրուշ կը կազմէ։
– Խաչի՛կ, խենթացա՞ր, ասչափ միսը ո՞վ կերաւ։
– Կ’ուտուի, պարո՛ն, կ’ուտուի։
– Ի՞նչ կ’ըսես, այսինքն՝ այս տան մէջ 310 քըյյէ մի՞ս կերուեցաւ։
– Ատքան իրար մի՛ անցնիք, պարո՛ն, մէյ մը եթէ դեղագործին հաշիւներուն նայիք, այն ատեն կը հանգստանաք։
– Հասկցուեցաւ, առ այժմ դեղագործին եւ մսավաճառին հաշիւները մէկ կողմ դնենք, միւսներուն անցնինք։ Ատոնք ալ յետոյ խորապէս կը զննենք։
– Հացագործին 300 քըյյէ հացի պարտք ունինք։
– Համեմատած մսավաճառին հաշիւներուն, հացագործը աւելի խղճամիտ գտնուած է, սակայն, մենք ասքան հաց կը սպառե՞նք։
-Կը սպառենք, պարո՛ն, կը սպառենք, կ’ըսեն թէ՝ «Հացը կը վազէ, մենք ալ անոր ետեւէն կը վազենք»։
– Ի՞նչ կը մռթմռթաս, առա՞ծ պիտի ըսես, թէ հաշիւներս տեսնես։
– Պարո՛ն, հիմա շատերը մէկզմէկու առած կ’ըսեն։
– Այս 5000 հոգիի անուանացանկը ի՞նչ է։
– Տիկնոջ հրամանով տեղ մը յանձնուեցաւ։
– Այդ տեղը անուն չունի՞։
– Պարզելու համարձակութիւն չունեցայ։
– Շատ լաւ, ուրի՞շ։
– Օրիորդին համար «Փէրշէրօն» խանութէն 10 տրցակ նամակաթուղթ եւ 10 տրցակ նամակի պահարան առնուեցան, ասոնք ալ 140 ֆրանք կը կազմեն։
– Ի՞նչ կ’ըսես ծօ,[1] մեր Էօժէնին առեւտուրո՞վ սկսաւ զբաղիլ։
– Ո՛չ, պարոն, բարեկամներուն հետ երբեմն կը նամակցի…։
– Ինչ որ է, ուրիշ ի՞նչ կայ։
– Տիկնոջ հրամանով, եկեղեցւոյ սնտուկին 630 ղրուշ ձգուեցաւ։
– Խաչի՛կ, ի՞նչ կ’ըսես, ե՛ս ալ եկեղեցի կը մտնեմ, բայց ամենաշատը 5-6 ղրուշ կը ձգեմ։
– Պարո՛ն, դուք շատ լաւ գիտէք, որ տիկինը աղքատաց սնտուկին շատ դրամ կը ձգէ։
– Ինչ որ է, ուրիշ ի՞նչ կայ։
– Օրիորդ Քաթինային համար՝ «Մէզօն տէ Մէլուիլ», 345 ֆրանք քօրսէի (սեղմիրան) դրամը կայ։
– Խաչի՛կ, անունները երթալով մէջտեղ կ’ելլեն։
– Պարո՛ն, օրիորդ Քաթինան ալ օր ըստ օրէ հասակ կը նետէ։
– Ուրիշ ի՞նչ կայ։
– Դարձեալ, օրիորդ Էօժէնիին համար, «Պոնմարշէ» խանութէն տրցակ մը «փուտըր տէ ռոզ» առնուեցաւ, ատ ալ 60 ֆրանք է։
– «Վէվէրտօ Պօղոս»ը ո՞վ է։
– Վէվէրտօ Պօղոս չէ, պարո՛ն, «փուտըր տէ ռոզ» վարդագոյն փուտրա կը նշանակէ։
– Մաշաալլահ, մեր Էօժէնին ինչե՛ր սորվեր է։
– Շատ խելացի բան մըն է, պարո՛ն, Աստուած պահէ։
– Դեռ ուրիշ բան մը մնա՞ց։
– Հինգշաբթի օրուան Մաքրի գիւղ երթուդարձի ծախսերը 562 ղրուշ, 35 փարա կը կազմեն։
– Ի՞նչ կ’ընես, ծօ, խենթացա՞ր, Հնդկաստա՞ն կը ճամբորդենք ինչ։
– Պարո՛ն, եթէ կ’ուզէք մէկ-մէկ տեղերը ցոյց կու տամ։
– Ցոյց տուր, տեսնեմ, աս 569 ղրուշը ո՞ւր ծախսեցիր։
– Հինգշաբթի առաւօտ, տիկինը զիս կանչեց՝ «Մաքրի գիւղ գնա՛, «Ս» աղային տիկինը հիւանդ է, տե՛ս թէ որպիսութիւնը ինչպէ՞ս է եւ ինծի լուր մը բե՛ր», ըսաւ։
– Շատ լաւ։
-Դուռէն դուրս ելլելուս պէս, ընկերներէս մէկուն հանդիպեցայ՝ «Դեռ կանուխ է, եկուր, աս գարեջրատունը մէկական գաւաթ չախենք», ըսաւ։
– Հասկցայ, հասկցայ, եթէ չախոցով սկսիս՝ հաշիւը պիտի աւելնայ, հիմա ընդհանուր քանի՞ ղրուշ կը պահանջուի։
– 9236 ղրուշ, 35 փարա։
– Ա՛ռ, աս 9 լիրան, հիմա ինձմէ ճիշդ 200 ղրուշ առնելիք մնաց։
– Սխալ է, պարո՛ն, աս 9 լիրան 972 ղրուշ կ’ընէ։
– Աս լիրաները կը տեսնե՞ս, քեզի համար ամէն մէկը հազար ղրուշի արժէք թող ունենայ։ Ահաւասիկ, գիտցի՛ր, եւ ասկէ վերջ, գացած տեղդ անոր համեմատ ծախսէ,- ըսաւ ու ճարպիկ մատակարարը վռնտեց։
Ասոր պէս շատ մը մատակարարներ իրենց տէրերուն կործանման պատճառ կը դառնան, ուստի՝ որոշ չափով պէտք է զգուշանալ։
Օսմաներէնէ թարգմանեց՝
ԳԱՅԻԱՆԷ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
«Չանթա» (Պայուսակ), նամակ (թերթ)՝ արուեստի եւ երգիծանքի, տէր եւ հրատարակիչ՝ Տիրան Փափազեան, սրբագրիչ (խմբագի՞ր) Րեճեպ էֆէնտի, Ա․ տարի, Ա. մաս, 29 Էյլիւլ 1305 (11 Հոկտեմբեր 1889), Կ. Պոլիս, էջ 2-3։
[1] Հարկ է այստեղ նշել, որ «ծօ»ն օսմաներէն չէ, սակայն այս բնագրին մէջ կը գործածուի, որովհետեւ հեղինակը հայ է (ծանօթ. թարգմանիչէն)։
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: