
ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ
Հնավաճառի խանութները. օ՜, որքա՛ն գոյնզգոյն եւ խորհրդաւոր կեանք կը բուրեն: Անցեալը ներկային կը կապուի հոն կամ ներկան՝ ապագային. ժամանակը օղակ առ օղակ կը շղթայուի իրերուն, այդ ցուցափեղկերուն մէջ, ուր կը հանդիպինք երփներանգ առարկաներու, ապրումներու, յիշատակներու, որոնք ապակեայ փեղկերու ետեւ կը ցուցադրուին, կը հանգչին սպասումի մէջ, զգեստաւորուելու համար շունչով ու եռանդով, հոգուով ու փառքով:
Ցուցափեղկին մէջ տեսայ գիրք մը, որուն կողքը սրճագոյնէն դէպի շէկը զարնող, առինքնող գոյն մը ունէր: Միջին հաստութեամբ գիրքին եզերքը՝ էջերը եւ կողքին վերնագիրը ոսկեգոյն, ոսկեզօծ էին:
Յանկարծ արթնցաւ այն զգացումը, որ պէտք էր այդ գիրքը ձեռքս առնէի, շօշափէի եւ տաքութիւնը զգայի ափերուս մէջ: Վիքթորեան շրջանի գիրքերուն տեսքը ունէր ան: Մտայ խանութ ու պաշտօնեային յայտնեցի, թէ կը հետաքրքրուիմ շիկագոյն գիրքով եւ կ’ուզեմ քննել զայն: Իրօք մէջս արթնցեր էր փափաքն ու հետաքրքրութիւնը, որ զգայի շէկ կողքին կարծրութիւնը, ոսկեզօծ տառերուն նրբութիւնը եւ էջերուն մէջ պահուած գաղտնիքը:
Ափերս բացի գիրքը առնելու համար, ինչպէս կարմիր բարձի վրայ կը հրամցուի այն առարկան, որ յարգի է թագաւորի մը, հոգեւորականի մը եւ կամ պսակուող զոյգի մը համար, ինչպէս խաչ մը, բանալի մը կամ հարսնիքի մատանի մը. ան ալ միեւնոյն աստիճանի փափաքելի էր ինծի համար:
Ո՜հ, ահա՛ ձեռքերուս մէջն է ան: Բանաստեղծութեան գիրք մը. քիչ մը մաշած է եւ թերեւս՝ հազար անգամ թղթատուած: Բանաստեղծութիւն, բանաստեղծութիւններ քաղուած են անոր մէջէն արտասանելու համար նշանածի մը, սիրելիի մը կամ փոթորկոտ կռիւէ մը վերջ իր սիրածը, իր կինը սիրաշահելու համար կամ… կամ… պարզապէս հաճոյքի համար: Կափարիչին գոյնը կ’այրէ մատներուս ծայրերը: Կը թղթատեմ: Տառատեսակը այնքան նուրբ, գլխագիրները զարդարուած, թեթեւ դեղնած էջերով կը զգլխեն: Կը թերթեմ ու ետեւի էջերուն մէկուն մէջէն յանկարծ կ’իյնայ ծաղիկ մը ափիս մէջ: Էջերուն մէջ չորցած մարգարտածաղիկ մը, որուն ծաղկափոշին էջերուն մէջ սեղմուած է:
Խանութը անձայն է. անհանգիստ ընող չկայ եւ առանձին եմ գիրքին հետ: Կը զգամ, թէ սկսած եմ նուաղիլ: Կը նուաղիմ, զգալով սիրոյ վառ շունչը թառամած մարգարտածաղիկին թերթիկներուն վրայ: Կը նուաղիմ անծանօթ տղուն թեւերուն մէջ: Կը նուաղիմ անծանօթ աղջկան սիրատենչ համբոյրներուն ներքեւ, կը նուաղիմ ես իմ անձիս հետ առանձին, ես իմ անձիս հետ գլուխ գլխի:
Չեմ անդրադառնար, թէ որքա՞ն ժամանակ է անցեր:
Կը վազէ մարգարտածաղիկներով զարդարուած դաշտին վրայ: Ան ալ կը հետապնդէ զայն. կը նստին ծառի մը տակ: Մարգարտածաղիկներու փունջ մը կայ անոնց գիրկը: Ապրիմ-մեռնիմ կ’ընեն թերթիկներով հատիկ-հատիկ: Ձեռք ձեռքի են, իրարու փարած եւ կամաց-կամաց անոնց շրթները կը մօտենան իրարու արեւուն ջերմ շողերուն ներքեւ: Մարգարտածաղիկէն հատ մը կը կցէ մազերուն ու կը հոտուըտայ երկար, անոր թարմ հոտը քաշելով իր մէջ: Մարմիններուն ջերմութիւնը եւ մէջքին փաթթուած թեւին սեղմումը, շոյանքը ալիք-ալիք կը բարձրանան վեր, դէպի վե՜ր: Ջինջ առուակներ կը գլգլան, հովը կը փչէ եւ սարերէն վար կ’իջնէ թարմ, հոտաւէտ ծաղիկներուն բուրմունքը ու կը լսուին սարին վրայ արածող ոչխարներուն, գառնուկներուն բոժոժիկի ձայները: Զեփիւռը կը փչէ, կը փչէ, կը փչէ՜ եւ յանկարծ… քամիի կը վերածուի:
Սուր, շա՛տ սուր աղաղակ մըն է ականջներուս մէջ…:
Ինքնաշարժի մը արգելակին սուր ճիչը կը խանգարէ մթնոլորտին կայուն երջանկութիւնը: Ականջ կը ճանկռտէ: Աղաղակ, ճիչ, գոռում-գոչում իրարու կը խառնուին: Արցունքները կը հոսին տեղատարափ անձրեւի նման: Երկինքը փուլ կու գայ անծանօթին եւ սիրուհիին գլուխն ի վար: Ճամբուն գիծը կ’երկարի շա՜տ հեռու եւ ճամբան կը տանի դէպի անծանօթ վայր մը…: Ինքնաշարժներ իրարու կը բախին: Արցունքները արեան գոյն ունին եւ աղի չեն, այլ կը հալեցնեն այն աղբիւրները, ուրկէ վար կը հոսին. եւ վերջ…:
Այս վախճանը… չէ՛, չէ, չէ. չ’ընդունիր ուղեղս եւ վանել կը ջանայ բոլոր ժխտական խորհուրդները:
Գիրքը կը գոցեմ: Կ’այրին մատներուս ծայրերը: Մարգարտածաղիկը, որուն վրայ դեռ թարմ էր սիրոյ վառ շունչը, կը ձգեմ նոյն էջին մէջ:
Անծանօթներուն ջերմ համբոյրները կը տաքցնեն մթնոլորտը:
Մարգարտածաղիկին վերջին թերթիկը կը փրթի եւ ականջներուս մէջ կը հնչէ միայն. «Կը սիրէ»:
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: