ՆՍՏՈՒԿԸ ՍՆՏՈՒԿԻՆ ՎՐԱՅ կամ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Կատակախաղ

29550281_879917688856898_1261348846_n

ՎԱ(Գ)Ր

ԳՈՐԾՈՂ ԱՆՁԵՐ

ՓԱՌԱՆՁԵՄ ՊՈՐՏԷՎԱՐԵԱՆ Մեծահարուստ տիկին
ԲԻՒԶԱՆԴ ՇԱՀՐՈԶԵԱՆ Եղբօրորդին
ՍՐԲԱԶԱՆ
ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Թեմականի ատենապետ
ՓԻՍՈՅԵԱՆ Քաղաքականի ատենապետ
ԷՐԶԵԼԵԱՆ Բարեկորզականի ատենապետ
ՀՄԱՅԵԱԿ ԽԱՆՏԱՔԵԱՆ Դաշնակցական պետ
ԵՆՈՎՔ ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Ռամկավար պետ
ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Հնչակեան պետ
ՄԱՊՐՈՒՔԱ Փառանձեմի տեղացի սպասուհին

Ժամանակն ու վայրը՝ պատմական փաստերու համաձայն:

Հին ապարանքի մը մեծ սրահը: Մուտքեր՝ աջ, կեդրոն ու ձախ: Հնատիպ են կարասիները եւ նորոգութեան կարօտ: Խճողում մը կայ: Կարծես ապարանքին միւս մասերէն առարկաներ բերուած են հոս: Աչքառուներէն են շարժանկարի հինաւուրց գործիք մը եւ, աւելի բարձր տեղ մը, գահանման հնոճ պարտապանաց սնտուկ մը, որ վարագոյրի բացման ատեն անշարժ էր ու անձայն, բայց ահա ներսը բանտարկուած անձի մը հարուածներէն կը սկսի ցնցուիլ, հետզհետէ աւելի ուժգին:

ԲԻՒԶԱՆԴ (գլուխը ներս դնելով կեդրոնէն) Մարդ չկայ հոս: Քովի սենեակէն է, կ’երեւի, աղմուկը: Այնքան սենեակ կայ որ…: (Դուրս կ’ելլէ ձախէն: Հարուածները կը սաստկանան: Գլուխը կրկին ներս կը դնէ): Բայց ձայնը հոսկէ կու գայ: (Կ’անդրադառնայ որ սնտուկէն է, կը մտնէ, զգուշութեամբ կը մօտենայ, ձեռքը կը դպցնէ եւ արագ ետ կը քաշէ): Հօրաքոյրս մէջը ինկած չըլլայ: Ամենէն տարօրինակ տեղերը կը մտնէ կոր կնիկը: Առջի օր վարի պէտքարանին ձեղնայարկը ելած էր, չեմ գիտեր ինչպէս, եւ յետոյ խենթի պէս սկսաւ Մապրուքան կանչել: Հասանք, տեսանք՝ վար չի կրնար կոր իջնել: «Ի՞նչ կայ, հօրաքոյր, ի՞նչ կ’ընես կոր հոդ», կ’ըսեմ: «Չե՞ս տեսներ կոր, ապո՛ւշ, կը փնտռեմ կոր, կը պատասխանէ»: Մեծ դժուարութեամբ իջեցուցինք: Ոսկորները պիտի կոտրտէին, վրան-գլուխը ամբողջ կեղտ ու փոշի: Քանի մը օր առաջ ալ աչքերովս տեսայ՝ մեծ ուտիճ մը հագուստին քղանցքէն գետին ցատկեց եւ գնաց, անհետացաւ ինքն ալ չի գիտեր ո՛ւր: «Ո՞ւր էիր, հօրաքոյր», կը հարցնեմ սրդողած: «Մառանն էի, բայց բան մը չգտա՜յ»: «Ի՞նչ է փնտռածդ»: «Դուն, քեզի ի՞նչ»: «Ըսէ՛, որ հետդ փնտռենք»: «Փնտռածս ե՛ս գիտեմ»: Միշտ խենթ էր անշուշտ, – եւ ինչո՞ւ ամուսինը յիսուն տարի առաջ կաթուածահար պիտի մեռնէր, – բայց վերջին տարիներուն բոլորովին ցնդեր է: Կը մնայ որ մեռնի, եւ այս ամէնը ես ժառանգեմ: Բայց մեռած չունի՜: Իննսուն տարեկան է, բայց մեռած չունի: Վրան նայիս, ջիղ ու ոսկոր է, ուր որ է պիտի մեռնի, կ’ըսես: Բայց մեռած չունի: (Սնտուկին վրայ նստելով, երբեմն վար ցատկելով, երբեմն իբրեւ ամպիոն գործածելով, մինչ հարուածներն ալ պարբերաբար կը մեղմանան ու կը սաստկանան)։ Հա, հօրաքոյր, հա: Փարիզէն կու գամ, ֆրանսացի կինս ու զաւակներս ձգած: Արդէն կինս էր որ ղրկեց զիս: «Հոս օգուտ չունիս», ըսաւ: «Գնա՛, բան մը կարգադրէ»: Բողոքեցի՝ «Ես շարժանկարի քննադա՜տ եմ»: Ըսաւ՝ «Ո՞վ քեզ կը ճանչնայ եւ ի՞նչ շահած ունիս: Գիտե՞ս այդ վիլլան քանի՞ կ’արժէ: Դեսպանատուներու թաղին մէջն է: Միակ ժառանգորդն ես: Գնա՛, գնա՛, որ ձեռքէդ չառնեն»: «Ո՞վ պիտի առնէ»: «Ո՞վ, ձեր գաղութին ջոջերը: Շուրջը պիտի դառնան, պիտի քծնի՛ն, որ ամէն ինչ իրենց կտակէ, իբրեւ թէ եկեղեցիին պիտի կտակուի, կամ այս կամ այն մշակութային ակումբին, կամ ալ բարեկորզականի՛ն»: «Անուշս, կը կրկնեմ հարիւրերորդ անգամ ըլլալով, հօրաքոյրս մարդու չի կտակեր իր ունեցածը, հօրաքոյրս կ’ատէ հայերը, հօրաքոյրս հայու երես չ’ուզեր տեսնել: Աներես մէկն ալ երթայ, լաւ մը խայտառակուելէ ետք դուրս կը նետուի»: «Ոչ», կ’ըսէ, «գնա՛, բախտէդ՝ ներկայութեանդ ալ կը մեռնի: Ամէն ինչ դիւրութեամբ կը կարգադրես, ապարանքը կը ծախես, կու գաս»: Ահ, շատ նիւթապաշտ են ֆրանսացի կիները: Կու գամ, հօրաքոյրս շատ լաւ կը դիմաւորէ զիս: «Նորէ՞ն եկար,- կ’ըսէ,- ի՞նչ է, վայրկեանը մէյ մը պիտի տնկուի՞ս այստեղ»: «Հինգ տարի առաջ էր, հօրաքոյր», կ’ըսեմ: «Հինգ տարի ալ թող անցնէր», կ’ըսէ: Այդպէս չէ՞, հօրաքոյր, այդպէս չըսի՞ր: Ահա ամիս մըն է, ասանկ զրոյցներ կ’ունենամ հօրաքրոջս հետ: Կարծեմ շատ ճիշդ չըրի գալովս: Զիս անարգելով կը զուարճանայ, եւ զուարճանալով կը զօրանայ: Պէտք է մինակը մեռնէր: Հա՞, փնտռածդ գտա՞ր սնտուկին մէջ (ձեռքով կը զարնէ սնտուկին), փնտռածդ: Հինգ տարի առաջ ալ կը փնտռէիր կոր, բայց հիմա յաճախ փնտռտուքի մէջ ես: Ըսէ՜, ըսէ, ես եղբօրորդիդ եմ: Սնտուկին մէջ մտար, հա՞: Կղպանքն ալ վրա՞դ գոցուեցաւ: Է՜, մնացիր, մնացիր, լաւ կ’ազատինք: Չէ, յետոյ ինծի պատասխանատու կը բռնեն: Կ’ըսեն՝ դուն դրիր մէջը, որ շնչահեղձ ըլլայ եւ ժառանգես: Չէ, թող այսօր դուրս ելլէ եւ վաղը բնական մահով մեռնի: (Բարձրաձայն) Եկայ, եկայ, հօրաքոյր, պիտի ազատեմ քեզ, որպէսզի գիտնաս որ եղբօրորդիդ գործ, կին, զաւակ ձգելով Փարիզէն եկաւ քեզի նեցուկ ըլլալու, քեզի պաշտպան ըլլալու, որովհետեւ կը սիրէ քե՜զ…:

ԲԻՒԶԱՆԴ կը բանայ սնտուկին կափարիչը: Ընդոստ կ’արձակուի ու դուրս կ’իյնայ ՄԱՊՐՈՒՔԱ:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ ՓԱՌԱՆՁԵՄի հնօրեայ եւ բազմատանջ սպասուհին է: Ի՞նչ որ ալ ըլլայ բեմադիրին տուած կերպարանքը, ՄԱՊՐՈՒՔԱ անշփոթելիօրէն հայ չէ:

ԲԻՒԶԱՆԴ Մապրուքա:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Շուքրան, եա սիտի:

ԲԻՒԶԱՆԴ Ինչո՞ւ մտած էիր սնտուկին մէջ:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Այուա, եա սիտի:

ԲԻՒԶԱՆԴ Ի՞նչ է, հօրաքոյրէս պահուըտի՞լ կ’ուզէիր կոր:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Հատըր, եա սիտի:

ԲԻՒԶԱՆԴ Գիտեմ ինչ չար կին է:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Շուքրան, եա սիտի:

ԲԻՒԶԱՆԴ Դուն հայերէն չես գիտեր, ես ալ՝ արաբերէն: Այուան գիտցանք, այոն է: Այո այուա, եա Մապրուքա:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Շուքրան, եա սիտի:

ԲԻՒԶԱՆԴ Շուքրան՝ շնորհակալութիւն:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Հատըր, եա սիտի:

ԲԻՒԶԱՆԴ Հատըր՝ հրամանքդ:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Այուա, եա սիտի:

ԲԻՒԶԱՆԴ Հատըր, այուա, շուքրան: Այս երեքէն զատ ուրիշ բառ գործածելու իրաւունք չէ՞ տուած քեզի այդ բռնակալը:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Շուքրան, եա սիտի:

ԲԻՒԶԱՆԴ Դուն ալ կամ ի ծնէ բութ էիր, կամ ալ այդ tortionnaire-ը բթացուց քեզ: Եթէ այդքան կը վախնաս իրմէ, ինչո՞ւ կը մնաս: Ուրիշ տեղ չունիս երթալիք, հա՞:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Հատըր, եա սիտի:

ԲԻՒԶԱՆԴ Ամբողջ օրը կ’աշխատցնէ քեզ, հա՞: Անդադար հրամաններ կ’արձակէ: Հազիւ բան մը սկսած ես ընել, նորէն կը կանչէ, ուրիշ բան մը ընել կու տայ: Առտուընէ իրիկուն հանգիստ չունիս: Աւելի կ’երթաս կու գաս, քան թէ բան մը կ’ընես, խեղճ կին:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Շուքրան, եա սիտի:

ԲԻՒԶԱՆԴ Բայց ի՞նչ կ’ընէիր կոր սնտուկին մէջ, կրնա՞մ գիտնալ: Սնտուկին մէջ, Փառանձեմին աչքերէն հեռու, իր չկասկածած մէկ տեղը պահուըտած, ի՞նչ կ’ընէիր կոր:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Այուա, եա սիտի:

ԲԻՒԶԱՆԴ Չեմ այպանե՜ր, ասանկ խենթ կնոջ մը ձեռքին տակ եղողը իրաւունք կ’ունենայ ամենէն արգիլուած բաները ընելու: Ասանկ անխիղճ, անձնամոլ, անգութ մէկու մը ձեռքին տակ տանջուողը միթէ քանի մը վայրկեանի արգիլեալ հաճոյքի իրաւունք չունի՞: Ասանկ բռնակալ, քացախադէմ, մարդատեաց, խռֆած (ձախէն ներս մտած է ՓԱՌԱՆՁԵՄ: ՄԱՊՐՈՒՔԱ վախէն կրկին կը մտնէ սնտուկին մէջ, մինչ ԲԻՒԶԱՆԴ, անտեղեակ, կը շարունակէ) պառաւի մը ճիրաններուն մէջ իր մարդկութիւնն իսկ վտանգուած անձ մը իրաւունք չունի՞ քանի մը վայրկեան իր կենդանական կողմը շփացնելու, շփելու չեմ ըսեր, անխոհեմ արտայայտութենէ մը յետոյ չզղջալու համար: Բայց, Մապրուքա, ի՞նչ կ’ընես, ինչո՞ւ նորէն մտար սնտուկին մէջ:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Լա, եա սիտի:

ԲԻՒԶԱՆԴ Լա, եա սիտի՞: Ինչո՞ւ այս անգամ լա, ինչո՞ւ այս անգամ ոչ: Ինչո՞ւ չորրորդ բառ մը, Մապրուքա: Դուրս ելիր, դուրս:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Քեզի ո՞վ իրաւունք տուաւ Մապրուքան սնտուկէն հանել:

ԲԻՒԶԱՆԴ Հօրաքոյր… երբուընէ հոս ես…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Մարդատեացութենէս ի վեր…

ԲԻՒԶԱՆԴ Հա, լաւ ուրեմն…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Մարդատեացութենէս առաջ ի՞նչ էի…

ԲԻՒԶԱՆԴ Հայասէր մը…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ոչ, հայատեաց մը…

ԲԻՒԶԱՆԴ Ազգասէր մը…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ոչ, ազգատեաց մը…

ԲԻՒԶԱՆԴ Ազգականասէր մը…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ոչ, ազգականատեաց մըն ալ…

ԲԻՒԶԱՆԴ Բարեխիղճ անձ մը…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ոչ, անխիղճ…

ԲԻՒԶԱՆԴ Գթացող, գթալի, գթառատ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Անգութ…

ԲԻՒԶԱՆԴ Ազատամիտ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Նեղմի՛տ… բռնակալ, անտանելի, անկիրթ, անարգող, պախարակող, արհամարհող, հայհոյող…: Բայց դուն կ’երեւի չէիր գիտեր, որ Մապրուքան ե՛ս բանտարկած էի սնտուկին մէջ, որպէս պատի՛ժ իրեն եւ հաճոյք ինծի՜:

ԲԻՒԶԱՆԴ Ի՞նչ ըրաւ որ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ի՞նչ ըրաւ, ի՞նչ ըրաւ, պէ՞տք է բան մը ընէր…

ԲԻՒԶԱՆԴ Ոչ, բան մը պէտք չէ ըներ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Բան մը չըրաւ կ’երեւի, որ զինք պատժեցի:

ԲԻՒԶԱՆԴ Ի՞նչ չըրաւ, հօրաքոյր:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ի՞նչ չըրաւ, ի՛նչ գիտնամ ի՞նչ չըրաւ, այնքան բաներ չ’ըներ որ…

ԲԻՒԶԱՆԴ Բայց խեղճ կինը պիտի խեղդուէր ներսը, հօրաքոյր:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հա՞: Կ’երեւի քիչ մը ուշացայ: Բայց փնտռելու վրայ էի:

ԲԻՒԶԱՆԴ Ի՞նչը, հօրաքոյր:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Փնտռածս ե՛ս գիտեմ…

ԲԻՒԶԱՆԴ Եթէ գիտնայինք, քեզի կ’օգնէինք…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Մարդու օգնութեան պէտք չունիմ, ձեռքս-ոտքս կը բռնեն կոր:

ԲԻՒԶԱՆԴ Բայց հինգ տարիէ ի վեր կը փնտռես կոր ու գտած չունիս:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հինգ տարիէ՞… անցեալ այցելութենէ՞դ… ո՜չ, ես շատ առաջուընէ կը փնտռեմ կոր: Ես ալ մոռցած եմ երբուընէ… բայց պիտի գտնամ, անպայման պիտի գտնամ:

ԲԻՒԶԱՆԴ Պիտի գտնաս, հօրաքոյր, պիտի գտնաս:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Իթլաի, եա Մապրուքա:

ԲԻՒԶԱՆԴ Իթլաի, դուրս ելիր, այնպէս չէ՞:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Իթլաի, պաուլլիք եա խանզիրա…: Աս մէկը չհասկցա՞ր: Ելի՛ր, կ’ըսեմ կոր, խո՛զ:

ԲԻՒԶԱՆԴ Այո, խոզի կը նմանի, բաւական իւղոտ է: Բայց ձգէ, թող ներսը մնայ խեղճ կինը:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ոչ, պէտք է ելլէ:

ԲԻՒԶԱՆԴ Ինչո՞ւ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Պէտք է երթայ եւ դուռը բանայ:

ԲԻՒԶԱՆԴ Այցելո՞ւ ունինք:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Այցելուներ, այցելունե՜ր…: Համայնքին հանգամանաւո՜ր անձերէն կազմուած պատուիրակութիւն մը պիտի գայ, ատենապետնե՜ր, ցկեանս նախագահնե՜ր, ղեկավարնե՜ր, Սրբազա՛ն մըն ալ գլուխնուն: Հա՜, ժամադրութիւննին պիտի յարգեն անշուշտ, բայց մէկը կանուխ ալ եկեր է, մատներուն ծայրովը դուռը կը զարնէ կոր…: Վերէն տեսայ: (Սնտուկը բանալով) Ռուհի, իֆթահիլ պապ, եա Մապրուքա: Գնա՛, բա՛ց դուռը, Մապրուքա: (ՄԱՊՐՈՒՔԱ դուրս կ’ելլէ սնտուկէն) Եալլա…

ԲԻՒԶԱՆԴ Եալլա՞…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ո՛վ Աստուած…

ԲԻՒԶԱՆԴ Ո՛վ Աստուած…

ՄԱՊՐՈՒՔԱ դուրս կ’ելլէ աջէն:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Իթլա ինթա քաման:

ԲԻՒԶԱՆԴ Այսինքն ի՞նչ, հօրաքոյր:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Գնա՛, կորսուէ՛ աստեղէն, ես գործ ունիմ հոս: Եւ անգամ մըն ալ չգաս, լսեցի՞ր:

ԲԻՒԶԱՆԴ չկամութեամբ դուրս կ’ելլէ կեդրոնէն: Ան սակայն գաղտնօրէն պիտի հետեւի սրահին մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ կը նստի սնտուկին վրայ: Աջէն ներս կը մտնեն ՀՄԱՅԵԱԿ եւ ՄԱՊՐՈՒՔԱ:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Ըթֆատտալ, եա սիտի:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ (ՄԱՊՐՈՒՔԱյի) Խալաս, ռուհի ինթի:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ դուրս կ’ելլէ ձախէն: ՀՄԱՅԵԱԿ, անվստահ, իր տեղը կը մնայ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Եկուր, եկո՛ւր նայիմ, մօտեցիր: Ոչ, այդքանը բաւական է: Ըսէ նայինք, ո՞վ ես դուն:

ՀՄԱՅԵԱԿ Տիկին Փառանձեմ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Տիկին Փառանձեմը ես եմ: Դո՛ւն ո՞վ ես:

ՀՄԱՅԵԱԿ Հմայեակ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հմայեակ… բո՞ւն անունդ է:

ՀՄԱՅԵԱԿ Այո…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Վերջին յիսուն տարուան ընթացքին անունդ չե՞ս փոխած:

ՀՄԱՅԵԱԿ Ոչ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Անունդ չեմ յիշեր կոր:

ՀՄԱՅԵԱԿ (քիչ մը սիրտ առնելով) Ինչպէ՞ս թէ: Պատուիրակութեան անդամներէն եմ, բայց քիչ մը կանուխ եկայ: Ձեզի ուղարկուած պաշտօնական նամակին մէջ պատուիրակութեան բոլոր անդամներուն անուններն ու հանգամանքները նշուած են, ինչպէս պահանջած էիք:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Քու հանգամանքդ ի՞նչ է:

ՀՄԱՅԵԱԿ Ինչպէս նշուած է պաշտօնական նամակին մէջ, ես… ազգային բարերար եմ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Դուն բարի՞ք ըրած ես հայ ազգին:

ՀՄԱՅԵԱԿ Այո, ըրած եմ: Ոչինչ բան մըն է:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ի՞նչ բարիք ըրած ես:

ՀՄԱՅԵԱԿ Չ’արժեր ատոր մասին խօսիլ, ժամանակն ալ կ’անցնի կոր, հիմա ուր որ է պատուիրակութիւնը կը հասնի…: Ես… ես ձեզի հետ քանի մը խօսք կ’ուզէի կոր փոխանակել:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հմայեակ, ի՞նչ բարիք ըրած ես նայինք հայ ազգին:

ՀՄԱՅԵԱԿ Քանի որ աղքատները շատ կը սիրեմ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Աղքատները շա՞տ կը սիրես…

ՀՄԱՅԵԱԿ Այո, շատ կը սիրեմ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Աղքատ ըլլա՞լ ալ կը սիրես…

ՀՄԱՅԵԱԿ Ո՞վ կը սիրէ աղքատ ըլլալ, տիկին Փառանձեմ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Բայց շատ մարդ կը սիրէ աղքատները սիրել, Հմայեակ: Ինչպէ՞ս կը սիրես աղքատները: Ծնունդին եւ Զատիկին նուէրնե՞ր կը բաժնես իրենց:

ՀՄԱՅԵԱԿ Ոչ, ոչ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Իրենց տղաքն ու աղջիկնե՞րը կ’ամուսնացնես քու հաշւոյդ:

ՀՄԱՅԵԱԿ Ոչ, ոչ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ծերանոցին մէջ տե՞ղ կ’ապահովես իրենց համար:

ՀՄԱՅԵԱԿ Ոչ, ոչ: Իմ գործս ողջերուն հետ չէ, մեռածներուն հետ է: Աղքատ մեռեալները ինձմէ ձրի դագաղներ կը ստանան եւ ազգային գերեզմանատան մէջ ինծի պատկանող հանրային գերեզմանին մէջ իմ ծախսովս կը թաղուին: Ազգն ալ ինծի հանդէպ իր յաւիտեանս երախտագիտութիւնը արտայայտելու համար ազգային բարերար հռչակեց զիս:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Քանի՞ հոգի կը թաղես կոր տարեկան:

ՀՄԱՅԵԱԿ Հազարներ կը թաղենք… գործը լաւ է:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հազարաւոր հայ աղքատնե՞ր կը մեռնին ամէն տարի:

ՀՄԱՅԵԱԿ Ոչ, հազիւ երկու-երեք հոգի: Ամբողջ գաղութին մէջ տարեկան քսան-երեսուն մեռեալէն աւելի չունինք: Իմ ծառայութիւններս շատ աւելի ընդարձակ են: Անօթութենէ մեռած կ’ըլլայի մինչեւ հիմա, եւ իմ հանրային գերեզմանիս մէջ ալ – Հմայեակ Խանտաքեան Հանրային Գերեզման – ձրի թաղուած: Ես բոլոր քրիստոնեաներուն, անխտիր, կը ծառայեմ: Այսինքն՝ ուղղափառներուն, կաթողիկէներուն, աւետարանականներուն, քաղքեդոնականներուն, մարոնիթներուն, ասորիներուն…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ (ընդմիջելով) Գործդ ի՞նչ է, Հմայեակ:

ՀՄԱՅԵԱԿ Թաղմանական հանդիսութեանց մատակարար: (Փայլուն թուղթ մը հանելով) Ահաւասիկ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ի՞նչ է ասիկա:

ՀՄԱՅԵԱԿ Հանդիսութեանց աստիճաններն ու համապատասխան սակերը:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ատո՞ր համար կանուխ եկար, զիս ողջ-ողջ թաղե՞լ կ’ուզես կոր դուն:

ՀՄԱՅԵԱԿ (իրար անցած) Ո՛չ, հազար անգամ ո՜չ, սխալ հասկցաք, սխալ բացատրեցի, ես անձնական նեղ հաշիւի համար մարդու չեմ մօտենար, Աստուած անոնց հաշիւը կը տեսնէ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Իմ հաշւո՞յս պիտի ազգային բարերարի տիտղոսդ անգամ մըն ալ արդարացնես…

ՀՄԱՅԵԱԿ Ո՛չ, ո՜չ, Աստուած երկար կեանք տայ ձեզի:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հմայեակ, հա՞: Անունդ չեմ յիշեր կոր, բայց դէմքդ կարծես թէ ծանօթ է…

ՀՄԱՅԵԱԿ Մենք… չենք հանդիպած…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Յունանս չըլլաս…

ՀՄԱՅԵԱԿ Յունանը… չեմ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Յունա՜նս… քառասուն տարի առաջ…

ՀՄԱՅԵԱԿ Քառասուն տարի առաջ ալ չէի…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Վաթսուն մը չկա՞ս…

ՀՄԱՅԵԱԿ Վաթսունըչորս…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Քսանըչո՜րս էր Յունանս…

ՀՄԱՅԵԱԿ Երանի թէ ըլլայի, բայց չեմ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Երանի թէ ըլլայի՜ր… ինչո՞ւ կանուխ եկած ես ուրեմն:

ՀՄԱՅԵԱԿ Տիկին Փառանձեմ… ես կանուխ եկայ, որովհետեւ ես հարկա՛դրաբար այդ պատուիրակութեան մաս կազմեցի:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հարկադրաբարը ի՞նչ է:

ՀՄԱՅԵԱԿ Բռնի…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ձեռքէդ-ոտքէդ բռնեցին, պատուիրակութեանը մէ՞ջը դրին…

ՀՄԱՅԵԱԿ Բարոյական բռնութիւն…: Ուզեցին ներկայացուցչական մարմին մը կազմել, զիս ալ մէջը պէտք է դնէին:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ո՞վ են միւսները:

ՀՄԱՅԵԱԿ Բայց նշուած է պաշտօնական նամակին մէջ: Ձեր փափաքին համաձայն, եօթը հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը կազմեցինք… գաղութին երեւելիներէն: Սրբազանը՝ Զենոն Արք. Խաչազուրկեան, թեմականի ատենապետը՝ Մատրուպեան, քաղաքականի ատենապետը՝ Փիսոյեան՝ կ’ընէ երեք, հա, Բարեկորզականի ատենապետը՝ Էրզելեան, ես, կ’ընէ հինգ, ռամկավարներու մեծը՝ Փոթփոթեան, եւ հնչակեաններունը՝ Պայլիկեան…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Աս ամէնը ինչպէ՞ս իրարու հետ դրիք, իրարու գլուխ պատռած չունի՞ք:

ՀՄԱՅԵԱԿ Ոչ, հիմա համերաշխասիրութիւն է…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Դաշնակցականներունը ո՞ւր է հապա:

ՀՄԱՅԵԱԿ Դաշնակցականը ես եմ: Եւ ատոր համար ալ կանուխ եկած եմ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Դաշնակցականները կանո՞ւխ կ’երթան միշտ իրենց ժամադրութեան:

ՀՄԱՅԵԱԿ Ես կանուխ եկայ ըսելու համար ձեզի, որ կեղծ համերաշխասիրութիւն մըն է: Անոնք, ինչպէս միշտ, զիրար կ’ատեն: Բայց ահա երեք տարի է որոշած են աւարներուն վրայ իրարու հետ կռուելու փոխարէն՝ համերաշխասիրաբար իրենց միջեւ բաժնել:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Աւարները ի՞նչ են:

ՀՄԱՅԵԱԿ Գաղութին մէջ ծեր մարդիկ շատ կան, անոնցմէ շատերն ալ՝ առանձին: Եւ տուն կ’ունենան, վաճառանոց կ’ունենան: Ուրեմն, Սրբազանը կը կանչէ զիրենք… եթէ ձեռքերնին-ոտքերնին տակաւին կը բռնէ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Իսկ եթէ չբռնէ…

ՀՄԱՅԵԱԿ Մէկ-երկու ատենապետ կ’առնէ, ի՛նքը կ’երթայ: Բայց անշուշտ, քիչ մը կա՛ղ ալ ըլլան, քիչ մը կո՛յր ալ ըլլան, Սրբազանը հրաւիրեց, կ’ըսեն, կ’երթան, մեզի պատիւ կ’ընէ կոր, կ’ըսեն: Սրբազանն ալ, հետը մէկ-երկու ատենապետ, աղջիկս, կ’ըսէ, կամ՝ տղաս… հակառակ որ իրմէ քսան-երեսուն-քառասուն տարի մեծ կ’ըլլան, մեր գաղութին ծերերը դիւրին-դիւրին չեն մեռնիր: Այս գաղութը, կ’ըսէ Սրբազանը, իր ոսկեշրջանը կ’ապրի կոր, համերաշխութիւն կայ հիմա, ամէնքը մէկ սիրտ, մէկ հոգի են…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Մէկ մարմին են ալ չ’ը՞սեր…

ՀՄԱՅԵԱԿ Ատիկա միայն պսակի ժամանակ կ’ըսէ: Աղջիկս, կ’ըսէ, կամ՝ տղաս, ես այս գաղութի հովիւն եմ, եւ իմ հօտիս հոգեկան ու նիւթական կարիքները պէտք է հոգամ: Իմացայ որ դրամական դժուարութիւն ունիք: Ազգային Իշխանութիւնը որոշեց ցկեանս թոշակ յատկացնել ձեզի, չկարծէք որ մեզի անծանօթ է անցեալի ձեր ազգօգուտ գործունէութիւնը: Այցելուն, այս խօսքերէն շոյուած, եւ թոշակը չկորսնցելու համար, ձայն չի հաներ, չ’ըսեր որ ինք երբեք ազգօգուտ գործունէութիւն ունեցած չէ: Կամ ալ կը մտածէ՝ ո՞վ ազգօգուտ գործունէութիւն ունեցած է որ: Կան անշուշտ ցնդած ծերունիներ, որոնք ապշած կը յայտարարեն, թէ ո՛չ ազգօգուտ գործունէութիւն ունեցած են, ո՛չ ալ նոյնիսկ որեւէ ակումբ յաճախած…: Միթէ՞ ձեր այսպէս մարգարտահնչիւն հայերէն խօսիլը ազգօգուտ գործունէութիւն չէ՞, կ’ըսէ Սրբազանը չաթ-փաթ հայերէն խօսողին. միթէ՞ վաճառականական ասպարէզին մէջ ձեռներէցութիւն ցոյց տալը հայու ոգին դրսեւորել չէ՞, կ’ըսէ Սրբազանը մանիֆաթուրայի խանութ բանեցնողին. միթէ՞ ջերմեռանդ զԱստուած պաշտելը եկեղեցւոյ պայծառութեան ծառայել չէ՞, կ’ըսէ Սրբազանը Ծնունդին ու Զատիկին հազիւ եկեղեցի գացողին: Եւ կը շարունակէ Սրբազանը՝ դուն, աղջիկս կամ տղաս, տունդ կամ վաճառանոցդ կամ յարկաբաժինդ կամ հողդ ազգին կը կտակես, եւ հիմակուընէ ազգային նուիրատու կը հռչակուիս: Ութսունհինգ տարեկան աղջիկը կամ տղան հազար շնորհակալ կ’ըլլայ: Մինչեւ իր կեանքին վերջը թոշակ պիտի առնէ, մինչեւ գաղութին կեանքին վերջն ալ ազգային նուիրատու պիտի ըլլայ: Տեղնուտեղը կը համաձայնի: Ազգային իշխանութիւնը ազգին սնտուկէն կը վճարէ իր թոշակը: Մահէն ետք ալ իր կտակած կալուածը կը ծախեն, եւ իրենց գրպանին ալ համերաշխասիրաբար բաժին կը հանեն առաջնորդարանի աթոռները գրաւողները:
Այս ամէնը ձեզի կ’ըսեմ, որ իրականութիւնը գիտնաք: Անշուշտ երկար տարիներէ ի վեր աչքերը ձեզի ուղղուած են: Աստեղ շահը մեծ է, շա՜տ մեծ, բաղդատութիւն չկա՜յ: Հազարներու մասին չէ խօսքը, միլիոններու մասին է, միլիոններու: Երեսուն միլիոն գնահատուած է այս հողամասը: Անշուշտ պիտի ըսեն ձեզի, որ դուք ո՛չ ազգային նուիրատու պիտի ըլլաք, ո՛չ ալ ազգային բարերար: Ձեզի համար նոր տիտղոս մը շարադրեց Սրբազանը՝ ազգին առաջին բարերարը: Այսինքն միշտ առաջինը պիտի մնաք եւ ձեզմէ առաջ մարդ պիտի չանցնի բարերարութեան մէջ, բնա՛ւ: Ասոնք են ահաւասիկ հայերը…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Դուն հայ չե՞ս:

ՀՄԱՅԵԱԿ Ոչ, հայ չեմ, ինչպէ՞ս հայ ըլլամ: Ես դաշնակցական եմ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Դաշնակցականը հայ չէ՞:

ՀՄԱՅԵԱԿ Հայուն որակաւոր տեսակն է:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Որակաւոր, հա՞:

ՀՄԱՅԵԱԿ Դուք ալ դաշնակցական էք:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ե՞ս .. ե՞ս… որ Բարեկորզականի ատենապետին կինը եղած եմ…: Ինչո՞ւ կը յիշեցնես կոր ինծի:

ՀՄԱՅԵԱԿ Դուք հոգւով-սրտով դաշնակցական էք: Ձեր հայրը հաւատաւոր կուսակցական եղած է…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Դուն ուրտեղէ՞ն գիտես…

ՀՄԱՅԵԱԿ Ժողովական էր եւ խօսք կ’առնէր ժողովներուն մէջ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ութսուն տարուան պատմութիւն է, ուրկէ՞ լսած ես…

ՀՄԱՅԵԱԿ Ատենագրութիւններ կան… միշտ շինիչ առաջարկներ ըրած է: Ակումբին մէջ գարեջուրով չգոհանալ… գինի եւ այլ ոգելից ըմպելիներ ալ ներմուծել…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հայրս է, հայրս է…

ՀՄԱՅԵԱԿ Որոնք ոչ բոլորը ընդունուած են: Ամէն Հինգշաբթի, կանոնաւոր կերպով ներկայ կը գտնուէր ժողովներուն, ատենագրութեանց մէջ անունը միշտ արձանագրուած է:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Այո, յետոյ ալ գինետուն կ’երթար եւ առաւօտեան պզտիկ ժամերուն լոլիկցած կը վերադառնար տուն…

ՀՄԱՅԵԱԿ Եւ իր ամենէն շինիչ առաջարկները գործադրողը ի՛նքն էր:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ի՞նչ էին ատ առաջարկները:

ՀՄԱՅԵԱԿ Այս կամ այն ռամկավարին գլուխը բանալ: Բայց ատ տեսակ առաջարկները ատենագրութեանց մէջ չեն արձանագրուած հասկնալի պատճառներով…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Օր մըն ալ ինքը ծեծ կերաւ, արիւնլուայ տուն բերին ու շունչը փչեց…

ՀՄԱՅԵԱԿ Այո, բայց ո՛չ ռամկավարէ մը: Ատիկա իրեն ուղղուած մեծագոյն անարգանքը պիտի ըլլար: Ռամկավարները, մանաւանդ այդ ժամանակները, միայն ծեծուիլ գիտէին: Գինով վիճակի մէջ կը շփոթի եւ տեղացի ֆըթըուայի մը – ստահակի մը – վրայ կը յարձակի սոփայով: Ան ալ ձեռքէն սոփան կ’առնէ ու տուր թէ կու տաս…: Մեծ թաղում մը կ’ընեն այն ժամանակ եւ կուսակցութեան պանթէոնին մէջ կը թաղեն: Յետոյ այդ պանթէոնը քանդուեցաւ եւ տեղը նոր մը կառուցեցին… թաղուածներն ալ իրարու խառնուեցան: Ուրեմն, դուք անձնուէր ու անձնազոհ դաշնակցականի զաւակ էք: Դուք բարերարի սին ու պատիր տիտղոսներով փառաւորուիլ չէք սիրեր: Դուք պիտի ուզէիք որ Դաշնակցութեան ներկայ սերունդը շարունակէր ձեր հօր պայքարը…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Նորէ՞ն ռամկավարներ ծեծելու…

ՀՄԱՅԵԱԿ Ոչ, դարաւոր թշնամիին մէկ դրացի պետութեան մէջ գաղտնօրէն մեծ բանակ մը կը պատրաստենք մեր արի այրերէն եւ մեր սեւ դրօշին վրայ կը գրենք հայրենիք կամ մահ, յարմար ժամանակին յարձակելու եւ մեր հողերը ազատագրելու համար: Ահա այդ սուրբ գործին պիտի նուիրուի ձեր ապարանքին վաճառքէն գոյացած գումարը, եւ ոչ թէ պիտի ծառայէ աւելի իւղոտելու արդէն պարարտ ստամոքսներ, անշուշտ երկար տարիներ ետք, Աստուած երկա՜ր կեանք տայ ձեզի…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Իմ մեռնելո՞ւս պիտի սպասէք, ուրեմն, Հայաստանը ազատագրելու համար:

ՀՄԱՅԵԱԿ Կը սպասե՜նք, կը սպասե՜նք, վաթսուն տարի սպասեցինք, վաթսուն տարի ալ կը սպասենք: Ազգը երախտագիտութեամբ եւ յուզումով պիտի յիշէ ձեր նուիրաբերումը: Դաշնակցութեա՛ն կտակեցէք ձեր ապարանքը:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Կը կտակեմ:

ՀՄԱՅԵԱԿ Ի՞նչ, ի՞նչ ըսիք: Կը կտակէ՞ք: Ահ, դուք հայ ազգին մեծագոյն հերոսուհին էք, դուք աւելի նուիրական էք քան Սօսէ Մայրիկը, Գէորգ Չաւուշի զմայլելի կինը, որ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Կը կտակեմ, բայց պայմանս ունիմ…

ՀՄԱՅԵԱԿ Ընդունուած են, ընդունուած ձեր բոլոր պայմանները: Թոյլ տուէք համբուրեմ ձեր լոյս ճակատը…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հա, մօտեցիր, բայց մէկ ուրիշ տեղս կ’ուզեմ որ համբուրես:

ՀՄԱՅԵԱԿ Ո՞ւր այսինքն:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Եկո՛ւր, որ ըսեմ, եկուր որ ըսե՜մ: (Ցած, հանդիսատեսին անլսելի ձայնով իր պահանջքը կը դնէ) :

ՀՄԱՅԵԱԿ (ահաբեկած) Ո՜չ, ո՜չ, անկարելի՜ է:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ ոտքի կը կանգնի եւ ՀՄԱՅԵԱԿի ականջէն բռնելով՝ կը քաշէ ետեւէն:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Եկո՛ւր ներսի սենեակը, որ բացատրեմ: Արդէն ամէն ինչ պիտի հասկնաս: Եկուր սիրո՛յ եւ տանջանքի՜ սենեակը:

ՀՄԱՅԵԱԿ Ոչ, ոչ, խնդրեմ, իլլա տա, միայն ատ մէկը ոչ: Չեմ կրնար, չեմ կրնար, կը խնդրեմ, տիկին Պորտէվարեան, ահ, ահ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Չէի՞ր ուզեր կոր Յունանս ըլլալ, կ’ըլլա՛ս հիմա:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ եւ ՀՄԱՅԵԱԿ՝ դուրս ձախէն:

Պահ մը ետք, աջէն, ՄԱՊՐՈՒՔԱ ներս կ’առաջնորդէ պատուիրակութեան անդամները՝ ՍՐԲԱԶԱՆ, ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ, ՓԻՍՈՅԵԱՆ, ԷՐԶԵԼԵԱՆ, ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ եւ ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Իթֆատտալու եա ասյատի:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ դուրս կ’ելլէ ձախէն:

ՍՐԲԱԶԱՆ Աս ի՞նչ վիճակ է, կործաներ է ապարանքը:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Թող կործանի, Սրբազան, թող կործանի, կարեւորը հողն է, 2149 քառակուսի մեթր…

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Մեթրը տասնըհինգ հազարէն հաշուելով՝ երեսուն միլիոնէն աւելի կ’ունենանք…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Մեթրը մինչեւ տասնըեօթ հազարի կարելի է ծախել, դիմացնիս Նորվեկիոյ դեսպանատունն է, աջին՝ Ֆինլանտայի, Գերմանիոյ դեսպանատուները, ձախին՝ Աւստրիոյ դեսպանատունը…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Զանզիպարինը մոռցար…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Զանզիպարինը միայն ըլլար, մեթրին հինգ հազար տուող չէր ըլլար…

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Տասնըեօթը հազարը քիչ մը չափազանցուած կը գտնամ կոր: Տասնըհինգ հազար ալ պահանջենք, կարելի է յաճախորդ չենք գտներ, տասներեք հազարով գոհանանք:

ՍՐԲԱԶԱՆ Յոռետես ես, յոռետես…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Դուք կնիկը համոզեցի՞ք, որ մեծ-մեծ գիներով ծախելու ելեր էք:

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Նեղոսին վրայ ըլլար, հարցը կը տարբերէր:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Տարօրինակ տեղ է, կ’ըսէին, իսկապէս տարօրինակ է եղեր: Ամէն ինչ փտեր, քայքայուեր է: Ի՞նչ են… magasin-ներու տրցակները… 1930…

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Ապարանքը ե՞րբ շինուած էր որ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ 1929…

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Աս պատի թուղթերն ալ դրուած օրէն չեն փոխուած կարծեմ:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Յասմիկ, մեխակ, նունուֆար…

ՍՐԲԱԶԱՆ Նստելու տեղ չեմ տեսներ կոր… աս գահի նմանող սնտուկն ալ տիկինինն է կ’երեւի… տարօրինակ բան մըն է…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Սրբազան, նստէ դուն, նստէ: Չի վայլեր, մեր մէջ բարձրաստիճան կղերական մը ունինք, չի վայլեր որ ոտքի կենայ…

ՍՐԲԱԶԱՆ Մեր թեմականի ատենապետը, տիար Մատրուպեանը միշտ իր ոտքերէն կը դժգոհի, թող ինքը նստի…

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Ես ամբողջ օրը նստած էի, քիչ մը կը քալեմ… մարզանք է, արիւնը կը շարժի…: Թող քաղաքականի ատենապետը, տիար Փիսոյեանը նստի…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Քիչ մը բարձր է ինծի համար, ոտքերս գետին չեն հասնիր: Հրամէ՛, պարոն Փոթփոթեան, չի վայելեր որ Ժողովրդական Արթիսթ ակումբի ցկեանս նախագահը ոտքի կենայ…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Այս սնտո՞ւկը ըսեմ, թէ այս արքայական գահը, այնքան գեղեցիկ է, որ ես պիտի նախընտրէի դէմը կենալ, դիտել ու զմայլիլ:

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Մարդ չի հրաւիրեր կոր զիս, ուրեմն չպիտի նստիմ:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Պարոն Պայլիկեան, ատանկ բաներ մի՛ ըսեր, առանց հնչակեաններու ղեկավարին ճամբայ կ’ելլէի՞նք, դո՛ւն պիտի նստիս:

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Ոչ, անտեսուեցայ, ուստի չպիտի նստիմ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ի՞նչ է ամէնքդ կը վախնաք կոր նստելու, ամօ՛թ ձեզի, նա՛, ե՛ս պիտի նստիմ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ զգուշօրէն կը նստի սնտուկին մէկ ծայրը:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Բարեկորզականի ատենապետը մարդէ չի վախնար:

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Խանտաքեանը չեկաւ, զարմանալի է:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Այո, ասանկ առիթ չէր փախցներ…

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Կ’երեւի բացառիկ յաճախորդ մը ունեցաւ վերջին վայրկեանին…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Ասանկ առիթ… առաջուընէ տեսնել եւ գնահատել ապագային փոխադրելիք ապրանքը…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Կնիկը մեռցուցիք արդէն…

ՍՐԲԱԶԱՆ Աստուծոյ գործերուն մի՛ խառնուիք:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Ազգի՛ն գործերուն խառնուեցէք:

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Չէ, ինքը ասանկ է, միշտ կ’ուշանայ:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Բամբասանք չըլլայ, բայց դանդաղ է մեր բարեկամը:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Ամէն օր յուղարկաւորութիւն կազմակերպես, յուղարկաւորութեան մասնակցիս, դուն ալ կը դանդաղիս, իր ունեցածը յուղարկաւորային դանդաղութիւն մըն է:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Մենք կը սկսինք, չէ՞, Սրբազան…: Արդէն խօսակցութեան մէջ ալ այնքան դանդաղ է, որ դիմացինին քիթէն-բերնէն կու գայ:

ՍՐԲԱԶԱՆ Քիչ մնաց պիտի մոռնայի: Ամբողջ օրը միտքս էր, բայց նորէն ալ պիտի մոռնայի: Հանգամանաւոր անձեր հայ համայնքի, շատ լաւ գիտէք որ երկար տարիներէ ի վեր մարդ չէր յաջողած ոտք կոխել տիկին Փառանձեմ Պորտէվարեանի ապարանքը, ուստի հրաշքի համազօր պէտք է համարել, որ ան հաճեցաւ ընդունիլ մեզ: Ուրեմն, տիա՛րք, փաստենք որ արժանի ենք այս հրաշքին, քաղաքակիրթ երեւնանք տիկին Պորտէվարեանին առջեւ: Վրանբաց արտայայտութիւնները մեզի պահենք, պարոն Փիսոյեան, կնիկ-մնիկ չըսենք: Թեթեւսոլիկ ակնարկութիւնները մեզի պահենք, պարոն Փոթփոթեան, կախ-մախ չխօսինք: Տիկինը գէշ գաղափար չառնէ մեր մասին, տիկնոջ վստահութիւնը պէտք է շահինք մենք:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Էրզելեանին ինչո՞ւ յորդոր չկայ…

ՍՐԲԱԶԱՆ Որովհետեւ ես վստահութիւն ունիմ տիար Էրզելեանին վրայ, լուրջ ու ծանր մարդ է: Ի՞նչ ըսեմ՝ աջ-ձախ չի նայիր: Չ’ախորժիր ալ վրանբաց արտայայտութիւններէ, նոյնիսկ կը նեղուի: Կոճկուած մարդ է:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Կնո՞ջդ հետ ալ կոճկուած ես, Պարծա՛նք:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Գահին վրայ նստիլ ուզողը պէտք է պատրաստ ըլլայ կոճակները քակելու…

Ձախէն ներս կը մտնէ ՄԱՊՐՈՒՔԱ: ԷՐԶԵԼԵԱՆ ընդոստ վար կը ցատկէ սնտուկէն:
ՄԱՊՐՈՒՔԱ կը մօտենայ սնտուկին եւ ձեռքովը կը մաքրէ, կը շտկռտէ նստատեղին: Պահակի պէս քովը կը կանգնի:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Թէշրապու է՞:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Է՞:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Թէշրապու է՞:

ՍՐԲԱԶԱՆ Ի՞նչ կ’ըսէ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Կ’ըսէ՝ ի՞նչ կը խմէք:

ՍՐԲԱԶԱՆ Բան մըն ալ չենք խմեր, մենք գործի համար եկած ենք…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Հանդարտէ, Սրբազան, հանդարտէ, դիւանագէտ ըլլանք: Տանտիրուհին բան մը կ’ուզէ կոր հրամցնել, շնորհակալ ըլլանք, ընդունինք:

ՍՐԲԱԶԱՆ Է՛, ի՞նչ պիտի խմենք… սուրճ պիտի խմենք, սուրճ ըսէք իրեն…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Նիշրապ ահուա

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Թէշրապուհա ըզզայ

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Կարճը կապենք, ամէնքս ալ նոյն տեսակէն պահանջենք…

ՍՐԲԱԶԱՆ Ես շաքարը շատ կը խմեմ…

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Սրբազանը շաքարը շատ կը սիրէ, գիտեմ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Սրբազանին գաղտնիքները դուրս մի՛ հաներ, պարոն Մատրուպեան:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Սրբազանին համո՛վ գաղտնիքները դուրս կը հանէ կոր պարոն Մատրուպեանը:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ատ ի՞նչ խօսք է, անհամ գաղտնիքնե՞ր ալ ունի Սրբազանը…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Անհամ անձ մը եթէ կայ, ան ալ մեր հիւրընկալուհին է: Մէջտեղ չելաւ, կ’երեւի մէջտեղ ալ ելլալիք չունի մինչեւ որ սուրճը չխմենք:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Ամէնքս շաքարով խմենք ուրեմն:

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Ես շաքարով չեմ կրնար խմել, ես շաքար ունիմ…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Տիկինը սուրճ կը հրամցնէ կոր մեզի, մերժել չ’ըլլար…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Թող առանց շաքարի բերէ, ես հետս քաղցրաւենի ունիմ: Շաքարով խմել ուզողները՝ բերաննին քաղցրաւենի մը կը նետեն, քիչ շաքարով ուզողները՝ կէս քաղցրաւենի մը բերաննին կը նետեն, շաքարի հոտով ուզողները՝ քաղցրաւենին կը լզեն:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Սատա, սատա, եա

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Մապրուքա, եա սիտի, քուլլու սատա՞

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Քուլլու սատա, եա Մապրուքա, ահնա սիդդա...

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Վեց ենք, բայց Խանտաքեանը չես հաշուեր կոր: Հիմա կու գայ եւ կը նեղուի որ իրեն համար սուրճ չպահանջեցինք, մանաւանդ որ ինք անշաքար սուրճի վարժուած է:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Կարելի է չի գար, աւելորդ սուրճը ո՞վ պիտի բռնէ, դուն կը բռնե՞ս:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Քուլլու սատա՞, եա սիտի, աուզու պիլլահ…

ՍՐԲԱԶԱՆ Ի՞նչ կ’ըսէ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Աստուծոյ կ’ապաւինիմ կ’ըսէ:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Ահնա ֆի մայթամ ուալլա է՜...

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ֆարահ, ինշա ալլահ, եա Մապրուքա, ֆարահ:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Գէշ բաներ անցուցինք կնոջ միտքէն…: Սնոտիապաշտ կ’ըլլան տեղացիները…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Թաղո՞ւմ է, ի՞նչ է, կ’ըսէ, որ սուրճը առանց շաքարի պիտի խմէք…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Հասարակ դասակարգէ է մանաւանդ…

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Մեզմէ մէկը պիտի մեռնի՞ ուրեմն…

ՍՐԲԱԶԱՆ Ատիկա Աստուծո՛յ գործն է, պարոն Մատրուպեան:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Տանտիրուհիին թաղումը կ’ըլլայ ինշալլահ… ամէն ինչ մեզի կտակելէն ետքը: Ռոհի, եա Մապրուքա:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Հատըր, եա սիտի:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ դուրս կ’ելլէ ձախէն: Անոր զարնուելով, վազելով ներս կը մտնէ, վրան-գլուխը խառնշտկուած ՀՄԱՅԵԱԿը:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Փողոցի դռնէն մտնելու տեղ երկինքէ՞ն իջար…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Պարոն Խանտաքեանը երկինք կը ղրկէ, երկինքէն չ’իջեցներ:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Ի՞նչ է իրար անցեր ես, մեռելը ողջնցա՞ւ…

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Վիզէ՞դ բռնեց…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ինչո՞ւ աճապարեցիր, պարոն Խանտաքեան, եւ մեզմէ առաջ եկար:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Ի՞նչ կ’ուզէիր կոր ընել:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Կնիկը դեռ ո՞ղջ է:

ՀՄԱՅԵԱԿ Ողջ է…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Դուն ո՞ղջ ես…

ՀՄԱՅԵԱԿ Ես ո՞ղջ եմ… ես պէտք չէ գայի այստեղ, պէտք չէ գայի…

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Ի՞նչ պատահեցաւ: Ըսէ, որ մենք ալ նոյն ծակը չիյնանք:

ՍՐԲԱԶԱՆ Ծուղակը, ծուղակը, ըսէք, պարոն Մատրուպեան, ծակը մի՛ ըսէք:

ՀՄԱՅԵԱԿ Չէ՛, ես պիտի երթամ, եւ մէյ մըն ալ այստեղ ոտքս չեմ կոխեր: Դուք ինչ կ’ուզէք ըրէք, ամբողջ դրամը ձեր գրպանը դրէք:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Գոնէ սուրճ մը խմէ, սուրճը հիմա կու գայ:

ՀՄԱՅԵԱԿ (աճապարելով դուրս կ’ելլէ) Չէ, չէ, ետեւէս կու գայ կո՜ր:

ՀՄԱՅԵԱԿ կը վազէ դուրս աջէն: Ձախէն կը մտնէ ՓԱՌԱՆՁԵՄ: Մեծ փութկոտութիւն կը ցուցաբերեն պատուիրակութեան անդամները:

ՍՐԲԱԶԱՆ Տիկին Փառանձեմ, շատ ուրախ ենք:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Երախտապարտ… չէ՞, Սրբազան Հայր:

ՍՐԲԱԶԱՆ Այո, այո, ուրախ ենք ու երախտապարտ, որ ազնուօրէն հաճեցաք ընդունիլ մեզ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ (չոր ու ցամաք) Սուրճերնիդ խմեցի՞ք:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Ոչ տակաւին, բայց… ընդունեցինք խմել, այնպէս չէ՞, ընդունեցինք խմել:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ամէնքդ ալ եկա՞ծ էք:

ՍՐԲԱԶԱՆ Այո, միայն տիար Խանտաքեանը կարծեմ մեկնեցաւ եւ թերեւս չվերադառնայ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հմայեա՞կը… այս տունին մէջ բան մը չեմ կրնար կոր գտնել… քիչ մը անհաճոյ է:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Լաւ սպասուհիի մը պէտք ունիք, տիկին Փառանձեմ: Ես շատ լաւ մէկը գիտեմ, մաքուր, բարեխիղճ, բծախնդիր, նուիրեալ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Հասկցանք, պարոն Փոթփոթեան, հայերէնի ուսուցիչ մը չպիտի ղրկես, կը յուսամ…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Վաղը կը ղրկեմ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Սպասուհի՞… սպասուհի չեմ ուզեր…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Խոհարա՞ր մը… շատ լաւ խոհարար մը ունինք ակումբը…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ակումբին մարդիկը ի՞նչ պիտի ուտեն:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Բան մըն ալ թող չուտեն, չեն մեռնիր:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ակումբ չեն գար այն ատեն…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Կարեւորը դո՛ւք էք, տիկին Փառանձեմ, մենք ակումբը ձեզի կը բերենք: Եթէ միայն ուտելու համար կու գան կոր, թող չգան, մեր ակումբը մշակութային է:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Խոհարար չեմ ուզեր…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Մարձող մը եթէ կը փափաքիք…

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ (ՓԻՍՈՅԵԱՆին՝ քովնտի) Քու մարձո՞ղդ պիտի ղրկես, գաղտնիքներնիս դուրս չհանէ…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ (ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆին՝ քովնտի) Բժիշկի պէս է, հիւանդներուն գաղտնիքները դուրս չի հաներ…: (ՓԱՌԱՆՁԵՄին) Ձեր ուզած ատենը կու գայ, կէս ժամ, մէկ ժամ ձեր փափաքին համաձայն կը մարձէ, կ’երթայ, շատ հանգիստ կը զգաք:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Մարձո՞ղ մը, հա՞… ես երիտասարդութեանս լաւ… կը մարձէի…

ՍՐԲԱԶԱՆ Ազնիւ գործ է…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Պատուաբեր զբաղում է…

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Այո, պատուաբեր է մեր ազգին…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Ամուսնութենէն ետք դադրեցաք կ’երեւի…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ամուսնութենէն ետք, գործունէութիւնը աւելի ծաւալեցաւ, հոս կու գային…: Սուրճերնիդ խմեցի՞ք, (խստօրէն) Մապրուքան չբերա՞ւ դեռ:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Մի՛ բարկանաք խեղճ կնոջ վրայ:

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Հիմա կը բերէ, մի՛ անհանգստանաք:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Բան մը կը փնտռեմ կոր, չե՛մ գտներ կոր:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Ձեզի հետ կը փնտռենք… մեծ հաճոյքով:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Քսան տարի է կը փնտռեմ կոր:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Քսան տարի է… մէկը գողցած չըլլայ:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Ի՞նչ է արդեօք:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Չեմ կրնար կոր լաւ յիշել… մանրամասնութիւնները: Ատոր համար կը փնտռեմ կոր, եւ ատոր համար ձեզ կանչեցի:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Ը՜, մենք երիտասարդներ ունինք…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Անոնք կու գան, կը փնտռեն, կը գտնեն:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հա՜, երիտասարդներու ձեռքը թող իյնայ: Այո, լաւ կ’ըլլայ: Ղրկեցէ՛ք երիտասարդները:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Վա՜ղն իսկ… ես ալ հետերնին, ես հոգիով երիտասարդ եմ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ես ձեզ կանչեցի… որպէսզի մերկ լուսանկարներս փնտռէք…

ՍՐԲԱԶԱՆ Տիկին Փառանձեմ…

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Սխալ լսեցինք կարծեմ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ամէ՞նքս ալ:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Արուեստի գործեր են անոնք, պէ՛տք է գտնել, ի փառս հայ մշակոյթին:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ատ լուսանկարներուն մէջ հետս pause-եր առնող մէկը կար…

ՍՐԲԱԶԱՆ Ի՞նչ, ի՞նչ, ա՛յս մէկը սխալ լսեցինք կարծեմ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ճիշդ լսեցիր, pause-եր առնող մէկը…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Pause, այսինքն՝ դիրք, կեցուածք, Սրբազան:

ՍՐԲԱԶԱՆ Այո՜, այո՜, կը ներէք, տիկին Փառանձեմ, այսինքն կը ներէք որ վրիպեցաւ ուշադրութենէս եւ մանաւանդ կը ներէք, որ ձեր բերնէն միւս բառը արձակուած ըլլալ կարծելու ահռելի սխալը գործեցի:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Զուգաւորման տարբեր pause-երով լուսանկարներ քաշուած ենք իրարու հետ: Ճի՛շդ կը լսէք կոր: Զուգաւորման տարբեր դիրքերով: Հա, զուգաւորում, կը տեսնէ՞ք կոր ինչ կիրթ եմ, զուգաւորման կ’ըսեմ կոր, միւս բառը չեմ գործածեր կոր: Պապանձեցա՞ք: Կանչեցի ձեզ, որպէսզի ատ մարդը փնտռէք, Յունան կը կանչէինք զինք, Յունան, բայց բուն անունը չէր: Ի՞նչ էր, ի՞նչ էր, չեմ կրնար կոր յիշել: Շատ բաներ չեմ կրնար կոր յիշել: Բայց կարօտցայ զինք, ա՜խ, կարօտցա՛յ զինք: Ըսի՝ գաղութին մեծերը այնքան կ’ուզեն կոր գալ, թող գա՛ն, անոնք կրնան գիտնալ ո՛վ է Յունանը: (Անդրադարձով մը) Կամ թերեւս ալ հո՛ս է իմ Յունանս, ձեզմէ մէկն է իմ Յունանս:

ՇԱՏԵՐ (իրար անցած) Ոչ, ոչ, ես չեմ, ես չեմ, ես ալ չեմ… մենք չենք, մեզմէ չէ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ յօնքերը պռստած կը մօտենայ պատուիրակութեան տարբեր անդամներուն: Իւրաքանչիւրը կը ջանայ չքմեղանալ:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Ես չեմ, ես չեմ կրնար մերկանալ, ուղղակի պաղ կ’առնեմ:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Ես ձեզ առաջին անգամ կը տեսնեմ կոր, պատիւ մըն է անշուշտ, հաւատացէք, շատ մեծ պատիւ մը…:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ (ՓՈԹՓՈԹԵԱՆին) Դո՞ւն…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Ես երբեւէ Յունան չեմ կոչուած, ուրիշ շատ բաներ կոչած են – բադ, բութ, նաեւ՝ բաթբութ – բայց երբե՛ք Յունան:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ո՞վ պիտի ուզէ լուսանկարել զիս, կերպարանքիս նայեցէք, երեւակայեցէք թէ ի՞նչ կայ այս զգեստներուն տակը: (ՊԱՅԼԻԿԵԱՆին) Քու անունդ Յունան չէ՞ր…

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Ո՜չ, ամենեւին, ինծի միայն ժիկօլօ կ’ըսէին:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ա՜, ներողութիւն:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ կը մօտենայ քիչ մը անդին քաշուած ՍՐԲԱԶԱՆին:

ՍՐԲԱԶԱՆ Տիկին Պորտէվարեան, ես կղերական մըն եմ, սքեմ հագած մարդ եմ, եւ լոգցած ժամանակս իսկ սքեմս չեմ հաներ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Պիտի գտնեմ, պիտի գտնեմ: Ե՞րբ էր, երեսո՞ւն տարի առաջ էր, քառասո՞ւն, յիսո՞ւն…

ՇԱՏԵՐ Յիսո՞ւն, յիսո՞ւն… ես ծնած չէի… ես նոր ծնած էի… ես տասը տարեկանս չէի ամբողջացուցած… ես հինգ տարեկանս…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Եթէ Յունանս ձեզմէ մէկը չէ, պէտք է օգնէք որ գտնեմ, հա, գաղութին մեծերը չէ՞ք, թէ ոչ…

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Ինչպէ՞ս թէ՝ թէ ոչ: Թէ այո, թէ այո, գաղութին մեծերն ենք, բայց…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Թէ ոչ պիտի չստանաք ինչ որ եկած էք ուզելու…

ՍՐԲԱԶԱՆ Բայց մենք չենք եկած ուզելու, տիկին Փառանձեմ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հապա ինչո՞ւ համար եկած էք եղեր…

ՍՐԲԱԶԱՆ Մենք պաշտօնական նամակ մը ուղարկած էինք…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Գիտեմ, գիտեմ, պաշտօնական նամակին մէջ ամէն բան նշուած է… ատ պաշտօնական նամակը ոռերնիդ խոթեցէք:

ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ բառ չեն գտներ արտասանելու:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Սուրճերնիդ խմեցի՞ք…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Ոչ, չխմեցինք, նախընտրելի է սուրճերնիս խմենք:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հիմա կը բերէ, գաւաթները կը լուայ կոր կ’երեւի: Ան գաւաթները լաւ կը լուայ, ամէն ինչ լաւ կը լուայ…: Է՜, ո՞վ պիտի խօսի, ո՞վ խօսք պիտի առնէ, ձեր այցելութեան շարժառիթը բերանացի բացատրէ, մինչեւ որ Մապրուքան սուրճերը բերէ…

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Ես պիտի ըսէի, որ նախ սուրճերը խմէինք…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ի՞նչ է ուզածնիդ, մէկ բառով ըսէք:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Սրբազան, դուն խօսէ…

ՍՐԲԱԶԱՆ Տիկին Փառանձեմ, մեր նպատակը ձեր անունը պանծացնելն է, ձեր անունը փառաւորելն է, ուրիշ նպատակ չենք հետապնդեր մենք…

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Պանծացնել, փառաւորել…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Ձեր անունը, ձեր մականունը…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Անջնջելիօրէն մէն մի հայու գիտակցութեան մէջ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ուրիշ նպատակ չենք հետապնդեր, չենք հետապնդեր, չենք հետապնդեր…

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Միայն մէկ նպատակ կը հետապնդենք…

ՍՐԲԱԶԱՆ Ձեր անունին փառաւորումը, պանծացումը…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ի՞նչ է, լեզունի՞դ բացուեցաւ, սի՞րտ առիք: Մէկիկ-մէկիկ, մէկիկ-մէկիկ: Իրարու հետ խօսիլ չկայ, բան մը չեմ հասկնար կոր: Ձեզմէ մէկը ընտրեցէք, թող ան խօսի: Ո՞վ է ձեր մէջ ամենէն կարեւորը:

ՍՐԲԱԶԱՆ Իբրեւ այս գաղութի երբեմն բարեջան, երբեմն ալ բարեխնամ առաջնորդը, ե՛ս պիտի խօսիմ սիրելի տիկին Պորտէվարեանին:

ՇԱՏԵՐ Ասիկա բացման կամ փակման խօսք չէ, Սրբազան, որ մարդիկ իրարու հետ խօսելու առիթ գտնեն… քարոզ չէ, որմէ մարդ բան չի հասկնար… ոչ ալ դամբանական, զոր միայն հանգուցեալը պիտի ուզէր լսել:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Կարծեմ իմ ընկերները պիտի առաջարկեն, որ ե՛ս խօսիմ: Ես թեմականի ատենապետն եմ, գաղութիս նախագահը կը նկատուիմ:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Վստահ եմ որ ընկերներուս ընտրութիւնը իմ վրայ պիտի իյնայ, իբրեւ գործադիր ժողովի…

ՍՐԲԱԶԱՆ Ժողովո՛յ…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ …ատենապետ, գաղութը շիտակ ճամբու մէջ դնողը ես եմ…

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ (ինքզինքին) Հա, էշի պէս որ գլուխը առած կ’երթայ, առանց աջ ու ձախ նայելու…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Ընկերներս ինծի կը նային, թէ ինչո՞ւ քայլ մը առաջ չեմ առներ: Ես հանրագիտարան կը կարդամ գիշերները, եւ պիտի կարողանամ հարցը լաւագոյնս բացատրել սիրելի տիկին Փառանձեմին, որուն հայու աչքերը մեր հանդիպման առաջին իսկ վայրկեանէն…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Քանի որ այսպէս համաձայն էք, ձեր ընտրածը հոս կը մնայ, միւսները թող դուրսը սպասեն: (Վաւաշոտ շեշտերով եւ շարժուձեւերով) Ա՜հ, գլուխ գլխի կը խօսինք, շունչ շունչի, անուշ-անուշ կամ… կատաղի: Հը, ընտրեցէք նայիմ, (գահ բարձրանալով) կը սպասե՜մ:

ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ քիչ մը անդին կը խմբուին, խորհրդակցելու:
Ձախէն ներս կը մտնէ ՄԱՊՐՈՒՔԱ, սուրճ պիտի հրամցնէ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Խմեցէ՜ք:

ՇԱՏԵՐ Պիտի խմենք, տիկին… շնորհակալ ենք, տիկին…

ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ գաւաթները կ’առնեն ու կը խմեն, բայց կ’երեւի խմուելիք բան մը չէ: ՄԱՊՐՈՒՔԱ դուրս կ’ելլէ ձախէն:

ՍՐԲԱԶԱՆ Ձեր քաղցրաւենիքէն պիտի տայիք, տիար Փոթփոթեան…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Չ’ըլլար, Սրբազան, տիկինը կը նայի կոր, անարգանք կը համարէ…

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Խմեցէք, խմեցէք…

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ (ՊԱՅԼԻԿԵԱՆին) Աղուոր մը անշաքար սուրճդ վայելէ դուն…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Անսուրճ ալ է սուրճը… բայց անուշի կապենք մենք, մեր նպատակը հետապնդենք: Առաջ անցիր, պարոն թեմականի ատենապետ, քու գաղափարներովդ կ’առաջնորդուի կոր մեր գաղութը:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Չէ, դուն ես գաղութին կառքը շիտակ քաշողը, պարոն քաղաքականի՛ ատենապետ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Փոթփոթեանը պիտի մնայ, ան գիշերները հանրագիտարան կը կարդայ, Բրիտանական, Ֆրանսական հանրագիտարանները ծայրէ ի ծայր կարդացած է: Ձեռնհասօրէն պիտի կարողանայ տիկին Փառանձեմի հարցումներուն պատասխանել:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Գիշերները հանրագիտարան կը կարդամ, կնոջս հետ մինակ չմնալու համար, բարեկամներ, ինչպէ՞ս տիկին Փառանձեմի՛ն հետ մինակ մնամ:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Սրբազան, դուն պէտք է մնաս, միայն քո՛ւ վրադ կնիկները ազդեցութիւն չունին:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Այո, դժուարին կացութիւններու մարդն է Սրբազանը:

ՍՐԲԱԶԱՆ Հապա զիս մէկ կողմ կը հրէիք կոր…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Սրբազանը սատանայէ՛ն ալ չի վախնար…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Այո, գրպանը դրած է…

ՍՐԲԱԶԱՆ Հապա չէ, Սրբազան, չէ, ասիկա ո՛չ բացման խօսք է, ո՛չ ալ փակման, ո՛չ քարոզ է, ո՛չ ալ դամբանական, կ’ըսէիք կոր…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Սրբազան, դուք վեհանձնօրէն պէտք է վարուիք մեզի հետ…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Մանաւանդ որ կտակին ապահովումը մեր ազգային շահերուն համար է…

ՍՐԲԱԶԱՆ Ուրեմն ազգին շահերուն դէմ է իմ գրասենեակիս բարեզարդումը…

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Ատիկա վրաս, Սրբազան, նոր կարասիներ…

ՍՐԲԱԶԱՆ Ամառուան տօթին բարեխառնիչներու զովութեան մէջ ազգին համար աշխատիլը ազգային շահերու դէմ է ուրեմն…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Երկու բարեխառնիչով պիտի օժտենք ձեր գրասենեակը:

ՍՐԲԱԶԱՆ Որպէսզի յետոյ յարկաբաժնիս մէջ այրիմ, մրրկիմ…

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Երկու բարեխառնիչ ալ յարկաբաժնին մէջ:

ՍՐԲԱԶԱՆ Երեք… մէկը ննջասենեակը, միւսը հիւրասենեակը, միւսն ալ… բաղնիքը…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Սիրով, Սրբազան Հայր: Յաջորդ ժողովին պիտի որոշենք եւ իսկոյն գործադրենք:

ՍՐԲԱԶԱՆ Եւ միթէ՞ ազգին շահերուն դէմ է իր գաղութի զաւակներուն անմնացորդ նուիրուած առաջնորդին ամսականը բարելաւել քսան առ հարիւրի համեմատութեամբ…

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Յաւելումը յառաջիկայ ամիսէն կը գանձես, Սրբազան Հայր: Տիկին Փառանձեմը կը սպասէ կոր: Տիկին Փառանձեմը անհամբերութեան նշաններ սկսաւ ցոյց տալ: Տիկին Փառանձեմը հիմա միտքը կը փոխէ եւ ամէնքս ալ դուրս կը նետէ, եւ աս ամենէն բան մըն ալ չես ունենար, Սրբազան…

ՍՐԲԱԶԱՆ Սպասուհի մըն ալ կ’ուզեմ…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Նոր տարաձայնութիւններու ժամանակը չէ, Սրբազան… երիտասարդ սպասաւորին մասին մինչեւ հիմա զրոյցներ կը շրջին կոր:

ՍՐԲԱԶԱՆ Քիչ մը տարիքը առած ըլլայ, հոգ չէ, բայց ձեռքը-ոտքը բռնէ:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Ձեռքդ-ոտքդ պագնենք, Սրբազան, բայց այդ մէկը պէտք չկայ…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Այդ մէկը քիչ մը յետաձգեցէք, Սրբազան…

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Այո, ցնոր տնօրինութիւն…

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Առաջնորդարանի Մահմուտը յարկաբաժինն ալ կը մաքրէ կոր:

ՍՐԲԱԶԱՆ Ո՛չ, ես բարեկիրթ սպասուհի մը կ’ուզեմ, որ երբ հիւրերուս սուրճ հրամցնէ, մատները մաքուր ըլլան:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Սրբազան, քանի անգամ…

ՍՐԲԱԶԱՆ Քանիցս…

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Քանիցս մտերմաբար խորհուրդ տուինք յարկաբաժնին մէջ հիւր չընդունիլ, գրասենեակին մէջ ընդունիլ, մարդիկ չար են, լեզուներն ալ երկար:

ՍՐԲԱԶԱՆ Ուրեմն գրասենեակիս համար սպասուհի մը…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Լաւ, Սրբազան Հայր, լաւ…

ՍՐԲԱԶԱՆ Պայմանաւ որ ֆրանսերէն եւ անգլերէն ալ գիտնայ:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Լաւ, Սրբազան, լաւ, ծանուցում մը կը դնենք թերթերուն մէջ…

ՍՐԲԱԶԱՆ Կիրթ ըլլայ, նուրբ ըլլայ եւ մտաւորական խօսակցութենէ չխրտչի:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Լաւ, Սրբազան, լաւ, միլիոնները վտանգուած են:

ՍՐԲԱԶԱՆ Կ’ընդունիմ ուրեմն:

Բոլորը աջէն դուրս կ’ելլեն, բացի ՍՐԲԱԶԱՆէն:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հա, նորէն ալ քե՞զ ընտրեցին, Սրբազան:

ՍՐԲԱԶԱՆ Այո, ընտրութեամբն ազգին ու կամօքն Աստուծոյ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Դո՞ւն միայն կը համարձակիս կնիկի մը հետ առանձին մնալ: Մօտեցի՛ր:

ՍՐԲԱԶԱՆ Հանգիստ է այստեղ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Մօտեցիր, կ’ըսեմ, աւելի, աւելի, աւելի տա՛ք, տա՜ք:

ՍՐԲԱԶԱՆը տատամսելով կը մօտենայ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Պիտի կարենա՞ս…

ՍՐԲԱԶԱՆ Ի՞նչ… կարենամ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ (երեսին շնչելով) Կարենաս…

ՍՐԲԱԶԱՆ Ի՞նչ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Պատասխանել հարցումներուս:

ՍՐԲԱԶԱՆ (քիչ մը հանգստացած) Բարձրեալն Աստուած կ’օգնէ անշուշտ, աղջիկս:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ի՞նչ աղջիկ, մօրդ չափ եմ, եթէ մայր ունեցած ես, եւ քեզի ալ կարծեմ արտօնուած չէ ո՛չ աղջիկ, ո՛չ տղայ:

ՍՐԲԱԶԱՆ Հոգեւոր գետնի վրայ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ձգէ՛ ատ հոգեւորը: Գետնին վրայ երբեմն աւելի կոշտ ու կատաղի կ’ըլլայ…: Սիրոյ մասին խօսէ, Սրբազան: Ահ, աս օրերս շատ կ’ուզեմ կոր մէկը ինծի սիրոյ մասին խօսի:

ՍՐԲԱԶԱՆ Աստուած սէր է: Մեր Աստուածը սիրոյ Աստուածն է առաւելաբար, եւ եթէ Աստուած սէր չըլլար եւ իր ստեղծած մարդկութիւնը չսիրէր, իր Միածին Որդին չէր ղրկեր մարդկութեան փրկութեան համար…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Սրբազան, յիսուն տարի է քարոզ չեմ լսած…

ՍՐԲԱԶԱՆ Ուստի մենք ալ զԱստուած պէտք է սիրենք, Աստուծոյ սիրովը պէտք է լեցուինք, մեր գերագոյն հաճոյքը Աստուծոյ սիրոյն մէջ պէտք է ըլլայ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ադամը եթէ Աստուծոյ սէրով կրնար բաւականանալ, Աստուած Եւան պէտք չէր ունենար ստեղծել, Սրբազան…

ՍՐԲԱԶԱՆ Աստուածաբանական հարցերու մէջ ալ նուազ խորաթափանց չեն ձեր հաստատումները, տիկին Փառանձեմ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Կեղծաւո՜ր…: Ըսէ՛ նայինք, եթէ անպայման կը պնդես փառաւորումն ու պանծացումն անունիս:

ՍՐԲԱԶԱՆ Բայց այո՜, ինչպէ՞ս կրնաք դոյզն կասկած ունենալ այդ մասին: Ատոր համար եկած ենք, եւ առանց ատիկա իրականացած տեսնելու սա տեղէն պիտի չշարժինք:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ուրեմն… խօսէ նայինք… մեր ջոջերուն ամուսնական եւ արտամուսնական յարաբերութիւններուն մասին:

ՍՐԲԱԶԱՆ Տիկին Փառանձեմ, ինչպէ՞ս կրնաք բարձրաստիճան հոգեւորականէ մը, որ կաթողիկոսական բարձրագոյն աստիճանին կը ձգտի, նման բան մը պահանջել: Անոնց կիներուն եւ հոմանուհիներուն կողմէ խորհրդապահաբար յայտնուած գաղտնիքներ են ատոնք, եւ այդպէս ալ պիտի մնան:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Կիները ձեզի կու գան, ուրեմն:

ՍՐԲԱԶԱՆ Այո, որո՞ւ պիտի երթան: Կու գան իրենց ամուսիններու անառակ վարքէն դժգոհ, թէ ինչպէս առանձին յարկաբաժիններու մէջ հոմանուհի կը պահեն:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Է, ի՞նչ կ’ընես:

ՍՐԲԱԶԱՆ Նախ կը յորդորեմ տիկինը՝ հարցը չտարածել, եթէ անշուշտ գաղութին սեփականութիւնը չէ դարձած արդէն: Յետոյ լաւ մը կը խօսեցնեմ զինք, պէտք եղած ու պէտք չեղած բոլոր մանրամասնութիւնները կը հաւաքեմ, ամուսին-կին սեռային կեանքին ծակուծուկին կը ծանօթանամ: Եւ վերջապէս, գոհացած, այս հարցը ինծի ձգէ, կ’ըսեմ: Շաբաթ մը ո՛չ մէկ ակնարկ ամուսնոյդ: Ես լուծում մը կը գտնեմ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ի՞նչ կ’ընես: Մի՛ ըսեր որ եկեղեցիին մէջ առաջին շարքը նստող ատենապետին ականջներէն կը քաշես:

ՍՐԲԱԶԱՆ Ատենապետին ականջներէն քաշել կ’ըլլա՞յ: Արդէն այս մէկ ատենապետը, – բայց նկատի ունեցէք, որ մասնաւոր ատենապետ մը չունիմ նկատի, ընդհանուր կը խօսիմ, – այս մէկ ատենապետը – արդէն շնանալու կարողութիւն չունի, եւ հոմանուհի կը պահէ իբրեւ հին օրերու յիշատակ մը, եւ բարձր պահելու համար իր… վար… կը: Շաբաթը անցա՞ւ, կը կանչեմ կինը, կ’ըսեմ՝ տիկին, անիկա խեղճ աղջիկ մըն է: Ձեր ամուսինը, քրիստոնէական բարեսիրութենէ մղուած, անոր նիւթական պէտքերը կը հոգայ: Ձգեցէ՛ք թող շարունակէ իր աստուածահաճոյ գործունէութիւնը: Կամ ալ եթէ հարցին մասին միայն քմծիծաղով չեն խօսիր մարդիկ, այլ ամբարտաւանօրէն ուղղակի ատենապետին երեսը կրնան շպրտել որեւէ տեղ ու ատեն, հանդէսի մը ժամանակ, որուն կը նախագահէ ատենապետը, կամ նոյնիսկ սրբազան պատարագի ընթացքին, երբ ատենապետը բերանը բացած է հաղորդութիւն ընդունելու…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Շատ երկարեցիր, Սրբազան:

ՍՐԲԱԶԱՆ Հիմա պիտի ձգես, կ’ըսեմ ատենապետին, այդ պչրուհին: Առանց անշուշտ արգիլելու զայն ուրիշ հոմանուհի ունենալ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հոմանուհինե՞րն ալ կու գան:

ՍՐԲԱԶԱՆ Այո: Երբ ամուսինները կը վերադառնան իրենց կիներուն, վնասուող կողմը հոմանուհին կ’ըլլայ բնականաբար:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Կու գայ ի՞նչ կ’ըսէ: Որ համոզես, որ ատենապետը ետ դառնայ իրե՞ն:

ՍՐԲԱԶԱՆ Հա, հա: Հոմանուհին կու գայ ինքզինքը անիրաւուած կողմը ներկայացնելու: Ինչպէս հինգ տարի ամբողջովին նուիրուած էր անպիտանին, առանց որեւէ ակնկալութեան… եւ հիմա յանկարծ փողոցը կը գտնայ ինքզինքը, տարիները անդարձ կորսուած: Կու լայ եւ արցունք կը թափէ: Գիտեմ որ վերջ ի վերջոյ պիտի սկսի սպառնալիքներ ընել: Կը հանէ, քիթիս-բերնիս կը փակցնէ… լուսանկարներ մէջտեղ կ’ելլան, կամ արդէն անմեղօրէ՜ն ցոյց տուած կ’ըլլայ լուսանկարներ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հա, լուսանկարնե՜ր…

ՍՐԲԱԶԱՆ …Ուր այնքան սիրով կ’երեւնան ինքն ու ատենապետը: Եւ կ’աւելցնէ, ամօթխած շեշտով մը, որ ուրիշ լուսանկարներ ալ ունի…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հա, ուրի՜շ…

ՍՐԲԱԶԱՆ Մէկ խօսքով, իսկական հարցը գումարը որոշելն է: Այդ ալ կախում ունի այդ օրուան տրամադրութենէս, եւ թէ վերջերս ատենապետը ինչպէ՞ս կը վարուէր հետս, եւ թէ քմահաճոյքիս իսկոյն գոհացում կու տա՞ր կամ ոչ: Այս առարկայական գնահատումներուն հիման վրայ գումարը կը նուազի կամ կը յաւելու… նոյնիսկ հոմանուհիին պահանջածէն աւելի: Ան իմ մէջ կը գտնէ իր կացութիւնն ըմբռնող միտք մը, եւ քրիստոնէական ներողամտութիւն մը, որ զինք կը պարուրէ վեհանձնաբար:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Մագթաղինէին պէս ոտքերդ ալ կը լուայ օծանելիքով…

ՍՐԲԱԶԱՆ Եթէ առանձին ենք գրասենեակիս մէջ: Կը քաջալերեմ աւետարանական այդ ընթացքը, մեր ժամադրութիւնը որոշելով առաջնորդարանի աշխատանքային ժամերէն ետք: Ահաւասիկ այսպէս կը ծառայեմ ես այս ազգին, հեռու պահելով մեր գաղութը ամէն տեսակի փորձութիւններէ: Ո՞վ կը գնահատէ սակայն: Ամէնքը կը քննադատեն զիս: Եւ ի վերջոյ՝ կին, ամուսին, հոմանուհի դժգոհ կը մնան:
Կը կանչեմ ատենապետը, հարցը կարգադրեցի, կ’ըսեմ: Ոստիկանատուն պիտի հասնէր, դատարան պիտի հասնէր, վճիռը կրնար ի նպաստ քեզի չըլլալ, բարի անունդ պիտի խլուէր քեզմէ, հետն ալ երեսփոխանի եւ հետեւաբար ատենապետի՜ հանգամանքդ: Ես կարճ կը կապեմ կոր: Վիճաբանութիւն մը կը ծագի իմ եւ ատենապետին միջեւ, աւելի ճիշդ՝ սակարկութիւն մը: Բայց ատենապետութենէ զրկուելու իր մղձաւանջը սաստկացնելով կը հասնիմ նպատակիս եւ հոմանուհիին ափին մէջ դրամը կը համրեմ անձամբ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ապրիս, Սրբազանս, ապրիս: Ուրեմն, մանչս, մանչս, ապարա՞նքս է ուզածդ:

ՍՐԲԱԶԱՆ Քաւ լիցի, տիկին Փառանձեմ, ոչ ոք կ’ուզէ ձեր ապարանքը: Մեր բարի փափաքն է պանծացնել ձեր անունը ձեր կեանքին ընթացքին եւ յաւերժացնել զայն ձեր մահէն ետք:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Մահէս ետքը ապարանքս կ’ուզես կոր:

ՍՐԲԱԶԱՆ Մենք ո՜ւր, ապարանքները ո՜ւր, տիկին Փառանձեմ: Ազգին սնտուկը կ’ուզենք լեցնել:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ո՞վ պիտի ըլլայ ուրեմն կտակէս օգտուողը:

ՍՐԲԱԶԱՆ Բայց անշուշտ ազգը:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ազգը ո՞վ է, դրամը գաղութի անդամներո՞ւն պիտի բաժնէք:

ՍՐԲԱԶԱՆ Ո՛չ, անշուշտ, դրամը պիտի դնենք ազգին սնտուկին մէջ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Եւ որո՞ւն քովն է ազգին սնտուկին բանալին:

ՍՐԲԱԶԱՆ Ազգին ընտրեալ ներկայացուցիչներուն քով, տիկին Փառանձեմ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Այսինքն սա ձեր ժողովներէն ո՞ր մէկուն քով:

ՍՐԲԱԶԱՆ Երեսփոխանական ժողովին:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Շատ լաւ չեմ գտներ կոր այս կարգադրութիւնը: Ապարանքը պիտի տամ, մի՛ վախնար, բայց ե՛ս կ’ուզեմ կոր որոշել բանալիին տէրը:

ՍՐԲԱԶԱՆ Առաջարկելի չէ այդ, տիկին Փառանձեմ: Ազգին սնտուկին բանալին պէտք է ըլլայ ազգին ընտրեալ ներկայացուցիչներուն քով:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Այսինքն թեմականի եւ քաղաքականի ատենապետներուն քով, եւ պատուիրակութեան միւս անդամներո՞ւն: Ոչ, ոչ, ո՜չ, բանալին անոնց չեմ տար:

ՍՐԲԱԶԱՆ Անոնց տալ չէ, տիկին Փառանձեմ: Անոնց անհատական հանգամանքին չէ որ կու տանք, այլ գաղութային հանգամանքին:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ոչ, պիտի չտամ:

ՍՐԲԱԶԱՆ Ազգը պիտի չըլլայ ուրեմն օգտուող կողմը, ազգը պիտի չպանծացնէ ձեր անունը, եւ պիտի չհռչակէ ձեզ ազգային առաջին բարերար:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Քեզի՛ պիտի տամ բանալին:

ՍՐԲԱԶԱՆ (անմիջապէս) Հրաշալի որոշում է: Բանալին իմ քովս ապահով է: (Վարանելով) Բայց ի՞նչ պիտի ըսեն մարդիկ, տիկին Փառանձեմ: Պիտի ըսեն՝ լոլոզեց կինը, որ ինքը առնէ: Այս ի՞նչ մեծ փորձութիւն է: Կաթողիկոս ըլլալու յոյսերս մէկ կողմ կը դնէի, սքեմս կը հանէի, եւ ինքզինքս հարճերով կը շրջապատէի:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Պա՛րզ է, կտակարարը պիտի ըլլաս:

ՍՐԲԱԶԱՆ (ինքնավստահութիւնը վերագտնելով) Հա՜… այո, կտակարարը կ’ըլլամ, սնտուկին բանալին քովս կ’ըլլայ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Այո՜…:

ՍՐԲԱԶԱՆ Չէի ուզեր ըսել, որ ազգին ներկայացուցիչները բազմիցս անխոհեմաբար կը վարուին ազգին դրամներուն հետ, յարգանքի պակաս մը կը ցուցաբերեն ազգին սնտուկին հանդէպ, երբեմն մեծ ծախսերու դռներ կը բանան, գերեզմանատան վրայ կը ծախսեն, ուսուցիչներուն յաւելում կու տան երբեմն… գլխու ցաւէ ազատելու համար, մէկ-երկու տարի կը դիմադրեն, յետոյ պարտուողական ոգի ցուցաբերելով տեղի կու տան: Տուէ՛ք ինծի կտակին բանալին, որ միայն ազգօգուտ նպատակներու յատկացնեմ: Մնացած ժամանակներն ալ կղպեմ, բանալին գրպանս դնեմ, եւ սնտուկին վրայ նստիմ: (Կը նստի սնտուկին վրայ):

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ես քեզի բանալին կու տամ կոր, դուն ինծի ի՞նչ պիտի տաս փոխարէնը:

ՍՐԲԱԶԱՆ Անունի պանծացում եւ յաւերժացում, ազգային մեծագոյն բարերարի տիտղոս:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Մեծագո՞յն բարերար…

ՍՐԲԱԶԱՆ Ազգային մեծագո՜յն բարերար… այս տիտղոսը ես ձեզի՛ համար դարբնեցի, եւ ուրիշ ո՛չ ոք արժանի պիտի ըլլայ անոր յաւիտեանս յաւիտենից…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ուրի՞շ…

ՍՐԲԱԶԱՆ Ուրիշ, ուրիշ… երկա՜ր ու քաջառո՛ղջ ու երջանի՜կ տարիներ ետք, երբ Բարձրեալն Աստուած իր քովը կանչէ ձեզ, փառաւոր դամբանական մը պիտի արտասանեմ, վեր առնելով ձեր բոլոր բարեմասնութիւնները, եւ առանձին գրքոյկով մը պիտի հրատարակեմ զայն իբրեւ յուշարձան գալիք սերունդներուն: Գերեզմանատան մէջ տեղ պիտի յատկացնենք ձեզի առաջնորդներու թաղամասին մէջ, բնական չափով արձան մը պիտի կանգնեցնենք ձեր գերեզմանին վրայ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ասանկ ծեր ու չորցած…

ՍՐԲԱԶԱՆ Ձեր թարմատի տարիներէն լուսանկար մը տուէք դուք…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Լուսանկարնե՜րը…

ՍՐԲԱԶԱՆ Եւ ամէն տարի ձեր մահուան տարելիցին, մեր զոյգ վարժարաններու աշակերտութիւնը ուխտագնացութեան պիտի գայ կամ երթայ ձեր գերեզմանաթումբին, զետեղէ ծաղկեպսակներ, արտասանէ բանաստեղծութիւններ եւ երգէ երգեր՝ հեղինակուած ու յօրինուած ձեզի համար, ձեր յիշատակին ձօնուած ու ցանուած:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Չէ, չէ, չէ՜…

ՍՐԲԱԶԱՆ Ըսէք, ի՞նչ կ’ուզէք, որոշողը ե՛ս եմ այս գաղութին մէջ, ատենապետները գրպանս դրած եմ ես…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ես Յունանս կ’ուզեմ, Յունանս կրնա՞ս տալ…

ՍՐԲԱԶԱՆ Բայց ո՞վ է ան, տիկին Փառանձեմ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Չես տար՝ չեմ տար: Միւսները կու տան…

ՍՐԲԱԶԱՆ Անոնք ալ չեն գիտեր…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Կը պահե՜ն կոր, կը պահե՛ս կոր: Լաւ, եկուր, նայէ ի՞նչ պիտի ըսեմ քեզի:

ՍՐԲԱԶԱՆ (հնազանդելով) Հրամեցէ՛ք:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ես ատ պատուիրակութեան անդամներէն Փոթփոթեանը կ’ուզեմ կոր տեսնել, տարբեր բան մը կը թուի կոր ըլլալ…

ՍՐԲԱԶԱՆ (փութկոտ) Այո, ան միւսներուն պէս չէ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Կանչէ:

ՍՐԲԱԶԱՆ (դէպի աջի մուտքը երթալով) Բարեկամներ, ամէն ինչ լուծումի ճամբուն վրայ է:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ոչ, ոչ…

ՍՐԲԱԶԱՆ Բարեկամներ, ամէն ինչ լուծումի ճամբուն վրայ չէ: Եւ տիկինը կը փափաքի տիար Փոթփոթեանն ընդունիլ:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ (դուրսէն) Պէ՞տք է:

ՍՐԲԱԶԱՆ Անհրաժեշտ է: Մի՛ վախնար, տիկինը գահին վրայ նստած է, դուն քանի մը քայլ անդին պիտի կենաս:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ աջէն ներս կը մտնէ ակնածանքով:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Եկո՜ւր, եկո՜ւր նայիմ, տիար Փոթփոթեան: Դուն դո՛ւրս ելիր, Սրբազան:

ՇԱՏԵՐ (դուրսէն) Եկուր, Սրբազան, եկուր:

ՍՐԲԱԶԱՆ աջէն կ’ելլէ դուրս:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հա՜, չերկարենք: Ըսէ, նայինք, անկեղծօրէն ըսէ նայինք, ի՞նչ է ուզածդ:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Տիկին Փառանձեմ, չկարծէք որ ես, միւսներուն նման, եկած եմ ձեր կալուածներուն համար… անոնց ի դիմաց խոստանալու ձեզի պանծացում եւ անմահացում, գձուձ բաներ, որոնցմէ դուք, վեհանձն հայուհի, կը խրտչիք…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հապա ինչո՞ւ եկած ես:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Եկած եմ բարի լոյս ըսելու համար…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ի՞նչ, ի՞նչ ըսելու համար…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Բարի լոյս, բարի լոյս…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Բարի լո՞յս, կէսօրէ ե՞տք…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Ի՞նչ ընեմ, եթէ մեր ջոջերը գիշերը կը տրամադրեն ազգային գործերու, առաւօտուն զբաղած ըլլալով իրենց անձնական գործերով, որոնք ոչ միայն աւելի կարեւոր են, այլ անհրաժեշտ՝ իրենց գիշերային ազգային գործունէութեան, վասնզի եթէ իրենց անձնական գործերով չբարգաւաճին, չեն կրնար թեկնածու ըլլալ ատենապետութեանց եւ այլ պատկառելի դիրքերու, որով ալ ազգը կը զրկուի իրենց գիշերային ազգօգուտ գործունէութենէն, ի բաց առեալ յաւէտ ողբացեալ, թեմականի նախկին ատենապետ Կղպուցեանը, որ շարք մը գիշերային տուփերու սեփականատէր էր…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Քապարէ՜ ըսէ՛…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Քապարէ՜… հետեւաբար երեկոյեան ժամը եօթէն տասը ազգային գործերով կը զբաղէր, եւ ապա կը սկսէր ցայգատուփերու իր շրջանը, հետեւելու համար ոգելից ըմպելիներու սպառման եւ խղճամիտ ցուցմունքներ ընելու համար պորտապարուհիներուն… բարի լոյս…:

Ոչ, ես ո՛չ ընչաքաղց եմ եւ ո՛չ ալ կեղծաւոր: Կը սիրեմ դիմացինիս աչքերուն մէջ նայիլ եւ ճշմարտութիւնը ըսել: Դուք ճշմարիտ հայուհիի հպարտ աչքեր ունիք, բարի լոյս…: Գիտէ՞ք ինչ ըսած է բանաստեղծը: Անշուշտ գիտէք, բայց այդ տողը կրկնելու հաճոյքէն մի՛ զրկէք զիս: Ըսած է՝ ամէն բանէ աւելի մենք պէտք ունինք հպարտութեան: Մենք, այսինքն հայութիւնը, ի սփիւռս աշխարհի, եւ այդ հպարտութիւնը ունիք դուք, ու կը բխի ձեզմէ, ձեր նկարագիրէն, ձեր կեցուածքէն, ու մանաւանդ ձեր աչքերէն… բարի լոյս…: Անկեղծ եմ, որովհետեւ ահա կ’ըսեմ, որ ձեզի նման կնոջ չեմ հանդիպած իմ կեանքիս յիսունըհինգ տարիներուն ընթացքին…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Յիսունըհինգ… կնիկներու կ’այցելե՞ս…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Ատ ալ խօ՞սք է:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ի՞նչ կ’ընէք:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Կը խօսինք, կը խնդանք: Կնիկները շատ կը խնդան իմ ներկայութեան: Կեանքերնուս մէջ այսքան չենք խնդացած, կ’ըսեն: Էրիկ մարդոց ալ կ’այցելեմ, եւ անոնք ալ կը խնդան: Երկու սեռերուն վրայ ալ նոյն ազդեցութիւնը ունիմ ես:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ուրիշ բան չե՞ս ըներ կնիկներու հետ:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Ուրի՞շ բան…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ուրիշ բան…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Բան չունիմ, որ բան ընեմ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Բան չունի՞ս…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Ունէի, բայց… բան մը չէր…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Բայց ամուսնացար…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Այո, ամուսնացայ, որովհետեւ մեր կուսակցութեան ատենապետին աղջիկը ամուսին կը փնտռէր կոր…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Եւ ի՞նչ ըրաւ ամուսնութենէն ետք…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Սիրահար սկսաւ փնտռել…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Եւ գտա՞ւ…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Այո, գտաւ: Երեսուն օր ետք փնտռել սկսաւ եւ երեսունըմէկերորդ օրը գտաւ: Հոկտեմբեր ամիսն էր, եւ, գիտէք, Հոկտեմբեր ամիսը երեսունըմէկ օր կ’ըլլայ, ես հանրագիտարանի մէջ կարդացած եմ, ես ամէն գիշեր հանրագիտարան կը կարդամ: Գտաւ, եւ երեքս շատ երջանիկ ապրեցանք, եւ զաւակներ ալ ունեցանք:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Մեռա՞ւ…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Չմեռաւ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Եւ մարդ չի՞ գիտեր:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Ինչպէ՞ս թէ, ամէն մարդ գիտէ: Եւ անշուշտ իրենց միջեւ կը խօսին: Բայց անձնական մտերմիկ զրոյցներու մակարդակէն չէ անցած բնաւ, տարաձայնութեան չէ վերածուած: Ատիկա ես կը վերագրեմ մեր կուսակցութեան բարոյական բարձր սկզբունքներուն, որոնք միշտ ալ կ’արգիլեն այդ բարոյական բարձր սկզբունքներուն արատաւորումը, որոնք չեն արտօներ կուսակցութեան բարոյական պատկերին խծբծումը, որով պէտք է ընդմիշտ բարձր բարոյականի տէր ներկայանայ մեր կուսակցութիւնը եւ օրինակ հանդիսանայ միւս մէկուկէս կուսակցութիւններուն… գիտէք, Հնչակեանները կէս կուսակցութիւն են…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Միայն կնո՞ջդ հետ կը յարաբերէր այդ մարդը:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Մա՞րդը… Գարեգի՛նն է… Տունկեանը: Ամէն օր բարի լոյսի կ’երթամ իրեն, բարի լոյս…: Ոչ, ո՜չ, միայն կնոջս հետ, հաւատարիմ մարդ է:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Այսինքն լուսանկարներ եթէ ցոյց տամ քեզի, կը ճանչնա՞ս զինք:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Կը ճանչնա՞մ… աշխարհի մէջ ամենէն աւելի իրե՛ն բարի լոյս ըսած եմ եւ չճանչնա՞մ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Բայց հին լուսանկարներ են…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Որքան հին կ’ուզեն թող ըլլան: Գարեգինին դէմքը անշփոթելի է:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Միայն դէմքէ՞ն կրնաս ճանչնալ զինք:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Ինչպէ՞ս թէ միայն դէմքէն…: Բայց դուք ամենագէ՞տ էք, ի՞նչ է: Ինչպէ՞ս գիտցաք, որ… ծոծրակէ՛ն ալ կը ճանչնամ զինք…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ծոծրակէն, հը՞…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Այո, շատ յատկանշական ծոծրակ մը ունի:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Մերկ չե՞ս տեսած:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Ծոծրա՞կը:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ոչ, մարմինը:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Մե՞րկ… մարմի՞նը… Աստուած իմ, Տէր իմ… կը ներէք, ամէն գիշեր Աստուածաշունչ կը կարդամ եւ այնտեղ թէ՛ Աստուած, թէ՛ Տէր բառերը կը գտնենք…: Մե՞րկ, բայց ո՜չ: Ամօթխած են կինս ու Գարեգինը: Օր մը օրանց մերկ չեմ տեսած զիրենք իրարու հետ: Ներքնազգեստ մը հագած կ’ըլլան անպայման:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Բայց կնիկդ…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Կնիկս… մերկ տեսած ըլլալու է զինք… հաւանաբար… թէեւ… չեմ հարցուցած…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Կուսակցութեան ատենապետն ես եւ անդամներուն վրայ իշխանութիւն չունի՞ս:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Ասիկա անձնական կեանքի մաս կը կազմէ, որով իմ կուսակցապետի իրաւասութիւններէս դուրս կը մնայ: Բայց եթէ կուսակցական որեւէ կանոն խախտէ, կամ discipline-ի հակառակ շարժի, այն ատեն նայեցէք ի՞նչ կ’ընեմ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ի՞նչ կ’ընես…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Աչք կը գոցեմ…: Թէ ոչ կը ձգէ կ’երթայ եւ ամիս մը անց կուսակցական հրաշալի discipline կ’ունենանք՝ առանց կուսակցականներու: Կը տեսնէ՞ք ինչպէս անկեղծ կը խօսիմ: Պիտի հարցնէք հիմա, թէ ինչո՞ւ այսպէս ծայր աստիճան անկեղծ եմ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Այո, ծայրը հասած է անկեղծութիւնդ: Նայէ որ դուրս չցայտէ:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Մեր կուսակցութիւնը՝ Ռամկավա՜ր, Ազատակա՜ն, մէկ ու հիմնական գործունէութիւն ունի: Պէտք է օրն ի բուն, գիշեր ու ցերեկ, կեղծաւորաբար փառաբանէ մայր հայրենիքը:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Մայր հայրենիք ու հայրենիք տարբե՞ր բաներ են:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Անշուշտ թէ, բոլորովին տարբեր են: Մեր հակառակորդ կուսակցութիւնը՝ Դաշնակցութիւնը, հայրենիք կ’ըսէ միայն, ինչ որ սխալ է, եւ առնուազն պակասաւոր, մինչ մենք ճշդութեամբ եւ ճշդապէս մայր հայրենիք կ’ըսենք:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Նոյն Հայաստան ըսուածը չէ՞:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Անշուշտ… ո՛չ: Հայրենիք ըսելով մեր հակառակորդները կը հասկնան մեր անցեալի թշուառ, անտէր հայրենիքը: Անցեալ, որուն սիգապանծ վերադարձը կը փափաքին, երազներու ետեւէն վազելով: Մինչ մայր հայրենիքը մեր ներկայ Հայաստանն է, որ ահա վաթսուն տարի լծուած է խաղաղարար ստեղծագործ աշխատանքի, իր լուսաւոր ապագան կը կերտէ եղբայրական ժողովուրդներու մեծ ընտանիքին մէջ, գիտութեանց ու գեղարուեստից մէջ ամէն օր արձանագրելով նորանոր ու մեծամեծ յաջողութիւններ, կեցցէ՛ մայր հայրենիքը: Կը ներէք, առանց անդրադառնալու կրկին կեղծաւորաբար փառաբանեցի մեր մայր հայրենիքը: Կը խնդրեմ որ ներէք, կը պաղատիմ որ ներէք, անգամ մըն ալ չեմ ըներ:

Բայց ընդունինք, որ մայր հայրենիք ըսելով մենք աւելի արդար ու անկողմնակալ դիրքորոշմամբ մը հանդէս կու գանք եւ սեռերու հաւասարութիւնը կը հաւաստենք: Որովհետեւ ինչո՞ւ հայրենիք պիտի ըլլայ, մերժելով մայրը, որ, ինչպէս գիտէք, եւ ինչպէս հաստատուած է պատմութեան ընթացքին եւ գիրքերու մէջ, աւելի ծանրակշիռ դեր ունի զաւակներու դաստիարակման ու փճացման մէջ: Ուրեմն, եթէ մենք բոլորս իր զաւակներն ենք, ան է մեր ծնողքը, թէ՛ հայրը, թէ՛ մայրը, մեր հայրն ու մայրը միասին, միատեղ:

Բայց կ’ըսենք կոր որ… ու կ’արդարացնենք կոր մեր կեղծաւորութիւնը, ըսելով որ… եւ իրաւունք ունիք, կարծեմ իրաւունք ունինք ներկայ Հայաստանը փառաբանելու, որպէսզի հպարտանալու պատճառ ունենանք: Եւ ինչպէս բանաստեղծը ըսած է, եւ ինչպէս միշտ կը կրկնեմ մեր ակումբին մէջ կատարուող հանդէսներու ընթացքին, կամ բացման կամ փակման խօսքը անպայման ես պէտք է ընեմ, բանախօսը կամ դասախօսը ներկայացնելով եւ իր խօսքերը եզրափակելով երկուքուկէս ժամուան մէջ, խստիւ պատուիրած ըլլալով իրեն, որ կէս ժամէն աւելի չխօսի… հա, ուրեմն, իմ բացման ու փակման խօսքերս կը սկսիմ ու կ’աւարտեմ միանգամընդմիշտ կրկնելով բանաստեղծին անժամանցելի հաստատումը, որ ահա յիսուն տարի չէ կորսնցուցած իր այժմէականութիւնը, ինչ որ կը փաստէ կա՛մ այս խօսքին անժամանցելիութիւնը, կամ ալ մեր վիճակին անփոփոխելիութիւնը… որ հիմա, ամէն բանէ աւելի, մենք պէտք ունինք հպարտութեան…

Բայց թերեւս հիմա ոչ թէ կը կարծեմ, արդարեւ վստահ եմ, որ նոր արեւ մը ծագեցաւ հայ ազգին երկնակամարին վրայ, երբ ես, ոտքս դնելով այս տան սեմէն ներս, հանդիպեցայ ձեզ, եւ անդրադարձայ իսկոյն, որ հպարտութեան նոր աղբիւր մը կար, որ ձեր նկարագիրն էր, ձեր կեցուածքը, ու մանաւանդ, ո՜հ, մանաւանդ ձեր աչքերը, եւ որ այս վայրկեանէն սկսեալ պէտք է նուիրեմ կեանքս այդ հպարտութեան հրապարակման, քարոզման, տարածման, փրկելու համար սփիւռքահայը ուծացումէ եւ առաջին կամ երկրորդ առիթին Մապրուքաներու գիրկը նետուելէ: Անգամ մըն ալ փաստեցի՞ անկեղծութիւնս:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Շարունակութենէն յայտնի պիտի ըլլայ:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ (թատերական շարժումով մը բաճկոնի գրպանէն comics մը կը հանէ, որուն վրայ կ’երեւի Superman կամ Batman կամ ժամանակակից պատանեկան ոեւէ հերոս) Ո՞վ է, կը կարծէք, մեծագոյնն ու հանճարագոյնը նկարիչներուն: Միքէլ Անժը, Լէոնարտոն, պիտի ըսէք: Ինծի համար պատիւ է չհամաձայնիլ: Ռափայէ՞լը, Ճիոքքո՞ն, Փիքասօ՞ն, ոչ, ոչ, ոչ, դարձեալ ոչ: Եւ ո՜չ, Սարեանը չէ, Մայր հայրենիքի փառաբանման ժամանակը չէ այլեւս, ո՛չ մեր ակումբին մէջ ենք, ո՛չ ալ Սովետական Հայաստանէն պաշտօնական ու անպաշտօն ներկայացուցիչներ կան, թէ ոչ կ’երթա՜ն ու կը տեղեկացնե՜ն եւ այլեւս չեմ հրաւիրուիր Հայաստան, չեմ ուտեր խորոված ու չեմ խմեր գինի եւ չեմ արժանանար պատիւներու ու շքանշանի: Ոչ, մեծագոյն ու հանճարագոյն նկարիչը այս է, comics-ը: Մանուկը, պատանին ա՛յս է որ կը սիրեն եւ ասոնց հերոսներուն է որ կը կառչին եւ անխուսափելիօրէն կը դիմեն դէպի օտարացում եւ ուծացում: Մենք պիտի ունենանք հայկական comics, որուն հերոսուհին պիտի ըլլաք դուք… երիտասարդութեան պատկերներ չունի՞ք:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Չեմ կրնար կոր գտնալ: Չեմ կրնար կոր գտնալ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ սնտուկէն կ’իջնէ ու փնտռել կը սկսի ասդին-անդին, տենդագին:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Հոգ չէ… երեւակայութեամբ կարելի է վերականգնել ամէն ինչ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ո՜չ, կ’ուզենք գտնել, անպայման պէտք է գտնե՜նք:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Կը գտնենք, կը գտնենք: Ե՛ս պիտի գտնեմ, եթէ նոյնիսկ ստիպուիմ ամբողջ կեանքս այդ նպատակին նուիրել:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ (նկար մը գտնելով եւ երկարելով ՓՈԹՓՈԹԵԱՆին) Նայէ՛, նայէ՛…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Ի՞նչ է, գտա՞ք: Տեսա՞ք, ձեզի չըսի՞ որ պիտի գտնենք…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Լուսանկարներէն չէ, գծագրութիւն մըն է, ես գծած եմ, տարիներ առա՜ջ…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ (երկար նայելով գծագրութեան) Ես կը զգայի, ես արդէն կը զգայի: Կը զգայի որ նկարիչ մըն էք դուք: Եւ ոչ միայն ձեր աչքերու հպարտութիւնը վայրկենաբար յուշեց ինծի comics-ի այս փրկարար լուծումը կամ լուծարար փրկութիւնը, այլ ձեր գծագրական տաղանդը, յայտնուած այնքան կանուխ, այնքան յստակ ու վաւերական, յիսուն տարի առաջ, ինչպէս ձեր ստորագրութիւնն ու թուականները ցոյց կու տան: Ինչ գեղեցիկ են այս դռները… ինչ գեղեցիկ են այս մղլակները…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Դռներ ու մղլակներ չեն:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Հապա… ի՞նչ են…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Կիներ ու մարդիկ…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Որո՞նք են կիները եւ որո՞նք են մարդիկը…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Իրարու մէջ մտած են:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Հիմա կը հասկնամ: Մեղքը ձեր գծագրութիւններունը չէ, այլ իմ ուղեղին եւ գեղագիտական սահմանափակ հասկացողութեանս: Հիմա շատ յստակօրէն կը տեսնեմ կիներն ու տղամարդիկը՝ իրարու մէջ: Ոչ, դուք տաղանդ չէք – կը ներէք, տիկին Փառանձեմ, բայց ինչպէս ըսի միայն ներկայ Հայաստանը կեղծաւորաբար կը փառաբանեմ, եւ իբրեւ քաւութիւն այս մահացու մեղքին, ո՜հ, եօթը մահացու մեղքերէն աւելի մահացու, բոլորովին ու բացարձակ անկեղծ ուխտած եմ ըլլալ միւս բոլոր հարցերուն մէջ: Ուրեմն, անկեղծօրէն ստիպուած եմ ձեզի ըսել, որ դուք տաղանդ չէք, ահաւասիկ կը համարձակիմ ըսել…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Գիտեմ, գիտեմ, Փո՛թփո՛թ, արագ ուրուագիծերս ուրիշ նպատակ կը հետապնդէին: Ինծի համար հաճոյք մըն էր նստիլ ու գծել…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Դուք տաղանդ մը չէք, դուք… ո՛չ, տաղանդ մը չէք… դուք… հանճա՜ր մըն էք…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ …Առջեւս զուգաւորուող զոյգերը…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Հանճար մը… հանճար մը… սերնդագործումը շատ կարեւոր է մեր ազգին համար, եւ նման ազգօգուտ գործունէութիւն մը ես պէտք է քաջալերէի եւ ոչ թէ ազգավնաս խոչընդոտներ կանգնեցնէի – չէ, քաշէի, բառի սխալ ընտրութիւն, սխալ բառի ընտրութիւն, – առջեւը, արգիլելով կնոջս՝ սիրահար ունենալ…

Հանճա՜ր մը: Ձեզի նման հանճար մը արդէն անշուշտ անդրադարձած է, որ Սրբազանի գլխաւորութեամբ ձեր ապարանքէն ներս մտած այս պատուիրակութիւնը նպատակ ունի ապարանքն ու հողը ծախել եւ դրամը դնելով ազգին սնտուկին մէջ անգամ մըն ալ չբանալ ազգին սնտուկը: Եկող-գացողին կը փափաքի պարծենալ Սրբազանը, որ իր օրով եւ իր ճիգերով ազգը հարստացած է եւ թէ գաղութը արդ իր ոսկի օրերը կ’ապրի, հոգ չէ թէ գաղութին ծերերը դիմեն գերեզմանին եւ երիտասարդներն ալ ուծացման…:

Ուրեմն, արդէն յստակ կը դառնայ, որովհետեւ պէտք չէ յետաձգել, կարելի չէ՜ յետաձգել, որ դո՛ւք պիտի ըլլաք իտէալ եւ գաղափարապաշտ հերոսուհին: Դուք պիտի ըլլաք գեղեցկութեան ու զօրութեան անխորտակելի խորհրդանիշը: Պատանին պիտի կառչի ձեզի…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Պիտի… կառչի…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Եւ պիտի կարդայ հայերէն, հետեւելու համար ձեր արկածախնդրութիւններուն…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Առանց կարդալու չի՞ կրնար հետեւիլ…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Ջանայ նմանիլ ձեզի…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Սրտէս կը խօսիս կոր:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Այբ, պիտի կառչին ձեզի…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ա՜հ…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Բեն, պիտի կարդան հայերէն…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Է՜հ…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Գիմ, պիտի գոյատեւեն իբրեւ հայ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ո՜ւհ…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Հրատարակչատուն մը կը հիմնէք: Աշխարհի լաւագոյն գծագրիչները կը վարձէք: Տպարան մը կը գնէք: Պատմութիւններն ալ ձեր կեանքէն կը տրամադրէք: Առատ պէտք է ըլլայ արտադրութիւնը: Ամէն շաբաթ, ամէն օր, ամէն ժամ: Աշխարհի չորս կողմերը: Կարեւորագոյն մայրաքաղաքներուն, քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ պէտք է ունենանք տարածման կեդրոններ: Պատմութիւնները պէտք է հասնին ամէն տեղ ուր հայ կայ: Մեր կեդրոնատեղին պիտի ըլլայ այս ապարանքը: Հերոսուհիին ալ կեդրոնատեղին, բանակատեղին պիտի ըլլայ այս ապարանքը:

Իսկոյն, իսկոյն պարտէզին մէկ մասը: Աջ կողմը շատ մեծ է հողամասը: Ծախե՛նք եւ գումարով հիմնե՛նք հրատարակչատունը՝ Փառանձեմ Հրատարակչատուն՝ եւ անցնինք գործի՜:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ սնտուկին վրայ կը ցատկէ. ՓԱՌԱՆՁԵՄ իսկ կը զարմանայ:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Ով իմ հպա՜րտ հերոսուհի: Ահ, ինչ գրգիռ կը զգամ, որքան գրգռուած եմ, աղիքներս իրար անցան, սիրտս կը վազէ կ’երթայ, գլուխս կը դառնայ եւ կարծեմ թէ պատուանդանէն կամ բեմէն թաւալգլոր պիտի իյնամ վար: (Վար կ’իյնայ սնտուկէն, սակայն նորէն կը մագլցի վրան)։ Եւ իրականացնելու համար այս ծրագիրը ես պէտք ունիմ այս սնտուկին:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Աս սնտուկը ամէն մարդու ուշադրութիւնը կը գրաւէ կոր այսօր:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Այո, այս սնտուկին: Պիտի կանգնիմ սնտուկին վրայ, եւ պիտի յայտարարեմ ի սփիւռս աշխարհի… որ հայութեան փրկութիւնը գտնուած է…:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ կ’իյնայ գետին ու կը փրփրի այնտեղ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Վերցուցէ՜ք, եկէք վերցուցէք ձեր խենթը: Յոյս չկայ ձեզմէ, յոյս չկայ: Ո՞ւր են լուսանկարնե՜րը՜:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ դուրս կ’ելլէ ձախէն: Աջէն վախվխելով ներս կը մտնեն ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ:

ՍՐԲԱԶԱՆ Տիար Փոթփոթեանն ինկած է դիտապաստ: Պատնէշին վրայ մեռաւ ան:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Մեռած չունի…

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Բան մը չունի: Երբ շատ կ’ոգեւորուի, կը գլտորի, գետին կ’իյնայ: Հիմա ոտքի կ’ելլէ:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ երերալով ոտքի կ’ելլէ:

ՇԱՏԵՐ Ըսէ՛, ի՞նչ պատահեցաւ:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ (չի գիտեր՝ յայտնէ թէ չյայտնէ) Շատ բան պատահեցաւ, բան մըն ալ չպատահեցաւ:

ՇԱՏԵՐ Բան մըն ալ չպատահեցա՞ւ:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Բան մըն ալ չպատահեցաւ:

ՍՐԲԱԶԱՆ Ուրիշը ուրեմն պէտք է ներկայանայ տիկնոջ:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Ես չէ՛:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Ո՛չ ալ ես:

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Ինձմէ հեռու:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Էրզելեան, դուն փորձ մը չես ըներ կոր:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Չեմ համարձակիր:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Այդքան կը վախնա՞ս կոր կնիկէն:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Չեմ համարձակիր փորձ մը ընել մեծերուն ներկայութեան:

ՍՐԲԱԶԱՆ Դուն ալ մեծերուն մէջ էիր, քաղաքականի փոխատենապետ, այսինքն՝ կէս աստիճան մըն ալ եւ պիտի ըլլայիր ատենապետ, բայց ձգեցիր, գացիր:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Ե՛ս ո՞ւր գացի, Սրբազան:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Գլուխնիդ կը ցաւցնէի կոր:

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Գլուխը ցաւողը սուրճ մը կ’առնէ, կ’անցնի:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Համո՞վ էր սուրճդ, Պայլիկեան:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ամէն ժողովի նոյն բանը կը կրկնէի կոր:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Ի՞նչ կ’ըլլայ եղեր նոյն բանը կրկնելով: Ամէն ժողովի անպայման նո՞ր բան մը պէտք է ըսենք:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Նոյն բանը կը կրկնէի կոր, որովհետեւ ամէն ժողովի առնուած որոշումը միւս ժողովին կը մոռցուէր կոր:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Ի՞նչ կ’ըլլայ այսինքն: Ուղեղնիս հաշուիչ մեքենա՞յ է: Մոռցանք, լաւ, մոռցանք: Հետեւաբար, հարցը կրկին քննեցինք, եւ կրկին որոշում առինք: Մահ չպատահեցաւ:

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Ազգը չտուժեց:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ինչպէ՞ս կը մոռնաք, երբ որոշումը ատենագրութեան մէջ կ’արձանագրուի:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Ատենագրութեան մէջ կ’արձանագրուի, բայց մեր մտքին մէջ չ’արձանագրուիր:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ժողովին սկիզբը նախորդ ժողովի ատենագրութիւնը կը կարդացուի:

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Ո՞վ ականջ կը կախէ ատենագրութեան ընթերցման:

ՍՐԲԱԶԱՆ Ինչո՞ւ ալ մեր ժողովները նախորդ ժողովի ատենագրութեան ընթերցումովը կը սկսին, չեմ գիտեր: Ատենագրութիւնները մեզի համար չեն: Ատենագրութիւնները ապագայ սերունդին համար են: Որպէսզի ճշմարիտ պատկերացում մը ունենայ ապագայի հայը մեր լուրջ եւ ազգանուէր գործունէութեան մասին: Եւ արդէն նշմարած ըլլալու էք, որ ժողովի չեմ նստիր մինչեւ որ ատենագրութիւնը չկարդացուի:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Ատենագրութիւնը մեռած տառ է, բարեկամ: Կարեւորը մեր շինիչ վիճաբանութիւններն են եւ մեր արդար գոհունակութիւնը, երբ ազգօգուտ որոշումներու կը յանգինք: Յետոյ որոշումները կը մոռնանք եղեր: Որո՞ւ հոգ: Մարդ լուր ունեցա՞ծ էր որ անոնց մասին:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Որոշումը մոռցած կ’ըլլաք եւ երկու ժամ լուրջ ու ազգօգուտ վիճաբանութեամբ լոլիկի գինը, փողոցներու խճողումը, հեռատեսիլի յայտագիրները, տաքն ու պաղը, կնիկներն ու զաւակները իրարու խառնելէ ետք, նախկին որոշման հակառակ որոշումի մը կը յանգիք, որով ես ալ կը ստիպուիմ նախորդ ժողովին տուած բացատրութիւններս ու փաստարկումներս կրկնել, որպէսզի առնենք ճիշդ որոշումը, որ նախորդ ժողովին որոշումն էր:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Ժողովը ուրեմն քու կարծիքդ կ’առնէր ու կը վաւերացնէր, ի՞նչ կ’ուզէիր աւելի:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Բան մը գործադրուած չունէր սակայն:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Գործադրութեան մասին խօսք մի՛ ըներ: Շնորհակալ եղիր, որ սիրտդ չկտրելու համար ժողով ժողովի ետեւէ միշտ քու կարծիքդ է, որ կ’որդեգրէինք: Նոյնիսկ Սրբազանը մէկ-երկու ձեւական առարկութիւն կ’ընէր եւ ապա ծխախոտ մը կը վառէր, կը լռէր, կամ ալ կը ձգէր կ’երթար:

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Չէ, դժգոհելու որեւէ պատճառ չունիս:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Ձգեցիր գացիր, ի՞նչ պատահեցաւ:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Հիմա նոյն որոշումը առնելու տեղ տարբեր որոշումներ կ’առնենք կոր: Աշխարհը չփլաւ:

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Գաղութը իրար չանցաւ:

ՍՐԲԱԶԱՆ Ամէն ինչ, ինչպէս միշտ, խաղաղ է:

ՍՐԲԱԶԱՆ Մենք խաղաղասէր ենք:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Այո, անուշի կը կապենք: Քանի մը բողոքագիրներ ալ կու գան, կամ դժգոհութիւն արտայայտող նամակներ, պահանջքներ: Այդ ամէնը Սրբազանը մէկ կողմ կը դնէ, ժողովին ներկայացնելու տեղ մեր դիւանապետին կու տայ, որ արդէն, ինչպէս գիտէք, հայերէն կարդալ չի գիտեր եւ այդ գրութիւնները կը բանայ, իր գրասեղանի դարակներուն մէջ կը փռէ…

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Կամ ալ կը ծալէ եւ ոտքի մը տակ կը դնէ, գրասեղանը հաւասարակշռելու համար…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Կամ ալ կը ջանայ, գիրերը ջոկելով, քանի մը հատը սխալ-մխալ արտասանել եւ համոզել ինքզինքը, որ կը յառաջդիմէ կոր հայերէնի մէջ:

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Այո, խաղաղասէր ենք…

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Եւ ինչպէ՞ս չըլլանք, երբ Սրբազանը պատարագին վերջաւորութեան կ’ըսէ՝ երթայք խաղաղութեամբ: Պէ՛տք է խաղաղ ըլլանք:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Ներողութիւն, բայց այդ մէկ կէտին մէջ կը սխալիք: Սրբազանը երթայք խաղաղութեամբ, կ’ըսէ, որ դուրս ելլալու ատեն չաճապարենք եւ աղմուկ չհանենք:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ես ալ քաղաքական գործադիր ժողովը ձգեցի գացի, որպէսզի դուք ալ աւելի խաղաղիք:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Հա, խաղաղօրէն մեկնեցաւ, որովհետեւ խաղաղօրէն ալ Բարեկորզականի ատենապետ կրցաւ ըլլալ, երկա՜ր տարիներ խաղաղասիրաբար համբերելէ ետք:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Հա, Մէկալեանը ալ վերջապէս համաձայնեցաւ հրաժարիլ:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Այո, բոլորովին ցնդելէ ետք:

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Վերջին երեք տարիներուն ցնդած էր արդէն:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Հա, Բարեկորզականի ատենապետը ինկաւ աթոռէն, տեղը առիր: Բայց տեսար մեր քաղաքականի ատենապետը իյնալիք չունի, ձգեցիր գացիր: Յետոյ ալ կ’ելլես, որոշումներու մասին կը խօսիս, ժողովը այդպէս ըլլալու-չըլլալու դասեր կու տաս:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Բայց մենք քեզ չմոռցանք, դրինք այս կարեւոր պատուիրակութեան մէջ:

ՍՐԲԱԶԱՆ Այո, որպէսզի եթէ ըսելիք մը ունենաս, մեզի ըսես, մենք ալ համոզուինք:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Համեղ ճաշ մը ըլլայ, եւ քեզ չհրաւիրե՞նք: Իրաւունք կ’ունենաս՝ կոկորդնիդ մնայ ըսելու:

ՍՐԲԱԶԱՆ Եղբայր ենք մենք: Մի՛ անտեսեր ձե՛ր իսկ նշանաբանը:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Դուք Բարեկորզականին մէջ Սրբազան չունիք:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ (կատակով) Բախտաւոր էք:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ (լուրջ) Ոչ, անբախտ էք:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Սրբազանին կարծիքը առնենք:

ՍՐԲԱԶԱՆ Ես անհրաժեշտ նեղութիւն մըն եմ: Մենք այս օրհնեալ երկրի պետութեան յաջս… ըսել կ’ուզեմ՝ յաջս այս օրհնեալ երկրի պետութեան՝ միլլէթ ենք, կրօնական համայնք ենք, օրթոտոքս հայ, առաքելական հայ եկեղեցւոյ զաւակներ, եւ ես ալ գլուխն եմ…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Այո, գլուխնիս կը ցաւի կոր, ճիշդ է որ անհրաժեշտ նեղութիւն մըն է…

ՍՐԲԱԶԱՆ Չէք սիրեր գլուխը, կը զարնէք գլխուն, տգեղ է, կ’ըսէք… ազատում չկայ: Քանզի ինչպէս առանց գլխու մարմին չկայ, առանց Սրբազանին ալ համայնք չկայ:

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Բանի մը հասած չունինք: Էրզելեան, մեծ, ըսիր, մեծերուն ներկայութեան չեմ համարձակիր, ըսիր: Դուն ինչպէս որ ցնդած Մէկալեանին համոզեցիր հրաժարիլ ատենապետութենէն, սա ցնդած կնիկին ալ համոզէ հրաժարիլ իր ապարանքէն, դուն ցնդածներու հետ փորձառութիւն ունիս:

ԲԻՒԶԱՆԴ (ներս մտնելով կեդրոնէն) Ա՛լ կը բաւէ, ալ կը բաւէ, ես ամէն ինչ կը լսեմ կոր, հասկցա՞ք, սկիզբէն…

ՍՐԲԱԶԱՆ Ո՞վ էք դուք…

ԲԻՒԶԱՆԴ Ե՞ս, ե՞ս ով եմ:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Այո, դուք, դուք ո՞վ էք:

ԲԻՒԶԱՆԴ Ես Բիւզանդ Շահրոզեանն եմ, տիկին Փառանձեմ Պորտէվարեանի եղբօրորդին, իր ժառանգորդը, այս ապարանքին ապագայ տէրը, դուք, դուք, դուք ո՞վ էք որ աներես-աներես կալուածներուս կ’ուզէք տիրանալ: Դուրս, դուրս, դուրս:

ՇԱՏԵՐ Խնդրեմ, մի՛ հրէք: Չանցնինք քաղաքավարութեան սահմանները: Ոտնակոխ մի՛ ընէք մեր պատիւը: Մենք գաղութի հանգամանաւոր անձերն ենք:

ԲԻՒԶԱՆԴ Վրա՛ս գրէ, գողեր, աւազակներ:

ՇԱՏԵՐ Նախատեց մեզ, նախատեց մեզ: Լսեցի՞ր, Սրբազան, բան մը ըսէ: Պատիւնիս մէկ փարայի ելաւ:

ԲԻՒԶԱՆԴ Դուրս ելէ՜ք, դուրս ելէ՜ք:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ (ներս մտնելով ձախէն) Ի՞նչ կայ, ի՞նչ կը պատահի կոր:

Լռութիւն կը տիրէ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Բիւզանդ, ի՞նչ կ’ընես կոր դուն հոս:

ԲԻՒԶԱՆԴ Հօրաքոյր, կը փորձեն կոր գողնալ քեզ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Քեզի չի՛ խառնուիր: Երեսդ չտեսնեմ:

ԲԻՒԶԱՆԴ ատելութեան նայուածքներ նետելով դուրս կ’ելլէ կեդրոնէն:
ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ դէպի Փառանձեմ կը հրեն ԷՐԶԵԼԵԱՆը, եւ իրենք գլխու շարժումներով, խոնարհումներով կ’ելլեն դուրս աջէն:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հո՛ս եկուր նայիմ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Բարեւ, տիկին Փառանձեմ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ո՞ր մէկն ես դուն:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Պարծանք Էրզելեան, Բարեկորզականի ատենապետ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Պարծանք Էրզելեան, հա՞: Էրզելեաններու ընտանիքէ՞ն ես:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Այո, մինչեւ չորրորդ սերունդ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ի՞նչ կ’աշխատիս:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Բարեկորզականի ատենապետ… ը՜, այսինքն՝ վաճառատուն ունիմ, կերպասեղէնի, հօրմէս ժառանգած եմ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Պաղ երեւոյթ ունիս դուն, Պարծանք: Մարդ ըսած չէ՞ քեզի որ պաղ երեւոյթ ունիս:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Կինս կ’ըսէ միշտ, որ պաղ եմ: Բայց մարդ պէտք է պաղ ըլլայ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Կնոջդ հե՞տ ալ պաղ ես ուրեմն:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Մարդ կրնա՞յ իր կնոջը հետ պաղ չըլլալ, տիկին Փառանձեմ… կատակ կ’ընեմ կոր:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Կատակներդ ալ պաղ են: Տափակ մարդ մըն ես դուն:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Այո, արդուկուած մարդ եմ, ամէն ինչս արդուկուած է:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Բացի յետոյքէդ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ներողութի՞ւն… ներողութիւն…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ներողութի՞ւն կը խնդրես կոր մեծ յետոյք ունենալուդ համար, մեծ նստուկ ունենալուդ համար…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Կը յուսամ մեծ նստուկովս ձեզի անհանգիստ չեմ ըներ կոր…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Բնաւ երբեք, բնաւ երբեք: Ընդհակառակը…: Պարծանք, քիչ մը տաքնալու միտք չունի՞ս բնաւ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ինչպէ՞ս թէ… պատրաստ եմ տաքնալու ձեր ցուցմունքով…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Իմ ցուցմունքով, հա… պատրա՞ստ ես…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ (վարանոտ) Այո, այո, պայմանաւ որ… բարոյականի դէմ չըլլայ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ (ծաղրական) Բարոյական, հա՞…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ (իրար անցած) Այսինքն… ուրիշ մարդ չտեսնէ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Չտեսնէ՜, հա՞: Պատրաստ ես տաքնալու, որպէսզի ես ալ ապարանքս քեզի կտակեմ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Տիկին Փառանձեմ, կը ներէք, բայց ես նեղ նպատակներով առաջնորդուած չէ որ եկայ այստեղ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Պատուիրակութեան անդամ չե՞ս:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Կանչեցին, եկայ: Կանչեցին, որպէսզի իմ ներկայութիւնս աչքի փոշի ըլլայ ժողովուրդի աչքին: Ամէն մարդ գիտէ իմ պարկեշտութիւնս:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Այո…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Իմ ուղիղ նկարագիրս:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Այո…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Իմ անխարդախ սկզբունքս:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Այո…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ես իմ ազատ կամքովս ձգեցի իրենց քաղաքական ժողովը ուր փոխատենապետի աստիճան ունէի, որովհետեւ չէի կրնար համաձայնիլ իրենց ծուռիկ-մուռիկ գործունէութեան:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Այո, այո, շարունակէ, շարունակէ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Իմ անկաշառ խիղճս չէր արտօներ զիս մասնակից ըլլալու իրենց շահատակութիւններուն:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Բայց նորէն կանչեր են քեզ, որ պատուիրակութեան անդամ ըլլաս:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Այո, ճիշդ ատոր համար: Մարդիկ պիտի ըսեն, չէ՞, ատ դրամը իրենք չիւրացուցին, Էրզելեանը կայ մէջերնին, Էրզելեանը գողութիւն չ’արտօներ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ուրեմն դուն ապարանքը պահանջած չունիս:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Բնաւ երբեք: Ձեր ապարանքն է, ինչո՞ւ եղեր ազգին պիտի կտակէք, ազգը ի՞նչ ըրաւ ձեզի: Եւ յետոյ, ազգին կտակէիք՝ կը հասկնայի, բայց դուք ազգին քանի մը ջոջերուն կտակած պիտի ըլլաք:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ինչե՜ր կ’ըսես կոր:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Այո, չեմ վարանիր մերկացնել զիրենք ձեր առջեւ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Մերկացնել, հա…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Եւ իրենց իսկական նպատակը պարզել…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Զարմանալի՜ բան… հապա ի՞նչ է հարցը:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Տիկին Փառանձեմ, ես Բարեկորզականի ատենապետն եմ, եւ Բարեկորզականը, ինչպէս գիտէք, եօթանասունըչորս տարիներու գործունէութիւն ունի, դուք ալ արդէն վաթսուն տարի է անդամ էք Բարեկորզականին եւ քսաներորդ տարին պարգեւատրուած էք վեթերան անդամի կոչումով…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ես լուր չունէի…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Քառասուներորդ տարին՝ կրկնակի վեթերան անդամի կոչումով…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հոգս անգամ չէ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Եւ վաթսուներորդ տարին եռակի վեթերան անդամի կոչումով, որով թոյլ տուէք տալ ձեզի համապատասխան վկայական եւ ձեր կուրծքը զարդարել այս պանծալի առիթը յաւերժացնող մետայլով: (Ջանալով կրցածին չափ չմօտենալ ՓԱՌԱՆՁԵՄին, կը կատարէ ըսածը): Շա՜տ, շա՜տ, վայլեց: Կտակի մասին խօսք պիտի չընենք: Ի՞նչ բան է եղեր կտակը: Ձեր մա՞հը պիտի փափաքինք որ կտակէն օգտուինք: Ո՜չ: Ձեր ողջութեա՛նն իսկ, եւ հիմա, անյետաձգելիօրէն հիմա, եւ դուք, դուք, եւ ոչ ուրիշներ, կը հաստատէք սնտուկ մը, Փառանձեմ Պորտէվարեան Սնտուկ, որուն նախագահուհին կ’ըլլաք դուք: Թող ըլլայ Բարեկորզականի ծիրէն ներս, դուք իբրեւ եռակի վեթերան անդամուհի կ’որոշէք այս սնտուկը հաստատել: Կառավարութեան ու պատկան իշխանութիւններուն մօտ կ’արձանագրուի Փառանձեմ Պորտէվարեան Սնտուկը, որուն նպատակն է ոչ միայն մեր գաղութին պէտքերը հոգալ, այլեւ այս հիւրընկալ երկրի տեղացի ժողովուրդին ալ օգտակար հանդիսանալ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Տեղացի ժողովուրդի՞ն…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Այո…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Մապրուքայի՞ն այսինքն…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ի՞նչ Մապրուքային…: Մապրուքային դրամ պիտի տանք եւ հե՞տը պիտի նկարուինք… ըսել կ’ուզեմ՝ նկարուի՛ք…: Ո՜չ, մենք պիտի տանք… պիտի տաք… մեծ հիմնարկներու, համալսարաններու, նահանգապետարանին, եւ, կարեւորը, մեծ անձնաւորութիւններու հետ – ընդհանուր տնօրէններ, համալսարանի նախագահներ, նահանգապետներ – պիտի նկար… ուիք… ուիք…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Նկարները, այո, ո՞ւր են նկարները…: Նկարները պիտի փնտռէի, կը մոռցնես կոր ինծի որ կարեւորը նկարները գտնալն է:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Պիտի գտնաք, պիտի գտնաք նկարները: Տիկին Փառանձեմ Պորտէվարեանի Սնտուկ: Հռչակաւոր անձնաւորութիւն մը պիտի դառնաք, տեղական թերթերը պիտի գրեն ձեր մասին:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Տեղակա՞ն…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Օտար թերթերն ալ պիտի գրեն, ձայնասփիւռն ու հեռատեսիլն ալ պիտի անդրադառնան, հարցը անշուշտ երկրի իմաստուն նախագահին ականջը պիտի հասնի, եւ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Նախագահը ո՞վ է…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Նախագահին անունը չեմ համարձակիր տալ, տիկին Փառանձեմ… ծափահարող չկայ աստեղ… եւ, ինչպէս գիտէք, մեր հանդէսներուն եւ նոյնիսկ պատարագներուն ժամանակ, երբ նախագահին անունը կ’արտասանուի՝ ամէն մարդ պէտք է ծափահարէ… նախագահն ալ ձեզ պետութեան բարձրագոյն շքանշանով պիտի պատուէ, ու ձեր կուրծքին պիտի անցընէ Ազգային Փառքի մեծ շքանշանը, որ միայն այլ պետութիւններու թագաւորներուն ու նախագահներուն համար է:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Բարեկորզականի շքանշանէն աւելի՞ լաւ է…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Անշո՜ւշտ, շատ աւելի…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Չեմ ուզեր այն ատեն Բարեկորզականի շքանշանը…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Բայց Բարեկորզականինը զուտ ազգային զգացումներ կը շօշափէ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Կը շօշափէ՜… հա՜… լաւ է, կը շօշափէ՜…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ազգային ջիղը կը շոյէ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Կը շոյէ՜… այո, լաւ է որ կը շոյէ՜…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Խնդրեմ, ուրեմն, այլեւս ձեր կուրծքին անբաժան մէկ մասնիկն է Բարեկորզականի շքանշանը, մի՛ քաշէք հանէք զայն…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Պիտի հանեմ, պիտի հանեմ, ո՞վ ըսաւ զիս Բարեկորզականի անդամ պահես, ես հրաժարականս ներկայացուցած էի…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ձեր հրաժարականը մերժուեցաւ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Անդամավճար չեմ տուած քառասուն տարի է…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Մենք կը վճարենք միշտ: Քաղցր պարտականութիւն էր Բարեկորզականի յաջորդական ատենապետներուն՝ ձեր անդամավճարը հոգալ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ես չեմ ուզեր Փառանձեմ Պորտէվարեան Սնտուկ… Բարեկորզականի ծիրտին մէջ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ոչ ծիրտ, այլ ծիր… ծիրտը թռչնիկի կղկղանքն է…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Բարեկորզականի ծիրտի՛ն մէջ: Բայց պիտի հիմնեմ Փառանձեմ Պորտէվարեան Սնտուկը: Հա, լաւ գաղափար է, եւ թող նախագահը գայ ու նկարուի հետս…: Նկարնե՜րս, նկարնե՜րս…:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ դուրս կ’ելլէ ձախէն:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ շուրջը կը նայի, ԲԻՒԶԱՆԴը կը տեսնէ, ձեռքով նշան կ’ընէ, որ մօտենայ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Պարոն Շահրոզեան, մեր շահերը զիրար չեն խաչաձեւեր…

ԲԻՒԶԱՆԴ Հօրաքրոջս հարստութեան չպիտի տիրանաք դուք:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ընդհակառակը, մենք պիտի շահինք, եթէ գործակցինք իրարու հետ:

ԲԻՒԶԱՆԴ Հարստութիւնը ինծի կը պատկանի:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Արդէն նուիրա՞ծ է ձեզի…

ԲԻՒԶԱՆԴ Ոչ, բայց պիտի ժառանգեմ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ի՞նչ պիտի ժառանգես…

ԲԻՒԶԱՆԴ Ամէն ինչ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ո՛չինչ: Ոչինչ պիտի մնայ իր հարստութենէն, որպէսզի դուն ալ ժառանգես, քանի որ տիկինը միտք ունի հաստատել Փառանձեմ Պորտէվարեան Սնտուկ…

ԲԻՒԶԱՆԴ Սնտուկ, ի՞նչ սնտուկ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Բարեսիրական մեծ հաստատութիւն մը, որուն հիմնադրուհին եւ նախագահուհին պիտի ըլլայ ինք…

ԲԻՒԶԱՆԴ Հօրաքոյրս ասանկ գաղափար մը չունէր, ո՞վ այդ գաղափարը դրաւ իր մտքին մէջ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Մէկը…: Հարցը այն չէ թէ ո՞վ դրաւ, հարցը այն է թէ դրուեցաւ…

ԲԻՒԶԱՆԴ Ըսէ, ըսէ ո՞վ է…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ինչո՞ւ, ի՞նչ պիտի ընես իրեն…

ԲԻՒԶԱՆԴ Ի՞նչ պիտի ընեմ, պիտի խեղդեմ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Եւ կը սպասես որ ես ալ նման ազգասէր ու ազգանուէր անձնաւորութեան մը մահուան անուղղակի պատասխանատո՞ւն դառնամ…

ԲԻՒԶԱՆԴ Ազգասէր հա՞, ազգանուէր հա՞…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Այո, եւ մեր գաղութի մտաւորական դասին ամենափայլուն ներկայացուցիչներէն մին…

ԲԻՒԶԱՆԴ Մտաւորական հա՞…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Անկողմնակալ ունկնդիր մը, մարդ մը որ միայն փաստերով կը խօսի, եւ որուն եզրայանգումները կարելի չէ այլեւս վիճարկել…

ԲԻՒԶԱՆԴ Եւ պատուիրակութեան անդամներէն մի՞ն է այս ամէն բարեմասնութիւններով օժտուած անձը:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Անշուշտ, ուրիշ մարդ չմտաւ այստեղ…

ԲԻՒԶԱՆԴ Այսքան շատ բարեմասնութիւններով ա՞նձ մը կայ ուրեմն մեր մէջ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Կայ, եւ ես ճշմարտութիւնը չեմ կրնար ծածկել:

ԲԻՒԶԱՆԴ Որովհետեւ ճշմարտախօս ես… եւ անկողմնակալ ըլլալուդ, գովասանքի արժանի մարդը կը գովես…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Շատ ճիշդ…

ԲԻՒԶԱՆԴ Որովհետեւ այդ կերպով ազգօգուտ գործ մը կատարած կ’ըլլաս…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Բացարձակապէս ճիշդ…

ԲԻՒԶԱՆԴ Որով ձե՜ր ազգանուէր անձնաւորութիւն մը ըլլալը ապացոյցի չի կարօտիր…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Համեստութիւնս մի՛ վիրաւորէք…

ԲԻՒԶԱՆԴ (ԷՐԶԵԼԵԱՆի վիզէն բռնելով) Պիտի վիրաւորեմ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ի՞նչ կայ, ձգէ՛ վիզս, պիտի խեղդուիմ…

ԲԻՒԶԱՆԴ Դուն ես հօրաքրոջս ցնդած ուղեղին մէջ իր անունով սնտուկ մը հիմնելու գաղափարը դնողը…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Կը խեղդուիմ, օգնութիւն, կը խեղդուիմ…

ԲԻՒԶԱՆԴ Խոստովանէ, որ ադամաթուզդ չփրցնեմ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Գաղափարը արդէն դրուած է… մահս ոչինչ պիտի փոխէ իրողութենէն… մինչ… եթէ ապրիմ… մեր երկուքին ի նպաստ լուծում մը կրնանք գտնել…

ԲԻՒԶԱՆԴ Ինչպէ՞ս… ըսէ՛, ինչպէ՞ս…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ձգէ՛, որ կարենամ խօսիլ… որ ուղեղս բաւականաչափ թթուածին ստանայ… որ շունչ մը քաշեմ… ու կարենամ խօսիլ…

ԲԻՒԶԱՆԴ Խօսէ՛ նայինք, պարոն ստախօս:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Մենք կը գովենք տիկինը՝ նման հրաշալի գաղափար մը ունենալուն համար:

ԲԻՒԶԱՆԴ Կեղծաւորութիւն կ’ընենք, այսինքն, պարոն կեղծաւոր:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Կ’ըսենք թէ իսկոյն պիտի հաստատէ սնտուկը, կը շողոքորթենք զինք, կը լոլոզենք, կը լզուըռտենք, վստահութիւնը կը շահինք, գործակատարները կը դառնանք սնտուկին, եւ այսպէս հարստութիւնը կը հոսի մեր ուզած ուղղութեամբ:

ԲԻՒԶԱՆԴ Ազգի՞ն ուղղութեամբ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ոչ անշուշտ:

ԲԻՒԶԱՆԴ Ազգատեա՛ց քեզի:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Մե՛ր ուղղութեամբ:

ԲԻՒԶԱՆԴ Ազգավնաս գործունէութիւն:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Այդ հարստութեան արժանի ժառանգորդը դուն ես, բայց ի՞նչ ընենք, որ տիկինը իր սնտուկը պիտի հիմնէ Բարեկորզականի ծիրին մէջ:

ԲԻՒԶԱՆԴ Ուրեմն ինծի բան մը պիտի չգայ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Պիտի գայ, պիտի գայ: Առ, լեցուր այս թղթիկը: Բարեկորզականի անդամագրութեան թղթիկն է: Անդամ կ’ըլլաս, յաջորդ ընդհանուր ժողովին անունդ կը ներկայացես ու կ’ընտրուիս փոխատենապետ:

ԲԻՒԶԱՆԴ Ատենապետ ո՞վ պիտի ընտրուի:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ես… բայց տարիներ է արգիլած եմ փոխատենապետի ընտրութիւնը, որպէսզի գլխու ցաւ չըլլայ: Հիմա քեզ պիտի ներկայացնեմ, որպէս փոխատենապետի դիրքին արժանի թեկնածուն… եւ երկուքով կը տնօրինենք ամէն ինչ ու կը կիսենք թողօնը…:

ԲԻՒԶԱՆԴ Վայ շունշանորդի:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Բայց նախ պէտք է իր աչքը մտնանք:

ԲԻՒԶԱՆԴ Ինչպէ՞ս պիտի իր աչքը մտնանք, երբ իր աչքէն ինկած ենք:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Պէտք է իրեն ծառայութիւն մը մատուցենք:

ԲԻՒԶԱՆԴ Բանի մը պէտք չունի եւ ամէն բան կը մերժէ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Դուն այս տան աւելի ծանօթ ես:

ԲԻՒԶԱՆԴ Աղտոտ տուն… շատ անգամ ստիպուած եմ քիթս բռնել:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ի՞նչ են ատ հօրաքրոջդ փնտռած նկարները:

ԲԻՒԶԱՆԴ Գաղափար չունիմ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ատ նկարները գտնանք:

ԲԻՒԶԱՆԴ Գոյութիւն ունենալնուն ալ վստահ չեմ: Կինը ցնդած է:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Միակ յոյսերնիս է: Նկարները գտա՞նք՝ սիրտը կը մտնանք:

ԲԻՒԶԱՆԴ Կռնծած է սիրտը:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Գտանք կ’ըսենք եւ համաձայնութեան մը կու գանք հետը:

ԲԻՒԶԱՆԴ Երազներով կ’օրօրուիս կոր:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Այո, թերեւս, այո, վստահաբար: Օգուտ չկայ: Հարստութիւնդ չիպտի՞ տաս: Ես ալ գահիդ վրայ պիտի նստիմ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ կ’երթայ կը բազմի սնտուկին վրայ:

ԲԻՒԶԱՆԴ Ի՞նչ կ’ընես կոր, մարդ իրաւունք չունի տիկին Փառանձեմի գահին վրայ նստելու:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Նստա՜յ: Աս գահը կը ճռճռայ կոր, ներողութիւն, յետոյքիս տակ:

ԲԻՒԶԱՆԴ Գահ չէ, սնտուկ է:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Սնտուկ է՜: Մէջը ի՞նչ կայ:

ԲԻՒԶԱՆԴ Հօրաքոյրս Մապրուքան հոն կը բանտարկէ երբեմն:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ ոտքի կ’ելլէ, սնտուկը կը բանայ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Պարապ է մէջը, ի՞նչ է: (Գլուխը ներս կը դնէ եւ մինչեւ մէջքը կը կախուի սնտուկին մէջ)։ Աղտոտ, հոտած լաթեր, Մապրուքային ոտքերուն… (վեր քաշելով ինքզինքը) շունչ չեմ կրնար կոր առնել, բայց (կրկին ներս դնելով գլուխը մինչեւ խորը սնտուկին) գարշելի լաթերուն տակը բաներ մը կան: Բաներ մը կա՜ն: (Ձեռքը կը յայտնուի, լուսանկարներ բռնած):

ԲԻՒԶԱՆԴ (խլելով) Լուսանկարնե՜րը:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ (սնտուկին մէջէն) Լուսանկարնե՞րը: Ուրիշ բաներ ալ կան: Ի՞նչ են ասոնք:

ԲԻՒԶԱՆԴ (դէմքին վրայ գոհունակութեան ժպիտ մը ծաւալած է. արագ-արագ կը դիտէ լուսանկարները, վավաշոտ ահ-եր քաշելով) Ուրի՞շ կայ, ուրի՞շ կայ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ (շարժանկարի ժապաւէններ հանելով դուրս եւ ինքն ալ դուրս քաշելով ինքզինքը) Ի՞նչ են աս ֆիլմերը:

ԲԻՒԶԱՆԴ Դուն աս լուսանկարները դիտէ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ (աս դիտելով, ատ դիտելով, գայթակղած) Աներեւակայելի՜:

ԲԻՒԶԱՆԴ Կարմրեցա՜ր: Սեւ ու ճերմակ նկարներէն կարմրեցար: (Ժապաւէն մը առնելով եւ բռնելով աչքին առջեւ) Արաբական ֆիլմ մըն է: Այն ատեն սովորութիւն կար, հարուստներու մօտ, ֆիլմերը վարձել եւ տունը դիտել, փոխանակ շարժանկարի սրահը երթալու: Ես ուսումնասիրած եմ այդ ժամանակները: Այո, պորտապարուհիի զգեստ հագած է: Բայց այս օրհնեալ երկրի պորտապարուհիներէն չէ: Ո՞ր մէկ շարժանկարն է ասիկա: Պաշտօնական ցուցակին մէջ ընդգրկուա՞ծ է արդեօք: Կորսուա՞ծ շարժանկար մըն է, թէ գաղտնօրէն արտադրուած է: Այս գիւտով մեր ներդրումը կատարած պիտի ըլլանք երկրի շարժանկարային պատմութեան մէջ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Հեռատեսիլէն տեսած մեր հին ֆիլմերէն չէ՞ ասիկա:

ԲԻՒԶԱՆԴ Չէ, կարծեմ չէ, կարծեմ չէ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Տուր նայիմ… պորտապարուհին… զգեստները… մէկ-մէկ կը հանէ կոր…

ԲԻՒԶԱՆԴ Զգոյշ, ֆիլմը չփճացնես…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Պորտապարուհի… ներ… բոլորն ալ բոլորովին մերկ են: Ետեւը կանգնած թմբկահարն ալ բոլորովին մերկ է: Եւ միայն ինքը չէ որ կանգնած է, իր… հպարտութիւնն ալ կանգնած է: Ամէն բանէ աւելի մենք պէտք ունինք հպարտութեան, ինչպէս կ’ըսէ Փոթփոթեանը: Վայ տիկին Փառանձեմ վայ: Ասոնք ըլլալու են լուսանկարները, դեռ վրան ալ ֆիլմերը, որոնք երեսուն տարի է կը փնտռէ կոր ինք, չ’անդրադառնար կոր որ… ոռի՛ն տակն են:

ԲԻՒԶԱՆԴ Լաւ, յետո՞յ: Գտանք ըսելով՝ իր հարստութիւնը մեզի՞ պիտի վստահի:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Անշո՜ւշտ: Կ’ամչցնենք զինք, կը սպառնանք խայտառակել՝ հրապարակելով թէ ի՞նչ բաներ կը սիրէ դիտել ինք: Նայէ, արդէն գործի կ’անցնին պարուհիներն ու թմբկահարները, կաքաւուհիներն ու ջութակահարները…

ԲԻՒԶԱՆԴ Խայտառակ-մայտառակ չ’ըլլար ան, ծերացած, ծթռած կնիկ է, հոգը չէ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Բայց նայէ… այս շարժանկարը կարծես թէ հոս քաշուած է, այո, այս ապարանքին մէջ: Ետեւը կրակարան մը կայ, պատին վրայ, կարծես, նոյն գծագրութիւնները: Չէ՞ որ ամուսինը սիրող նկարահան մըն էր: Լուսանկարներն ալ հոս քաշուած են:

ԲԻՒԶԱՆԴ Հօրաքոյրս ալ քովը կեցած կը դիտէ՞ր կոր ուրեմն:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ինչո՞ւ քովը կեցած:

ԲԻՒԶԱՆԴ Գաղտնօրէն նկարահանած է ամուսինը, ուրեմն, եւ օր մը տիկին Փառանձեմ յայտնաբերելով իրողութիւնը դարձած է շարժանկարին մնայուն դիտորդը:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ոչ, բարեկամ, ոչ… հօրաքոյրդ քովը չէր կեցած… որովհետեւ հօրաքոյրդ այս երկու աղջիկներէն, աղիճներէ՜ն մի՛ն է: Նայէ, նոյն խալն է շրթունքին ծայրը, եւ իր հսկայական անդամը իր մէջը դրած թխամորթն ալ թերեւս իրենց դռնապանը…

ԲԻՒԶԱՆԴ Կամ խոհարարը…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Կամ պարտիզպանը…

ԲԻՒԶԱՆԴ Կամ նման շարժանկարներու այդ ժամանակի մեծահռչակ ու մեծագործ հերոսներէն մին:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Հիմա իսկապէս կրնանք խայտառակել զինք: Տիկին Փառանձեմ Պորտէվարեանի Սնտուկ, որուն մէջէն կը գտնուին նոյնինքն տիկնոջ դերակատարութեամբ պոռնկագրական շարժանկարներ: Ի՜նչ յայտնաբերում, մերն է շարժանկարը, ուրեմն մերն է սնտուկը: Հիմա քիթէն բռնեցինք:

ԲԻՒԶԱՆԴ Նայէ, նայէ՜, որտեղէն կը բռնէ՜:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Հիմա ինչպէ՞ս ոչ պիտի ըսես, տիկին Փառանձեմ:

ԲԻՒԶԱՆԴ Ո՞չ, ո՞չ, եւ ինչո՞ւ ոչ ըսէ… այո՛, այո՜, կը պոռայ կոր, վստահ եմ, հակառակ որ մունջ շարժանկար է:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Հը՜, պիտի մերժե՞ս հիմա ապարանքդ կտակել Բարեկորզականին:

ԲԻՒԶԱՆԴ Ահ, ապարանքը, այո, նայեցէք, կ’իջնէ կոր հօրաքոյրս աստիճաններէն: Իսկապէս հրաշալի վայր է այս ապարանքը նման շարժանկարներու համար, ինչպէ՞ս չէի անդրադարձած: Ուրիշ շարժանկարներ ալ կան, կարելի է, գանձ մը կայ թերեւս նման շարժանկարներո՜ւ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Մի՛ վախնար, կրկին սնտուկը քու անունովդ պիտի ըլլայ՝ Փառանձեմ Պորտէվարեանի Սնտուկ…

ԲԻՒԶԱՆԴ Աստուած իմ, կարծեմ նոյն այս սնտուկն է օգտագործուածը: Իրարու ետեւէ մերկ աղջիկներ դուրս կ’ելլան կոր…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Պիտի չընդունի՞ս… մենք շարժանկարը գտած ենք…

ԲԻՒԶԱՆԴ Այս շարժանկարը, վստահ եմ, իր շեշտ ու շուշտ ոճով մեծ յաջողութիւն կրնայ ունենալ լոյսի քաղաք Փարիզի մէջ: Մեծ գնահատանքի կ’արժանանայ անկասկած: Կը դառնայ գրողներու եւ իմաստասէրներու փաղաքշանքի առարկան:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Այս ապարանքը անշուշտ պիտի փլցուի…

ԲԻՒԶԱՆԴ Այս ապարանքը պիտի հանդիսանայ սրբավայր մը: Աշխարհի չորս ծագերէն ուխտի պիտի գան հոս կտղուցքի երկրպագուները:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Մեր նպատակը այս հողամասը սոսկ իբրեւ տարածութիւն ծախել է…

ԲԻՒԶԱՆԴ Այո, եւ բացօթեայ ալ կրնանք ունենալ, շուրջի գեղածիծաղ պարտէզներուն մէջ, ուր ծառերէն պտուղներու փոխան կարմիր լապտերներ կը կախուին: Խրախճանք ու գինարբուք, ախորժաբեր պատրաստութիւն orgie-ներու զեղխ ու յայրատ կտղուցքներուն…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Սնտուկը կը հաստատես Բարեկորզականի ծիրէն ներս, վերջնականապէս կ’ընես զիս գործակատարը, որպէսզի համաձայնիմ այրել փճացնել շարժանկարը…

ԲԻՒԶԱՆԴ Եւ անշուշտ նոր շարժանկարներ, նոյն ապարանքին ու նոյն պարտէզներուն մէջ, գունաւոր ու ձայնասուն: Բայց դասականն ու ժամանակազանցը պիտի մնայ այս շարժանկարը: Ի՞նչ է արդեօք անունը: Ա՜հ, նայէ՛ ինչպէս մերկ նստուկը կ’իջնէ սնտուկին վրայ, կ’ընդլայնի, սպիտակ նստուկը սեւ սնտուկին վրայ: Թող ըլլայ անունը՝ Նստուկը Սնտուկին Վրայ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ (հաւնելով) Նստուկը Սնտուկին Վրայ, Նստուկը Սնտուկին Վրայ…

ԲԻՒԶԱՆԴ Նստուկը Սնտուկին Վրայ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ուրեմն, առայժմ հողը կը բաժնենք երկուքի: Ապարանքը քուկդ կը մնայ, ընդհանուր տարածութեան մէկ-երրորդով: Միւս երկու-երրորդը արդէն կը ծախենք եւ անվերադառնալիօրէն կը հաստատուի սնտուկը՝ Փառանձեմ Պորտէվարեան Սնտուկ:

ԲԻՒԶԱՆԴ Տիկին Փառանձեմի նստուկը սնտուկին վրայ: Չէ, Նստուկը Սնտուկին Վրայ՝ աւելի վերացական է, անձնականի չդպնանք, մարդոց պատիւը չվարկաբեկենք:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Այդ երկու-երրորդը մենք կը ծախենք մեթրը տասնըհինգ հազարի – նուազագո՛յնը տասնըհինգ հազարի – եւ կ’ունենաք տասնըեօթ միլիոն ոսկի…

ԲԻՒԶԱՆԴ Ոչ, ոչ, ինչ հեշտալի է…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Որ մեզի տարեկան հանգիստ կու տայ մէկ միլիոն եօթը հարիւր հազարի տոկոս մը…

ԲԻՒԶԱՆԴ Ահ, ա՜հ, ֆրանսացիները դաս պիտի առնեն այս շարժանկարէն, ֆրանսուհիները պիտի խոստովանին, թէ անցած չեն աշկերտուհիի աստիճանէն… եւ թէ վարպետուհին է, տիրուհի՛ն, Փառանձեմը…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Հինգ հարիւր հազարը կը ծախսենք, մէկ միլիոն երկու հարիւր հազարը կը բարդենք դրամագլուխին վրայ…

ԲԻՒԶԱՆԴ Պարապ չէ, ուրեմն, որ ուսումնասիրեր եմ պոռնկագրական գրականութիւն: Հիմա ժամանակն է իմ մեծ ներդրումիս: Ենթադրեալ հոլովոյթը հիմնապէս եւ ամբողջապէս պիտի վերանայուի…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Հինգ հարիւր հազար ոսկիի տարեկան ներդրում այս խղճալի գաղութին համար շատ է ու աւելորդ… չորս հարիւր հազարը կը բաւէ…

ԲԻՒԶԱՆԴ Եւ ուրեմն գիտաժողով մը L’Académie française-ին մէջ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Չէ, երեք հարիւր հազարը իր դերը կը կատարէ…

ԲԻՒԶԱՆԴ Շարժանկարի միջազգային անդրանիկ ներկայացումը, իմ մեկնութիւններով…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Երկու հարիւր հազար…

ԲԻՒԶԱՆԴ Դասախօսութիւններու շարք մը, եւ մեծ շրջապտոյտ Ֆրանսայի մէջ ու Ֆրանսայէ դուրս…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Հարիւր հազարէն ոչ մէկ ղրուշ աւելի: Հարիւր հազարով ալ կը դառնամ գաղութին տէրն ու տիրականը…

ԲԻՒԶԱՆԴ Պոռնկագրութեան մեծ փիլիսոփան՝ Բիւզանդ Շահրոզեան…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Փոխատենապետ պիտի ըլլաս դուն…

ԲԻՒԶԱՆԴ Եւ դուն ալ արարողապետը…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ժպիտդ չարաշուք բան մը ունի, աղտոտ ու ծածուկ բան մը…

ԲԻՒԶԱՆԴ Պոռնկագրական այս contexte-ին մէջ որեւէ մեկնութեան պիտի չկարօտի…: Եւ ամբողջովին զգեստաւորուած պիտի ըլլաս դուն, որպէսզի ներկաներուն մտքին մէջ եւ երեւակայութեան որեւէ կերպով չ’առընչուիս չնաշխարհիկ արարածներուն, եւ բերանդ պիտի բանաս, բայց բառ մ’իսկ պիտի չարտասանես:

Բայց ինչպէ՞ս հարցը պարզել իրեն, եղելութիւնը բացատրել, յայտնաբերումը ներկայացնել աստիճանաբար, որպէսզի բիրտ անակնկալը չզգետնէ զինք: Հապա եթէ ջղային նոպայի մը մատնուի, գալարագին իյնայ գետին եւ շունչը փչէ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ (ինքզինքին) Ահ, շատ աչալուրջ պէտք է ըլլամ: Թէ ոչ այս պարոնը կը ժառանգէ եւ ես ալ կը մեռնիմ կսկիծէ՜ս:

ԲԻՒԶԱՆԴ (ինքզինքին) Ահ, ինչպէ՛ս իմ հիացմունքս արտայայտեմ, ինչպէ՛ս արբշռանքս հաղորդեմ նոյնինքն վարպետուհիին, որ հօրաքոյրս է: Ինչպէ՛ս խօսիմ իր արժանիքներուն եւ անզուգական – ո՜չ՝ զուգակա՛ն – արարքներուն մասին, առանց կարմրելու:

Ձախէն կը մտնէ ՓԱՌԱՆՁԵՄ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Չեմ գտնար կոր, չեմ գտնար կոր…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ (պաղ-պաղ) Տիկին Փառանձեմ, դուք լուսանկարներ կը փնտռէք, չէ՞:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Այո, կը փնտռեմ, երեսո՛ւն տարիէ ի վեր կը փնտռեմ…: Եւ մահէս առաջ պէտք է անպայման գտնեմ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Կը գտնէք, պիտի գտնէք մահէն առաջ, մահէն շատ առաջ, դուք մահէն առաջ շատ ընելիքներ ունիք:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Անգամ մը դիտեմ միայն, այնքան կարօտցած եմ, սկիզբէն մինչեւ վերջը, բոլորը, բոլորը, եւ յետոյ մեռնիմ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Տիկին Փառանձեմ, ի՞նչ կայ այդ լուսանկարներուն մէջ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Այդ լուսանկարներուն մէջ կայ իմ երիտասարդութի՜ւնս…

ԲԻՒԶԱՆԴ Ուրիշ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Իմ գեղեցկութի՜ւնս…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ուրիշ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Իմ… ստրուկնե՛րս:

ԲԻՒԶԱՆԴ Ստրուկնե՞րդ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Իմ անճարակ ստրուկները եւ իրենց սպիտակ նստուկները:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Մենք գտանք ձեր փնտռածը: Ոչ միայն լուսանկարները, այլեւ ֆիլմե՜րը:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ո՞ւր, ո՞ւր:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Սնտուկին մէ՜ջ, սնտուկին մէ՜ջ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Տո՜ւր, տո՜ւր:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Շատ գեղեցիկ են, շատ արտայայտիչ: Մի՛ վախնաք, ուրիշ աչքերէ հեռու պիտի պահենք, մինչեւ ձեր Սնտուկին վերջնական վաւերացումը, բայց՝ Բարեկորզականի ծիրէն ներս եւ ատենապետին գործակատարութեամբ: Եւ յետոյ, ես պատուաւոր մարդ եմ, եւ եթէ կ’ուզէք՝ Աւետարանին վրայ կ’երդնում, կամ մօրս գերեզմանին, կամ ինչի վրայ որ կ’ուզէք, ձեր իսկ ներկայութեան պիտի այրենք լուսանկարներն ու ֆիլմերը:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Այրէ՞ք… վանտալնե՛ր, բարբարոսնե՛ր, ոճրագործնե՜ր:

ԲԻՒԶԱՆԴ ահաբեկած կ’ընկրկի. հեռուէն պիտի հետեւի պատահարին: ՓԱՌԱՆՁԵՄ կը յարձակի ԷՐԶԵԼԵԱՆի վրայ, որ ի զուր կը ջանայ ինքզինք ազատել անոր ճիրաններէն:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Պիտի կործանե՞ս շարժանկարը, որուն թէ՛ բեմադրուհին եմ ես, թէ՛ աստղը, որ այս պարապ անցած կեանքին միակ արդարացումն է…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ոչ, քաւ լիցի…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Իմ ծայրագոյն երջանկութիւնը այս լխկած գոյութեան մէջ, իմ ցայտաղբիւրս այս անջրդի անապատին մէջ: Ոչնչացնես այս շարժանկարը…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ինչպէ՞ս համարձակիմ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ …Ուր հանդէս կու գամ անագորոյն եւ անճնշելի տիրապետուհիի իմ հանգամանքով: Ոչնչացնես իմ փառքս…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Դուք սխալ հասկցաք…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Այն որ ես եմ իսկապէս, եւ որուն անյուսօրէն կը տենչամ, եւ առանց որուն ոչինչ եմ, դատապարտուած մոռացման:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Կարծեմ սրտի կաթուածը ե՛ս պիտի ունենամ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Տո՛ւր, տո՛ւր շարժանկարը իսկոյն: Ինչպէ՞ս գտար եւ ինչո՞ւ կը պահես:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Պիտի տամ, պիտի տամ, բայց նախ պէտք է ստորագրէք, որ կը հիմնէք Սնտուկը իմ տնօրէնութեան տակ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Պիտի չստորագրեմ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ուրեմն ցաւ ի սիրտ այս շարժանկարը պիտի դադրի մեր միջեւ գաղտնիք մը ըլլալէ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Եւ ի՞նչ պիտի ընես:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Մեր գաղութին սեփականութիւնը պիտի դարձնեմ ձեր նախկին ամօթալի գործունէութիւնը: Անարգանքի սիւնին պիտի գամուիք:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ուրիշ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ծաղր ու ծանակ պիտի դառնաք, խաղք-խայտառակ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ուրիշ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Յաւիտեանս պիտի արատաւորուի ձեր անունը:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ուրիշ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Մեր առաքելական եկեղեցիին բանադրանքին պիտի արժանանաք:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ուրիշ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ուրի՞շ, ուրի՞շ, ուրի՞շ, չի՞ բաւեր այսքան:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ո՛չ, չի բաւե՜ր:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ի՞նչ կ’ուզէք ուրիշ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Կ’ուզեմ, կ’ուզեմ վերջապէս այս ապարանքին դռները բանալ ու հրաւիրել բոլորը, անխտիր, դաշնակցական-ռամկավար, կուսակցական-անկուսակցական, հաւատացեալ-անհաւատ, ամուսնացած-ամուրի, դիտելու իմ գլուխ-գործոցը: Այո, երիտասարդ կամ ծեր, մանաւանդ ծերերը: Կ’ուզեմ ծերանոցէն բերել ծերերը, մէկ ոտքերնին քաշել գերեզմանէն ու բերել, որ դիտեն: Կամ ե՛ս կ’երթամ իրենց: Իրենք չեն կրնար գալ շարժանկարին, շարժանկարը կ’երթայ իրենց: Շարժանկարի մասնաւոր ներկայացում մը կը կազմակերպենք ծերանոցին մէջ: Կ’ուզեմ տեսնե՜լ ծերերը: Անոնցմէ ոմանք թերեւս ինքզինքնին ճանչնա՜ն, եւ ես ալ զիրենք ճանչնամ: Մանաւանդ մէկը, մէկը, որ պէտք է ողջ ըլլայ, քանի ինձմէ քսան տարու պզտիկ էր: Այո, օրինակներ կը հանէք շարժանկարէն, թող ակումբներուն մէջ ցուցադրուի, թող բոլոր տուներուն մէջ ցուցադրուի, դպրոցներուն մէջ: Թող բոլորը գիտնան, որ սխա՜լ էր, սխա՜լ իրենց կարծիքը տիկին Փառանձեմին մասին: Այս է, ա՜հ, այս է տիկին Փառանձեմը: Տո՛ւր շարժանկարը, թէ ոչ կը խեղդեմ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Հոս է, հոս, առէ՜ք:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հա, առի՜, շարժանկարս, փառքս, արուեստս, իրագործումս, իտէալս, երազս, աստուածութեանս ապացոյցը:

ԲԻՒԶԱՆԴ (ջանալով առիթէն օգտուիլ, բայց ՓԱՌԱՆՁԵՄի զայրոյթը իր վրայ չհրաւիրել) Այո, պիտի փառաւորեմ զքեզ: Ե՛ս կրնամ փառաւորել զքեզ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հա, եկո՛ւր, աշխատցո՛ւր այս գործիքը:

ԲԻՒԶԱՆԴ (ուրախ լծուելով աշխատանքի) Իսկոյն, հօրաքոյր:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ (ներս կանչելով) Մտէ՛ք, մտէ՛ք, շարժանկարը պիտի սկսի՜: Ձեր ներկայացումը աւարտած է եւ իմ շարժանկարը պիտի սկսի: (ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ մէկը միւսին ետեւէն ներս կը մտնեն) Ականատես պիտի ըլլաք հիմա տիկին Փառանձեմի արդարացման, Սրբազան Հայր: Ականատես պիտի ըլլաք հիմա տիկին Փառանձեմի այլայլման, տիար ատենապետ պատկառելի թեմական ժողովի: Ականատես պիտի ըլլաք հիմա մերկ իրականութեան, տիար ատենապետ պատկառելի քաղաքական ժողովի: Ականատես պիտի ըլլաք հիմա հրեղէն կոթողներու եւ հիւթեղ ծորումներու: Ականատես պիտի ըլլաք հիմա ձաղկումներու եւ զսպումներու: Ականատես պիտի ըլլաք հիմա մտրակներու շռնդալի շառաչին փափուկ նստուկներու վրայ:

ԲԻՒԶԱՆԴ կ’աշխատցնէ գործիքը: Թատերախաղի ներկայացման վայրն ու ժամանակը կ’որոշեն, թէ հանդիսատեսները որքա՞ն կրնան տեսնել շարժանկարէն:
ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ապշած կը դիտեն:

ՍՐԲԱԶԱՆ Պատկառելի ժողովներու ատենապետներ, հանգամանաւոր անձեր, ազգային ջոջեր, կը հանդուրժէ՞ք այս խէնէշ տեսարաններուն:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Լաւ նայեցէք դէմքերուն: Ահ, ո՞ւր է, ո՞ւր, այն գեղադէմ երիտասարդը, որուն սպիտակ նստուկը մտրակի երկու հարուածէ ետք վարդագոյն արիւն կը թորէր:

ՍՐԲԱԶԱՆ Անկասկած բոլոր մասնակիցները դժոխքի մէջ են այժմ, եթէ մեռած են, եւ դժոխքն է իրենց destination-ը, եթէ ողջ են եւ պիտի մեռնին:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Սրբազան, տիկին Փառանձեմն է, տիկին Փառանձեմն է:

ՍՐԲԱԶԱՆ Այո, կը հասկնամ, որ տիկին Փառանձեմն է: Բայց խեղճ կինը կորսնցուցեր է իր բանականութիւնը: Եւ եթէ ինք ցոյց կու տայ, մենք պարտաւորուած չենք դիտել:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Ո՛չ, Սրբազան Հայր, ո՛չ, տիկին Փառանձե՛մն է շարժանկարի մէջի… աղջիկը…

ՍՐԲԱԶԱՆ Տիկին… ա՜հ, անկարելի է, ինքը այդպէս կը կարծէ, իր խօսքերուն պատասխանատու կարելի չէ նկատել զինք:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Ի՛նքն է, Սրբազան, նայէ խալը շրթունքին մօտ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ուրիշ նշաններ ալ կան, Սրբազան, ցոյց տա՞մ…

ՍՐԲԱԶԱՆ Ոչ, հարկ չկայ, հարկ չկայ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Դժոխքի մէջ պիտի այրիմ ուրեմն, Սրբազան Հայր:

ՍՐԲԱԶԱՆ Ինչո՞ւ այրիս, աղջիկս: Բարեգութ է Աստուած ու կը ներէ: Աղօթէ ու կը ներէ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ես չեմ ուզեր որ ներէ, Սրբազան:

ՍՐԲԱԶԱՆ Մենք կ’աղօթենք քու փոխարէնդ, աղջիկս: Արդէն կղերականին գործն է աշխարհականին փոխարէն աղօթել: Մենք պիտի աղօթենք քեզի համար:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Մենք ըսելով՝ ո՞վ…

ՍՐԲԱԶԱՆ Ես եւ հոգեւորական դասը:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Այսինքն դուն, քահանայ մը եւ երկու սարկաւագ: Բաւական պիտի ըլլա՞ն ձեր աղօթքները:

ՍՐԲԱԶԱՆ Ես Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կը հեռագրեմ, եւ իր հրահանգով ու սրբազան կոնդակով մեր բովանդակ առաքելական եկեղեցին կ’աղօթէ ձեզի համար: Ապահով եղէք, որ պիտի փրկուի ձեր հոգին:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ես չեմ ուզեր ձեր աղօթքները: Ես չեմ ուզեր ներում հայցել…

ՍՐԲԱԶԱՆ Ներէ իրեն Տէ՜ր Աստուած, քանզի չի գիտեր, թէ ի՞նչ կ’ըսէ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Եւ կը փափաքէի, որ վերադառնան այդ երանելի օրերը:

ՍՐԲԱԶԱՆ Տիկին Փառանձեմ, մենք ձեր գործին չխառնուեցանք, դուք ալ մեր գործին պիտի չխառնուիք: Ձեր գործն է մեղք գործել, մեր գործն է մեղքերը լուալ: Մենք որոշած ենք փրկել ձեր հոգին, խնդրեմ, աւելորդ տեղը չվիճաբանինք:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հոգիս պիտի փրկէք հակառակ իմ կամքի՞ս:

ՍՐԲԱԶԱՆ Այո, ատիկա մեր գործն է: Ատոր խառնուելու իրաւունք չունիք: Մենք ձեր… գործին խառնուեցա՞նք: Մենք ձեզի արքայութիւն պիտի ղրկենք, ուզէք կամ չուզէք: Օրն ի բուն պիտի աղօթենք, եկեղեցին հսկում պիտի կատարենք, մոմերը պիտի վառենք ու պիտի մարենք, ծնկաչոք ու արտասուաթոր ներո՜ւմ պիտի պաղատինք, վերջապէս ձեր մեղքերը մեր վրայ պիտի առնենք, եւ դուք նորածին երեխայի նման, մայրական անխառն կաթի նման…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ի՞նչ կաթ-մաթ, Սրբազան…

ՍՐԲԱԶԱՆ …քերովբէներու եւ սերովբէներու հետ պիտի զԱստուած փառաբանէք Արքայութեան մէջ: Մենք ալ այստեղ երկրի վրայ զձեզ պիտի փառաբանենք, ձեր առատաձեռնութիւնը, որով դուք ձեր բովանդակ հարստութիւնը անմնացորդ կը նուիրէք մեր հաւատացեալ ժողովրդեան:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Կը նուիրեմ… եթէ պայմաններս ընդունիք:

ՍՐԲԱԶԱՆ Ըսէք… մենք բաց սրտով եւ լայն մտքով մտիկ կ’ընենք, եւ անպայման բոլոր կողմերուն գոհութիւն պատճառող համաձայնութեան մը կը յանգինք:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Այս ապարանքը… տուն-թանգարանի կը վերածուի…

ՍՐԲԱԶԱՆ Կը վերածենք… այնպէս չէ՞, տիար Մատրուպեան:

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Կը վերածենք, այո, Սրբազան Հայր:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ …Ուր կը ցուցադրուին իմ տխրահռչակ գործունէութեան բոլոր պիտոյքներն ու յարմարանքները:

ՍՐԲԱԶԱՆ Տիկին, անյարմար է… այնպէս չէ՞, տիար Փիսոյեան:

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Անյարմար է, այնպէս է, բայց մտածենք, յարմարութիւն մը գտնենք, չենք ուզեր որ տիկինը բարկանայ մեզի, անուշի կապենք հարցը:

ՍՐԲԱԶԱՆ Ասիկա անուշի կը կապուի՞: Դուք խօսեցէք, տիար Փոթփոթեան:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Քաղաքական ժողովի պատուարժան ատենապետը ըսել կ’ուզէ, թէ մեծ սիրով եւ նախանձախնդիր ոգիով կը կատարէինք, տիկին, բայց տգէտ ու պահպանողական երկրի մը մէջ կ’ապրինք եւ կառավարութիւնը իսկոյն պիտի միջամտէ եւ բանտ նստեցնէ մեզ: Կը տեսնէք, որ մեր առարկութիւնը գաղափարին դէմ ուղղուած չէ, զոր, ընդհակառակը, չափազանց շահեկան ու շարժական կը գտնենք, այլ անոր գործադրութեան, միջավայրի անյարիրութեան պատճառով…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ուրեմն չեմ նուիրեր…

ՍՐԲԱԶԱՆ Լաւ, տիկին Փառանձեմ, կը ցուցադրենք, կը ցուցադրենք…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Եւ այս շարժանկարը, յարաշարժ ապացոյցը տխրահռչակ իմ փառքին, կը ցուցադրուի հայ գաղութի բարեպաշտ ժողովուրդին…

ՍՐԲԱԶԱՆ Անկարելի է, տիկին Փառանձեմ: Գիտէք որ նման շարժանկարներու ցուցադրութիւնը քրէական յանցանք է այս երկրին մէջ, դժբախտաբար…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ուրեմն չեմ նուիրեր…

ՍՐԲԱԶԱՆ Կը ցուցադրենք, տիկին…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ամբողջ գաղութը կը հրաւիրէք…

ՍՐԲԱԶԱՆ Ամբողջ գաղութը կարելի չէ հրաւիրել: Խաւարամիտ անձեր կան մեր գաղութին մէջ, կամ կէս-խենթեր, կամ ամէն Կիրակի եկեղեցի գացողներ, այո, անոնք փոքրամասնութիւն են, բայց կրնան գայթակղիլ կամ գայթակղութիւն կեղծել, կամ պարզապէս ազգային իշխանութեան վնասելու մտօք բողոք բարձրացնել տեղական պատկան իշխանութիւններուն մօտ:

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Արդ, կ’առաջարկեմ, որ գաղութին ներկայացուցչական մէկ մարմինը կազմուի այս շարժանկարը դիտելու միակ պաշտօնով…

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Խղճի պարտքով…

ՍՐԲԱԶԱՆ Եւ արդէն այդ ներկայացուցչական մարմինը կազմուած է…

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Եւ արդէն այդ ներկայացուցչական մարմինը շարժանկարը կը դիտէ կոր…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Ուրեմն, ձեր առաջարկին ընդառաջած ենք արդէն եւ ձեր մեծ ընծայաբերման որեւէ արգելք չի մնար…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ոչ, ես կ’ուզեմ որ գաղութին բոլոր անդամները գան…

ՍՐԲԱԶԱՆ Կու գան… կը բերենք, կը բերենք, տիկին Փառանձեմ: Հեռաւորութեան պատրուակով դժուարացողներուն համար ալ հանրակառքի սպասարկութիւն մը կը հաստատենք…

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Արդէն հեռաւորութեան պատրուակով Կիրակի օրերը եկեղեցի չգացողներուն համար հաստատած ենք հանրակառքի սպասարկութիւն…

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Հակառակ ատոր եկեղեցի գացող չկայ…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Ես կ’առաջարկեմ, որ Կիրակի օրուան պատարագէն ետք ըլլայ այցելութիւնը, այսպէսով հանրակառքերը երկու անգամ ճամբայ չեն ելլեր եւ եկեղեցին ալ յաջորդելիք այցելութեան խայծով կը լեցուի…

ՍՐԲԱԶԱՆ Լաւ, մէկ անգամ եկան, տեսան, նոյն բա՞նը պիտի դիտեն ամէն անգամ…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Հապա ինչո՞ւ նոյն պատարագին պիտի երթան ամէն Կիրակի…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հը՜, կը կարծէք, որ կը հաւատա՞մ կոր ձեր ըսածներուն: Կը կարծէք, որ յաջողեցա՞ք քիթիս խնդալ: Տուն-թանգարան պիտի ընեն եղեր, մշտական ցուցադրութիւն պիտի սարքուի եղեր, շարժանկարը տեսնելու պիտի գան եղեր պատարագէն ետք: Այս ամէնը որպէսզի հարստութեա՞նս տիրանաք: Չէ, չպիտի տամ:
Եւ ի՞նչ կեցեր կը դիտէք կոր այս անբարոյ տեսարանները, դուրս ելէք, դո՜ւրս, ամէնքդ ալ դո՜ւրս…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Տիկին Փառանձեմ, կեանքը առնել-տալ է, մենք կրնանք զոյգ կողմերը գոհացնող համաձայնութեան մը յանգիլ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ո՛չ մէկ համաձայնութիւն… դո՜ւրս…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Բայց դեռ հազիւ մէկ քառորդը դիտած ենք շարժանկարին…

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Վերջաւորութիւնն ալ պիտի ուզէինք տեսնել: Սրբազան, դուն ամենէն հռետորն ես մեր մէջ, բանակցութիւնը քիչ մըն ալ երկարէ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Դո՛ւրս, դո՛ւրս, դո՜ւրս…

ՊԱՅԼԻԿԵԱՆ Կարելի չէ՞ քիչ մըն ալ մէջը կենալ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Դո՛ւրս, դո՛ւրս, դո՜ւրս…

ՓԻՍՈՅԵԱՆ Լաւ, լաւ, մենք մինակնիս դուրս կ’ելլենք կոր արդէն: Մշտնջենապէս մէջը մնալն ալ անկարելի է…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Դո՛ւրս, դո՛ւրս, դո՜ւրս…

ՄԱՏՐՈՒՊԵԱՆ Այսինքն ո՛չ հարստութեան տիրացանք, ո՛չ ալ շարժանկարը կարողացանք դիտել: Ձախող օր մըն էր այսօր:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Մապրուքա՜…

ՇԱՏԵՐ (իրարու) Դուն ես պատճառը…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ինթի եա խանզիրա՜

ՇԱՏԵՐ (իրարու) Ոչ, դուն ես… դուն ես, դուն, դուն, դուն…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Դուրս, դուրս, դուրս… աւելին կո՛թն ալ, Մապրուքա՜…

ՍՐԲԱԶԱՆ Չկռուինք, բարեկամներ: Թող այս անպատեհ միջադէպը համերաշխութեան սրտին մէջ դաշոյն չխրէ, որպէսզի ո՛չ ազգը զրկուի ձեր ազգանուէր գործունէութենէն եւ ո՛չ ալ դուք ազգին հասցէագրուած բարիքներէն…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Դո՜ւրս, դո՜ւրս, դո՜ւրս…:

Ձախէն ներս կը մտնէ ՄԱՊՐՈՒՔԱ, աւել մը ձեռքը:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ահ, վերջապէս… աւելով ամէնքն ալ մաքրէ, դուրս նետէ, Մապրուքա, աւելով… աւելին կոթով…

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Այո, տիկին…

ԱՆԴԱՄՆԵՐ Հայերէն գիտէ՜…

ՓՈԹՓՈԹԵԱՆ Այո՜, կը կասկածէի արդէն, հայու արտայայտութիւն մը տեսած էի ես իր աչքերուն մէջ…

ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ աւելով անփառունակ կը քշուին դուրս՝ աջէն: Մապրուքա, յաղթական, դուրս կելլէ ձախէն: Կը մնան միայն ԲԻՒԶԱՆԴ՝ ՓԱՌԱՆՁԵՄի առջեւ եւ ԷՐԶԵԼԵԱՆ՝ քիչ մը անդին, աչքէ հեռու:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հիմա կը դիտեմ շարժանկարս: Կը տեսնե՞ս հօրաքրոջդ գեղեցկութիւնը, մանչս…

ԲԻՒԶԱՆԴ Կը տեսնեմ, հօրաքոյր: Ես քեզ Փարիզ պիտի տանիմ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հարստութիւնս պիտի չժառանգես…

ԲԻՒԶԱՆԴ Մամլոյ ասուլիսներ պիտի տաս, ֆրանսագէտ ես, բոլորը շրթներէդ պիտի կախուին…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հարստութիւնս պիտի չժառանգես…

ԲԻՒԶԱՆԴ Շարժանկարդ պիտի ցուցադրուի հեշտասէր աշխարհին…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հարստութիւնս պիտի չժառանգես…

ԲԻՒԶԱՆԴ Չեմ ուզեր հարստութիւնդ, ես արուեստդ կ’ուզեմ, արուե՜ստդ:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Լաւ, գնա՛, գնա՜, պէտք չունիմ քեզի հիմա: Ձգէ՛, մինակս վայելեմ:

ԲԻՒԶԱՆԴ Շատ լաւ, հօրաքոյր:

ԲԻՒԶԱՆԴ դուրս կ’ելլէ կեդրոնէն: ՓԱՌԱՆՁԵՄ զմայլած կը դիտէ իր շարժանկարը: Բայց կը զգայ, որ մէկը կայ ետեւը: Կը դառնայ ու տեսնէ ԷՐԶԵԼԵԱՆը:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Դուն ի՞նչ կ’ընես կոր հոս…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ե՞ս, ե՞ս ինչ կ’ընեմ կոր, Փառանձեմ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ինչո՞ւ աւելը քեզ ալ չքշեց դուրս…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Չես յիշեր զիս, Փառանձեմ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Կը յիշեմ, շատ լաւ կը յիշեմ, ցնդած չեմ, Բարեկորզականի ատենապետը չե՞ս:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Այո, հիմա, այս վերջին տարիները: Բայց ատկէ առաջ, ատկէ շատ առաջ, չե՞ս յիշեր զիս, ես եմ… Յունանը…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Դո՞ւն ես… Յունանը…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Այո, ես եմ Յունանը…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Դո՞ւն ես Յունանը, որ հիմա կը տեսնես պատին վրայ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Այո… ես… որ հիմա… պատին վրայ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Եւ ինչո՞ւ պահեցիր մինչեւ հիմա…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Կ’ամչնայի, ներէ ինծի: Մանաւանդ միւսներուն առջեւ կ’ամչնայի: Ներէ ինծի, ներէ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Դո՞ւն ես Յունանս, հա՞…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Այո, այո… ես…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Լաւ, եկուր նայինք: (Պագշոտ ու երկար կը կը համբուրէ: ԷՐԶԵԼԵԱՆ վճռած է ենթարկուիլ): Կը յիշե՞ս ուրեմն մեր օրերը, մեր հաճոյքը, մեր հեշտանքը:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ահ, այո, այո՜, կը յիշեմ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Շատ սիրահարներ ունէի, Յունան…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Այո, ունէիր…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Բայց դուն էիր, որ ամենէն աւելի հաճոյք կը պատճառէիր ինծի…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ահ, այո, ես էի, ես էի…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Եկա՜ր վերջապէս… քսան տարի է քեզ կը փնտռեմ… յիսուն տարի է քեզի կը սպասեմ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ներողութիւն, որ այսքան սպասցուցի քեզ, հոգիս: Բայց ահա եկայ… եկայ: Կը ներե՞ս:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Կը ներեմ, կը ներեմ, քանի որ գտայ…: Ոհ, վերանորոգենք ուրեմն մեր օրերը, մեր ժամերը, մեր պահերը, որ յաւիտեանս յաւիտենից կը տեւէին…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Այո, կը տեւէին… ա՜հ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Վերանորոգենք ուրեմն…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ի՞նչ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Վերանորոգենք…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Բայց… տարիքը…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ծե՞ր եմ այսինքն…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ոչ, չքնաղ ես…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Եկուր, ուրեմն…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Բայց տարիքը, ի՛մ տարիքը, ես իմ մասիս կը խօսիմ միայն, իմ մասին, իմ վիճակին մասին կ’արտայայտուիմ… ինչպէ՞ս պիտի կրնամ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Կրնաս ի՞նչ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Կը ներես այս անկիրթ բառը պիտի գործածեմ….

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ահ, գործածէ, գործածէ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Միայն բառը… պիտի կրնամ գործածել…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ի՞նչ է բառը…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Պիտի չկրնամ… կանգնում… ունենալ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Պիտի ունենաս, պիտի ունենաս… Մապրուքա՜, աւելը՜… այն ատեն ալ, կը յիշե՞ս, չէիր կրնար ունենալ, բայց միայն մէկ ձեւ կայ եղեր… նայէ, նա, հիմա…: (Ականջին կ’ըսէ):

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ոչ, ոչ, այդ ձեւը ո՜չ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Այո, այո, այդ ձեւը, այո՜… Մապրուքա՜…

Ձախէն ներս կը մտնէ ՄԱՊՐՈՒՔԱ, աւելը ձեռքը:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ո՜չ, ո՜չ, կ’աղաչե՜մ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Այո՜, այո՜, աղաչէ՜…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Խնդրե՜մ, խնդրե՜մ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ամբողջ հարստութիւնս քուկդ է, անուշս…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ահ, դուն ես իմ խորագոյն խորշանքս… այսինքն՝ հեշտանքս…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հաթի’լ մաա՛շա, եա Մապրուքա՜: Տո՜ւր աւելը, Մապրուքա:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Իթֆատտալի, եա սիթթի: Հրամեցէ՛ք, տիկին:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ (աւելին կոթով ԷՐԶԵԼԵԱՆի յետոյքը անխնայ հարուածելով) Այո, հեշտանքս, հեշտանքս, հեշտանքս… սնտուկը քուկդ է, սնտուկը քուկդ է, սնտուկը քուկդ է…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ (աղաղակելով) Իմս է, իմս է, իմս է…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Քո՛ւկդ է, քո՛ւկդ է, քո՛ւկդ է, քո՜՜՜՜՜ւկդ է, ահ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ (նողկանքի ու ցաւի խառնուրդով) Ա՜հ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Երթամ, զգեստաւորուիմ: Սպասէ, հոգիս, սպասէ, ես հիմա կու գամ ու կը շարունակենք: Շա՞տ կը ցաւի կոր:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ա՜հ, ա՜հ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Մի՛ նստիր ուրեմն սնտուկին վրայ: (ՄԱՊՐՈՒՔԱյին) Եկո՛ւր որ օգնես, Մապրո՛ւքա:

ՄԱՊՐՈՒՔԱ Հաուա, եա սիթթի: Հովի պէս, տիկին:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Հաուա՜, հաուա՜, հովի՜ պէս, սիրո՜յ պէս, հին օրե՜րը:

ՓԱՌԱՆՁԵՄ դուրս կ’ելլէ ձախէն, ետեւէն՝ ՄԱՊՐՈՒՔԱ: Կեդրոնէն կը յայտնուի ԲԻՒԶԱՆԴ, ձեռքը նկարահանող գործիք մը: Կը պահուըտի գահին ետին եւ գաղտնօրէն կը նկարահանէ:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ահ, ոչ, պիտի նստիմ, պիտի նստիմ Փառանձեմի սնտուկին վրայ: Բայց գութ չունի… ահ, գութ չունի: Ինչ հարուածներ էին… վրան…: Ահ, անկարելի է, կ’այրի կոր… կարծես… դժոխքի մէջ է: Գերագոյն զոհողութիւնն է այս: Մատնուիլ այս պժգալի եւ տանջալի կացութեան: Կամովին գերագոյն զոհողութիւնը յանձն կ’առնեմ կոր ես, որպէսզի… նստի՛մ Փառանձեմի սնտուկին վրայ: Ա՜հ…: Ինչ տանջանք է, ահ: Իմս պիտի ըլլայ քսան միլիոնը: Հա՜, որեւէ տարաձայնութիւն պիտի չարտօնե՜մ: Պետական դրամատան մը պիտի յանձնեմ հողամասը աճուրդով ծախելու գործը: Ես պարզապէս պիտի ըլլամ գումարին պահապանը եւ տարեկան տոկոսէն գոյացած հասոյթին գործակատարը: Ես պիտի ըլլամ պարզապէս սնտուկին վրայ նստողը: Այո, ա՜յ, սնտուկին վրայ նստողը: Ինչ հարուածնե՛ր էին: Գերագոյն զոհողութի՛ւն: Բայց հարուածները ոչինչ… հարուածներուն կը տոկամ… պիտի տոկամ, քանզի մեծ է, անբաղդատելիօրէն մեծ է վարձատրութիւնը: Իմ կեանքի նպատակն է որ կ’իրականանայ, եւ ես պատրաստ եմ այդ նպատակի վերջնական եւ անվերադարձ իրականացման համար յանձն առնել ամէն ամէն տեսակի զոհողութիւն: Նոյնիսկ այս մէկը…: Բայց անհանդուժելին, պժգալին այն է որ… այն է որ… այդ ծթռած, կռնծած կինը կատղեցաւ, կատղեցաւ մտրակելով եւ հասաւ կտղուցքի գերագոյն ծայրակէտին: Եւ որովհետեւ կանգնում ալ չէր տեսներ, կրկնապատկեց իր ճիգերը… բայց պիտի տոկամ, տոկացի…: Բայց ատոր ալ պիտի տոկամ, հը, յամառութիւն պիտի ընեմ եւ պիտի տոկամ: Քանզի… քանզի այս մտրակուած, անիրաւուած, արիւնաթոր նստուկը ես պիտի դնեմ սնտուկին վրայ: Ահ, այո, այս արցունքը իրական է, իրական ցաւի արդիւնք: Ամուր պիտի դնեմ սնտուկին վրայ: Եւ երբ փափաքիմ ասոր տալ, անոր տալ, նստուկիս մէկ ծայրը պիտի բարձրացնեմ եւ ոսկոր մը պիտի նետեմ շան: Ուզածիս պիտի տամ, չուզածիս պիտի չտամ: Համեստներուն, առջեւս գլուխ ծռողներուն պիտի տամ, արժէքս գիտցողներուն պիտի տամ, զիս խնկարկողներուն պիտի տամ: Բայց ինքզինքնին բան մը կարծողներուն, ինքնահաւաններուն, ամբարտաւաններուն, յարգս չգիտցողներուն՝ ոչ, չկայ, չկայ: Այո, առաջնորդարանին ալ կու տամ, քանի մը ոսկոր կը նետեմ այդ շուներուն… եթէ գան հաջեն: Եւ շատ պիտի հաջեն: Անշուշտ արժանապատուութեան հարց կրնան ընել եւ մերժել…: Ես կ’առաջարկեմ, թող անոնք մերժեն, որպէսզի փաստուի, որ անոնք ազգին օգուտը չեն ուզեր, չեն ուզած երբեւէ, այլ ամէն ինչ կ’ընեն իրենց անձնական փառքին համար: Հա՜, պիտի պարզուի իրականութիւնը… եւ անշուշտ ամենէն շատ ես ըլլալով տուողը՝ ե՛ս պիտի ըլլամ փառաւորուողը, ես պիտի ըլլամ զօրաւորը, ես պիտի ըլլամ գաղութին իսկական տէրը, նախագահը, պապան, կարեւորագոյն անձնաւորութիւնը, հանգամանաւոր անձերուն ամենահանգամանաւորը: Պիտի նսեմանան միւս բոլորը: Ո՞վ կրնայ տարեկան հարիւր հազարի – շատ բաւական է, աւելիին արժանի չեն – նուիրատուութիւն ընել…: Գործունէութիւնս հայութեամբ պիտի չսահմանափակուի: Դեռ տեղացիներուն ալ նուիրատուութիւններ պիտի ընեմ: Մօտէն պիտի հետեւիմ երկրի առաջին տիկնոջ… ահ, տիկնոջ… նուիրեալ գործունէութեան: Մասնաւորաբար իր գլխաւորած մարմիններուն նուիրատուութիւններ պիտի ընեմ, ամէն տարի, կանոնաւորաբար: Անձամբ պիտի յանձնեմ չէքը, որպէսզի լուսանկարուիմ… ահ, լուսանկարուիմ… թերեւս ֆիլմ ալ… պատասխանատուներուն հետ, եւ պետական օրաթերթերուն վերջին էջին վրայ դիրք գրաւեմ: Այո, ամենազօրաւորը պիտի ըլլամ, ամենազօրաւորը… գերագոյն այս զոհողութեամբ: (Կը խնդայ ու կու լայ):

ՓԱՌԱՆՁԵՄ (դուրսէն) Յունան, Յունան…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ (կը պապանձի, կ’անշարժանայ) Ի՛նքն է, ի՜նքն է…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ (դուրսէն) Յունան, Յունան, եկո՛ւր, աղուո՜րս…: Եկո՛ւր, այս անգամ պիտի կանգնի, պիտի կանգնի՜…:

Կը յայտնուի ՓԱՌԱՁԵՄ, dominatrice-ի կաշեպատ ու երկաթագամ զգեստաւորումով, ձեռքը՝ երկար մտրակ, զոր կը շաչեցնէ:

ԲԻՒԶԱՆԴ (յայտնուելով հանդիսատեսին) Ի՜նչ հրաշալի suite մը պիտի ըլլայ ասիկա պատմական շարժանկարին: Bravo, Chahrozian:

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Քիչ մը համբերենք, աղուորս, վէրքերս սպիանան…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ոչ, ոչ, շատ գրգռիչ էր…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Արիւնը չորնայ…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ոչ, ոչ, որ հասնի՜մ, հասնի՜մ…

ԷՐԶԵԼԵԱՆ Ցաւերս մեղմանան…

ՓԱՌԱՆՁԵՄ Ընդհակառակը՝ աւելի՜ պէտք է ցաւի՜ս, որ աւելի՜ կատղի՜մ… եւ այս անգամ պիտի կանգնի՜, պիտի կանգնի՜…:

Մտրակի հարուածները կը սաստկանան մինչ լոյսերը կը մեղմանան ու կը մարին:

 

4-23 Յուլիս 2001

 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

 

Leave a comment