
ՊՕՂՈՍ ՊՈԿՏԱՆ
ԱՍՏՈՒԾՄԷ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐ
Իջեր էի խորանէն վերջին անգամ,
եւ Աստուած կը նայէր ինծի ետեւէս։
Այլեւս գոյութիւն չունէին «եթէ» կամ «միթէ» կամ «իսկ»,
հօտ ալ չկար,
այլ միայն իմ իղձը,
որ Իրեն ծառայեմ այլ ձեւով,
եւ իր կամքը,
որ սորվեցնէ ինծի Իր բացակայութիւնը։
ՓՆՏՌՏՈՒՔ
Ասոնք են այն աստիճանները,
որոնց վրայէն ցատկեցի հասնելու համար
քու ճանապարհիդ,
խենթ երեխայի մը անգիտակցութեամբ,
որ, ըլլալով խոստացուած կեանքի սեմին,
տակաւին կը հաւատար կատարեալ կնոջ գաղափարին.
զոյգ հոգի մը՝ հիւսուած իր միսին։
Բազմաթիւ չեն, անշուշտ, բայց՝ խորտակուած
ու դժուարաւ մագլցուած.
սողալով։
Ճանապարհի վրայ ստացած վէրքերը ոչինչ են,
սիրելիս,
եւ այն ինչ որ կը ցաւի, արիւնս չէ,
այլ՝ միտքը,
որ քեզ կը փնտռեմ միամիտ երեւակայութեանս մէջ,
մոռնալով,
աստուածաբանս,
որ կատարելագործութիւնը մնաց դրախտի ելքին,
ուր տերեւներ չէինք կրեր,
միս չէինք ուտեր ու,
անշուշտ՝
աշխարհի ամենէն գեղեցիկ էրիկ մարդը
ես էի։
ԱՇԽԱՐՀԸ
Նայի՜ր ինչպէս անկապ կը թափառիմ փողոցներուն մէջ,
տխրած աշխարհի շնութեան պատճառաւ,
որ կը տապալի վրաս
այնչափ զօրութեամբ,
որ կը զգամ ծոծրակիս վրայ իր անհանդուրժելի հոտը։
Իր մէջ չմնաց յարատեւման օդը։
ի զուր կը բռնեմ զինք փորոտիէն
ու շունչ կը փչեմ իր բերանը.
մեռած է։
Փշրուած է, ինչպէս որեւէ խաղալիք, որմէ ձանձրացաւ
ու նետեց.
ամենէն շփացած էակը։
ՀԱՆԳԻՍՏ
Գլուխս դնելու ուրիշ տեղ չունիմ, Տէր,
բացի Քու պճեղին քովէն,
այս ու միւս աշխարհի անարժանս։
Անտէր հովի նման եմ,
որ շատերու մէջէն կ’անցնի։
Երթալով տկարացած,
պիտի մարիմ այնտեղ,
ուր պիտի գտնեմ
քայլերուդ միւռոնաւէտ հետքերը։
ՀԵՌԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Մէկս միւսին կը նայինք.
Ես՝ անվախ,
Ինք՝
այն տխրութեամբ, որ ամէն ինչ ու ոչ մէկ բան կ’ըսէ։
Կը հեռանամ Իրմէ, ճանչնալով հեռաւորութեան յաւերժութիւնը,
որ կը չափուի մեղքերով
եւ Իր սիրով,
որ ամէն ինչի զգուշութեամբ կը հոգայ։
MORS
Բարի երեկո՛յ, Տիկին, ուշ կը հանդիպինք։
Ձեր տաճարները տեսայ
շատերու աչքերուն մէջ՝ ձեր սրբապատկերը։
Իրենց վախով կը սնանիք ու կ’աճիք ողջ հոգիի մը նման,
աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը,
գրգռիչ խնդուքի մը պէս,
որ կ’ոլորուի աշխարհի բոլոր սրտերուն մէջ։
Տիկին, ինծի համար հետաքրքրական չէք։
Գիտեմ, որ սոսկ բառ մըն էք,
գաղափար մը,
աճապարանք մը,
ուրուական, տեսիլ,
առասպել,
ստուեր անոնց համար,
որոնք կը կարծեն թէ կը ճանչնան ձեզ։
Տիկին, մօտեցէ՛ք որ ընդգրկեմ ձեզ,
այսպիսով փաստելով ձեր չգոյութիւնը։
Մօտեցէ՛ք, որ ծեր մարդու մը նման
անցնիմ ձեր ջրոտ մարմնին վրայէն,
հանդարտ ու վստահ,
միւս կողմը՝
Քրիստոսի սիրոյն։
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: