ՀԱՄՐԻՉ 27

ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆԸ – ԳԱՀԻՐԷ, 1985

36879510_950566141792052_944306151242072064_n

ՈՅԺ 1953

Շուայտ էր շպարն աղջկան ու տղուն
Եւ անպատկառ՝ նայուածքներն ուղղուած չորս դի
Մարդ կը վախնար խօսք նետել սիրահետ
Որ տեղւոյն վրայ չկեղծէին կտղուցք

Կ’անցնէին ոչնչացնող քամահրանքով
Ծաւալելով հեղձուցիչ բուրմունք
Անկասկած կը քունէին զիրար
Վաւաշէին թէեւ միշտ ուրիշներ քունել

Աչք կ’առնէի՛ ամէն տեսակ վտանգ
Կ’ընդունէի՛ պիղծ հրաւէրն աղջկան
Բայց ի՞նչ պիղծ բան պիտի ընէր… տղան

Քայլերս արագցուցի, անցայ զոյգին կողքէն
Նայելով սնգուրուած աչքերուն խորն
Այլեւս որոշած ուղիս, սայթաքման մօտ

21 Հոկտեմբեր 1994

 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

Leave a comment