ԱՆՈՅՇ ՔԷՕՐՕՂԼԵԱՆ ՄԱՐԱՇԼԵԱՆ
Հայաստան առաջին այցելութիւնս է․ անշուշտ բաւական լաւ են տպաւորութիւններս։ Պատճառները շատ են, սակայն ամէն մէկը դիտելու ակնոց մը ունի։ Մարդիկ իրենց դիտելու կարողութիւններով իրարմէ շատ տարբեր են։ Ուրեմն, իմ տեսածներէս սկսիմ պատմել։
Երեւան, Հալապեան շրջանը հսկայ պարտէզ մը եւ գիտական կեդրոն մը կան։ Դասընթացքներուս սկիզբն ու աւարտը այս շրջանին մէջ անցուցի, մինչեւ թռիչքի օրս՝ 2 Օգոստոս։ Երբ օր մը պարտէզին խորերը կը յառաջանայի, յանկարծ նշմարեցի գետինը, մանուկներու կողմէ գունաւոր կաւիճներով գրուած եւ նկարուած հետեւեալ նախադասութիւնները. «Կենդանիները մեր բարեկամներն են», եւ անդին ուրիշ մը․ «Կենդանիները մի՛ ուտէք, այլ պաշտպանեցէ՛ք»։ Երեւան քաղաքի Մաշտոց պողոտայի երկայնքին ալ, ծառերուն վրայ, յաճախ կը նշմարէի թռչուններու համար պատրաստուած տնակներ։
Կ’անդրադառնամ, որ փոքրիկները իրենց մանկութենէն արդէն կենդանիներ պահելու եւ անոնց վնաս չհասցնելու առաքինութեամբ դաստիարակուած են, ոչ թէ՝ տեսած կենդանին քարկոծելու կամ…։ Գեղեցիկ երկիր, մաքուր բնութիւն եւ դաստիարակուած նոր սերունդ։ Մեծագոյն նուէրն է։
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: