ԱՆՍՈՎՈՐ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԸ

38176131_968595083322491_7688352894222860288_n.jpg

ՍՏԵՓԱՆ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Սովորական յուշակոթող չէ աս
Գիտէք
Ինչպէս բոլոր յուշակոթողները
Սովորութիւններու վրայ փաթթուած
Աւելորդ-պակաս
Ասիկա սովորութիւններէն դուրս կանգնած է
Մեր յիմարութիւններուն
Ցցուն ներկայութիւնն է սա
Կոթողական փաստը
Մէկ չէ երկու չէ երեք չէ մեր յիմարութիւնը
Բազմահարիւր ու բիւրաւոր
Բազմազանակ ու այլազան
Եւ եթէ Թումանեանն ու Վարուժանը
Իրարու խառնես
Աղուոր շորպա մը կ’ըլլայ
Ցեղասպան թուրքն ալ շորպային վրայ
Կը ցանես իբրեւ աղ եւ պղպեղ
Է՜հ մէֆի մըթլու
Շատ համեղ կ’ըլլայ
Ճիշդ ուզածիդ պէս
Ահաւասիկ մախլութա
Ու պիտի գայ հանուր կեանքի արշալոյսը վառ հագած (Թումանեան)
Եւ մենք զաւակներդ օգոստափառ պիտի կերտենք նոր արշալոյս (Վարուժան)
Իշտէ ասոր կ’ըսեն անսովոր

 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

Leave a comment