ԵՐԱՆԻ

38455491_909464045915726_8037517496116314112_n.jpg

ՍԻՒԶԱՆ ԲՌՆԱԼԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ, խռովութիւն մը ներս մտած էր հոգիիս սենեակներուն մէջ։ Ապրումներս կը տարածուէին ասդին-անդին, եւ զանոնք հաւաքող ու նոր յուշեր ձեռք բերողը ես պիտի ըլլայի։ Օդը փոխուեցաւ, սոսկալի որոտում մը լսուեցաւ եւ երկինքէն արցունք թափիլ սկսաւ։ Հիմա դուռս եկողը յայտնի եղաւ։

– Բարի՛ եկար, մահ, ինչպէ՞ս ես։ Այսօր որո՞ւ համար եկած ես։

– Սպասէ՛ քիչ մը, շունչ առնեմ, թերեւս յուսախաբուիս, բայց քեզի համար եկած չեմ այսօր։

– Ահա՛, մահ ես դուն, շունչդ ուրկէ՞ պիտի առնես, հարկաւ ինձմէ պիտի առնես։ Քանի որ երեւոյթդ զիս գտաւ, ինչո՞ւ սուտ կը խօսիս, յայտնի է, որ այսօր հետդ պիտի տանիս զիս։

– Սա ըսածդ կարծիք մը չէ, խնդրանք մըն է։ Կ’ուզես որ հետս տանիմ քեզ դէպի դրախտ, որ ազատի՞ս դուն։

– Հապա ո՞ւր պիտի երթամ, ի վերջոյ միջատ մը անգամ մեռցուցած չեմ։

– Լա՛ւ մտածէ, յիշողութիւնդ կը խաբէ քեզ։ Անկարելի է։ Մեծ մայրիկիդ ամարանոցը, երբ դուն տաս տարեկան էիր, պատէն կախուած սեւ միջատ մը կար, յիշեցի՞ր․ մուճակներէդ մէկը հանեցիր եւ քանի մը փորձէ յետոյ կրցար յաջողիլ զինք չէզոքացնել։

– Դո՛ւն, ի՞նչ տեսակ հրէշ մըն ես: Ամէն բան հաւաքած ես դարմանումի պայուսակիդ մէջ իբրեւ ասեղ, բայց ո՛չ թէ դարմանելու, այլ՝ խայթելու։

– Նայէ՛ ինծի, թէ՛ ստախօս ես, թէ բարկացկոտ․ սա մահացու մեղքերէն յետոյ ոչինչ կը փրկէ քեզ դժոխք երթալէն։

Այլեւս չկրցայ դիմանալ այս խօսակցութեան։ Հոգիս խանգարուեցաւ եւ մոռցայ իրական հարցը: Այս մահը որո՞ւ համար եկած էր։ Երանի՜ սիրելիներուս համար եկած չըլլար…:

 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

 

Leave a comment