
ԵԱՍՄԻՆ ԱՈՒԱՏ
Երուսաղէմ, Ս․ Թարգմանչաց Վարժարան, 5րդ դասարան
Մենք այս տարի շատ երկար ձմեռնային արձակուրդ մը ունեցանք: Քննութիւններէն ետք երկու շաբաթը բաւարար էր վայելելու մեր հանգստութիւնը:
Արձակուրդին շատ խաղցայ: Մեծ մայրիկիս քով գացի, որովհետեւ քեռիներս եւ հօրեղբայրներս եկան, եւ ես եւ զարմիկներս միասին խաղցանք: Քեռիիս տարեդարձին ճաշարան գացինք, ընտանեօք ճաշելէ ետք կարկանդակը կտրեցինք:
Շատ հետաքրքրական էին Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու օրերը, երբ հաւաքուեցանք ընտանիքի անդամներով եւ վայելեցինք այս տօները:
Շատ կը սիրեմ տօնական օրերը, որովհետեւ բոլոր հարազատներս կը տեսնեմ:
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: