ԼՈՒՍԱԽԱՒԱՐ

ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ

կ’իջնէ խաւարը խոնաւ.
բեհեզածածկ լուտասներ թարշամած են
լազուրէ մութին մէջ
քրտինքը միաձուլուած գիջութեան.
աւիշը՝ անսանձելի
երակներուն մէջ հոսուն կրակ.
կը շրջին երգեր, շեփորներու լուսնկայ շողերով,
կը հոսին ջրվէժներ, հոսի՜ն… ու խորհուրդներ
կը փշրուին ժայռին վրայ
ալիքներու ծփանքով․
բաղձալի փափաքներէ զգլխուած
էութիւնս կը տրփա՜յ…
ի՜նչ պահ է սա,
իր ծոցին մէջ անդիմադրելի. գերի՛.
մի՛ հեռացներ աչքերդ,
ե՛ս եմ եւ դո՛ւն ես.
կանգնած ենք դէմ առ դէմ,
շղարշի մը ներքեւ՝ էական
ու կենդանի. իսկ
մնացեա՞լը…
փակէ՛ հիմա աչքերդ, ահա՛
կը ծածկուի խաւարը.
մե՞րկ. կը ծածկուինք մենք
մետաքսեայ իրականին տակ, որ
կը հոսի հարցականներու տարափին մէջ.
ծիծաղը իրարու դէմ բարեւի կեցած,
կը փնտռենք ոլորտներու մէջ թաքուն
լոյսին հասնիլ. ինչու՝ ան ալ
կը փնտռէ խաւարը, որ ծածկուի իրմով,
որ է մերկ եւ քրքջոտ.
անհասանելի օձապտոյտներու մէջ շրջուն
լոյսն է թաքուն…
խաւարին ներքեւ խառնուած գիջութեան.
քրտինքը հոսուն է եւ հեւքը անդիմադրելի.
օ՜, սքօղուինք աչքերէ հեռու.
ե՛ս եմ լոյս. իսկ դուն…
խաւար

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

Leave a comment