
ԿԱՐՕ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ
ՁԱ․
Մեզի պէտք են ազգային հռչակագիր, համաձայնագիր, ուխտագիր, դաշնագիր, շնագիր, վեցգիր, որպէսզի ի վերջոյ հասկնանք թուղթի վրայ մեր միասնութիւնը, միասնական ազգ ըլլալը։ Առանց թուղթի ինչպէ՞ս կարելի է միասնութիւն ունենալ։ Մոռցա՞ք թուղթէ շերեփը։
ՁԲ․
Մենք քառորդ դարէ ի վեր երիտասարդներ կը հաւաքենք աշխարհի չորս ծայրերէն, հայութեան ինչ ըլլալը բացատրելու համար անոնց Հայաստանի ու Արցախի մէջ, միայն թէ մենք՝ կազմակերպիչներս, երկու բառ հայերէն վրայ վրայի չենք կրնար դնել։ Բայց ատիկա չէ հոս նիւթը։
ՁԳ․
Հիմակուհիմա մենք զբաղած ենք Ֆրանսայի մէջ դպրոցաշինութեամբ։ Երբոր դպրոցները կառուցուին, պիտի սկսինք հայ աշակերտ կառուցելու աշխատանքին։ Անկէ յետոյ ալ՝ ուսուցիչ պիտի կառուցենք։ Ճամբանիս երկար է, միայն թէ, ինչպէս որ կը տեսնէք, ճիշդ կողմէն սկսած ենք։
ՁԴ․
Ամսականս արդէն երկու ղրուշ է կամ երկու հազար տոլար, ինչ որ նոյն բանն է ինծի համար, բայց այդ երկու ղրուշս կամ երկու հազար տոլարս կը նուիրեմ հայ ազգիս։ Պէտք է անպայման յայտարարեմ երկու ղրուշի կամ երկու հազար տոլարի նուիրատուութիւնս։
ՁԵ․
Երաժիշտ էի, դարձայ գրող։ Բայց ինչպէ՞ս։ Շատ դիւրին է․ երբ ցնդագրես ցնդաթերթի մը համար, ինչպէ՞ս ցնդագրող չդառնաս։ Զօռով կը դարձնեն։
ՁԶ․
Որքան կրնանք, կը պատուազրկենք այդ տղոց ըրածը, ոչինչ ըսելով անոնց մասին։
ՁԷ․
Կ’ըսեն, որ շատ փայլուն եմ, ատոր համար ամէն մարդ հետս կ’ուզէ լուսանկարուիլ։
ՁԸ․
Իմ տարիներու վաստակս կերան, բայց հարց չէ, հայրենիքին մէջ ամէն ինչդ ալ կրնան ուտել։ Ուրախ պէտք է ըլլաս, որովհետեւ քեզմէ առաջ շատեր փափաքեցան տեսնել ազատ հայրենիք եւ ուտուիլ հայրենիքէն, հիմա դուն բոլորին երազը իրականացնողն ես։
ՁԹ․
Մեր արուեստագէտներուն մէջ կը փնտռենք մէկը, միայն մէկը, որ «ինքնուրոյն», «իւրայատուկ» եւ «ինքնատիպ» չըլլայ, եւ «ինքնուրոյն», «իւրայատուկ» եւ «ինքնատիպ» գործեր չունենայ։
Ղ․
Ժողովուրդ մը կայ, որուն մասին կ’ըսուի, թէ 10 միլիոն բնակչութիւն ունի, սակայն իր ամենէն ժողովրդական հաստատութիւնները, հիմնարկութիւններն ու համացանցային թերթերը 100.000 հետեւորդ իսկ չունին։ Լաւագոյն պարագային՝ հազիւ ունին։ Չունենալու պէս ունին։ Համացանց կ’ըսեմ, ուրիշ բան չեմ ըսեր։ Տեղ մը, ուր բացակայ մարդ գրեթէ չկայ։
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: