ՄԹՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍԸ

ՍԻՐԱՆ ԱՒԸՆԵԱՆ ԱՄՊԱՐՃԵԱՆ

Կրկին ճամբայ կ’ելլենք:

Կրկին ճամպրուկները կոկիկ կը շարուին, առաւել՝ բաւականաչափ առարկաներով կը բեռնաւորենք ինքնաշարժը:

Շատ կանուխ, յունիսեան առաւօտ, ժամը 3:45։

Նոյնիսկ բնութիւնը, քնաբեր դեղահատ առած, տակաւին մշիկ-մշիկ քնացած է:

Ինքնաշարժին աջ պատուհանէն մեղմիկ եւ զով զեփիւռը նազանքով մը վերմակի զովութեան բաց պատուհանէն ներս մտնելով կը պարուրէ ամբողջ մարմինս, կը համբուրէ ու կը շոյէ այտերս ու չարաճճի մանուկի մը նման կ’աւրէ սանտրուած մազերս ու թել-թել աջ ու ձախ, վեր ու վար կ’օրօրէ:

Համայնապատկեր տեսարան մը կը յայտնուի դէմս, կարծես երկար ու մեծ փապուղիի մը մէջ ըլլանք․ կը սուրանք, պարապ եւ չխճողուած, ընդարձակ ճամբուն վրայ, ուր ոչ աջէդ հետդ կը մրցին, ոչ ալ ձախէդ: Ամէն ինչ սեփ-սեւ կ’երեւի, եւ սեւին ալ երանգները կան, նոյնիսկ եթէ աննշմարելի ըլլան: Կաթիլ մը կապոյտը, կաթիլ մը դեղինը եւ կանաչը, վարդագոյնը՝ սեւին մէջ: Լաւ դիտէ՛, երբ այդ սեւութեան դիմաց աչքերդ սառեցնես, նոյնիսկ մուգ ծիածան մը կը նշմարես: 

Տեղ-տեղ լուսարձակ միջատներ կը շարժին․ մենք դէպի առաջ, իրենք՝ դէպի ետեւ․ հեռուն կը փայլին, մերթ ընդ մերթ ալ կը մարին, կրկին կը ճառագայթեն: Կը տեսնուին գիշերային, հետախոյզ լուսարձակի, լոյսի ալիքներ, դէպի առաջ եւ դէպի վեր:

Այնքան մութ է, բայց ոչ՝ խաւար, գողտրիկ գեղեցկութիւն մը կը բուրէ:

Հաւասարութիւն տիրած է: Ամէն ինչ համաւահասար եւ նմանօրինակ է, միմիայն սիլուէթներ կը շարժին կամ քարացած են, անյայտ գիծերով։ Երբ բնութիւնը լաւ դիտած ու սերտած ըլլաս, յիշողութեանդ մէջ այնքան տպաւորուած կ’ըլլայ ան․ հոն ամէն ինչ նոյնիսկ մթութեան մէջ կարելի է դիտել եւ զմայլիլ: Բայց… խառնուած են գեղեցիկն ու տգեղը․ ինչո՞ւ․ բնութեան տգեղը կա՞յ: Անշուշտ ոչ: Բնութիւնը՝ Աստուծոյ ստեղծած հրաշք գեղանկարը, պարզապէս ապրող էակներէն ամենէն քանդիչն ու միեւնոյն ժամանակ շինողը՝ մարդ արարածը, երբեմն կ’աւրէ եւ երբեմն ալ կը շինէ, երբեմն կ’աղտոտէ եւ երբեմն ալ կը մաքրէ: Մաքուրն ու աղտոտը, շիտակն ու ծուռը, բոլորը քաոսի կը վերածէ:

․․․Կը սուրանք սաւառնակի նման: Զով հովը պատուհաններէն աւելի խուժելով ալ աւելի սլացք կու տայ ինքնաշարժին: Հեռուէն կը նշմարուին նաեւ զոյգ-զոյգ կարմիր աչքեր, շարժուն աչքեր, մեքենայացած նապաստակներ ըլլային, մրցումի ելած: 

Սեւ երկինքը կամաց-կամաց կապոյտի կը վերածուի, գիծ առ գիծ, տող առ տող, եւ կը շարունակէ բացուիլ, ամէն մէկ ակնթարթի՝ ալ աւելի, մինչեւ իսկ այդ արարքին ձայնը ականջիս մէջ թըք-թըք կը լսուի: Հըշշշշշ,  զգոյշ, ոչ մէկ ձայն հիմա, այս վայրկեանիս, ծառերուն շրջագիծերը կը սկսին երեւիլ, լեռներուն ծալքերն ու ալիքները, լոյսերը կամաց-կամաց կ’անհետանան․․․:

Եւ բարակ, ծիրանագոյն, մետաքսեայ թել մը հորիզոնէն, կարմրորակ դեղձի նման կը հիւսուի, մետաքսեայ ծածկոցի նման կը փռուի ու կը զարդարէ երկինքը: Եւ դեփ-դեղին, խոփ-խոշոր աչուկ մը մեզ կ’ողջունէ այնքան վառ ու այրող ժպիտով մը, որ կը ստիպուիմ անքուն աչքերուս սեւապակեայ ակնոց դնելով գոցել զանոնք ու… թեւեր առնելով ինքնաշարժին լայն պատուհանէն դուրս ելլել, սաւառնիլ դէպի երկինք ու շրջիլ եւ դիտել այդ մատղաշ բնութեան կոյս գեղեցկութիւնը: Քիչ մը ծովուն խաղաղ մակերեսին վրայ եմ, կրկին դէպի լեռներ, եւ սուրացող նապաստակներուն վրայէն ետ կը դառնամ: Վեր կ’ելլեմ ու վար կ’իջնեմ, եւ յանկարծ ի՞նչ տեսնեմ: Հսկայ կարաւան մը՝ բեռնաւորուած ինքնաշարժներ, ետեւ ետեւի նոյն ճամբան կտրելով կը յառաջանան, մեզմէ շատ առաջ:

Այլեւս առաւօտ է, յոյսերով լի գոյներ ծածկած են ամէն ինչ, ամէն ապրող էակ:

– Ո՞ւր կ’երթաք այսպէս:

– Ձեր գացած տեղը,- ձայն մը կը տրուի․- սպասեցէ՛ք, մենք ալ կը հասնինք, միասին առաջնորդուինք:

Եւ որքան հարազատներ կային այդ կարաւանին մէջ, բոլորը ուրախ:

Թը՛փ… ձայնով մը աչքերս կը բանամ․ ապիկար թռչուն մը կու գայ ու կը զարնուի ինքնաշարժի առջեւի ապակիին: Սիրտս կը ճմլուի, ինչո՞ւ, այ ինչո՞ւ չմտածեցիր քիչիկ մը աւելի բարձրէն թռիլ, խեղճ ճնճղուկ: 

Արդէն անապատ է ամէն կողմ…: Միակ հարազատը, որ չէ լքած մեզ, զեփիւռն է:

Կանգ կ’առնենք, եւ սուրճի դադար մը առնելու, եւ լուացուելու:

Շատ գեղեցիկ, փոքրիկ ծաղիկներու թուփ մը, այնքան առատ աճած ու ծաղկած, զիս կը հրապուրէ, գաւաթ մը սուրճը մէկ կողմ ձգած կը մօտենամ այդ ծաղկաթուփին, պզտիկ, գունաւոր արեւիկներ ըլլային: Անուշիկ-անուշիկ դէմքերով, սիրունիկ եւ քնքուշիկ: Եւ անոնցմէ մին ականջիս կը փսփսայ․

– Գեղեցիկն ու յուսադրիչը միշտ պիտի գտնես, եթէ՜ փնտռես, նոյնիսկ անապատին մէջ ըլլաս, բայց կը գտնես անպայման: Մի՛ յուսահատիր:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

Leave a comment