ԻՆՉՈ՞Ւ, ՏԻԿԻՆ, ՓԱՍՏՆ Է ԱՆՀԵՐՔԵԼԻ

Տիկինը՝ Vittoria Colonna

ՄԻՔԵԼԱՆՃԵԼՕ
(1475 – 1564)

Ինչո՞ւ, Տիկին, – փաստն է անհերքելի, –
Ալպեան ապառաժի մը մէջ ապրող
Պատկերն ստեղծողն իր կը վերապրի,
Ուշ կամ կանուխ մինչ ան կը դառնայ հող:

Այո՜, պատճառն արդիւնքէն կ’ընկճուի,
Երբ Արուեստը կը տիրէ Բնութեան:
Իմ իսկ փորձով՝ որեւէ պատկերի
Ընդդէմ անզօր են ժամանակ ու մահ:

Քարին ու նկարին կեանքըս յանձնած՝
Քու դէմքըդ կը ստեղծեմ, իմ դէմքըս ալ,
Որպէսզի երբ անցնի նոյնիսկ հազար

Տարի մեր մեկնումէն, տեսնեն որքան
Դուն էիր գեղեցիկ ու ես թշուառ,
Բայց ոչ՝ յիմար, քեզ սիրելուս համար:

Իտալերէնէ ու անգլերէնէ թարգմանեց՝
ՈՅԺ

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն blog-ի վարչութեան հետ:

Leave a comment