ՀԱՐՈՒՍՏԻՆ ԽՂՃԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

– Աղա՛, ողորմութիւն, կը մսիմ…
– Կը մսի՞ս, բայց ինծի պէս ըրէ, հագուէ… ո՞վ կ՚արգիլէ քեզ…

«Խարազան», պատկերազարդ շաբաթաթերթ, խմբագիր Արամ Անտոնեան, Ա. տարի, թիւ 6, 14 Մարտ 1909, Պոլիս, էջ 87։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն blog-ի վարչութեան հետ:

ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՄԲ ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ

Մեծ մայրը (Միջամտելով).- Կ՚ուզեմ որ այս անգամ Պետիկը ներես ինծի համար։
Մայրը.- Ո՛չ մայրիկ։ Պէտք է որ տղաք իրենց ծնողքին միշտ հնազանդ գտնուին…։

«Անուշապուր -Պատկեր»,ֆանթէզի մեծ շաբաթաթերթ, խմբագրապետ՝ Բագարատ Թեւեան, թիւ 11, 10 Մարտ 1927, Պոլիս, էջ 13։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԹԱՂԱԿԱՆԸ

ԹԱՂԱԿԱՆԸ.- Մի՛ մտածեր Պարոն ուսուցիչ, վաղը Զատիկ կու գա[յ], ամսական մը եւս կը վճարենք քեզի…

«Անուշապուր», ֆանթէզի մեծ շաբաթաթերթ, խմբագրապետ՝ Բագարատ Թեւեան, թիւ 7, Բ. տարի, 27 Յունուար, 1927, Պոլիս, էջ 15։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն blog-ի վարչութեան հետ:

ԱՇՈՒՆ

ԱՆԻ ՊԱՐՈՆԵԱՆ

Դեղին եւ կարմիր տերեւներ կը տողանցեն փողոցներու եւ պողոտաներու վրայ, աշունը իւրայատուկ գոյներով կը յայտնուի. ան կը պարզէ այնպիսի տեսարաններ,  որոնք մէկ ժամէն միւսը կը փոխուին: Այս բոլորը կ’ապրի մարդ էակն ալ․ պահ մը յուզում, պահ մը ուրախութիւն: Բնութիւնը կը մօտենայ մահուան, ծառերը իրենց վերջին ջանքը կը թափեն, ահա հատ մը տերեւ կախուած ծառէն կը պայքարի չիյնալու համար, ծառը անճար է, չի կրնար իր կուրծքին մէջ պահել զայն: Թէեւ տերեւները իրենց պարզած երանգներով խանդավառ տեսք ունին, սակայն ի վերջոյ գիտեն, թէ պիտի երթան վերջին կայարան: Պեխաւոր աղբահաւաքը պատրաստ է զանոնք քշքշելու աղբամանին մէջ: Եղանակի բանջարեղէնները եւ պտուղները իրենց տեղը կը գրաւեն խանութներուն մէջ, գոռոզաբար իրենց շուրջը կը դիտեն. կարծես կ’ըսեն, թէ այլեւս մենք պիտի տիրապետենք ձեր տան մէջ:  

Այո, անշուշտ մեր տան մէջ ալ կը տիրապետէին աշնան բոլոր սննդեղէնները,  մասնաւորաբար շագանակը: Արդէն մեծ կռիւէ մը վերջ կազմուած կ’ըլլար վառարանը, որուն վրայ էր, որ կը շարուէին շագանակները, չըթ-չըթ ձայն հանելով կ’եփէին: Կռիւ. այո, հայրս իսկապէս մեծ փաթըրթը (աղմուկ) կը հանէր վառարանը  կազմած ատեն: Չեմ գիտեր ինչո՛ւ, սակայն խողովակները մէկզմէկու անցուելու համար կը պայքարէին, եւ հայրս ալ կը պոռար.

– Աս ի՛նչ է, ճանըմ, էս սօպաճի (վառարանագործ) չեմ, մարդ մը կանչենք:

Վառարանը եւ խողովակները ի վերջոյ կը կարգադրուէին: Ասկէ ետք ալ կը սկսէր փայտանոցէն փայտ բերելու աղմուկը:

– Քէօմիւրլիւկէն (ածխանոց) փայտերը բե՛ր, Թագւոր,- կ’ըսէր մայրս քիչ մը հրամայական շեշտով, որուն պատասխանը պատրաստ էր արդէն.

– Ածէ սօս մատամա (կարծեմ յունարէնով՝ հրամանդ շուտով տեղը պիտի բերեմ):

Քէօմիւրլիւկը պարտէզին միւս ծայրն էր. շուրջ 2-3 մեթրնոց ճամբայ մըն էր: Քառակուսի քարեր դիզուած էին այդ նեղլիկ ճամբուն վրայ, իսկ երկու կողմը փոքրիկ թուփեր, երկու տեսակ եղեւին, ծաղիկներու եւ բանջարեղէններու ածուներ կը գտնուէին: Արդէն եղեւիններէն մէկը անպայման կաղանդի ծառ ըլլալով պիտի տեղաւորուէր մեր փոքր հիւրասենեակին մէջ:

Այս պարտէզը իմ ամրան, գարնան կամ աշնան խաղավայրս էր: Հոն կը հաւաքուէինք փողոցի ընկերներով ու զանազան խաղեր կը խաղայինք: Անշուշտ ես ունէի ուրիշ ընկերներ ալ. կատուները: Շատ կատուներ ունէինք: Ես զանոնք կը կերակրէի ու յետոյ չուանով անոնց հետ կը խաղայի. Մինին, Միքին, Ապրին, Փրէնսը: Այդ շրջաններուն կատուները նոյնիսկ տարբեր երջանկութիւն մը ունէին եւ կարծես աւելի հնազանդ էին: Օր մը այդ կատուներէն երկու հատը ուսէս վար կախեցի: Խեղճերը անճար կը կենային: Մայրս վրայ հասաւ․

– Է՜, է՜, է՜, չափը անցուցիր, ի՞նչ կ’ուզես աս զաւալլըներէն (խեղճ):

– Մամա՛, մօրաքոյրս մուշտակ կը դնէ, ես ալ ինքզինքիս մուշտակ շինեցի:

– Ես հիմա քեզի մուշտակը պիտի ցուցունեմ,- ըսաւ մայրս ու կատուները վար առաւ ուսէս:

Խեղճերը այնպէս մը սուրացին, գացին, որ հօրս ներկի ամանը, մէկ կողմ դիզուած փայտերը եւ ամէն ինչ տապալեցին: Մայրս՝

– Ի մարդօն փանայիմու (յունարէնով սուրբը կը կանչէր),- պոռաց: 

Չէի գիտեր, թէ ինչո՛ւ մայրս բարկացած ատեն յոյն սուրբերուն կը դիմէր եւ վախցած ատեն ալ «Աստուածամայր» կը գոչէր:

Այս օրերուն կ’ապրինք աշունը. եղանակներն ալ որքան որ դիմադրեն, նորաձեւութեան հետեւիլ սկսան կարծեմ: Դեռ Պոլսոյ մէջ տաք է օդը. թէեւ աշնան գոյները կը տիրապետեն. դեղինի եւ կարմիրի գրեթէ բոլոր տեսակները ծաւալած են:

Պոլսոյ նօսրացած կանաչութեան մէջ հազուագիւտ են անոնք, ինչպէս իսկապէս նօսրացած մարդկային ապրումները, մարդկային զգացումները:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

 

ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԸ ԵՐԲ ԿԱՐԾԸՐ ՔԱՐԷՆ

ՄԻՔԵԼԱՆՃԵԼՕ
(1475 – 1564)

Արուեստագէտը երբ կարծըր քարէն
Կ’արձակէ մոյնքն ու դէմքը բնորդին,
Շատ անգամներ կ’օրինակէ ինքզինք.
Երբ այլապէս գեղանի կինն եթէ

Կը յայտնուի անթոյր, անհրապոյր,
Իմ դիմագիծն եմ պատկերած, քանզի
Չէի կրնար՝ խոց ու ցաւէս բացի,
Երբ կ’անգոսնէ ան զիս: Արշաւասոյր

Ժամանակէն այն ինչ որ կը մնայ
Գեղեցկութիւնն է՝ Արուեստին կերտած,
Եթէ իր փափաքն է տեւել ներկայ

Անեղծ իր հմայքով՝ սիրէ՜ թող զիս,
Երանութիւնը կ’ողողէ հոգիս,
Ու դէմքէն կը ցայտէ յաւերժաբար:

Իտալերէնէ ու անգլերէնէ թարգմանեց՝
ՈՅԺ

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԵՐԲ ՄԱՅՐՍ ԿԱՅ

ՏԱԼԻՏԱ ԱՇԸԳԵԱՆ
Հալէպ, Հայ Աւետ․ Բեթէլ Երկր․ Վարժարան, ը․ կարգ

Երբ կը նայիմ աչքերուդ,
Ողջ աշխարհը կը ժպտի,
Երբ դէմքիդ ժպիտ ըլլայ,
Արեւը զիս կ’ողջունէ:

Երբ մայրս կայ աշխարհի վրայ,
Օրերս ուրախ կ’անցնին:
Երբ մօրս շունչը կը զգամ,
Շատ կը զուարճանամ:

Ա՜խ, իմ մայր սիրելի,
Ի՜նչ անուշ ես, ի՜նչ բարի,
Դէմքիդ նայելով
Գարնան գալուստը կը տեսնեմ:

Երբ աչքերուդ կը նայիմ,
Ողջ աշխարհը կը ժպտի,
Փափաքս է՝ անվերջ ժպտիս,
Մեր տան հրաշք,
Մի՛շտ անմար մնաս:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՁԱԳՈ՛ՒԿ, ՏՈՒՆ ՏԱՆԻՄ ՔԵԶ

ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ

Թմբլիկ կատու մը
Մուշ-մուշ աչքերով դիմացս ելաւ
Առտու կանուխ: Մսած էր եւ յոգնած:
Ամբողջ գիշեր մօրմէն հեռու
Ինքնաշարժի մը տակ
Անցուցած ըլլալու էր, սմքած:
Փափուկ ստեւները
Գիշերուան խոնաւութենէն իրարու փակած
Կ’երեւէին, լիզա՞ծ էր ինքզինք:
Թմբլիկ կատուն սրճագոյն գիծեր ունէր
Վագրի նման, որուն մօտենալ կարելի կ’ըլլա՞յ:
Ձեռքս կ’երկարեմ, որ սիրեմ,
Բռնեմ, տուն տանիմ, մաքրեմ, խնամեմ,
Սիրոյս գերի դարձնեմ:
Սիրո՛ւն կատուին փոքրիկ դեռ,
Փափուկ եւ շատ սիրունիկ,
Անուն դնեմ. «Բամպակ» կանչեմ,
Ընկեր դառնամ ու դարձնեմ:
Ան կը փախի. քայլ մը կ’առնեմ,
Կը զարհուրի մարդու ձեռքէն խոշոր:
Ձագո՛ւկ, քեզի չեմ վնասեր,
Հաւատա՛ ինծի, հոգ մ’ըներ:
Չի կրնար կարդալ միտքս,
Կարդալ մարդու յատուկ է միայն,
Ատ ալ կեղծ շա՜տ անգամ:
Ուրեմն դուն գիտես․
Եթէ մնաս փողոց՝
Կը սորվիս կռիւ, պայքար
Եւ կաշկանդում:
Սիրելի՛ կատու,
Դուն առանձին փողոցին մէջ
Պիտի մնաս ստահակ ազատ:
Իսկ ես առանձին
Պատուհանէն դիտորդ միայն
Գրող մը՝ քեզի պէս ազատ:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆՍ

ՍԵԼԱ ԱՍՏԱՐՃԵԱՆ
Հալէպ, Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարան, է. կարգ

– Մեր ընտանիքը նոր անդամ մը պիտի ունենայ,- աւետեցին հայրս ու մայրս։ 

Չէք կրնար պատկերացնել, թէ որքան ուրախացայ։ Այլեւս մինակ պիտի չխաղայի, պիտի չձանձրանայի, ես ալ բոլորին նման քոյր կամ եղբայր պիտի ունենայի։ Բայց յանկարծ սատանան շշնջաց ականջիս. 

– Սելա՛, շատ մի՛ ուրախանար, վաղը երբ նորածինը լոյս աշխարհ գայ, մայրդ եւ հայրդ կը մոռնան քեզ։ Իրենց ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ անոր վրայ։ Դուն ինքզինքդ անտեսուած պիտի զգաս։ 

Աստուած իմ, այս ինչե՛ր կ’ըսէ չար սատանան։ Անկարելի է, որ նման բան պատահի։ Հայրս ու մայրս զիս շատ կը սիրեն, ես իրենց մէկ հատիկ աղջիկն եմ։

Աչքերս արցունքոտեցան ու ինկայ մօրս գիրկը։ Մայրս կարծեց, որ երջանկութեան արցունք էր այդ։

– Սելա՛, անուշի՛կս, մօտ օրէն եղբայր մը պիտի ունենաս։ Դուն իր մեծ քոյրիկը պիտի ըլլաս։ Ամէն ինչ միասին կ’ընէք ու այլեւս մինակութենէ չես տառապիր։

Արդեօք մօրս  յայտնէի՞ մտավախութիւնս, չէ՞ր նեղանար ինձմէ։ Ո՛չ, ո՛չ, ես մօրմէս բան չէի պահեր։ Պիտի ըսէի ու հանգստանայի։

– Մամա՛, ես շատ ուրախ եմ, որ աղբարիկ մը պիտի ունենամ, բայց կը վախնամ որ այլեւս զիս չսիրէք, ինձմով չհետաքրքրուիք ու չզբաղիք, մէկ խօսքով՝ մոռնաք իմ ներկայութիւնս։  

– Այդ ինչե՞ր կ’ըսես, աղջի՛կս, դուն իմ հոգեհատորն ես, իմ առջինեկս։ Մայր մը անկարելի է որ մոռնայ իր զաւակը։ Իմ սրտիս մէջ դուք երկուքդ տեղ կ’ունենաք։ 

Իսկապէս ալ այդպէս եղաւ։ Մօրս ու հօրս վերաբերմունքը երբեք չփոխուեցաւ։ Անոնց մեծ սրտին մէջ մենք երկուքս տեղաւորուեցանք ու դարձանք անբաժան քոյր ու եղբայր։ 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿՆԵՐ (ԽԳ․)

ԿԱՐՕ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

ՆԻԱ․
Մէյ մը վերնատուներէն վարնատուն իջնեն, ուր որ զիրենք չընտրած ժողովուրդը կայ, երեսնին եւ հասակնին ցոյց տան, բացատրեն իրենց պարտութեան եղանակը իրենք իրենց նախ եւ առաջ։ Այլապէս վերնատուներուն մէջ թափառիլը շատ օգուտ չունի։

ՆԻԲ․
Վերնատան մէջ կը պակսէին Սերժօն, մէյ մըն ալ Յովհաննէս Թումանեանը, որպէսզի երկուքը միասին ցոյց տային, թէ ի՛նչ է ազգային արժեհամակարգը։

ՆԻԳ․
Գիտաժողով կոչուածը միշտ ազգանպաստ, հայանպաստ ըլլալու է։ Այդ է գիտական հայրենասիրութիւնը․ օտարները որքա՞ն հայ ազատած են, անոնք չեն բաւեր, հայե՛րը որքա՜ն հայ ազատած են ցեղասպանութեան ընթացքին։ Հայերը որքա՜ն հայանպաստ են։ Այս շըլըխտիներուն գիտութիւնը ե՞րբ կրնայ զբաղիլ հայ մատնիչներով, հայ որբուհին բոզացնող ազգային գործիչ-կործանիչներով։ Հայը ինչպէ՞ս կրնայ նման բան ընել։ 

ՆԻԴ․
Հայաստանի մէջ «համատարած վախի եւ հալածանքի մթնոլորտ» ստեղծուեր է։ Ով որ վախկոտ է՝ ի՞նչ կը սպասէ, արդէն ժամանակն է՝ թող յանձնուի։ Ով որ յանցանք գործած է, ոճիրի պատճառ դարձած, կաշառք առած եւ փտած ու փտեցուցած, ուրեմն իրաւունք ունի վախի եւ հալածանքի մէջ զգալու ինքզինք։

ՆԻԵ․
Մեր ընտրեալ կամ նշանակեալ միութիւններուն վարչութիւնները իրենց ժամանակին մեծագոյն մասը կ’անցընեն այս կամ այն նախագահին, այս կամ այն կաթողիկոսին, այս կամ այն Սօղոսին, այս կամ այն Պօղոսին այցելութիւն տալով, «բարեւ, ինչպէ՞ս էք», «մենք լաւ ենք, դո՞ւք ինչպէ՛ս էք», ըսելով, յետոյ ալ կանաչ սոխի պէս քով քովի շարուելով, խմբանկար լուսանկարուելով, եւ մամուլին ուղարկելով, որ տեսէք, մենք նոր սոխեր ենք, նորընտիր, եւ սկսանք աշխատանքի։ Շատ աղէկ։ Բարի սկիզբ։ Յետոյ կը լսենք դասական ձեռնարկներու լուրերը եւ այլն։ Հոս-հոն երթալու եւ իբրեւ սոխ այսինչին վարունգին եւ այնինչին լոլիկին հետ լուսանկարուելու փոխարէն գործ մը տեսէք եւ մենք ալ քաղենք այդ գործին բանջարեղէնները կամ պտուղները՝ լոլիկ, խնձոր կամ վարունգ։

ՆԻԶ․
Մենք ալ ակցիա կրնանք կազմակերպել։ Հաւաքած ենք մեր երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու համր աղջիկներն ու տղաքը եւ ձեռքերնին տուած ենք թուղթի կտորներ, որոնց վրայ կան նման գրութիւններ. «Ես այսօր հայերէն խօսեցայ»։ «Ես այսօր եկեղեցի պիտի երթամ»։ «Ես լաւ հայերէն պիտի պարեմ ամիսը անգամ մը»։ «Ես հայ ըլլալս միշտ պէտք է յիշեմ, այլապէս կը մոռնամ» եւ նման գրութիւններ։

ՆԻԷ․
Հայերէն պոռացող, հայերէնին սէրը, պաշտամունքը ունեցող այդ հայերուն մէյ մը հարցուցէ՛ք, որ պարի, երգի ուսուցիչ հրաւիրելու կողքին կը համարձակի՞ն, պիտի համաձակէի՞ն երբեւէ, հայերէնի ուսուցումին մասին խօսք կամ նոյնիսկ ակնարկ ընել իրենց պատանիներուն։ Ուսուցիչ արդէն չկայ որ բերեն։ Իրենք՝ պատասխանատուներն իսկ չեն հետաքրքրուած հայերէնով։ Ինչպէ՞ս կ’ուզէք որ իրենց զաւակները հետաքրքրուին ու սորվիլ ուզեն։

ՆԻԸ․
Ամենայն Տիկինը կը յորդորէ, կը պահանջէ․ «Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես, քո մայր լեզուն չմոռանաս»։ Հիմա ի՞նչ պիտի ընենք։ Մայրերնուս հետ խնդիր չունինք։ Գլուխնուս վրայ կը պտտցնենք, որքան որ ուզես։ Բայց հարցը մայր․․․ լեզուն է։ Ուր ուզես՝ կը խոթենք, կը հանենք։ Մոռնալը ի՞նչ իմաստ ունի այլեւս, քանի երբ մայրենի լեզուին մասին խօսուի ալզհայմըր կ’ըլլանք մէկէնիմէկ։

ՆԻԹ․
Հայերէնը սիրել կը նշանակէ չսորվիլ զայն։

Հայերէնը սիրել կը նշանակէ հոն գործածուող սխալները չտեսնել։ Երբ չես սորվիր` ինչպէ՞ս տեսնես։

Հայերէնը սիրել կը նշանակէ զայն սխալ գործածել։ Սխալ գործածել եւ սիրել իրարու հետ կապ չունին, չեն ունեցած երբեք։

ՆԼ․
Մարդուն մէկը «վարդահեղեղ արշալոյսի ոտնաձայն» կ’առնէր ատենին։ Ի՞նչ գիտնար, որ մենք իր վարդերուն հեղեղը ինչերու հեղեղի կրնայինք վերածել։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՀԱԶԱՐՈՒՄԷԿ ԳԻՇԵՐՆԵՐՈՒ ԵՐԱԶՆԵՐ (576-581)

ՈՅԺ

ՀԻՆԳՀԱՐԻՒՐԵՒԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆԵՒՎԵՑԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Կը գտնեմ ես զիս խտիւական Գահիրէի մէջ թափառ… դատարկուե՜ր է միտքս ամենայն պատկերէ… ա՜հ, չէ՞ որ փրկութիւն կրնայ խոստանալ քոշարիի Հոճա ճաշարանը, պատերը զարդարուած են իր կեանքէն իբրեւ թէ դրուագներ պատմող արուեստէ բոլորովին զուրկ, անճաշակ, կոշտ գծանկարներով… կ’ուտէի ու կը դիտէի, ու միտքս այլընտիր տարբերակներ կը հայհայթէր…: Հեռու ալ չեմ, եւ «Վերջին Ժամ» սանտուիչավաճառին առջեւէն անցնելով, ոչ շատ անդին, աջին… բայց… փոխուե՜ր է անունը, եղեր է «Հաւատացեալը», թէեւ նոյն մարդիկն ըլլան ներսը եւ նոյն ժողովրդական ճաշը մատակարարուի… պատերուն ալ ըլլալու են Քորանէն քաղուածքներ… անցորդ եմ, բայց ո՞ւր երթամ հիմա…

ՀԻՆԳՀԱՐԻՒՐԵՒԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆԵՒԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Այլեւս ապաստաներ եմ Վենետիկ, բնակարանիս երկու սենեակներէն մին՝ աշխարհէն բոլորովին խզուած, դատարկ ու դատարկող, իսկ միւսին պատուհանէն նեղ ջրանցքը կը դիտեմ երբեմն…:

Բայց դուռը կը զարնուի… երիտասարդ վարդապետ մըն է, Մխիթարեան հաւանաբար, քանի մը հատ մնացած ըլլալու են Սուրբ Ղազար, ճառէ պիտի հիմա Մարիամ Աստուածածնին մասին… բայց ոչ, ինչպէս ալ սխալեր եմ, հելլենազգեստ գեղեցկուհի մըն է, պիտի ուզէի ներս հրաւիրել զինք, բայց ո՞ւր եւ ինչի՞… մինչ ինք առանց այլեւայլի կը յանդիմանէ․ «Ի՞նչ կ’ընես կոր հոս»: Պէտք է հիմնաւորեալ բացատրական մը տայի, բայց ահռելիօրէն կը ջղայնանամ ու կը պոռամ․ «Կը խռֆիմ կոր»: Շուտով ալ կը զղջամ, բայց մակոյկն արդէն կը հեռանայ ու կռնակ տուած է ան ինծի…:

ՀԻՆԳՀԱՐԻՒՐԵՒԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆԵՒՈՒԹԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Անէծք չէ անկասկած, բայց ոչ ալ օրհնութիւն, կ’անցնիմ փողոցներէ ու ամէն տեղ մարդիկ իրենց հնարամիտ առձեռններով են զբաղ, մատնահարելով, դիտելով, նկարելով ու նկարուելով, եւ ես եմ միայն, որ կը յիշեմ, անխուսափելիօրէն, հեռաձայնը վերստեղծող Steve Jobs-ը: Այլեւս հետս կը քալէ, ազատում չկայ, անկարելի դարձնելով որեւէ ուրիշ մտածում, ողջունելի ցրուում ու վերադարձ…: Գոհանա՞մ իրմէ երախտիքի քանի մը խօսք լսելով․ «Ամէն ոք մոռցաւ զիս, բացի քեզմէ՜»: Բայց ան, ընդհակառակը, կ’ըսէ․ «Կը բաւէ՜ այլեւս ետեւէդ քաշես-տանիս զիս»:

ՀԻՆԳՀԱՐԻՒՐԵՒԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆԵՒԻՆՆԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Կը գտնեմ ես զիս Թալէաթ Հարպ հրապարակը, ինչո՞ւ այս անգամ, արձանը դիտելու համար չէ, ահ, թերեւս գիրք մը գնելու Արեւելքի Տուն գրավաճառանոցէն, ի՞նչ էր վերնագիրը… «Օր մը ու Մաս մըն ալ Յաջորդէն»… բայց փափաքս ուժգին չէ… բաւական գովաբանուելէ ետք մոռցուած է գրեթէ, ու կարծես կարդացած ըլլամ…: Կ’անցնիմ սլացիկ հասակով, թխափայլ մորթով այր ու կնոջմէ, հանդերձանքնին գեղաճաշա՜կ ու ակնյայտօրէն սո՛ւղ, ինչո՞ւ են իրե՛նք այստեղ, բայց կը կանգնիմ, մոլորեր ու առջեւս է եկեր իրենց փոքրի՜կ, այլ բարեկազմ աղջնակը, երկու տարեկան կայ-չկայ եւ չկրնալով շարունակել՝ վեր կը նայի ու կը մնայ… կը սպասէր որ հայրն ըլլար, բայց չէ կարծես թէ, թէ՞… իր տեսադաշտը գոցած եմ ամբողջովին ու մայրը ետեւէս կը կատակէ․ «Հայրիկն է»: Աղջնակը կը նայի ինծի, կարծես նպատակն է որոշել… հապա եթէ… կը սպասեմ որ տեսնեն դէմքիս ժպիտը եւ աջ թեքելով կ’ուղղուիմ դէպի գրավաճառանոցը, որուն ցուցափեղկէն կը բացակայի գիրքը, զոր որոշած եմ չկարդալ բնաւ…

ՀԻՆԳՀԱՐԻՒՐԵՒՈՒԹՍՈՒՆԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Ծովահայեաց սրճարանի բազմութեան մէջ առանձնութիւն կը վայելեմ, երբ տեսեր է զիս ու կը մօտենայ եւ աթոռն ալ անհրաւէր կը քաշէ եւ իբրեւ թէ շա՜տ իմաստուն հարցում մը կ’ուղղէ հեռատեսելի հռչակաւոր հաղորդավարը՝ հի՜ն բարեկամ: Նպատակն անշուշտ իր յայտագրին համար նիւթ ապահովելն է, եւ թերեւս ինքնախաբէութեամբ կը կարծէ որ երախտապարտ պէտք է ըլլամ իրեն՝ երեւնալու այս առիթն ընծայած ըլլալով ինծի եւ փոխադարձեմ զի՛նք ալ նշելով…: Կը պատասխանեմ վստահութեամբ մը, որ չ’արտօներ որեւէ կասկած․ «Անշուշտ միշտ սորված եմ՝ անձերէ, անցուդարձներէ, բայց միշտ ալ սորվածներէս շատերը մոռցած, եւ ուրեմն նորէն սորված ու մոռցած, ու հիմա դժուար է անդրադարձներս –  յիշածներուս կ’ակնարկեմ – վերագրել մասնաւոր անձերու, անցուդարձներու, որոնք արդէն…» եւ ձեռքերուս շարժումէն պէտք է հասկնայ որ մոռցուած են եւ հարցազրոյցն ալ՝ աւարտած:

ՀԻՆԳՀԱՐԻՒՐԵՒՈՒԹՍՈՒՆԵՒՄԷԿԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Կը ցանկամ, անդառնալիօրէն, անդիմադրելիօրէն կը ցանկամ, կը հետեւիմ իրեն ո՛ւր որ երթայ, որու հետ որ խօսի, սիրաբանի, կը դիտեմ զինք հեռուէն ու մօտէն, ամէ՛ն կողմէ, եւ վերջապէս կը յայտնուիմ իրեն ու տենչս կը պոռթկայ…:

Չի փախչիր ինք, չի խուսափիր, կը դիմադարձէ․ «Որպէսզի տիրանաս դուն ինծի, պէտք է ձգես գոյներու աշխարհը ու սեւ-ճերմակը մտնես»:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: