
ՈՅԺ
ԵՕԹՀԱՐԻՒՐԵՒԵՐԵՍՈՒՆԵՒԵՐՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Եւ որովհետեւ այնքան համընթաց էին մեր կարծիքներն իր ողջութեան, հիմա որ կը մօտենամ ես ալ մահուան, հանգիստ կը հաւաստեմ․ «Համատարած յիմարութենէն ազատելու համար կ’արժէ ոչնչանալ»: Եւ ոչ ալ ինք պակասն ունի հեգնանքի․ «Կ’երեւի չհասար ողկոյզներուն ու կ’ըսես՝ Խա՜կ է խաղողը դեռ ու թթո՛ւ»: Ինչպէ՞ս կրնամ Եզովբոսի առակին առարկել:
ԵՕԹՀԱՐԻՒՐԵՒԵՐԵՍՈՒՆԵՒՉՈՐՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Կալաթէ՜ բանուկ փողոցն եմ եւ մօտենալով Անսուրեան դեղարանին կ’արագացնեմ քայլերս ու կ’անցնիմ, տիրոջ կողմէ չտեսնուելու տարօրինակ մղումով… չկարողանալով ալ ակնթարթին ընթացքին իր ներկայութիւնն հաստատել: Բայց յետոյ, բերանը փողոցին, կը դառնամ ետ ու դարձեալ արագաքայլ կ’անցնիմ առջեւէն՝ անճանաչ մնալու անբացատրելի մարմաջով… եւ զինք նկատելու ճիգս զուր է: Եւ այսպէս, ետ ու առաջ, ետ ու առաջ, անցնելով ժամանակէ ժամանակ, ժամանակէ ժամանակ…: Մինչեւ որ կը թուի ինծի, թէ տէրն այլեւս չկայ, եւ ստուգելու համար մինչ կ’անցնիմ առջեւէն՝ քայլերս կը դանդաղին հետզհետէ, կը դանդաղի ժամանակն ալ, կը դանդաղիմ ու կը դանդաղի ժամանակն ալ, եւ երբ կանգնիմ վերջապէս, ժամանակն ալ…
ԵՕԹՀԱՐԻՒՐԵՒԵՐԵՍՈՒՆԵՒՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Կը գտնեմ ես զիս քարակոփ բանտախուցի մը մէջ… դատապարտուեր եմ ի՞նչ յանցանքով… շարժելու տեղ ալ չկայ, ալ ո՛ւր մնաց գոնէ խշտեակ մը… կը ջանամ հանգստանալ պարիսպի խորշին մէջ, որ կը տեսնեմ թէ կ’աւարտի դէպի դուրսի լոյս աշխարհ վանդակեալ բացուածքով… կը կանգնիմ ու կապոյտ երկի՜նքն է, եւս ճիգով ճաղերէն բռնելով, վեր քաշելով ինքզինքս ու ծովն է փրփրոտ… արդէն ապառաժներն հարուածող ալիքներու շառաչէն պէտք է կռահէի… ի՞նչ է յանցանքս ուրեմն… թերթին մէջ կարդա՞մ թերեւս… թէ ոչ, ինչո՞ւ ըլլար հոս… չկա՛յ, ո՛չ առաջին էջին վրայ… բայց ինչո՞ւ կարծեմ կարեւոր անձնաւորութիւն ըլլալ… կամ գործած՝ այնպիսի ծանրակշիռ, ահազարհուր ոճիր… բայց ո՛չ ալ ոճիր-արկածի էջին վրայ… ուրե՞մն… երկաթեայ գամերով ամրացուած փայտեայ դուռը եթէ հրեմ… երազի՜ս մէջ… բայց ահա իսկապէս փափաքիս ընդառաջ կը բացուի ու կը մտնէ սպասարկուհին, ու ժպտելով գաւաթ մը սուրճը կը զետեղէ խորշին մէջ, քիչ մը վրաս հակելով եւ արդեօք ուրիշ որեւէ ծառայութի՞ւն… ճայերու ճիչը կ’արձագանգէ…
ԵՕԹՀԱՐԻՒՐԵՒԵՐԵՍՈՒՆԵՒՎԵՑԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Փողոցէն երբ կ’անցնիմ ինչպէ՞ս չկարդամ Գնդամուղի Ակումբ՝ չորրորդ յարկի ցուցատախտակը: Խրտչած եմ միշտ… ի՞նչ կը պատահի այնտեղ ուր կիներու մուտքն արգիլուած է…: Քաջութիւնս հաւաքեմ կամ հետաքրքրասիրութեանս յանձնուիմ ու բարձրանա՞մ: Վերելակ կայ, բայց կը նախընտրեմ շուրջը դարձող սանդուխէն վերելքս երկարել: Բաց է դուռը եւ հարուածուող գունդերու ձայներն ինչպէ՞ս մեկնել: Մեծերու վայր է այս, գիտէի արդէն, եւ ոսկեայ ու արծաթեայ մանեակներ, մատանիներ, ապարանջաններ թաւշականանչ սեղաններուն շուրջ կը շողան: Ի՞նչ է նպատակն այս ամէնուն: Լռութեան երաշխիքով կրնա՞մ մնալ աննկատ: Մէկ դէմք ու սաստ․ «Ի՞նչ կ’ընես հոս, մանչո՛ւկ», եւ ուրիշ դէմքեր ալ վերէն վար կը չափեն: «Կարդալ գիտե՞ս»: Յստակօրէն գրուած է: Կը ժպտիմ ու «լաւ, կ’ելլեմ կոր»ի շարժումով կը նայիմ դռնբաց մուտքին:
Մէջն եմ վերելակին ու կը լսեմ կամ լսեմ պիտի․ «Տաս տարի ետք եկուր, մանչուկ, կը սորվեցնենք գունդերը ծակերուն մէջ մղել»:
ԵՕԹՀԱՐԻՒՐԵՒԵՐԵՍՈՒՆԵՒԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Ի՞նչ, հայկական անո՞ւն մը… յանկարծ, բոլորովին անսպասելի, որովհետեւ այս վայրերէն անցած եմ ես…: Ինչո՞ւ չնկարուիմ, թէեւ դժկամակած ըլլամ միշտ, նոյնիսկ երբ հարկադրուած… հետեւիմ հիմա քմահաճոյքի՛ս…: Կը մտնեմ շէնքին քիչ մը մութ գաւիթը ու գոց է նկարչատունը…: Քանի մը բաց ու լուսաւոր կրպակներ կան սակայն, ու երբ կը հարցնեմ՝ պատասխաններն իրերամերժ կը թուին ըլլալ․ «Խաուական շատ չի գար…։ Բաւական ժամանակ է որ չէ եկած…։ Շաբաթը մէկ-երկու օր անպայման կու գայ…։ Անիկա մեռաւ, եկողը տղան է, բայց սիրտը գործին մէջ չէ…։ Ի՞նչ տղայ, ի՛նքն է…»: Չեղաւ, քաշեմ ոտքերս ու մեկնիմ: Բայց պատանի մը եռոտանի մը բերեր է ու կը վստահեցնէ․ «Հրամեցէք հանգստացէք, Աստուծոյ կամքով պիտի գայ այսօր…»: Կը նստիմ, ու թէեւ ժամանակը կ’անցնի ու ո՛չ ոք պիտի գայ, ձգել-հեռանալու կամքը կը պակսի…
ԵՕԹՀԱՐԻՒՐԵՒԵՐԵՍՈՒՆԵՒՈՒԹԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Զարմանալի՞ է որ մահէն ետք կը հանդիպինք շատ աւելի յաճախակի…: Բայց այս անգամ կը շփոթիմ… իր կեանքի ո՞ր շրջանէն կու գայ… թեկնածու են երեք տարբեր պատահարներ…:
Անսպասելի կը յայտնուէ՞ր երբ մտերմուհիիս տունն ու անտեսելով զիս՝ երկարատեւ, անզիջում դրուատականով կը պարտադրէր զայն հանրագիտարանի մը բաժանորդագրուիլ…:
Ասկէ առա՞ջ թէ ետք, գաւառական քաղաքի երկաթուղային կայարա՞նը երբ կը տեսնէինք զիրար, ու ժամանակ կ’ունենար միայն ըսելու որ ներկայացուցիչն էր Աղեքսանդրիոյ մեծագոյն քաղցրավաճառատան ու կը շրջէր քաղաքները՝ համեղագոյն նմոյշներով…: «Ո՞ւր է, ես ալ համտեսէի»: «Կերան, լսպստեցին, նայինք պիտի ապսպրե՞ն»: Ու կը հասնէր իր գնացքը…:
Երրորդը երբ կ’այցելէի իրեն խանութն, ուր յօդացաւէ տառապողներու կը փորձէր ծախել այդ ախտին պատճառն եղող խոնաւութիւնը մարմինէն քաշող ապարանջաններ՝ պրոնզեայ եւ արծաթեայ, երկրորդն անշուշտ աւելի ազդու եւ աւելի սուղ…:
«Ո՞ր մէկն ես», կը հարցնեմ, ու զայրացած է, կը նայի ու կը նայի ու կ’ըսէ վերջապէս․ «Կը կարծէի՝ կը ճանչնաս զիս»:
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: