ԿՐԱԿ ՈՒ ՍԱՌ

ՌՈՊԸՐԹ ՖՐՈՍԹ
1874 – 1963

Ոմանք կ’ըսեն՝ կրակով է վերջն աշխարհի,
Մինչ ուրիշներ՝ սառով:
Անձամբ կիրքի՛ն ճաշակումէս՝
Ես կրակին եմ կողմնակից:
Սակայն եթէ բնաջնջումն հարկ է կրկնել,
Ատելութի՛ւնն ալ լաւ գիտեմ,
Ըսելու որ կործանելու համար
Սառը նոյնպէս է գովելի
Ու բաւարար:

Անգլերէնէ թարգմանեց՝
ՈՅԺ

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

Leave a comment