
ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ
Երեսուն տարի վերջ եկած էր պապենական տունը: Տուն մը, որ տարիներ առաջ պարպուած էր հարազատներէն: Ինք գացած էր. հեռացած էր տունէն տարիներ առաջ, իսկ հարազատները մէկիկ-մէկիկ հեռացեր էին լոյս աշխարհէն:
Պարտէզին երկաթէ դուռը բացաւ: Դրան ճռնչիւնը անցած տարիներուն բողոքը ըլլար… դէպի տուն տանող քարէ ճամբան փակուած էր բոյսերով, թուփերով: Փայտաշէն տունը չէր տեսնուեր: Չէր կրցած տեսնել նաեւ պարտէզին մէջտեղի աւազանը: Տասնինն տարեկան էր, երբ հեռացած էր հոնկէ իր փափաքով եւ ծնողքին յօժար կամքով: Տարիներ անցեր էին. չէր եկած, չէր ուզած գալ ո՛չ տունը եւ ոչ ալ երկիր: Բայց հիմա ստիպուած էր, որովհետեւ վերջին անդամն ալ մեկնած էր. բաւական երկար ժամանակ անցած էր:
Արդեօք ինչպէ՞ս պիտի դիմաւորուէր, իր յուշերը պիտի կենդանանայի՞ն: Պատրա՞ստ էր յիշել այն ժամանակահատուածը, երբ կ’աւարտէր երիտասարդութեան սկիզբը։ Ճամբան շարունակած էր օտար երկրի մը մէջ, մասամբ ձերբազատուած հօրենական տան բարքերէն:
Գարնան մեղմ օդը ծառերուն հաճելի խտխտանքը կը բերէր եւ կը փչէր ծովէն: Եթէ գիշեր ըլլար, անպայման ժաքէթ առնելու կարիքը կը զգար, սակայն հոն պիտի չմնար: Պիտի չվայելէր պարտէզին գեղեցկութիւնը, պատշգամէն երեւցող ծովուն կապոյտը եւ օդին բուրմունքը: Չէր կրնար տարիներէ ի վեր փակ մնացած տան մը մէջ մնալ եւ յիշատակներու հետ գլուխ գլխի ժամանակ անցընել: Չէր ուզեր իր հարազատներուն, սիրածներուն ապրած, քալած, նստած, շնչած տեղերը ինք առանձին նստիլ, ելլել, ճաշել, ժամերը հաշուել: Պանդոկի սենեակ մը վարձած էր քաղաքին մէջ, որպէսզի աւելի դիւրին ընթանային գործերը: Կղզիի այս տունը պիտի այցելէր մէկէ աւելի անգամ, թերեւս իւրաքանչիւր այցելութիւն ապրումները պիտի յիշեցնէր, որոնց տարիներ առաջ հրաժեշտ տուած էր:
Ահա՛ աւազանը հոն էր. մեծ հայրիկը իր ձեռքերով շարած էր քարերը աւազանին, որ ծածկուած էր չորցած ճիւղերով, բոյսերով: Հայրը խնամք կը տանէր. աւազանին մէջ կարմիր ձուկեր կը լողային նունուֆարներուն միջեւ: Շաբթու վերջերը ամենասիրած պահերն էին, երբ հօրը հետ կու գար աւազանին եզերքը եւ ձուկերը կը կերակրէր, մինչ այդ հայրը մաքրութիւն կ’ընէր: Ծառերէն ինկած տերեւները կը հաւաքէր եւ նունուֆարներուն արմատները կը կտրէր:
Արմինէն պահ մը մտածեց․ լաւ ըրա՞ծ էր մեկնելով: Չէր կրցած մնալ այս տան մէջ, աւելին՝ երկրին մէջ, որովհետեւ փափաքները իրականացնելու առիթներ ստեղծել ջանացեր էր: Տունը… քիչ վերջ պիտի յայտնուէր դիմացը, ապարանքը՝ պահա՞ծ էր իր շքեղ երեւոյթը, թէ անցեալի յուզումը փոխած էր անոր տեսքը: Պիտի չազդուէր, խօսք տուած էր իրեն: Տակնուվրայութիւն պիտի չապրէր. պատրաստ էր դիմաւորել այն տարիները, որոնք առանց իր ներկայութեան անցեր էին: Տան մնայուն օգնականին՝ Մարիային հետ եօթ հոգի կ’ապրէին եռայարկ տան մէջ:
Սպիտակ փայտաշէն տունը դիմացն էր ահա՛: Սպիտակը փոխարինած էր սեւին: Առաջին ակնարկով դեռ հաստատուն կ’երեւէր, սակայն տեղ-տեղ ճեղքեր կային եւ տախտակները մասամբ փտած-կոտրած էին: Տան մուտքին հոյակապ տեսքը պատրաստ էր ընդունիլ եկողը. երկու կողմէ բարձրացած սանդուխները կանգուն էին եւ երկաթէ ու փայտէ խառնուրդ դրան ետեւ պահուըտած էին յիշատակներ, գաղտնիքներ, խնդուք եւ փսփսուք:
Անասելի գաղտնիքներ յանկարծ կրնային յայտնուիլ ժամանակին մէջէն եւ բոլորովին տակնուվրայ ընել անձը, որ դէմ դիմաց մնար իրականութեան հետ, եւ որոնց պատասխանը բոլորովին պահուած ըլլար իր քով, քանի որ հարազատները հրաժեշտ առեր էին կեանքէն, անակնկալը թաղած ըլլալով փոշոտ էջերու մէջ, սակայն ոչ մէկ իրականութիւն ծածուկ պիտի մնար, վերջ ի վերջոյ լոյսին պիտի յայտնուէր հաշիւ տեսնելու կամ գլխու ցաւ պատճառելու համար:
***
– Պա՛պ, այս շաբթուվերջ աւազանը պիտի մաքրե՞ս:
– Գործ մը ունիմ, ձագո՛ւկ, դուն չըլլայ որ առանձին մօտենաս աւազանին: Վտանգաւոր է: Միայն հեծանիւով կրնաս պտտիլ պարտէզին մէջ:
Հայրս զիս ընդհանրապէս «ձագուկ» կը կոչէր: Անոր ձագուկն էի եւ որքա՛ն ալ մեծնայի, ձագուկը պիտի մնայի. շատ փաղաքշական կը հնչէր այս բառը: Մայրս ընտրած էր անունս, բարք ու սովորութիւններու տէր ծանր կին մըն էր: Կը սիրէի ժամանակս հօրս հետ անցընել: Միշտ ունէինք ընելիք, խօսելիք: Երբ տունը կ’ըլլար, միշտ շուրջը կը դառնայի: Թէեւ մայրս ալ հօրս շուրջ կը դառնար անվերջ կոչելով անունը. «Մարտիկս»:
Հեծանիւով կը շրջիմ բակին մէջ: Մեր օգնականը Մարիան ժամը մէյ մը կու գայ կը քննէ զիս եւ միշտ կ’ազդարարէ, որ ուշադիր ըլլամ, չիյնամ-չելլեմ: Տան մէջ արտակարգ իրարանցում կար:
– Մարիա՛, գործդ ե՞րբ կը վերջանայ:
– Այսօր խճողուած օր մըն է, սիրելի՛ս: Շատ գործ ունինք խոհանոցը:
– Ծով երթալ կ’ուզեմ:
– Ճաշեր կը պատրաստուին: Վաղը կ’երթանք: Երկու օր վերջ տայտայդ պիտի գայ:
Մեծ մայրս եւ մայրս մօրեղբօրս սենեակը կը պատրաստէին: Մօրեղբայրս կը զբաղէր վաճառականութեամբ, ամուրի մարդ՝ տարւոյն կէս շրջանը կ’անցընէր Եւրոպա: Անոր գալուստը եւ մեկնումը տօնական օրեր էին տան մէջ: Շէնշող մարդ էր եւ քիչ մըն ալ շփացած թերեւս: Ուշադրութիւնս գրաւած էր, որ Մարիան միշտ շուրջը կը դառնար, զայն գոհ ձգելու համար: Մարիան փոքր տարիքէն սկսեր էր աշխատիլ մեր տան մէջ եւ կարծես մեր ընտանիքին անդամը եղած էր:
Օր մը խոհանոցին կիսաբաց դռնէն տեսեր էի, թէ ինք եւ մօրեղբայրս կը կատակէին: Կատակէն աւելի բան մըն էին տեսածներս. այլեւս խելքս կը հասնէր: Մօրեղբայրս Մարիային ետեւը կանգնած՝ մէկ ձեռքը անոր կոնքին վրայ, միւս ձեռքով զայն բանտարկած էր ծորակին առջեւ։ Անոր ներկայութեան օրերը Մարիային համար լրիւ հեշտանքի օրեր կ’ըլլային: Ոչ ոք լուր ունէր անցած-դարձածէն։ Գիշեր մը Մարիան իր սենեակէն դուրս ելած եւ մօրեղբօրս սենեակը գացած էր: Մեծ հայրս չիմանար, այլապէս իրապէս խայտառակութիւն կ’ըլլար տան երդիքին տակ ու աղջիկը բռնելուն պէս զայն չոր ու ցամաք կը դնէր դրան առջեւ:
Մեծ ծնողներուս ննջասենեակը առաջին յարկին վրայ կը գտնուէր: Ծնողքիս ննջասենեակը երրորդ յարկն էր, իսկ մեր ննջարանները կը գտնուէին մէջտեղի յարկը: Գիշեր մը դուռ ու պատուհան իրարու կը զարնուէին: Հովը սաստիկ կը փչէր եւ ծառերը կը հաւասարէին գետնին: Յանկարծ անձրեւ սկսաւ. երկինքը ճեղքուած ըլլար: Բոլորն ալ կը քնանային բացի ինձմէ: Արթուն էին նաեւ մօրեղբայրս եւ Մարիան: Անոր դողդոջուն քայլերուն թփռտուքը լսեցի ու դուռ մը գոցուեցաւ: Տեղէս ելայ լոգարան երթալու համար: Երբ մօրեղբօրս սենեակին առջեւէն կ’անցնէի, լսեցի խռպոտ ձայներ, որոնց կը խառնուէր Մարիային խնդուքը:
Ժամանակի ընթացքին, երբ աւելի մեծցայ, բաներ մը սկսեր էին փոխուիլ մեր ընտանիքին մէջ: Մայրս իր ժամանակը կը նախընտրէր ննջարանը անցընել: Կը նշմարէի, որ մեկուսացեր էր եւ կը նախընտրէր սենեակէն չելլել. ընդհանրապէս գլուխը կը ցաւէր: Դեռ կը շարունակէի հօրս շուրջը դառնալ, սակայն ան ալ յաճախ կը բացակայէր տունէն: Հայրս տուն-փեսայ եկած էր: Վերջին որոշումները կը պատկանէին մօրս:
Ես ա՛լ պիտի երթայի. հակառակ որ շատ կը սիրէի ու կը յարգէի ծնողքս, սակայն կը փափաքէի Եւրոպա երթալ ուսանելու համար: Այլեւս տան փոքրիկ աղջիկը չէի: Հօրս ձագուկը չէի: Մեծցեր էի եւ հազիւ տարի մը ունէի լուրջ որոշում տալու համար: Արգելք մը չունէի Եւրոպա երթալու, մանաւանդ նիւթական տեսակէտէ:
***
Ներս մտաւ տունէն: Փոշին եւ խոնաւը ռունգերուն ծայրը քերեցին եւ հազալ սկսաւ: Ամէն բան ձգածին պէս կ’երեւէր: Բազկաթոռները սպիտակ սաւաններով ծածկուած էին: Տաս տարիէ ի վեր փակ մնացած էր տունը, մինչեւ վերջին բնակիչը, որ եղած էր մօրեղբայրը: Ան Եւրոպայէն վերջնականապէս վերադառնալ որոշած էր եւ մինչեւ իր մահը ապրած էր այս տան մէջ: Հիմա ինք՝ տան միակ սեփականատէրը ժառանգի գործեր կարգադրելու համար եկած էր երկիր: Վաղը անմիջապէս կալուածատիրութեան գրասենեակ պիտի երթար գործողութիւններուն սկսելու:
Տան իւրաքանչիւր անկիւնը քանդակուած էր մտքին մէջ. ահա՛ խնկամանը, որ կը կենար իր տեղը՝ սպասապահարանին անկիւնը. մեծ հօր համրիչը սեղանիկին վրան էր: Պիտի բարձրանար ծնողքին ննջասենեակը: Միշտ հետաքրքրուած էր այն տուփով, զոր մայրը կը պահէր պահարանին մէջ: Գիտէր, որ մայրը օրը քանի մը անգամ կը բանար այն տուփը ու դարձեալ կը կղպէր: Ինչե՞ր կային հոն. ապրումներ կրնայի՞ն սեղմիլ տուփի մը մէջ եւ ամբողջ կեանք մը, որ մնացեր էր փակ, ու ի վերջոյ, օր մը զաւակը պիտի գար եւ մէջտեղ հանէր թերեւս գաղտնիք մը կամ յիշատակ մը:
***
– Արմինէ՜, Արմինէ՜, ո՞ւր կորսուեր ես, ճաշի ժամն է:
Արմինէն մէջտեղէն կը կորսուէր: Կա՛մ տան ետեւի կողմը կազմուած օրօրոցին մէջ կը շարժէր եւ կամ ծառի մը տակ գիրքի մը մէջ թաղուած կ’ըլլար: Ժամանակը անոր համար սահման չունէր: Ան այնպէս կը վարուէր, ինչպէս որ ուզէր:
Մարիան պարտէզ ելած կը ձայնէ.
– Արմինէ՜, Արմինէ՛, ձայն տուր, ո՞ւր ես:
Արմինէն գիրքեր կը թղթատէր եւ երկիրներու մասին տեղեկութիւն կը քաղէր: Չէր ուզեր մնալ իր ծննդավայրը, որոշումը տուած էր, ուսանիլ, ասպարէզի տէր դառնալ: Ճարտարագիտութիւն պիտի ուսանէր. այս գիշեր տնեցիներուն պիտի յայտնէր որոշումը, որ ըստ այնմ կարգադրութիւններ ընէին: Վստահ էր, որ ոչ ոք դէմ պիտի ելլէր:
***
Հիմա հոս է. մօրը սենեակին մէջ: Ամէն բան մօրը տեղաւորած ձեւով կը կենար: Ժամանակը հոս կանգ առած էր: Անկողինին քովի պատէն կախուած խաչը միեւնոյն փայլով կը կենար: Մայրը՝ աստուածավախ կին, միշտ փառք կու տար ունեցածներուն, տան խաղաղութեան, գործի յաջողութեան համար: Շատ դուրս չէր ելլեր, բայց անպայման Կիրակի եկեղեցի կ’այցելէր, առանձին կամ ամուսնոյն հետ: Տօնական օրերուն ընտանիքը կը հաւաքուէր ճոխ ճաշասեղանին շուրջ: Կը յիշէր ամէն բան, մինչեւ մեկնումը:
Արմինէն պահարանին մօտեցաւ, դարակը բացաւ. հոն էր բանալին: Տուփը բացաւ: Տրցակ մը նկար կար տուփին մէջ: Կար դեղնած քարով մատանի մը, թաշկինակ մը եւ չորցած ծաղիկ մը, որ փեսաները կը դնեն օձիքին որպէս լամբակազարդ: Կար նաեւ պզտիկ տոպրակի մը մէջ մանուկի մը մազափնջիկը: Իմ մազս ըլլալու է, խորհեցաւ: Նկարները աչքէ անցուց: Ընտանեկան նկարներ էին: Սակայն զարմացաւ, երբ տեսաւ երիտասարդ կնոջ մը նկարը, որուն աչքերու մասը փորուած էր: Այս մէկը քիչ մը աւելի ճմռթկուած էր բաղդատմամբ դեղնած միւս նկարներուն: Բոլորն ալ տեղը դրաւ եւ սենեակէն դուրս ելաւ՝ մտազբաղ:
Տունէն ելաւ: Եթէ քիչ մըն ալ մնալու ըլլար, շնչահեղձ կրնար մնալ: Պանդոկ հասաւ, անմիջապէս լոգցաւ: Վաղը առաջին հերթին ժառանգի գործերուն պիտի սկսէր: Դեռ չէր որոշած, տունը ծախէ՞ր թէ նորոգել տար:
Առաւօտուն աշխոյժ արթնցաւ: Պատրաստուեցաւ: Նախ պիտի երթար անձնագիրը ստուգելու. ճամբայ ելաւ: Քաղաքը շատ փոխուած էր: Մեծցած էր, բազմութիւնը կը հոսէր աջ-ձախ: Ինքնաշարժներուն անդադար հնչող ճչակները ականջները կը խլցնէին: Շէնքէն ներս մտաւ եւ կարգ սպասելու համար մեքենայէն թիւ մը առաւ:
Պաշտօնեան համակարգիչին ստեղնաշարը սեղմեց:
– Ձեր աղերսագրին ժառանգի համար ըլլալը յայտնած էք:
– Այո՛, տունը մօրս կը պատկանէր: Ժառանգորդն եմ:
– Ձեր հայրը մեռա՞ծ է:
– Այո՛… ողջ կ’երեւի՞:
– Չէ՛, մեռած, սակայն ձեր հօր վրայ արձանագրուած մէկու մը անունը եւս կայ:
– Ի՞նչ: Ի՞նչ անուն:
Ի՞նչ կ’ըսէր աս կինը: Խառնա՞ծ էր. հօրը մականունին արձանագրուած ուրիշ անո՞ւն մը…
– Դուք քոյր մը ունիք:
Արմինէն ապշած էր: Պաշտօնեային ըսածները չէր հասկնար: Կմկմալով սկսած էր խօսիլ.
– Խնդ-րեմ թու-ղթը տ-պե-ցէք:
– Մելիս Շահեան: Մօր անունը Զեհրա:
Արմինէն տժգունած դէմքով, դողդոջուն քայլերով ելաւ շէնքէն: Շանթահար էր: Շուրջը չէր կրնար տեսնել եւ լսել: Ժամացոյցին սլաքները չէին դառնար: Կը ջանար կողմնորոշուիլ. երկար շունչ քաշեց, մեքենայացած քայլերով պանդոկ ուղղուեցաւ: Վրայ-գլուխը փոխեց եւ ուղղակի հօրենական տուն գնաց: Ծնողքին ննջարանը ելաւ եւ դարձեալ մօրը տուփը հանեց դարակէն: Մէկը չկար, որ իրականութիւնը պատմէր, այլ միայն թուղթ մը ունէր ձեռքին տակ: Քոյր մը ունէր: Նկարները հանեց եւ նայեցաւ աչքերը փորուած կնոջ նկարին: Զեհրա՞ն էր: Զեհրային աղջիկը՝ Մելիսը քոյրն էր: Սոսկաց. հայրը թուրք կնոջմէ զաւակ մը ունեցած էր: Հայրը անհաւատարիմ գտնուած էր մօրը: Ինչպէ՞ս կ’ըլլար: Հայրը ուրիշ կին մը սիրած էր եւ անկէ զաւակ ունեցած: Իրեն «ձագուկս» կը ձայնէր, իսկ անո՞ր: Հարցումները հետզհետէ կը կուտակուէին եւ որոնց պատասխանները արդէն չկային: Ամուսնական տան մէջ՝ քրիստոնեայ մարդ, բայց ծոցին մէջ՝ մահմետական կին մը: Ի՞նչ էր այս. խա՞ղ մըն էր, որուն քարերը կորսուեր էին, սակայն տարիներ ետք կը տեղաւորուէին փոսիկներու մէջ: Ատէ՞ր, լա՞ր, պոռա՞ր:
«Քոյր մը ունիմ եղեր,– ըսաւ ինքնիրեն եւ յանկարծ բարկութիւնը դուրս տուաւ պոռալով ու հեւաց,– թո՛ւրք»: Մայրը գիտէր, գիտցած էր: Գլխու ցաւերը, ննջասենեակին մէջ անցուցած երկար պահերուն պատճառը այս էր: Ոչ ոքի յայտնի ըրեր էր. տնեցիները չգիտնային եւ տան համն ու հոտը չխանգարուէր: Թերեւս… թերեւս որպէսզի Արմինէն առանց հօր չմեծնար, ինք ամուրի չըլլար: Մայրը իրականութեան տոկացեր էր առանձին: Որքա՜ն զօրաւոր կին մըն էր եւ դերը խաղացած էր մեծ վարպետութեամբ: Աչքին առջեւ պատկերացուց հերոս նկատած հայրը, որ հիմա սմսեղուկ դարձած էր, թոյլ արարած մը, որ չէր կրցեր ձերբազատուիլ այլազգէ:
Արմինէն տակնուվրայ էր: Օրեր, ժամեր, պահեր՝ հարցումներուն պատասխան գտնել ջանաց, բայց ի զո՛ւր: Երկրորդ կնոջ մը գոյութիւնը, քոյր մը, մօրը ապրածները, կիսուած հայր մը եւ սէրը, ուրախութիւնը, զոր գտեր էր օտար կնոջ մը ծոցը. միտքը կը տանջուէր ու յաճախ մտքէն կը կրկնէր. եւ՝ թուրք:
Շաբաթ մը անցաւ. պարտէզով շրջապատուած տան մը դրան զանգը հնչեց: Դուռը բացուեցաւ: Արմինէն եւ միջահասակ, խարտիշահեր կին մը աչք աչքի եկան։ Անձայնութիւն կը տիրէր: Ոչ մէկը կը խօսէր: Այն պահուն շուրջ ութ տարեկան տղեկ մը վազեց ներսէն, կեցաւ դրան տակ: Արմինէն աչք աչքի եկաւ փոքրիկին հետ: Փշաքաղեցաւ: Իրեն նայող աչքերը… հօրը աչքերը ըլլային: Պահ մը զգաց, որ սիրտը թրթռացած էր: Կինը ըսաւ.
– Մարտի՛կ, հիւր եկեր է մեր տունը, ներս հրամեցէ՛ք, ըսէ… ձագո՜ւկս:
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: