
ԿԱՐՕ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ
ՌՅԺԱ․
Ազգային բարերարը ազգին ազգային գումարներ նուիրաբերած է, այդ իսկ ազգային պատճառով ազգային թաղման պիտի արժանանայ։ Ազգարժան եւ ազգիրաւ։ Միայն ազգային գումարներ չէ տուած մեր ողբացեալ ազգայինը․ ազգային զգացումներ, ազգային մտածումներ, ազգային տագնապներ ալ ունեցած է յաճախ, սակայն այդ ազգային զգացումներէն, մտածումներէն ու տագնապներէն շատ աւելի կշռած է անոր ազգային դրամը։
ՌՅԺԲ․
Պատերազմ է։ Մէկը դրամ կը հաւաքէ, միւսը՝ ստորագրութիւն։ Մինչ այդ ռազմադաշտին վրայ ռազմիկները մարմին ու հոգի կ’ընծայաբերեն։
ՌՅԺԳ․
Հայաստան Համայնագիտական Հիմնադրամին ղրկուած գումարները արդեօք ո՞ր խումարին պիտի արժանանան աս անգամ․ ո՞վ գիտէ։
ՌՅԺԴ․
Խեղճ ժողովուրդէն մէկական տոլար հաւաքելու տեղ, եթէ կրնաք, բռնեցէք օձիքէն կամ օձիկէն ոչ թէ դուրսի հարուստներուն, այլ ներսի, ամենաներսի մեծամեծահարուստներուն։ Իրենց թալանածով եթէ զէնք եւ զինամթերք առած ըլլային, թերեւս պատերազմ ալ չէր սկսեր կամ սկսելու պարագային, շատ աւելի լաւ արդիւնք կ’ունենայինք հիմա։ Իսկ հիմա ալ կրնան իրենց թալանածը զէնքի դրամի վերածել։ Երբեք ուշ չէ։
ՌՅԺԵ․
Պատերազմ է, պատերազմ է։ Խաղաղ եղած ժամանակ երկիրը կողոպտեցինք, թիզ առ թիզ վաճառեցինք, բնակչութիւնը ճամբու դրինք, Սփիւռք ղրկեցինք, որպէսզի երբոր պատերազմ ըլլայ, Սփիւռքի մէջ մայրուղիները փակեն եւ մեզ փրկեն։ Կը տեսնէ՞ք որքան հեռատես ենք։ Ասանկ պիտի ըլլաս։ Ապագադ լաւ պիտի գծես, որ յետոյ պատերազմ-մատերազմ ըլլայ՝ նեղութեան չմատնուիս։
ՌՅԺԶ․
Այսինչ նախագահը մտահոգ է, միւսինչ վարչապետը խաղաղութեան կոչ ըրած է, ուրիշ մը յոյսին պոչը հանած ու ցոյց տուած է, մէկ ուրիշը զգաստութեան պոչին կոչ ուղղած է. բոլորդ ալ ձեզի պահեցէք ձեր կոչերն ու պոչերը, մտահոգութիւններն ու մտաքաքութիւնները։
ՌՅԺԷ․
«Նա շատ գեղեցիկ լեզուով է բացատրել, թե ինչ երիվարավարութիւնների միջով են անցել, զգացել ու անհանգստացել պոլսահայերը այս դժուարին օրերին»:
Ասիկա Պոլսոյ արեւմտահայերէնին ապագան է։ Երիվարը մեր գիտցած ձին է, որ աս պարագային վարէն կ’ընթանայ, վարութիւններ կը սիրէ, թերեւս ալ վարնոց տեսակէն է։ Շատ հաւանական է։
Չդպչի՛ք աս հայերէնին։ Եղածին պէս ձգեցէ՛ք։ Կիւլկիւլատիպ աս հայերէնը մեր ապագան է։
ՌՅԺԸ․
Կորիկոսը նորէն բերանը բացած է։ Ատենին ծրագիր մը ունէր, Հայաստան ճամբորդողները կը խրատէր, որ մերկ ճամբայ ելլեն եւ հոնկէ ընեն իրենց գնումները՝ հագուստ-կապուստէ սկսելով։ Հիմա դրամահաւաքի ելած է։ Ասպիսիները եթէ բերաննին գոցեն՝ մեծ հայրենասիրութիւն ի գործ դրած կ’ըլլան։ Զի եթէ մէկը բերանը գոց պահէ՝ գոնէ հայրենասէր կամ ոչ-հայրենասէր ըլլալը յայտնի չ’ըլլար։
ՌՅԺԹ․
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու այսինչ նահանգին այսինչ քաղաքին այսինչ շրջանին այսինչ թաղամասին այսինչ փողոցին այսինչ խանութպանին այսինչ խանութին այսինչ պատին ետեւ պառկած երջանիկը ճանչցաւ հայոց ցեղասպանութիւնը․․․ չէ՜, հիմա կարգը եկած է Արցախի Հանրապետութեան անկախացման։
ՌՅԻ․
Հիմա ժամանակն է Հայաստանի մէջ թրքական արտադրութիւններուն ներածման դէմ պայքար տանելու։ Չես ալ գիտեր աս թրքական արտադրութիւնները ուրկէ՞ եկած հասած են Հայաստան։
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: