
ՇՈՒՇԱՆ
Արմէնին զաւակին՝ Ճոնիին տարեդարձին առթիւ բոլորը ծովեզերք գացին։
Քորոնաժահր համաճարակի պատճառաւ ամէն ինչ փոխուած էր, հաւաքոյթներու հին պայմանները այլեւս դադրած էին եւ փոխարինուած նոր, սահմանափակ պայմաններով եւ ընկերային հեռաւորութեան պահպանութեամբ։
Երաժշտութեան ձայնը շատ բարձր էր․ «Պարել կ’ուզենք», կը պոռար Ճոնին բարձրաձայն․ իրեն մօտեցաւ իր բարեկամուհի Մոնիքան, ու միասին դէպի ծով վազեցին ու սկսան պարելէն ջուր մտնել։
Արմէնը եւ Բադրիշան քով քովի նստած գարեջուր կը խմէին ու անուշ ծովն ու արեւը կը վայելէին։
– Այս տապանին պատմութիւնը քու հիւանդ երեւակայութենէդ է, Արմէն․ ես այսօր այդ կանթեղը ծովը նետեցի եւ երբ Նիւ Եորք վերադառնանք, պէտք է անմիջապէս հոգեբոյժի մը այցելես, որ քեզ քննէ,- ըսաւ Բադրիշան։
Արմէնը լուռ մնաց ու գարեջուրը շարունակեց խմել. ականջակալներով մտիկ կ’ընէր Սինաթրայի «Ես ամէն ինչ ըրի իմ ձեւով» երգը։
Յանկարծ Ճոնին եւ Մոնիքան ծովէն վազելէն դուրս եկան սարսափահար եւ ուղղուեցան Արմէնին կողմը։
– Տետի, զօրաւոր կապոյտ լոյս մը տեսանք ջուրին տակ, շատ վախնալիք է։
Բադրիշան ապշահար նայեցաւ Արմէնին։
Արմէն ոտքի ելաւ։
– Բադրիշա, ես յիշեցի տապանին տեղը եւ պէտք է հոն երթամ ու գտնեմ զայն,- ըսաւ Արմէն հանդարտ, ծովուն կողմ նայելով։
Բադրիշան ծովուն կողմ վազեց, բայց վախցաւ ջուր մտնել, ալիքները արդէն կանթեղը ետ ծովեզերք քշած էին։
Շարունակելի
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն blog-ի վարչութեան հետ: