ԶՐՈՅՑ

ԽԱՉԻԿ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ
Վահէ Օշականը ճանչցած եմ Միացեալ Նահանգներու մէջ, 1976էն մինչեւ իր մահը՝ 2000 թուականին։ Յաճախ միասին եղած ենք, սակայն գրեթէ միշտ բարեկամներու ներկայութեան։ Երեք անգամ երկար խօսած ենք գլուխ-գլխի, առանց ուրիշներու ներկայութեան եւ ընդմիջումներու։
Հանդիպումի առաջին առիթը ներկայացաւ, երբ ինք եւ իր տիկինը՝ Արսինէն, իջեւանեցան Արսինէի մօր տունը՝ համալսարանէս միայն 27 քիլոմեթր հեռու, Ուէթհըրսֆիըլտ քաղաքին մէջ։ Հոն Վահէն եւ ես քալեցինք արուարձանային գրեթէ պարապ փողոցներուն մէջ, զրուցելով նախ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ողբերգութեան մասին, ապա գրականութեան (երկուքս ալ նոյն ճիւղին, բաղդատական գրականութեան տոքթորա ունէինք), սակայն շուտով յստակ եղաւ որ շատ տարբեր մեկնակէտերէ եւ նոյնքա՛ն տարբեր մօտեցումներով կը դասաւանդէինք։ Եւ վերջապէս խօսեցանք հայ մամուլի մասին, որ, ըստ Վահէին, հայ մտքի եւ արուեստի համար միշտ կենսական բայց ոչ միշտ հիւրընկալ վայր մը եղած է։
Մեր յաջորդ գլուխ-գլխի հանդիպումը տեղի ունեցաւ 1979ին, երբ Վահէ մասնաժամ կը դասաւանդէր Իւնիվըրսիթի օֆ Փենսիլվանիա համալսարանին մէջ եւ տիկնոջ հետ կը բնակէր այդ քաղաքի արուարձաններէն Ռատնորի մէջ։ Խօսակցութեան մէկ մասը Հայ Օգնութեան Միութեան հովանաւորած ամառնային հայագիտական դպրոցի մասին էր։ Ես հոն դասաւանդած էի չորս ամառ, 1971–1974, իսկ Վահէն՝ 1978ին եւ 1979ին։ Երկուքս ալ հայ գրականութեան ուսուցիչ եղած էինք, եւ ուրեմն պարտադիր էր փորձառութիւններ բաղդատել։ Միաժամանակ, նորէն խօսեցանք հայ մամուլի դերին մասին, իբրեւ կռուան ու մասնիկ հանրային ոլորտին։ Վահէի հաստափոր աւարտաճառը, գրուած Փարիզ, Սորպոն, արեւմտահայ մամուլի մասին էր – Le Roman Arménien Occidental de 1850 à 1930 et les Influences Etrangères (Paris, 1966) – գիտէի, թէեւ այդ թէզը երբեք չէի տեսած ու չեմ տեսած։ Այդ օրերուն ես ներկայ էի Փարիզի «Յառաջ»ին մէջ, ուր իմ սիւնակներս եւ երբեմն աւելի երկար յօդուածներս լոյս կը տեսնէին, իսկ Վահէն, անշուշտ, ներկայ էր ամէնուրեք՝ յօդուածներով եւ գրախօսականներով։
Այդ խօսակցութեան ընթացքին իրեն պարզեցի գաղափար մը եւ բաւական խակ ծրագիր մը, որ աւելի ուշ կիսեցինք նաեւ Գրիգոր Պըլտեանին հետ, – նպատակս էր ստեղծել մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու համար հաղորդակցական եւ հրատարակչական ցանց մը՝ անկախ օրուան մամուլէն (դեռ թուայնացած աշխարհ չկար…)։ Թէեւ 1979 – 80 տարիներու մեր այդ փորձը չպտղաւորուեցաւ, այդ նախածրագիրը եւ անոր առթած ապարդիւն գործակցութիւնը աւելի սերտ կապ ստեղծեցին մեր երկուքին միջեւ։
Մեր երրորդ եւ ամենէն երկարատեւ հանդիպումը տեղի ունեցաւ 1991ի Դեկտեմբերին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ։ Տիկին Արսինէն այնտեղի հայկական վարժարանին մէջ կը դասաւանդէր, սակայն ինք եւ Վահէն կը պատրաստուէին Սիտնի, Աւստրալիա երթալու, ուր Արսինէին հայկական վարժարանի տնօրէնուհիի պաշտօն առաջարկուած էր։ Օդը զով էր ու արեւոտ, Սան Ֆրանսիսքոյի փողոցները հրապուրիչ, եւ անսովոր, երկար ազատ ժամանակ ունէինք։ Քալեցինք, ճաշեցինք, խօսեցանք։ Ինչպէս Փենսիլվանիոյ մէջ, հոս ալ մեր զրոյցի սկզբնական նիւթը օսմանահայութեան մամուլն ու գրականութիւնն էին, սակայն այս անգամ խօսակցութիւնը ծանրաբեռնուած էր Ամերիկայի մշակութային գիտակարգերը եւ զիս յուզող հարցերով, որոնք մասամբ կը բխէին հայկական իրականութենէն եւ մասամբ Իւրկէն Հապերմասի մտածումէն՝ հանրային ոլորտի եւ հաղորդակցութեան մասին։ Իմ մտածումս արդէն յանգած էր եզրակացութեան մը, որուն խարիսխը երրորդութիւն մըն էր, երեք «հ»եր – հաղորդակցութիւն, որ կը ստեղծէ եւ կը սնուցանէ հանրութիւն մը, եւ որուն վրայ, իր կարգին, կը գոյանայ հաւաքականութիւն մը։ Այդ տարիներուն թէ՛ Իւրկէն Հապերմասի, թէ ալ Պենետիքթ Անտերսընի վարկածները միշտ ներկայ էին, գործունեայ ազդակներ էին մտածումիս մէջ, ըլլա՛յ գրական կամ մշակութային կամ քաղաքական։ Այս նիւթերուն մասին մեր խօսակցութիւնը մեզ բերաւ-հասցուց սա հարցին, – որքանո՞վ անանձնական, առարկայական, հաւաքական են մեզ հետաքրքրող երեւոյթները, եւ ո՞ւր եւ ե՞րբ տեղ կայ ենթակայականին, դեր կայ անձին, անհատին համար եւ յատուկ։ Ինչպէ՞ս կը կերտուին ընկերային ու քաղաքական, ապա նաեւ – Վահէին համար յատկապէս – մշակութային ոլորտներն ու նուաճումները: Ի՞նչ է դերը առարկայական ու հաւաքական տուեալներու եւ ի՞նչ՝ անձնական ձիրքի, տաղանդի, եւ հանճարի։
Մեր բաւական լուրջ խօսակցութիւնը մի քանի վայրկեան դադրեցաւ, Վահէին իսկ պահանջ-խնդրանքով։ «Մտի՛կ ըրէ,- ըսաւ,- այս բոլոր տեսութիւնները անկասկած որ հետաքրքրական են, բայց պէտք է զանոնք կապել հայկական փորձառութեան հետ, – անոնք տեսականօրէն չեն կրնար լուծուիլ։ Տե՛ս՝ ես կը հաշուեմ որ 1914ին մօտ երկու միլիոն հայութիւն կար Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, Օսմանահայութիւն, ինչպէս կը սիրես ըսել դուն։ Ասոնց մեծամասնութիւնը տեղական բարբառ ու թրքերէն կը խօսէր, բայց գիտենք որ Պոլսոյ Կեդրոնականէն մինչեւ Կարնոյ Սանասարեանը՝ ամբողջ ցանց մը կար դպրոցներու, որոնք տուած էին, ըսենք գոնէ 5000 արեւմտահայերէն կանոնաւոր ընթերցողներ, շրջանաւարտներ Պոլսոյ, Իզմիրի եւ գաւառին մէջ։ Անոնցմէ թերեւս 1000ը երբեմն գրիչ շարժող գրոց-բրոցներ էին, յաճախ ուսուցիչներ եւ լրագրողներ։ Գիրք ու թերթ կը կարդային, թուղթ կը մրոտէին, ոտանաւորներ ու նամակներ կը գրէին, գրախօսական կը հրատարակէին, բանավէճերու կը մասնակցէին։ Երբ այդ օրերու մամուլը ուշադիր կարդաս, յաճախ կը տեսնես իրենց ստորագրութիւնները, կամ ալ կը զգաս իրենց անստորագիր ներկայութիւնը։
«Ընդհանրապէս անտաղանդ էին այս անձերը,- ըսաւ Վահէ։ Բնական է։ Բայց նայէ՛, այս մարդիկը այն կենսական, պարարտ, սեւ հողն էին, հիւմըս-ը (humus), ուր բուսան եւ բարգաւաճեցան մեր բարձրորակ գրականութիւնը եւ մշակոյթը։ Առանց այս ենթահողին՝ իսկական գրականութիւն չէր գոյանար։ Եղեռնը մեր մուխը մարեց, ոչ միայն Վարուժան, Սիամանթօ, Զոհրապ սպանելով, այլ գրոց-բրոցներու այս զանգուածը ջարդելով ու ցրուելով։ Մեծ տաղանդը անոնց կարիքը ունէր, ծլելու, աճելու, արտադրելու համար»։
Ինչպէս զիս ճանչցող ամէն մտաւորական բարեկամ նշմարած է, նոթատետրով կը պտտիմ եւ անվարան կը նօթագրեմ, երբ բարեկամներ կը խօսին։ Այս խօսքերը գրեթէ տառացի են, հաւատարիմ Վահէի մտածումին, գործածած արտայայտութիւններուն։
Սրճարան մը նստանք եւ ես ըսի, որ նոր տաղանդներ անշուշտ որ պէտք ունին հիմքի, Վահէին նկարագրած եւ մանր գրողներէ ու մտաւորականներէ բաղկացած պարարտ հողին, բայց թերեւս, երբ անոնք չկան, աւանդութիւններն ու մշակութային ժառանգն են այդ դերը խաղացողները։ Անմիջապէս Վահէն ըսաւ․ «Որքան ալ այս մարդոցմէ ոմանք գրաբար կարդացած էին, քիչ մը Խորենացի, քիչ մը Նարեկ, գրաբարը չէր բաւեր, եւ յատուկ արեւմտահայերէն գրական աւանդ մը չկար՝ որ օգտագործէին։ Իրե՛նք ստեղծեցին այդ, իրենց նուիրումով ու տաղանդով։ Բայց այդ չէին կրնար ընել առանց պարտէզի սեւ ենթահողին, առանց ունկնդիրներու, ընթերցողներու, առանց առօրեայ, ապա նաեւ գրական մամուլին։ Գրոց-բրոցներու մանր ենթակայութիւնները հաւաքականօրէն կը վերածուէին եւ այսօր ալ (1991ին) ուրիշ մշակոյթներու մէջ կը կազմեն առարկայական մէկ նիւթ մը, material մը, որմէ կը բուսնին հանճարաւոր ենթակայութիւնները եւ անոնց ստեղծած արուեստը»։
Ապա խօսեցանք արեւմտահայութեան նոր նուաճումներուն եւ նոր ողբերգութիւններու մասին (Լիբանանի 15 տարի տեւած քաղաքացիական պատերազմի աւերները թարմ էին): Խօսեցանք թէ ինչպէս 1923էն ետք Միջին Արեւելքի մէջ վերակառուցուեցաւ դպրոցներու, մամուլի, պարբերաթերթերու նոր ցանց մը, նոր սեւ ու պարարտ հող մը, որ մեզի տուաւ Ծառուկեանի «Նայիրի»ն, Սիմոնեանի «Սփիւռք»ը, «Բագին»ը, «Շիրակ»ը եւ անոնց էջերով սնած նոր գրականութիւն մը։ 1991ին մենք մեզի հարց կու տայինք, թէ որքա՞ն եւ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար Պէյրութի աւերակներէն վերստին ստեղծել գրականութիւն եւ մշակոյթ խարսխող եւ ստեղծող սեւ հող, նորէն։ Յաջորդող մեր երեսուն տարին կառուցային նոր հարուածներ բերաւ արեւմտահայերէնի երկրորդ օրրանին։ Ներկայիս, աշխարհայնացման եւ թուայնացման մեր այս շրջանին, ո՞րն է ոլորտը եւ վայրը, ուր կարելի պիտի ըլլայ արեւմտահայերէնի առօրեայ կիրառումով պատրաստել օշականեան սեւ հողը։
ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Սիրելի Խաչիկ, արտօնէ՛, որ այստեղ ստորագրութեամբդ գալիք աւարտին տեղ զրոյց մը սկսի, որպէսզի դուրս գայ գրութիւնդ դասական կաղապարէ մը, անցնի դէպի զրոյց, մանաւանդ որովհետեւ գրածդ կը համարեմ միաժամանակ ոգեկոչում մը Օշականին, անոր մտաւորականի ամենակարեւոր մէկ երեսին շեշտադրումովդ, այն մէկուն, որ կը փորձէր (անկախ) մտաւորականը բերել, կախել իր «համայնք»էն, անոր պոչէն կամ գլխէն՝ շատ յստակ չէ։ Նման մօտեցումով մը, նաեւ, ան հաղորդակցութեան մէջ կը փորձէ դնել, վերը իր խօսքին մէջ, «տեսութիւն» եւ «կեանք»․ տեսութեանց յարմարեցումը՝ հայկական փորձառութեան։ Կամ անկէ ալ անդին անցնելով պիտի ըսեմ՝ ստեղծում հայակական փորձառութեան։
Շատ պատահմամբ քանի մը օր առաջ կը կարդայի Օրմանեան Պատրիարքի (այն ատեն՝ վարդապետ) մէկ բանախօսութեան արտագրումը, որ Կ․ Պոլսոյ Բարեսէր Ընկերութեան ներկայացուցած է ան, 1886էն առաջ, «Հայուն անցեալը, ներկան եւ ապագան» խորագրով: Այս գրութիւնը «Ազգային բանախօսութիւններ» (Էջմիածին, 2018) անուն, Օրմանեանի վախճանման 100ամեակին նուիրուած հատորի մը մաս կազմած է, զոր չեմ տեսած։ Իմ ունեցած օրինակս Պէյրութ տպուած է իբրեւ Մատենաշար «Այգ»ի թիւ 36, անթուական։ Կ’երեւի իբրեւ թերթօն լոյս տեսած է համանուն օրաթերթին մէջ։ Շուրջ յիսուն էջերու երկայնքին Օրմանեան կը յաջողի կարեւոր տեսութիւններ ուրուագծել, որոնց անդրադառնալ չէ հոս նպատակս, եւ վերջաւորութեան մօտ կը գրէ հետեւեալը, որ ուշադրութիւնս գրաւեց․ «․․․հայութիւնը ո՛չ գիւղով մը կը պարունակի, ո՛չ քաղաքով մը, ոչ գաւառով մը, մանաւանդ թէ եւ ոչ պետութեամբ մը, ամէն հայ ո՛ւր որ բնակի, ի՛նչ հպատակութիւն որ կրէ, ինչ դաւանութիւն որ ունենայ, ի՛նչ լեզու ալ որ խօսի, վասնզի իրենց լեզուն չխօսողներ ալ կան որ տակաւին հայ են, պէտք է որ յարաբերութեան մէջ գտնուին։ Այդ յարաբերութիւնը այսօր եւս չեմ ուզեր որոշել, գիտեմ որ յայսմ մասին քաղաքական փափուկ կէտ մըն ալ կայ, որ է զանազան պետութեանց քաղաքական եւ իշխանական շահերուն տարբերութիւնը, եւ զայն յարգել արժան եւ իրաւ է, եւ հայն ցարդ ի մասինս անտխեղծ հաւատարմութեան օրինակ եղած է։ Այն յարաբերութիւնը զոր ես կը թելադրեմ, առանց այս շահուց վնասուն ալ կրնայ ըլլալ հայոց մէջ» (էջ 45-46)։
Այս երկար մէջբերումը կատարեցի, ու վերը յիշած երեք «հ»երուդ քով ահա՝ «յ» մը կամ յաւելում մը՝ յարաբերութիւն։ Օրմանեան նաեւ ունի ուրիշ դասախօսութիւն մը՝ «Միութիւն հայութեան», սակայն հոս հետաքրքրական է, որ յարաբերութիւնը կը շեշտէ, որ շատ աւելի արդի կը հնչէ, քան, ըսենք, թերեւս իր չարչրկուելուն իսկ պատճառով՝ «միութիւն»ը։ Պատկանելիութեան բաղադրիչները՝ գիւղը, քաղաքը, գաւառը՝ բնակավայրը, դաւանութիւնը, հպատակութիւնը, լեզուն, անլեզուն – այս տարբերութիւնները յարաբերութեան մէջ ըլլան, կը թելադրէ։ Եւ այդ յարաբերութիւնն է որ ուժականութիւն կը ստեղծէ։ Հապերմասի «Տեսութիւն հաղորդակից արարքի»ին („Theorie des kommunikativen Handelns“) անդրադառնալու առիթ կ’ըլլայ աւելի ուշ։
«Սփիւռքահողը», Սփիւռքի հողը պիտի կոչեմ այդ պարարտ հողը (գիտես, որ Վահէն կ’ըսէր նաեւ՝ «Սփիւռքը երկիր է», կամ «Հայութիւնը շատ աւելի մեծ է քան Հայաստանը», կը խորհիմ՝ ճիշդ աս իմաստով), որուն կարիքը կայ, իբրեւ հում նիւթի, Սփիւռքի մէջ եթէ ոչ իմացական, այլ իմացեալ կեանք մը կազմակերպելու համար։ Այսինքն այդ գրոց-բրոցներու հումուս-ատաղձը, թթուածինը կորիզ մըն է, որ ատակ է արտադրութեան շրջանակը կազմելու եւ արտադրելու ալ։ Առանց արտադրութեան գոյութիւնը կորստական է։ Քանդում, արտագաղթ, քաղաքական ու տնտեսական հարուածներ կը մօտեցնեն կորուստին։ Կը խօսէիք, շուրջ երեսուն տարի առաջ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին մասին ու ահա, երկու շաբաթ առաջ տեղի ունեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստին աղէտը՝ 4 Օգոստոսին․ դարձեալ վախճան, դարձեալ տատամսում, դարձեալ․․․ սկիզբ։ Հողը ճախարակի պէս կը դառնա՞յ։
Պատմական տուեալը, քարը, աւերակը չունիս Սփիւռքի անպատում անապատին մէջ, Հայաստանը տուեալին՝ պատմական կառոյցներուն, պատմութեան վրայ կրնայ ամրանալ կամ քնանալ։ Սփիւռքի մէջ միշտ շարժուն է հողը ոտքերուդ տակ։ Շարժական հողին վրայ ես, Սարաֆեանի Միջերկրականին վրայ պիտի քալես թերեւս։ Սփիւռքի ամրացումներդ կու գան պարարտ հողէն ու անով։ Եթէ հողը մոխրանայ, ունինք փիւնիկի պատմութիւնը պատրաստ։
Իմ հարցումս քեզի պիտի ըլլայ․ պարարտ հողը անքանդելի ու անկողոպտելի՞ է։ Ստեղծումը վերապրումի պարտադրանք չէ՞ ի վերջոյ։
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: