ՅԱԿՈԲ Յ․ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԴԱՐԱԴԱՐՁԸ (1903-2003)

2003 թուականին, ամերիկահայ բանաստեղծ, արձակագիր եւ երաժշտագէտ՝ Յակոբ Յ․ Ասատուրեան (1903-2003) կը դառնար 100 տարեկան։ Դարադարձէն հինգ ամիս ետք ան կը մահանար արդէն։ Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կազմակերպութեամբ դարադարձի հանդիսութիւն մը տեղի կ’ունենար այս առթիւ, 2 Մարտ 2003ին, Նիւ Ճըրզիի Ս․ Թովմաս Հայց․ Եկեղեցւոյ Մխճեան սրահին մէջ։ Յոբելեարին թելադրութեամբ յատուկ հրաւիրեալներ ներկայ գտնուած են հանդիսութեան, գրասէր եւ մտաւորական շրջանակի մը կողքին։

Սոյն հանդիսութեան կազմակերպչական գլխաւոր դերը ստանձնած Զարմինէ Պօղոսեանէն ստացանք ներկայացուող լուսանկարները։ Անոր կը յայտնենք մեր ջերմ շնորհակալութիւնը։

ՀԱՅԵՐԷՆ BLOG

1.JPG
100-րդ
Տարեդարձ
Յակոբ Յ․ Ասատուրեան
2 Մարտ 2003
Ծնեալ Չոմախլու
3 Մարտ 1903

Մատներուդ ծայրէն դարեր կը հոսին․
Մենք ապրումներուդ գերին ենք, Վարպետ,
Հոռովելներէդ սարեր կը խօսին․
Ձայնիդ անարժան քուրմերն ենք, Վարպետ։
Յ․ Յ․ Ա․

2.JPG
Յոբելեարը

3.JPG
Արձակագիր եւ թարգմանիչ Ժիրայր Աթթարեան (1914-2006) կը շնորհաւորէ

4.JPG
Զարմինէ Պօղոսեանի հետ

5.JPG
Հրապարակագիր եւ խմբագիր Անդրանիկ Փոլատեանի (1929-2005) հետ

6.JPG
Ձախէն աջ՝ Ա. շարք․ Յովհաննէս Ոսկերիչեան, Թերեզ Ոսկերիչեան, Յակոբ Ասատուրեան, Սաթենիկ Քաջազ, գեղանկարիչ Քաջազ, տիկին Արմինէ Արազ․

Բ. շարք՝ Յակոբ Վարդիվառեան, Արիս Սեւակ, Ժիրայր Աթթարեան, Զարմինէ Պօղոսեան, տիկին Անասիկ Բուդաղեան, Պրն. Հենրիկ Բուդաղեան, Ռուբէն Պարսումեան, Պերճ Արազ, Միսաք Հայկենց

7.JPG
Ասատուրեանի երկու տղաքը, հարսը եւ երկու աղջիկ թոռները։ Երկրորդ մանչը սայլակի վրայ է։ Հարիւրամեայ հայրիկը կը խնամէր զայն…

 

ԳՐԻԳՈՐ ՄԵՀԹԵՐ

29920296_884169611765039_1765868193_n.png

متعدد شرقيلر بسته كارى، موسيقى شناس شهير كرقور مهتر افندى

[Müteaddid şarkılar bestekârı, musikişinas-ı şehir Krikor Mehter Efendi].

Բազմաթիւ երգերու նուագահիւս, յայտնի երաժշտագէտ՝ Գրիգոր Մեհթեր էֆէնտի

«Մուսավվէր թէրաքքի» («Յառաջդիմութիւն՝ պատկերազարդ»), թերթ արուեստի եւ գրականութեան, լոյս կը տեսնէ Հինգշաբթի օրերը, արտօնատէր եւ տնօրէն՝ Գ. Ֆաիգ, Կ. Պոլիս, Թ. տարի, թիւ 6, Մայիս 1322 [1906]։

 

 

ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

29920148_883735101808490_568131239_n.png

اوتوز سنه قدر بروسه مرخصه لغنده و بوندن اقدم درسعادت ارمنى پطريق قائممقاملغنده بولنمش اولان سر پسقپوس متوفى پارطوغيمئوس افندى

 [Otuz sene kadar Bursa marhasalığında ve bundan akdem Dersaadet Ermeni Patrik Kaimmakamlığında bulunmuş olan serpiskopos müteveffa Partoğimeos efendi].

 Մօտ երեսուն տարի Պուրսայի առաջնորդ եւ անկէ առաջ Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահի պաշտօնը զբաղեցուցած՝ երջանկայիշատակ Բարթողիմէոս  արքեպիսկոպոս էֆէնտի

 «Մուսավվէր թէրաքքի» («Յառաջդիմութիւն՝ պատկերազարդ»), թերթ արուեստի եւ գրականութեան, լոյս կը տեսնէ Հինգշաբթի օրերը, արտօնատէր եւ տնօրէն՝ Գ. Ֆաիգ, Կ. Պոլիս, Թ. տարի, թիւ 2, Ապրիլ 1322[1906