ՀԱՅԵՐԷՆ BLOGը այսօր չորս տարեկան է։
Այս առիթով հետեւեալ նամակը ուղարկեցինք մեր աշխատակիցներուն եւ ընթերցողներուն։
Հիմա մեր կարգն է լռելու։
Բարի քառամեակ։
ՀԱՅԵՐԷՆ BLOGԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Սիրելի աշխատակիցներ, բարեկամ-բարեկամուհիներ,
8 Ապրիլին ՀԱՅԵՐԷՆ BLOGը կը դառնայ չորս տարեկան։ Ձեզմէ կը խնդրենք, որ քանի մը նախադասութեամբ պատասխանէք հետեւեալ հարցումին․
Ի՞նչ է եւ ի՞նչ չէ ՀBը ձեզի համար։
Մեր սպասածները գովք կամ միայն դրական տեսակէտ չեն։ Կը խնդրենք որ անուններ յիշելէ եւ շնորհակալութիւն յայտնելէ ալ խուսափիք եւ բովանդակութեան ու միջուկին անդրադառնաք։ Ինքնածանուցում չէ մեր նպատակը։ Եթէ հարցումը ձեզ կը նեղէ, կրնաք մեր էջին մասին պարզապէս ձեր կարծիքը գրել։
Այս ձեր գրութիւնները պիտի տեղադրենք մեր էջին վրայ։
Կը խնդրենք, որ ձեր գրութիւնը ուղարկէք մինչեւ Կիրակի, 5 Ապրիլ 2020։
Կանխայայտ շնորհակալութիւն։
Բարեւներ՝
ՀԱՅԵՐԷՆ BLOGԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
***
Հայ գրականութեան եւ հրապարակագրութեան նորօրեայ դրսեւորման շնորհակալ աշխատանք կը կատարէք, ուր ամենակարեւորը ազատ արտայայտութեան սկզբունքը պահպանելն ու ըսուելիքը ուղղակի ըսելու բարձրութեան վրայ մնալն է, առանց հաշուի առնելու «զանազան պարագաներ», որոնք հայկական կեանքի յառաջացումը արգելակող եւ հայ հասարակութեան զարգացումը հիմքէն հարուածող ամենաժխտական երեւոյթներն են: Յաջողութիւն:
Յովսէփ Արթինեան
Պէյրութ, 30 Մարտ 2020
***
Ա․ Հայերէն Blogը ամէն հայու ի սպաս, մանաւանդ՝ ի սփիւռս աշխարհի, հայերէն գրելու քաջալերանք է։ Բ․ Միայն գրողներու յատուկ էջ մը չէ Հայերէն Blogը:
Փանոս Ճերանեան
Մոնթրէալ, 30 Մարտ 2020
***
Կը շնորհաւորեմ ՀBի չորրորդ տարեդարձը։ Յարատեւութիւն, յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք։
Խաչատուր Ա․ Քհնյ․ Պօղոսեան
Նիս, 30 Մարտ 2020
***
Հայերէն պլօկին հետ չորս տարի առաջ ճամբորդել սկսայ ու կը մտածէի, որ միայն պիտի գրեմ: Սակայն այնպէս չեղաւ. թելին ծայրը կային մարդիկ: Հակառակ որ զիրար չէինք տեսներ, օրէ օր խորհրդակցութեան ընդարձակ, ծաւալուն շրջանակ մը կը կազմուէր մեր միջեւ: Այս շրջանակը որքան կ’ընդլայնէր, գրելու թափս այնքան կ’արագանար ու դուրս կը թափէին հաւասարութեան, ազատութեան, արդարութեան, գեղեցկութեան գաղափարները, անցեալի եւ ներկայի ապրումները: Հայերէն Պլօկը միայն գրականութեան էջ մը չէ, այլ դպրոց մըն է, ուր կան բազմաթիւ սնունդներ, որոնց պահանջքը զգալի է հոգիին համար, մշտապէս վերականգնած պահելու համար զայն: «Ան ի՞նչ է եւ չէ»ի միջեւ գիծ մը կայ: Այս գիծը ունի իր նպատակը, առաքելութիւնը, սկզբունքը, ուստի «է»: Ազատութիւն կայ այս գետնին վրայ եւ հաւասարութիւն, իր պատշաճ կարգ ու կանոնով կը գործէ ան եւ կ’արտայայտուի արեւմտահայերէն ճշգրիտ ձեւով: Յառաջդիմութիւն կը սկզբնաւորէ, որ արդէն ապրելու եւ ներկայ պայմաններուն քայլ յարմարցնելու հնար միջոցն է: Հայերէն Պլօկ, դալար մնաս եւ տարեդարձդ շնորհաւոր ըլլայ:
Լեռնա Գարագիւթիւք
Իսթանպուլ, 30 Մարտ 2020
***
Խառնիխուռն մտքեր․ ի՞նչ է եւ ի՞նչ չէ
Անակնկալ էր ՀԱՅԵՐԷՆ BLOGի վարչութենէն ստացուած խնդրանքը, բայց նաեւ ակնկալելի էր, որ նման հարցումներ ուղղուին մեզի։ Ես ալ նման կացութիւններու մէջ գտնուած եմ այն օրերուն, այն տարիներուն երբ «Հորիզոն»ի, ապա աւելի երկար ատեն՝ անոր Գրական յաւելուածի խմբագիրն էի. ուզած եմ միշտ, որ կատարած գործիս գնահատումը ընեն աշխատակիցներս, լսեմ իրենց տեսակէտները, քննադատութիւններն ու թելադրանքները։
Հիմա՝ այս խառնակ օրերուն, գուցէ չկարենամ շատ պատշաճ գրութիւն մը մէջտեղ բերել, սակայն կ՚ուզեմ վստահեցնել, որ պիտի փորձեմ հարազատօրէն հաղորդել մտքէս անցած-չանցածը. այդ է վերտառութեանս այդպէս բանաձեւուած ըլլալուն պատճառը։
ՀԱՅԵՐԷՆ BLOGը բազմերես իրողութիւն մըն է։
Անոր գոյութիւնը՝ չորս տարի անընդմէջ գործելը, մանաւանդ մի քանի հաւատաւոր անձերու ճիգերով ու միջոցներով,– որքան ալ շրջապատուած ըլլան անոնք հաւատարիմ աշխատակիցներով,– նշելի երեւոյթ է։ Այդ յարատեւութիւնը օրինակելի պէտք է ըլլայ մտաւորական որեւէ ծրագիր հետապնդողի համար։ Այդ յարատեւութիւնը ցոյց կու տայ նաեւ, որ ուր կայ կամք՝ կա՛յ նաեւ իրագործում։
Աշխատակիցներու լայն շրջանակն ալ երեւոյթ մըն է, որ կարելի չէ անտեսել։
ՀԱՅԵՐԷՆ BLOGը ապացոյց մըն է, թէ արեւմտահայերէնը կա՛յ, կ՚ապրի՛, կը խօսուի, կը գրուի ու կ՚ընթերցուի՝ ի դէմս բոլոր այն երեմիականներուն, որ անոր վերջը կ՚ողբան։
Վերջապէս անոր առցանց ձեւաչափը ապացոյց մըն է նաեւ, որ յառաջատա՛ր նախաձեռնութիւն մըն է ան։
Բայց անցնինք այս կայքէջին աւելի շօշափելի յատկանիշներուն։
Աշակերտներուն համար փորձադաշտ մըն է ան։ Բախտաւոր են այդ պատանիները, որ այսպէս լայն բեմ մը կ՚ընծայուի իրենց՝ գրական առաջին փորձերը հանրութեան մատչելի դարձնող։ Երանի վաղը տեսնենք անոնց հաստատ քայլերով մուտքը հայ գրականութեան անդաստանէն ներս։
Աշխատակիցներէն շատերու համար եւս կայքէջը նախադուռ մըն է ամենէն առաջ, գաւիթ մը՝ հայ գրականութեան տաճարէն ներս առաջնորդող։ Ոմանք հոն ալ կրնան մնալ, բայց ուրիշներ անպայման պիտի անցնին անկէ ու մտնեն ներս։ Մաղթենք որ շատ ըլլան անոնք։
ՀԱՅԵՐԷՆ BLOGը նաեւ ժամադրավայր մըն է, հանդիպման վայր մը, որ կրնայ տակաւին ա՛լ աւելի աշխուժանալ, եթէ առցանց հաղորդակցելու յարմարութիւնները զարգանան, իսկ եթէ արդէն կան՝ այցելողնե՛րը հմտանան անոնց գործածութեան մէջ։
Ինծի համար առաջին հերթին հրատարակչական մըն է ան, առցա՛նց հրատարակչական մը անշուշտ, որ գրողները կ՚ազատագրէ իրենց գործերը տպագիր հրատարակելու համար բարերարներ ճարելու տաղտուկէն, իրենց գործերը բաշխելու ալ տարապարհակ աշխատանքէն։ Այդ առիթը ինծի ընծայուած ըլլալուն՝ 14 հատորներէս 11ին այնտեղ զետեղուած ըլլալուն համար միշտ կը մնամ երախտապարտ։
Վերջապէս գանձարան մըն է ան, ոչ միայն գրական փորձերու, այլեւ գրականագիտական, մշակութաբանական ու այլ առնչեալ ոլորտներու։ Յաւելեալ միջոցներով ու դասաւորումով կրնայ նոյնիսկ հանրագիտական բնոյթ ստանալ։
Այդ ցանկութեամբ ալ փակեմ այս «խառնիխուռն» մտքերը՝ նաեւ արեւշատութիւն մաղթելով կայքէջին ու անոր կերտիչներուն։
Վրէժ-Արմէն Արթինեան
Մոնթրէալ, 31 Մարտ 2020
***
Բոլոր մասնակիցներուն եւ աջակցողներուն վարձքերը կատար:
Սեպուհ Պաղտոյեան
Վիեննա, 31 Մարտ 2020
***
http://www.hayerenblog.wordpress.comը արդէն 4 տարեկան է, որն արեւմտահայերէնի անցեալի վերարժեւորման, ներկայի զարգացման եւ ապագայի տեսլականով յուսավառուած մի կայքէջ է։ Այս կայքէջի գործունէութիւնը ոչ միայն նոր շնչառութիւն ու կենդանութիւն է հաղորդել արեւմտահայ մշակոյթի, հայ գրականութեան, հայ ազգագրութեան եւ յատկապէս լեզուի փիլիսոփայութեան մտածողութեանը, այլ նաեւ հայեցակարգային մօտեցում է դրսեւորել այդ ամէնի թէ՛ պահպանմանը եւ թէ՛ զարգացմանը։ Մագաղաթեայ դարերից մեզ հասած հոգեւոր ժառանգութիւնը բիւրեղանում եւ փոխանցւում է սերունդներին հրաշալի այս նախաձեռնութեամբ, որի համար շնորհաւորանքներս ու շնորհակալութիւններս ամէնքիդ։
Եղիշէ Վարդապետ Աւետիսեան
Բերլին, 31 Մարտ 2020
***
Սուսուփուս, առանց մեծ աղմուկի ստեղծուած «Հայերէն blog»ը արեւմտահայերէն գրական եւ մտաւորական մշակոյթ կենսաւորող հարթակ մըն է: Կարճ ժամանակի ընթացքին յաջողած է իր շուրջ համախմբել 200է աւելի աշխատակիցներու եւ աշակերտներու վիրտուալ համայնք մը, որ իր բազմալեզու եւ բազմամշակոյթ առօրեայ կեանքին առընթեր արեւմտահայերէնով կը մտածէ, կը գրէ ու կը ստեղծագործէ: Իրապաշտ պիտի չըլլար մտածել, որ «Հայերէն blog»ը կամ նման ծրագիրներ պիտի կրնան արեւմտահայերէնի «վտանգուած լեզու» ըլլալու կարգավիճակը մօտիկ ապագային զգալիօրէն փոխել: Բայց եւ այնպէս, յոյս կը ներշնչեն, որ ստեղծագործութեամբ, գործքով եւ գործնական քայլերով կարելի է «վտանգ»էն դէպի «ապահովութիւն» տանող ուղիներ բանալ:
Հրաչ Չիլինկիրեան
Օքսֆորտ, 31 Մարտ 2020
***
Նշանակալից ու բարձր գնահատանքի արժանի է «Հայերէն Պլօկ»ի առաքելութիւնը, որպէս արեւմտահայ գրականութեան ու մշակոյթի սպասաւոր արեւմտահայերէնի նահանջին դէմ պայքարի գործընթացքին բերած անոր ծառայութիւնը:
«Հայերէն Պլօկ» հաւատարիմ մնալով արեւմտահայ գրականութեան ու դասական ուղղագրութեան չորս տարիէ ի վեր կը շարունակէ իր սրբազան ծառայութիւնը, իր ուսերուն վրայ կրելով ծանր լուծ մը։ Ամենաջերմ զգացումներով սրտանց կը շնորհաւորեմ «Հայերէն Պլօկ»ի 4ամեակը, մաղթելով ծառայութեան երկար տարիներ: Կը շնորհաւորեմ մասնաւորաբար հիմնադիրը, խմբագիրները, թղթակիցները. բոլորին վարձքը կատար ու գրիչնին անսպառ թող ըլլան։
Սարգիս Ատամ
Վայլպուրկ (Գերմանիա), 31 Մարտ 2020
***
Իմ ասելիքը դրուատանք պիտի լինի, այս լարուած օրերին տուրք տալ գրականութեանը, պայքարել յանուն հայ լեզուի պահպանման, յղկման ու յարատեւման, իրօք գովեստի է արժանի:
Կոլիա Տէր Յովհաննիսեան
Լոս Անջելես, 31 Մարտ 2020
***
Չորս տարիէ ի վեր ձեր կատարած աշխատանքը մեծապէս ողջունելի է։ Դուք ազգօգուտ աշխատանք է որ կը կատարէք, որուն արդիւնքը պիտի տեսնենք ազգովին։
Վստահ եմ, որ մեր ժողովուրդը պիտի արժեւորէ հսկայածաւալ, տքնաջան, սուրբ աշխատանքնիդ։ Պատիւը ունեցած եմ ձեր կայքէջին մէջ գրութիւններս տեղադրուած տեսնելու ու մանաւանդ չեմ մոռնար Իշխան Չիֆթճեանի տաժանակիր աշխատանքը գրութիւններս սրբագրելով ընդունելի դարձնելու ընթերցողին, որուն համար ոչ միայն շնորհակալ եմ, այլեւ երախտապարտ եմ ի սրտէ։
Յարգելիներ, վստահ եմ որ ձեր առաքելութիւնը պիտի շարունակէք ի յայտ բերելով նոր գրիչներ։ Նորեկ գրողներու հանդէպ ձեր ուշադրութիւնը եւ հոգատարութիւնը ամբողջական քաջալերանքի արժանի է։ Խորին յարգանքս արժանաւորներուն, Մեսրոպերէնի պահակներ եւ պաշտպաններ, բարի երթ ձեր լուսափայլ ու նպատակասլաց ճամբուն։ Շնորհաւոր Ութը Ապրիլի ձեր տօնը եւ շնորհակալութիւն բոլորին։ Վստահ եմ, որ ազնիւ մշակը արժանի է իր վարձքին։
Յովհաննէս Հելվաճեան
Պէյրութ, 1 Ապրիլ 2020
***
«Հայերէն Blog»ի չորրորդ տարեդարձին ուրախ առիթով, կ’ուզեմ երախտագիտութեան խօսք եւ բարեմաղթութիւններ յղել անոր անձնակազմին եւ յատկապէս ժրաջան խմբագիրին:
Արեւմտահայերէն սիրողներուս, կիրառողներուս եւ անոր ապագայով մտահոգուողներուս համար «Հայերէն Blog»ը յուսադրող փաստ մըն է: Անոր ներկայութիւնը խրախուսիչ է: Աւելին՝ ան կը վկայէ, որ հետեւողական աշխատանքով կարելի է ընդդիմանալ արեւմտահայերէնին սպառնացող վտանգին:
Գալով բովանդակութեան, նախ ըսեմ, թէ բարձր կը գնահատեմ Blogին անկախութիւնը: Նիւթերը բազմազան են եւ անոնք յաճախ կը բխին անաչառ, անկաշկանդ եւ յանդուգն գրիչներէ, որ հազուագիւտ գովելի յատկութիւն մըն է ներգաղութատիրական ճնշումներով մեծցած սփիւռքահայերուս համար:
Ուշագրաւ են զուարթախոհութեամբ եւ սրամտութեամբ համեմուած յօդուածներն ու տոմսերը, որոնք ընթերցողը կը մղեն խորհրդածելու:
Յաջողութեան մաղթանքներով՝
Հարրի Դաւիթեան
Սիտնի, 1 Ապրիլ 2020
***
Նախ սրտանց շնորհակալութիւնս՝ որ կանոնաւոր կերպով կը ղրկես Հայերէն Պլօկը։
Մեծապէս գնահատելի կը գտնեմ այս ձեռնարկը, պատմական այնպիսի հանգրուանի մը՝ երբ արեւմտահայերէնը բացայայտօրէն վտանգուած լեզուատարբերակ մըն է։
Դիտմամբ չեմ ըսեր լեզու, քանի որ անձնապէս ջերմ ջատագով եմ հայերէն լեզուի
միութեան, քանի որ լեզու մը բնորոշող առաջին տարրը բառամթերքն է, ինչպէս կը
հաստատէ նաեւ մեծ լեզուաբան Մարտինէ։ Բայց ակնյայտ իրողութիւն է նաեւ որ այսօր, յատկապէս արեւելահայերէնի մէջ, բառերու իմաստաբանական (սեմանտիկ) դաշտը յարատեւ, մանաւանդ թէ յարաճուն սաhանքի մէջ է, ինչ որ կրնայ մեծապէս ազդել յիշեալ միութիւնը տկարացնելու կամ նոյնիսկ հարուածելու։
Նորաբանութիւնները ուրիշ հարց են։ Այսօր յաճախ ասոնք ալ կը սերին գրեթէ
անհաղորդ կերպով արեւելահայ եւ արեւմտահայ իրականութիւններուն մէջ։
Այս ուղղութեամբ կը խորհիմ, որ Հայերէն Պլօկը կրնայ օգտակար դեր մը կատարել եւ
կը կարծեմ թէ կը կատարէ արդէն, բայց կարելի է աւելի գիտակից եւ նպատակադէտ
դարձնել այս գործընթացը։ Զարմանալի է, որ ԺԹ․ դարուն, երբ մեծագոյն մասամբ կը պակսէին հաղորդակցութեան ներկայ միջոցները, նորակերտ կամ նոր իմաստներ բեռցուած հին բառերը, ինչպէս «հրացան», «ատրճանակ» եւ այլն, հասարակաց կալուած դարձած են արեւմտահայ եւ արեւելահայ բառամթերքին, մինչ այսօր դժուար է նոյնը հաստատել, գոնէ ընդհանուր առմամբ, նորաբանութիւններու պարագային։
Ուրիշ հարց է անշուշտ «արդիականութեան» ի խնդիր՝ քերականութեան, թէ՛
ձեւաբանութեան, թէ՛ շարահիւսութեան, ինչպէս եւ ուղղագրութեան դիտումնաւոր եւ
մեթոդիկ խախտումը, թէկուզ երգիծական նպատակներով, ինչ որ տեղի կ’ունենայ թէ՛արեւելահայ, թէ՛ արեւմտահայ հատուածներուն մէջ։ Դժուար է կռահել անշուշտ՝ թէ այս երեւոյթին ծայրը ո՛ւր կը յանգի։ Բայց մանաւանդ արեւմտահայերէնի պարագային, որ արդէն ըստ ինքեան վտանգուած լեզու մըն է, կրնայ տկարացման գործընթացը, նոյնիսկ այլասերման ծանրացնել, առանց նոր գլուխ գործոցներ տեսնելու գէթ մասամբ ցաւը փոխարինող մխիթարութեան։
Արեւելահայերէնը ունի նաեւ յաւելեալ հարց մը․ այն է՝ ընտիր, նաեւ պերճ լեզուի
կողքին, որ բարեբախտաբար ունի տակաւին իր լաւ եւ երդուեալ պահակներն ու
մշակները, շատ յաճախ կը հանդիպինք սլենգին, մայթաբարբառին, որու ազդեցութիւնը, յատկապէս ֆիլմաշարերու միջոցով, արդէն շատ զգալի է։ Երեւոյթ մը, զոր պէտք է, կը կարծեմ, հունաւորել, կերպաւորել, ձեւաբանել, նկատելով «ձեւ»ը, որ սոսկ տարազ չէ, իսկական արուեստին ամէնէն բնորոշ բաղկարարներէն մէկը։ Հուսկ ըսեմ որ, այս բոլորին նկատմամբ ո՛չ կոյս, ոչ ալ բոլորովին խոպան դաշտի մը մէջ կը գտնուինք։
Ունինք բացառիկ, փաստուած, ինքզինք հաստատած օրինակ մը՝ Գրիգոր Պըլտեանի մշակած գրականութիւնը։ Կրնայ օրինակ հանդիսանալ նոր սերունդներուն։
Յիշեալ երկու երեւոյթներուն ալ նկատմամբ կը խորհիմ, թէ պլօկը կրնայ օգտաւէտ դեր մը ստանձնել։
Բնականաբար շատ ու շատ բան կայ ըսելիք, հետազօտելիք, վիճարկելիք։ Ուզեցի միայն քանի մը խորհրդածութիւն կիսել, մանաւանդ սրտիս աւելի մօտիկ լեզուահարցերու մասին։ Արդէն պլօկդ այս նպատակով եղած է։ Կը ցաւիմ որ, ժամանակի բերմամբ, ի վիճակի չեմ գործօն մասնակցութիւն բերելու պլօկին։ Բայց ի սրտէ կը մաղթեմ շարունակութիւն, յարատեւութիւն եւ յաջողութիւն։
Սիրով, աղօթքով եւ օրհնութեամբ՝
Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զեքիեան
Իսթանպուլ, 1 Ապրիլ 2020
***
մէկը լաստով
միւսը նաւակով
ելած են
բաց ծով
նաւահանգիստը
հորիզոնէն անդին
անհետացած
սակայն պատրանքին
ամուր փարած
կը նաւարկեն
ու կը ճեղքեն
կապոյտը հաւատքին
կղզիներ
կը յայտնուին
ահաւասիկ
կղզի մը
ինքնիշխան
ուր կը հանդիպին
նաւավարները
կապոյտով արբած
ու կը բացուին
ճամբրուկները
կապոյտէն ելած
եւ ահա
պատմութիւններ
հինէն նորէն
պատմութիւններ
հոսկէ հոնկէ
թեւեր առած
կը թռչին
մինչեւ պատրանքը
հորիզոնէն անդին
անահիտ Սարգիսեան
Փարիզ, 1 Ապրիլ 2020
***
Ցաւօք, ժամանակի սղութեան պատճառով, ես թռուցիկ եմ հետեւում այդ բլոկին, չնայած անկեծօրէն հաւանում եմ:
Հաւանում եմ եւ շնորհաշատ հեղինակներին, եւ ի հարկէ նրանց գրուածքները:
Իմ կարծիքով որակը բարձր է, մեր ժամանակների համար նոյնիսկ զարմանալի բարձր:
Նրբաճաշակ, մեղմ ու հաճելի լեզուով է գրւում ամէն ինչ:
Մինչդեռ, իմ՝ ոչ պրոֆեսիոնալի կարծիքով, ժանրերի տարանջատումը՝ բաժանումը, մի գուցէ դրական դեր կատարէր. ասենք երեխաների գրածներն հրապարակել «Հայերէն Բլոկ դեռահասների համար», կամ մի այլ անուանումով:
Բացի դա, մեր դարն ապացուցում է, որ կայ ճաշակի համընդհանուր անկում, ինչը ենթադրում է գրել էլ աւելի պարզ լեզուով, ինչպէս ասենք թերուսների համար, որոնք, որպէս ընթերցողներ, նոյնքան իրաւունքներ ունեն, որքան ամենագերգրագէտ ընթերցողները:
Խորհուրդ տալ ձեզ, «ստորին» խաւի համար, ձեր նիւթերում, երբեմն, ընդգրկել հայհոյանքներ եւ կամ «գօտկատեղից ցածր» գտնուող թեմաներ, ես զերծ կը մնամ, չնայած հէնց այդպիսի նիւթերն են աւելի շատ կարդացւում:
Եզրափակեմ. ընդհանուր առմամբ, անձամբ ես շատ եմ սիրում արեւմտահայ մեղեդիկ՝ մելոդային լեզուն եւ հրաշալի գրականութիւնը:
Եւ ողջունում եմ ձեր ջանքերը, որոնք դուք անում էք մեծ սրտով եւ սիրով, եւ դէպի հեղինակը, եւ դէպի ընթերցողը:
Կը ներէք, եթէ յախուռն (սումբուռ) ստացուեց, բայց կարծիքս եւ համակրանքս լիովին անկեղծ են:
Ողջ եղէք, յարգանքներիս հաւաստիքը:
Սիրեկան Սուքիասեան
Սանկտ-Պետերբուրգ, 1 Ապրիլ 2020
***
Իմ գաղափարովս «Հայերէն blog»ը ոչ միայն կայքէջ, այլեւ Սփիւռքը եւ Կ. Պոլիսը իրարու կապող կամուրջ մըն է։ Գետին մը, ուր մարդիկ իրենց մայրենիով կ’արտադրեն եւ միաժամանակ առիթը կ’ունենան կարդալու տարբեր տեսանկիւններէ գրի առնուած գրութիւններ։ Կը ծանօթանան տարբեր գաղութներէ անձերու հետ։
Այս կայքէջը գոյնզգոյն նկար մըն է, որ կազմուած է զանազան գծագրիչներու վրձինի հարուածներէն։ Այսպիսով ընթերցողը իր ճաշակին եւ կամ այդ օրուայ հոգեվիճակին համեմատ գրութիւն-յօդուած մը կրնայ գտնել։
Իսկ երիտասարդ սերունդին համար ալ յոյս եւ քաջալերանք մըն է, որովհետեւ blogին շնորհիւ արեւմտահայերէնով գրի կ’առնուին զանազան նիւթեր, որոնք կը զբաղեցնեն օրակարգը։
Կարելի է, որ երիտասարդ ընթերցողներուն թիւը բարձրացնելու համար նոր միջոցներ փորձուին։
Վերջապէս կ’ուզեմ մատնանշել, որ այս կայքէջին մէջ գրելու առիթը ունենալ ինծի համար պատիւ մըն է։ Նախ կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել պրն. Իշխան Չիֆթճեանին եւ տիկին Սօսի Միշոյեան Տապպաղեանին, որոնք սիրայօժար կ’աշխատին blogին համար․ շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր գրողներուն։
Մելիսա Ֆերահեան
Իսթանպուլ, 1 Ապրիլ 2020
***
Հայերէն Պլօկը բեմ մըն է, ուր աշխարհի չորս կողմէն հայեր կը միանան ու իրենց ապրումները, միտքերը, ցաւերն ու զգացումները համարձակ կ’արտայայտեն:
Հայերէն Պլօկը արեւմտահայերէն լեզուի տարածման ու զարգացման մղիչ շունչ է, որ համացանցի միջոցաւ մեր տուները մուտք գործեց:
Հայերէն Պլօկը թաքնուած ձիրքերը քաջալերող, փոքրիկներն ու պատանիները գրելու ու կարդալու յորդորող ուժ է:
Ամէն տարիքի ու ճաշակի գրութիւններ կը հրամցուին մեզի:
Այսուհանդերձ, երբեմն Հայերէն Պլօկը կը նմանցնեմ խճողուած ու տեսակաւոր ապրանքներով լեցուն շուկայի, ուր շատերը մեծ հաճոյքով կը շրջին ու իրենց փնտռածը յարմար գիներով կը գտնեն: Այս շուկան կը ներկայացնէ տեղւոյն բնութեան կերպարանքը: Իսկ անդին, կան շռայլ ու շքեղ ցուցափեղկերու մէջ տեղադրուած աշխարհահռչակ ցուցանիշերով ապրանքներ, որոնց գիները իսկական արժէքէն բարձր են ու ոչ բոլորին գրպաններուն համապատասխան:
Ի վերջոյ նախընտրութիւնը ճամբայ ելողինն է:
Ծնունդդ շնորհաւոր, Հայերէն Պլօկ, դեռ շատ երկար տարիներ պիտի վայելենք զիրար:
Ծովիկ Կարապետեան
Տեն Հաակ, 1 Ապրիլ 2020
***
Ողջունում եմ Հայէրեն blogի տարեդարձը եւ առաւել մեծ ձեռքբերումներ մաղթում։ Երախտապարտութիւնս այն կեանքի կոչողներին։
Հայէրեն blogը, որպէս համացանցային երեւոյթ, ինձ համար էական դեր ունեցող կայք է մի քանի առումներով։
Նախ՝ ինքնատիպ է իր տեսակով եւ բովանդակութեամբ, ընդգրկուն է եւ ճանաչողական մեծ նշանակութիւն ունի։
Հնարաւորութիւն է տալիս ծանօթանալու եւ ընթերցելու արեւմտահայերէնով ստեղծագործող մեր օրերի հեղինակներին։
Տեղադրում է գեղեցիկ թարգմանութիւններ տարբեր լեզուներից կամ գրաբարից, հետաքրքիր փաստագրական եւ գեղարուեստական նիւթեր ներկայացնում՝ մեր երախտաւորներին։
Եւ ամենակարեւորը, թերեւս ինձ համար, հնարաւորութիւն է տալիս լրացնելու արեւմտահայերէնի իմացութեան այն բացը, որը մենք խորհրդային տարիներին ուսումնառութեան ընթացքում չկարողացանք պատշաճ մակարդակով ուսումնասիրել եւ լիարժէքօրէն տիրապետել։
Իսկ արեւմտահայերէնը ինձ համար նոյնքան սիրելի է եւ ընդունելի, որքան արեւելահայերէնը։ Ի վերջոյ, չէ՞ որ նրանք նոյն մարմնի երկու թեւերն են։
Ալվարդ Յովսէփեան
Երեւան, 1 Ապրիլ 2020
***
Ըստ իս Հայերէն Պլօկը «է». Անի Պարոնեանին զբօսապարտէզն է: Պարտէզ մը, ուր երբ ուզեմ՝ կ’ելլեմ, կը խաղամ, խելքիս ի՛նչ փչէ՝ ան կ’ընեմ ազատ-համարձակ: Միայն պարոն տնօրէն մը ունիմ, որ ատեն-ատեն մեղմ, սակայն հրահանգիչ ոճով կ’ըսէ. «Հոս պարապ վախտի խաղավայր չէ, հայտէ սանկ մէյ մը չափէ, չափչփէ, պարտէզին պարապ անկիւնները ծաղիկ տնկէ, որպէսզի պարտէզը հարստանայ»:
Ըստ իս Հայերէն Պլօկը «չէ՞»: Դժուար է այս հարցումին պատասխանել, քանի որ ես անձամբ չունիմ այլ պարտէզ ուզածներս ընելու: Անշուշտ կան Վերսայի կամ Թուիլէրիի նման պարտէզներ, ուր արգիլուած է իմ նմաններուն զբօսանք կատարելը:
Անի Պարոնեան
Իսթանպուլ, 1 Ապրիլ 2020
***
Հայերէն Պլօկ էջը հայերէն լեզուն եւ գրականութիւնը լուսաւորող նորաձեւ փարոս մը դարձաւ եւ բերրի դաշտ մը: Ան դարձաւ աշակերտներուն մէջ խանդավառութիւն ստեղծող, ծնողներուն ուրախութեան եւ հպարտութեան նոր առիթ մը: Նաեւ եղաւ մրցակցութեան պատճառ: Աշակերտներ, երբ ծուլութեամբ հազիւ ամիսը մէյ մը շարադրութիւն մը կը գրէին, դարձան աւելի աշխոյժ, ժրաջան, պարտաճանաչ եւ դասապահերու ընթացքին բառակազմութեան մէջ աւելի բծախնդիր: Նաեւ մեզի համար ան դարձաւ գրական նոր դէմքերու հետ ծանօթանալու, գրական նոր ճաշակներ կարդալու, զարգանալու, տարբեր երկիրներ ապրող մանուկներու գրութիւնները կարդալու եւ զանոնք քաջալերելու, ինչպէս եւ ստեղծագործելու առիթ: Իսկ մենք հասուննալով պիտի դառնանք աւելի պատասխանատու անձեր, եւ աւելի պատրաստ՝ մայրենի լեզուն հասցնելու աւելի ապահով խարիսխ:
Անոյշ Քէօրօղլեան Մարաշլեան
Դամասկոս, 1 Ապրիլ 2020
***
Կը հետեւիմ ներկայացուած նիւթերուն: Հետաքրքրական մօտեցում, մտածելակերպ եւ վերլուծում կը գտնեմ գրութիւններուն մէջ: Տպաւորուած եմ՝ հակառակ անոր որ արտայայտուած կարծիքներէն ոմանք կրնամ չբաժնել: Կը նկատեմ թարմ շունչ մը, հարցերը նոր անկիւնէ տեսնելու եւ վերլուծելու մօտեցում մը՝ որ տաք հացի բուրմունք ունի: Ուրախ եմ հետեւելու Հայերէն Պլօկին, որուն համար միայն կրնամ շնորհակալ ըլլալ: Համաձայն եմ ձեզի հետ, որ լեզուն գրելով, խօսելով կը զարգանայ, եւ դուք լեզուն (արեւմտահայերէնը) կենդանի պահող եւ զարգացնող բեմ ստեղծած էք՝ որ հպարտութիւն է: Ձեզի կը մաղթեմ յարատեւութիւն եւ կորով՝ մանաւանդ խանգարողներու ազդեցութենէն հեռու մնալու համար…
Եսայի Հաւաթեան
Այնճար (Լիբանան), 1 Ապրիլ 2020
***
Շարունակութիւն
Weblogը՝
անվայր օրագրութիւն
զօրութենական միջոցում
օրեր է ստեղծում արեւմտահայերէնով՝
հազարից աւելի։
Եւ ի միջի այլոց կեանքով
մեր ուշադրութիւնը սրում
ուշով ու յուշով։
Վազրիկ Բազիլ
Դրեզդեն (Գերմանիա), 1 Ապրիլ 2020
***
Ոչ միշտ, բայց շատ անգամ, գրառումներու ոտքի հարուածները այնքան տեղին, ուժգին եւ ուղղուած կ’ըլլան նպատակաբերդին, որ տեղէս վեր ցատկելով, «Blog»ը շրջելով կը վերածեմ «Golb»ի եւ կարդալով անոր առաջին երեք տառերը միայն՝«ԿՕԼ» կը պոռամ։
Յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն։
Եզնիկ Բալիկ
Սան Ֆրանսիսքօ, 1 Ապրիլ 2020
***
Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ յաճախ օրակարգի վրայ կու գան արեւմտահայերէնի նահանջի մասին ոչ-յուսադրիչ արտայայտութիւններ, որոնց ի պատասխան «Հայերէն Blog»ը կու գայ յայտնուիլ իր յուսադրիչ ներկայութեամբ հայ գրականութեան եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի նկատմամբ որդեգրած առողջ կեցուածքով։
Թէեւ միշտ առիթը չենք ունեցած մանրազննին հետեւելու կայքէջին, սակայն մեր հետեւած չափով արդէն իսկ համոզում գոյացուցած ենք, թէ «Հայերէն Blog»ը կերպով մը կ՚ընթանար այն գիծով, զոր որդեգրած էին 1877ին կազմուած «Ընկերութիւն Ազգային Մատենադարանին Հայոց»ի հիմնադիր անդամները։ Այս ընկերութեան առաջադրանքը իրականացած էր Ղալաթիոյ Ազգային Մատենադարանի հիմնադրութեամբ, ուր կը հաւաքուէին ձեռագրեր, հայ եւ օտար տպագրութեանց հաւաքածոներ, հին դրամներ եւ հնագիտական նիւթեր։ Այս մատենադարանին մէջ բացուած էր «Հայկազեան Կաճառ»ը, որ թէեւ ունեցած էր միամեայ կարճատեւ գործունէութիւն, նպատակադրած էր հետազօտել այն ամէն ինչ որ կը պատկանէր հայութեան անցեալին ու ներկային։
«Հայերէն Blog»ը ուստի արժանի է գնահատանքի իր գործունէութեան գծով։ Մեր շնորհաւորութեան սրտի խօսքին կարգին շնորհակալութիւն կը յայտնենք եւ յարաճուն յաջողութիւններ կը մաղթենք բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումով կայծեր կ՚աւելցնեն «Հայերէն Blog» կայքէջին։
Աղօթարար՝
Գրիգոր Ա․ Քհնյ․ Տամատեան
Իսթանպուլ, 2 Ապրիլ 2020
***
Բարի չորրորդ տարեդարձ, Հայերէն Պլօկ, քեզի կը մաղթեմ երկար տարիներ եւ յաջողութիւն։ Քու միջոցով կարող եղայ ճանչնալու եւ գիտնալու, թէ որքա՜ն անձեր կան, որոնք կը գրեն, կը կարդան ու կը հետաքրքրուին արեւմտահայերէնով:
Սիլվի Պալեան
Շթութենզէ (Գերմանիա), 2 Ապրիլ 2020
***
Արեւմտահայերէն բովանդակութիւն ունեցող համացանցային էջերը, բացի մամուլէն եւ պաշտօնական էջերէն, շատ քիչ են՝ յատկապէս ընկերային ցանցերու մէջ: Հայերէն Պլօկը կը համարեմ այս պակասութիւնը լրացնելու համար կատարուող յաջող ձեռնարկ մը, որ կը համախմբէ արեւմտահայերէն գրողները եւ յարմար առիթ կը ստեղծէ նոր կապերու հաստատման: Իսկ Պոլսոյ պարագային, ուր լեզուն, ինչպէս յայտնի է, զգալիօրէն նահանջած է, այսպիսի ձեռնարկ մը հնարաւորութիւն կու տայ ինծի պէս թերավարժ գրողներուն՝ արեւմտահայերէնը զարգացնելու:
Ճան Էրզուրումլուօղլու
Իսթանպուլ, 2 Ապրիլ 2020
***
«Ի՞նչ է եւ ի՞նչ չէ ՀBը ձեզի համար» ազնիւ հարցին ուզում եմ ազնիւ պատասխան տալ: Սկզբում՝ թէ ինչ չէ՛, աւելի ճիշտ՝ թէ ի՛նչն է ինձ խանգարում, երբ կարդում եմ ՀBը: Ինձ խանգարում է նրա ՀB անուանումը: Երկուական է, մեսրոպատառ «Հ»ին յաջորդում է լատինատառ «B»: Թէեւ սրամիտ է, եւ ես էլ հումորի զգացումից զերծ չեմ, այսուհանդերձ ուզում եմ այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնն ընկալել ոչ թէ արդի բլոգ բառի տակ, այլ հին բարի հայկական ամսագրերի վերնագրերով, օրինակ՝ Նոյի աղաւնի…
Ինչ վերաբերում է այն հարցին, թէ ի՛նչ է ինձ համար ՀBը, նրա պատասխանը աւելի հեշտ է գտնել, քանզի այն բխում է իմ նախորդ մտահոգութիւնից: Ինձ համար ՀBը իսկապէս մի Նոյի աղաւնի է, որը ոչ միայն տեղեկացնում է ինձ աշխարհում հայութեան նորութիւնների մասին, այլեւ պահպանում է հայոց գրաբարեան լեզուի գանձն արդի գրական եւ խօսակցական արեւմտահայերէնում եւ օրինակ է ծառայում արեւելահայերէնի համար: Ուստի ինձ մնում է միայն Մովսէսի խօսքերով ասել.
«Վասն որոյ ոչ միայն գովել արժան է զքեզ, այլ եւ ի վերայ քո աղօթել՝ առ ի լինել քեզ միշտ այսպիսի»:
Վահագն Աբգարեան
Երեւան, 2 Ապրիլ 2020
***
Ամէն մարդ չէ օժտուած գրելու յատկութեամբ, շատեր կան, որոնք մտքի մէջ այնքան հարուստ եւ գեղեցիկ նիւթեր ունին, բայց կարողութիւն չունին իրենց մտքերը թուղթին փոխանցելու, եւ եթէ քիչ մը կարողութիւն ունին գրի առնելու, համարձակութիւնը չունին ուրիշին ցոյց տալու, թէ ի՛նչ գրած են, եւ եթէ համարձակութիւնը ունին ուրիշին ցոյց տալու իրենց գրածը, հնարաւորութիւնը չունին գրածնին հրատարակելու եւ լայնածաւալ բաժնելու:
Հայերէն Պլօկի կատարած կարեւոր դերը․
1. Գրել փափաքողներուն ճամբայ բանալ եւ այդ ճանապարհը հարթել:
2. Զարգացնել լեզուն․ Հայերէն Պլօկը դաստիարակչական-գեղարուեստական դաշտ մը ստեղծած է, տեղադրելով զանազան հետաքրքրական նիւթեր, սկսած դպրոցական աշակերտներէ, տարբեր տարիք ունեցողներէ եւ հասակակիցներէ, անփորձէն մինչեւ մասնագէտ գրագէտը, բանասէրէն հրատարկուած յօդուածներ, որոնք կը քաջալերեն կարդալ․ կարդալը լեզուն կը բարելաւէ եւ կը զարգացնէ:
Լեզուն կենսական է ազգի մը գոյատեւման պայքարին մէջ:
3. Եթերազրոյցներով Հայերէն Պլօկը առիթ կը ստեղծէ կարեւոր նիւթերու շուրջ փորձառութիւններու եւ մտքերու փոխանակումին, առաւել կը ստեղծէ նոր ծանօթութիւններ:
Շնորհակալ եմ մասնակից ըլլալու Հայերէն Պլօկին:
Յաջողութեան մաղթանքներ։
Մարգարիտ Ասոյեան-Լինք
Ութենրօյթ (Գերմանիա), 2 Ապրիլ 2020
***
Շնորհաւորութիւններ ՀBի չորրորդ տարեդարձին առթիւ, ու հանդարտ ու յաջող ընթացք։ Հայերէն Պլօկը ինծի համար աշակերտական օրերու սիրած հայերէնի դասապահս է։ Իր զանազան հեղինակներու անհատական ոճով ու շարադրութեամբ ու բազմազան նիւթերու բովանդակութեամբ առօրեայ օտարալեզու տեղեկութիւններու հոսանքին մէջ հայերէնով մտային պզտիկ դադարս է։
Լօրա Ակներեան
Մոնթրէալ, 2 Ապրիլ 2020
***
Շնորհաւորանք՝ առանց անուններ տալու
Չորրորդ տարին անընդմէջ սիրով եւ ամենայն ոգեւորութեամբ հետեւում եմ «ՀԱՅԵՐԷՆ Blog»ի ծաւալած աշխատանքներին եւ ամէն անգամ մեծագոյն ուրախութիւն եմ ապրում կայքէջի յառաջադիմութեան առթիւ: Ի սրտէ շնորհաւորելով այս հայրենանուէր, ազգանուէր եւ բարձրաճաշակ նախաձեռնութեան հեղինակներին, եւ առաջին հերթին իմ շատ սիրելի Իշխան Չիֆթճեանին (այս մէկ անունը չյիշատակել պարզապէս եւ սկզբունքօրէն հնարաւոր չէ), մաղթում եմ անդուլ եւ ջանադիր աշխատանք՝ ի փառս Հայոց Լեզուի, ի մասնաւորի՝ նրա մի հզօրագոյն հատուածի՝ Արեւմտահայոց լեզուի հետագայ բարգաւաճման:
Հայ դասական եւ համաշխարհային բազմաշերտ ու բազմալեզու գրաւոր մշակոյթների հնագոյն, նոր եւ արդիական վկայութիւնների հանրահռչակման, հայերէնացման՝ արեւմտահայերէն թարգմանելու եւ հայ ընթերցողին մատուցելու այս նախանձախնդիր ձեռնարկը, վստահ եմ, գնալով ընդլայնելու է իր ընթերցողական լսարանը եւ նոր ոյժ ու զօրութիւն է հաղորդելու արեւմտահայոց «ոսկեղէնիկ» լեզուի կարօտեալների, այն կիրառողների ու նրանով սերունդներին կրթելու գործին լծուածների օր ըստ օրէ ստուարանալիք հոծ բանակներին:
Ցանկութիւնս է կայքէջում տեսնել նաեւ հայ գրականութեան օտարալեզու թարգմանութիւններ, մանաւանդ որ կայքի պահպանման ու զարգացման աշխատանքներին լծուած աշխարհասփիւռ նուիրեալների մէջ քիչ թիւ չեն կազմում այնպիսիք, որ հաստատապէս ի զօրու են հայ գրական մշակոյթի գանձերը սփռել աշխարհով մէկ, ի մասնաւորի՝ հայ միջնադարեան եւ արեւմտահայ գրողների գրական-գեղարուեստական գանձերը, հայութեանը եւ նրա ստեղծած բազմադարեան մշակոյթը հասանելի ու տեսանելի դարձնելու «Քաղաքակրթութիւնների ու մշակոյթների երկխօսութեան»ը նախանձախնդիր բազմադէմ, բայց նոյնահոգի մարդկութեանը:
Կը ցանկանամ նաեւ, որ սոյն «Բլոգ»ը օրերից մի օր վերածուի ամբողջական կայքի, համապատասխան բաժիններով, որպէսզի կատարուած բազմաշերտ, հսկայածաւալ աշխատանքը աւելի տեսանելի դառնայ, մշակութաբանական շրջաբաժաններն ու առանձին հեղինակները՝ աւելի դիւրհասանելի ու թիրախային:
Եւ վերջինը. պէտք է մտածել, խորհել կայքից օգտուողների՝ բաժանորդների քանակը աւելացնելու եւ մեկնութիւնների համար հնարաւորութիւններ ստեղծելու մասին, որպէսզի մարդիկ իրենց կարծիքներն արտայայտեն առանձին նիւթերի, թարգմանութիւնների ու հեղինակների մասին:
Սոյնով վերստին ես իմ սքանչացումն ու զօրակցութիւնն եմ յայտնում «Հայերէն» ապագայ կայքի նուիրեալներին, մաղթելով նրանց արգասաբեր տքնանք ու վայելումի բերկրանք՝ ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի:
Մեծագոյն յարգանքով ու խանդաղատանքով՝
Աշոտ Ալեքսանեան
Երեւան, 2 Ապրիլ 2020
***
Blog-դ ինծի համար կը խորհրդանշէ նախ եւ առաջ այն խոր նուիրումը, որ քեզի կը թելադրէ հայ գրականութիւնը, լեզուն ու մշակոյթը պահպանելու այն դժուար ու ապերախտ պայմաններուն մէջ, ուր կը գտնուիս, կը գործես ու կը յարատեւես:
Յաջորդ գովելի երեւոյթը այն է, որ կը յաջողիս քու շուրջդ հաւաքել աշխատակիցներու բաւական հոծ եւ խայտաբղէտ,– բայց նաեւ շնորհալի,– խումբը, որուն անդամները այլապէս թերեւս պիտի չարտադրէին՝ չգտնելով այն խանդավառութիւնը, որ քու շունչովդ կը հրահրես՝ ինքդ դառնալով լաւագոյն օրինակն ու ներշնչումի աղբիւրը:
Երրորդ գովելի կէտը այն է, որ լայնախոհ ես արուեստի եւ արուեստագէտներու այլազան հոսանքներուն ճաշակին ու նախասիրութեան հանդէպ եւ ընդմիշտ տարուած չես արդի գրականութեան միակողմանի ջատագովը ըլլալու յոռի փորձութենէն: Քու Blog-դ լայնախոհ ասպարէզ մըն է, ուր անկաշկանդ կը գոյակցին այլազան ճաշակի տէր արուեստագէտներ, իրենց աւանդական ու արդիական ըմբռնումներով՝ առանց մտահոգուելու իրենց մշակած գրականութեան ժամանակագրութեամբ:
Եւ ճիշդ մօտեցումն է այդ, որովհետեւ տաղանդը դպրոցով չէ որ կը պայմանաւորուի, այլ դպրոցներն են, որ կը պայմանաւորուին տաղանդով:
Ողջ մնաս, վարձքդ կատար:
Կորով եւ յարատեւութիւն կը մաղթեմ քեզի:
Արմենակ Եղիայեան
Պէյրութ, 2 Ապրիլ 2020
***
Չորս տարի եղաւ արդէն, որ ՀԱՅԵՐԷՆ Blogը դարձել է ընթերցման իմ ուղեկիցը։ Անչափ կարեւորում եմ նման բազմաշերտ ու բովանդակութեամբ գունագեղ, կայքէջի փոխարէն ինձ համար՝ Գրական Հանդէսի գոյութիւնը, որովհետեւ այստեղ է, որ հանդիպում եմ ինձ բոլորովին անծանօթ անունների, բացայայտում նրանց, ճանաչում։
Լինելով ծննդով Հայաստանից՝ ինձ համար յատկապէս հետաքրքիր է աշխարհի ամենատարբեր անկիւններում ապրող հայի մտածողութիւնը, վերաբերմունքը տարբեր հարցերի շուրջ, ստեղծագործական միտքը։ Սա համախմբման հրաշալի հարթակ է, որտեղ տեղ են գտնում ե՛ւ այսօրը, ե՛ւ անցեալը, Հայաստանը եւ Սփիւռքը, ե՛ւ հումորը, ե՛ւ խորը, պրպտող ու քննադատող միտքը։ Արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը իրենց ամբողջ հմայքով եւ հարստութեամբ։
Հրաշալի հասկանալով, որ կայքէջի գլխաւոր նպատակը այլ է, այնուամենայնիւ որպէս ցանկութիւն կ’ուզենայի այստեղ է՛լ աւելի անդրադարձ գտնել արեւմտահայ դասական գրականութեան, յատկապէս հայաստանեան ընթերցողին քիչ ծանօթ անուններին, որոնք իրենց գեղագիտական արժէքով աւելի պակաս չեն այն անուններից, որոնց ծանօթ է ընթերցողների լայն շրջանակը։ Նման անդրադարձերը մշտապէս իրենց օգտակարութիւնն են թողնում ընթերցողի եւ նաեւ գրական աշխարհում առաջին քայլերը անող գրողի համար։
Ուրախ եմ կայքի գոյութեամբ եւ շնորհաւորում եմ երիտասարդ, բայց հրաշալի ճանապարհ ընկած, ճանապարհ հարթող ՀԱՅԵՐԷՆ Blog իմ ուղեկցին, եւ խորին շնորհակալութիւնս յայտնում նրան ծնած եւ փայփայող կայքէջի հիմնադիր, ղեկավար եւ խմբագիր՝ Իշխան Չիֆթճեանին։
Նարինէ Դելլալեան
Լիզաբոն, 2 Ապրիլ 2020
***
Համացանցի տարածքին բազում հայերէն գիր ու գրականութեան էջեր կան: Ոմանք հանրածանօթ հեղինակներու ստեղծագործութիւնները կամ անոնց գործերէն հատուածներ կը տեղադրեն, ուրիշներ նոր գրողներ ու անոնց գրութիւնները կը ներկայացնեն, իսկ գերակշիռ մասը տարբեր էջերէ քաղուած տեղադրումներ կ’ընէ: Հոս կու գայ ՀՊի ինքնուրոյնութիւնը, որ կ’առանձնացնէ զինք իր տարած աշխատանքին լրջութեամբ եւ մա՛նաւանդ առաքելութեան առումով: ՀՊը միակ գրական տարածքն է, որ արեւմտահայերէն նոր գրողներ պատրաստելու նպատակով կը գործէ, հետեւելով իւրաքանչիւր գրողի գրելու զարգացման ընթացքին, ցուցմունք ու խորհուրդներ մատուցանելով ու մանաւանդ խրախուսելով ու գրելու տենչը վառ պահելով: ՀՊը այն հայախօս ու հայատառ անդաստանն է, ուր գրիչներ ծլելու, ծաղկելու, ոռոգուելու եւ մշակուելու անսակարկ խնամքը կը վայելեն արեւմտահայերէնի ողջախոհ մշակներու հոգածութեան ներքեւ:
Անձնական փորձառութեամբ կրնամ ըսել, թէ գրելու ընթացքս զգալի աճ ունեցաւ շնորհիւ ՀՊին եւ այդ կը տեսնեմ հին ու նոր գրութիւններս բաղդատելով: Ի վերջոյ, իւրաքանչիւր գրող նոյնքան քննախոյզ եւ սրբագրիչ աչքի կը կարօտի, որքան խրախուսող հաւանութիւններու:
ՀՊը ինծի համար այն յարկն է, ուր արեւմտահայերէնով կ’ապրիմ. էութեանս հարազատ լեզուով կը գրեմ, կը կարդամ:
ՀՊը այսօր չորս տարեկան, բազմադիմի, հարուստ բովանդակութեան տէր գրական էջ է: Կը շնորհաւորեմ ու կը մաղթեմ յարատեւութիւն եւ անխոնջ կորով արեւմտահայերէնը առողջ ու աշխոյժ պահելու յոյժ գնահատելի նուիրական իր առաքելութեան ու պայքարին մէջ:
Յասմիկ Բանեան
Ամման, 3 Ապրիլ 2020
***
Ընդհանրապէս թուղթի վրայ կամ ֆէյսպուքի էջերուն մի քանի տողերով կ’արտայայտուէի։ Օր մը նամակ մը կը ստանամ Հայերէն Պլօկի ներկայացուցիչէն, որ ամենայն պարզութեամբ եւ ինքնավստահ ինծի տեղեկութեան ձեւով գրութիւն մը գրել կ’առաջարկէ, եւ ես զարմացած կը պատասխանեմ․ «Բայց ես գրող չեմ»․ կրկին ու կրկին, կատակով մը, կը պարտադրուիմ ազատ նիւթի մը մասին արտայայտուելու ու գրելու։ Կը յիշեմ առաջին յօդուածը, որուն վերջակէտը դնելով երբ ղրկեցի, վախի մէջ էի, աշակերտի մը նման․ անսպասելի պատասխան մը ստացայ, առաւել՝ ցուցմունք․ այս մէկը խթան եղաւ միշտ եւ միշտ մտածումներս, ապրումներս, զգացումներս ու տեսածներս գրի առնելու եւ մինչեւ օրս մաս կազմելու Հայերէն Պլօկի գիր ու գրականութեան փոքրիկ աշխարհին։ Եթերազրոյցներու շնորհիւ ալ ծանօթացայ տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող գրչի եղբայրներու եւ քոյրերու։ Պլօկը բծախնդրօրէն հիւսուած սարդոստայնի նման համայն աշխարհի մէջ տարածուած, արմատ նետած է եւ ծիլ տալով կը ծաղկեցնէ հայ ընթերցողին ու գրողին, հայ լեզուին հանդէպ յարգանքն ու սէրը։
Բարի չորրորդ տարեդարձ, ՀՊ։
Սիրան Աւընեան Ամպարճեան
Լաթաքիա/Հալէպ, 3 Ապրիլ 2020
***
Չորս տարին ցանկացած ձեռնարկի համար, Հայերէն Պլօկի պարագայում առաւել եւս, երկար ու ձիգ ճանապարհի սկիզբ է միայն, առաջին քայլերը: Սակայն Հայերէն Պլօկի դէպքում այդ չորս տարիները աշխարհի չորս կողմերը, գիտակցական եւ հեռահար հետեւողականութեան, հայ ինքնութեան, հայերի մտածողութեան, հայ դարաւոր մշակոյթը եւ վերջապէս հային ներկայացնելու քրտնաջան աշխատանքային գործընթաց է եղել: Այդ ամէնը շատ ընդօրինակելի եւ շնորհակալ գործ է, որի համար Հայերէն Պլօկին ցանկանում եմ քառասուն եւ աւելի տարիների հայրենանուէր գործունէութիւն յանուն մեր համընդհանուր ծրագրերի իրականացման։
Լաւագոյն ցանկութիւններով՝
Աշոտ Հայկազուն Գրիգորեան
Երեւան, 3 Ապրիլ 2020
***
Կասկածից դուրս է, որ այս կայքը շատ օգտակար գործ է: Ես էլ երբեմն ցանկութիւն եմ ունենում մասնակցելու ձեր զրոյցներին, բայց յատկապէս այս վերջին շաբաթների իրադրութիւնը եւ աշխատանքի մեծ ծաւալը թոյլ չեն տալիս այդ անել: Շնորհաւորում եմ Ձեր կայքի չորրորդ տարելիցը եւ ցանկանում եմ յաջողութիւններ սփիւռքի եւ հայաստանեան մտաւորականութեան համախմբման գործում:
Ազատ Եղիազարեան
Երեւան, 3 Ապրիլ 2020
***
«Հայերէն Պլօկ»ին մասին կարելի է շա՜տ բան գրել: Մի քանի բառով սակայն՝ «Հայերէն Պլօկ»ը անցնող չորս տարիներու ընթացքին, հազարաւոր հայորդիներու համար դարձաւ այն տաքուկ օճախը, ուր անոնք զիրենք հետաքրքրող զանազան եւ բազմաբնոյթ գրութիւններ գտան ու ընթերցելով ըմբոշխնեցին, վայելելով մայրենիին քաղցրութիւնը: Անդին, «Հայերէն Պլօկ»ը եկաւ փաստելու, թէ հակառակ մեր ապրած ընկերութիւններուն ներկայիս դիմագրաւող տնտեսական դժուարութիւններուն, առանց նիւթական որեւէ ակնկալութեան, կարելի է ջատագով հանդիսանալ մայրենիին, յատկապէս՝ Արեւմտահայերէնին, հեռու ամէն տեսակի լոզունգներէ ու հռետորութիւններէ, ունենալով կամք ու կորով միայն:
Վարանդ Քորթմոսեան
Վաղարշապատ, 3 Ապրիլ 2020
***
Կարծիք յայտնելն անկարելի ըլլալով տեղեկութեան բացակայութեան՝ հարցումներ.
Ինծի երբ դիմում եղաւ մասնակցելու՝ ընդառաջեցի: Արդեօ՞ք ուրիշներ մերժած են կամ անտեսած:
Ինչո՞ւ քիչ է թիւը կանոնաւոր կերպով աշխատակցող գրողներու: Արդեօք շատ գրողներ ինքզինքնին վե՞ր կը դասեն Հայերէն Պլօկի մակարդակէն, թէ գրող ընդհանրապէս մնացած չէ: Այս ու ա՞յդ:
Իսկ ընթերցող՝ կա՞յ: Հաւանումի առարկան գրութի՞ւնն է, թէ գրողին ինքնութիւնը:
Մինչ սփիւռքահայ թերթերը մամուլի ազատութեան մասին կը ճառեն, այստեղ փորձուած չափով իրականութիւն է: Առաջարկելի չէ՞ չբաւականանալ հարցերու քննարկմամբ, այլ նշել հարցերը պատճառողներուն անունները, հրաւիրելով զանոնք պատասխանելու, այստեղ կամ այլուր:
Ո՞ւր կ’երթայ Հայերէն Պլօկի վրայ հրատարակուած արտադրութիւնը՝ դէպի անխուսափելի մոռացում ու կորո՞ւստ, թէ – գոնէ երեւման պահուն – կ’ունենայ որեւէ դեր:
Հակառակ այս բոլոր կասկածներուն, փափաքելի՞ է ձեռնարկին շարունակումն ու հա՞րկ է աջակցիլ ձեռնարկողին: Պատասխանեմ այս մէկուն. անկասկած:
Ոյժ
Գահիրէ/Աղեքսանդրիա, 3 Ապրիլ 2020
***
Որքան ալ որ դժուար ըլլայ ընդունիլը՝ փաստ է, որ արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզու մըն է: Նորութիւն չէ այս իրականութիւնը. ասկէ շուրջ տասնամեակ մը առաջ Իւնեսքօն զայն ներառեց «Աշխարհի վտանգուած լեզուներ»ու ցանկէն ներս: Բարեբախտաբար, սակայն, «ՀԱՅԵՐԷՆ ՊԼՕԿ»ի նման նախաձեռնութիւններ կան, որոնք կը փորձեն այս իրողութիւնը փոխել: Ինծի համար, «ՀԱՅԵՐԷՆ ՊԼՕԿ»ի առանձնայատկութիւնը այն է, որ իր կարելին կ’ընէ ոչ թէ արեւմտահայերէնը պահպանելու, այլ իր հրատարակած յօդուածներով, հեքիաթներով, պատմուածքներով, արձակ եւ չափածոյ բանաստեղծութիւններով եւ առցանց մատենաշարի հրատարակած գրքերու միջոցով զայն կրկին ամէնօրեայ, ապրող, շնչող լեզու դարձնելու:
Ռուբէն Ճանպազեան
Թորոնթօ, 3 Ապրիլ 2020
***
Դժբախտաբար առօրեայ մտահոգութիւններս ու պատասխանատուութիւններս առիթ չեն տուած որ լրջօրէն հետեւիմ Հայերէն Պլօկի էջերուն, թէեւ շատ գնահատելի նախաձեռնութիւն մը կը համարեմ զայն։ Նաեւ ըսեմ որ այսքան տարի ետք տակաւին չեմ կրցած համակերպիլ համացանցի հայագիր բովանդակութեան որեւէ նիւթ համբերութեամբ կարդալու։ Հարցին տակաւին չեմ կրցած պատասխան մը գտնել, բայց դժուարութիւններէն մէկը կ’ենթադրեմ թուային պաստառի էջադրութեանց անհամոզիչ կամ յոգնեցուցիչ տեսքն է։ Իմ պարագայիս նոյն հարցը ունիմ նաեւ օտարալեզու գրութեանց, որոնց միշտ նախընտրած եմ թուղթ, թերթ, գիրք տարբերակը։ Նմանապէս՝ երաժշտութիւնը, որ իմ մասնագիտութիւնն է, թուայինը չէ որ կ’օգտագործեմ, այլ տպուած խտասալիկն ու խազերը, կամ շարժապատկերի պարագային միայն սրահի մեծ պաստառը․․․։ Կրնայ հոգեկան թուիլ, սակայն որեւէ արտադրութեան հետ անհրաժեշտութիւնն ունիմ շօշափելի թանձրութեան։
Մինաս Լուռեան
Վենետիկ, 3 Ապրիլ 2020
***
Հայերէն Պլօկը լայն պատուհան մըն է, որ կոճակի մը սեղմումով մեր դէմ կը բանայ ամէն տեսակ ճաշակի գոհացում տուող գրութիւններ։ Ես անձնապէս մեծ հաճոյքով կը կարդամ գրական-գեղարուեստական ստեղծագործութիւնները։ Աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ ապրող հայը Հայերէն Պլօկին մէջ ազատօրէն կ’արտայայտէ իր յոյզերը, յոյսերը, երազներն ու տագնապները։ Կը թափանցենք անոր ներաշխարհը, որ նաեւ իմս եւ քուկդ է։
Կան նաեւ մեր կեանքի յոռի երեւոյթները լուսարձակի տակ առնող, մատնացոյց ընող, մատը վէրքին վրայ դնող յանդուգն գրիչներ, որոնք պահ մը մտածել կու տան, թէ կեանքը այդքան ալ վարդագոյն չէ, ինչպէս որ մենք կը պատկերացնենք։
Բանաստեղծական ստեղծագործութիւններ կը փափաքիմ տեսնել Հայերէն Պլօկին մէջ, որպէսզի հնարաւորութիւն ունենամ մերօրեայ բանաստեղծութիւնները արտասանել հայ բեմէն։
Ռիթա Կաղեան
Հալէպ, 3 Ապրիլ 2020
***
«Հայերէն blog»ի քառամեակն է, հայախօսութեան հազարամեակների եւ հայագրութեան 1600ամեայ պատմութեան համեմատ մէկ ակնթարթ էլ չէ անշուշտ, բայց նշելի իրադարձութիւն է:
«Հայերէն blog»ը ես ընկալում եմ որպէս հայերէն կարդացող, հայերէն խօսող եւ հայերէն մտածող մարդկանց հանդիպավայր: Հայերէնի թուային տիրոյթում այն համեստ, բայց կարեւոր մի տեղ է զբաղեցնում: Մարդիկ հայերէն են գրում, ինքնարտայայտւում, ընթերցում ու մտորում… Այստեղ հայերէնի այսօրն է, ինչպիսին էլ լինի այն:
Մաղթում եմ, որ «Հայերէն blog»ն ընդարձակի իր ընդգրկման շրջանակը, հեղինակների եւ ընթերցողների պակաս չունենայ, առաւել բազմազան ու արդիական հայերէն ներկայացնի… Որ հայերէնը չնահանջի սրընթաց փոխուող այս աշխարհում:
Դաւիթ Գիւրջինեան
Երեւան, 4 Ապրիլ 2020
***
ՀԱՅԵՐԷՆ ՊԼՕԿը զիս իսկապէս խրախուսեց, որպէսզի աւելի ճիշդ մտածեմ հայերէնով ու գրելով զարգանամ: Երեւակայութիւնս զօրացուց, ներշնչեց զիս, որ նոր գաղափարներ ու գիտելիքներ ունենամ, որպէսզի հետաքրքրուիմ մայր լեզուով գրելու համար: Գիտութիւնը եւ փորձառութիւնը մեզ միշտ պիտի բարձրացնեն:
Ակուսթին Անալեան
Արժանթին, 4 Ապրիլ 2020
***
Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարանի աշակերտութիւնը մօտ երեք տարի սիրով եւ ուրախութեամբ կը հետեւի Հայերէն blogին, որ մեծ հնարաւորութիւն է ծանօթանալու աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցներու հայատառ գրութիւններուն, ինչպէս նաեւ դարձած է մշտական ընթերցողն ու մասնակիցը այս կայքին։ Վարժարանիս համար միակ արեւմտահայերէնի աղբիւրն է ան, ուր մեր թէ՛ հայ եւ (դժբախտաբար) թէ՛ արաբ աշակերտները կը կարդան իրենց տարիքին համապատասխան զանազան նիւթեր, կը ներկայացնեն շարադրութիւններ եւ այլ գրառումներ եւ մեծ առիթ ունին զարգացնելու իրենց գրական ճաշակը։
Արեւմտահայերէնը կեանքի կոչող այս կայքին կը մաղթենք երկար ու անխոչընդոտ ճանապարհ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հայերէն blogի ամբողջ անձնակազմին, ղեկավարութեամբ պրն․ Իշխան Չիֆթճեանի։
Անժէլա Տիգպիքեան
Երուսաղէմ, 4 Ապրիլ 2020
***
Չորսը բախտաւոր թիւ չէ՞․
բայց մենք ճափոնցի չենք –
մեզի համար բարեբախտութեան թիւ է։
Ծ․ Թ․ Պալեան
Իսթանպուլ, 4 Ապրիլ 2020
***
Հայապահպանութեանն առնչուող նոր, բայց իրականում հնից եկող մարտահրաւէրների շրջան ենք ապրում։ Հայրենիքից հեռու հայութեան մեծ մասը օրէցօր ձուլման յորձանուտում է յայտնւում։ Այդ համատարած խնդրի պայմաններում իմ համար օգտակար բացայայտում էր «ՀԱՅԵՐԷՆ ԲԼՈԳ»ը։ Համացանցային տիրոյթում ձեւաւորուած նախագիծ, որը հատում է քառամեայ գործունէութեան սահմանը։ Այսօրինակ նախագծերը գալիս են համալրելու հայ մնալու մեր պայքարի գործը։ Միեւնոյն ժամանակ իբրեւ արդար ուղեկից անաչառ կերպով ցոյց տալու այդ պայքարի ճանապարհին հանդիպող բացթողումները։ Իր տեսակով «ՀԱՅԵՐԷՆ ԲԼՈԳ»ը հայալեզու նիւթերի բազմազանութիւն ապահովող կարեւոր հարթակ է։ Նրա շուրջ, ի դէմս Իշխան Չիֆթճեանի գլխաւորած խմբագրակազմի, հայորդիների մի իւրատեսակ ցանց է ձեւաւորուել, որը մեր ազգի սփռուածութեան փոքրիկ մարմնացումն է։ Նրանք տարբեր են, իրարից հեռու, սակայն հայերէնն է նրանց միաւորողը։ Մաղթում եմ, որ միաւորիչ ուժը երբեք չթուլանայ եւ նորանոր մասնակիցներ ներգրաւի։
«ՀԱՅԵՐԷՆ ԲԼՈԳ», էջերդ միշտ ընթեռնելի լինեն բոլոր հայերի համար․․․
Մհեր Յովհաննիսեան
Երեւան, 4 Ապրիլ 2020
***
Հայերէն Պլօկը ի՞նչ է ինծի համար։
Ներկայ ժամանակի հայ գրական աշխարհին մէջ ան ստանձնած է երկու դեր․ ընթերցողի ու գրողի։
Կեանքի թատերախաղ է ան, ուր ամէն մէկ բառ հազարաւոր երեսներ կրնայ ունենալ։
Ուրիշ սիրտերու հասնելու միջոց մըն է։
Անձնական կեանքի պատմութեանս համար երազային հանդիպում մըն է։
Նաւակ մըն է, ուր երկու յարկ կայ։ Վարի յարկին մէջ ննջասենեակ ունիմ, ուր հոգեկան ու մտային ճամբորդութիւնս զիս կը տանի անձիս, իսկ վերի յարկին մէջ ժողովասրահ մը ունինք, ուր կը հաւաքուինք պլօկականներու հետ, մեր միտքերէն դէպի աշխարհ ցոլացող մտային կաղապարները մէջտեղ կը հանենք, քննելով կը կոտրենք զանոնք։ Անոնց, որոնք կոտրուած կաղապարներ են, կը նայինք տարբեր տեսանկիւններէ։ Մեր ճամբորդութիւնը իր ինքնուրոյն քարտէսը շարունակ կը նորոգէ։ Ուստի այս նաւակը ամէն ծովեզերք կրնայ հանդիպիլ, ուր ընթերցողներ կան, եւ ամէն ճամբորդ, որ նաւամատոյց կու գայ, իր մէջ կ’առնէ։
Հայերէն Պլօկը ի՞նչ չէ ինծի համար։
Սովորական կառոյց մը չէ։
Ծափահարութիւն ուզելու առիթ մը չէ։
Չաստուած մը չէ, որ պաշտեմ։
Անփոփոխ իրականութիւն մը չէ։
Հայերէն լեզուի փրկութեան միակ ճամբան չէ։
Սիւզան Բռնալեան
Իսթանպուլ, 4 Ապրիլ 2020
***
Հայերէն Պլոկն ու անոր չորրորդ տարեդարձը նախ եւ առաջ հարցադրումներ կը յառաջացնեն մտքիս մէջ։
Առաջին՝ ինչո՞ւ միայն չորս տարի առաջ մէջտեղ եկաւ այդպիսի նախաձեռնութիւն մը, այն ալ Սփիւռքի ոչ-առանցքային վայրերէն մէկուն մէջ ու, գիտցածիս համաձայն, սոսկ անհատական մղումով։ Ինչո՞ւ այդպիսի բան մտքէն չանցաւ հայ համագաղութային, համազգային, մշակութային, կրթական, կրօնական, քաղաքական կազմակերպութիւններու։
Երկրորդ՝ ինչո՞ւ չորս տարի ետք տակաւին չկայ այլ օրինակ նոյն ձեւի ստեղծագործական վայրի մը, հակառակ որ աշխարհը այդ ուղղութեամբ է որ կ՚ընթանայ արդէն գրեթէ քառորդ դարէ ի վեր։ Իսկ եթէ կայ այլուր՝ ինչո՞ւ կարեւոր չէ սեպուած ատիկա հայերէնով ընել։ Իսկ եթէ կարեւոր չէ նկատուած՝ ինչո՞ւ գոնէ նոյնիսկ իբր անկարեւոր բան, աղքատ եղբօր պէս հայերէնին ալ անկիւն մը չէ տրուած բեմի վրայ կամ բեմի կողքին։ Մաշտոց ու մշակոյթ ու հայութիւն ու «հայեցիութիւն» հոլովողներն ու տօնակատարողները ինչո՞ւ պարզապէս աչք գոցեր են այն բանին առջեւ, որ առանց թուային հարթակի վրայ բազմոցի մը՝ Մաշտոցը իննսուն տոկոս մեռած պէտք է նկատել այս դարուն։ Ինչո՞ւ հայերէնի կենսունակութիւնով ու հայերէն ստեղծագործութեամբ մտահոգուողները, զբաղողները, ատոր ժամանակ ու դրամ յատկացնողները գրեթէ բացառաբար կազմակերպութիւններէ դուրս անհատներ կամ օտար կազմակերպութիւններ են։
Հայերէն Պլոկը վերի հարցումներուն պատասխանել փորձող ըմբոստութեան օրինակ մըն է։ Պիտի օրինակուի՞ արդեօք ո՛չ միայն օրհնեալ ներշնչեալներու, այլեւ այդ պարտաւորութիւնը իրենց տեսլականին մէջ ընդգրկած ու միեւնոյն ժամանակ զայն բարձրաձայն անգիտացող հաստատութիւններու կողմէ։
Շնորհաւոր տարեդարձ։
Յակոբ Կիւլլիւճեան
Լոս Անճելոս, 4 Ապրիլ 2020
***
Ողջունում եմ Հայերէն բլոգի ողջ անձնակազմին, ստեղծագործողներին: Թէեւ ակտիւ չեմ մասնակցում, բայց հետեւում եմ հետաքրքրութեամբ: Բլոգի ստեղծումը հրաշալի նախաձեռնութիւն է մեր ոսկեղէնիկ բառերը ասպարէզ հանելու, պահպանելու եւ փրկելու համար: Շնորհաւորելով չորսամեայ ՀԲին ցանկանում եմ ակտիւ գործունէութիւն եւ խաղաղ ընթացք:
Նունէ Սահակեան
Մոսկուա, 5 Ապրիլ 2020
***
Ընդհանրապէս Հայերէն blogի մէջ տեղադրուած նիւթերը քիչ թէ շատ հաճոյքով կ’ընթերցենք, սակայն պիտի նախընտրէինք, որ Հայերէն blogը տեղ չտար յօդուածներու, որ լեցուն են գռեհիկ արտայայտութիւններով զանազան «անձեր»ու հասցէին, անկախ անկէ, որ համաձայն ենք թէ ոչ գրուած խօսքերուն: Յամենայն դէպս, կը շնորհաւորենք blogի տարեդարձը եւ յարատեւութիւն կը մաղթենք:
Վերժին եւ Կարօ Աբրահամեան
Պէյրութ, 5 Ապրիլ 2020
***
Մեր պարագային՝ հայ իրականութեան, ըսուած է միշտ, եւ արդարօրէն, որ մամուլը իր խմբագիրին եւ ապրող միջավայրին հայելին է եղած եւ պէտք է մնայ այդպէս:
Փաստօրէն, «Հայերէն blog»ի պարագան այդպիսին է, պարզ այն բացատրութեամբ, որ կայքին մէջ տողանցող աշակերտական թէ «հասուն» գրութիւններ, բանաստեղծութիւն թէ «Ազգային հանելուկներ», կը վայելեն խմբագիրին աջակցութիւնն ու քաջալերանքը:
Այո՛, առաջին հերթին աջակցութիւն՝ հայերէն մտածելու եւ գրելու, այսինքն՝ արեւմտահայերէնը վայելելու եւ պաշտպանելու, իսկ քաջալերանք՝ բոլոր անոնց, որոնք կ’ուզեն իրենց ներաշխարհին մէջ տուայտող մտածումները, յոյզերը, ապրումները եւ քննադատական միտքը արտայայտել:
Սա արդէն շնորհակալ եւ երախտիքի արժանի աշխատանք է եւ արժանի բոլորիս գնահատանքին:
Սրտանց կը շնորհաւորեմ կայքի չորրորդ տարեդարձը:
Համբիկ Պիլալեան
Պէյրութ, 5 Ապրիլ 2020
***
Հայերէն blogի ծննդեան քառամեակին կը շնորհաւորեմ մեզ՝ գրասէրներս, որ չորս տարիներէ ի վեր ունինք այնպիսի գրական հարթակ մը, ուր կրնանք գտնել խնամուած արեւմտահայերէնով գրուած գրական ստեղծագործութիւններ։
Հայերէն blogը մեզի՝ աշխատակիցներուս, գրելու առիթ տուաւ եւ բծախնդրութեամբ հրապարակեց մեր գրութիւնները։
Ինծի համար մեծագոյն հաճոյք է Հայերէն blogի ամէն օր հրապարակած գրութիւնները կարդալն ու անոր էջերուն մասնակցութիւն բերելը։ Շնորհակալ եմ, որ կաք ու կը շարունակէք մեր կողքին մնալ։
Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան
Թորոնթօ, 5 Ապրիլ 2020
***
Հայերէն Պլօկը մեզի կը ներկայանայ նոր ճամբաներու փնտռտուքի ճիգի մը պէս, Սփիւռքի հոլովոյթի այն փուլին, որ կը տեսնէ լեզուի եւ մշակոյթի փոխանցումի խողովակներուն արագընթաց ժանգոտիլը:
Սփիւռքի զինանոցը կազմաւորուած էր օսմանեան միլլէթներու շարունակութիւնը հանդիսացող Միջին Արեւելքի հայ գաղութներուն պարունակին մէջ: Արեւմտեան երկիրներուն մէջ մենք արդէն առաջին օրէն զրկուած եղած ենք լեզուի փոխանցման միջոցներու հաւաքական կերպարէն, եւ այդ կռիւը չսկսած արդէն զէնքերը վար դրած ենք: Առանց ընկերաբանական վերլուծումներ ընելու, ըսենք որ Միջին Արեւելքի հայութիւնն ալ լեզուի եւ մշակոյթի համատարած տագնապին ենթակայ մասնիկ մը դարձած է:
Հայերէն Պլօկին մէջ կը տեսնեմ մտայնութիւնը՝ «Փրկել, ինչ որ կարելի է փրկել», քիչ մը դիմադրական շարժումի մը միտքը:
Կարծես նոր աշխարհ մը կը մտնես, ժամանակէն եւ տարածքէն դուրս, որ սակայն Սփիւռքի ժամանակն ու տարածքները կը միաւորէ:
Խօսքէն գործի անցնելու ճիգ մը:
Գործ մը որ նաեւ կրնայ մեզի խօսիլ:
Հիլտա Չոպոյեան
Լիոն, 5 Ապրիլ 2020
***
Իբրեւ նորեկ մը կ’ուրախանամ, երբ գրութիւններս հրապարակուին Հայերէն Պլօկին մէջ: Կը քաջալերուիմ: Հիմա որ համալսարանի ուսանող եմ, Հայերէն Պլօկը ինծի մայրենի լեզուս գործածելու առիթ կ’ընծայէ: Շատ կը հրճուիմ նաեւ, երբ սփիւռքահայերու գրութիւնները կը կարդամ: Զանազան գաղափարներու, ապրումներու կը ծանօթանամ աշխարհացրիւ հայութեան: Շնորհակալութիւն Հայերէն Պլօկի վարչութեան եւ շատ տարիներու:
Թայիս Գարագիւթիւք
Իսթանպուլ, 5 Ապրիլ 2020
***
Հայերէն Պլօկ՝
Կենդանի լեզուի դարբնոց,
Ցրուած երազողներու հանդիպում,
Վերապրող ժողովուրդի մը բազկերակ,
Կենդանի լեզուի մը վերջին բաբախում
Կամ
Շնչերակ դէպի վերածնունդ եւ բարգաւաճում։
Շնորհաւո՜ր…
Շառի Գարամանուկեան
Նիւ Եորք, 5 Ապրիլ 2020
***
Անցնող չորս տարիներուն Հայերէն Blogը խաւարը անիծելու փոխարէն լուսաւորող ճրագ մը հանդիսացաւ հայ իրականութեան եւ յատկապէս արեւմտահայ զանգուածի առցանց աշխարհին մէջ: Մեծ է թիւը անոնց, որոնք յոռետեսօրէն հայերէն լեզուի նահանջը կ’ողբան, հայ մամուլին ու դպրոցին ընկրկումները կը բարձրաձայնեն, առանց գործնական լուծումներ կեանքի կոչելու: Հայերէն Blogը «ախտաճանաչում»էն «բուժում»ի անցաւ անցնող չորս տարիներուն եւ հայերէնով տագնապողներուն համար որոշակի բալասան մը դարձաւ: Ան հաստատեց, որ տակաւին արեւմտահայերէնով ապրող, ստեղծագորոծող ու հետաքրքուած մարդիկ կան:
Հայերէն Blog կայքէջին մատչելի ու տրամաբանական բաժանումները, բազմազան գրականութիւնն ու բարձրաճաշակ ձեւաւորումը ժամանակակից են, իսկ բովանդակութիւնը՝ նոյնքան հետաքրքական, երբեմն զուտ գեղարուեստական, երբեմն քննական, մեր օրերու բազմոլորտ ընկերաբարոյական ու ազգային հարցերը կը պեղեն: Հայերէն Blogը նաեւ յաջողեցաւ համախմբել աշխարհատարած արեւմտահայ զանգուածի գրասէր ու ընթերցասէր ընտրանի մը, որ թերեւս առիթ չունենար իր ստեղծագործութիւնները ընկերային ցանցերու անհատական նեղ օղակներէ դուրս տարածելու, եթէ blogի ջանասէր ու բծախնդիր խմբագիր պրն. Չիֆթճեանը հետեւողական եւ բոլորը ընդգրկողի մօտեցում չցուցաբերէր եւ հարթակ չտրամադրէր:
Անխափան երթ Հայերէն Blogին ու անոր գոյութիւնն ու գործունէութիւնը երաշխաւորող նուիրեալներուն:
Գէորգ Յակոբճեան
Վիեննա, 5 Ապրիլ 2020
***
Բոլոր անոնք, որոնք արեւմտահայերէնի կենսունակութեան համար աշխատանք կը տանին, կը նախաձեռնեն, մանաւանդ՝ հիմնարար ծրագիր մը կեանքի կը կոչեն, ինչպէս պարագան է՝ Հայերէն Պլօկին, շնորհաւորելի ու քաջալերանքի արժանի են։ Այս առթիւ կը շնորհաւորեմ Հայերէն Պլօկի չորրորդ տարեդարձը։
Շատ լաւ կը յիշեմ զրոյց մը որ ունեցած էինք, «Նոր Յառաջ»ի հիմնադրութեան առաջին տարիներուն, երբ խմբագրութեան առաջարկած էիր սկսնակներու կողմէ գրի առնուած մէկ երկու նիւթեր հրատարակել, քաջալերելու համար երիտասարդ ուժերու գրական արտադրութիւնները։ Այդ շրջանին «Նոր Յառաջ» տակաւին կայքէջ չունէր, տպագիր մամուլի տարրական դժուարութիւններուն կը փորձէր դիմադրել, այդ իսկ պատճառով չէր կրցած ընդառաջել առաջարկիդ։ Վերջապէս Հայերէն Պլօկը լաւագոյն միջոցը դարձաւ տուն ու տեղ տալու արեւմտահայերէնով խօսք մը, պատկեր մը, պատմութիւն մը… կամ որեւէ արտայայտիչ գրութիւն հրապարակել ուզողներուն։ Բարեբախատաբար միակը չէ, բայց կայուն հասցէ մըն է։
Հայերէն Պլօկը ունեցաւ չորս բեղուն տարիներ՝ հարուստ գրական արտայայտչաձեւերու բազմաթիւ տեսակներով, կարճ կամ երկարաշունչ գրութիւններով։ ՀBի շնորհիւ աշխարհացրիւ հայ գրողներ իրենց ստեղծագործական էջերը առցանց հրատարակելու վայր մը ունեցան։ Նոր գրողներ ասպարէզ իջան, երեւան եկան։ Կը մաղթեմ ոյժ եւ կարողութիւն քեզի եւ գործակիցներուդ, նորանոր յաջողութիւններ ձեռք բերելու, աշխարհը արեւմտահայերէնով ընթերցելու մշտանորոգ միջոցներ տրամադրելի դարձնելու եւ ստեղագործ գրիչներու արտադրութիւնները հրամցնելու համայն հայութեան։
Ժիրայր Չոլաքեան
Փարիզ, 5 Ապրիլ 2020
***
․․․ տրամադրութիւնս ինկած է վախի վիհին մէջ, որովհետեւ մեր աւանը Նիւ Եորքէն ետք ամենաշատ զոհերը կը խլէ. որքան սիրելիներ հիւանդանոցներու մէջ են, մաս մը՝ մահացած։ Մահուան ստուերին մէջ՝ արեւոտ բաներու մասին չեմ կրնար գրել։ Կորով եւ յաջողութիւն քեզի։
Շնորհակալութիւն եւ շնորհաւոր ըլլայ յարատեւութիւնդ։
Վեհանոյշ Թեքեան
Նիւ Ճըրզի, 6 Ապրիլ 2020
***
․․․ տարած աշխատանքդ կը շնորհաւորեմ, մեր նոր սերունդը ոգեւորելով կ’արթնցնես կարդալու եւ գրելու փափաքը այս դժուար պայմաններուն մէջ։ Անոնք շատ ուրախ կը զգան, երբ կը տեսնեն իրենց գրութիւնները… այսպիսով կը մօտեցնես զանոնք մեր մայրենի լեզուին, մշակոյթին, պատմութեան, ձեր տարած անխոնջ գործունէութեան… անշուշտ հետզհետէ իրենց փափաքը աւելի զօրացնելով, զարգանալով անոնք կը մղուին հայկական մեր արդար դատի աշխատանքներուն եւ ձեր կողմանէ կատարուած աշխատանքը արդիւնք կ’ունենայ զանոնք ազատելով ճերմակ ջարդէն։ Շնորհաւոր ըլլայ չորրորդ տարեդարձը Հայերէն Պլօկին, անոր խմբագիրին՝ պրն․ Իշխան Չիֆթճեանին եւ վարչական անձնակազմին յաջողութիւն կը մաղթեմ։
Անի Թիւֆէնկճեան
Արժանթին, 6 Ապրիլ 2020
***
Հետաքրքրական է հետեւիլ ՀՊին եւ ծանօթանալ տարբեր մարդկանց մտածելակերպին, հարցերու արծածման իրենց մօտեցումին հետ, երբ մանաւանդ անոնք կու գան տարբեր երկիրներէ: Որեւէ կաշկանդում չեմ զգար մտքերս յայտնելու զիս հետաքրքրող հայկական ընկերային եւ հասարակական հարցերու շուրջ: Համաշխարհայնացման հոսանքին մէջ միջոց մըն է պահպանելու մեր հայեցի նկարագիրը՝ արտայայտուելով հայերէն լեզուով եւ գրելով մեսրոպեան տառերով:
Վարուժան Տէր Սիմոնեան
Ֆրեզնօ, 6 Ապրիլ 2020
***
Իշխան Չիֆթճեանի հրատարակած արեւմտահայերէն այս էջերը մեզի անհետացած աշխարհի մը գոյներ ու բուրմունք կը հասցնեն, եւ ոչ միայն հողի, այլեւ ջուրի։ Յաճախ կը մոռնանք, որ Հայաստանը ծովամերձ երկիր մը եղած է: Ես զայդ յստակութեամբ հասկցայ, երբ առաջին անգամ Վանայ ամայի եզերքին գտնուեցայ ու իր թափանցիկ կապտաւուն ջուրը մտայ։ Իբրեւ համեստ ձօն մը Իշխանին, իր ջանքերը պատուելու համար, թարգմանեցի կարճ բանաստեղծութիւն մը, որ շատ հեռաւոր ծովէ մը կու գայ։ Ռուս բանաստեղծ Իոսիֆ Պրոտսքիյ գրած է զայդ գիշեր մը ֆինլանտական ծոցին առջեւ կանգնած: Ճերմակ թուղթը ձեռքին՝ կը զգար ինչպէս երկինքէն փչող հոգին կը մղէր խաւարին մէջ աննշմար իր ձեռքը, որպէսզի այդ անապակ քառակուսին դառնայ արարչագործութեան հայելի: Թո՜ղ Վանը եւ Աղթամարի եկեղեցիին վրայ իբրեւ Աստուծոյ արարչակից քանդակուած Ադամը շարունակեն մեզ ոգեւորել։
Իոսիֆ Պրոտսքիյ, 24 Յունիս 1963
Կը փայլի ծոցն եւ քամին կը տանի
ցանկապատի վրայէն օդը խոնաւ:
Գիշերը ճերմակ կը նայի բարձունքէն,
իբրեւ ի հայելի՝ թղթեայ քառակուսիին:
Կրկնակի մթին է ձեռքն անզննելի
հապճեպ նայուածքի ներքոյ:
Բայց ահա՛ բառերը՝ ամպերու պէս՝
Կը սլանան հայելաւոր երեսին վրայ:
Իգոր Տորֆման Լազարեւ
Սիմինիանօ (Իտալիա)/Երեւան, 6 Ապրիլ 2020
***
Հայերէն Պլօկը ծով մըն է ինծի համար, մէջիս նեղութիւնները քարի մը մէջ զետեղելով ծովը կը նետեմ: Երբոր քարը ընկղմի՝ կը հանգստանամ ու կը թեթեւնամ: Մեր պլօկը ըստ իս արեւմտահայերէնի մշակութային կեդրոն մըն է, մեր գաղափարները, զգացումները կ’արտայայտենք, եւ ան կը միատեղէ հայերը աշխարհի շատ մը երկիրներէն: Փափաքողին համար զարգանալու օճախ է․ երբեմն հին քերթուածներս կը կարդամ․ պլօկը հայելի կը բռնէ անցեալիս առջեւ, ու այնչափ ալ լաւ չեմ գտներ գրածներուս մէկ մասը, սակայն առիթ գտած են հրատարակուելու, եւ ես ալ հիմա՝ զարգանալու: Շնորհակալ եմ, Հայերէն Պլօկ, աղէկ որ կաս, յաւիտեան գոյատեւես:
Սեւան Լալիքօղլու
Իսթանպուլ, 6 Ապրիլ 2020
***
Խոստովանիմ, որ առաւօտները աչքս բանալուս պէս «Հայերէն blog»ը չեմ նայիր: Բայց ամէն անգամ երբ առցանց «Հայերէն blog» այցելեմ, կը մտածեմ, որ պէտք է, եւ իրապէս շատ աւելի առողջ սովորութիւն կ’ըլլայ, եթէ առաւօտները, նոր եփուած սուրճին հետ, օրս սկսիմ «Հայերէն blog»ը նայելով:
Ըսեմ ինչու: Նախ ընթերցողը հեռու կը պահէ դիմատետրեան ըսի-ըսաւներու, ֆէյք նիուզի ստապատիր աշխարհէն: Մարդիկ այսօր առօրեան կը սկսին ըսի-ըսաւներով, ու կը փակեն՝ ընկերային ցանցերու անճոռնիութիւններով, բամբասանքներով եւ աշխարհը կլանած անորակ լուրերով: Դեռ չենք խօսիր սուտերու եւ յիմարաբանութիւններու մասին, ենթադրելով, որ բանականութիւն ունեցող մարդը սեւը ճերմակէն զանազանելու նուազագոյն զգաստութեան մը կը տիրապետէ արդէն: Այս առումով, «Հայերէն blog»ը ուրիշ աշխարհ կը տանի ընթերցողը: Բարձր միտքի, գեղարուեստի, ճկուն եւ իմաստալի բառերու աշխարհը: Խոկալու տեղ է, խորհելու անկիւն, մտաւոր զարգացման դասարան է «Հայերէն blog»ը: Այս աշխարհին մէջ մտնելէ ետք միայն մարդ կը տեսնէ միւսին դատարկութիւնը, սոցիալական կոչուած ցանցին անիմաստութիւնը:
Յետոյ, եւ ամենէն կարեւորը, արեւմտահայերէնի համն ու հոտը կու տայ ինծի «Հայերէն blog»ը: Ոչ թէ օրաթերթային չոր լրատուութեան արեւմտահայերէնին, այլ այն քաղցր, բուրումնաւէտ, զգլխիչ արեւմտահայերէնին, որուն շատ քիչ կը հանդիպինք այսօր: Այս իմաստով, անզուգական է «Հայերէն blog»ը, ուրիշ է ոչ միայն բովանդակութեամբ, այլ նաեւ լեզուով, աւելի ճիշդը՝ լեզուամտածողութեամբ, ուր կը վերակենդանանան հայկական Վենետիկը, Պոլիսը, Հալէպն ու Պէյրութը, իրենց իւրայատուկ բուրմունքով՝ բոյրերով, համերով, գոյներով…
Իրապէս ուրիշ աշխարհ է «Հայերէն blog»ը եւ երանելի է այն մարդը, որ այդ աշխարհի վայելքներու բաժակին մինչեւ վերջին կաթիլը ըմպելու վայելքը կ’ապրի:
Րաֆֆի Տուտագլեան
Երեւան, 6 Ապրիլ 2020
***
Տպաւորութիւններս Հայերէն blog/պլոկ կայքէջին մասին միայն դրական կրնան ըլլալ։ Այս տարիներուն, երբ արեւմտահայերէնը վտանգի տակ է, այսպիսի նախաձեռնութիւն մը միայն գնահատելի է։
Արեւմտահայերէնի եւ ընդհանրապէս հայերէն լեզուի գործածութիւնը օրէ օր կը նահանջէ օտար միջավայրին մէջ։ Յունաստանի մէջ ալ վիճակը նոյնն է։ Սակայն Սփիւռքի մէջ ապրող եւ հայ կրթական համակարգին մէջ գործողներուս համար վհատողն ո՞վ է որ․ շարունակ պայքարի մէջ ենք։ Միջոցներ կը փնտռենք վառ պահելու հայերէնի հետաքրքրութիւնը աշակերտներուն մէջ եւ քանի այս սերունդը քաջածանօթ է համացանցին, մենք ալ «պարտաւոր» ենք անոր դիմել եւ հայկական դպրոցին առօրեային աղն ու պղպեղը դարձնել։
Հայերէն Պլոկը շարժառիթ մըն է հետաքրքրուելու եւ առօրեան հայերէնով ճոխացնելու համար։ Անոր բոլոր էջերը հետաքրքրական են, որովհետեւ «բաց սփիւռք» մըն են։
Մեր նախակրթարանին 6րդ դասարանին աշակերտներն ալ մասնակցած են եւ պիտի շարունակեն մասնակցիլ գրութիւններով «Աշակերտական անկիւն»ին մէջ։ Անոնց համար հաճելի է տեսնել իրենց հայերէնով յօդուածները համացանցի էջերէն եւ ոչ միայն։ Նաեւ կը կարդան գրութիւններ գրուած Սփիւռքի հայկական վարժարաններու աշակերտներուն կողմէն եւ կը տեսնեն թէ մինակ չեն Սփիւռքի տարածքին․ աշխարհի չորս կողմն ալ իրենց նման հայ դասընկերներ կան, որոնք հայեցի դաստիարակութեամբ կը մեծնան, եւ թէ անոնց պատմածները, գրածները չեն տարբերիր իրենց գրածէն, պատմածէն ու ապրած կեանքէն։
Սրտանց յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեր այս նախաձեռնութեան․ քարիկ մը եւս դրած էք արեւմտահայերէնի պահպանման, գործածութեան եւ անով կը հարստացնէք մեր առօրեան։ Բարի շարունակութիւն։
Հայկանուշ Մինասեան
Քոքինիա, 6 Ապրիլ 2020
***
Այս օրերուն դժուար է հանդիպիլ ճիշդ հայերէնի գործածութեան եւ գրութեան։ Հայրենիքէն ներս խելակորոյս կացութեան մատնուած է մեր լեզուն։ Սփիւռքի տարածքին մեր լեզուի անաղարտ պահպանումը եւ գործածումը կը դիմակալեն ամէնօրեայ խոչընդոտներ։ Այս անմխիթար կացութեան առաջին զոհերն են ընդհանրապէս մեր ուղղագրութիւնը, յատկապէս մեսրոպեան ուղղագրութիւնը, եւ մասնաւորաբար մեր գեղեցիկ արեւմտահայերէնը։ Կը փնտռենք Յովհաննէս Թումանեանի վճիտ արեւելահայերէնը։ Կը կարօտնանք Դանիէլ Վարուժանի լեզուն, գիրն ու ոճը։ Կը ցանկանք Վազգէն Շուշանեանի արեւմտահայերէնի մաքրութեան։ Մեր լեզուի այս տխուր վիճակը տակաւին կը սպասէ լուծումներու՝ մեր ազգային ղեկավար մակարդակներուն վրայ։ Մինչ այդ, ճիգ չենք խնայեր գէթ անհատական նախաձեռնութիւններով գտնել ճիշդ հայերէնի գործածութեան փորձը եւ հետեւիլ այդ փորձին։ «Հայերէն blog»ը այն հազուագիւտ հարթակներէն է, ուր կեանք ու աւիւն կը տրուի այդ փորձին։ Հոն վերջապէս կու գանք դէմ յանդիման գտնուելու հայերէնի ճիշդ գործածութեան հետ։ Եւ կը սորվինք անկէ։ Ճիշդ հայերէնի գործածութեան ու գրութեան փոքր քուրայ մըն է։ Նաեւ աւելին, «Հայերէն blog»ը իր բովանդակութեամբ գանձարան մըն է, ուր կը հանդիպինք մեր մշակոյթն ու լեզուն ներկայացնող գոհարներու։
Սեդօ Պոյաճեան
Լոս Անճելոս, 6 Ապրիլ 2020
***
Չափահաս տարիքի է որ հայերէն սորվեցայ՝ պզտիկուց չէի խօսեր։ Ընտանիքիս մէջ միակ խօսողը ե՛ս եմ։ Անոր պատճառով, ինծի պէտք են վիրտուալ միջոցներ, որպէսզի լեզուն մատչելի եւ մշտական ներկայութիւն ըլլայ ինծի։ Այսինքն՝ գիրքերէն զատ պէտք ունիմ համացանցի վրայ բաներու։ Եւ հաճելի չէ որ այդ բաները միշտ լուրերը (մամուլը) ըլլան։ Ասոր համար, շնորհակալ եմ որ ՀԱՅԵՐԷՆ ՊԼՕԿը կայ, որպէսզի կարենամ գրական հետաքրքրական եւ հաճելի, նորանոր բաներ կարդալ։ Բան մըն ալ ըսեմ իբր գրող, աւելի ճիշդ՝ անգլերէնէ դէպի հայերէն բանաստեղծութիւն թարգմանող։ Իշխան Չիֆթճեանն է որ առաջարկեց որ այսպիսի թարգմանութիւններ փորձեմ։ Անշուշտ ինծի պէտք է խմբագրող։ Շատ հաճելի եւ օգտակար եղած է Իշխանին աշխատակցիլ այս ձեւով, ի միջի այլոց, որովհետեւ ամէն անգամ նոր բաներ կը սորվիմ լեզուի կարողութիւններս զարգացնելով։
Ճեսի Արլէն
Լոս Անճելոս, 6 Ապրիլ 2020
***
Աւելորդ է անդրադառնալ ծանօթ այն իրողութեան, թէ համայն աշխարհի մէջ նահանջի մէջ է հայ լեզուն, աւելի ճիշդ բառերով հայերէնի գործածութիւնը ընդհանրապէս եւ արեւմտահայերէնը՝ մասնաւորապէս։
Հակառակ այս դառն իրողութեան, մեր մեծասքանչի սիրահար խումբ մը յարգարժան անձեր կը փորձեն բաներ մը ընել։
Երբ հայ լեզուն ամէն գետնի վրայ աշխատողներու պէտք ունի, ամէն տեսակ նախաձեռնութիւն ողջունելի է եւ մեծապէս գնահատելի։
Ո՞վ կրնայ յարգանքով չողջունել այս աշխատանքը։
Եւ եթէ նոր գրողներ, նոր բանաստեղծներ, մէկ խօսքով՝ եթէ «նոր»եր պիտի հասնին, բոլոր աշխատաւորներու եւ երախտաւորներու ամէն տեսակ աշխատանքը մեծապէս շնորհաւորելի է։
Ահա ասոնք բարի եղէք ընդունիլ որպէս համեստ տպաւորութիւններ կամ խորհրդածութիւններ կայքէջիդ քառամեակի օրերուն։
Ձեզի կը մաղթեմ կարողութիւն մշակութանուէր բոլոր աշխատանքներուն մէջ։
Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան
Իսթանպուլ, 6 Ապրիլ 2020
***
Մենք շարժինք թէ ոչ, տարիները կը սահին:
Ժամանակի սահքին միացած է «Հայերէն blog»ը, շարժելո՛ւ որոշումով: Եւ արդէն չորս տարիէ ի վեր:
Ան ունի յատկանշական ու ընդգծելի կէտեր, որոնք թերեւս ուրիշներ ալ ունին, բայց կ’արժէ այս առիթով թուել զանոնք:
«Հայերէն blog»ի պարագային մէկտեղուած են․
Ա․ Թարմութիւնն ու անմիջականութիւնը: Առանց արտատպումներու, օրուան ընթացքին, գրեթէ մնայուն ներկայութիւն է ան, իսկ այս կ’ենթադրէ յարատեւութիւն:
Բ․ Անկեղծութիւն՝ ինքն իրեն հանդէպ․ այս արժանիքն ալ կարիքը ունի զգօնութեան, որմէ զուրկ չէ blogը։
Գ․ Վերջապէս՝ յստակ նպատակ, հայերէնն ու արեւմտահայերէնը իբրեւ «գործածուող» լեզու տեսնելու:
Այս առումով ան հնոց է մեծերուն ու դարբնոց պատանիներուն համար:
Իբրեւ ուսուցչուհի, կրնամ վկայել blogի ունեցած կարեւորութեան մասին: Աշակերտներու գրութիւնները արժեւորելու ու անոնց դիմաց «ազատ դաշտ» տրամադրելու կեցուածքը ունի իր խրախուսիչ անդրադարձը: Աշակերտին համար այդ մէկը աննկարագրելի քաջալերանքի աղբիւր է ու խրախուսիչ մղում: Այս մէկը կը խաղայ նաեւ իր որոշիչ դերը՝ հայ գիրը կը ստանայ ուրիշ իմաստ, յատկապէս արեւմտեան աշխարհի մէջ ծնած պատանիներուն համար: Ան կ’օժանդակէ, որ անոնք հայերէնով մտածեն ու համաձայն իրենց մակարդակին՝ ստեղծագործեն:
Աշակերտներուս անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Հայերէն blog»ի անձնակազմին ու երկար կեանք՝ կայքէջին:
Սեւան Նազարեան
Փարիզ, 6 Ապրիլ 2020
***
Հայերէն Պլօկի եզակիութիւնը
Հայերէն պլօկը իր տեսակի մէջ իմ իմացածներից եզակի հարթակ է: Եզակի ոչ միայն գրական բազմաժանր նիւթերով, այլ նաեւ՝ բարբառներով գրուած նիւթերի շնորհիւ հայերէն տարբեր խօսուածքները մէկ յարկի տակ ժողվելով: Այս հանգամանքը հայոց լեզուի հարստութիւններին կարող է նոր կեանք ու շարունակական շունչ տալ: Այսօր, երբ աշխարհով մէկ սփռուածութեան եւ աւելի ու աւելի շատ օտարամուծութիւններով լցուելու պայմաններում հայոց լեզուն կորուստներ է կրում, անչափ պահանջուած եւ շատ հետաքրքիր մտայղացում է բարբառներով նիւթերի բաժին ունենալը: Եւ հայոց լեզուի բարբառային մասունքները (անգամ եթէ դրանք ժամանակի ընթացքում խառնուրդ-խօսուածքներ են դարձել, եթէ անգամ իրենց մէջ կրում են այլալեզու ազդեցութիւններ), նման են ոսկու հանքաքարի, որում այլ կարեւորութեան մետաղներ էլ են լինում: Շատ յաճախ հէնց օտարածին կարծուող բառերում յանկարծակի փայլատակում են հայկական իմաստներ, որոնք միշտ եղել են մեր բարբառներում: Այդպիսով, բարբառների միջոցով երբեմն բացայայտւում են օտարալեզու բառերի հայկական ծագման աղերսներ: Ասելիքս այն է, որ բարբառները ոչ միայն մեր կեանքն են (անցեալ, ներկայ եւ ապագայ), այլ նաեւ կարող է շատ օգտակար լինեն պատմամշակութային, գիտական, ծագումնաբանական եւ այլ հարցեր ճշտելու, օտարների հետ մեր յարաբերութիւնները ճիշտ կառուցելու առումով: Ուստի, միանշանակ է, որ պլօկում բարբառներով նիւթեր զետեղելը բաւարարում է ոչ միայն մեր պարզ հետաքրքրասիրութիւնը եւ հարստացնում բարբառային իմացութիւնը, այլ նաեւ ստեղծում է ինքներս մեզ ճանաչելու, սեփական ազգին հասկանալու եւս մէկ հնարաւորութիւն: Շատ կարեւոր այս բաժինը պէտք է աւելի շատ բարբառներով նիւթեր ընդգրկի: Սա կարող է օգտակար լինել նաեւ բարբառներ ուսումնասիրողներին: Ես շատ եմ ցաւում, որ իմ բարբառային չիմացութիւնը ինձ հնարաւորութիւն չի տալիս աւելի մեծ մասնակցութիւն ունենալ Հայերէն պլօկի աշխատանքներին եւ նիւթեր յաճախակի առաջարկել, բայց բաժնի առկայութիւնը շատ եմ կարեւորում: Հայկականութեան միասնականութեան մասին բոլորիս բարի ցանկութիւնները (որ շատ յաճախ ասւում են ուղղակի ասելու համար) Հայերէն պլօկում գործնական կիրառութեան մէջ են դրւում:
Լեզուն ինչքան բարբառ ու գրական խօսուածք ունի, այնքան հարուստ է, իսկ ուղղագրութիւնը, թերեւս, պէտք է մէկը լինի: Կարծում եմ՝ այսօր արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի ուղղագրութիւնների տարբերութիւնը որոշակի խոչընդոտներ է յարուցում, ցանկալի է ունենալ միասնական ուղղագրութիւն: Այս մասին, գիտենք, շատ է խօսուել, բայց հարցը չի լուծուել, իսկ պահանջը դեռ կայ: Թերեւս Հայերէն պլօկը կարող է դառնալ հայերէնի միասնական ուղղագրութեան եւ ուղղախօսութեան ճշտման, վերահաստատման գիտական օճախ: Ուստի գուցէ եւ իմաստ ունի, որ Հայէրեն պլօկը դասական ուղղագրութեան կանոնների եւ ուղղախօսութեան ուսուցման կամ գոնէ ծանօթացումների բաժին նոյնպէս ունենայ: Ես անհամբեր սպասում եմ, թէ երբ, հայոց գաղափարագիտական հենքի վրայ, մեր ազգանուէր լեզուաբաններն ու գիտնականները կը վերագտնեն մեր դարաւոր ազգային գրամշակոյթի համար լաւագոյն կանոնները, արեւելահայերէնի ուղղագրութիւնը (եթէ աղաւաղումներ ունի) կը ձերբազատեն արհեստականօրէն պարտադրուածից, կը պահպանեն նրանում նոր ներմուծուած, բայց գործնականում օգտակար կիրառելի ձեռքբերումները, հնից կը վերցնեն իմաստնականը եւ ուղղագրական «հանածոն» կը մաքրեն «ծանր ու անցանկալի մետաղներից»՝ ի ցոյց դնելով զուտ ոսկեգիրը:
Անահիտ Արփեն
Երեւան, 6 Ապրիլ 2020
***
Անկեղծօրէն, ես շատ ուշ եւ միայն վերջերս է որ ծանօթացայ «Հայերէն blog»ին եւ հիմա արդէն ինքզինքս կը համարեմ անոր հաւատարիմ եւ խանդավառ հետեւորդներէն մին: Եւ ահա այս պրկուած օրերուս, արդէն անոր քառամեակն է որ կը նշուի: Առանց աւելորդ գովասանքներ շռայլելու, կրնամ վստահօրէն հաստատել, թէ ժամանակակից հայկական գրական փորձի, եւ յատկապէս արեւմտահա՛յ գրականութեան ամենայաջող հարթակներէն մին է ան: Այս իսկ պատճառներով եւ այսօրուան առիթով, սրտիս խորքէն կը շնորհաւորեմ բոլոր աշխատակիցներն ու պատասխանատուները եւ կը մաղթեմ որ բոլորով շարունակենք հարստացնել այս Blogը՝ արեւմտահայ ժամանակակից գրականութեան նոր սլացք տալու նպատակով:
Վիգէն Յովսէփեան
Լոս Անճելոս, 6 Ապրիլ 2020
***
Կը շնորհաւորեմ Հայերէն Պլոկի 4ամեակը։
Ինծի համար հոգեկան եւ մտային մեծ հաճոյք է կարդալ ձեր գրութիւնները եւ նաեւ մասնակից դառնալ Հայերէն Պլոկին։
Հայերէն Պլոկը կապի, հաղորդակցութեան եւ մտաւոր զարգացման ժամանակակից սքանչելի հարթակ մըն է։
Ձեզի նման տեսիլք եւ քաջութիւն ունեցող մարդոց կը մաղթեմ յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն։
Րաֆֆի Պետիկեան
Տինսլաքեն (Գերմանիա), 6 Ապրիլ 2020
***
Մինչ տասնեակ տարիներէ ի վեր «գրող չկայ»ի յանկերգը կը հոլովուի Սփիւռքի մէջ (մեր դպրոցներո՞ւն կը վստահէին գործը), Հայերէն պլօկը եկաւ փաստելու, որ երբ գրական հողը գոյութիւն ունի՝ գրողը կը ծաղկի, կամ գրողը իրեն կը քաշէ մաքնիսի պէս։ Մինչ գրողի տագնապ տեսնողները պարտուողական շեշտով դեռ կը գանգատին՝ դուն եւ քու գործակիցներդ արդէն այդ հողը կը ստեղծէք, միանալով փոքրաթիւ մարդոց, որոնք այդ գանգատներուն դիմաց անտարբեր՝ գրականութիւն եւ գրողներու ցանց մը կը ստեղծեն։ Անհատ «խենթ»երն են, ըստ երեւոյթի, որ պիտի վերամշակեն Սփիւռքի գրական հողը։
Անոյշ Ակներեան
Մոնթրէալ, 6 Ապրիլ 2020
***
Երբ աւանդական, դասական եւ սովորական եղած նիւթերէն խոյս տալով կը փորձեմ որոնել այլ տարբերակ՝ առաջին հերթին Հայերէն blog էջը կը մտաբերեմ։ Այլազան եւ ժամանակակից նիւթեր լուսարձակի տակ առնելով ընթերցողը իր ճաշակը գոհացնողը կրնայ գտնել հոս։
Արդի բանաստեղծութիւններով, պատմուածքներով, աշակերտական անկիւնով եւ «Ազգային հանելուկներ»ով ան մեր առօրեային մաս կը կազմէ արդէն։ Նոր գրիչներու յայտնաբերման հարթակ ըլլալը իր յատկանիշերէն է նաեւ։
Շնորհակալութիւն եւ բարի երթ։
Լուսին Ապաճեան-Չիլաբօշեան
Հալէպ, 7 Ապրիլ 2020
***
«Հայերէն Blog»ը կը ջանայ բաց մը գոցել
«Հայերէն blog»ը ընթերցել սկսայ գրառումներէս մէկուն մէջ ուղղագրական սխալի մը համար անոր խմբագիրին սուր քննադատութիւնը ընթերցելէս ու անոր հետ «առնել-տալէս» վերջ։ Խմբագիր Իշխան Չիֆթճեանին հետ բարեկամութիւնս այդ «առնել-տալէն» վերջ սկսաւ։ Աշխատանքի հանդէպ լրջութիւնն էր իր գլխաւոր մտահոգութիւնը, ու այդ լրջութեամբ աշխատանքի ձեռնարկած էր «Հայերէն blog»ի խմբագրակազմը՝ տարուէ տարի այդ հարթակը վերածելով ոչ թէ միայն ընթերցողներու հրամցուած գրական լուրջ գործի, այլեւ աշխատակիցներու գործարանի։
Ընթերցելով «Հայերէն blog»ին հրապարակումները, զրուցելով անոր խմբագիրին հետ, հետեւեալը նկատած եմ ժամանակի ընթացքին․
«Հայերէն blog»ը կը փորձէ նաեւ բաց մը գոցել յատկապէս արեւմտահայ մեր մամուլին մէջ։
Ինչպէ՞ս․․․
Նախ արեւմտահայերէնի անթերի օգտագործման ու արեւմտահայերէնով գրելու, ստեղծագործելու համն ու հաճոյքը զգալ տալով՝ յատկապէս երիտասարդ գրողներուն, որովհետեւ այդպէս է որ կենդանի կը մնայ լեզուն, անկախ հնչող քարոզներէն ու լեզուի պահպանման յորդորներէն։
Երկրորդ՝ գրողին միտքը ազատագրել փորձելով տիրական մտածելակերպերուն կաշկանդումներէն, կրկնաբանութիւններէն ու անոր ներաշխարհին բացայայտման մղիչ ազդակ դառնալով։
Ազատագրել բառը չափազանցութիւն թող չթուի, որովհետեւ տեղ-տեղ հասարակական կարծիքը այնքան կաշկանդած է սովորական գրողը, որ ինքզինք արտայայտելու ազատութենէն զրկած է զինք ու մղած ինքնամփոփումի։ Աւելին․ սահմաններ գծելով նուազեցուցած է անոր բացարձակ անկեղծութիւնը։ Այդ բացարձակ անկեղծութիւնն է միայն, – սխալի ու ճիշդի հաշիւներէն անդին, – որ գրութեան կու տայ անմիջականութիւն, արժէք եւ ընթերցողը կը բերէ, կը մօտեցնէ գրողին։
Մամուլին մէջ ինքնարտայայտումի խիզախութիւնը տեղի տուած է այն ատեն, երբ գրողը ազգային, հասարակական թապուներուն համակերպողի սահմաններուն մէջ մնացած է, առանց քանդել կարենալու այդ թապուները։
Այս բոլորէն ձերբազատելու ու գրողին միտքը ազատագրելու բաց մըն ալ կը ջանայ գոցել «Հայերէն blog»ը։ Կրնաք համաձայն ըլլալ անոր մէջ հնչած միտքերուն հետ, կրնաք չափազանցութիւն համարել կարգ մը գաղափարներ, բայց դուք ձեզ կը գտնէք ազատ տարածքի մը մէջ, արեւմտահայերէնին գեղեցկութիւնը կը վայելէք եւ կորսուած արժէք մը վերագտած ըլլալու յուզումը կ’ապրիք նոյնիսկ երգիծական գրութիւնները ընթերցելով։
Չորս տարի զարգանալով գոյատեւելը ինքնին յաջողութեան գրաւական մըն է անկախ կայքի մը համար։ Շնորհաւորենք խմբագրակազմն ու աշխատակիցները։ Դիւրին չէ անհատական ճիգերով այսպիսի ճամբայ մը բանալն ու բաց պահելը։
Զարմիկ Պօղիկեան
Հալէպ, 7 Ապրիլ 2020
***
Ինձ համար ամէնից կարեւոր բանը, որ ստիպում է ինձ կարդալ եւ հետաքրքրութիւն է յարուցում ինձ մօտ, դա քննադատաբար մօտենալն է սեփական մշակոյթին։ Ահաւասիկ այս ամէնն ակնյայտ կերպով գտնւում է Հայերէն blogի մէջ, յատկապէս «Ազգային Հանելուկներ»ի շարքի, որ իր բովանդակութեամբ կարող է համեմատուել Յակոբ Պարոնեանի «Ազգային Ջոջեր»ի դիմանկաների շարքին։ Այս «Ազգային Հանելուկներ»ը պէտք է նաեւ հիմք հանդիսանան որպէս մեր հասարակութեան բարելաւման եւ մի շարք սնոտիապաշտական սովորութիւններից ազատագրուելու միջոց։ Հետաքրքիր է, որ այս շարքի նրբանկատ ծաղրանքի մէջ հայի նոր մտածելակերպի վերանորոգում եւ բարեկարգում է, ոչ թէ հին, այլ Նոր։ Ահա սա է մեզ պէտք․ սատիրայի միջոցով այնպէս խօսել, առանց անուներ տալու, հասնել նոր մտածելակերպի եւ կեանքի նոր ձեւի։
Ես լինելով Հայաստանի հայ, ինձ համար հետաքրքիր է նաեւ Հայերէն blogի միջոցով ծանօթանալ եւ տեղեկացուել արեւմտեան հայոց գրականութեանը։ Այս ամէնի հետ մէկտեղ, blogը ստեղծուած է բոլորի համար եւ ամէնից կարեւոր փաստը, որ ժամանակակից հարցեր է քննարկում, լինելով գրաւիչ եւ զարմացնող Հայերէն blog, իր ոճով եւ բովանդակութեամբ։
Խաչիկ Յովհաննիսեան
Բերլին, 7 Ապրիլ 2020
***
Սկիզբէն խոստովանիմ, որ պիտի ուզէի շատ աւելի ամբողջական եւ խորքային գրախօսութիւն մը ընել «Հայերէն Պլոկ»ին մասին։ Դժբախտաբար ատոր «տարածութիւնը» այսօր կը պակսի ինծի, ինչպէս շատ ուրիշ կարեւոր բաներու։ Այն ինչ, որ այսօր պիտի գրեմ, դիտարկումներու շարք մըն է, որոնք թերեւս կրնան շահեկան ըլլալ ձեր ընելիք ընդհանուր գնահատականին համար։
(ա․) Հայերէն Պլոկի գաղափարը նորութիւն է մեր գրական համեստ բեմին համար, թէեւ այն արհեստագիտութիւնը, որմէ օգտուած էք, գոյութիւն ունեցած է արդէն բաւական երկար ժամանակ։ Գիտեմ, թէ գոյութիւն ունեցած են եւ ունին բազմաթիւ կայքեր գրական հաւաքածոներ ստեղծելու միտումով։ Պլոկը պէտք չէ բաղդատել անոնց հետ։ Իմ կարծիքով, պլոկը ձեւաւորուած է որպէս շտեմարան Սփիւռքի նոր արտադրանքը պարփակելու կոչուած։ Այդ առումով, պատմական է այն ինչ, որ կ՚ընես։ Մշակութային հսկայ փոշիացում մը կայ Սփիւռքի ամբողջ տարածքին, որուն մաս կը կազմէ գրականութիւնը։ Պլոկը ոչ միայն բեմ է, այլ պահեստարան՝ ուր տեղ գտած նիւթը ապահոված է իր «յաւերժութիւնը»։ Ան միշտ մատչելի է եւ գտանելի եւ յուսանք նաեւ անկորուստ։ Այս բոլորը կը յենին աշխատողի մը յամառութեան։ Կամ աշխատողներու։ Այդ մէկը դուն ես եւ առաջին պատիւը կ՚երթայ քու այս յարատեւ ճիգիդ։
(բ․) Պլոկի նիւթերու հրապարակման մէջ զգալի է խմբագրական բծախնդրութիւնը։ Վրիպակներու (ես գէթ) չեմ հանդիպած։ Եւ նիւթերու եւ գրական սեռերու այլազանութիւնը ըստ ամենայնի քաջալերուած է, թէեւ առայժմ սահմանափակ։
(գ․) Ես պիտի ուզէի, որ նիւթերու դասաւորումը ըլլար աւելի խօսուն իւրաքանչիւր հեղինակի մասին կենսագրական ծանօթութիւններով եւ յղումներով։ Նաեւ լուսանկարներով։
(դ․) Խօսելով յատկապէս բանաստեղծութեան բաժնին մասին, կը գտնեմ, որ «խտրականութեան» զգալի պակաս մը կայ։ Կը հանդիպիմ տոկուն ստեղծագործութեանց։ Կը հանդիպիմ նաեւ անորակ փորձերու։ Ամէն նորարարութիւն արուեստ չէ։ Պիտի խոստովանիմ, որ այսօր հրապարակը սկսած է ողողուիլ այնպիսի յաւակնոտ էջերով, որոնք կը չարաշահեն նորարարութեան բեմը։ Կոտրտել հին տողը եւ վերածել բիւրեղներու եւ անոնցմէ վերստին կառուցել քերթութեան նոր լեզուն՝ մեծապէս պատասխանատու գործ է։ Ամէն սկսնակի գործը չէ։ Բայց նաեւ հանճարեղ սկսնակի միամիտ համարձակութեան պէտք ունինք, որ ծնի իրականն ու արարչականը։ Գիտեմ, թէ որպէս խմբագիր երկուութեան մէջ ես։ Առիթ տա՞լ, որ ծիլը ընձիւղի՝ յուսալով որ կ՚ընձիւղի… դժուար երկընտրանք է։ Յամենայն դէպս կը յանձնեմ ուշադրութեանդ։ Մէկ բան տեսանելի է։ «Խտրականութեան» պակասը պատճառ դարձած է, որ էջերդ լեցուին քով-քովի (վիճակագրական սիւնակներու պէս) ամէն որակի էջերով։
(ե․) Պլոկը չէ ստացած տակաւին անհրաժեշտ ծանուցումը։ Ան պէտք է բացուի գրական աւելի լայն շերտի մը առջեւ։ Թէեւ պէտք է ըսեմ, որ յաճախ պլոկի էջերուն մէջ հանդիպած եմ ինծի համար բոլորովին նոր անուններու։ Ընդհանրապէս՝ պոլսեցի։
(զ․) Պիտի ուզէի, որ «Հայերէն Պլոկ» անունը փոխարինուէր աւելի խօսուն եւ ճառագայթող մէկ եզրով։ Գրեթէ անարդար է տարուած ճիգին եւ իրագործուած արդիւնքին համար։ Կարեւոր է, որ անունն իսկ խթան հանդիսանայ, որ ընթերցողները ձեր էջերը բանան եւ ըմբոշխնեն։
Առայժմ այսքան։ Հետագային կրնանք աւելի ընդլայնուած քննարկումներ ընել։
Ի սրտէ յաջողութիւն կը մաղթեմ։
Կարօ Արմենեան
Ուաշինկթոն, 7 Ապրիլ 2020
***
Հայերէն Պլօկը եկաւ քաղցրագոյն զեփիւռի մը պէս, բերելով լուրը որ անտարակոյս գոյ է տակաւին արեւմտահայերէն գրականութեան ջիղը։ Տպաւորիչ եւ շատ, շատ հաճելի է որ խելացի ղեկ կայ ձեռնարկի ետին. եւ որ պլօկը գիտէ կեանքի բերել հայոց պատմութեան ու մշակոյթի գանձարանը առանց մեռելապաշտութեան ապաւինելու. եւ որ գիտէ տարբերութիւնը հայրենասիրութեան ու ազգայնապաշտութեան միջեւ. եւ որ այս ծրագիրը անյապաղ հանդիսացաւ ներառնող, քաջալերող, լայնկեկ տարածք մը, ուր նոր գրողները հանգիստ զգացին ըսելու, գէթ սկսի՛լ ըսելու, իրենց ըսելիքները։
Այսքանը՝ ինչ որ Հայերէն Պլօկը է, ինծի համար։ Շատ հետաքրքրուած չեմ թէ անիկա ինչ չէ։ Բայց գիտեմ որ ինչ կ՚ուզեմ տեսնել յառաջիկային, հետեւեալօրէն.
Գրութիւններ, որ դուրս կը բերեն արեւմտահայերէնը քաղքենի յարգելիութեան իր դարակներէն, իր կեթոյէն, ու կը մղեն զայն դէպի այսօրը, դէպի այսօրուայ փողոցը, հրապարակը, կը մղեն մինչեւ անջրպետ։ Ոչի՛նչ, ոչինչ ետ կրնայ պահել արեւմտահայերէնը իր կեանքոտ, սեռոտ, մտքով ու սրտով պերճ ու ճոխ, եւ, երբեք չմոռնանք՝ ՍՐԱՄԻՏ ձգտումներէն, կարողականութիւններէն, ջանքերէն. ոչինչ կրնայ ետ պահել զայն, կ՚ըսեմ, միայն եթէ մենք համոզուինք որ այդպէս է։
Գրութիւններ, հետեւաբար, որ կը հարստացնեն մեզ՝ պեղելով ու տօնակատարելով պատմութեան այս մասնայատուկ պահուն տեղի ունեցող փորձառութիւնը հայ կնոջ, եւ հայ աղջկան, եւ հայ տղուն ու երիտասարդին, սեռային ինքնութեան բոլոր իրաւութիւններով։
Գրութիւններ, որ մեզի կը փոխանցեն համն ու հոտը, որակն ու քիմիական բաղադրութիւնը առօրեային, ամէնօրեային, հոս ու այժմին, յանդգնելով անդին անցնիլ մտաւորական ծուլութենէն, բանաստեղծաշունչ ընդհանրացումէն, որ կը յաւակնի մէկ վրձինի զարկով ամէն ինչ ալ ըսած ըլլալ բայց իրօք ոչինչ կ՚ըսէ, եւ, ի վերջոյ, ոգեպէս աղքատ կը թողու մեզ։
Եւ, վերջապէս, գրութիւններ, որ սխալ ոչինչ կը տեսնեն անկեղծ հարցադրումին մէջ. գրութիւններ, ուրեմն, որ կը հարցնեն, կ՚ուզեն գիտնալ, թէ ուր է մեր տեղը այս ահ ու դողի մատնուած, ցեղապաշտութեան նորոգ ալիքներ յառաջացնող, կղզիականացուող աշխարհին մէջ. եւ թէ ուր է մեր տեղը Հայաստան եւ Արցախ, զորս խենթի պէս կը սիրենք բայց որոնց տակաւին կը մօտենանք սանկ կտոր մը կասկածանքով, պատառիկ մը անվստահութեամբ։ Իրաւ՝ օտա՞ր ենք. «աղբա՞ր» ենք դեռ. եւ ճիշդ ի՞նչ ըսել է 2020ի կօշիկով օտար ըլլալ, օտար զգալ՝ մեծ աշխարհին մէջ թէ Երեւան կամ Ստեփանակերտ։ Ճիշդ հարցումի, իմաստուն հարցումի գործողութիւնը կը տանի զիս Պղատոնին, այսինքն այն բոլոր բաներուն, որ կ՚ազատագրեն միտքը դէպի հետազօտութիւնը, դէպի մեծ արկածախնդրութիւնը։ Ճիշդ այս պարունակին մէջ է, որ ամենէն շատ կը խանդավառուիմ Հայերէն Պլօկով։
Իշխան Ճինպաշեան
Լոս Անճելոս, 7 Ապրիլ 2020
***
«Լեզու մը խօսիլը մշակոյթ մը ստանձնել կ’ենթադրէ, ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը կրել» (Ֆրանց Ֆանոն, «Խափշիկը եւ Լեզուն», էջ 1):
Եթէ լեզու մը «խօսիլ»ը այսքան բան կ’ենթադրէ, հապա գրելն ու կարդա՞լը։
Հայերէն պլոկը կայքէջ մըն է, վայր մը որ կը յաճախեմ, որուն պարունակութիւնը, իր բոլոր անխուսափելի եւ առօրեայ վերիվայրումներով, ըլլա՛յ բարձրորակ եւ արժէքաւոր կամ անյաջող փորձ, կը գնահատեմ։
Խօսիլ, կարդալ, գրել, մտածել – ասոնք կ’ենթադրեն արեւմտահայերէն լեզուի եւ մշակոյթի առօրեայ վերանորոգում։ Գիրք, մամուլ, ներկայիս թուայնացած վայրէջք, ներառեալ Հայերէն պլոկ, կոչուած են կենսական եւ առանցքային դեր կատարելու՝ մեր հաւաքական կեանքին մէջ եւ, եսասէրիս համար շատ կարեւոր, ի՛մ կեանքիս մէջ։
Արեւմտահայերէնի արտայայտչական վայրերը, հանրային ոլորտի բեմերէն շատերը լուրջ հակակշռի ենթարկուած են։ Ենթակայ են օրէնքներու, պայմաններու, կազմակերպչական հասկացողութիւններու եւ այդ բոլորէն մղուած խմբագրութեան, երբեմն ծանրաթաթ եւ միշտ պահանջկոտ։ Խմբագիրները պատրաստ են իրենց կաղապարներուն յարմարող որոշ որակ մը պահանջել, հարկ եղած ատեն պարտադրել։ Սա անխուսափելի է, եւ ունի թէ՛ դրական, թէ՛ բացասական արդիւնքներ։ Կը ստեղծէ արեւմտահայերէնի գործածութեան կարեւոր միջավայր մը։
Սակայն ներկայիս, երբ արեւմտահայութիւնը աւելի ցանուցիր է քան երբեք, եւ հայկական փորձառութիւնները աւելի բազմատեսակ ու բազմակեդրոն են, արեւմտահայ լեզուն եւ միտքը պէտք ունին վայրի մը, զոր անհատներ կրնան յաճախել, որեւէ տեղէ, որեւէ ատեն, հոն կարդալ, գրել եւ հրատարակել։
Արեւմտահայերէնը առօրեայ կիրարկումի պէտք ունի։ Շատերու համար ֆէյսպուքը, դիմատետրն է այդ վայրը։ Սակայն այդ ոլորտը, որքան ալ հետաքրքրական երեւոյթներ պարզէ, գերի է եսակեդրոնութեան, ինքնահաճոյումի եւ ցրուածութեան։ Չունի ոչ միայն կաղապարներ, այլ կեդրոնացում – ազատ է ոչ միայն խմբագրական կարգ-կանոնէ, այլ նաեւ գրողին կողմէ ինքնապարտադրեալ կարգ-կանոնէ, որ կենսական է մի քանի տողէ աւելի երկար որեւէ գրութեան համար։
Հայերէն պլոկի մէջ արեւմտահայերէնը առօրեայ կիրարկման վայր մը կը գտնէ, 8 Ապրիլ 2016էն ի վեր։ Հոն ամէն օր ծանօթ ու անծանօթ անհատներ արեւմտահայերէն կ’արտայայտուին, երբեմն հազիւ մշակուած, դեռ քիչ մը խակ ոճով, բայց յաճախ չակնկալուած ինքնատիպութեամբ։ Նոր գրողներ նորութիւն կը փորձեն բերել, արտայայտել, կերտել Հայերէն պլոկի մէջ, եւ երբեմն կը յաջողին։ Տեղեակ չեմ այդ նոր գրողներու ծագումին, միջավայրին, պայմաններուն։ Սակայն կան, ներկայ են, կ’ուզեն ստեղծել եւ արտայայտուիլ արդէն գոյութիւն ունեցող հայ մամուլի կաղապարներէն դուրս, կ’ուզեն կիսել իրենց խակ կամ հասուն մտածումներն ու զգացումները դիմատետրի եսակեդրոն խառնիճաղանճէն տարբեր վայրի մը մէջ։ Հայերէն պլոկը այսօր այդ վայրն է, եւ անոր կենսունակութիւնը թարմութիւն եւ յոյս կը բերէ արեւմտահայերէնին։
Խաչիկ Թէօլէօլեան
Փրովիտենս, ՌԱ, 7 Ապրիլ 2020
***
Գէթ ե՛ս պէտք չէ գրեմ Հայերէն blogին մասին, յարգելի մեծ պատճառով մը:
Հայերէն լեզուի պաշտպանութեան, ազատ բայց ճիշդ արտայայտութեան այս համահայկական բեմ-կրթարանը միայն բաց աչքերով տեսնուող գործ մըն է:
Կարծրատիպերու արեւելահայ եւ արեւմտահայ տեսակները, տարիներէ ի վեր հեղինակաւոր խօսքերով անընդհատ ծեծուող ծրագիրները նախաձեռնութիւններու սպասեցին անյուսութեամբ, իսկ Հայերէն Blogը, ահա չորս տարիներէ ի վեր, անխոնջ կը շարունակէ հայ մտաւորականներու, կրթօճախներու, մամուլի սպասաւորներու, հայերէն գրել գիտցողներու եւ չգիտցողներու, ինչպէս նաեւ հայերէն գրել սորվիլ ուզողներու յոյսի դուռը հանդիսանալ:
Մեր լեզուի երկու գլխաւոր թեւերէն բացի, անոր բարբառային հարստութիւնը իբրեւ գանձ ամբարող եւ բոլորին ծանօթացնող այս էջը, դեռ հայ գրականութեան բոլոր սեռերու մշակումով եւ հրատարակումով, հայերէն լեզուի ժամանակակից գանձատուն մըն է:
Բայց ո՞վ եւ ինչպէ՞ս կը կազմակերպէ այս բոլորը: Վստահաբար աչքերու լոյսի գնով, որովհետեւ համատարած խաւարը միայն լոյսով կը փարատի…:
Վարձքը կատար աշխատիլ սորվեցնողներուն:
Գրիգոր Եպիսկոպոս Չիֆթճեան
Թաւրիզ, 7 Ապրիլ 2020
***
Կ’ուզեմ նախ ըսել, որ ձեր պլօկը մեղմ ու դիւթող զեփիւռ մը դարձաւ ընդդէմ անապատային տաք քամիին՝ զոր կը դիմագրաւէ հայերէնը, բայց մանաւանդ արեւմտահայերէնը այս հանգրուանին: Դուք եւ ձեր աշխատակիցները գրականութիւն կը մշակէք լեզուով մը, որ ըստ միջազգային հաշուարկներու դարձած է անհետացման եզրին գտնուող բան մը: Կը շնորհաւորեմ բոլորդ անխտիր ու կը խրախուսեմ ձեզ շարունակելու այս փշոտ արահետին վրայէն քալելու՝ մինչեւ որ հասնինք լայն ու մարգագետնային տափաստաններ:
Կարապետ Մոմճեան
Փասատենա, 8 Ապրիլ 2020
***
Հայերէն Blogը արեւմտահայերէնը կենդանի պահելու, զարգացնելու եւ անոր համահայկական հոսքը ապահովելու միջոց է:
Վարձքերնիդ կատար:
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան
Արժանթին, 9 Ապրիլ 2020
***
Շատ ուրախալի է, որ մեր օրերում կան նուիրեալներ, որոնք մեր վտանգուած ոսկեղէնիկ արեւմտահայերէնի ու դասական ուղղագրութեան ջերմ պաշտպաններ են եւ չորս տարի շարունակ այդ սրբազան առաքելութեան մէջ են։ Իմ բարեմաղթանքները ձեզ։
Աշոտ Մելքոնեան
Երեւան, 10 Ապրիլ 2020
***
Քառամեայ ձեր ուղին քառասմբակ արշաւով երկիրներ եւ անուններ իրարու կապեց նոր օրերու գրապահարանով մը։ Ժամանակակից այս գրապահարանը, ՄԵՍՐՈՊԵԱՆԻ ՇՏԵՄԱՐԱՆը, կը մաղթեմ որ ըլլայ ու մնայ աննկո՛ւն եւ ժամանակի բոլոր արհաւիրքներուն դէմ վահանաւորուած իր տողանցքը շարունակէ գալիք նոր սերունդներու պաստառներուն վրայ․․․
Հիմա որ արդէն կայունացած կը կանգի չորս հիմնաքար դարձած տարիներու վրայ․․․ կ’արժէ նաեւ հարազատ անունով մը մկրտել զայն՝ ՀԱՅԵՐԷՆ BLOGը, «BLOG» բառը փոխարինելով․․․։
Յարատեւութիւն եւ բարի երթ վարչութեան եւ բոլոր աշխատակիցներուն։
Լաւագոյն բարեմաղթութիւններով՝
Զարմինէ Պօղոսեան
Սփրինկֆիլտ (Մ․ Նահանգներ), 8 Ապրիլ 2020
***
Ի՞նչ է. ինծի համար, «Հայերէն տոմար»ը անկախ գրական ձայն է եւ, ամենակարեւորը թերեւս, ժողովրդավարական ոգի արտացոլող հայատառ միակ գրական ձեռնարկը։ Որեւէ ուրիշ հրատարակութեան ծանօթ չեմ, ուր կողք-կողքի յայտնիօրէն փորձառութեամբ եւ տաղանդով սրուած գրիչներ այսպէս կոչուած առցանցային էջը բաժնեն նոր հասակ առնող հեղինակներու հետ։ Այդ իմաստով, արեւմտահայերէնի իրավիճակի մասին հարազատ պատկեր կը պարզէ։ Այդ առումով, ուրախութեամբ կը նկատեմ, որ արեւմտահայերէնի վիճակը, թէեւ խիստ մտահոգիչ, այսուհանդերձ այնքան յուսահատական չէ, որքան որ կը կարծէի։ Իր շուրջ կրնայ համախմբել գրական նոր սերունդ մը։
Ի՞նչ չէ. աւանդական մամուլ չէ, ոչ ալ համացանցի կամ դիմատետրի մակերեսային կայքէջ (թէեւ անշուշտ ասոր պատասխանը շատ աւելի երկար պէտք է ըլլայ՝ քանի որ պլօկը չէ բոլոր այն, ինչ որ իր եղածէն զատ չէ, եւ այդ շատ երկար է այստեղ նկարագրելու համար)։
Աւետիս Հաճեան
Վենետիկ, 12 Ապրիլ 2020
***
Հայերէն Blogը իր անունով եւ էութեամբ մեր երկու աշխարհներու առողջ խառնուրդն է։ Կ’ուզէի «հպարտ» ալ ըսել, բայց աւելի ճիշդ՝ հանգիստ եւ ինքնավստահ խառնուրդ է։ Ինչպէս մենք, նոյնպէս մեր լեզուն կ’ապրի այսօրուայ աշխարհին մէջ եւ սա այդ իրականութեան արդիւնք հարթակն է։ Շարունակեցէք եւ շարունակենք ապրիլ եւ մտածել աշխարհի հետ եւ աշխարհի մասին։
Սալբի Ղազարեան
Լոս Անճելոս, 14 Ապրիլ 2020
***
Գաղափարն ու նպատակը վսեմ են անկասկած, բայց ինծի համար տարբեր երկիրներէ, տարիքային տարբերութեամբ, մտայնութիւններու, ոճերու, արտայայտութիւններու, խօսելաձեւերու երանգներու ծանօթացման եւ մտահորիզոնի ծաւալման ազդակ մըն է։
Մարինա Պոզեագալեան Պազարպաշեան
Հալէպ, 19 Ապրիլ 2020
***
Հայերէն blogին մասին երկու խօսք
Ատենէ մը ի վեր կը հետեւիմ Հայերէն blogին. անկեղծօրէն, երբեմն կը խորհիմ թէ արդեօք ո՞ր անկիւնէն պիտի փչէ յաջորդ գրութիւնը եւ ասիկա կ՚ըսեմ ոչ որպէս բացասական ակնարկ, այլ՝ ընդհակառակն։ Եթէ միօրինակութիւն կը փնտռէք, կը վստահեցնեմ որ այս հարթակը ձեզի համար չէ։
Նախ՝ հարթակը ինքնին լաւ դասաւորուած եւ յստակ է. ինչ որ փնտռելու ըլլաս, դիւրաւ կը գտնես։ Բայց, եթէ ինծի պէս փնտռող ես, յաճախ աչքդ պտոյտի պիտի ելլէ, ճամբադ պիտի շեղի, անպայման պիտի ուզես սեղմել զանազան բաժանումներուն վրայ ու սեղմելէ ետք, անպայման պիտի հանդիպիս թարմ գրիչներու ու պիտի չկարենաս ինքզինքդ զսպել։ Պիտի կարդաս։ Եւ յանցաւորը հարթակն է. այնքան այլազան ու հարուստ է, որ մէյ մը որ մէջը մտնես, ժամերով կը պտտիս։
Աշխատակիցներու եւ աշակերտներու երկար ու զանազան երկիրներու վրայ տարածուած ցանկը տպաւորիչ է. մէջը բազմաթիւ անծանօթ անուններ։ Լաւ նշան է։
Շատ կը հետաքրքրեն զիս մեր բարբառները. մե՜ծ հաճոյքով կը կարդամ «Բարբառ» էջը։ Մեր տան մէջ անվերջ կը հնչէր Սասնոյ բարբառը, երբ հայրս ողջ էր. հիմա երբեմն կը փորձենք զանազան առիթներով դարձեալ խօսիլ, բայց համն ու հոտը հայրս ու հօրեղբայրներս էին, մեծ մայրս էր. երբ իրարու քով գային, կարծես փոքր Սասուն մը կը ստեղծէին։
«Բան Բառ Տառ» … Ահա ձեզի հոյակապ ժամանց մը. մանաւանդ մեկուսացման այս օրերուն, կարելի է ընտանեօք նստիլ եւ մտային մարզանք մը ընել միասին։
«Բան ու Բառ»․ նախ խոստովանինք, որ մենք «բան» բառը շատ կը սիրենք. միտքս Վահէ Պէրպէրեանը կու գայ։ Հոս իւրայատուկ, դիւրաւ ընկալելի գրութիւններ կան։ Փակագիծ մը բանալով ըսեմ, որ ընդհանրապէս այս հարթակին գրութիւններուն ընկերակցող պատկերները շատ տպաւորիչ են։
Յատուկ ուշադրութեան կ՚արժանանայ իմ մօտ «Ձեռագիր» բաժինը. գրական բնոյթի ներկայացումներու նախապատրաստական աշխատանքիս մէջ, յաճախ ձեռագիր փնտռելու ետեւէ եմ եւ անչափ ուրախ եմ որ այս բաժինը իր կարեւոր տեղը գտած է այս հարթակին վրայ։
«Թարգմանութիւն» բաժինը եւս ուշադրութիւնս գրաւողներէն է. հոս կը կարդանք թէ օտար լեզուներէ եւ թէ գրաբարէ աշխարհաբարի թարգմանուած բանաստեղծութիւններ, արձակներ։ Թարգմանութիւնները տարբեր շունչ կը բերեն մեր գրականութեան. կը փափաքիմ տեսնել նաեւ հայերէնէ օտար լեզուներու թարգմանուած ստեղծագործութիւններ, թէեւ հարթակը լրիւ հայերէն լեզուով է։
Գալով լեզուին, գերգնահատելի է հայերէնին հանդէպ բծախնդրութիւնը. այս օրերուն, երբ համացանցն ու տպագիր հրատարակութիւնները (յարգելի բացառութիւններով) կը լողան լեզուական, ուղղագրական, քերականական սխալներու մէջ, այս երեւոյթը յուսադրիչ է։
«Թատերգութիւն», «Առակ», «Անտիպ», «Արձակ բանաստեղծութիւն», «Բանաստեղծութիւն»… Բոլոր պարագաներուն, կը հանդիպինք զանազան երկիրներէ բազմաթիւ անուններու, երբեմն ծածկանուններու, նորութիւններու։
Խիստ հետաքրքրական կը գտնեմ «Փորձագրութիւն» բաժինը. վերլուծական ոճով, միշտ թարմ նիւթերով, դիտանկիւններու այլազանութեամբ հարուստ։
«Պատմական վաւերաթուղթ» բաժնին պարունակութիւնը նօսր է այս պահուն. կասկած չունիմ որ այս բաժինը հաւանաբար դառնայ ամենէն աւելի այցելութիւն ունեցող բաժիններէն մէկը։ Միտքը շատ լաւ է. սփիւռքի պատմութեան հետ կապ ունի։
«Աշակերտական անկիւն»ը մէկ կողմէ յոյս կը ներշնչէ, միւս կողմէ մտածել կու տայ այդ հարիւր հազարաւոր (միլիոնաւոր չըսելու համար) աշակերտներուն մասին, որոնք ցաւ ի սիրտ երկու նախադասութիւն քով քովի բերելու դժուարութիւն ունին այսօր. այդ ալ ուրիշ նիւթ, ուրիշ առիթով։
«Դամբարան». երբ ասիկա տեսայ առաջին անգամ, յստակ չէր ինծի համար թէ արդեօք ինչո՞ւ, ի՞նչ միտումով է որ այս նիւթը հոս տեղ գտած է։ Կը խոստովանիմ, որ այս բաժինը ինծի համար նոյնքան հետաքրքրական է որքան վերոյիշեալ բաժինները։ Կ՚անդրադառնանք թէ որքան տուած է սփիւռքը հայ մշակոյթին, հայ լեզուին. քանի՜ քանի մեծեր թաղուած են օտար հողերու տակ, հայրենիքի սէրն ու կարօտը իրենց կրծքին։ Մեր ցաւալի իրականութիւնն է։ Յաջորդին, երբ այցելէք Պէյրութի Ֆըրն էլ շըպպաքի Ազգային գերեզմանատունը, «Քուն եղիր բալաս» մը հնչեցուցէք Բարսեղ Կանաչեանի շիրիմին առջեւ… սիրտս տակն ու վրայ ընող երգը՝ ծնած օրէս ի վեր։
«Երգիծանկար»ով փակեմ. հաճոյքով կը կարդամ անցեալէն փրցուած երգիծական էջեր, գծանկարներով հարուստ։ Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Անուշապուր»ին ծանօթ էի. ուրախ եմ որ հոս ալ տեղ գտած է։
Շատ աւելին կարելի է գրել Հայերէն blogին մասին. բայց ձեր ժամանակը իմ գրութիւնը կարդալով մի անցընէք։ Այցելեցէք այս հարթակը, կարդացէք, ձեր մասնակցութիւնը բերէք։ Խիստ շահեկան այս աշխատութիւնը արժանի է մեր առաւելագոյն ուշադրութեան, նեցուկին։
Թամար Տօնապետեան Գուզուեան
Թորոնթօ, 21 Ապրիլ 2020
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն blog-ի վարչութեան հետ: