Մանկական հեքիաթ
ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ
Կար ու չկար անօթի նապաստակ մը կար։ Այս նապաստակը բանջարանոց կը մտնէ ու ի՜նչ տեսնէ աղէկ: Բանջարանոցը լեցուն է ահագին բանջարեղէններով: Ուրախութենէն կը շուարի, թէ ո՞ր բանջարեղէնով սկսի իր նախաճաշը: Ուստի մէյ մը կաղամբին կը մօտենայ, խած մը կ’առնէ, մէյ մը ստեպղինէն խածիկ մը, մէյ մը՝ վարունգէն… եւ այսպէս շարունակ երգելով, թռչկոտելով ու ցատկռտելով իր առաւօտը տօնի կը վերածէ:
– Օ՜ֆ, շատ կերայ, աս ուրկէ՜ դէմս ելաւ այս բանջարանոցը, այլեւս ամէն օր կու գամ,- կ’ըսէ ու փորիկը շփելով դուրս կ’ելլէ բանջարանոցէն եւ քիչ մը անդին խոտերուն վրայ կ’երկննայ հանգստանալու:
Քիչ վերջ բանջարանոցին տէրը կը մօտենայ բանջարեղէնները հաւաքելու, որպէսզի զանոնք քաղաք տանի ու ծախէ:
Ան հազիւ ոտքը բանջարանոցին մուտքին դրած, կը շշմի.
– Աս ի՜նչ իրարանցում է, այս ո՞վ համարձակած է մտնել բանջարանոցս ու ամբողջ բերքս փճացնել: Հիմա ինչպէ՜ս զանոնք պիտի տանիմ քաղաք ծախելու:
Տէրը այսպէս կը տխրի, կը զայրանայ, կը հաւաքէ փճացածները, կը մաքրէ բանջարանոցը, սակայն որպէսզի մնացածը եւս չփճանայ՝ շուտով միտք մը կը յղանայ: Ան փայտերով խրտուիլակ մը կը պատրաստէ, մեծ գլխարկ մը կը դնէ ու միտքէն կ’ըսէ.
– Թող համարձակի, տեսնեմ, ով որ է, գալ, մտնել բանջարանոցս:
Յաջորդ առաւօտ անօթի նապաստակը կրկին կու գայ նախաճաշի: Բանջարանոց մտնելուն պէս կ’ապշի ու երկիւղ կը մտնէ փորիկը: Այս մարդը ո՞վ է բանջարանոցին ճիշդ մէջտեղ, կը մտածէ: Կը պահուըտի թուփի մը ետեւ ու կը սպասէ որ մարդը հեռանայ:
Բայց մարդը ինչպէ՞ս հեռանա՜յ, չէ՞որ խրտուիլակն է:
Նապաստակը կը սպասէ, կը սպասէ, կը սպասէ՜, կը սպասէ՜… շատ կ’անօթենայ, ի վերջոյ կը նկատէ որ այս մարդը այսքան ժամանակ բնաւ չշարժեցաւ: Ուստի կամաց-կամաց կը փորձէ յառաջանալ. սկիզբը մէկ ոտքը առջեւ կը նետէ ու շուտով կը փախչի, բայց կը տեսնէ որ մարդը երբեք չի շարժիր, այս անգամ երկու քայլ, ապա երեք քայլ առջեւ կը մօտենայ ու կը հասնի խրտուիլակին.
– Օ՜, հիմա հասկցայ,- կ’ըսէ նապաստակը ու կը ծիծաղի իր վախկոտութեան վրայ: Անօթութիւնը պահ մը մոռցած կը սկսի յաղթական խաղեր խաղալ պարտուած խրտուիլակին հետ: Ան մէյ մը անոր գլխարկը կը հանէ ու իր գլխուն կը դնէ, մէյ մը իր թեւերը կը բանայ ու խրտուիլակին դիմաց անոր պէս ձեւեր կ’ընէ, մէյ մը թեւին վրայ կ’ելլէ… ապա մեծ յափշտակութեամբ կը նետուի կաղամբին, ստեպղինին, վարունգին վրայ ու ամէն մէկէն խած-խած առնելով փորիկը կը կշտացնէ եւ կը հեռանայ բանջարանոցէն:
Տէրը արտէն յոգնած տուն կը վերադառնայ ու ի՜նչ տեսնէ, բանջարանոցը կրկին տակնուվրայ վիճակ առած է: Շատ կը բարկանայ.
– Հմմ, ասիկա կայ-չկայ նապաստակին գործն է,- կ’ըսէ,- դուն խրտուիլակէն ալ չվախցար, չէ՞. ես վաղը քեզի ցոյց կու տամ, թէ ի՛նչ ըսել է առանց հրամանի ուրիշին բանջարանոցը մտնել ու առանց հրամանի ուրիշին ունեցուածքին ձեռք նետել:
Ուստի կ’որոշէ վաղը առաւօտ իսկ ցնցոտիներ հագուելով խրտուիլակի պէս ծպտուիլ:
Նապաստակը, իր սովորութեան համաձայն, յաջորդ առաւօտ կրկին կու գայ բանջարանոց: Մուտքին անմիջապէս կը նշմարէ խրտուիլակը, բայց փոխանակ վախնալու կը խնդայ.
– Հա, հա, հա՜ , դուն զիս պիտի վախցնե՞ս,- կ’ըսէ ու քմծիծաղով մը կը մօտենայ, որպէսզի անոր դիմաց քա՛ջ-քաջ ձեւեր ընէ:
Սակայն անմիջապէս որ ձեռքը կը նետէ խրտուիլակին գլխարկին, տանտէրը նապաստակին ականջներէն ամուր բռնած վեր կը քաշէ զայն ու կը սաստէ.
– Անգամ մըն ալ պիտի մտնե՞ս բանջարանոցս:
– Ու՜յ, ո՜ւյ, ո՜ւյ, ազատ ձգէ զիս, ի՛նչ կ’ըլլաս, անգամ մըն ալ չեմ գար:
– Կը խոստանա՞ս:
– Այո՛, այո, միայն ինծի բան մը մի ըներ, ի՛նչ կ’ըլլաս:
Տանտէրը բարի մարդ ըլլալով նապաստակին կը մեղքանայ եւ ցոյց կու տայ քիչ մը անդին մարգագետին մը ու կը յանձնարարէ որ հոն երթայ եւ իր նախաճաշիկը հոն ընէ ու առանց հրամանի գալով մարդոց բերքը չփճացնէ:
Այդ օրուընէ նապաստակը կը հասկնայ իր սխալը, այլեւս բանջարանոց չի մտներ, փոխարէնը դաշտ կ’երթայ ու խոտ կ’ուտէ, իսկ գիւղացին բերքը կը հաւաքէ ու կը տանի քաղաք ծախելու:
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: