
ԹԱՅԻՍ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ
Առտուն 7ին Միլանօ հասայ: Կոկորդի ցաւս զօրացած էր եւ ինքզինքս վատուժ կը զգայի: Սակայն քանի որ պտոյտի ելեր էի, կը մերժէի հիւանդութիւնս: Ապրանքներս ձգեցի հոսթել, որ կը գտնուէր գաղթականներուն թաղամասին մէջ: Որոշեցի քաղաքին կեդրոնը քալել. մէկ ժամ պիտի տեւէր: Երբ կը քալէի, կը նշմարէի, որ հետզհետէ կը փոխուէր երեւոյթը՝ մարդոց ապրելակերպն ու հագուելակերպը: Հասայ պողոտայ մը, ուր քովէ քով շարուած էին համաշխարհային վաճառանիշերու խանութներ: Ճամբան դիմացս կ’ելլէին բազում ծերունիներ, որոնք շատ շիք էին: Ծեր կիները մուշտակով, կարմիր շրթնաներկով եւ յարդարուած մազերով էին, իսկ այր մարդիկ գլխարկ կը կրէին եւ հագած էին նորաձեւ վերարկուներ եւ կապած՝ մետաքսեայ վզնոցներ: Շուարեցայ, որ զմայլելի վիճակով կը սկսէին օրը։ Կարծէք, թէ հագուստներու տողանցքի մը կը մասնակցէի։ Այն ժամանակ հասկցայ, թէ ինչո՛ւ համար Միլանօն կը կոչուէր «նորոյթի մայրաքաղաքը»:
Նախաճաշս ընելու համար սրճարան մտայ: Անուշեղէններ կային. քրուասան մը առի եւ նստայ: Իտալացիները կը սիրեն բարձրաձայն խօսիլ: Խումբ-խումբ մարդիկ կը մտնէին եւ փոքրիկ անուշեղէններ կը գնէին, էսփրէսսօ մը կը խմէին ոտքի վրայ: Կարծեմ այս էր իտալացիներուն նախաճաշը, որ կը տեւէր երկու վայրկեան: Իսկ ես չէի կշտացած հատ մը քրուասանով: Ելայ խանութէն եւ քալել սկսայ: Պողոտային երկայնքին ամէն տեսակ խանութ շարուած էր: Հակառակ որ ինքնաշարժներ կ’երթեւեկէին, պողոտային քովերը շարուած բացօթեայ ճաշարաններուն մէջ մարդիկ հաճելի ժամանակ կ’անցընէին: Մտածեցի. Պոլսոյ մէջ անկարելի էր նման ապրելակերպ, որովհետեւ քաղաքը շատ բազմութիւն կայ, քալել դժուար է եւ աղմուկը բնաւ չի դադրիր: Այս տեսածներուս ազդեցութեամբ կրնամ ըսել, որ մարդուն հոգեկանը միայն արարքներէ կախեալ չէ, միեւնոյն ատեն արարքները գործադրելու պարագային զինք բոլորող շրջապատի տարրերն ալ մեծ դեր կը կատարեն: Ուստի, երբ մարդ սուրճ մը խմէ, իր քովէն անցնող ինքնաշարժներուն քանակը նոյնիսկ կարեւոր է: Ես այս երեւոյթին ազդեցութեամբ կ’երեւակայեմ Պոլիսը եւ կ’անդրադառնամ այն տհաճ երեւոյթին, որուն պատճառներն են ինքնաշարժներուն աղմուկը եւ անոնցմէ գոյացած օդի ապականութիւնը:
Երբ ճարտարապետեր իրենց մտադրութիւնը պիտի գործադրեն քաղաք կառուցելու համար, նախ եւ առաջ նկատի ունենալու են հասարակութեան պահանջները: Այս իրականութիւններէն զերծ կիրարկուած ծրագիրներ այնքան շատ են, որ… եւ կը թուի, թէ անոնք երջանիկ ու հանգիստ ապրելակերպ մը կը հրամցնեն մարդոց, սակայն ափսո՜ս, խաբկանք է այդ: Եթէ մտադրուածը իրականանայ, արդիւնքը անորակ կ’ըլլայ ապագային, նմանը Ամերիկայի մէջ, ուր արուարձանացումը պատճառեց էնէրժիի մսխում, ընկերային մեկուսացում եւ դասակարգային զատողութիւն: 1950ականներուն, բ. համաշխարհային մարտէն ետք բնակչութիւնը աճեցաւ եւ այս պատճառով մարդիկ սկսան աւելի աժան բնակավայրեր ուղղուիլ ու զարգացաւ արուարձաններու բնակչութիւնը: Պոլսոյ մէջ ալ ժխտական է կացութիւնը եւ շատ անճոռնի երեւոյթ մը կը պարզուի, այն պատճառով՝ որ մարդիկ գիւղէն քաղաք գաղթած են եւ քաղաքին մէջ ալ՝ անհակակշռելիօրէն բազմացած: Ի՞նչ է պատճառը այս բացասական երեւոյթին. երբեմն հոսանքներուն պատճառած տեսլականը, որ ճարատարապետերը կ’որդեգրեն: Ճարտարապետը գործատէր մը ըլլալու յատկութիւնը կը կրէ նաեւ, բայց ան վաճառական մըն է եւ յաճախ կ’ակնկալէ շահութաբեր հասոյթ: Սակայն առաջնակարգ պայմանը այն է, որ ճարտարապետը ունենայ հանրային պատասխանատուութիւն. ան քաղաքն ու բնական միջավայրը պէտք է կանոնաւորէ ի շահ ժողովուրդին։ Ճարտարապետը հանրային պատասխանատուութեան եւ անձնական շահերուն միջեւ լաւ հաւասարակշռութիւն ունենալու է, թէ ոչ անոր անձնական շահն է այս տգեղութեան պատճառը:

Վերջապէս հասեր էի կեդրոն: Միլանոյի փողոցներուն մէջ չկային պատմական շէնքեր, նմանը՝ Հռոմի եւ Ֆլորանսի շէնքերուն: Բայց երբ Տուօմօ տի Միլանօն տեսայ, խորհեցայ, որ աշխարհի ամենագեղեցիկ եկեղեցին դիմացս կանգնած էր եւ այնքա՜ն խոշոր՝ այնքան տպաւորիչ: Երկար կարգ կար ներս մտնելու համար եւ յոգնութենէն աչքերս կը գոցուէին:
Երկու շաբթուան պտոյտիս վերջին օրերուն հասած էի ու մարմինս կը ցաւէր հիւանդութեանս պատճառով: Հոսթել վերադարձայ ու յաջորդ օր Պարսելոնա ճամբորդելու համար հանգչիլ որոշեցի:
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն blog-ի վարչութեան հետ: