ԵՐԲ ՇՈՒԿԱՅ ԵՐԹԱՍ

ԳՈՀԱՐ ՊԱՐՈՆԵԱՆ

Մարդ մը երբ շուկայ երթայ, ցանկ կը տանի իրեն հետ, որպէսզի մէկը իր ետեւէն պէտք չունենայ պոռալ-կանչելու։ Մանուկ աղան, երբ գնաց, որ ուտելիք առնէ, իր կինը սկսաւ պոռալով ուրիշ ապսպրանքներ ընել։ Կինը այնչափ պոռաց, որ վերջապէս Մանուկ աղան բարկանալով ըսաւ. «Ուզածիդ չափ պոռա՛, ա՛լ ետ չեմ դառնար»։ 

Հիմա այսպէս չենք ըներ, քանի որ հեռաձայն ունինք։ Եւ եթէ բան մը մոռցեր ենք, կրնանք անմիջապէս հեռաձայնել եւ ըսել։ Ես կը կարծեմ, որ երբ հայրերը շուկայ երթան, աւելի խնայած կ՚ըլլան ժամանակը, որովհետեւ երբ մայրերը շուկայ երթան, կ՚ուզեն ամէն բանին աչք նետել, նախքան դուրս ելլելը, մինչդեռ հայրերը միայն կ՚առնեն այն, ինչ որ պէտք ունին։ 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՆԱՄԱԿ

ԳԱՐԻՆ ՏԷՂԻՐՄԷՆՃԻ
Իսթանպուլ, Էսաեան Վարժարան, ժ. դասարան

Սիրելի Վիքթորիա, քեզ շատ կարօտցայ: Քանի տարիէ ի վեր քեզի հետ չկրցանք խօսիլ, բայց ես իմացայ, որ դուն շատ լաւ ես եւ շատ երջանիկ ես։ Ինչե՞ր կ’ընես, զիս կարօտցա՞ր: Ես այս քորոնա ժահրէն շատ նեղուեցայ, բնաւ դուրս չեմ կրնար ելլել: Ընկերներուս հետ չեմ կրնար տեսնուիլ: Տունը նստիլ ալ լաւ է: Միշտ նէթֆլիքսէն ժապաւէն կը դիտեմ: Պզտիկ եղբօրս հետ խաղ կը խաղամ ու անոր դասերուն կ’օգնեմ: Ան ալ քեզ շատ կարօտցաւ եւ միշտ կը հարցնէ քու մասիդ: Դուն ալ ինծի գրէ:

24 Սեպտեմբեր 2020

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՓՈՐՁԱՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

ՍԻՒԶԱՆ ԲՌՆԱԼԵԱՆ

Երէկ գիշեր երազիս մէջ Հայերէն blogի համար քերթուած մը գրած էի, բայց Մեսրոպ Մաշտոց չեմ, որ տեսածներս յիշեմ ու նոյնը գրեմ․․․: Ուստի, մթնոլորտ մը ստեղծել ուզեցի, որ կարենամ գրել: Ասիկա ինծի համար իբր թէ յարութիւն առնել էր, քանի որ առաջին անգամ ոչ թէ համակարգիչի, այլ ճերմակ թուղթի մը վրայ պիտի գրէի։

Ձեռքս ու մատիտս իրարու կը փաթթուին: Փառք կու տան, որ միանալու առիթ ունին: Վերջին երեք շաբթուան ընթացքին երեք փորձանքէ փրկուած էի: Առաջինն էր Մեծ Կղզիին մէջ հեծանիւէն իյնալս․ ճամբայ տալու պարտաւորուած էի ետեւէն եկող փոքր հանրաշարժին: Դէպի աջ իյնալով կարծես վրայէս ծանր բեռ մը նետած էի, որովհետեւ ճամբան երկուքի բաժնուած էր եւ ես քիչ մը յամառութեամբ սխալ կողմէ կը քշէի։ Բայց հանրաշարժը վարող կնոջ հակազդեցութիւնը զարմանալի եղաւ։ Ոչ մէկ մտահոգութիւն ցոյց տուաւ ինծի հանդէպ: «Ինձմէ կախեալ չէ», ըսաւ ու շարունակեց իր ճամբան:

Վերջին մէկ տարուան մէջ կղզիի ձիերուն ըրած գործը այս փոքր հանրաշարժները կ’ընէին: Ձիերը ստրկութենէ փրկուած էին, իսկ կղզին ալ՝ ձիերու հոտէն: Խեղճ ձիերուն տեղը անզգայ ղեկավարնե՞ր գրաւեցին: Չէ, ընդհանրացնելու պէտք չկայ: Նորէն ալ տրամադրութիւնս խանգարուեցաւ, քանի որ հեծանիւ քշելու հաճոյքս ալ խանգարուեցաւ։  

Զգացի, թէ ասկէ աւելի գէշ բան մը պիտի պատահի, եւ այս դէպքը գալիք չարիքին գոյժն է միայն։

Թէ՛ չարիքը, թէ՛ բարիքը հետքեր կը ձգեն, որոնց հետեւելով իրողութեան կ’անդրադառնանք: Տրուած բոլոր վճիռներուն պատճառն է այդ իրողութիւնը, որ մարդու ներքինին վրայ կ’իշխէ: Երբեմն ասիկա վշտահար կ’ընէ մեզ, եւ կը մտածենք, թէ որքան դժուար է զանոնք փարատել: Ոչ մէկ բան ի զուր է, եւ լաւ գրուած հեքիաթներէն բառ մը հանել անկարելի է: Բայց եթէ օդը շատ տաք է եւ պատուհան մը բաց ձգելով քնացեր էք, գողերուն համար կարելի է պատուհանէն մագլցիլ ու տանիլ ամէն ինչ, որ քրտինքի աշխատանքով շահած էիք․․․: Երկրորդ փորձանքն ալ աս էր եւ յաջորդ գիշեր պատահած էր։ Կրնամ ըսել, թէ ես եւ ընտանիքս փրկուեցանք, որովհետեւ եթէ Թուրքիոյ մէջ կ’ապրիք, փառք պէտք է տաք, որ ձեզի բան մը չեղաւ: Տունը գող մտաւ, բայց ողջ էք, առողջ էք: Աստուած պահեց, եկեղեցի գացէ՛ք ու աղօթեցէ՛ք: Արդէն պետական հաստատութիւնները ձեր կողմը պիտի չըլլան: Ձեր իրաւունքները պիտի չպաշտպանեն: Անձնագիր նորոգելու համար ալ դուք պէտք է դրամ վճարէք, քանի որ օրէնքները այսպէս են: Գողերը դո՛ւք հրաւիրեցիք, եւ եթէ իրենցմէ դժգոհ էք, իրարու միջեւ լուծեցէք այդ հարցը․ այլեւս մանուկ չէք: Բայց երբեմն մանուկի պէս կը վարուիք: 

Գիշերը մայթին վրայ շարժող մուկը տեսնելով փողոց նետուիլ ի՛նչ ըսել է: Այո՛, երրորդ փորձանքն ալ աս էր. երբ մուկէն կը փախչէի, ինքնաշարժը ինծի պիտի բախէր, եթէ ընկերուհիս զիս բռնած չըլլար: Սրտիս տրոփիւնը դեռ կը յիշեմ: 

Պսակաժահրի դիմակներով խորունկ ու հանգիստ շունչ առնել եւ հանդարտիլ դիւրին չէին: Բայց դիմակը դրական կողմ մըն ալ ունի: Եթէ թաց աչքերուն նայուածքը չէք հասկնար՝ դիմակին տակ պահուած արցունքը չէք տեսներ:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԶՈՒՄԵԱՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ 

Հիմա պիտի ըսէք. «Աս ալ ի՞նչ է, ի՞նչ տեսակ բառ է, ասանկ բառ ունի՞նք մեր լեզուին մէջ՝ զումեան»: 

Աչքս կը բանամ՝ զում. աչքս կը գոցեմ՝ պո՛ւմ:

Համակարգիչի պաստառին դիմացն եմ եւ դասի կը հրաւիրեմ աշակերտներս, մէկիկ-մէկիկ կը միանան, որպէսզի դասի սկսինք: Ընկալուչը մխրճած եմ ականջիս, արտաքին ձայներէ չխանգարուելու համար: Ուղեղիս մէջ կը պայթին ձայներ, խշրտուք, եւ եթէ համացանցին ուժը տկարանայ՝ դանդաղող խօսակցութիւններ անհասկնալի եւ անկապ: Չէ՛, չեմ գանգատիր: Գործս կը սիրեմ, միայն թէ ի՛նչ օրերու հասանք եւ դեռ մենք ու գալիք սերունդներ ինչերու կը սպասենք՝ կը մտահոգուիմ: 

Այո՛, ուսումը այս միջոցով հասանելի դարձած է, բայց պիտի ունենայ իր վնասակար, բացասական կողմերը: Թերեւս հինգ, թերեւս տաս տարի վերջ արդիւնքը պիտի բացայայտուի զանազան մարզերու մէջ: Տաս տարի… ես արդէն պիտի չըլլամ այս ասպարէզին մէջ, աւա՜ղ…: Եւ այն ժամանակ պիտի սկսինք ըսել, թէ այս սերունդը «փանտեմեան սերունդ» է կամ «զումեա՞ն»: Չեմ գիտեր: 

Նոր բառերու, արտայայտութիւններու պէտք կը զգանք: Ահա՛ անոնցմէ մէկը, որ կու գայ տեղաւորուիլ արեւմտահայերէնին մէջ, մեր պոլսեցի աշակերտներուն լեզուին մէջ․ նետել՝

– Օրիորդ, նետեցի ձեզի: 

– Օրիորդ, պիտի նետէ՞ք ուացափէն: 

– Քլասրո՞ւմ պիտի նետէք: 

– Համացանցը ինծի նետեց:

Կ’ըսեմ.

– Շարժումը «նետել» չէ, տղաք․ կան բառեր, որոնք կատարուածին բուն իմաստը կու տան, ինչպէս՝ ղրկել, տեղաւորել, փրթաւ, խզուեցաւ: «Նետել» կը նշանակէ, ըստ բառարանի, «արձակել»: Թրքերէն մի՛ խորհիք:

Բայց որո՞ւ կ’ըսեմ: Կը նետեն իրենց պատրաստած պարտականութիւնները… լաւ որ գլուխս չէ նետածնին:

Ահա՛ այլ փորձառութիւն մը եւս: Կէսօրէ վերջ հաւաքուեր ենք համակարգիչի պաստառին դիմաց: Կարգը կը հասնի այն աշակերտին, որ պիտի կարդայ նախապէս տրուած նիւթը․

– Վայրկեան մը, օրիորդ,- կ’ըսէ ու տեղէն կ’ելլէ:

Բոլորս կը սպասենք մեր սենեակներուն մէջ, քամերային դիմաց: Աշակերտը գիրքը կ’առնէ ետեւի պահարանէն ու կը մօտեցնէ ոսպնեակին:

– Ա՞ս գիրքին մէջէն պիտի կարդամ: Էջ քանի՞ էր:

Կը սկսի հեգելով կարդալ, աւելի ճիշդը՝ չկարդալ: Դիտողութիւնս չ’ուշանար:

– Տղա՛ս, դուն գիրքը բնաւ չես բացեր: Բառերուն ծանօթ չես: Նոյնիսկ էջը չէիր գիտեր: Ի՞նչ կ’ընէիր քամերային դիմաց, հապա ո՞ւր կը դիտէիր:

– Մտիկ կ’ընէի, օրիորդ:

Եւ յանկարծ աշակերտին տուփիկը կը սեւնայ ու կ’անհետանայ. կը հեռանայ դասէն, մինչդեռ դասը վերջացած չէ:

Վա՜յ, պահ մը կը մտածեմ այս նորութեան մասին: Եթէ դասարանը ըլլայինք եւ ես այս դիտողութիւնը ընէի, աշակերտը պիտի ուզէր փախչիլ, հեռանալ հոնկէ եւ քանի որ առիթը պիտի չունենար, պիտի զգար թէ աւա՜ղ, տեղ չունէր, բանտարկուած պիտի նստէր դասարանին մէջ: Մինչդեռ տան մէջ ահա՛ կը լուծէ հարցը եւ կապը կը խզէ:

Դասը իր աւարտին կը հասնի. անտրամադիր եմ, բայց կը խորհիմ՝ երանի դիտողութիւն ըրած չըլլայի: Թերեւս զգացուած էր խօսքերէս, սակայն ուշ էր արդէն: Աշակերտը հակառակ իր թերութեան դարձեր էր իրաւասու: Արդարացումս այն էր, որ հայերէնով ըրած դիտողութիւնս հասկցեր էր: 

Անոր բացակայութեան փոխարէն սրտիս մխիթարանքը մնացին դիտողութեան խօսքերս սեւ պաստառին վրայ: 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՓՐԿԱՐԱՐ ՀԱԳՈՒՍՏԻ ԿԱԽԻՉԸ

ՅՈՒՇԵՐ ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ

ՇԱՔԷ ԱՇՃԵԱՆ ԱՐԾԻՒԵԱՆ

Երեկոյեան համալսարանի դասերէն ետք, ուղղուեցայ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի դիմացը գտնուող շէնքը, ուր ես եւ ամերիկացի ուսանողուհի մը յարկաբաժին մը վարձած էինք հիանալի ծովային տեսարանով: Բաւական կարդալիք ունէի եւ ուրեմն աճապարելով հասայ շէնքը, բարձրացայ չորրորդ յարկը եւ ափիբերան կեցայ յարկաբաժնի դրան առջեւ: Դուռը բաց էր. ձայն չկար:  Դրան արանքին դրուած էր հագուստի կախիչ մը: Կամաց մը հրեցի դուռը ու ներս մտայ քիչ մը վախով, որովհետեւ բոլորովին անսպասելի էր: Ի՞նչ գործ ունէր այդ կախիչը հոն, ո՞վ դրած էր, ինչո՞ւ: Սրտիս զարկերը արագ-արագ կը խփէին կուրծքիս:  Զգուշութեամբ յառաջացայ չորս կողմս նայելով: Մարդ չկար ներսը, տան իրերը չէին տարտղնուած ու կ’երեւէր որ բան մը չէր պակսած: Մտայ սենեակները մէկիկ-մէկիկ ու ամէն տեղ լռութիւնը դիմաւորեց զիս։ Բայց չհանգստացայ. հարցերը անվերջ կը կրկնուէին: Կրկին ու կրկին մտայ սենեակները ու դիտեցի չորս կողմս: Ոչինչ: Ի՞նչ բացատրութիւն տալ որ տրամաբանական ըլլայ ու փարատէ վախս եւ մտահոգութիւնս: Մէկը անպայման ներս մտած ըլլալու է, բայց բան չէ վերցուցած:  Պահարանէ մը կախիչ մը վերցուցած է եւ գործածած որպէս պատնէշ: Ինչո՞ւ:

Բնականաբար դաս սորվիլ չէր ըլլար այդ պայմաններուն տակ: Նստայ մուտքի սենեակի բազկաթոռներէն մէկուն վրայ ու թաղուեցայ խոր մտածմունքի մէջ, բայց չհանգստացայ:

Անցան վայրկեաններ, կէս ժամ, աւելի: Լռութիւնը համապարփակ էր:  Յանկարծ դրան զանգը հնչեց: Տեղէս վեր թռայ ու պահ մը չուզեցի տեղէս շարժիլ:  Բայց վերջապէս բարձրացայ տեղէս ու մօտեցայ դրան: Մէրին էր, յարկաբաժնի ընկերուհիս. մանկական ժպիտով դիմաւորեց զիս, ու նետուեցաւ ուրիշ բազկաթոռի մը վրայ, առանց որեւէ բացատրութիւն տալու: Չկրցայ լռել եւ հարցուցի իրեն թէ ինչո՞ւ տան դուռը բաց էր եւ հագուստի կախիչ մը պատնէշ կանգնած էր, որ դուռը յանկարծ չփակուէր: Խնդաց ու ըսաւ որ ինքն է ըրած այդ: Տան բանալին տեղ մը դրած ու մոռցած է եւ հետեւաբար պիտի չկրնար տուն վերադառնալ, եթէ ես տունը չըլլայի: Հակաճառեցի, որ ըրածը շատ վտանգաւոր էր եւ ոեւէ մէկը կրնար ներս մտնել ու բաւական բան գողնալ, թէեւ ուսանողներու բնակարանը շատ հարուստ վայր մը չէր կրնար ըլլալ: Բացատրեց որ աճապարանօք դուրս եկած է տունէն, կարեւոր գործի մը համար եւ վախցած որ իր վերադարձին ես դեռ տունը չեմ ըլլար եւ ինք փողոց կը մնայ, թերեւս երկար ատեն, մինչեւ վերադարձս:

Իր տուած բացատրութիւնը անշուշտ համոզիչ չէր, բայց իր մօտեցումը հարցին այնքան պարզունակ էր, այնքան միամիտ, որ ստիպուած չերկնցուցի վէճս իրեն հետ եւ ինք գոհ՝ որ հարցը այդ ձեւով լուծուեցաւ, անցաւ խոհանոց ու սկսաւ ընթրիքի պատրաստութեան:

Տարիներ անցած են այդ պատահարէն: Ամէն մէկս իր ճամբան գացած է: Երբեմն միտքս կ’իյնայ այդ փորձառութիւնս, անհիմն վախս ու մտահոգութիւնս ու Մէրիին անմեղունակ արարքը, կը ժպտիմ, բայց միեւնոյն ժամանակ կը զարմանամ որ համալսարանի մակարդակին գտնուող անձը ինչպէս կրնայ այդքան միամիտ ու անհեռատես ըլլալ փրկելու ինքզինք հաւանական անելանելի վիճակէ մը:

Մէրիին համար շատ տրամաբանական էր այդ բացատրականը: Ան փրկած էր վիճակը եւ ապահոված իր անխոչընդոտ վերադարձը տուն իր իսկ փափաքած ժամուն: Իր կարծիքով տուած էր ճիշդ լուծում հարցին, առանց անդրադառնալու որ կրնայ վտանգել մեր ապահովութիւնը: Խեղճ կախիչ․․․

Երեւան, 20 Սեպտեմբեր 2020

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԴՈ՛ՒՆ ԱԼ ԽՕՍԷ

ՓԱՈՒԼ ՑԵԼԱՆ

Դո՛ւն ալ խօսէ,
Խօսէ՛ վերջինը իբրեւ,
Խօսքդ ըսէ։

Խօսէ՛ –
Բայց մի՛ քեցեր Ոչը Այոյէն։
Խօսքիդ նաեւ իմաստ տո՛ւր,
Տո՛ւր անոր շուք։

Անոր տո՛ւր շուք բաւարար,
Տո՛ւր այնքան,
Որ շուրջդ բաշխուած տեսնես ընդմէջ
Կէսգիշերին ու կէսօրին ու կէսգիշերին։

Շուրջդ դիտէ՛.
Տե՛ս ինչպէս շրջապատդ շունչ կ’առնէ –
Մահուան մէջ։ Կենդանի՛։
Ճշմարիտ կ’ըսէ ան, որ շուք կը բարբառի։

Բայց արդ վայրը, ուր կեցած ես, կը կծկուի.
Դէպի ո՞ւր հիմա, ստուերամերկդ,
Դէպի ո՞ւր.
Բարձրացի՛ր. դպչէ՛ վեր։
Աւելի նիհար, առաւել անճանաչելի, աւելի վտիտ պիտի դառնաս.
Աւելի բարակ. դերձան,
Որմէ վար կ’ուզէ իջնել ան՝ աստղը,
Վարը լողալու համար, վարը,
Ուր իր ցոլացումը կը տեսնէ՝
Խաղաղ ալիքներուն վրայ թափառող խօսքերու։

Paul Celan, „Sprich auch du“
«Սեմէ սեմ» (Von Schwelle zu Schwelle) հատորէն (1955) 

Գերմաներէնէ թարգմանեց՝
ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՃԱԲՈՆԱԿԱՆ ՀԱՅՔՈՒՆԵՐ (ԼԸ․)

Ծ Թ ՊԱԼԵԱՆ

ՃԽԸ․
Եկեղեցիին խունկին մուխը
Աչքերդ արցունքոտեց
Զիղջերովդ։

ՃԽԹ․
Խանձէ՛
Կծու յիշատակներդ, որպէսզի
Ուրախ նորերը գտնես։

ՃԾ․
Զօրաւոր կամքով մահկանացու,
Պարապ տեղ հետախուզողը
Անմատչելի վեհութեան։

ՃԾԱ․
Ամէն անցնող օր աւելի մօտ մահուան –
Սակայն յամառութեամբ կը փնտռես
Յաջորդ աւելի լաւ օրը։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿՆԵՐ (ՃԻԶ․)

ԿԱՐՕ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

ՌՄԾԱ․
Եթէ ատ տղուն ձեռքը երկու ղրուշ տաս՝ աս գրածին ճիշդ հակառակը կը գրէ, ատ գովասանութիւնը պարսաւանքի կը վերածէ կամ, նոյն տրամաբանութեամբ, պարսաւանքը՝ գովասանքի։ Ինքն ալ ծախու ապրանք է։ Կը վճարես, կը գնես, պայուսակդ կը դնես, ուզած տեղդ կը տանիս, ուզածդ կ’ընես։ 

ՌՄԾԲ․
Ադամանդը խոզերուն առջեւ դրած են եւ կը սպասեն, որ խոզերը կերպարանափոխուին, վերածուին․․․ կռունկի կամ արագիլի։ Խոզէն ի՞նչ կռունկ եւ ի՞նչ արագիլ։ Ամրա՞ն, գարնա՞ն թէ ձմրան արագիլ։ «Իմ տան մօտ ապրիր, բարի խոզուլիկ», կ’երգեն։ Կարծես իրենք Կիւլկիւլեան Հիմնարկութիւնն են, որ խոզը արագիլի վերածեն։ Անոնք մասնագէտ մարդիկ են։

ՌՄԾԳ․
Ձեզմէ առաջ ալ նոյնը չըրի՞ն։ Դեռ չէ՞ք սորված ասոնց ինչ ըլլալը։ Աս է ասոնց գործը։ Չըրածնին պիտի չմնայ, բայց ատկէ անդին ի՞նչ կու գայ ձեռքերնէն։ Իրենց ձեռքէն եկածը ասքան է։ Անկարողութեան պտուղները ասոնք են։ Եւ շատեր համ կ’առնեն աս պտուղներէն։  

ՌՄԾԴ․
Երբեմն հարց կու տանք, թէ ինչո՞ւ հայ մամուլը երգիծանք չունի։ Խօսքը երրորդ դէմքով Կակօներու, Ճօճօներու եւ Ճիճիներու մասին չէ։ Կակօն ալ, Ճօճօն ալ, Ճիճին ալ միշտ հոս ներկայ են առաջին ու առաջնային դէմքերով եւ անընդհատ կը ճօճին։
Կարդացէ՛ք Պէյրութի «Աղքատ» օրաթերթին մէջ Միոմն Միոմնեանի, ասիկա կարծեմ Սիմոն Սիմոնեանին ազգականն է, ամիսներ առաջ գրի առած, բայց միշտ թարմ յօդուածին մէջ, օրինակ, սա հայերէնը.
«…անհետ կերպով անհետանալ»․ ու նման մեծասքանչ հայերէնով, խաթարուած, ներողութիւն՝ ոսկիաձոյլ շարահիւսութեամբ գրուած տողեր կան հոն։
Յետոյ կ’իմանամ, որ մարդը տարիներով ազգային վարժարանի տնօրէն եղած է։
Գիտէ՞ք որ աս տեսակներուն «անհետ կերպով անհետանալ»ը որքան դժուար է։

ՌՄԾԵ․
Մարդը ութսուն տարեկան է, գիտէ, կը վկայէ։ Այդ կուսակցութիւնը, – անշուշտ նաեւ՝ բոլորը անխտիր, – մտածող, խելքը գլուխը մարդու պէտք չունի, պէտք ալ չէ ունեցած մինչեւ հիմա։ Ջարդող-փշրող կը հաւաքէ շուրջը միայն։ Կ’երեւի թուրքերէն սորված են, հարկաւ մօտիկէդ, դրացիէդ, հարազատէդ պիտի սորվիս կարգ մը հիմնական բաներ կեանքդ կազմակերպելու համար։

ՌՄԾԶ․
Դուն կուսակցական չե՞ս։ Աղջիկդ ինչո՞ւ պարապ պիտի նստի։ Թող գայ սատեղ սա սեղանին առջեւ անցնի, պարապ թուղթ մը տանք, մատիտը թող շարժէ վրան ու ամսական կապենք։ Հապա ի՞նչ իմաստ պիտի ունենայ կուսակցական ըլլալդ։ Աղջիկդ գրիչ չէ՞ շարժած։ Ի՞նչ կարեւորութիւն ունի ատիկա։ Կարողութիւն-մարողութիւն հարցնող չկայ։ Մարողութիւն՝ թերեւս։

ՌՄԾԷ․
Արեւմտահայերէնի ուղղագրութեան հարցը ի վերջոյ լուծեցինք։ Չուղղագիչ մեքենայ մը շինած ենք. եթէ ճիշդ գրէք՝ սխալի կը վերածէ։ Եթէ սխալ գրէք՝ ճիշդի։ Հրաշազան գործիք մըն է։

ՌՄԾԸ․
Ձեր հասկցած «նեցուկ»ը միայն դրամ է։ Ատով կու գաք, ատով ալ կ’անհետանաք, ձեր բուսած տեղն իսկ յայտնի չ’ըլլար։ Մամոնան եթէ հանեն տակերնէդ՝ տակառի «տա՜նկ, տա՜նկ» ձայնը կը դադրի ձեզմէ, ընելիք ա՛լ չէք ունենար։ Անուն չունիք, որ յիշուիք։

ՌՄԾԹ․
Մենք կարծիքի բազմազանութեան կը հաւատանք, սակայն ձեր հարցումները մեզի պէտք է ուղղէք, մենք մեր մաղէն կ’անցընենք զանոնք, յետոյ մեր ուզածին պէս կը հարցնենք ձեր հարցումը տուեալ հասցէին։ Ասոր կ’ըսեն «ժողովրդավարութիւն»։ Աս սորված ենք մինչեւ հիմա։ Դուք բերաննիդ բանալու պէտք չունիք։ Մեզի գրաւոր կը ղրկէք ձեր ըսելիքը, մենք կը դասաւորենք անոր ճակատագիրը։

ՌՄԿ․
«Ես վերապահ եմ», կ’ըսեն մեր ազգային շրջանակներուն մէջ, վերապահութիւն ունեցող մարդիկ։ Վերը բան մը չունին, որ զայն պահելու կամ պահպանելու մասին մտածեն։ Աւելի ճիշդ չէ՞ր ըլլար եթէ ըսէին, որ վարապահ են, որովհետեւ վարը ասանկ-անանկ, պզտիկ կամ մեծ, բաներ մը ունենալու են հարկաւ, զոր պահելը իմաստ ունենար։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԱՆԱՒԱՐՏ ՄԻ ԳԵՂԵՑԻԿ ՅՈՒՇ

ԿԱՐՕ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հայերէն blogի մէջ կարդացի «Արամ Հայկազ – Վրէժ-Արմէն նամականի»ն: Ինձ հետաքրքրեց Արամ Հայկազի անունը, քանի որ տասնեակ տարիներ առաջ, աւելի ճիշդ՝ 55–56 տարի առաջ պատանի հասակում կարդացել էի նրա մասին, եւ ինձ հէնց «էն գլխից» ծանօթ էր նրա անունը: Յիշեցի մի դէպք, աւելի շատ խօսակցութիւններ (ըսի-ըսաւներ), որ կ’ուզեմ այստեղ լոկ յիշողութեամբ կրկնել:

1965–66 թուականներին էր, Իրանից, ընտանիքից ու հարազատներից հեռու, սովորում էի Անթիլիասում, սան էի, հետաքրքրասէր ու պրպտող: Կաթողիկոսարանի ու վանքի շրջանակներում էլ ինչքան ասես ասէկօսութիւններ, խօսք ու զրոյցներ, պատմական հանդիպումներ, նոյնիսկ լեգենդներ:

Շատ պարզ, այսօրուայ պէս յիշում եմ օրինակի համար Եթովպիայի Հայլէ Սելասիէ կայսեր այցելությունը կաթողիկոսարան: Մենք, դպրեվանքի սաներս, շարք էինք կապել բակում, երբ սեւ ու երկար աւտոների շարանը կանգ առաւ վեհարանի առջեւ: Աւտոյի դուռը բացուեց եւ նրա միջից դուրս եկաւ վերից վար շքանշաններով զարդարուած, զինուորական հագուստով, նիհար ու փոքրահասակ մի մարդ՝ ինքը կայսր Հայլէ Սելասիէն:

Նրան ընդառաջ գնաց Խորէն վեհափառը: Բոլորը բարձրացան վեհարան, մենք սաներս էլ նրանց ետեւից, բայց հասցրինք նախ շրջապատել կայսեր աւտոմեքենան, որի մէջ փառաւոր բազմել էին կայսերական երկու բարալիկ շները, որոնք աչալուրջ մեզ էին նայում:

Վերադառնանք Արամ Հայկազին:

Դպրեվանքում Մուշեղ Իշխանի, Բիւզանդ Եղիայեանի, Նուպար Չարխուտեանի ու այլոց կողքին ունէինք սաներից շատերի կարծիքով ամէնից յայտնի ուսուցիչներից մէկին՝ Խորէն Գաբիկեանին: Հաստ ու ծխախոտի ծխից դեղին գոյն առած սպիտակ բեղերով, բարձրահասակ, ծերունազարդ մարդ, ով բոլորիս մօտ յայտնի էր որպէս գիտութեան կենդանի շտեմարան, մի ինսիկլոպեդիա, որին ըստ վանքում չգրուած օրէնքի, չէր կարելի հարցնել, միայն այն ժամանակ, երբ մրցումային հարցեր էին պատրաստում սաներիս համար եւ յաղթող էր ճանաչւում ով տալիս էր ամէնից շատ  ճիշդ պատասխանը, իսկ պարոն Գաբիկեանից հարցնողներն ու պատասխան ստացողները եթէ բացայայտւում էին, դուրս էին մնում մրցակցութիւնից:
Նրա մահից յետոյ 1973 թուականին ըստ իմ տեղեկութեան ստեղծուեց նաեւ նրա անունով գրական մրցանակ: 

Խորէն Գաբիկեանը մեզ «ընդհանուր ազգաց պատմութիւն» էր դասաւանդում: Եւ անկաշկանդ ու յանդուգն խորհուրդներ էր տալիս բոլոր նրանց, ովքեր խորհուրդով դիմում էին նրան: Մի անգամ օրինակ իմ ամենամօտ դասընկերներիցս մէկի Կարօ Տողրամաճեանի հետ ներս մտանք նրա սենեակ (նա ապրում էր հէնց դպրեվանքում, վանականների կողքին մի առանձին սենեակում): Երկու ամիս աւել չէր մնացել տարեվերջին, ընկերս շատ սրտնեղուած էր մի բանից, երկուԿարօներս գնացինք պարոն Գաբիկեանի մօտ խորհուրդ հարցնելու, ես ասացի, որ Կարօն շատ է սրտնեղուած եւ ուզում է վանքից փախչել, շատ ենք մտածել այդ մասին, ի՞նչ խորհուրդ կտաք նրան: Առանց հարցնելու սրտնեղութեան պատճառը, ըստ սովորության քահ-քահ ծիծաղեց ու ասաց. «Եթէ չես դառնալու վարդապետ, ապա վայրկեան մըն ալ աւել մնացեր ես…»:

Ահա այսպէս էր Խորէն Գաբիկեանը, երբ շշուկներ լսուեցին, որ յայտնի գրող, հրապարակախօս Արամ Հայկազ պատրաստւում է գրելու Շապին Գարահիսարի պատմութիւնը եւ դիմել է պարոն Գաբիկեանին՝ այդ մասին իրեն տեղեկութիւններ տրամադրելու խնդրանքով: Խորէն Գաբիկեանը ծնունդով Շապին Գարահիսարից էր եւ ունէր կեանքի ու գործունէութեան երկար փորձ այնտեղից:

Խօսակցութիւններն ու դէսից-դէնից զրոյցները շատացան, ոմանք կարծում էին, որ այս երկու մեծերի գործակցութեամբ լաւ պատմութիւն կը ստեղծուի, ոմանք՝ «աւելի տեղեկացուածները», պնդում էին, իբր թէ Գաբիկեանը բացասական պատասխան է տուել եւ ասել, որ եթէ հարկ լինի հէնց ինքը կը գրի այդ պատմութիւնը, ոմանք էլ ելնելով նրա խառնուածքից հերքում էին նման պատասխան, եւ այսպէս շարունակ…

Վերջում ոչինչ էլ չպարզուեց… Եւ օդում յաւերժ կախուած մնաց մեծ ու անմոռանալի մարդկանց մասին անաւարտ մի գեղեցիկ յուշ:

21 Սեպտեմբեր 2020
Շուէդիա

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՉՈՐՍ ՕԳՈՍՏՈՍ ԵՒ ԱՅԼՆ

ՍԻԼՎԻ ՊԱԼԵԱՆ

Ժամադրութիւն ունենալուս համար այդ օր, Օգոստոս չորսին, պէտք էր քաղաք երթայի: Հոն ինքնաշարժ շարելու համար դժուարութիւն պիտի ունենայի եւ քանի աւելի նպաստաւոր էր՝ նստայ հանրակառք, որ տասը վայրկեանէն մօտիկ կայարանէն ճամբայ կ’ելլէր:

Երկար էր ճամբան: Երկու կայարան վերջ խումբ մը կիներ ելան, գլուխնին փաթթուած․ իրենց հետեւեցաւ տասնեակ մը մանուկ՝ մօտաւորապէս չորսէն տասը տարեկան: Կիներէն երկուքին փորը՝ լեցուն:

Վա՜յ, ըսի միտքէս, դուք ուրիշ գործ չունի՞ք:

Երբ ասոնք տեղերնին նստան, սկսաւ բարձր ձայնով խօսակցութիւն, նշմարեցի որ ոչ մէկը քիթ-բերան գոցած էր, իսկ պզտիկները կառքին մէկ ծայրէն միւսը կը վազվզէին եւ իրենց ճիչը մինչեւ երկինք կը հասնէր:

Ոչ իրենց ծնողքը, ոչ ալ ներկաներէն մէկը ձայն հանեց: 

Չեմ գիտեր թէ ինչո՞ւ նեղուած էի այդ օր: Մասնաւոր պատճառ մը չկար, բացի հանրակառքի մէջի աղմուկէն:

Ետեւս նստած էին տեղացի երկու զոյգեր եւ աղմուկին պատճառով կը գանգատէին:

Միւս յաճախորդներէն ո՛չ մէկը բերանը բանալով անոնց խօսք հասկցուց: Կէս ժամ վերջ համբերանքս հատաւ, ելայ տեղէս ու գացի այդ կիներուն քով, որոնք տարօրինակ արաբերէն լեզուով տակաւին բարձրաձայն իրարու հետ կը վիճաբանէին: Իրենց լեզուով հասկցուցի, թէ այս երկրին մէջ տգեղ է, եթէ մարդիկ ուրիշները խանգարեն: Եթէ կ’ուզեն պոռալ-կանչել՝ պէտք է լեռ բարձրանան: Եւ եթէ կարելի է՝ իրենց զաւակները կրթեն:

Ուզած կայարանս հասայ եւ ետեւս նստող զոյգերն ալ իջան: 

– Այս ի՜նչ խայտառակ մարդիկ են, որ մեր երկիրը խուժեցին,- ըսաւ մէկը:

– Այո, կու գան հոս եւ թագաւորական կեանք կ’ապրին,- պատասխանեց միւսը:

– Մենք կ’աշխատինք եւ տուրք կը վճարենք, որպէսզի իրենք առանց աշխատելու վայելեն,- ըսաւ միւսը:

– Հապա ասոնք գործ-բան չունին, առանց կենալու պզտիկ կ’արտադրեն:

Միտքս եկաւ այն երիտասարդը, որ դպրոցը գերմաներէն սորվելու կու գար: Քիչ մը բարեկամացանք, երբ օր մը պատմեց, թէ իրենք Աֆղանիստանէն եկած եւ այս քաղաքը հաստատուած են:

– Աշխատելու իրաւունք ունի՞ս,- հարցուցի:

– Մանր-մունր գործեր կ’ընեմ:

– Ինչպէ՞ս կ’ապրեցնես ընտանիքդ:

– Կառավարութիւնը մեզի տուն-տեղ, կահ-կարասի տուաւ եւ ճամբու ծախսն ալ:

– Կը բաւէ՞ այդքանը:

– Ուտելիք-խմելիքին համար մեզի թելադրեցին աժան ապրանք ծախող խանութ մը, բայց մենք գիտենք ուր պիտի երթանք:

Երկու կամ երեք տարի վերջ նորէն տեսայ զինք: Մօտեցաւ եւ պատմեց, թէ յիսուներկու տարեկան եղած է եւ այլեւս չ’աշխատիր:

– Հապա ինչպէ՞ս կ’ապրիք,- հարցուցի:

– Հոգ մի՛ ընէք,- պատասխանեց,- հինգ զաւակ ունիմ, անոնց համար կը ստանամ հազարերկուհարիւր եւրո եւ կառավարութենէն ուրիշ տեսակ օգնութիւններ ալ կու գան:

Բերանս բաց մնաց եւ չկրցայ խօսակցութիւնը շարունակել․․․:

Վերադառնամ չորս Օգոստոսին:

Հազիւ տուն հասայ, սովորութեանս համաձայն ռատիօն բացի: Առաջին լուրը Պէյրութի պայթումին մասին էր: Բացի հեռատեսիլը ու հոն յիշուեցաւ աղէտը: Իսկ մանրամասնութիւնները գիտնալու համար անցայ համացանցի վրայ, ուր կէտ առ կէտ կը բացատրէին եղելութիւնը: Հիռոշիմայի եւ Նաքազաքիի նման նկարներ ու տեղնուտեղը բացատրութիւններ, ո՛չ թէ միայն շէնքերուն, այլեւ մանաւանդ մարդոց հասած վնասներուն մասին:

Եւ ահաւասիկ մէկուկէս ամիս անցաւ, բայց տակաւին ցաւ կը զգամ այդ քաղաքին պատահած դժբախտութեան համար:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: