ՏԱՆՏԻՐՈՒՀԻՆ

ԱՆԻ ՉԷԼԷՊԵԱՆ

Տանտիրուհին կարողացած էր երկար ժամ կառչած մնալ վերնատան վրայ հակած աստիճանին, հրամաններ արձակելով գործաւորին, որ կռնակը ծռած, քրտինքը երեսը ծածկած, կ’աշխատէր վերնատան ապրանքները մէկ-մէկ դուրս հանել: 

Տանտիրուհին եկած էր իր գիւղի տունը, ուր իրենք ապրած էին Լիբանանի պատերազմի երկար տարիներուն, երբ քաղաքի բնակարանը վտանգաւոր դարձած էր՝ ռումբերու եւ նշանառուներու թիրախ ըլլալով: Ան քառորդ դար մըն էր որ չէր այցելած գիւղի տունը: Իրենք ներկայիս քաղաք կ’ապրէին: Ինք կը սիրէր քաղաքը: Քաղաքը վերականգնած էր, թէեւ կեանքը փոխուած, մարդիկն ալ՝ նմանապէս: Կեանքը արագ թափ ունէր քաղաքին մէջ, որ ինք կը սիրէր: Ինք գործի ասպարէզ մտած էր, օրերը յաջորդած էին օրերու, տարիները անցած ու գացած էին: Ներկայիս հիւանդ էր, ամուսնին ալ առողջութիւնը լաւ չէր: Քանի անգամ սրտի տագնապ անցուցած էր: Լէյլա չէր ուզեր իր ճակատագիրը փորձութեան ենթարկել, բայց կ’ուզէր վայրկեան մը առաջ գիւղի տունը պարպել, ժառանգը բաժնել եւ երբ յաւիտենական կեանքը զինք կ’անչէր, կ’ուզէր թեթեւցած, անցեալով չբեռնաւորուած յանձնուիլ Աստուծոյ կամքին:  

Մինչ վերնատունը կը պարպուէր, գետնի կոյտը կը մեծնար: Աշխատաւորը սկսաւ ապրանքները շարել միջանցքին, ապա՝ միւս սենեակին ու վերջապէս դուրսի բակին մէջ: Մէկ առ մէկ դուրս եկան ծանր ճամբրուկներ, կապոցներ, տուփեր, տոպրակներ, գորգեր, ափսէներ, ելեկտրական գործիքներ, մէկ խօսքով՝ տնային ամէն պիտոյք: Մէկ խօսքով՝ կեանք մը լեցուն: Լէյլան ունէր երկու զաւակներ, որոնք օտար երկիր կ’ապրէին, որոնք պիտի չվերադառնային հին երկիրը: Այս ապրանքները որո՞ւ պիտի մնային: Անիմաստ էր զանոնք վերնատուն պահելը: 

Լէյլան հայեացքը դարձուց դէզին վրայ: Հոս կար իր հարսանեկան հագուստը: Հարսանեկան իր հագուստը լիբանանցի իշխանուհիներու զգեստի տիպին վրայ կարուած էր: Լէյլա յիշեց այդ օրը, երբ իր մօր հետ գացած էր Պէյրութի կեդրոնը գտնուող Souk el Jamil կոչուած շուկան եւ երկար փնտռտուքէ ետք զատած կտորը: Ուզած էր տարբեր ըլլալ միւս բոլոր հարսերէն. հարսնիքի հագուստը ոչ ճերմակ, այլ՝ փղոսկրի գոյն, ոչ թէ փափուկ մետաքս, այլ շքեղ ու կարծր թաֆթա կտաւ էր, իսկ քօղի համար՝ ամենանուրբ ասեղնագործուած շղարշի կտորը: Յետոյ մօր հետ գնումներու տոպրակները շալկած մտած էին Մատամ Ալինի կարուձեւի աշխատատեղին. Մատամ Ալինի հետ երկար զրուցելէ, համաձայնելէ ու մարմնի չափերն ալ առնելէ ետք՝ գոհ դուրս եկած էին: Այդ օրերուն, Պէյրութի ազնիւ դասակարգի բոլոր հարսնցուները այդ դերձակուհիին աշխատատեղին կը յաճախէին: Այդ տարիներուն, Պէյրութ կը ճանչցուէր որպէս ճաշակի եւ նորաձեւութեան մայրաքաղաք: Լէյլան բախտաւոր աղջիկ մը եղած էր: Ծնողքը ոչինչ խնայած էր իշխանուհիի արժանի հարսնիք մը պատրաստելու համար: Ափսոս որ շատ չանցած թէ այդ շուկան, թէ ալ քաղաքը պիտի քանդուէին ու մոխիր դառնային…: 

Ահա տախտակեայ շարժաձին, որու վրայ իր աղջնակը օր մը մասնաւոր հաճոյքով հեծած էր եւ նկարուած հօրը հետ. այդ նկարը շատ կը սիրէր Լէյլան. այդ նկարը իր անկողնին մօտ դրուած էր եւ փափուկ զգացումներով կը ժպտէր այդ նկարին ամէն գիշեր քունի անցնելէ առաջ: Դեղնորակ, կապոյտ աչքերով, կլորիկ դէմքով, հօրը թանկագին աղջնակը: Հայրը հայ էր, «արման քատիմ» կ’ըսէին իրենց, այսինքն հին հայ: Հայախօս չէր Լէյլայի հայ ամուսինը, սակայն զարմանալիօրէն հաստատ էր իր հայկական ինքնութեան մէջ: Ան կապուած էր իր հայ կաթողիկէ եկեղեցիին եւ սրբազան հօրը: Իր բարեկամներուն մեծամասնութիւնը  կը պատկանէր հայ կաթողիկէ համայնքին: Ազնիւ նկարագրով, հանդարտ ու մեղմ խօսակցութեամբ, վարպետ վաճառական մըն էր Ժոզէֆը: Ան երկար տարիներ ունեցած էր գրախանութ մը Պէյրութի օդակայանին մէջ: Կը ծախէին նոր լոյս տեսած գիրքեր՝ արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, ինչպէս նաեւ օրաթերթեր եւ ամսագիրեր բազմաթիւ լեզուներով: Ժոզէֆ տարին անգամ մը կը ճամբորդէր Ֆրանքֆուրթ՝ այցելելու գիրքերու տարեկան մեծագոյն ցուցահանդէսը՝ գիրքեր ապսպրելու իր խանութին համար: Պէյրութի օդակայանը շատ աշխոյժ էր եւ կ’ընդունէր համաշխարհային քաղաքացիներ. պէտք էր գոհացնէր անոնց ճաշակը եւ ակնկալութիւնները:

Ահա հին, սեւցած, պղնձեայ խարկոցն ու սրճաղացը, որոնց մէջ Լէյլայի մեծ մայրը սուրճ կը խարկէր եւ ապա կ’աղար. ինք երբեմն մեծ մօր ձեռքէն կ’առնէր սրճաղացը եւ կոթը բռնելով կլոր-կլոր կը դարձնէր ու կը դարձնէր: Հաճելի էր լսել սրճաղացին կշռոյթով ճղճղոցը, հանդարտեցուցիչ ազդեցութիւն մը ունէր ան, եւ այդ ճղճղոցին շուրջ տեղի կ’ունենային ընտանեկան ջերմ խօսակցութիւններ՝ ասկէ ու անկէ: Ահա Ճամբրուկը, որ լեցուն էր տան ճերմակեղէններով։ Լէյլա բացաւ ճամբրուկը. լաւագոյն որակի բամպակեայ սաւաններ եւ անկողինի ծածկոցներ, որոնք դիմացած էին երկար տարիներու չարաչար գործածման: Անոնք կոկիկ ծալուած դրուած էին ճամբրուկին մէջ ու տակաւին պահած էին իրենց թարմութիւնը՝ կարծես երէկ լուացուած ըլլային: Կային նաեւ ձեռագործ վարագոյրները, որ մայրը իր օժիտին համար աշխատած էր մեծ համբերութեամբ եւ բծախնդիր աշխատանքով: Այս ամէնուն մէջ գտնուեցաւ նաեւ մուշտակէ օձիք մը, որ  ձմեռուայ վերարկուի մը մաս կազմած էր: Վերարկուն յատուկ կարուած էր տղայ զաւակ մը ունենալէ ետք: Այս վերարկուն լաւ օրեր տեսած էր: Այդ օրերուն շատ առիթներ կը ներկայանային այդ գեղեցիկ վերարկուն հագնելու: Այցելութիւններ, ելոյթներ, հանդէսներ, հարսնիք, կնունք․ այս բոլորը առիթ կը ստեղծէին որ մարդ ու կին հագուած-շքուած դուրս ելլէին: Կոկիկ եւ նորոյթ հագուիլը պարտադրուած էր քաղաքի ընկերութեան կողմէ: Վերարկուն ժամանակի ընթացքին իր վրայ նեղցած էր, ու ղրկուած եկեղեցի, ուր մայրապետները գործածուած հագուստներ կարիքաւորներուն կը բաժնէին: Բայց Լէյլա պահած էր մուշտակէ օձիքը, որ իր ամուսնին կողմէ նուէր էր: Այդ տարիներուն Լիբանան կ’ապրէր իր ոսկեայ օրերը: Մարդիկ կ’ապրէին La Dolce Vita, այդպէս կոչուած՝ «քաղցր կեանքը»: Այդ օրերուն գիշերները կանուխ կու գային ու կ’երկարէին… մինչեւ արեւածագ: Գիշերները անուշ էին այդ օրերուն, հմայքով լի: Մարդիկ կը սիրէին դուրս ելլել եւ գիշերները անցընել կերուխումով բարեկամներու հետ, յաճախել ճաշարան՝ ինչպէս Yildizlarը, սրճարան կամ գինետուն: Պէյրութ այդ օրերուն համբաւաւոր էր գիշերային կեանքի Boite de Nuit ըսուած որջերով: Այս գիշերային հաստատութիւնները կը կրէին իրենց արուեստի համեմատ անուններ․ Kit Kat, Cave du Roy, Chat Noir, Music Hall, ուր ճաշակը, երաժշտական եւ թատերական ներկայացումները, ինչպէս նաեւ հանդիսատեսները համաշխարհային կ’ըլլային: Այո, խելագար ու  սանձարձակ կեանք մը կ’ապրէին պէյրութցիները. անոնք տեղեակ չէին, թէ անկիւնադարձին վրայ ինչ անակնկալ զիրենք պիտի դիմաւորէր. թէ իրենք այդ օրերուն կը պարէին իրենց վերջին վալսը, թէ մահուան հրեշտակը արդէն սուրը ձեռքին իրենց կը սպասէր, եւ թէ ամէն ինչ վերջ պիտի գտնէր ու այդ բոլոր վայրերը մոխիրի պիտի վերածուէին…: 

․․․Այս որքա՞ն մետաղեայ ափսէներ ունեցած էր: Երկվեցեակ մը ունէր, տարբեր չափերով: Մինչեւ հիմա անոնք պահած էին իրենց փայլքը, կարծես երէկ լուացուած ու փայլեցուած ըլլային: Դարձեալ հիացաւ անոնց որակին, որ դիմացած էր տարիներու անխնայ գործածութեան: Անոնց մէջ շաղած էր պլղուրով քէօֆթէ, շաղած էր զատկուայ մաամուլ, եփած զաւակներուն սիրած նամմուրան,նաեւ համեմած ու պատրաստած ամէն Կիրակիի քեպապի միսը: Այն օրերուն ընտանիքը բազմանդամ էր, եւ սովորութիւն ունէին Կիրակիները ազգականներով եւ բարեկամներով ճաշել տան երկար ճաշասեղանին շուրջ: Այն օրերուն զաւակները տակաւին չէին հեռացած ու ցրուած հոս ու հոն, տարեցները տակաւին չէին մահացած. երեք սերունդ միասին նստած կ’ըլլային: Ճաշասեղանը լեցուած կ’ըլլար տեսակաւոր ճաշերով: Կիները հաճոյքով կը պատրաստէին այդ ուտելիքները եւ բոլորը գոհունակութեամբ կը ճաշակէին զանոնք, ընտանեկան ջերմ խօսակցութեան, խնդուքի եւ օղիի մտերմիկ ընկերակցութեամբ:  

Փոքր տուփ մը աչքին զարկաւ: Թուղթեր կային. վաւերաթուղթեր, նամակի բաց պահարաններ, կարգ մը հին նկարներ: Ձեռքը երկնցուց եւ վերցուց հին նկար մը: Գեղադէմ երիտասարդ մը, երեսը քիչ մը կողմնակի դարձուցած, կը նայէր իրեն: Ազնիւ դէմք մըն էր, ամուսնին նման, շատ կը նմանէր ալ իրեն: Ան հագած էր Այնթուրայի Յիսուսեան վանականներու զգեստը: Ան կը կրէր իրենց ընտանիքին անունը: Ո՞վ էր այս երիտասարդը: Ոչ ոք գիտէր: Լէյլայի ամուսինին՝ Ժոզէֆի հայրը կանուխ մեռած էր․ ան քիչ բան գիտէր իր ընտանեկան պատմութեան մասին, բայց Ժոզէֆ կը խորհէր, որ այս անձը իր հօրեղբայրը ըլլալու էր: Այնթուրայի վանքի վանականները հայոց ցեղասպանութենէն ետք ընդունած էին բազմաթիւ հայ որբեր: Արդեօք ան այդ որբերէն մէ՞կը եղած էր կամ վանք ղրկուած էր երիտասարդ տարիքին եւ կրօնական կրթութիւն առած..: Բոլոր հարցուփորձերը՝ գտնելու համար այդ վանականին ինքնութիւնը՝ ապարդիւն մնացած էին: 

Մնացած էր մեծ ջահը՝ վերնատան մէկ անկիւնը, պատին տակ դրուած: Ան կը բաղկանար բազմաթիւ փոքր, բիւրեղ ապակիներէ եւ լամբարներէ, որոնք երբ վառէին, հոյակապ կը լուսաւորէին հիւրասրահը: Ճշդօրէն՝ այս ջահը մայր եկեղեցիի մը կամ սրահի մը փառքը կրնար ըլլար: Նախ մտածեց ձգել զայն հոն, ուր որ արդէն մնացած էր քառորդ դար մը: Ապա միտքը փոխեց ու որոշեց իջեցնել: Երրորդ անձի մը օգնութիւնը պէտք եղաւ. շալկեցին ու վար իջեցուցին: 

Երկար ժամեր անցած էին: Լէյլան յոգնութիւն կը զգար. այլեւս երիտասարդ կին մը չէր: Նաեւ՝ անողորմ հիւանդութիւնը մարմնէն ներս թափանցած էր: Ամէն շաբաթ բժշկական դարմանումի կ’երթար: Բայց վճռական պիտի պայքարէր հիւանդութեան դէմ եւ կեանքին մնացած օրերը պիտի դիմագրաւէր գլուխը վեր բռնած: Այսօր իր կեանքի գունագեղ օրերու շատ մը հաճելի պատկերները վերապրած էր: Կասկած չկար, որ լեցուն կեանք մը ապրած էր: Ափսոսանք չունէր: 

Բեռցուցին ապրանքները ինքնաշարժին մէջ: Լէյլա վարիչին նուիրեց ապրանքներու մեծ կոյտ մը: Երեկոյեան, երբ տուն հասաւ, պատրաստեց ամուսինին ընթրիքը եւ ապա գործի լծուեցաւ հետը բերած ապրանքները իրենց յարմար տեղերը տեղաւորելու: 

Իսկ ջա՞հը: Մի քանի օր ետք ջահը արդէն կախուած էր իր տան առաստաղէն, շքեղօրէն լուսաւորելով եւ կերպարանափոխելով հիւրասենեակը: Ջահը իր արժանի տեղը հասած էր: 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՄԵԾ ՀԱՅՐՍ

Կեսարիոյ Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին

ՍԵԴԱ ԹԵԼԵԱՆ

Կը բնակէինք Թրիփոլիի Ըպպէ քաղաքամասին մէջ: Կը յիշեմ… երեք տարեկան էի. մեծ հայրս իր ուսերուն վրայ շալկած կը պտըտցնէր զիս. կը հանդիպէր իր բարեկամներուն եւ կ’ըսէր. «Դուք կը ճանչնա՞ք կամ տեսա՞ծ էք այս աղջնակէն աւելի գեղեցիկ աղջնակ մը»: Իր առաջին թոռնուհին չէի, ուրիշ վեց թոռներ ալ ունէր ան, որոնք սակայն ներգաղթին իրենց ծնողներուն հետ Հայաստան մեկնած էին:

Մեծ հայրս՝ Յովհաննէս Թելեան, ծնած էր Կեսարիա եւ ամուսնացած էր դարձեալ Կեսարիա ծնած մեծ մօրս՝ Սաթենիկ Սիմիտեանին հետ. անոնք պսակուած էին տեղւոյն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյն մէջ եւ ունեցած էին երկու զաւակներ՝ հօրաքոյրս եւ հայրս:

Որպէս օսմանեան պետութեան հպատակ քաղաքացի զինուորագրած են զինք. ան փախած է եւ սակայն բռնուած ու բանտարկուած. դատուած է ու մահուան դատապարտուած, սակայն մեծ մայրս իր ոսկեղենները ծախած է եւ կաշառելով դատախազը ամէն անգամ յետաձգել տուած է վճիռը մինչեւ զինադադար: Մինչ այդ, սակայն, մեծ հայրս բանտին մէջ ամէն օր ծեծի կ’ենթարկուի եղեր եւ ամէն մէկ տփոցին հետ հայհոյանք մը կը թռցնէ եղեր բերնէն…։

Ան շատ լաւ կը գծէ եղեր եւ բանտին պատերը զարդարեր է իր գծագրութիւններով: Անգամ մը մէկ օսմանեան ոսկի գծած է, այնքան հարազատ, որ ամէն անցնող-դարձող զայն իսկական կարծելով կը փորձէ եղեր առնել զայն:

Կու գայ օրը եւ դատախազը կ’որոշէ գործադրել տալ մեծ հօրս մահուան դատավճիռը: Մեծ հայրս կ’ըսէ ինքնիրեն. «Ես այս թուրքերուն ձեռքով չեմ ուզեր մեռնիլ», ու բարձր բերդէն վար կը նետէ ինքզինք: Կը փոխադրուի զինուորական հիւանդանոց: Ըստ օսմանեան օրէնսդրութեան, մահապարտի մը վճիռը կարելի չէ եղեր գործադրել մինչեւ անոր կատարեալ ապաքինումը: Այս անգամ ալ մեծ մայրս սկսած է կաշառել բժիշկները, որպէսզի անոնք «Տակաւին չէ բուժուած»ի վկայագիրը տան։ Մեծ մայրս շարունակած է իր այս ընթացքը մինչեւ զինադադար, երբ միջազգային օրէնքով մը բոլոր բանտարկեալները ազատ արձակուած են, անոնց մէջ նաեւ մեծ հայրս:

Բաւական մտածելէ ետք, մեծ հայրս կ’որոշէ բնակութիւն հաստատել Գոնիա, ուր իր ընտանիքին հետ կ’ապրի երկու տարիներ եւ այդտեղ է, որ կը ծնին փոքր հօրաքոյրս եւ միջնեկ հօրեղբայրս։

Մեծ մօրս քրոջը ընտանիքը իր տագրոջ օգնութեամբ հաստատուած է եղեր Դամասկոս: Մեծ հայրս կ’որոշէ ինք եւս իր ընտանիքին հետ փոխադրուիլ Դամասկոս եւ այդպէս ալ կ’ընէ: Կարելի չէ արտայայտել այն յուզիչ վայրկեանները, կ’ըսէին երկու քենակալները, երբ երկու քոյրերը վերագտած են զիրար:

Ուրեմն, մեծ ծնողներս կը հաստատուին Դամասկոս: Մեծ հայրս Կեսարիա գորգի վաճառականութեամբ կը զբաղի եղեր, այնպէս, որ ան պարսկական գորգ ծախող արաբ հարուստ վաճառականի մը քով քառասուն գորգ գործող աշխատաւորուհիներու վրայ վերակացու կը նշանակուի, իսկ մեծ մայրս ալ տան մէջ գորգի նորոգութեամբ կը զբաղի, եւ այս ձեւով այս անգամ ալ Դամասկոսի մէջ է, որ կը վերսկսի մեծ ծողներուս կեանքը եւ այստեղ է, որ կը ծնի փոքր հօրեղբայրս:

Քսան տարի Դամասկոս ապրելէ ետք, մեծ հայրս կը լսէ թէ ֆրանսացիներ Լիբանան են եւ այդտեղ գործի մեծ կարելիութիւններ կան եւ ան հայրս կը ղրկէ Լիբանան, որպէսզի սերտէ կացութիւնը:

Մեծ հայրս միշտ ըսած է. «Փափաքս է մզկիթ չունեցող երկիր մը բնակիլ»: Հայրիկս՝ 19 տարեկան երիտասարդ, լաւ ֆրանսերէն խօսող, կու գայ Թրիփոլի, Լիբանան. կը բարձրանայ Ըպպէի քաղաքամասը, ուր կը գտնուէր ֆրանսացիներու զօրանոցը եւ կը ծանօթանայ մարոնիթ լիբանանցիի մը՝ Նաում անունով, որ կ’օգնէ հօրս գտնելու լուսանկարչատուն մը իր տան ճիշդ դիմաց: Հայրս Ըպպէէն մեծ տուն մըն ալ կը վարձէ եւ լուր կը ղրկէ իր հօր, որ անմիջապէս ընտանեօք, այսինքն մեծ մայրս, երկու հօրեղբայրներս եւ հօրաքոյրս առանց յապաղելու գան Լիբանան: Ֆրանսացիներուն մեկնելէն ետք, մեծ հայրս կ’ըսէ հօրս, թէ աւելի լաւ կ’ըլլայ, եթէ քաղաքէն խանութ մը վարձեն: Հայրս կը կատարէ մեծ հօրս փափաքը եւ քաղաքի Ալ-թալ (التل) կոչուած գլխաւոր հրապարակին վրայ խանութ մը կը վարձէ, որպէս լուսանկարչատուն օգտագործելու համար զայն:

Մեծ հայրս շուրջ երեք տարի Ըպպէէն քաղաք կ’իջնէր եւ տուն կը վերադառնար քալելով. շուրջ 200 աստիճաններ կը բաժնէին քաղաքը Ըպպէէն:

1948ին ան ծանրօրէն կը հիւանդանայ. ոտքի ջիղերը կը քաշուին եւ անդամալոյծ կը դառնայ: Անկէ ետք ան վեց տարի անկողնին կը ծառայէ: Իր այդ վիճակին պատճառը թուրքերէն կերած տփոցները կը համարէր: Չէր կրնար քալել, սակայն առողջ էր. ծնողներս, հօրեղբայրներս եւ իրենց տիկինները շատ լաւ հոգ կը տանէին իրեն։ Ինքն էր տան նահապետը. միշտ իր ուզածը կ’ըլլար. կարծես Կեսարիոյ կեանքն էր որ
կը շարունակուէր: Երեք եղբայրները իրենց ընտանիքներով եւ ծնողներով նոյն յարկին տակ կը բնակէին եւ որքա՜ն ուրախ էին միասին:

Ամէն օր, երեկոյեան, երբ հայրս ու հօրեղբայրներս տուն մտնէին, ամենէն առաջ իրենց հօրը տեսութեան կ’երթային, որ արդէն իր սենեակը այցելու մը կ’ունենար։ Առանձին չէր մնար իր սենեակին մէջ ան երբեք. ցերեկը մեծ մայրս ու հարսերը շրջապատած կ’ըլլային զինք, իսկ գիշերն ալ՝ իր տղաքն ու այլ այցելուներ:

Իր այդ վիճակին մէջ ան այցելուներուն իր կեանքէն դրուագներ կը պատմէր թրքերէնով: Թրքախօս էին թէ մեծ հայրս, թէ մեծ մայրս. Կեսարիա հայերէն խօսիլ արգիլուած է եղեր եւ հայերէն խօսողներուն լեզուները կտրեր են ատենին։

Ես՝ փոքր աղջնակ, իրենց հետ խօսիլ կարենալու համար, առանց ճիգ թափելու թրքերէն ալ սորված եմ անուղղակիօրէն զիրենք մտիկ ընելով: Յաճախ այցելուներու հետ ես ալ մեծ ծնողներուս սենեակը կ’ըլլայի ու մտիկ կ’ընէի ականջ տալով մեծ հօրս պատմած կեանքի էջերը:

Որքա՜ն երանելի էին այդ օրերը։ Մեծ ու ընդարձակ տուն մըն էր մերը, ուր կ’ապրէին երեք եղբայրներ իրենց ընտանիքներով եւ իրենց ծնողներով: Փոքր Կեսարիա մըն էր մեր տունը իր կարգով ու սարքով, ուտելիքներով ու աւանդութեամբ:

Երբ տասներկու տարի առաջ, Հայաստանէն վերադարձիս ճամբուս վրայ,  հանդիպեցայ Կեսարիա, այցելեցի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ անոր ճիշդ դիմաց գտնուող «Թաւուխճուլար մահալլէսի»ն, ուր ապրած եւ գործած են մեծ ծնողներս եւ ուր ծնած է հայրս, ուխտավայր մըն էր, որ կ’այցելէի, ափսոս, կէս ժամուայ համար միայն:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:


ԼՌՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

(Խորհրդածութիւններ) – Ա․

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ․ ՔՀՆՅ․ ԳՈՅՈՒՆԵԱՆ


1

Անկասկած, երբ ականջ կամ ականջներ չկային՝ լռութիւն չկար: Վստահաբար, երբ խօսք կամ խօսքեր չկային՝ լռութիւն չկար: Այնուհանդերձ՝ լռութիւն մը կար, պիտի ըսէր Յովհաննէս աւետարանիչ: Կար առ Աստուած Լռութիւնը, քանի որ Բանն առ Աստուած էր: (Մեր գրաբարի Բանը, որ յունարէնի «Լողոս»ին համարժէքն է, սովորաբար կը թարգմանուի իբրեւ Խօսք, սակայն շատ աւելին է քան լոկ Խօսքը): Արդ, քանի Բանը, հետեւաբար՝ նաեւ Խօսքը առ Աստուած էր, ուստի՝ առ Աստուած էր նաեւ Լռութիւնը…: Լռութիւնը ընդ Բանին էր, ի Բանին էր, եւ առ Աստուած էր: Բանական էր Լռութիւնը…


2

Ծնունդներու գիրքը կը սկսի այսպէս. «Ի սկզբանէ արար Աստուած զերկին եւ զերկիր» (Ծն 1.1): Չըսուիր՝ թէ ինչպէ՞ս: Ետքը կը կարդանք, որ իւրաքանչիւր արարում կը կանխուի խօսքով մը, եւ իւրաքանչիւր արարում ըստ խօսքին կ’ըլլայ: Ուրեմն, թէեւ չըսուիր, թէ երկինքն ու երկիրը ինչպէ՞ս արարուած էին, բայց կարելի է հասկնալ՝ թէ արարուած էին Աստուած-Բանով, հետեւաբար՝ նաեւ աստուածային Խօսքով: Այսպէս հասկցած էր Յովհաննէս աւետարանիչ, երբ գրած էր թէ՝ «ամենայն ինչ նովաւ եղեւ»: Չըսուիր: Բայց քանի անմիջապէս ետքը տրուած արարումները կանխող խօսքերը կան, ապա հասկնալի է, թէ սկզբնական արարումը կանխող խօսքի մը չըլլալը՝ լռելեայն կը թելադրէ խօսքի մը ըլլալը: Կարծես միաժամանակ ըսելով, որ այն ինչ «խօսք» կ’անուանուի՝ ա՛յլ խօսք է: Դարձեալ՝ այլ Խօսք, Բանին տարր մը: Արդ, քանի կայ ա՛յլ Խօսքը, ապա նաեւ կայ ա՛յլ Լռութիւն մը. Խօսք՝ որ այլ Ունկնդրութիւն ունի, Լռութիւն՝ որ Ունկնդրութիւն ունի: Այն Խօսքն է, եւ այն Խօսքին հետ՝ այն Լռութիւնն է, որ իմացած է Յովհաննէս աւետարանիչ, եւ անոր հետեւողութեամբ իմացած են հայրաբանական մեկնութիւններ: Լռութիւն որ ի վեր է քան զամենայն միտս եւ զբանս:

Ուշագրաւ է նաեւ, որ ստեղծագործութեան մասնաւոր արարքներուն հետ մասնաւոր խօսքը կ’երեւայ: Որպէս թէ ըսուէր, որ ստեղծագործութեան մասնաւոր արարքներուն հետ կը խոնարհի Բանը, եւ անոր հետ Լռութիւնը: Կը խոնարհի մասնաւորներու արարման համար, մինչեւ յայտնակերպուիլը որպէս Խօսակցութիւն: Մարդ էակի արարման ատեն Աստուած կ’ըսէ. «Արասցուք մարդ ըստ պատկերի եւ ըստ նմանութեան մերում»: Այս նախադասութեան մեկնութիւններուն մէջ չեմ մտներ, որովհետեւ զիս հետաքրքրողը այստեղ խօսակցականին յայտնակերպուիլն է: Երբ Բանը կը խոնարհի, եւ անոր հետ խօսակցականը ի յայտ կու գայ, եւ խօսակցականին հետ՝ լռութիւնը: Մարդ էակը կ’արարուի առանց պատասխանի, լռութեան մէջ: Աստուածային ինքնախօսակցութիւն մըն է արարողը: Կը թելադրուի՞ արդեօք, թէ որեւէ արարում ինքնախօսակցութիւն մըն է, ուստի նաեւ՝ ինքնալռեցում մը:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՀԱՅՔՈՒՆԵՐ (ԿԱ.)

Ծ Թ ՊԱԼԵԱՆ

ՄԽ․
Կեքօ մը ուրախութեամբ կ’ըլլայի,
Ուղղահայեաց քալէի,
Առաստաղէն կախուէի։

ՄԽԱ․
Կեքօ մը կ’ուզէի ըլլալ –
Պոչս՝ թշնամի խաբող հինգերորդ ոտքս
Ձգէի հակառակորդիս եւ նորը բուսցնէի։

ՄԽԲ․
Զօրաւոր անձրեւ կրնայ տեղալ,
բայց այդ հաւատքի քայլը
պէտք է առնուի։

ՄԽԳ․
Անընդհատ dopamineի արտադրութիւն,
Անվերջանալի դրախտներ,
Անճշմարիտ կեանքեր ապրելու։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԹԱՓԱՌԵՑԱՅ ՄԻԱՅՆԱԿ ԱՄՊԻ ՄԸ ՆՄԱՆ

ՈՒԻԼԻԱՄ ՈՒԸՐՏԾՈՒԸՐԹ

Թափառեցայ միայնակ ամպի մը նման,               
Որ կը ծածանի վերեւն հովիտներու ու բլրանց, 
Երբ յանկարծ ամբոխ մը տեսայ,
Բազմութիւն մը նարկիսներու ոսկեայ.
Լճին կից, տակ ծառերուն
Կ’երերային, կը պարէին հետ հովերուն:

Մշտատեւ զերթ աստղերը, որ կը պսպղան,
Կը փայլփլին յարդգողի ճանապարհին
Ձգուած էր անոնց անծայրածիր շարանն
Ծովածոցի մը լուսանցքին:
Ակնթարթով մը տեսայ տաս հազար, 
Կը տատանէին գլխիկները կայտառապար:

Ալիքներն ալ կը պարէին անոնց կողքին, սակայն
Անոնցը գերազանցեց վառ պարն ալեացն:
Անկարելի է որ բանաստեղծ մը չհրճուի
Ի տես նման կենսուրախ ընկերակիցի:
Դիտեցի ու դիտեցի սեւեռուն, չխորհեցայ բայց
Թէ ի՜նչ լիութիւն պարգեւեց տեսիլն այս:

Քանզի յաճախ, երբ ընկողմանած ըլլամ մէջ բազմոցիս,
Մտացիր թէ մտասոյզ տրամադրմամբ,
Կը փայլակեն անոնք վրան ներքին աչքիս,
Որ երանութիւնն է միայնութեան.
Եւ այնուհետեւ, սիրտս հրճուանքով կը զեղու
Ու կը պարէ հետ նարկիսներուն:

1807

Անգլերէնէ թարգմանեց՝
ՅԱՍՄԻԿ ԲԱՆԵԱՆ

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԳԵՏԻՆ ՄՕՏ

ՍԳԱՐԱ ՆԱՈՒՄԱՆ

Ամէն ոք գիտէ որ տխրութեան գետին մէջ
Կրնաս խեղդուիլ

Գիտես ինչպէս կը զգացուի
Գետափը կը նստիս եւ խորունկ ջուրին մէջ կը նայիս
Իսկական հաճոյք չես զգար տեսածէդ
Հետեւաբար առաջ կը թեքիս քիչիկ մը
Աւելի խորը տեսնելու համար
Մասնաւոր պահու մը մէջ կը դիւթուիս
Բաներէ որ հազիւ տեսանելի են
Գետին խորքը
Ովկիանոսին ամենախորունկ խորքն ալ նման արարարծներ կան
Արտառոց եւ հրաշալի
Սպաննիչի տեսք ունեցող
Միեւնոյն ժամանակ
Ջուրին մակերեսին մօտ դէմքդ կ’իջեցնես
Մինչեւ որ ճակատդ վերջապէս անոր հպի
Եւ յետոյ քեզմէ կախեալ է
Կամ կ’իյնաս եւ կ’իյնաս եւ կ’իյնաս անվերջօրէն
Մինչեւ որ ամբողջապէս կորսուիս
Կամ զօրութիւնը կ’ունենաս
Հանելու գլուխդ ծուղակէն դուրս
Նախքան որ ան կարենայ
Քեզ ամուր բռնել
Եւ տխրութեան գետին ջուրը մազերէդ կը թօթուես
Այդ ուժը կը կոչուի
Resilience

Ամէն ոք գիտէ որ անտարբերութեան
Գետին ջուրին մէջ կրնաս խեղդուիլ
Կամ պատրաստ ես ըսելու
Հոգ չեմ ըներ
Այս անտարբերութեան բներեւոյթը ճշմարտութիւն մըն է
Եւ երբ անոր բնութիւնը յայտնուի
Վտանգաւոր կը դառնայ
Երբ գետափին մօտ աշխարհը շուրջս
Կը թառամի եւ կը գունատի
Մինչեւ որ այդ քարի մեծ կտորներէն մէկը ըլլաս
Որոնք գետին եզերքը կը զարդարեն
Անգամ մը այս ուրախութեան գետին մէջ
Գրեթէ կ’անշնչանայի
Գլուխս ջուրին մէջ մտցուցի այնքան խոր
Որ դուրսի աշխարհը իր իմաստը կորսնցուց
Կրնայի անգիտանալ որ կապոյտ երկինքը
Ամպերով պատած ըլլայ
Ամպերը սեւցան եւ բարեխառնութիւնը քիչցաւ
Մինչդեռ ժամանակը կ’անցնէր
Սաստիկ անձրեւ եւ յետոյ կարկուտ սկսաւ
Եւ մինչդեռ գլուխս ուրախութեան գետին
Քաղցրութիւնը ճաշակեց
Մարմինս կամաց սառեցաւ
Անգգալաբար
Յետոյ ազատեցայ ուժի վերջին մասնիկով

Paracelsus կ’ըսէր
Միայն դեղին չափն է որ զայն թոյն չ’ըներ
Կարմրածառի մը պտուղին միսը
Մատնետունկի մը ծաղիկը
Կամ «թունական սիրոյ» իսկութիւնը

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿՆԵՐ (ՄՂԷ․)

ԿԱՐՕ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

ՍՉԿԱ․
Երիտասարդները մեր կեանքին մէջ գործունեայ են, չէ՞ք տեսներ քանի-քանի համագումարներ կը կազմակերպենք, երիտասարդները կու գան, կը խօսին նոյնիսկ իրե՛նք իրենց հարցերուն մասին, – առաջ միայն մենք կը խօսէինք, – երկար-բարակ, կը վիճին ալ, եթէ կ’ուզէք, ու յետոյ ամէն մարդ իր տունը կ’երթայ եւ կը քնանայ մինչեւ յաջորդ հանդիպում-համագումար-մամագումար-համաժողով-մամաժողով։ Ուրիշ առթիւ նոյն թատրոնը նորէն կը բեմադրենք, նոր դերակատարներով։ Ասիկա դուք հայապահպանում եւ երիտասարդապահպանում չէ՞ք անուաներ։

ՍՉԿԲ․
Հայերը թուրքերէն պարտուեր են, աս անգամ ալ ոտնագնդակի խաղին մէջ։ Բայց բարոյական յաղթանակը մերն է։ Անիկա մէկու մը չենք տար։ Եւ ան է արդէն կարեւորը։

ՍՉԿԳ․
«Գանատայի մէջ հայկական ինքնութիւնը ինչպէ՞ս կը սահմանուի»։
Ճիշդ ատպէս։ Մեր վիճակագրագիւտարարներն են, որոնց ձեռքէն հաշիւ բռնելէ անդին բան մը չի գար՝ ախոռին մէջ երկու ոչխար, մէկ կով կայ, կովը սրճագոյն է, ոչխարներն ալ՝ նարնջագոյն, բայց ոչխարներուն ալ, կովուն ալ կաթը կթող չկայ․ իրենք բաւական կթած են, բայց ոչ թէ կաթ։ Մենք միայն լուծման ճամբան ցոյց կու տանք, կ’ըսեն։ Ճամբան հետդ չենք երթար։ Մենք մեծ գիւտեր կատարած ենք։
– Նստէ՛ք, քարին վրայ քար մը աւելցուցէ՛ք, եթէ կրնաք։
– Չէ, մեր մասնագիտութիւնը քարին վրայ քար դնել չէ, այլ քարին գոյնը, տեսակը, չափը ճշդորոշել եւ յետոյ տեղը դնելն է։
– Ապրի՛ք։ Վարձքերնիդ կարծեմ դեռ բաւարար չափով չէ կատարուած։ Յաւելեալ գնահատումներու արժանի էք։ Խօսքը անշուշտ բարոյական գնահատումի մասին է։ 

ՍՉԿԴ․
Համացանցի վրայ գրական կամ անգրական ահագին նիւթեր լոյս կը տեսնեն, արժէքաւոր ու անարժէք։ Ժամանակին կրնայինք արգիլել, մեր թերթերուն մէջ չհրատարակել, հալածել, լռեցնել, անտեսել, գրողներուն ձեռագիրը չհրատարակել, անհետացնել։ Հիմա թէեւ ատ հին մեթոտներէն քանի մը հատը չի բանիր, բայց հիմա ալ կրնանք լռել, անտեսել, չպատասխանել, երբեմն իբրեւ թէ մտահոգութիւն յայտնել, որ այսպիսի ապօրինի ծնունդներուն բերնին չենք կրնար զարնել, ըսելու համար որ մենք, մենք միայն Արարատ ունենք, մենք ենք գրականութեան ու գրութեան ճակատագիրը որոշողը, գրական հանդէսին ու հանդիսութեան ինչ ըլլալը որոշողը։
Այսպիսի թշուառներէն շատեր մեր գրականութեան ոչ թէ անցեալի գագաթներուն՝ Եզնիկէն, Խորենացիէն մինչեւ Նարեկացի ու Շնորհալի, այլ արդի ժամանակներու վարպետներուն գործերուն իսկ ծանօթ չեն՝ Սարաֆեանէն Օշականներ, եւ աւելին՝ յաճախ երբեմն կարդացած ըլլալով, կրկին ու կրկին կարդալով իսկ ծանօթ չեն կրնար ըլլալ։ Վկայ անոնց խծբծումները՝ յիշեալ որակաւորներուն երկերուն մասին՝ ամուլ մամուլին մէջ կամ հոս ու հոն, համացանցի վրայ ցուցահանուած։ Գրուա՞ծ։

ՍՉԿԵ․
Հայրենասէրը ան է, որ Ամերիկայէն Հայաստան կը վերադառնայ եւ իր հանգստեան թոշակը Հայաստանի մէջ ծախսելով, ամէն օր ուտել-խմել-պարել-երգելով ժամանակը կ’անցընէ, Հայաստանի տնտեսութեան սատար հանդիսանալով, տուրք վճարելով կամ իբր թէ վճարելով։
Հայրենասէրը դուն չես, որ Սփիւռքի մէջ ոռդ կը պատռես, որ մշակոյթիդ, լեզուիդ, գիրիդ վրայ շիւղ մը աւելցնես։ Աս ժողովուրդը մշակոյթ չունի, անոր պէտքն ալ չունի, որ դուն անոր սատար հանդիսանաս։ Աս ժողովուրդը միայն փոր եւ գրպան ունի։ Եւ միայն դրամով կայ հայոց փրկութիւն։ Երգելով չէ որ կրնանք հակառակը փաստել։

ՍՉԿԶ․
Եթէ դուն բարեկամս ու խնամիս ու ծանօթս ես, ըրած աշխատանքդ անորակ ու վնասակար ալ ըլլայ՝ պատրաստ եմ քեզ ու ըրածդ գովելու ու տարածելու։
Իսկ եթէ դուն բարեկամս ու խնամիս ու ծանօթս չես եւ ատոնցմէ անկախ ալ որեւէ շահ չունիմ քեզմէ՝ ըրածդ եթէ նոյնիսկ որակաւոր ու օգտակար ըլլայ եւ ես անոր օգտակարութեան գիտակից ըլլամ, արդիւնքն ալ տեսած ըլլամ՝ երբեք պատրաստ չեմ քեզի մօտենալու իսկ, գովել-գնահատելը արդէն կրնաս մոռնալ շատոնց։

ՍՉԿԷ․
«Իւրաքանչիւր աշակերտ, որ կը գտնուի երկրորդական կարգը աւարտելու սեմին, իր մէջ ապագայ ասպարէզ ընտրելու մտահոգութիւն մը կը ծնի»:
Կիւլկիւլահայերէնի ցայտուն օրինակ մը։
«Իւրաքանչիւր աշակերտ… իր մէջ ապագայ ասպարէզ ընտրելու մտահոգութիւն մը կը ծնի»։
Որ կը նշանակէ, թէ իւրաքանչիւր աշակերտ ծնունդ կու տայ ասպարէզ ընտրելու մտահոգութեան։

ՍՉԿԸ․
Իբր թէ մայրենի հողի վրայ սնած ու սլացած արեւելահայերէնը «հընթացս» ըսել ու գրել գիտէ, սակայն չի գիտեր «հուրախութիւն» գրել ու ըսել, այլ միայն «ի ուրախութիւն»։ Արեւելահայերէնն ալ իր կարգին ունի կիւլկիւլահայերէն։

ՍՉԿԹ․
«Մեր գրականութեան, հայագիտութեան, լրագրութեան ռահվիրաները, արուեստագէտները և հայ մեծագոյն դէմքերը կը մնան յաւերժ սրտերուն մէջ»։
Անոնք իրենց գերեզմաններուն մէջ իսկ հանգիստ չունին, ուր մնաց սրտերու, ան ալ՝ ո՞ր սրտերուն, որո՞նց սրտերուն, ի՞նչ տեսակ յաւերժութեամբ։ Հայկակա՞ն։

ՍՉՀ․
«Բարք. Տիրոչ.  Հաեր.  Ունինք.  Իրենց.  Ազգուդդյուն.  Չեն.   Մոռնար.»։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՂԱՆԻԱՆ

ՆՈՐԱ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ

Տակաւին ութերորդ դասարան էի։ Ղանիային տունը մեր բակին մէջ՝ երկրորդ յարկն էր։ Դասընկերուհիս էր արաբական դպրոցը, մահմետական էր։ Շատ անուշիկ դէմք մը ունէր կլոր երեսով, կապոյտ աչքերով, բայց կաղ էր եւ անթացուպով կը քալէր։ Ունէր երեք երիտասարդ եղբայրներ, բայց իր բուժումը շատ նիւթականի կը նայէր։ Բաւական ժամանակ վերջ մեր քովէն փոխադրուեցան եւ չգիտցանք, թէ ուր հաստատուեցան։

Տարիներ անցան։ Օր մը, գնումի շուկայ գացած էի։ Մէկէն ետեւէս ձայն մը լսեցի․ «Նորա՛, Նորա՛»։ Դարձայ որ Ղանիան է․ շիտակ կը քալէ եւ պզտիկի մը ձեռքէն բռնած է։ Միշտ կը խնդար։ Բաւական խօսելնէս վերջ, հարցուցի․ «Այս պզտիկը ո՞վ կ’ըլլայ»։ Ըսաւ․ «Զաւակս է», եւ շատ ստիպելով զիս իր տունը տարաւ սուրճ խմելու, քանի որ շուկային մօտ էր։

Հարցուցի վիճակին եւ լուրերուն մասին։ Սկսաւ պատմել․

– Օր մը, եղբօրս ընկերը մեզի եկած էր, մայրս տունը չէր, ստիպուած սուրճը ես եփեցի եւ հրամցուցի։ Յանկարծ աչքերնիս իրարու հանդիպեցան։ Սուրճը հրամցնելով սենեակէն դուրս ելայ։ Երթալէն վերջ եղբայրս հասկցուց, որ ընկերը հետս ամուսնանալ ուզեց։ Ըսի․ «Ոտքս չտեսա՞ւ։ Ինչպէ՞ս ամուսնանամ»։ Այս երիտասարդը ամուսնացած էր, Աստուած զաւակ չէր պարգեւած իրենց։ Պատճառը ինք ըլլալուն՝ այր ու կին միշտ կռիւի մէջ էին, մինչեւ որ զիրար ձգած են։ Եղբօրս ըսած է․ «Քոյրդ կաղ է, բայց ես սիրեցի իր ժպտուն դէմքը»։ Եւ ես ալ յօժարեցայ, եւ ամուսնացանք։ 

Հոմսի մէջ ունինք շատ բարի վարդապետ մը Հայր Միշէլ անունով, որ եկեղեցւոյ միջոցով հիւանդներուն օգնութիւն կ’ընէ։ Ղանիա պատմած է վարդապետին իր մասին, եւ վարդապետը զինք Եւրոպա ղրկած է, բժշկական յաջող գործողութիւն մը եղած է։ Վերադարձին շնորհակալութիւն յայտնած է վարդապետին եւ քրիստոնեայ համայնքին, ըսելով․ «Ես ձեր կրօնքը շատ կը սիրեմ»։

Այսպիսով ոտքը լաւացած էր։ Երկու տարի վերջ, տէր եւ տիկին բուժուեցան, եւ  Աստուած տղայ զաւակ մը պարգեւեց իրենց։ Անունը Մազէն դրած են, անուշիկ մանչ մըն էր, հիմա ամպայման երիտասարդ է։

Այս բոլորին տեղեկանալէ ետք տուն վերադարձայ եւ մօրս պատմեցի լսածներս։ Ատկէ վերջ չտեսայ զինք։ Մայրս միշտ կ’ըսէր. «Աստուած մեծ է, կարող է, աղջիկս, միշտ աղօթեցէ՛ք եւ խնդրեցէք Անկէ։ Աստոած լոյս է, յոյս է, կեանք է»։ 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԱՂՕԹԱԳՐԱԿԱՆ ՈՒՆԿՆԴՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ [1]

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ ՔՀՆՅ ԳՈՅՈՒՆԵԱՆ


1

Մանկութենէս եկեղեցւոյ մէջ եմ:

Կրօնի ուսուցիչս (Վազգէն Տէմիրճեան), որ հիմա Գալիֆորնիա է, եւ կը ծառայէ որպէս քահանայ (Արտակ Աւ. Քահանայ), պահու մը զիս հրաւիրած էր մաս կազմելու Պուրճ- Համմուտի Սրբոց Քառասնից Մանկանց դպրաց դասին: Ինք այն ատեն դպրապետն էր: Երրորդ դասարան էի:

Երբ Նախակրթարանը աւարտեցի՝ որոշեցի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանք երթալ, եւ աշակերտ ըլլալ: Մինչ այդ շնորհիւ դպրապետիս արդէն սորված էի Կիրակնամուտի սաղմոսացութիւնը, «Լոյս Զուարթ»ի «Եկեալքս ի մտանել արեգական» փառաւոր երգը, «Սուրբ ես, Տէր» ցնծուն շարականը, եւ բուրվառ նետելու ալ սկսելով՝ «Խնդրեսցուք»ը: Կիրակի օրուայ Գիշերային եւ Առաւօտեան Ժամերգութիւններու սաղմոսները, երգերը, քարոզները: Նաեւ Ս. Պատարագի երգերը: Ամէն Շաբաթ երեկոյ եւ ամէն Կիրակի եկեղեցի կ՚երթայի ուրախութեամբ:

Դպրեվանքի մէջ շարականները պիտի սորվէի, թէ՛ որպէս դասեր, եւ թէ մանաւանդ՝ անձնական ճիգերով: Ի մի խօսք, Հայ եկեղեցւոյ աղօթական աւանդութեան կարեւոր բաժին մը գիտակցութեանս եւ ենթագիտակցութեանս մէջ մտաւ, եւ ժամանակի ընթացքին՝ հետզհետէ իւրացուեցաւ (այս իւրացումը՝ կրթութիւն է Հայ եկեղեցւոյ ունկնդրական աւանդութեան մէջ, կը խորհիմ):

Դպրեվանքի մէջ, յաջող շարադրութիւն մը եւ ուսուցիչիս գովասանքը՝ զիս պիտի նետէին գրականութեան ծովուն մէջ: Անյագօրէն պիտի կարդայի: Եւ ընթերցումներուս ճամբան պիտի բերէր հասցնէր մինչեւ ժամանակակիցները:

Այն ժամանակակիցներէն պիտի յիշեմ Վեհանոյշ Թեքեանը, եւ Գրիգոր Պըլտեանը:

Թէքեանի գիրքերէն «Ոստրէ»ի (Պէյրութ, 1974) մէջ կը հանդիպէի Սաղմոսներու շարքի մը (25 Սաղմոսներ): Գերիրապաշտ ըմբոստութիւն մըն է: Երեւութապէս մահապաշտութիւն մը, անոր բոլոր դէմքերով: Ըսի՝ երեւութապէս, որովհետեւ վհատութեան ծայրագոյն հոգեվիճակէ մը կը ժայթքէ ըմբոստութիւնը: Մութ հմայք մը կը տարածուէր շարքին մէջ: Եւ ես ինծի հարց տուած էի, որ «Ասանկ Սաղմոս կ’ըլլա՞յ»: Հարցումը առկախուած՝ մնացած էր…  

Պըլտեանի գիրքերէն «Գրիգոր Նարեկացի Լեզուի Սահմաններուն Մէջ»ը (Վենետիկ, 1985) պիտի կարդայի յափշտակութեամբ: «Ողբերգութեան Մատեան»ի վրայ մինչ այդ այնպիսի վերլուծում չէի կարդացած, եւ ետքն ալ, մինչեւ օրս չեմ կարդացած, բացի նոյն հեղինակին «Մատեան»ի վրայ միւս վերլուծումներէն, որոնցմէ մին հրատարակած էի Մոնթրէալ («Ի Գործ Արկանել»), որպէս առաջին թիւը «Բան Եւ Գիր» Մատենաշարին: Պըլտեանի Գր. Նարեկացիի մասին վերլուծումները հատորով մը լոյս տեսան Հայաստան:

«Գրիգոր Նարեկացի Լեզուի Սահմաններուն Մէջ»ը արձագանգուն մնաց մէջս:


2

1985ին, մահը մեզմէ խլեց 14 տարեկան պզտիկ եղբայրս: Հարուածը անտանելի էր ծնողքիս համար: Իսկ ես որ այն ատեն Նիցչէ կարդացած էի՝ Աստուծոյ հետ խզումի փորձառութիւն մը ունեցայ: Բայց օր մըն ալ իրեն ըսի. «Ինծի նշան մը տուր, որ Դուն կաս…եթէ կաս՝ ուրեմն եղբայրս չէ մեռած»: Հակասական հոգեվիճակիս մխիթարութիւն շնորհուեցաւ: Ասիկա չի նշանակեր, թէ սգալէ դադրած եմ: Արդէն մխիթարութիւնը չի ջնջեր սուգը, այլ շնորհը կու տայ զայն կարելի արիութեամբ տանելու:


3

Մոնթրէալ քանի մը տարիներու հովիւ էի, երբ օր մը հարկադրուեցայ ամուսնացեալ զոյգի մը համար՝ Ուխտի վերանորոգման արարողութիւն մը պատրաստելու: Օրուայ Առաջնորդն էր Խաժակ Արք. Յակոբեան: Իրեն խօսեցայ եւ ներկայացուցի արարողութիւնը: Սրբազանը վաւերացուց: Ատկէ ետք, ժողովի մը ընթացքին՝ սրբազանը առաջարկեց, որ «Կանաչ Կիրակի»ին համար վասն բնապահպանութեան արարողութիւն մը պատրաստեմ: Ասոր հետեւեցան «Մայրերու տօն»ին արարողութիւն մը, ապա՝ «Հայրերու տօն»ին արարողութիւն մը: Նախահարց տօնին առիթով՝ պատրաստեցի «Մեծ Հայրերու եւ Մեծ Մայրերու համար» արարողութիւն մը: Տակաւին Հայաստանի վերանկախացման արարողութիւն չկար, ուստի՝ նաե գրեցի վերանկախացման տօնին արարողութիւն մը: Ասոնցմէ մի քանիին մէջ՝ աղօթքներ ալ գրեցի: Աղօթագրութիւն մը սկսած էր յայտնուիլ օրերուս մէջ: Միաժամանակ կը թարգմանէի Եկեղեցւոյ հայրերէ, եւ տարբեր եկեղեցիներու աստուածաբաններէ աղօթքներ, ինչպէս նաեւ մեր շարականները:

Աղօթագրական շնորհընկալ փորձառութիւն մըն էր Մանկապատանեկան Պատարագի մը ծրագրով խօսքերու մշակումը: Ետքը այն խօսքերուն երաժշտութիւն պիտի յօրինէր Արեգ Լուսինեան, եւ Ս. Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ մանկապատենական երգչախումբը՝ «Նոր Ծաղիկ» զայն պիտի մատուցէր երկու անգամ, երկու համերգներու մէջ:


4

Պըլտեանի նշեալ գիրքին ընթերցումէն վերջ, փափաք մը արթնցած էր մէջս «Ողբերգութեան Մատեան»ի վրայ մեկնութիւն-վերլուծութիւն գրելու (այս մասին կարելի է կարդալ «Խոկումներ» տետրի «Խօսք մը» նախաբանը): Եւ յանգեցայ «Խոկումներ»ու շարքի մը: «Մատեան»ի առաջին հինգ գլուխներուն ընթերցմամբ «Խոկումներ»ս լոյս ընծայեցի տետրով մը, Մոնթրէալ, 2022ին: Հիմա ալ կը շարունակեմ գրել. հասած եմ 7րդ գլուխը, պիտի աւարտեմ շուտով, եւ անցնիմ 8րդ գլուխին: Մինչ «Խոկումներ»ը կը գրուէին, պայթեցաւ Արցախի 44օրեայ ճակատամարտը: Առաջնորդ սրբազանը՝ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս տնօրինեց, որ թեմին հովիւները իւրաքանչիւր օր կարճ արարողութիւն մը ընեն: Եւ ինձմէ խնդրեց, որ արարողութիւններ պատրաստեմ: Արարողութիւններ համադրելը դժուար չէր, բայց ներկայացաւ անխուսափելի հարցը՝ ո՞ր աղօթքը կարդալ: Չկայ աղօթք մը, որ Արցախեան ճակատամարտին պատշաճ կրնար ըլլալ: Գրեցի առաջին աղօթքը: Տեսայ, որ սաղմոսներու լեզու եւ ոգի առաւ: Հիմա խոստովանութիւն մը. սաղմոսները սրտիս շատ չէին խօսած, մանաւանդ անոնց չափազանց հակասականութիւնը: Բայց ի վերջոյ հասկցայ, որ անոնք գոյութենական փորձառութիւններ են: Ուստի՝ ինքզինքս յանձնեցի սաղմոսագրութեան: 44օրեայ տագնապներուս աղօթական արտայայտութիւն տուի, եւ գրեցի 24 սաղմոսներ: Ճակատամարտէն ետք՝ տագնապներս շարունակուեցան, որովհետեւ Արցախի վրայ ամպերը չդադրեցան կուտակուելէ, այլ շարունակուեցան կուտակուիլ, եւ մինչեւ՝ այսօր: Գրեցի այլ 24 սաղմոսներ եւս: Առաջին 24 սաղմոսները տետրով մը հրատարակած էի, եւ նուիրած ի շարս այլոց, նաեւ Առաջնորդարանի դիւանապետուհիին՝ տիկ. Տանիա Օհանեանին: Եւ օր մը իրեն յայտնած, որ արդէն եւս 24 սաղմսոներ կը գրեմ: Փափաքած էր, որ գրելէ վերջ իրեն ղրկեմ: Եւ յետ այնու՝ ինչ որ գրեցի՝ ղրկեցի: Տակաւին երկրորդ 24ի կէսը չէի հասած, երբ արդէն փափաք յայտնեց, որ ամբողջը հրատարակութեան յանձնեմ կոկիկ գրքոյկով մը: Նաեւ աւելցուց՝ թէ երազն է ունենալ Առաջնորդարանի մատենաշար մը, եւ «Արցախեան Սաղմոսներ»ը կարելի է հրատարակել որպէս անոր առաջին թիւը: Շուտով գրքոյկը լոյս պիտի տեսնէ, որպէս Առաջնորդարանի «Հոգեւոր Հայրենիք» մատենաշարին առաջին թիւ:


5

Այսօր կարելի՞ է աղօթել:

Ինչպէս ամէն անկարելիի քով կարելին կայ, նոյնպէս հաւատքի կորստեան դարերուն մէջ՝ աղօթելու անկարելութեան քով՝ կայ աղօթելու կարելիութիւնը: Աղօթելը միջ-անձնային փորձառութիւն մըն է: Չեմ ըսեր՝ ենթակայական, այլ միջ-անձնային, այսինքն՝ փորձառութիւն մը աղօթողին եւ ամբողջապէս Այլ աղօթընկալին միջեւ:

Իսկ ի՞նչ է աղօթելը:

Խօսակցութիւն կամ երկխօսութիւն Աստուծոյ հետ: Որպէսզի խօսակցութիւն մը ըլլայ՝ երկու կողմ պէտք է որ ըլլայ. խօսող կողմ մը եւ լսող կամ ունկնդրող կողմ մը, եւ փոխնիփոխ: Մինչ առ Աստուած խօսողը տեսանելի գոյակ մըն է, Աստուած անտեսանելի է, անըմբռնելի է, անապացուցելի է: Անմիջապէս կը ծագի հաւատքի խնդիրը: Չեմ փորձուիր հաւատքի սահմանման ընդարձակ , նոյնիսկ անպարագրելի տարածութիւններուն մէջ մտնել: Անկախ անկէ, որ հոս տեղն ալ չէ, չեմ յաւակնիր ատիկա ընելու:

Հաւատալը երկինքէն ծնիլ կ՚ենթադրէ: «Որք ընկալանն զՆա, ետ նոցա իշխանութիւն որդիս Աստուծոյ լինել», կ՚ըսէ Յովհաննէս աւետարանիչ: Հաւատալը Աստուծոյ որդի ըլլալու եղանակ մըն է: Այն եղանակը գիտէ, թէ մարդ էակը տկար է, եւ կը պատահի (ոմանց հետ քիչ, այլոց հետ շատ), որ յանձնուի իր տկարութեան: Օգոստինոս կ՚ըսէ. «Տէր իմ Աստուած, հոգիս կը յուսայ, օգնէ՜ ինծի որ հաւատամ եւ երբեք չդադրիմ քեզ փնտռելէ: Շնորհէ՜ որ միշտ եւ խանդավառութեամբ տենչամ երեսդ տեսնել: Շնորհէ՜ զօրութիւնը քեզ փնտռելու, քանի որ կ՚օգնես ինծի քեզ գտնելու, եւ քանի որ աւելի ու աւելի յոյսը տուած ես ինծի քեզ գտնելու: Ահաւասիկ կանգնած եմ քու առջեւդ թէ՛ իմ հաստատակամութեամբս եւ թէ՝ անհաստատակամութեամբս: Պահէ՜ առաջինը եւ բուժէ՜ վերջինը: Ահաւասիկ կանգնած եմ քու առջեւդ թէ՛ իմ իմացական կարողութեամբս եւ թէ՝ անգիտութեամբս: Ուր որ իմ առջեւ բացած ես դուռը՝ մուտքին զիս ընդունէ. ուր որ իմ առջեւ գոցած ես դուռը՝ բա՛ց աղաղակիս դիմաց: Շնորհէ՜ որ յիշեմ քեզ, հասկնամ քեզ եւ սիրեմ քեզ»: Ըստ այս աղօթքին, հաւատալը միաժամանակ յուսալու արարք է, յուսալ մը Անոր՝ որ կ՚օգնէ շարունակելու հաւատաւոր փնտռտուքին մէջ: Կ՚օգնէ որ Անոր երեսը տեսնելու տենչին խանդավառութիւնը չմարի: Ան որ զԱստուած կը փնտռէ՝ յարաճուն յոյսով մը կ՚առաջնորդուի զԱյն գտնելու: Այն փնտռտուքը կը կատարուի Աստուծոյ իսկ առջեւ: Աստուած փնտռողին առջեւն է, այնուհանդերձ՝ կը փնտռուի: Այն փնտռտուքը յիշել մըն է զԱստուած, յիշել մըն է Անոր ամբողջ յայտնութիւնը, յիշել մըն է, թէ Ան Էր, Է եւ պիտի ըլլայ: Այն փնտռտուքը հասկնալ մըն է զԱյն, խոնարհօրէն հասկնալ մը, որ իր իմացական կարողութեան սահմանափակութիւնը կը ճանչնայ, նաեւ՝ անգիտութիւնը: Այն փնտռտուքը խորապէս կը զգայ, թէ սէրն է, որ կը գտնէ զԱստուած. Աստուծոյ երեսը սիրոյ երես է: Յիսուս ըսած է. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ», այլ խօսքով՝ ան որ սէրը կը տեսնէ՝ կը տեսնէ զԱստուած, որ շնորհիւ Յիսուսի՝ մեր Հայրն է:

Այսօր կարելի է աղօթել, կ՚ըսէ Յիսուս: Կարելի է տենչանքը ունենալ Աստուծոյ երեսը տեսնելու: Փնտռել է պէտք զԱյն յիշելով, զԱյս հասկնալով, զԱյն սիրելով:


6

Այսօր կարելի՞ է աղօթք գրել:

Եթէ աղօթելը կարելի է, ապա աղօթք գրելն ալ կարելի է:

Մինչ բանաւոր աղօթելը սրտի պարզ բխում է, որ կը բարբառի սիրտը ինչ որ կը թելադրէ (այս պարագային, եթէ ենթական չունի հոգեվարժութիւնը՝ շատ արագօրէն սրտին տեղը կը գրաւէ անգիտակիցը, եւ աղօթքը կը զառածի եւ կ՚ըլլայ «խելքէն-միտքէն» եկածին ժայթքումը։

Գրաւոր աղօթելը բխելով հանդերձ սրտէ՝ հսկողութեան մը ենթակայ կ՚ըլլայ, եւ հռետորութեան արուեստ կը կիրարկէ (հռետորութեան կամ ճարտասանութեան արուեստը խօսքի գիտութիւն է, եւ չէ թիւրիմացաբար հասկցուած ճոռոմաբանութիւնը: Շեղումով մը ըսեմ, որ ցարդ մեր մօտ ամենալուրջ ձեռնարկը Հայր Ստեփանոս Ագոնցի «Յաղագս Ճարտասանութեան» գիրքն է): Ա՛յո. հռետորութեան արուեստ կը կիրարկէ՝ կրօնական յուզումը, զգացումը, ապրումը եւ մտածումը ըստ հնարաւորինս ճշգրիտ արտայայտութեան բերելու: Մէկը, օրինակ, կարդալով սաղմոսներէս մէկը՝ ըսած է, թէ աւելի գրականութիւն է քան աղօթք: Հիմա ո՛չ թէ ինքզինքս պաշտպանելու համար, այլ պարզ իրողութիւն մը հաստատելու համար՝ կրկնեմ, որ Աստուածաչունչի սաղմոսները արուեստով գրուած են. ո՛չ թէ միայն խօսքի արուեստով, այլեւ այնպէս՝ որ երաժշտական գործիքներու հետ տրամաձայնութիւն ըլլայ: Անշուշտ, հռետորութեան չափազանցումը կը խաթարէ աղօթքը, ուստի՝ նաեւ անիկա պէտք է հսկուի: Խօսքէն գինովնալը, եւ ճարտասանութեան յանձնուիլը կ՚աղաւաղէ աղօթելը:


7

Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս աղօթել:

Աղօթելը «ինչո՞ւ» չունի: Երբ կը հաւատաս՝ կ’աղօթես: Կամ կ՚աղօթես՝ որովհետեւ կը հաւատաս: Երբ կը յուսաս՝ կ՚աղօթես: Կամ կ՚աղօթես՝ որովհետեւ կը յուսաս: Երբ կը սիրես՝ կ՚աղօթես: Կամ կ՚աղօթես՝ որովհետեւ կը սիրես:

Աղօթելը մեկնիլ է ամբողջապէս մերձաւոր Այլին երկիւղէն: Սեփական կամքը հաստատելէ հրաժարիլ է, եւ յանձնուիլ է երկիւղի շունչին:


8

«Psychology Today» պարբերականէն յօդուած մը գտայ համացանցի վրայ: Հեղինակը՝ Գլէյ Դրինքօ: Յօդուածին վերնագիրն է՝ «We’re Worse at Listening Than We Realize», այսինքն թէ՝ մենք լսելու մէջ մեր կարծածէն աւելի գէշ ենք:

Ըստ յօդուածագրին, հարցախոյզ մը ցոյց տուած է, թէ պատասխանողներուն 96 առ հարիւրը ըսած է, թէ միշտ կամ երբեմն լաւ լսողներ են: Սակայն ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ մարդոց մեզի ըսածին միայն շուրջ կէսը կ՚ըմբռնենք, եւ այն ալ՝ երբ խօսքերը նոր են բարբառուած:

Մենք աւելի հետաքրքրուած ենք, որ մարդիկ մեզ լսեն, քան՝ մենք զիրենք լսենք: Մենք յաճախ մեր ժամանակը կ՚անցընենք մտածելով, թէ ի՞նչ պիտի ըսենք խօսողէն ետք, կամ ալ՝ բոլորովին այլ նիւթ մը մտածելով:

Խոր լսողութիւնը սուզուելու փորձառութիւն մըն է: Մտացիր վիճակով կարելի չէ խոր լսողութիւն ունենալ: Ուշադրութիւնը պէտք է սեւեռել քեզի խօսողին վրայ. անոր մարմնի շարժումներուն (մեր նիւթի շրջագիծին մէջ՝ «մարմնի շարժումներ»ով կը մտածեմ Քրիստոսի օրինակը), աննշմարելի ակնարկներուն, եւ ոչ թէ միայն անոր բառերուն: Երբ ենթադրութիւններ կ՚ընենք կամ երբ ամբողջապէս մեր խօսակիցին հետ չենք՝ շատ հաւանական է, որ թիւրիմացութիւններ պատահին:


9

Աստուածաշունչին մէջ ինչպէ՞ս հասկցուած են «ականջ»ը եւ «լսել»ը:

Ականջը մարմնի անդամն է նախ, որով արտաքին աշխարհէն եկող ձայներ կամ խօսքեր կը լսուին: Կը լսուին թէ՛ կրաւորականօրէն, եւ թէ՝ կրաւորական ներգործականութեամբ: Կրաւորականօրէն բացատրելու պէտքը չկայ, կարծեմ, իսկ կրաւորական ներգործականութեամբ՝ կը հասկնամ ինքզինք տրամադրելը կամ ինքզինք ուշադիր դարձնելը՝ լսելու, կամ փոխաբերաբար՝ ականջ դնելը լսելու համար:

«Ականջ»ը իր պարզ լսողական անդամ ըլլալէն զատ, Աստուածաշունչին մէջ հասկցուած է որպէս միջոցը, որով Աստուծոյ Խօսքը կամ ճշմարտութիւնը կամ պատուիրաններն ու պատգամները կ՚անցնին եւ կը հասնին հոգիին: Այս միջոցը կրնայ փակ ըլլալ կամ աւելի փակուիլ, կամ բաց ըլլալ կամ աւելի բացուիլ:

Ի՞նչ է պատճառը որ ականջը կրնայ փակ ըլլալ կամ աւելի փակուիլ:

Յանցանքներն ու մեղքերը կը փակեն ականջը, եւ եթէ ապաշխարութեան կամ կրօնաբարոյական ինքնամաքրումի չի դիմեր անձը՝ փակեալ ականջը աւելի կը փակուի:

Իսկ կա՞ն կատարելապէս բաց ականջներ: Քանի կատարելապէս արդար մարդ չկայ աշխարհի մէջ, ապա ուրեմն՝ չկան կատարելապէս բաց ականջներ, չկայ Աստուծոյ Խօսքին կատարեալ լսողութիւն: Սակայն Աստուծոյ Խօսքը լսելը՝ լսողութիւն կու տայ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ գրած է (Հռ 10.17): Եւ հաւատքը կու գայ այն լսողութենէն (անդ): Լսել Աստուծոյ Խօսքը՝ հնազանդիլ է անոր եւ գործադրել է զայն (հմմտ Բ. Օր 4.1):

Այն հնազանդութիւնը հրամայող իշխանութեան մը ստրկօրէն ենթարկուողի հնազանդութիւնը չէ: Այո, Աստուած կը հրամայէ, բայց անոր հրամայելը այլ արարք չէ քան ապրելու համար գոյութենական ստիպողութիւն մը: Եսայիի մարգարէութեան մէջ գրուած է. «Ով բոլոր ծարաւցածներ, ջուրերուն եկէք: Դրամ չունեցողներ, եկէ՛ք, գնեցէ՛ք եւ կերէ՛ք: Եկէ՛ք, գինի եւ կաթ գնեցէ՛ք առանց դրամի եւ վճարումի: Ինչո՞ւ ձեր դրամը կը վատնէք՝ ո՛չ թէ հացի համար, ու ձեր վաստակը այնպիսի բանի համար՝ որ չի կշտացներ: Ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք ինծի, որպէսզի համադամ կերակուրներ ուտէք, եւ ձեր անձը պարարտութիւն վայելէ: Դարձուցէք ձեր ականջը, ու եկէ՛ք ինծի: Մտիկ ըրէ՛ք, ու ձեր անձը պիտի ապրի» (Ես 55.1-3):


10

Արդ, աղօթագրական ունկնդրութիւնը ականջը դարձնել մըն է Անոր՝ որ ծարաւցածներուն իր ջուրերը կը խոստանայ, իր գինին եւ կաթը, իր հացն ու կերակուրը: Զանոնք կը ծախէ առանց դրամի, ձրիօրէն: Միակ ուզածը՝ ուշադրութիւն դարձնել է իր Խօսքին: Ունկնդրելը՝ ուշադրութիւն դարձնել է: Աղօթագրական ունկնդրութիւնը՝ աղօթագրականօրէն ուշը դնել է Աստուծոյ Խօսքին: Եւ Աստուծոյ Խօսքը յանձնառութիւն կը պահանջէ:

Աղօթագրական ունկնդրութիւնը կ՚ըլլայ լռութեան մէջ: Աստուծոյ Խօսքը չես լսեր քեզի ծանօթ բարբառով կամ բարբառներով: Այլ կը լսես որպէս ներգործօն ազդեցութիւն մը: Ունիս երկիւղը որ Սրբութեան առջեւ ես, մեղաւորաբար: Երբ կը դիմես Անոր՝ խօսքդ միշտ կը պահանջէ ինքնախաբէութենէ չտարուիլ, որովհետեւ գիտէ՝ թէ ինքնախաբէութիւնը չի կրնար խօսիլ Աստուծոյ հետ: Ասիկա ըսել չէ՝ ինքնախաբէութեան պահեր չես ունենար: Մեղաւորութեամբդ ի վիճակի չես բոլորովին ազատելու ինքնախաբէութենէն: Բայց ներգործօն ազդեցութիւնը քեզի կը վերյիշեցնէ արթննալ: Եւ երբ կ՚արթննաս՝ ինքնաքննութիւնդ կ՚առաջնորդուի ճշմարիտ Խօսքը ըսելու: Աղօթագրական ունկնդրութիւնը իր սահմանափակութիւններուն եւ տկարութիւններուն գիտակցութիւնը ունի, բայց կը հաւատայ՝ որ աղօթքի Հոգին կը բարեխօսէ:

Աղօթքները կը նմանցնեմ Այլակերպութեան դրուագին մէջ արտայայտուած տաղաւար լարելու տենչին: Աղօթքները տաղաւար լարելու տենչեր են: Գիտէք, որ Թաբօր լերան վրայ, Պետրոս առաքեալ երբ տեսաւ պայծառակերպեալ Յիսուսը, եւ Յիսուսի հետ Մովսէս եւ Եղիա մարգարէները, ըսաւ որ երեք տաղաւարներ լարեն՝ մէկը Յիսուսի, մէկը Մովսէսի եւ մէկը՝ Եղիայի համար: Բայց չկրցան տաղաւարներ լարել, որովհետեւ ատոնց պէտքը չեղաւ: 

Անշուշտ, ինքս անարժանագոյն աղօթող մըն եմ, եւ ինքզինքս երբեք արժանի չեմ տեսած եւ չեմ տեսներ հասնելու Թաբօրական փորձառութեան: Բայց աղօթելը Աստուծոյ Խօսքը (ինչո՞ւ ոչ՝ նաեւ Աստուծոյ Խօսքին թէ՛ մեր եւ թէ այլոց Աստուածաշունչ ընկալումները) ունկնդրելով բարձրանալ մըն է, իմ պարագային՝ համեստ բարձրութիւն մը (ո՛չ լեռ մը, ո՛չ բլրակ մը, ո՛չ իսկ բլրակիկ մը), ուր աստուածայինը կ’ընդնշմարեմ: Աղօթագրութիւնը ընդնշմարեալին տաղաւար լարելու տենչ է, որ չի հասնիր տաղաւար լարելու…


[1] Հայերէնի Blogի ՀԶ․ եթերազրոյցին, որ տեղի ունեցաւ 18 Մայիս 2023ին, ընթացքին ներկայացուած զեկոյցին գրաւոր մէկ տարբերակը։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՀԱՅԱՏԱՆՈՒՄ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ԵՒ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԸ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ԳՆԱՀԱՏՄԱՄԲ (1920 – 1930ԱԿԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐ) [1]

ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ

Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­յնացումը հա­յոց նորագոյն պատ­մութ­եան շրջա­դար­ձա­յին էջերից է: Հայաստանում խորհր­դա­յին իշ­խա­նութ­եան հաս­տա­տու­մը տա­րաբ­նոյթ գնահա­տա­կան­նե­րի է ար­ժա­նա­ցել ինչ­պէս հայ պատ­մա­գի­տութ­եան, այն­պէս էլ հասարա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան մտքի կող­մից: ­Խնդիրն առաւել սուր բնոյթ է ստացել Հայ Յեղափոխական ­Դաշ­նակ­ցութ­եան եւ ­Կո­մու­նիս­տա­կան կու­սակ­ցութ­եան միջեւ առկայ գա­ղա­փա­րա­քա­ղա­քա­կան ան­զի­ջում պայ­քա­րի բո­վում:

Սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական մտքի մէջ իր ուրոյն տեղն ունի սփիւռքահայ մամուլը։

Սփ­իւռ­քա­հայ հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան մտքի գնա­հա­տում­նե­րին անդրադառնալիս հաշ­ուի ենք ա­ռել յատ­կա­պէս կու­սակ­ցա­կան պատ­կա­նե­լութ­իւ­նը եւ­ ուղղ­ուա­ծութ­իւ­նը: ­Շատ դէպ­քե­րում թեր­թե­րը պաշ­տօնա­պէս կու­սակ­ցութ­իւն­նե­րի չեն պատ­կա­նել, բայց ու­նե­ցել են ար­տօնա­տէրեր: ­Վեր­ջին­ներս, ե­թէ որ­եւէ կուսակցութ­եան ան­դամ էլ չեն ե­ղել, ա­պա ու­նե­ցել են քա­ղա­քա­կան յստակ կողմնորո­շում: ­Սա­կայն մամու­լի նիւ­թե­րի բո­վան­դա­կութ­իւ­նը պայ­մա­նա­ւոր­ուած է եղել ոչ միայն եւ­ ոչ այն­քան ար­տօ­նա­տէր կու­սակ­ցութ­եան կամ ան­ձի, որ­քան խմբագ­իրների եւ թղ­թա­կից­նե­րի մաս­նա­գի­տա­կան, մտա­ւոր կա­րո­ղութ­իւն­նե­րով ու հմտութ­իւն­նե­րով:

Հայաստանում Խորհրդային կարգերի հաստատման եւ ամրապնդման վերաբերեալ սփիւռքահայ մամուլի գնահատականները վերլուծելիս հանրագումարի ենք բերել հետեւեալ ընդհանուր եզրայանգումները․

  • Հայաստանի խորհրդայնացման պատմագիտական գնահատականի գործում մեծ նշանակութիւն ունեն սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական մտքի արժեւորումները: 1920-1930ական թթ. սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական միտքն, ընդհանրապէս, եւ մամուլը, մասնաւորապէս, օրակարգային և սկզբունքային են համարել Հայաստանում խորհրդային իշխանութեան հաստատման գործընթացի քննարկումն ու գնահատումը:
  • Սփիւռքահայ մամուլը, ի տարբերութիւն խորհրդահայ մամուլի, պատմագիտութեան եւ հասարակական-քաղաքական շրջանակների, անհամեմատ մեծ ազատութիւն է ունեցել Հայաստանի խորհրդայնացումը գնահատելու գործում: Խորհրդային իշխանութեան հաստատման ամբողջ գործընթացի գնահատման հարցում տեսակէտները Խորհրդային Հայաստանից դուրս հիմնականում բաժանուել են երկու հակադիր ուղղութեան: Մի ուղղութիւնը, որին հիմնականում յարել են Սփիւռքում գործող Հնչակեան եւ Ռամկավար-ազատական կուսակցութիւնները, համայնավարները,  առաւելապէս կիսել է խորհրդային պաշտօնական տեսակէտը: Միւս ուղղութեան հիմնական ներկայացուցիչները հիմնականում դաշնակցականներն էին, որոնք ընդհանուր առմամբ բացասական գնահատական են տուել Հայաստանում խորհրդային իշխանութեան հաստատմանը: Չնայած այն հանգամանքին, որ ոչ-դաշնակցականները դաշնակցականներին քննադատելու հիմնական հիմնաւորում ներկայացնում էին վերջիններիս կողմից խորհրդային իշխանութիւնների հանդէպ ունեցած անհաշտ դիրքորոշումը, իրականում հակասութիւնների հիմքերն աւելի խորն էին:
  • Սփիւռքահայ մամուլի համար աներկբայելի է այն փաստը, որ 1920 թ. Դեկտեմբերի 2ի Երեւանի համաձայնագրով իշխանութիւնը խաղաղ ճանապարհով է փոխանցուել բոլշեւիկներին: Իշխանութիւնը յանձնած դաշնակցական ղեկավարներն ակնկալել են, որ Հայաստանի խորհրդայնացումով հնարաւոր կը լինի Խորհրդային Ռուսաստանի աջակցութեամբ ապահովել հայ ժողովրդի ֆիզիկական անվտանգութիւնը թուրքական նոր կոտորածներից, ինչն արդէն սկսուել էր: Դաշնակցական շրջանակներն իրաւացիօրէն պնդում են, որ իշխանութիւնը Հայ յեղկոմին յանձնելու գործում մեծ է եղել Խորհրդային Ռուսաստանի ճնշումը:
  • Հայաստանի խորհրդայնացումով դաշնակցական կառավարութեան անդամներն ակնկալում էին, որ Խորհրդային Ռուսաստանը կ’աջակցի Հայաստանին տնտեսութեան վերականգնման, հարեւանների հետ ունեցած տարածքային խնդիրների խելամիտ լուծման գործում: Խորհրդայնացման կարեւոր նախապայմաններից էր Հայաստանի անկախութեան պահպանումը: Սփիւռքահայ մամուլը համոզմունք է յայտնում, որ Հայաստանի խորհրդայնացման խնդրում վճռորոշ է եղել նաև հայ ժողովրդի մէջ նախընթաց դարերում ձեւաւորուած պրոռուսական կողմնորոշումը:
  • Հայաստանի խորհրդայնացման գործընթացում սփիւռքահայ մամուլը մեծ տեղ է յատկացրել Փետրուարեան ապստամբութեանը: Ըստ սփիւռքահայ մամուլի՝ մտաւորականների հանդէպ կիրառուած քաղաքական տեռորն ամենաշատը յուզեց ժողովրդին եւ մեծապէս ազդեց Փետրուարեան ապստամբութեան հասունացման վրայ: Նոյնիսկ սփիւռքահայ ոչ-դաշնակցական թերթերն էին փաստում, որ փոխանակ երկրում տիրող ծանր վիճակը բարելաւելուն, բոլշեւիկները փորձում էին դաշնակցականներին հալածել:
  • Սփիւռքում Փետրուարեան ապստամբութեան պատճառները մեկնաբանելիս խիստ գնահատականներ էին հնչեցնում բոլշեւիկների կիրառած բռնագրաւումների կամ այսպէս կոչուած «ռազմական կոմունիզմի» քաղաքականութեան վերաբերեալ: Արձանագրւում է, որ բոլորովին անիմաստ էր Ռուսաստանում քննութիւն չանցած բռնագրաւումների դաժան փորձի վերակիրառումը պատերազմներից տնտեսապէս քայքայուած Հայաստանում: Սփիւռքեան մամուլն իր գնահատականները տալիս անդրադառնում է խորհրդային որոշ գործիչների տեսակէտներին, որոնք նոյնպէս քննադատում էին գործադրուած բռնագրաւումները:
  • Ըստ Սփիւռքում հնչեցուած տեսակէտների՝ Փետրուարեան ապստամբութեան հասունացմանը նպաստեցին նաեւ հայ սպաների ձերբակալութիւնն ու աքսորը, նրանց ընտանիքների հանդէպ կիրառուած բռնութիւնները: Պակաս կարեւոր չէին նաեւ բոլշեւիկների կողմից խօսքի եւ մամուլի ազատութիւնների կտրուկ սահմանափակումները, արեւմտահայութեան հանդէպ նոր իշխանութիւնների ունեցած ակնյայտ թշնամական վերաբերմունքը: Փետրուարեան ապստամբութեան համար պարարտ հող ստեղծեց նաեւ հայ բոլշեւիկների ծաղրական եւ նսեմացուցիչ վերաբերմունքը Հայաստանի անկախութեան գաղափարի հանդէպ:
  • Սփիւռքում բազմաբովանդակ էր նաեւ Խորհրդային Հայաստանի իրաւաքաղաքական կարգավիճակի վերաբերեալ քննարկումը: Դաշնակցական պարբերականները, առաջնորդուելով կուսակցութեան հռչակած սկզբունքներով, Անդրդաշնութեան եւ ԽՍՀՄի կազմում Խորհրդային Հայաստանի ընդգրկուելը համարում էին անկախութեան եւ ինքնուրոյնութեան կորուստ: Ժամանակաւորապէս ընդունելով այդ իրողութիւնը եւ պահելով գաղափարական հակառակորդի իրենց կեցուածքը՝ նրանք կարեւորում էին Խորհրդային Հայաստանի տնտեսական վերաշինումն ու հզօրացումը: Տնտեսապէս ուժեղ Խորհրդային Հայաստանն առաւել հեշտութեամբ կ’անցնէր դէպի անկախութիւն տանող ճանապարհը:
  • Սփիւռքահայ դաշնակցական մամուլը համոզուած է, որ Անդրդաշնութեան եւ ԽՍՀՄի կազմում Հայաստանն ընդգրկուել է Մոսկուայի ցուցումով եւ պարտադրանքով: Խորհրդային հանրապետութիւնների դաշինք կազմաւորելիս անդրկովկասեան ժողովուրդների կարծիքը հաշուի չի առնուել: Խորհրդային ոչ մի հանրապետութիւն, այդ թւում եւ Հայաստանը, գործնականում չէին կարող ինքնուրոյն դուրս գալ ԽՍՀՄի կազմից: Սկզբունքօրէն դէմ չլինելով համագործակցութեան դաշնային ձեւին, դաշնակցականները կարծում էին, որ այդ համագործակցութիւնը պէտք է լինի փոխադարձ յարգանքի, ազատ ինքնորոշման սկզբունքի հիման վրայ: Առանձնակի շեշտւում է այն հանգամանքը, որ Անդրկովկասին տիրելու ռուսական ձգտումը յատուկ է ոչ միայն բոլշեւիկներին, այլեւ Ռուսաստանում գերիշխող ցանկացած ուժի:
  • Ոչ-դաշնակցական շրջանակներն ամենաբարձր մակարդակներով դրական էին տրամադրուած Խորհրդային Հայաստանի՝ Անդրդաշնութեան եւ ԽՍՀՄի կազմի մէջ մտնելուն: Կուսակցական գործիչներն ու թերթերը գտնում էին, որ դա նախեւառաջ ապահովում է տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս թոյլ երկրի եւ ժողովրդի ֆիզիկական անվտանգութիւնը: Ի տարբերութիւն դաշնակցական կողմի տեսակէտի՝ ռամկավարները համոզում էին, որ Խորհրդային Հայաստանը կամաւոր է մտել դաշինքի մէջ, առանց խոչընդոտի կարող է դուրս գալ Խորհրդային Միութեան կազմից: Միաժամանակ նրանք անիմաստ էին համարում կենտրոնանալ ԽՍՀՄի կազմից դուրս գալու վրայ՝ գտնելով, որ դա չի բխում ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ էլ կենտրոնական իշխանութիւնների շահերից:
  • Սփիւռքահայ մամուլում լրջօրէն քննարկուեց նաեւ Հայաստանի անկախութեան խնդիրը: Դաշնակցական թերթերն ու գործիչներն իրենց գաղափարախօսական գործունէութեան առանցքը դարձրին Հայաստանի անկախութեան վերականգնման տեսլականը: Միաժամանակ յստակ էր այն գիտակցութիւնը, որ անբաւարար ուժերի եւ միջազգային աննպաստ պայմաններում այդ պահին անհնար էր վերականգնել Հայաստանի անկախութիւնը: Սակայն անկախութեան գաղափարի քարոզչութիւնը պայմանաւորուած չէր միայն Հայաստանը Խորհրդային Միութիւնից առանձնացնելու եւ ժողովրդավարական իշխանութիւն հաստատելու հեռահար նպատակով: Այս գաղափարի շուրջ համախմբւում էր տարագիր հայութիւնը, որին սպառնում էր ձուլման վտանգը: Անկախ պետութիւնը վերականգնելու յոյսով բազում հայորդիներ ոչ միայն համախմբուեցին, այլեւ կարեւոր շարժառիթ ունեցան հայ մնալու եւ իրենց սերունդներին հայ դաստիարակելու համար: Բազմաթիւ դաշնակցական գործիչներ տեսական լուրջ հիմնաւորումներով ապացուցում էին, որ հայ ժողովրդի շարունակականութիւնը երաշխաւորելու տեսակէտից անկախ պետականութիւնն այլընտրանք չունի:
  • Հայաստանի անկախութեան գաղափարը բացասաբար էր ընկալւում սփիւռքահայ ոչ-դաշնակցական շրջանակների կողմից: Ռամկավար-ազատական, հնչակեան եւ նոյնիսկ չէզոք գործիչներն ու մամուլի միջոցները նպատակայարմար չէին համարում Հայաստանի անկախութեան խնդրի քննարկումը: Որոշ դէպքերում, ցաւօք, մերժումի տրամադրուածութիւնն այնքան խորն էր, որ երբեմն դէմ էին արտայայտւում անկախութեան գաղափարին ընդհանրապէս՝ առանց խորամուխ լինելու ազգերի անկախ ապրելու ի վերուստ տրուած իրաւունքի մէջ: Պատճառաբանելով ֆիզիկական անվտանգութեան, տնտեսական զարգացման եւ այլ գործօններ՝ այս ուղղութեան կողմնակիցները պնդում էին, որ Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը երջանիկ են Խորհրդային Միութեան կազմում:

[1] Սոյն ամփոփ դրոյթներուն շուրջ Հայերէն Blogի ՀԵ․ եթերազրոյցին ընթացքին զրոյց եւ քննարկում ծաւալեցաւ, Չորեքշաբթի, 10 Մայիս 2023ին։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: