ԱՐԱՅԻՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ

Կորիկոս ծովաբերդ եւ Փոր-Սայիտի վրանաքաղաք, ձեւաւորում՝ Գարոլին Շուշանեան

ՇՈՒՇԱՆ

Գործող անձեր՝ Վահան, Մայտա, Անի։

Ձիւնը ամէն կողմ ճերմակ ներկած էր։

Վահան Մելեան իր հօր՝ Խոսրովի թաղումէն կը վերադառնայ յոգնած ու տխուր, ու անմիջապէս կը նետուի վառարանին առջեւի լայն ու հանգստաւէտ բազկաթոռին վրայ։

Յանկարծ աչքին կը զարնէ, հօրը գրասեղանին վրայ, փայտէ սեւ տուփ մը, որ կապուած էր կարմիր ժապաւէնով մը։ Տուփին մէջ գիրք մը կար․ Լեւոն Շանթի «Օշին Պայլ» գիրքն էր։ Գիրքին մէջ ծալուած եօթը նամակներ կային, տարբեր էջերու մէջ զետեղուած։ Վահան կամաց մը արձանագրեց ամէն նամակի վրայ անոր զետեղուած էջաթիւը, որպէսզի փորձէ հասկնալ պատճառը, որ նամակները զետեղողը ինչո՞ւ այդ էջերը զատած է։

Երեք օր անցած էր Վահանի հօր յուղարկաւորութենէն։ Վահան թէյ կը խմէր, երբ իր կինը՝ Մայտան, իրեն յիշեցուց, որ ան չկարդաց իր գտած, հօր կողմէ գրուած նամակները։ Փոքրիկ Անին հետերնին մտիկ կ’ընէր։

Երեքը նստան, Վահանը բացաւ առաջին նամակը, Մայտան անգլերէնի կը թարգմանէր Անիին՝ որ հայերէն չէր հասկնար։ 

Առաջին նամակը դրուած էր «Օշին Պայլ»ի էջ 410ին մէջ, եւ ընդգծուած էին հետեւեալ տողերը.

«Օշին… Մեր այս Կիլիկիայի թագաւորութիւնը մարդու մը կը նմանի, ապրող կենդանի էակի մը… եւ այդ ապրող ու աճող էակը հայն է, հայ տարրը, հայ հոգին»։

Արա Մելեան
Մուսալեռցիներու Փոր Սայիտի վրանաքաղաք
Փոր Սայիտ, Եգիպտոս
15 Ապրիլ 1916

Սիրելի Տիգօ,
Ինչպէս ես, յուսամ գոհ ես Փարիզ։
Ֆրանսական նաւով եկանք Մուսա լեռէն դէպի Փոր-Սայիտ եգիպտական նաւահանգիստը, ճամբորդութիւնը 4 օր տեւեց, ճամբան մեզի ֆրանսական գինի հրամցուցին, դժբախտաբար պապան եւ մաման մեռան հասնելնէս շաբաթ մը ետք, ու թաղեցի վրանաքաղաքի գերեզմանը։ 
Ֆրանսական նաւով գալէս ի վեր, Փոր-Սայիտի վրանաքաղաքի Վաքըֆ գիւղ թաղամասը կ’ապրիմ եւ շատ գոհ եմ։
Սկիզբը, մեծ վախ կար մէջս, որ Եգիպտոս պիտի ապրինք։ Ինծի համար մեր Կիլիկեան թագաւորութիւնը կործանողները եղած են Եգիպտոսի Մեմլուքները, հազարաւոր գերիներ քշուած են հոն՝ մեր կաթողիկոսն ու Լուսաւորչի Աջն ալ հետերնին տարած։ Ինչպէ՞ս մենք հոն կրնանք ապաստանիլ թուրքէն հեռու, այս մտածումը զիս կը տառապեցնէր։ Բայց շուտով ամէն ինչ փոխուեցաւ եւ սիրեցի վրանաքաղաքը, կարծես աշխարհէ պահուած դրախտ մը ըլլար։
Վրանաքաղաքին մէջ մեզի մօտիկ Պիթիաս գիւղի թաղամասէն Անիին հետ ամուսնացայ, Անին ինծի պէս որբ է, հայրը մեծ ագարակ մը ունէր Պիթիաս գիւղը, դժբախտաբար մօր հետ մեռաւ թուրք զինուորներու ձեռքով։
Վրանաքաղաք հասնելէն ամիս մը ետք, մօտ երկու ամիս եգիպտահայ մեծահարուստի մը տունը սպասաւոր աշխատեցաւ, բայց հանգիստ չէր այդտեղ եւ գործը շատ ծանր էր, ու գործատէրը՝ շատ խիստ, ուստի փախուստ տուաւ ու վրանաքաղաք վերադարձաւ։
Իրարու հանդիպեցանք ու սիրահարեցանք, եւ հակառակ որ ինք մեզմէ շատ աւելի հարուստ ընտանիքէ էր, սակայն շուտով ամուսնացանք։
Ամուսնութենէն ետք, օր մը բախտով Վահանիկին հանդիպեցանք եկեղեցին, արագ մը իրարու կապուեցանք եւ շուտով, 10 տարեկան անուշիկ Վահանիկը որդեգրեցինք, որ Քեպուսիէ գիւղի թաղամասի որբերէն էր։
Հարսնիքէն անմիջապէս ետք, վրանաքաղաքի անգլիացի հրամանատարը մեզի աւելի մեծ վրան մը տրամադրեց։
Ես վրանաքաղաքի սանտրերու գործարանը կ’աշխատիմ, Անին հագուստներու գործարանը կարուհի կ’աշխատի, իսկ Վահանիկը Սիսուան դպրոցը կը յաճախէ։
Կիրակի օրերը ամէնքս վրանաքաղաքի եկեղեցին կ’երթանք, յետոյ Սուէզի ջրանցքի եզերքի պարտէզը կը նստինք, անցնող նաւերը դիտելու եւ իրարու հետ գեղեցիկ ժամանակ անցընելու։
Մենք շատ գոհ ենք վրանաքաղաքի կեանքէն, որ ամէն մեր նիւթական, ուսումնական ու առողջական պէտքերը կը հոգայ, մեր օրուայ երեք ճաշերը մեր թաղամասի ճաշարանը կ’ուտենք, եւ մեր ամսականներէն սկսանք մաս մը խնայել, որպէսզի Վահանիկին նոր հագուստ եւ խաղալիք գնենք գալ Կաղանդին։
Հոս մենք ունինք, մեծ հիւանդանոց մը, երեք եկեղեցի, դպրոց, մեծ գրադարան մը, գերեզմանատուն, հինգ գործարան, մարզասրահ, մշակութային ակումբ մը, ուր թատերգութիւններ կը ներկայացուին, ինչպէս նաեւ քաղաքին երգչախումբի ելոյթները հոն տեղի կ’ունենան, երկու թերթ, մեծ ճաշարան մը, դեղարան, կան նաեւ կուսակցական երեք գրասենեակներ, հինգ սափրիչի խանութ, վեց դերձակ, չորս կարուհի, հինգ կօշկակարի խանութ, եւ մէկ ոսկերիչ, կը յիշես, Տիգօ, մեր գիւղի ծերունի Բարսեղ մուրացկանը, հոս է, մեր վրանին մօտ կը նստի առտուները եւ կ’երգէ։ Միայն գինետուն չունինք հոս, որովհետեւ արգիլուած է։ 
Վրանաքաղաքը վեց թաղերու բաժնուած է, Քեպուսիէ, Վայոց, Խտըրպէկ, Եողունօլուք, Հաճի Հապիպլի եւ Պիթիաս։ Քաղաքին ընդհանուր հրամանատարը անգլիացի բարձրաստիճան սպայ մըն է։
Մենք ունինք երեք դրացի ընտանիքներ, որոնց բարեկամացանք, Մելքոնեան, Պզտիկեան եւ Ուլումեան, միշտ իրարու կ’այցելենք ու կը պատմենք մեր hայրենիքի յիշատակները ու ապագայի մեր երազները։
Հոս նախաճաշը միշտ եգիպտացորենէ եւ ֆալաֆէլ կոչուած համով ուտելիքէն կը բաղկանայ։
Անցեալ շաբաթ, Տիգօ, լսեցի որ չորս երիտասարդներ փախան մեր վրանաքաղաքէն դէպի Գահիրէ։
Կը զարմանամ, թէ ինչո՛ւ որեւէ մէկը այսպիսի ապահով եւ հանգիստ կեանք մը կը ձգէ ու կը փնտռէ անորոշ ու դժուար կեանք մը ուրիշ օտար քաղաքի մը մէջ։
Զիս առ իբրեւ օրինակ․ եթէ հայրենիք մնայի, անկարելի էր որ ամուսնանայի այսքան երիտասարդ տարիքիս, այսքան գեղեցիկ եւ ուսեալ աղջկայ մը հետ չէի կրնար ամուսնանալ։
Ասոր վրայ աւելցուր զաւակս Վահանիկը, որ Աստուած մեզ նուիրեց եւ մեր կեանքը պայծառացուց։ 
Ամէն ինչ հոս ձրի է՝ ուսում, առողջապահութիւն, ուտելիք, հագուստեղէն, պտոյտ եւ այլն։
Մենք հոս շատ բարեկամներ ունինք, եւ բոլորս զիրար կը սիրենք, չկայ նախանձ կամ ատելութիւն, աղքատ կամ հարուստ, շահամոլութիւն, անձնասիրութիւն, ազատութիւն կամ նիւթապաշտութիւն, բոլորս միայն հայ ենք, բոլորս մէկ ձեռք ենք։
Տեղացի եգիպտացիներուն հետ որեւէ կապ չունինք, արաբերէն ալ չենք հասկնար, հակառակ որ քիչ մը տաճկերէնին հետ նմանութիւն ունի, բայց ես երբեք արաբներու հետ չեմ ապրած եւ փորձառութիւն չունիմ այդ կողմէն, Պզտիկեանները մեզի ըսին, որ եգիպտացիներուն հետ գործ ըրած են, եւ շատ բարի մարդիկ գտած են զանոնք։  
Շատ կարօտցայ քեզ, Տիգօ, մեր Կիլիկիոյ լեռները ու անտառները, Այասի ծովեզերքի ժայռերը, մեր երկար պտոյտները, Կորիկոսի հին բերդին մեր պահուըտուքի խաղերը ու մեր անվերջ խօսակցութիւնները։ Ինչպէս է կեանքդ Փարիզ, առողջութիւնդ, ուրա՞խ ես, ի՞նչ կ’աշխատիս, ամուսնացա՞ր, հայ բարեկամներ ունի՞ս, մեր գիւղէն մէկուն հանդիպեցա՞ր, գրէ ու պատմէ։
Ծրարը հետս է։
Սիրով՝
Արա

Մայտա – Ո՞վ է Տիգօն, Վահօ։

Վահան – Չեմ գիտեր, հոգիս, կարելի է որ մեծ հօրս բարեկամն էր երբ Մուսա Լեռ էին։

Օրեր անցան, չմօտեցան այդ գիրքին։ Օր մը, Վահանը հեռատեսիլէն անգլերէն շարժանկար մը դիտած ատեն, ըսաւ․ «Ի՞նչ կ’ըսէք, եկէք շարունակենք կարդալ մեծ հօրս նամակները»։

Երեքն ալ նստան վառարանին դիմաց, Վահանը սկսաւ բանալ երկրորդ նամակը։  

Երկրորդ նամակը դրուած էր «Օշին Պայլ»ի էջ 432ին մէջ եւ ընդգծուած էին հետեւեալ տողերը.

«Օշին – Իմա՞ստ. այս պալատը հայ շունչով պիտի թաթխուի, մեր պատանի թագաւորը այդ շունչի տակ պէտք է, որ մեծնայ։ …… դուն ժողվեր ես այդ շունչը հայ բերդերէն, հայ լեռներէն, հայ գիւղերէն, հայ երգերէն դուն կմնաս հո՛ս»։

Արա Մելեան
Մուսալեռցիներու Փոր Սայիտի վրանաքաղաք
Փոր Սայիտ, Եգիպտոս
18 Նոյեմբեր 1917

Սիրելի Տիգօ,
Ինչպէ՞ս ես, Տիգօ, շատ կարօտցայ քեզ, վերջին նամակիդ մէջ շատ բան չըսիր, աւելի գրէ եւ քու լուրերդ ղրկէ։
Մեր կեանքը հոս լաւ կ’ընթանայ, գործերը լաւ են, Վահանիկը կը մեծնայ։ 
Վերջերս կարգ մը երեւոյթներ սկսան ծագիլ, որ զիս կը նեղեն։ Երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները գիշեր-ցերեկ կը քարոզեն ու միաւորուած մարդիկը կը բաժնեն։ Նոյն բանը երեք եկեղեցիները կ’ընեն, դարձեալ բաժնելով ժողովուրդը։ Ասոնց վրայ աւելցան ֆրանսական ու անգլիական բանակի ներկայացուցիչները, որոնք կը փորձեն կամաւորներ հաւաքել իրենց զօրքերուն համար Թուրքիոյ դէմ կռուելու, կարծես մենք ծախու դարձանք, Տիգօ։ 
Մեր սկիզբի խաղաղ, համերաշհ ու միասնական կեանքը անդադար կռիւներով ու թշնամութեամբ լեցուն է։ Անոնք նոյնիսկ Վահանիկին դպրոցը կ’երթան, մեզի ալ, տուն կու գան, ակումբները, եկեղեցին, ամէն տեղ են, շատ նեղացուցիչ դարձուցին մեր կեանքը։
Երէկ, իմ աշխատած սանտրի գործարանը գործադուլ ըրինք, ամսականները աւելցնել ուզեցինք։ Բայց եգիպտահայ գործատէրը, որ Սահակեան Պէյ կը կոչուի, մերժեց եւ գործադուլի կազմակերպիչներուն անունները անգլիացի հրամանատարին հաղորդեց։ Մենք բողոքի ցոյց ըրինք հրամանատարին տան դիմաց եւ, փառք Տիրոջ, ան ազատ արձակեց մեր ընկերները։
Շատ ունեւոր եգիպտահայեր կու գան երեխաներ առնելու, որոնք իրենց տուները կ’ապրին եւ կը ծառայեն, գոնէ հայ կը մնան․ այդպէս չե՞ս կարծեր, Տիգօ։ Բայց երբ կը յիշեմ Անին, եւ ինչպէս զինք չարչարեցին, դարձեալ կը վրդովիմ։ Մեր բարեկամներէն Պզտիկեանները՝ վերջերս բախտով կրցան Ֆրանսա ճամբորդել, քու հասցէդ տուի իրենց եւ հետերնին քիչ մը տան ապուխտ եւ Անիին շինած անուշեղէնը ղրկեցինք, մեր եւ Վահանիկին պարախումբին պատկերներուն հետ։
Մենք, հիմակուհիմա, գոհ ենք հոս եւ չենք մտածեր գաղթել, միայն յուսանք որ վրանաքաղաքը գոյատեւէ եւ մեր խաղաղ ու հանգիստ կեանքը շարունակուի։
Գիտես, Տիգօ, հոս որեւէ գողութիւն կամ ոճրագործութիւն երբեք չունինք։ Մոռցայ քեզի ըսելու, որ մեր գիւղի մուրացկան Բարսեխը մեռաւ, շատ նեղուեցայ, իր անուշ ձայնը ինծի միշտ մեր գիւղը կը յիշեցնէր ու կը հրճուէի։   
Անհամբեր կը սպասեմ նամակիդ։
Ծրարը հետս է։
Սիրով՝
Արա

Անին քնացաւ իր մօր գիրկը, Վահանը զայն ննջասենեակ տարաւ։

Մայտա – Վահօ, մի՛ մոռնար, որ վաղը պէտք է ինքնաշարժը ընկերութեան տանիս քննութեան համար, մեր պտոյտէն առաջ դէպի ձիւնախաղերու լեռնային դղեակը գալ շաբաթ։

Վահան – Շատ լաւ, հոգիս։

Լեռնային դղեակի պտոյտը շատ աղուոր անցաւ, իրենց գանատացի բարեկամներուն հետ գացած էին։

Արդէն գարուն էր, եւ կանաչութիւնը ամէն տեղ լեցուցած էր։ Անին քնանալէն առաջ մօրմէն խնդրեց մեծ հօր պատմութեան շարունակութիւնը մտիկ ընել։

Մայտան գիրքը բացաւ ու սկսաւ բանալ երրորդ նամակը։ Վահան շուտով իրենց միացաւ։

Երրորդ նամակը դրուած էր «Օշին Պայլ»ի էջ 456ին մէջ, եւ ընդգծուած էին հետեւեալ խօսքերը.

«Օշին – Կռուի դաշտին վրայ հարիւրներու մահ տուողը, այո, կրնայ իր հոգիին խորը բարի մէկը ըլլալ։ Բայց իր բերդին մէջը դժբախտ ու թշուառ կին մը սպանել տուողը, ոչ, բարի չի կրնար ըլլալ»։

Արա Մելեան
Մուսալեռցիներու Փոր Սայիտի վրանաքաղաք
Փոր Սայիտ, Եգիպտոս
20 Հոկտեմբեր 1919

Սիրելի Տիգօ,
Յուսամ ամէն ինչ լաւ է քովդ։
Շատ գէշ լուր մը ունիմ, Տիգօ, վրանաքաղաքը պիտի փակուի մէկ ամիսէն, միայն գերեզմանը պիտի մնայ, իսկ ամբողջ վրանաքաղաքը պիտի քանդուի։
Մենք որոշեցինք Գահիրէ գաղթել։
Սիրտս շատ տխուր է, վրանաքաղաքը ինձ համար դրախտէն կտոր մըն էր, դարձեալ կը գրեմ մեր նոր բնակավայրը հաստատուելնէս ետք։
Աղօթէ մեզի համար, Տիգօ։
Ծրարը հետս է։
Սիրով՝
Արա

Անի – Մայրիկ, ինչո՞ւ մենք ալ վրանի մէջ չենք ապրիր տատիկներուս պէս, շատ հետաքրքրական փորձառութիւն մըն է ասիկա, Մամի։ Մենք դպրոցի անտառի պտոյտին ընթացքին վրանի մէջ պառկեցանք։

Մայտա – Քնացի՛ր հիմա, հոգիս։

Ամառնային արեւոտ, գեղեցիկ օր մըն էր, երբ Վահանին փոքր ընտանիքը տան պարտէզը նստած նախաճաշ կ’ընէր։

Վահանը մեծ հօր գիրքը բացաւ, չորրորդ նամակը դրուած էր «Օշին Պայլ»ի էջ 474ին մէջ, եւ ընդգծուած էին հետեւեալ խօսքերը.

«Օշին – Մենք շատ կը յարգենք Հռոմի սրբազան Պապը,….. եւ ձեր արեւմտեան կենցաղն ու ապրուստը….

Այս բոլորի փոխարէն մենք ալ կը սպասենք ձեզմէ, որ դուք ալ յարգէք մեր հայութիւնը, մեր պետութիւնը, մեր եկեղեցին, մեր կեանքն ու բարքը»։

Արա Մելեան
Մուսալեռցիներու Փոր Սայիտի վրանաքաղաք
Փոր Սայիտ, Եգիպտոս
1 Նոյեմբեր 1920

Ինչպէ՞ս ես, Տիգօ, յուսամ ամէն ինչ լաւ է, քեզի նոր հասցէս կը ղրկեմ՝ Գահիրէ։
Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս սկսիմ, շատ դժուար օրեր անցուցինք ես, Անին ու Վահանը։
Մեր խնայած դրամը մէկ ամիսէն հատնեցաւ արդէն, ու տան վարձքի դրամ չունէինք, բարեբախտաբար Պէյն էլ Սուրէնի քահանայ Տէր Պօղոսին միջոցաւ Պաղտիկ պէյի գործարանը արհեստաւոր աշխատեցայ։ Մէկ անգամ հանդիպեցայ մեր հայ գործատիրոջ, որ ֆրանսերէն կը խօսէր, բացի մէկ հայերէն բառէ մը՝ «բարեւ», կ’ըսեն, որ շատ հարուստ է։
Գործէն ստացած մէկուկէս ոսկի ամսականս հազիւ կը բաւէ մեզի, Վահանին կէսoրուայ ճաշը դպրոցը կը հոգայ, ան Գալուստեան Վարժարան կը յաճախէ, որուն սակը տանելի է։
Անին յղի է, միշտ տունն է, իր արաբերէնը չի յառաջանար, եւ շատ կը յոգնի։
Մենք հիմա ոեւէ բարեկամ չունինք եւ շատ քիչ դուրս կ’ելլենք, բացի Կիրակի օրէն, երբ եկեղեցի կ’երթանք։ Շատ կարօտցայ մեր Վրանաքաղաքի կեանքը, բարեկամները, ակումբը, պտոյտները, միասնական ճաշարանը, հանդէսներն ու գրադարանը։
Գրէ՛ քու լուրերդ, շատ կարօտցայ քեզ։
Ծրարը հետս է։
Սիրով՝
Արա

Անի – (Անգլերէնով) Տետի, ո՞ւր են Հայաստանը եւ Կիլիկիան։ Ի՞նչ ըսել է վրանաքաղաք։

Վահան – Շատ հեռու են այստեղէն, օր մը կ’երթանք ու կ’այցելենք այս տեղերը։

Անի – Կրնա՞մ մեծ հօրս պատմութիւնը պատմել դպրոցի ընկերներուն եւ ուսուցչուհիիս։

Վահան – Հարկաւ կրնաս, բայց կը կարծե՞ս որ պիտի հաւնին։

Անի – Վստահ պիտի սիրեն, շատ հետաքրքրական է, տետի։

Ամիսէ մը աւելի անցաւ, Անիին դպրոցի մէկ հանդէսէն կը վերադառնային։

Անի – Հաւնեցա՞ք ճինկըլ պելզ երգս։

Մայտա – Շատ աղուոր էր, հոգիս, հետդ երգող Ճուտին ալ շատ լաւ երգեց։

Վահան – Ես ձեզ ճաշարան պիտի հրաւիրեմ, որ Անիին այս հրապուրիչ յաջողութիւնը տօնենք։

Անի – Յետոյ, երբ տուն վերադառնանք, նամակները շարունակենք կարդալ։

Արդէն մութ էր, երբ վերադարձան տուն, երեքը նստան, այս անգամ Անին իր ճերմակ շնիկը քովը պառկեցուցած էր։

Վահան բացաւ հինգերորդ նամակը։

Հինգերորդ նամակը դրուած էր «Օշին Պայլ»ի էջ 483ին մէջ, եւ ընդգծուած էին հետեւեալ տողերը.

«Օշին – Ատիկա նոր չէ, որ կը գիտակցիմ, բաւական ժամանակ է որ կը զգամ թէ սկսաւ ինծի համար կռուի նոր շրջան մը, … կռիւը քու սեփական կողմնակիցներուդ հետ, քու բարեկամներուդ հետ, քու ընկերներուդ»։

Արա Մելեան 
17, Ահմէտ փողոց, Շուպրա
Գահիրէ, Եգիպտոս
1 Մայիս 1927

Երկար ժամանակ անցաւ վերջին նամակէս ի վեր, դուն ինչպէ՞ս ես, առողջութիւնդ եւ գործդ ինչպէ՞ս են, կինդ ու զաւակդ լա՞ւ են, գրէ՛ ու պատմէ՛։
Մեր Խոսրովիկը հիմա եօթ տարեկան է արդէն, ու Թաշճեան մասնաւոր հայ դպրոցը կը յաճախէ։
Վահանը դպրոցը աւարտեց եւ մերժեց աշխատիլ կամ Եգիպտոս մնալ։ Ան մտադրած էր Հայաստան գաղթել։ Շատ փորձեցինք ես եւ մայրը զինք համոզել որ մեզի հետ մնայ, բայց մեզ մերժեց ու ճամբորդեց։ Երթալէն ի վեր միայն երկու նամակ ստացանք, կ’ըսէր որ աղէկ է, բայց կեանքը դժուար է։ Անին միշտ կու լայ, մանաւանդ երբ կը լսենք, թէ որքան դժուար է համայնավարութիւնը ու Սովետական Հայաստանի կեանքը։ 
Ես նոյն տեղը կ’աշխատիմ, այդ հայուն մօտ, ամսականս հիմա երկու ոսկի է, որ բաւական չէ, ուստի կէսօրէ ետք Յովսէփ անունով հայու մը խանութը կ’աշխատիմ, մէկ ոսկի ամսականով։ Հեծանիւ մը ունիմ, անով գործի կ’երթամ եւ Խոսրովիկը առտուները դպրոց կը տանիմ անով։
Շատ կը յոգնիմ, Տիգօ, բայց չեմ ուզեր, որ Անին զրկուի որեւէ բանէ․ ինչպէս գիտես, ինք հարուստ ընտանիքի զաւակ եղած էր մեր երկիրը։
Միայն մէկ հայ բարեկամ մը ունիմ, Յովսէփը, որուն խանութը կ’աշխատիմ իրիկունները։ Իր կինը Անիին հետ բարեկամացաւ եւ ատենը մէյ մը մեզի կ’այցելէ իր փոքր աղջկան, Սոնիկին հետ, իր մեծ տղան՝ Վաղինակը, Խոսրովիկին դասարանն է։
Եգիպտացի բարեկամներ ալ ունիմ գործէս՝ Շուքրի, Սայիտ եւ Մայքըլ, բայց դուրսը չենք հանդիպիր։
Ատեններ, եկեղեցիէն ետք, մօտիկ Նիրիստ հայ ակումբը կ’երթանք։ Անգամ մը տիկիններու յանձնախումբ մը կար հոն, ու մեր անունները արձանագրեցին, ատկէ ետք սկսանք ամսական կէս ոսկի օգնութիւն գանձել Խոսրովիկին համար, որ մեզի շատ օգնեց իրեն հագուստ եւ դպրոցական պիտոյք գնելու համար։
Երկու ամիս առաջ, իմ գործատէր Պաղտիկ պէյը իր թոռնիկին տարեդարձը տօնեց, Շուպրայի Կարապետեան մարզական ակումբը եւ բոլոր հայ պաշտօնեաները հրաւիրեց։ Շատ գեղեցիկ ակումբ մըն է, ահագին հայեր կային, մեծամասնութիւնը՝ հարուստ դասակարգէն, հագուած-շքուած, ոսկեղէններով ու հրապուրիչ ինքնաշարժներով։ Մենք քիչ մը հեռու, մէկ կողմ նստանք, քանի մէկը չէինք ճանչնար ներկաներէն։ Յիշեցի վրանաքաղաքի մեր խմբային ճաշկերոյթները եւ տխրեցայ, Անիին աչքերուն մէջ արցունք ալ նշմարեցի, զսպուած արցունք։
Կը սպասեմ լուրերուդ անհամբեր։
Ծրարը հետս է։
Սիրով՝
Արա

Անի – Տետի, ինչո՞ւ մեծ հայրիկս այսքան տխուր է միշտ, իրենք զուարճանալու պարտէզներ կամ շարժասրահներ չունէի՞ն այն ատեն մեզի պէս։   

Վահան – Ոչ, հոգիս, չունէին։

Ձմեռը վերադարձաւ, Մելեանները Կաղանդի նոր հագուստները գնելու իջան, հսկայ առեւտուրի կեդրոնները։ 

Մայտա – Շատ անուշիկ են մեր բերած հագուստները։

Անի – (Շնիկը գիրկը դրած) Հայտէ, մա՛, եկո՛ւր որ տետին շարունակէ մեծ հօր պատմութիւնը կարդալ։

Երեքը նստան վառարանին դիմաց, ու Վահանը բացաւ վեցերորդ նամակը։

Վեցերորդ նամակը դրուած էր «Օշին Պայլ»ի էջ 493ին մէջ, եւ ընդգծուած էր հետեւեալ խօսքը.

«Օշին – Բարեկամ ըսուածը շատ յաճախ քու ամանէդ ուտող թշնամի մըն է»։ 

Արա Մելեան 
19, Կալի փողոց, Հելիոպոլիս
Գահիրէ, Եգիպտոս
1 Մարտ 1938

Քեզմէ նամակ չստացայ վերջին նամակէս ետք, ինչ որ զիս շատ կը մտահոգէ քու մասիդ, բայց որոշեցի գրել եւ որեւէ լաւ լուրի մը սպասել քեզմէ։
Համառօտեմ երկտողի մէջ վերջին նամակէս ի վեր մեր կեանքի նորութիւնները։
Ես գործս փոխեցի, հիմա Շաւարշ Ճումաքեանին գործարանը կ’աշխատիմ, քիչ մը աւելի բարձր ամսականով՝ ինը ոսկի։ Մեր բնակարանը տեղափոխեցինք աւելի արդի եւ բարեկեցիկ Հելիոպոլիս թաղը։
Խոսրովը Հապիշեանի տպարանը սկսաւ աշխատիլ ու օրէ օր տպագրութեան արհեստին կը տիրապետէ ու կը սիրէ զայն։
Անին քանի մը հայ եւ օտար ընկերուհիներ ունի, շաբաթը մէյ մը հայ ակումբ կը հաւաքուին, բայց ինծի միշտ կ’ըսէ, որ հոս տակաւին օտար կը զգայ, մեր վրանաքաղաքի այդ միասնական ոգին ու անվերապահ սէրը երբեք չգտաւ այլեւս։
Կրնամ ըսել, որ մեր կեանքը սկսաւ բարելաւուիլ։ Բայց գիտես, Տիգօ, միշտ տխուր թախիծ մը, մէջս զիս կ’ընկճէ, երբ կը յիշեմ պապան, մաման, մեր Վահանիկը, երկրի բարեկամներս ու քեզ։ Մինակ կը զգամ ու աշխարհէն զատուած, կարծես ուրիշ աշխարհ մը կ’ապրիմ անոնց հետ, հոն Այասի ծովեզերքը՝ Կորիկոսի բերդի մութ անցքերուն մէջ։
Կը սպասեմ որեւէ լուրի մը քեզմէ։
Ծրարը հետս է։
Սիրով՝
Արա

Անի – Տետի, ինչո՞ւ Վահանիկը Հայաստան գնաց մինակը։

Վահան – Չեմ գիտեր, հոգիս։

Մայտա – Մի՛ մոռնաք գուլպաներ կախելու, որ Կաղանդ Պապան նուէրները մէջը դնէ, եւ առտուն տեսնենք։  

Ամիս մը անցաւ, Վահանը տունը մինակն էր։ Յանկարծ մտածեց, որ վերջին նամակը առանձին կարդայ, որպէսզի մեծ հօր մահուան տխուր մասը չլսէ Անին։

Վերջին նամակը դրուած էր «Օշին Պայլ»ի էջ 533ին մէջ, եւ ընդգծուած էին հետեւեալ խօսքերը, որ կը նկարագրէին Ռիթային անձնասպանութիւնը։

«Ռիթա – Իսկ ես գինով էի, գինով էի քեզմով. քու սիրով, ….կը քաշուէին միշտ ետ, ու դէպի վերջը»։

Արա Մելեան 
19, Կալի փողոց, Հելիոպոլիս
Գահիրէ, Եգիպտոս
1 Յունուար 1948

Սիրելի Տիգօ,
Կարծեմ ասիկա վերջին նամակս է քեզի, հիւանդ կը զգամ եւ տկար, Անին արդէն ինձմէ առաջ երկինք փախաւ։
Խոսրովը ամուսնացուցինք հայուհիի մը հետ եւ Գանատա ճամբեցինք, աղջիկ մը ունեցան, Անի դրին անունը եւ շատ երջանիկ են։
Կեանքիս երազն էր՝ այցելել Նաթրունի մեր հայ անապատականներու վանքը, ուր թաղուած են մեր հարիւրաւոր սուրբերը Ստեփանոս Հռոմկլացի Կաթողիկոսին հետ միասին։ 
Անցեալ շաբաթ երազս իրականացաւ ու բարեկամի մը հետ միասին գացինք։
Շատ յուզիչ վայր մըն է, Տիգօ, շատ պիտի սիրէիր եթէ հոս ըլլայիր։
Եթէ նորէն չգրեմ, գիտցիր որ երկինք փախայ։
Ծրարը հետս է։
Ցտեսութիւն՝
Արա

Պզտիկեաններէն նամակ մը ստացայ, լաւ են, բայց քեզ երբեք չգտան, ըսին։

Վահան գիրքը գոցեց ու սեւ տուփին մէջ զետեղեց, արցունք մը իջեցուց աչքէն։

Յանկարծ Մայտան ու Անին մտան։

Վահան ձեռքը ուրիշ նամակ մը բռնած էր, որ գտաւ տուփին յատակը։ 

Նամակը Տիգոյէն էր, 1915ին գրուած, ուր կ’ըսէր, որ ինք շատ հիւանդ էր։ Նամակին քով ուրիշ երեք փոքր ծրարներ կային, մէկուն վրան գրուած էր Կորիկոս, իսկ միւսին վրայ՝ Նաթրունի հայոց վանք։ Վահան բացաւ երկու ծրարները, մէջը միայն բուռ մը հող կար, երրորդ ծրարին վրայ բան մը չէր գրուած ու պարապ էր։ Վահան բան մը արձանագրեց երրորդ ծրարին վրայ ու երեք ծրարները վերստին տուփին մէջ դրաւ։

Անի – Հայրիկ, ինչո՞ւ կու լաս։

Վահան – Ոչինչ, հոգիս, ձեզի կը սպասէի։

Անի – Հայրիկ, հայերէն կ’ուզեմ սորվիլ։

Երեքը իրարու կը փաթթուին ու կը հրճուին։

Կորիկոսի բերդէն ձայն մը տակաւին կը լսուէր, մեղմ ու անոյշ ձայն մը։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԾՓԱՑՈՂ ՅՈՒՇԵՐ

«Յուշեր», Կարպիս Քէնտիրճեան

ՆԱԹԱԼԻ ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ

Գեղանկարչութիւնը արտայայտամիջոց մըն է, որ կը նպաստէ վերակենդանացնելու իրականութիւններ եւ կը ստեղծէ հոգեբանական կերպարներ, վերածելով կենդանի եւ անշունչ առարկաները շարժուն վիճակներու, ի յայտ բերելով երբեմն անտրամաբանական զուգորդումներ:

Յաճախ հոն կը տեսնենք ինքնութեան պրպտումներ, արմատներ, անմոռաց յիշատակներ որպէս բեկորներ, նշխարներ եւ մասունք:

Այս բոլորը կը տեսնենք երիտասարդ արուեստագէտ Կարպիս Քէնտիրճեանի գործերուն մէջ եւ յատկապէս՝ այս նկարին, որ կ’ամփոփէ իր մեծ հայրերէն ժառանգած աւանդութիւններ, որոնք այնքան խոր կը թափանցեն եւ կը պարուրեն իր ներաշխարհը ի յայտ բերելով հայկական ինքնութիւնը եւ այսօրուայ հրամայականը՝ քաջ պահապան հանդիսանալ հայ ազգի վերակենդանացման:

Հոն են հին զէնք մը, ջուրի հին կուժ մը, հին գիրքեր, ձուկ եւ կակի (persimmon):

Զէնքը. մեր պատմութեան 2000 տարիները մեզի սորվեցուցած են, որ ինքնապաշտպանութիւնը կարեւոր է, եւ մենք շնորհիւ ատոր կրցած ենք պաշտպանել, բայց ի՞նչ պաշտպանած ենք: Պաշտպանած ենք մեր ցեղային աւանդութիւնները եւ ստեղծագործ միտքը, որովհետեւ առանց մշակոյթի ազգը գոյութիւն չունի, ազգը մշակոյթ է:

Ջուրը կենսական անհրաժեշտութիւնն է կեանքի գոյութեան: Յոյն փիլիսոփայ Արիստոտէլ դասաւորած է բնութեան չորս հիմնական տարրերը՝ կրակ, օդ, հող, ջուր, եւ պատահական չէ որ ջուրը դարձած է պաշտամունքի առարկայ, նաեւ՝ մաս կազմած կրօնական տարբեր արարողութիւններու, որոնք հասեր են մինչեւ մեր օրերը:

Ջուրի պաշտամունքը էական տեղ գրաւած է նաեւ հայերուս քով եւ կ’արտայայտուի առասպելներու, ծիսական արարողութիւններու եւ օրհներգներու մէջ: Հայ ժողովուրդը ջուրի մասին բազմաթիւ առածներ եւ ասացուածքներ ունի, որոնց մեծ մասը ունի այլաբանական իմաստ, եւ ջուրը այսօր ալ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ հայ ընտանեկան կենցաղային համակարգին մէջ:

Գիրքերը նաւեր են հոս, որոնք ժամանակի ալիքներով կը թափառին եւ իրենց թանկարժէք բեռը սերունդէ սերունդ զգուշօրէն կը տեղափոխեն: Անոնք աշխարհի արտացոլքն են, որ կը պարունակեն անսահման խորութիւնը բազմազանութեան, գիտութեան, երեւակայութեան, իրականութեան եւ սիրոյ:

Իսկ գետի ձուկը եւ կակին արուեստագէտին մանկութեան յուշերուն մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն խորհրդանշելով իր ծննդավայր Այնճարը՝ տաքուկ եւ հարազատ:

Ծփացող յուշեր, որոնք կը դառնան կեանքի արժէք եւ պատգամ իւրաքանչիւր հայու: Աւանդ, որուն կայծը կը խթանէ, որ հայը ապրի, գործէ եւ շարունակէ իր պահանջատիրական երթը:

 Հայուն շարունակուող կեանքը, հզօր եւ տոկուն:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՄԵՐ ՏՆՕՐԷՆԸ

ՍԵԴԱ ԹԵԼԵԱՆ

Տասը տարեկան էի. ամառուայ արձակուրդն էր, եւ օդափոխութեան համար ելած էինք Հասրուն, որ Լիբանանի գեղատեսիլ գիւղերէն մէկն է, ուր հօրեղբայրս ալ լուսանկարչատուն մը ունէր: Թրիփոլիէն շատ մը հայեր այդտեղ է որ կ’անցընէին իրենց դպրոցական եռամսեայ ազատ օրերը:

Գիւղին մէջ սկսաւ շշուկ մը տարածուիլ, թէ մեր Նուպարեանը նոր տնօրէն մը պիտի ունենար դպրոցական յաջորդ տարեշրջանին համար:

Անհամբեր կը սպասէի վերամուտին:

Հասաւ սպասուած օրը:

Ամէն առաւօտ կը շարուէինք բակը, դասարան առ դասարան եւ «Հայր Մեր»ը ըսելէ ետք կ’ուղղուէինք մեր դասարանները:

Այդ օր, աշակերտներէն քանի մը աստիճան վեր կանգնած էր մեր նոր տնօրէնը, պրն. Սարգիս Բախտիկեանը:

Միջահասակ, սեւաչեայ, լուրջ, խիստ եւ ակնածանք  պարտադրող հայեացքով անձ մը, որ իմ վրաս յարգալից եւ խոր տպաւորութիւն մը թողուց: Ինքզինք ներկայացուց. բարեգալուստի եւ յաջողութեան մաղթանքներէ ետք ամէն մէկ դասարան իր դաստիարակին առաջնորդութեամբ քալեց դէպի իր դասարանը:

Չորրորդ դասարան էի. դուռը բանալով ներս մտաւ մեր տնօրէնը. ինք էր որ հայերէն լեզու պիտի դասաւանդէր մեզի. մեր դասագրքին մէջ իրմէ յօդուած մըն ալ կար… ուրեմն գրող մը, բանաստեղծ մըն էր մեր հայերէնի ուսուցիչը եւ խնդաց, ուրախացաւ իմ հոգին:

Հակառակ իր խիստ ըլլալուն, թէեւ այսօր կր կարծեմ թէ արժանիք մըն է ան, չափազանց հետաքրքրական էին իր պահերը եւ հեզասահ. լեզուէ զատ, գրական գիտելիքներու առաջին քայլերը իրեն հետ է որ սկսանք առնել մենք: Դասարանին մէջ, շարադրութիւներու սրբագրութեան ընդմէջէն գրելու արուեստն էր որ կը սորվեցնէր մեզի:

Կէսօրին, մանկապարտէզի սրահներէն մէկը կ’օգտագործէինք որպէս ճաշասրահ, դպրոցը ճաշողներուն համար, որոնցմէ մէկն ալ ես էի եղբօրս եւ հօրեղբօրորդիներուս հետ:

Մեր տնօրէնը ամէն կէսօր ներկայ էր այդտեղ մեզի հետ որպէս հսկիչ տեսնելու համար, թէ ամէն աշակերտ պատառ մը ունէ՞ր ուտելու, եւ եթէ ոչ՝ ճաշ բերել կու տար անոր։ 1950ական թուականներուն էր, եւ կարգ մը ընտանիքներ ցեղասպանութենէն ետք տակաւին չէին վերագտած իրենք զիրենք:

Օրդ. Մարիցային, – ամուրի ուսուցչուհի մը, որ բոլորովին միայնակ ըլլալուն կը բնակէր դպրոցի սենեակներէն մէկուն մէջ, – օճախն էր, որ կը գործածէինք տաքցնելու համար մեր ճաշերը. ես եւ Նայիրի Համբարեանը, դասընկերուհիներէս մէկը, ստանձնած էինք պատասխանատուութիւնը․ դպրոցը ճաշող բոլոր աշակերտներուն կերակուրները կը տաքցնէինք մեր ճաշելէն առաջ, այդպէս դասաւորած էր մեր անզուգական տնօրէնը, անշուշտ օրդ. Մարիցայի արտօնութեամբ անվճար գործածելով օճախի կազը։

Տարբեր էին այդ օրերը, տարբեր էր այդ սերունդը, անսակարկ էին ծառայասիրութիւններն ու զոհաբերութիւնները:

Երկու տարի վայելեցինք պրն. Բախտիկեանը որպէս տնօրէն. ամուրի եւ միայնակ ըլլալուն, մենք՝ չարաճճի աղջիկներս իրեն յարմար թեկնածուներ կը փորձէինք գտնել որպէսզի ամուսնանայ մինչեւ որ օր մը իմացանք, թէ հոգևորական ըլլալու կը պատրաստուէր:

Ներկայ գտնուեցայ իր աբեղայական ձեռնադրութեանը: Դարձաւ Ներսէս աբեղայ։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԿՈՅՐԸ

ԱՆՈՅՇ ՔԷՕՐՕՂԼԵԱՆ ՄԱՐԱՇԼԵԱՆ

Սուրիոյ պատերազմի օրերէն օր մըն էր։ Կէսօր էր, շուկայէ գնումի համար տունէն վար իջած էի։ Գարնան Ապրիլ ամիսն էր, արեւը կը շողշողար եւ իր ճառագայթներով ամբողջ քաղաքը կը տաքցնէր։ Մարդիկ սէր եւ սիրտ կը վազցնէին։

Դիմացի մայթէն, գաւազանը գետին զարնելով, երբեմն ալ աջ ու ձախ տարուբերելով, կ’անցնէր կոյր մարդ մը, որ ինքնավստահ կը շարունակէր քալել իր գոց սորված ճամբուն ուղղութեամբ։ Երբ դիմաց անցայ, յանկարծ կանգ առաւ։ Նկատեցի անոր դէմքին վրայ շփոթութիւն մը։ Շուրջիններուն օգնութեան պէս հարցում հարցուց, պատասխան չառաւ։ Քիչ մը ձայնը բարձրացուց, թէ ինք ո՞ւր հասած էր, իրեն ըսին, որ Սահէթ Սիուֆի հրապարակէն քիչ մը անդին էր։ Մաքուր հագուած, սեւ ակնոցը աչքին, գոց կանաչ վերարկուով, միջահասակ, վաթսունի մօտ մարդը ուշադրութեանս առարկան դարձաւ, այն համոզումով, որ կրնայի իրեն օգնութեան հասնիլ։

Ինչպէ՞ս պիտի օգնէի, երբ շուրջս կը գտնուէին մահմետական դրացիներ, ինչպէ՞ս պիտի ընդունէին դէպքը, ի՞նչ պիտի ըսէին․ անոնք՝ որոնք պատերազմի օրերուն մեր շուրջը թեփի պէս թափեցան, եկան, խանութներ վարձեցին, տուներ վարձեցին, աշխատանքի ձեռնարկեցին եւ մնացին։

Շունչ մը քաշեցի եւ հանդարտ քայլերով իրեն մօտեցայ, հարցուցի, թէ օգնութիւն կ’ուզէ՞ր։ Այո, նկատողութիւնս տեղին էր, ան մարդու մը պէտք ունէր, որպէսզի դիմացը՝ երկու մայր ճամբաները կտրէր։ Անցումի տեղ չկար, եւ մայր ճամբան պիտի կտրէր։ Աչքերուս լոյսին պէտք ունէր։ Ի՜նչ շնորհք եւ ի՜նչ պարգեւ ունէի տեսողութիւն ունենալուս համար, որ հիմա անոր արժէքը գիտցած էի։ Թեթեւ մը թեւը բռնեցի։ Շատ գոհունակ էր, երբ իգական ձայնս լսեց, եւ շատ խելացի երեւցաւ։ Մարդը իր ֆիզիքական աչքերը կորսնցուցած ըլլալով հանդերձ ուսեալ, զարգացած եւ իմաստուն հարցումներ տուաւ։

– Դուն քրիստոնեայ ըլլալու ես,- ըսաւ։

– Այո,- ըսի,- հայ քրիստոնեայ եմ։

– Հայերը ես շատ լաւ կը ճանչնամ, բարի, խելացի եւ աշխատասէր ժողովուրդ են։ Իրենց երկիրը Հայաստանն է, բայց շրջապատուած են թշնամի ազգերով։ Պէտք է զօրանան, որպէսզի գոյատեւեն,- ըսաւ։

Հաճելի մի քանի վայրկեան անցուցի այս կոյր, բայց զարգացած մարդուն հետ, մինչեւ որ միասին ճամբան կտրեցինք եւ զինք հասցուցի թաղին սկիզբը։

– Հոս նպարավաճառ կին մը կայ, քովը՝ հագուստ ծախողի խանութ մը։

– Այո, ձախին է։

– Ուրեմն, հիմա կրնամ ճամբաս շարունակել, միայն զիս մայթ հանէ։

Շնորհակալութիւն յայտնեց եւ անունս հարցուց, ապա իր ճամբան շարունակեց։

Հալէպ, ընտանիքիս տունը մայր ճամբուն վրայ կը գտնուի, Նոր Գիւղի հայահոծ շրջանը։ Թաղին մէջ կը գտնուէր Հայկական կուրանոցը, ուրկէ ամէն առտու կոյր հայրեր եւ քոյրեր, իրենց ընկերակցողներուն օգնութեամբ, գործարան կու գային խսիրէ աթոռներ եւ տան զարդեղէններ կը պատրաստէին, իրիկուան ալ իրենց տուները կը դառնային։ Ես մի քանի հոգի ճանչցած եմ, որոնք երբեք «կոյր»ի պիտակի տակ չէին դրուեր, ունէին իրենց յատուկ գիրքերը, ունէին նուագելու լաւ կարողութիւն, հաճելի խօսակիցներ էին, ունէին ապրելու եւ պայքարելու զօրաւոր կամք, ապագայի հանդէպ լաւատեսութիւն եւ յոյս իրենց զաւակներուն ապագային հանդէպ․ բաներ, որոնք նոյնիսկ ֆիզիքական աչքեր ունեցողներ չկրցան ունենալ։ Այս մարդիկը սիրով լեցուն իրենց ընտանեկան բոյնը պահեցին։ Իրենց համեստ աշխատանքով, հոգացին իրենց ընտանիքներուն պէտքերը, մինչեւ զանոնք հասցուցին կեանքի ապահով խարիսխ։

Լաւ է ըլլալ կոյր աչօք, քան՝ մտօք։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿՆԵՐ (ՃԿ․)

ԿԱՐՕ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

ՌՇՂԱ․
«Հայաստանն այս պահին համարվում է Կովկասի դարպաս»։
Կ’երեւի «դարպաս»ն ալ իբրեւ «սրբան»ի հոմանիշ գործածուիլ սկսեր է։ Ստուգեցէ՛ք Կիւլկիւլեանի գիտնականներէն։

ՌՇՂԲ․
Հայերէն ուղղագրութիւնը ճիշդ գործածել կը նշանակէ ծայրայեղական ըլլալ։ Չէի՞ք գիտեր։

ՌՇՂԳ․
Ի՞նչ ընենք, ի՞նչ ընենք, որ ռուսերուն աչքը, չըսելու համար ուրիշ բան, մտնենք։ Լաւ մտածենք։ Եթէ մեր երկրին մէջ ցարդ երկու ռուսական ռազմակայան կայ, կ’առաջարկենք, որ մէկ հատ ալ հարաւը՝ Սիւնիքի մէջ տեղադրեն․ լաւ գաղափար չէ՞։ Թէ՛ մուտք կը գործենք ռուսական աչքը, չըսելու համար ուրիշ բան, թէ մեր երկիրը կ’ամրացնենք, թէ՛ ալ իրենք մուտք գործած կ’ըլլան մեր (երկրին) հարաւային մասը։ Մէկ քարով երեք թռչուն։

ՌՇՂԴ․
Նոր Տարին հինցաւ. հին ցաւ։

ՌՇՂԴ․
Պարոնեա՜ն, Օտեա՜ն, Օշակա՜ն – հարկա՛ւ, անպայմա՛ն չենք կարդար։ Բայց անոնց անունով կ’երդնունք, եթէ պէտք ըլլայ։

ՌՇՂԵ․
Սփիւռքի խելացիներու համախմբում մը Նոր Տարուան բարեմաղթանքներ կը ներկայացնէ։ Այսինքն հայաստանցի լրագրող խելացիին մէկը բոլոր գաղութներէն ներկայացուցիչներ հաւաքած է, առցանց, եւ խօսիլ կու տայ։ Խօսողներուն մէկ մասը հռչակաւոր պոռնիկեր են՝ երգչուհի, լրագրողուհի եւ այլն։ Սուրբ Երկրէն ալ անհռչակ ճաղատ մը գտած են, որ ի միջի այլոց հետեւեալը կը մաղթէ․ «․․․Իրար սիրենք, իրար յարգենք եւ ըլլանք մէկ ձեռք»։ Մենք ուրախ էինք, որ գոնէ երկու ձեռք ունէինք, մարդը մեր երկու ձեռքէն մէկն ալ պիտի կտրէ։ Սիրելինե՛ր, եթէ դուք խելք ըսուածը չունիք, խօսիլ չէք գիտեր, ինչո՞ւ մէջտեղ կ’ելլէք եւ վրանիդ խնդալ կու տաք։ Քաշուեցէ՛ք ձեր տուները, ղրկեցէ՛ք ձեր դրամները ուր որ կ’ուզէք, որքան որ կ’ուզէք, փրկեցէ՛ք հայրենիքն ու մայրենիքը, որքան ու ինչպէս որ կ’ուզէք, սա քամերային առջեւ ելլելու ի՞նչ պէտք ունիք։

ՌՇՂԶ․
Ռուսը քեզի չ’արտօներ, որ թէ՛ արտաքնապէս լաւ վիճակի մէջ ըլլաս, թէ՝ ներքնապէս։ Կամ ներքինդ աղտոտ պիտի ըլլայ, կամ՝ արտաքինդ։ Որքան լաւ՝ եթէ երկուքն ալ աղտոտ ըլլան։

ՌՇՂԷ․
Եթէ լեզուիդ ուղղագրութիւնը շէնք-շնորհքով գործածես, ուրեմն դուն անբնական ես։ Ինչպէ՞ս կարելի է այդպիսի բան այս դարուն։ Պէտք է դարուն պատշաճիլ։

ՌՇՂԸ․
Մենք քորոնա-մորոնա չենք գիտեր։ Մարդուն հոգեհանգիստն է, ատքա՞ն ալ պիտի չկրնանք յարգել մարդը յետ մահու. պէտք է անպայման քիթ-քիթի, բերան-բերանի հաւաքուինք եկեղեցւոյ մէջ եւ հոգեհանգիստին ներկայ գտնուինք։

ՌՇՂԹ․
Մայր հայրենիք, մայր լեզու, մայր գաղութ, մայր աթոռ, մայր ջուր։ Սա մայրերը ինչո՞ւ հանգիստ չէք ձգեր։ 

ՌՈ․
Ասիկա մեռաւ, մահուան առթիւ՝ դրամահաւաք․ ատիկա ծնաւ, ծննդեան առթիւ՝ դրամահաւաք․ ասիկա ամուսնացաւ, միւսը նշանուեցաւ, ուրիշը սպանուեցաւ, միւսին յոբելեանն է, մէկ ուրիշին չեմ գիտեր ինչն է՝ դրամահաւաք։ Մեր ազգային գործունէութիւնը վերածուած է դրամ հաւաքելու արարողութեան։ Գոնէ այդ հաւաքուած դրամով բան մը կարենանք ընել։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏՐՈՍ ԹԷՄԻԶԵԱՆ (1944 – 1999)

Բժիշկ եւ Բանաստեղծ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏՐՈՍ ԹԷՄԻԶԵԱՆ
الطبيب الشاعر
كيفورك بيدروس تميزيان
1944 – 1999

Հալէպի Հայոց
Ազգային Գերեզմանատուն
Հալէպ – Սուրիա
6 Յունուար 2021
ՍՄՏԱ

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

«ՈՉ» ԸՍԵԼ

ՍԻՒԶԱՆ ԲՌՆԱԼԵԱՆ

Բան մը սորվելու առաջին քայլը հարցում հարցնելն է: Եթէ հարցում չենք հարցներ, պատասխան ալ չենք ստանար: Վերջին հարցումս սա էր.

– Ի՞նչ ըրիր վերջին հինգ տարուան մէջ: Ինչպէ՞ս փոխեցիր զիս: Անձս ինչպէ՞ս նորոգեցիր եւ հոգիս ինչպէ՞ս դարմանեցիր: Ես ո՞ւր էի եւ հիմա ո՞ւր եմ:

Այս հարցումներուն պատասխանը յաջորդ գիշեր ինծի հասաւ: Տէրը տարբեր միջոցներով մեզի կը պատասխանէ, եւ այդ միջոցները յաճախ ուրիշ մարդիկ կ’ըլլան: Ուրեմն այս անձը հին ընկերուհիս եղած էր, որուն հետ չորս տարիէ ի վեր յարաբերութիւն չէինք ունեցած: Նախապէս ան էր ամենամօտիկ ընկերուհիս եւ ամենէն լաւ պատասխանը իրմէ կրնար գալ: Ան գիտէր անցեալս, հին սովորութիւններս, վարմունքս եւ զգացումներս: Բայց ներկայիս մասին ոչ մէկ բան գիտէր: Իր մասին պատմելով, իմ մասիս հարցնելով չորս տարուան բացը գոցել կ’ուզէր եւ կ’ըսէր.

-Ես գիտեմ, դուն նոյնիսկ թշնամիիդ կ’ողորմիս: Փափկասիրտ ես եւ կը ներես ինծի:

– Չէ՛, ըսի, դուն ինծի գէշութիւն մը չըրիր, որ ներեմ: Քու ճամբադ որոշեցիր, այդ ճամբուն մէջ մոլորեցար եւ հիմա ազատեցար այն չարիքէն, որ դուն քեզի ըրած էիր: Այս պատահածները «Անառակ որդի»ի առակին մէջ պատահածերուն նման էին: Եւ ես ալ այն հայրիկն էի, որ ուրախացայ հին ընկերուհիիս փրկութեամբ: Ան կորսուած էր եւ գտնուեցաւ: Երկինքը ճաշկերոյթ կը սարքէր հիմա անոր համար: Եւ արդէն ընկերուհիս ալ նոյն զգագումով եկած էր: Տարեկից էինք, բայց իբրեւ մայր կը նկատէր զիս:

Առաջին հարցումներս չմոռցայ, եւ պատասխան պիտի գտնէի: Այս հրճուանքէն վերջ մէջս անհանգիստ գայլ մը նստաւ, որովհետեւ ընկերուհիս միշտ անցեալս կը յիշեցնէր, հին սովորութիւններուս եւ վարմունքիս մասին կը խօսէր եւ կարծես չէր կրնար հաւատալ փոփոխութեանս: Ի՜նչ կրնայի ըսել, այո՛, չարաճիճի աղջիկ մըն էի եւ հանդարտեցայ: Առաջ նեղուեցայ, որովհետեւ չէի հաշտուած անցեալիս հետ եւ վերջը իր ըսածները կատակի առնելով նեղութիւնը յաղթահարեցի: Մարդոց հանդէպ մտածելակերպս փոխուած էր: Ոչ մէկ ընկերութեան մէջ այսքան թափանցիկ ըլլալու պէտք կար: Մեր տկարութիւնները, մարդոց համար մեզ շահագործելու միջոցներ են, իսկ Տիրոջ համար՝ դարմանելու միջոցներ։   Մեծ փոփոխութիւն մը եւս եղած էր: Այլեւս չէի մտածեր, թէ ամէն ընկերութիւն յաւիտեան կը շարունակուի: Շատ քիչերուն ստացած դերը մինչեւ մահ կը շարունակուի, իսկ մնացածներունը մեր կեանքին մէջ մեզի բան մը սորվեցնելու համար շրջան մը մեզի համար են, որպէսզի մեր հոգին հասուննայ եւ հետզհետէ  թեւերը բանալով երկինք բարձրանայ: Ուրեմն կրնամ ըսել, թէ այս ընկերուհիիս դերն ալ շատոնց վերջացած էր: Իրեն շնորհիւ սիրոյ ծարաւս, ամենամօտիկ յարաբերութեան կարիքս Տիրոջ հետ յագեցնել սորված էի: Հիմա ալ պիտի սորվէի ճիշդ կերպով «ոչ» ըսել։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: 

ՓՈԹՈՐԿԱՅՈՅԶ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ

ՅԱՍՄԻԿ ՔԻՒՐՏԵԱՆ

Հակառակ ամպոտ օդին, լաւ տրամադրութեամբ արթնցած, օրուան ծրագիրս որոշ չափով դասաւորած, դիմատետրի էջերը «թղթատած», որոշեցի ընտանեկան գրադարանիս մէջէն մի քանի յիշատակներ թերթատել, բարեկամի մը հետ բաժնելու համար։ Մէկը անգլերէն պզտիկ դասագիրք մըն է, թէեւ շատերու համար կրնայ արժէք չունենալ, սակայն հօրս կը պատկանի, զոր գործածած է որբանոցի մէջ…։ Երկրորդը՝ «Գիրք Սաղմոսաց Դաւթի», տպուած 1869 թուականին, յիշատակ մը հօրս հօրեղբօր կնոջմէն, զոր դիպուածով գտած են Երուսաղէմ։ Իսկ երրորդը՝ 1905 թուականի «Արեւելեան Մամուլ»ի շարքը, որ մօրաքրոջս միջոցաւ Էրզրումէն «տեղահանուած» է եւ հասած մեզի։ Մի քանի յօդուած կարդացած եմ, այժմէական գտած, բայց օրերու խելայեղ վազքի պատճառով չեմ կրցած հետեւողականօրէն կարդալ։

Նշեմ նաեւ որ հատորէն որոշ թիւեր կը պակսէին, ուրեմն նախկին աշակերտներէս՝ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, սիրով յանձն առած էր պակասները գտնել Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի Մատենադարանէն ու ամբողջացնել, եւ որու համար միշտ երախտապարտ եմ իրեն։

Վերադառնալով այսօրուան… գրադարանի սենեակը անկիւն մը նստեցայ ու փորձեցի թղթատել էջերը։ Կարգ մը տեղեր թուղթի կտորներ դրած եմ, որպէսզի անպայման կարդամ… ու յանկարծ ձեռագործի բարակ թելի կտոր մը, տեղադրուած էջի մը մէջ… բանաստեղծութիւն մը, որ արագ կարդացի, ապա նորէն կարդացի բարձրաձայն, զանազան պատկերներ կեանք առին մտքիս մէջ… ու յանկարծ փղձկացի… ես որ ինքզինքս stoic կը կարծէի, ես որ փոքր տարիքէս մօրմէս սորված էի «կլլել» նոյնիսկ ամենադժուար պահերուն, բուռ մը զգացում դարձած էի ակամայ։ Կարծէք այդ կտորը գրուած էր նկարագրելու մօրաքրոջս վերջին օրերը…

Մօրաքոյրս, Արաքսին, տան անդրանիկ զաւակը, մեծ ազդեցութիւն ունեցած է մօրս վրայ, որ եղած է կրտսերը (միակ վերապրողները, մեծ մօրս հետ)։ Անոր անժամանակ մահը այնքան խոր ցնցած էր մօրս էութիւնը, որ վերջին տարիներուն կը խուսափէի Յունիս 1 ըսել, երբ կը հարցնէր՝ ի՞նչ է թուականը…։

Աչքիս առջեւ ու մտքիս մէջ կ’ուզէի պատկերացնել ու պատասխան գտնել… ո՞վ դրած էր այդ ձեռագործի բարակ թելը հոն. մօրաքո՞յրս, որ միայն առասպել մըն է մեզի համար, թէ՞ մայրս, որուն համար մեծ քոյրը օրինակելի չափանիշ մը եղած էր միշտ։ Ի՞նչ խորհրդաւոր ոյժ մը զիս մղած էր այդ գիրքը թղթատելու ու այդ էջը գտնելու. ինչո՞ւ նախորդ թղթատումներուս չէի հանդիպած այդ էջին…

Գիշեր է արդէն, բայց տակաւին չեմ հանդարտած…

ԵՐԱԶԱՆՔ

Վերջալոյսին, իրիկուան դէմ,
Պատուհանին առջեւ, մինա՜կ,
Ծաղիկներու փունջին մէջէն
Կը դիտէ նա, հէգ, որբունա՜կ։

Նա կը դիտէ հորիզոնին
Գիծը տարտամ ու խուսափուկ,
Ուր կը հալին, կը նըւաղին
Վերջին կայծեր, գիծեր տամուկ։

Հոն՝ զոյգ լոյսեր կը տժգունին
Մելամաղձոտ նայուածքին մէջ,
Ուր տրտմաբեկ իր լուռ հոգին
Կը վարանի երազատենչ։

Ու կը սառի անգթօրէն
Քաղցըր նայուածքն այդ աղջըկան,
Մինչ խօլ կայծեր դեռ կը պարեն
Ազատ լոյսին մէջ իրիկուան։

Կարի՜ տժգոյն է իր ճակատ,
Եւ շրթունքներն իր վշտագիծ
Կը դողդըղան հեւքով մ’ընդհատ
Շեշտելով մի խորին կսկիծ։

Նիհարութիւն մ’աննիւթական
Մաքրեր է զինքն, – հուրի չըքնաղ,
Ա՜լ աշխարհիկ հոգեր չըկա՞ն
Այդ կուրծքին տակ՝ լըռին դագաղ։

Ու կը գամուի պարապին մէջ
Տրտում նայուածքն իր մըշուշոտ,
Գուցէ տեսիլք մ’հոն ելեւէջ
Կ’առնէ տարտամ ու անծանօթ։

ԿԱՐՕ
(«Արեւելեան Մամուլ», թիւ 37, 7 Սեպտեմբեր 1905, էջ 931)

13 Սեպտեմբեր 2019

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: 

ՄԵԾ ՀԱՅՐԻԿԻՆ ՃԱՄՊՐՈՒԿԸ (Է․)

ՄԵԼԻՍԱ ՖԷՐԱՀԵԱՆ

Ամառուան արձակուրդը վերջանալուն մօտ, Անիին սիրտը բաւական նեղուած էր։ Շաբաթ մը վերջ դպրոցները պիտի բացուէին եւ ան նորէն առանձին պիտի մնար…։

Ամառը ինչո՞ւ այսքան կարճ կը տեւէր, իսկ դպրոցական շրջանը՝ երկա՛ր…։

Իրականութեան մէջ Անին ալ կ’ուզէր ժամ առաջ դպրոց սկսիլ, բայց թերեւս դպրոցը իր երազածին պէս հաճելի տեղ մը կրնար չըլլալ.

– Ո՞վ գիտէ,- այս մէկը պէտք է որ խորհիմ,- ըսաւ քիթին տակէն։

Երբ դպրոցը սկսէր, զարմիկներէն պիտի բաժնուէր։ Եւ հաւանաբար, զիրար շաբաթը անգամ մը հազիւ տեսնէին։

Անին տան մէջ սկսաւ մէկ աջ, մէկ ձախ պտտիլ, շատ կը նեղանար։ Յետոյ միտքը ինկաւ առջի օր պատահած դէպքը։ Մայրիկին ջղայնութիւնը տակաւին կը շարունակուէր…։ Անին բաւական մտահոգ էր․ ինչպէ՞ս ընէր, որ մայրիկը ներէր իրեն։ Բայց ի վերջոյ միակ յանցաւորը ան չէր, ընկերները եւ զարմուհիներն ալ իրեն չափ յանցագործ կը սեպուէին…։ Արդէն պատահած դէպքը ինչպէ՞ս կրնար գուշակել։

Այդ առտու, նախորդ առտուներու նման, կանուխէն արթնցաւ, վրան-գլուխը փոխեց, երեսը լուաց, նախաճաշը ըրաւ եւ տունէն չելած մեծ հօրը բարեւելու համար սենեակը այցելեց։

Մեծ հօրը երեսը նորէն կախ էր, մօտեցաւ ու պաչիկ մը տուաւ անոր, յետոյ տունէն ելաւ։ Ճամբան մտածկոտ կը յառաջանար․ մեծ հօրս այս վիճակին պատճառը պէտք է անպայման գտնեմ. ըսաւ ինքնիրեն։

Ի վերջոյ հասաւ զարմիկներուն հետ հանդիպած ամէնօրեայ անկիւնը։ Բայց քանի մը վայրկեանէ ի վեր շուն մը աջ-ձախ կը վազվզէր։ Գանգուր մազերով անուշիկ փոքրիկ շնիկ մը…։ Արդեօ՞ք խաղ կ’ընէր։ Չհասկցաւ պատճառը… ժպտեցաւ։

Քիչ վերջ զարմիկներն ալ եկած էին, չորսը մէկ միասին քալել սկսան։ Աղջիկներն ալ շուտով վարժուեցան շնիկին։

Տղաքը ամէն օրուան պէս փողոցին վերջաւորութեան գտնուող խաղավայրը պիտի երթային։

Արդէն Անին միայն հոն երթալու արտօնութիւն ունէր։ Այս խաղավայրէն զատ առանձին ոչ մէկ տեղ գացած էր։ Զարմիկներուն հետը ըլլալնուն պատճառով մայրիկը հոն երթալու հրաման կու տար։

Տղաքը խաղավայր հասնելէ վերջ տեսան իրենց ընկերները։ Ոմանք իրենց մայրիկներով եկած էին։ Մեծերը ծառերով շրջապատուած շուք անկիւն մը նստած կը խօսակցէին։ Պզտիկներն ալ օրօրոցով կ’օրօրուէին եւ սահնակէն կը սահէին։ Քանի մը երեխայ ալ գնդակ կը խաղար։ Ամէն մարդ գոհ էր իր կեանքէն։

ժամանակը այնքան արագ անցաւ, որ ցերեկուան ճաշի ժամը հասած եւ շատոնց անցած էր։

Տղոցմէ մէկը վազելով միւսներուն քով եկաւ։

– Հէյ, ընկերներ, ես բաւական անօթեցայ, փորէս ձայներ կու գան։

– Ես ալ շատ անօթեցայ, տուն երթանք բաներ մը ուտենք։

– Ուրեմն միասնաբար մեր տունը երթանք,- աւելցուց Անին։

– Կեցէ՛ք, զարմուհիներուս ալ ձայնեմ…

Եւ հինգ ընկերներ ու հետերնին պզտիկ շունը, խնդալով ու խաղալով ճամբայ ինկան։ Արդէն կարճ պտոյտէ մը վերջ տուն հասած էին։

Տղաքը երբ պարտէզին դուռը եկան, մայրիկը ձայները իմացաւ եւ սենեակէն բարեւեց անոնց։ Ամէնը մաքրուելու համար մէկ-մէկ լոգարան գացին եւ օճառով աղուոր մը ձեռքերնին լուացին։

Հիւրասենեակը իրարանցում մը սկսած էր․

– Հեռատեսիլը բանանք, այս ժամուն շատ աղուոր յայտագիր մը կայ։

– Ի՞նչ։ Յայտագի՞ր պիտի դիտենք։ Համակարգիչէն խաղ մը բանանք։

– Կեցէ՛ք, մէյ մը մեր փորը կշտացնենք, առտուընէ ի վեր կը խաղանք արդէն։

Տղաքը երբ կը վիճաբանէին, արդէն Անիին մայրիկը առտուն եփած գէյքը շատոնց պնակներուն դրած եւ հիւրասենեակ մտած էր։ Տղաքը փայլուն աչքերով գէյքին կը նայէին։ Բոլորն ալ բաւական անօթեցած էին։

– Տղաք, ըմպելի ի՞նչ կ’ուզէք։

– Կեցի՛ր, մայրիկ ես համրեմ․ քոլա, նարինջի ջուր եւ կաթ։ Ո՞ր մէկը կ’ուզէք։

– Ես քոլա կ’ուզեմ։

– Ես ալ նարինջի ջուր։

– Կաթ, ես կաթ կ’ուզեմ,- ըսաւ Արեգը,- գէյքն ալ մէջը պիտի թաթխեմմմմ, հիանալի պիտի ըլլայ։

– Գիտէք, Մատլէն թանթիկ, ես ամենէն շատ գէյքով կաթ խմել կը սիրեմ, երկուքը միասին շատ համով կ’ըլլան,- ժպտեցաւ Արեգը։

– Անուշ ըլլայ, տղաք,- ըսաւ մայրիկը ու դէպի խոհանոց ուղղուեցաւ։

Անին ընկերներուն փափաքած ըմպելիները բերաւ, եւ ամէնքը բազկաթոռներուն վրայ շարուած՝ պոռալով, խնդալով գէյքերը կ’ուտէին։

Պահ մը յետոյ դուրսէն հաջոց իմացուեցաւ․ Անին շուտ ոտքի ելաւ ու դուրս վազեց։ Ան փոքրիկ շնիկը շատոնց մոռցած էր։

Քովը հասաւ եւ հաջելուն պատճառը հասկնալ ջանաց…  բայց շունը դէպի պարտէզին դուռը դարձած օղակը քաշքշելով հաջել կը շարունակէր։

– Նայեցէ՛ք, հոն է… ահաւասիկ, մէյ մըն ալ ծառը կապեր են։ Աստուա՛ծ իմ։

– Այս աղջիկը շունս գողցեր է…

– Ի՞նչ։ Գողնա՞լ,- մրմնջեց Անին ափ ի բերան։

– Անուշիկ «Սպիտակ»ս,- աւելցուց անծանօթ աղջիկը։

Եւ պարտէզին դուռը բանալով քովը ունենալով մայրիկը եւ երկու ոստիկան Անիին քովը եկաւ…

Այդ պահուն ընկերները, զարմուհիները եւ մայրիկն ալ շատոնց պարտէզ ելած էին։

– Շունս գողնալու չե՞ս ամչնար,- հարցուց աղջիկը ջղայնութեամբ։

– Անի, այս աղջիկը ի՞նչ կ’ըսէ,- հարցուց մայրիկը։ Այս շունը ուրկէ՞ ելաւ։

– Մայրիկ, ես… ։

Տղաքը ապշած Անիին կը նայէին։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: 

ԲԱՐԹՈՂ ՇԱՀՐԻԿԵԱՆ (1872 – 1897)

ՇԱՀՐԻԿԵԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆ

ԱՍՏ ՀԱՆԳՉԻ ԾՈՑՆ ՀՈՂԻ
ՇԱՀՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐԹՈՂԻ ԳՐԱԳԷՏ
ՎԱՂԱՆՑԻԿ ԱԲԵՂԱՆ ԷՐ ԿՈՒՆԾԻԿ
ԹԱՄԶԱՐԱ ԻՐ ՕՐՐԱՆ ԳԱՀԻՐԷ ՔԸՆԱՐԱՆ
1872 – 1897

ՇԱՀՐԻԿԵԱՆ ՍԻՄՈՆ ՆԿԱՐԻՉ
1911 – 1989

Մար Մինա գերեզմանատուն
Գահիրէ, Եգիպտոս
Ժիրայր Շուշանեանի արխիւ

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: