ԿԱՐՃ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ․

ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ

Բարեւ, Սարգիս,

Առաջին անգամ կը պատահի, որ հեռաձայնիդ ընկալուչը դուն կը վերցնես․ սովորաբար տիկինդ՝ Շողիկը կամ տղադ՝ Արամը նախ կը վերցնէին։ Այսօր ձայնէդ կը զգամ, որ տրամադրութիւնդ աղէկ է։

Քանի մը օր առաջ բանաստեղծութեան մակագրուած հատորդ՝ «Ականեալ Ձայներ»ը ստացայ Յարութիւն Պէրպէրեանէն։ Վարձքդ կատա՛ր, Սարգի՛ս․ սկսայ անմիջապէս կարդալ: Տեղ-տեղ տարիներ առաջ «Բագին»ի մէջ լոյս տեսած գործերէդ նկատեցի։ Բանաստեղծութիւններդ կարդալով, կարծես մոխիրի տակ ծածկուած ծիրանագոյն կրակը իմ ալ հոգւոյս մէջ կայծկլտաց։ Սարգիս, որքա՜ն տարբեր էին այն ժամանակները այս օրերուն անդիմագիծ տարիներէն: «Ականեալ Ձայներ»ուդ մէջ յանդգնութեամբ յատկանշուող դիպուկ շեշտ մը կայ։ Դուն կեղծը կը խարանես եւ գինեթոյր սոխակներու գեղգեղանքով բարին կը քնարերգես։ Տեղ-տեղ իր ծաղիկին շուրջ դարձդարձող թիթեռի նման մահուան յաճախանքը կը յայտնուի «Ականեալ Ձայներ»ուդ մէջ։ Այս տխուր երեւոյթը կը մղէ զիս խորհրդածելու, թէ մարդ արարածը մինչեւ անգամ զգալով դէմքին վրայ մահուան շունչը, տակաւին կ’ապաւինի կեանքին եւ կը միտի ստեղծագործել։

Դուն ոչ միայն գեղեցիկը արարող բանաստեղծ ես, այլեւ անսակարկ նեցուկ կը կանգնիս գիր ու գրականութեան սպասարկուներուն։ Կը յիշեմ․ «Ընդմիջուած Լռութիւն» գրքիս տողաշարութիւնը ապահովելու համար քանի-քանի անգամներ միասին վազվզեցինք «Բագին»ի խմբագրատունէն դէպի Նոր Սիս, մեր ընկերոջ՝ Վազգէն Էթեէմէզեանի բնակարանը։ Այդ վազվզուքներու ընթացքին ամրան կիզիչ արեւուն տակ չէիր անդրադառնար, թէ կողքէդ կը նկատէի ճակտիդ կուտակուած քրտինքի կաթիլները․ եթէ անոնց մասին քեզի ակնարկութիւն ընէի, դուն լուռ պիտի շարունակէիր ճանապարհը։ Բանաստեղծի կողքին որքա՜ն ակնյայտ էր նկարագրիդ մէջ դրոշմուած յանձնառու եւ ընկերասէր մտաւորականը։

Հեռաձայնային վերջին կապս հետդ եղաւ 20 Յուլիս 2015 թուականին։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԱՊԱԳԱՅԻ ԾՐԱԳԻՐ

ԼՈՒՍԻՆ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ
Դամասկոս, Ազգային Ս. Թարգմանչաց Ճեմարան, 11րդ կարգ

Ամէն օր նոր մանուկ մը կը ծնի, անոր հետ նոր փափաք եւ նոր միտքեր կը ծնին: Մարդը իր ապագան պզտիկուց կը սիրէ դասաւորել եւ կը մտածէ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ ապագային այս աշխարհի մէջ: Յոյս մը կամ փափաք մը իրականացնելու ճամբան դիւրին չէ, շատ երկար ճամբայ մըն է:

Ես տասնվեց տարեկան աղջիկ եմ եւ շատ կը սիրեմ փափաքներուս համար մտածել․ ի՞նչ պիտ ըլլամ ապագային: Կը նստիմ եւ կը դասաւորեմ միտքիս մէջ ամէն ինչ: Առաջին քայլս պաքալորիային բարձր նիշեր հաւաքելով փայլուն անձ մը ըլլալն է: Առաջին քայլիս ու այս երկար ճամբայիս, որ զիս փափաքներուս կը հասցնէ, գլխաւոր վայրը ինքը դպրոցն է: Բայց ասիկա դիւրին չէ, միայն դպրոցը առանձին չէ, որ կը հասցնէ ուզած տեղս, այլ պէտք է սորվիլ, աշխատիլ եւ յոգնիլ բոլոր նիւթերուն համար, որովհետեւ ամէն մէկ նիւթ մեր կեանքէն մաս մըն է:

Ես աղջիկն եմ այն անձերուն, որոնք դժուարութիւններէ անցան: Ժամանակ մը եկաւ, երբ քաղաքը շատ գէշ վիճակի մէջ էր եւ մարդիկ սկսան ըսել, թէ քաղաքին վիճակը շատ դժուար եղաւ: Բայց այն անձերէն եմ, որոնք իրենց փափաքներէն բան մը չզիջեցան։ Յոյսերուս վրայ յոյս մը աւելցուցի, որ օր մը պիտի գայ եւ ամէն ինչ պիտի շտկուի, մարդ իր ամբողջ կեանքին մէջ միշտ ուրախ չի մնար, ոչ ալ՝ միշտ տխուր: Կեանքին մէջ ամէն ինչ պիտի փորձես, որ կեանքը զգաս: Շատեր համոզուեցան, ուրիշներ կ’ըսէին, որ շատ կ’երազեմ: Տարիները անցան եւ մեր քաղաքը կամաց-կամաց իր կայուն վիճակը գտաւ․ երազներս կատարուեցան:

Այստեղ ես 10րդ էի եւ արդէն այն տարիքն էի, որ նպատակներս յայտնի պիտի ըլլային ինծի: Ես շատ ուրախ էի համբերութեան համար եւ ոչ մէկ օր ըսի, որ այս օրը պիտի չգայ, որ փափաքներս պիտի կատարեմ: Ընդհակառակը՝ շարունակեցի սորվիլ եւ աշխատիլ դասերուս համար եւ հասայ 11րդ դասարան եւ հիմա յաջորդ տարուան կը սպասեմ պաքալորիայի, որ սորվիմ, աշխատիմ եւ փափաքներուս առաջին քայլը առած ըլլամ:

Ես կեանքէն սորվեցայ, որ մարդուն դիւրութեամբ բան մը չի գար․ «գործեր» կան, որ օգտակար կը դառնան փափաքներու հասնելուն: Անոնք են՝ յոգնութիւն, աշխատանք եւ համբերութիւն:


ԺԱԳԼԻՆ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ
Դամասկոս, Ազգային Ս. Թարգմանչաց Ճեմարան, 11րդ կարգ

Փափաքը անձի մը մտածումներուն եւ յոյսերուն իրականութիւնն է կեանքի մէջ: Ամէն անձ ծաղիկ տարիքէն հեռուն նայելով ապագան կ’որոշէ, իր փափաքը. ուսում կամ գործ կամ երաժշտութիւն: Միայն թէ անձի մը փափաքը չ’իրականանար առանց յոգնութեան եւ դժուարութեան: Փափաքս է ատամնաբոյժի ճիւղը կարդալ եւ ըլլալ բժշկուհի, որ կարենամ ապագային օգտակար դառնալ քաղաքիս, հայ ազգիս եւ ամէն անձի, որ կարօտ է օգնութեանս, եկող սերունդները կարենան նկատել  փորձառութիւնս, կարենամ օգտակար դառնալ իրենց մտքի զարգացման եւ իրենք ալ կարենան յաջող անձեր ըլլալ ապագային:

Վերջապէս կը յուսամ Աստուծոյ օգնութեամբ եւ ընտանիքիս գուրգուրանքով հասնիլ բարձր մակարդակի եւ գոհ ըլլալ բարձր մակարդակէս:


ՆԱԹԱԼԻ ԳԱՐԱՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Դամասկոս, Ազգային Ս. Թարգմանչաց Ճեմարան, 11րդ կարգ

Ես շատ կը սիրեմ գործարար կին ըլլալ, երբ մեծնամ: Աշխատիլը շատ կը սիրեմ եւ ժամանակս շատ պարապ չեմ ուզեր անցընել։ Կը սիրեմ ընկերութիւն մը ունենալ եւ այդ ընկերութեան մէջ ապրանք մը արտադրել, դուրս տանիլ եւ ծախել: Ասկէ զատ ես շատ կը սիրեմ գծագրել եւ կ’ուզեմ, որ, երբ մեծնամ, լաւ սորվիմ, որովհետեւ լաւ ուսումը կրնայ ինծի գործ տալ: Փափաք ունիմ ճամբորդել Իտալիա եւ պզտիկ գործատեղի մըն ալ այնտեղ հիմնել, քաղաքս դառնալ եւ անշուշտ նոյն բանը Հայաստան ընել: Այս բանը միտքս է եւ շատ կը սիրեմ զայն իրականացնել։ Կան օրեր, որ միտքս կը փոխեմ եւ ուրիշ բանի մասին կը մտածեմ, բայց ետ կը դառնամ եւ նոյն գործը կ’ուզեմ աշխատիլ, որովհետեւ կը զգամ, որ այս գործը ինծի շատ կը վայելէ․ շատ մը մարդիկ ալ արդէն ասանկ կ’ըսեն ինծի:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՄԻՋԻՆՔ

ՍՏԵՓԱՆ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Նէնէներու մամաներու
Կիներու աղջիկներու
Քոյրերու հարսերու
Հարսքոյրիկներու հարսաղջիկներու
Կեսուրցուներու հարսնցուներու
Աղջնակներու եւ հարսնամատներու
Տօնի վերածուած սա Միջինքը
Հասկցանք
Հելալ օլսուն
Լաւ առիթ է հագուստ կապուստ
Նորէն ցուցադրելու
Վերէն վար
Հանդիպելու շատխօսելու
Պահքի ճաշատեսակներու
Ցուցահանդէս համահանդէսը ինչ է բայց
Պահքի խորհուրդը
Ժուժկալութիւն էր կարծեմ
Եթէ չեմ սխալիր
Կամ ալ
Այս կերակրատեսակներէն հրաժարիլ
Եւ միւսներուն վրայ իջնել է կ’երեւի
Աս ալ պաշտօնական մարմիններու
Կազմակերպութեամբ եւ հրաւէրով
Կերէք արբէք եւ ուրախ լերուք
Ասոնք միայն պահքի ճաշ են
Տեսակաւոր
Մէկ ծայրէն միւսը սեղանները լեցուն են
Քէօֆթէներու տարբերակներով
Կեցցեն պահք ու պահեցողութիւն
Ստեփանին բաժինը չմոռնաք

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

«ՀԱ՞ՅՐ ՄԵՐ, ՈՐ ՅԵՐԿԻ՞ՆՍ ԵՍ»

ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ

Լուրը հասաւ եւ մոխիր դարձանք:

Հրդեհին կարմիր բոցերը իբրեւ լուսանկար իրենց տեղը գտեր էին օրուան թերթերուն մէջ: Բոցը իր ձեռքը անցուցած էր դուռ, պատուհան, լափած ու լիզած էր, մոխրացուցած եւ ոչնչացուցած. կաս-կարմիր:

Հօրս երկու խանութները մոխիր դարձած էին Մահմուտփաշայի մէջ: Մէկը բոլորովին այրած, իսկ միւսը՝ կիսովին, սակայն հրշիջախումբին ջրցանքէն անգործածելի վիճակի հասած էր ամբողջ ապրանքը: Ելեկտրական խանգարումը պատճառ եղած էր հրդեհին, որ սկսելով վերնայարկէն, տարածուած էր վարի յարկ: Քովէ քով շարուած արհեստանոցներ փճացեր էին, յետոյ հրդեհը վարի յարկ ցատկելով այրեր էր խանութները: Հայրս կէս-գիշերէն առաւօտ սնանկացեր էր: Ճակատագրական հրկիզում մը, որ բան չէր թողած իր ետեւ, եթէ ոչ դժբախտութիւն, չքաւորութիւն եւ պայքար… վերականգնումի: Աղէտին վրայ հասնող ցնցիչ պարագայ մըն ալ այն էր, որ խանութին տանտէրը պահանջած էր խանութը պարպել տասնհինգ օրէն: Ահա՛, դժբախտութեան կծիկը. վաճառական մարդ, խանութպան մարդ, գործատէր մարդ՝ հայրս դարձած էր գործաւոր եւ ճակտի քրտինքով վաստկածը վրայ տուած էր ու միայն իբրեւ իր կռնակի բաճկոնին տէրը դուրս ելած էր խանութէն:

Հիմա ան պարկը կռնակը շալկած Մահմուտփաշայի զառիվերը կը մագլցէր, որ ապսպրուած շապիկները կարել տար ասդին-անդին, արհեստանոցներու մէջ: Պարտքով-խարճով կարի մեքենայ մը գնեց եւ պզտիկ խանութի մը մէջ աշխատանքը ծայրէն սկսաւ: Սկսանք ընտանեօք աշխատիլ: Հայրս անհամբեր կը սպասէր ամրան արձակուրդին, որ գործաւոր մը եւս աւելնար խանութին մէջ. ես:

Ես մէջտեղի գործերը կ’ընէի: Շապիկին դերձանները կը մաքրէի, կ’արդուկէի, կը կարէի օձիքները, թեւերը, եւ ամէն ինչով շապիկը հագցուելու վիճակին կը հասնէր: Որքա՜ն համբերանքով եւ աչքի լոյս վատնելով կ’աշխատէի: Երբ աւելնար մարդուժը՝ քիչ մըն ալ կանուխ տուն վերադառնալու առիթը կ’ունենայինք: Ատանկով օրերը անցան, ատանկով մեծցանք: Աւելի վերջ սկսանք փեսայի շապիկ կարել: Կեանքը աւելի լաւացաւ եւ առանց մէկու մը կարօտ ըլլալու գործերը կարգի մտան: Յետոյ նորոյթ եղան տարբեր ձեւի շապիկներ: Մանաւանդ այն, որ  յաճախորդը կ’ուզէր իր անունին սկզբնատառերը նախշուած տեսնել շապիկին գրպանին վրայ եւ ոչ միայն գրպանին, այլ օձիքին ներքին կողմը:

Սեւիմ ապլան (մեծ քոյր) սկսաւ աշխատիլ մեզի հետ: Կէսօրէ վերջ կու գար եւ ձեւուած գրպաններուն վրայ փայլուն դերձանով կը նախշէր անուններու սկզբնատառեր, որ յաճախորդը աւելի լաւ զգար, երբ իրեն յատուկ շապիկ մը հագնէր: Խանդոտ կին մըն էր ապլան եւ կը սիրէր զրուցել զանազան նիւթերու մասին: Կը պատմէր ու կը պատմէր: Մեկնելէ առաջ թէյ մըն ալ կը խմէր: Օր մըն ալ մօրս դարձաւ ու ըսաւ.

– Որքա՜ն լաւ է, որ ձեր լեզուն կը խօսիք:

Ես հօրս հետ թրքերէն, մօրս հետ հայերէն կը խօսէի:

– Ձեր մայրենի լեզուն, հայերէնը լսել ինծի հաճոյք կը պատճառէ:

Բան մը չէր հասկնար մեր խօսածներէն, ուրեմն ինչո՞ւ հաճոյք պիտի զգար:

– Իմ մայրս ալ հայ էր: Գիւղին մէջ որբ մնացեր է գեղանի, երիտասարդ աղջիկ, ու հայրս զայն կնութեան առեր է: Սակայն հայրս սաստիկ արգիլած էր մօրս, որ յայտնէր իր ինքնութիւնը:

Երբ լսեցինք ասոնք, պահ մը ափ ի բերան մնացինք: Եւ ան աւելցուց.

– Հիմա շա՜տ ատեն անցաւ, ես այս իրականութիւնը ձեզի հանգիստ կրնամ յայտնել, չըլլայ որ քոյրս իմանայ: Շատ կը բարկանայ: Խստիւ արգիլած է այս մասին խօսիլ․ ո՛չ ոք գիտէ իրականութիւնը:

Կամաց-կամաց հարցումներ կը յառաջանային մտքիս մէջ: Չէի կրնար ամփոփուիլ, իսկ Սեւիմ ապլան խանդավառ, շատ բնական բանի մը պէս կը շարունակէր.

– Մայրս աղօթք մը կը մրմնջէր մեր մանկութեան, մեր անկողինին վերեւ:

– Հա՞յր մեր, որ յերկի՞նս ես:

Չէի կրնար մտաբերել, որ ամէն օր արտասանած աղօթքս պիտի պարունակէր հարցականներ. ո՜վ, մեր հա՞յրը, որ երկի՞նքն ես:

Կարուհի ըլլալու նպատակ չունէի. ունէի այն գիտակցութիւնը եւ պարտաւորութիւնը, որ մինչեւ վերջ ընտանիքիս օգտակար պիտի ըլլայի, պիտի հսկէի, ծերանային՝ առանձին պիտի չձգէի. առաջնակարգ պարտականութիւններս էին ասոնք:

Սեւիմ ապլան գործը վերջացուցեր էր եւ կը պատրաստուէր մեկնելու համար: Թէյին բաժակը սեղանին դրաւ ու ըսաւ.

– Չօք շիւքիւր Ալլահա, պուկիւն տէ տօյտուք (Փառք Աստուծոյ, այսօր ալ կշտացանք):

– Զհաց մեր հանապազորդ:

Դարձաւ ինծի եւ ըսաւ.

– Թուղթի մը վրայ թրքերէն տառերով կը գրե՞ս այս աղօթքը: Ես ալ կը մրմնջեմ: Ամա՛ն, քոյրս չիմանայ:

Ան կը խօսէր շատ հանդարտ, բնական արտայայտութեամբ, սակայն ես կոնքիս, փորիս, կռնակիս, սրտիս դանակի հարուածներ կը ստանայի: Ինքնութիւնը պահել եւ  չընդունիլ մօրը ո՛վ ըլլալը որքա՛ն տանջանք ըլլալու էր մօր մը համար, խորհեցայ:

– Ինչո՞ւ քոյրդ այսքան դէմ է այս իրականութեան:

– Սո՛ւս, կ’ըսէ ան ամէն անգամուն, կեաւուրի՞ն աղջիկը անուանուիլ կ’ուզես:

Սեւիմ ապլան այնքա՜ն խանդավառ էր իր պատմածներով, բայց շատ դառն շեշտով մը կրկնած էր «կեաւուր» բառը:

– Ո՞վ կրնայ փոխել այս իրականութիւնը:

Զատիկ է: Մօրս շինած համեղ չէօրէկը եւ կարմիր հաւկիթները կ’ըլլան մեր կէսօրուան ճաշը: Շատ ուրախ է ան, որ կը ճաշակէ իր բարքերուն միւս կէսէն բան մը:

– Ձեր ընտանիքին մէջ ըլլալուս համար, ձեր այս տօնին րահմէթ (ողորմութիւն) պիտի կարդամ մօրս շիրիմին վրայ:

Հիմա այս տողերը գրի կ’առնեմ ու կը յիշեմ մոխրացած օրերը. չկար սպեղանի մը, որ վէրքը դարմանէր: Չեմ կրնար պատահածները տեղաւորել ժամանակահատուածի մը մէջ: Չեմ կրնար մտադրել իրական կամ անիրական, ընդունելի կամ անընդունելի, տրամաբանական կամ անտրամաբանական իրողութիւնները, որոնք կը պատահին անսպասելի ժամանակ, եւ մինչ այդ ձայնապնակէն երգը կ’ըսէ. «Ո՞ւր էիր, Աստուած»:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԼԵԶՈՒՆ

ԱԿՈՒՍԹԻՆ ԱՆԱԼԵԱՆ

Երբ մանկիկները ութ ամսական կ’ըլլան, ընդհանրապէս կը սկսին իրենց առաջին բառերը գործածել: Այս փորձառութիւնը կու գայ բարբաջանքէն ետք, ուր մեկուսի ձայներ շարունակ կը լսուին եւ կամաց-կամաց մանուկները կը ջանան իրենց ըսածները չափահասներուն բառերուն մօտեցնել: Բնականաբար դեռ ժամանակ կը պահանջէ ասիկա:

Առաջին հերթին դժուար է հասկնալ, թէ ի՛նչ կը մտածեն եւ ի՛նչ կ’ուզեն ըսել մեր երեխաները, յետոյ բաւական խօսելավարժութեամբ կ’իմանանք այդ ձայներուն նշանակութիւնը:

Վանան, օրինակի համար, «Մամա» եւ «Փափա» բառերը յստակ ձեւով կ’արտասանէ, եւ հասկնալու ատեն շատ լաւ կը մեկնէ իր ծնողներուն պատգամը: Երբեմն կը փորձէ իրենց բառերը հնչել կամ իրենց օրօրոցային երգերը կրկնել: Զարմանալի է տեսնել, թէ ի՛նչպէս կը մեծնան, այնքան շուտ ու խելացի կերպով մը:

Հասկնալ մանկիկներու լեզուին զարգացումը ծնողներուն համար մարտահրաւէր մը կը դառնայ: Պէտք է իրենք իրենց վստահին, սիրով, ուրախութեամբ, որովհետեւ այն խորունկ յարաբերութիւնը, որ տեղի կ’ունենայ ու օրէ օր կ’ամրանայ, հաղորդակցական միջոցներու բարելաւման ընթացքը կը դիւրացնէ: Կապուած է ալ իրենց խօսելու փափաքին հետ: Ուրեմն, շատ կարեւոր է, որ մեծահասակներս պատրաստ ըլլանք մեր պզտիկներուն լեզուի տիրապետումը խրախուսելու:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՏԱՍՆՄԷԿԻԿ (Ա․)

ՍԷԼԻՆԱ ՊԷՆԼԻ

Լորան
շատ գեղեցիկ
սիրալիր շուն մը
Լորան շատ հնարամիտ է
անուշ

Գարուն
արեւը դեղին
արեւը տաքցնէ զիս
ես անոր պէտք ունիմ
ակնկալութիւն

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ (1922-2000)

Հերի Դաւիթեանէն շնորհակալութեամբ ստացանք այս երկու լուսանկարները։ Դաւիթեան հետեւած է Օշականի դասախօսաշարքին՝ «Արդի հայ միտքի պատմութիւն» (Modern Armenian Intellectual History), Սիտնիի (Աւստրալիա) Մաքուարի համալսարանին մէջ: Դասընթացքը սկիզբ առած է 19 Օգոստոս 1992ին։

ՀՊ

ՓՈԽԱՆ ԾԱՂԿԵՊՍԱԿԻ

ՍՏԵՓԱՆ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Կը խնդրուի նուիրատուութիւն կատարել
Փոխան ծաղկեպսակի
Հանգուցեալին ալ փափաքն էր արդէն
Կամ ալ չէր
Կարեւոր չէ ատիկա հիմա
Եթէ ա՛յս կազմակերպութեան անդամ էր
Ա՛յս կազմակերպութեան թող ըլլան
Նուիրատուութիւնները
Եթէ մի՛ւս կազմակերպութեան անդամ էր
Մի՛ւս կազմակերպութեան
Սխալ անցքերէ չհոսին նուէրները
Ողջերուն եւ մեռելներուն պէս
Ամէն մարդ իր ուղին ունի
Եւ ուղիները միշտ ճիշդ են արդէն
Ինչ խօսք ինչ խորաթա
Հանգուցեալը յետ մահու հանգիստ թող մնայ
Իր գաղափարական ճամբաները
Խաչաձեւումներու զոհ չերթան
Հոգին չխանգարուի
Նուիրատուութիւններուն պատճառով
Չխրտչին գաղափարները
Հանգիստ հոգիին
Եւ գաղափարներուն
Որոնք արդէն չկային
Հիմա ալ չկան
Իրմէ առաջ մեռած էին

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԳԵՏՆՈՒՂԻ 5․

ԱՆՏՈՒՆ ՃԱՄԲՈՐԴ

ԱՍՈՒՆ

«Ղարիպ ախպեր, – յուշեց միտքս. –
«Անտուն ախպեր, արի մեր տուն»,
բուք-բորան է,
բուք-բորանին չե՞ս երթար,
մնայուն է կայանդ
քարափին,
լաւագոյն թաղամասի բնակիչ
զբօսաշրջիկներ, այցելուներ,
անկոչ հիւրեր քեզի այցելու.

Ծուարած է անկիւն մը,
գնացքին երթէն խանգարուած
ձայն, մեկնումի սուլոց ու հով,
որմէ՞ փորձէ պաշտպանուիլ…

Ախպե՞ր, ինչպէ՞ս
դիմագիծդ անգամ չ’երեւիր.
տուն ունենալ փորձե՞ր ես,
քու մինակդ թաղելու,
թէ գոհացած՝
հաւաքական մենութեամբ.
Ո՛չ նամակատուփդ կը լեցուի
քեզ չարչարող թուղթերով,
ո՛չ ալ ելեկտրատուփդ՝
անգոյն, անպէտք լուրերով.
կ’ապրիս վայրկեանը փախչող,
շիշ մը գինի անորակ,
ծխախոտի աւելցուք,
ու երբեմն ալ սանթիմներու խշրտուք
վաղուան հացդ հոգացող.
դեռ պէտք ունի՞ս այդ համին…
բանն ու պահանջքը դուռդ շատոնց չեն ծեծեր.
Ո՜վ հէգ ճամբորդ, ղարիպ ախպեր…

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: