ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՉՈՒԽԱՃԵԱՆ

Կար ու չկար, երկիր մը կար։ Ատենօք շատ թագուհի կար հոն, իսկ հիմա՝ միայն թագաւոր մը, որուն կ՚ըսէին «Տարօրինակ Թագաւոր»։ Իր թագաւորութեան ատեն էր, որ պատահեցան այն տարօրինակ դէպքերը, որոնց մասին պիտի տեղեկանաք։

Ամրան զուարճալի օր մը, ծագող արեգակը կը ցրուէր մէգը։ Դաշտերը մէգով լի էին։ Գիւղացի աղջիկ մը եազման կապած դաշտ կ՚երթար։ Ա՜հ, ի՜նչ գեղեցիկ օր էր. ծաղիկներ, տեսակ-տեսակ թռչուններ, թիթեռնիկներ…

Աղջիկը հետզհետէ անօթեցաւ եւ ուզեց, որ ձեռքը բռնած կողովէն բան մը հանէ, ուտէ։ Ձեռքը կողովին մէջ նետեց թէ չէ՝ ձայն մը լսեց։ Ձայնին աղբիւրը երթալէ ետք, լճակին մէջ լողացող բադեր տեսաւ։ Գոգցես թէ լճակը փոխուեր էր իր վերջին գալէն ետք։ Այո՛, փոխուեր է՛ր։ Հոս լճակ չկար արդէն, այլ՝ լիճ։ Տէ՛ր Աստուած, ի՞նչ պատահեր է լիճին, խորհեցաւ աղջիկը։ Ապա, «ինչ է նէ» ըսելով շարունակեց ճամբան։

Երբ թզուկներուն գիւղը հասաւ, կեցաւ։ Պէտք էր ճամբան անմիջապէս շարունակէր, որովհետեւ ծնողքը ըսած էր իրեն, որ հեռու կենայ անոնցմէ։ Տեսնելով որ թզուկներուն գիւղը այնքան գեղեցիկ չէր, որքան մեծ մօրը հեքիաթներուն մէջ պատմուած գիւղը, գիտցաւ որ լիճին պատահածը գիւղին ալ պատահեր էր։ Ուզեց օգնել թզուկներուն։ Կարելի՞ էր օգնել անոնց։ Ի՞նչ պիտի ըսէին՝ տեսնելով որ գիւղացի աղջիկ մը իրենց օգնել կ’ուզէր։ Ե՞րբ պատահած էր որ գիւղացիին մէկը օգնէր թզուկներուն։ Ըլլալիք բան չէր։ 

Երբ թզուկները աղջկան գալը տեսան, վախցան թէ ան բան մը պիտի ընէր իրենց։ Աղջիկը մօտեցաւ եւ ըսաւ․ «Կ՚ուզեմ օգնել ձեզի»։ Թզուկ մը դիմացը կանգեցաւ եւ ըսաւ․ «Մենք շատ լաւ գիտենք, թէ չես ուզեր օգնել մեզի, այլ՝ մեռցնել»։ Այն ատեն  մայր մը ելաւ ժողովուրդին մէջէն եւ ըսաւ. «Քեզի կ՚աղաչեմ, մի՛ դպնար զաւակներուս»։ Աղջիկը դառնալով մօրը՝ ըսաւ. «Ես եկայ օգնելու ձեզի, ոչ մեռցնելու։ Հիմա ըսէ՛ք ինծի, թէ ձեզի ի՞նչ պէտք է»։ Միաբերան ըսին, թէ խմելիք ջուր չէր մնացած, որովհետեւ չորցած էր գետը, որ կը հոսէր դէպի գիւղը։ Բարեբախտաբար, աղջկան կողովը ծակ չունէր։ Վազելով լճակ գնաց եւ ջուր բերաւ։ Թզուկները այդ տեսնելով գիտցան որ աղջիկը իսկապէս բարեսիրտ էր, ու թոյլ տուին անոր, որ օգնէ իրենց։ 

Աղջկան շինել տուին այն տուները, զորս իրենք չէին կրնար շինել։ Աղջկան համար բան մը չէր, որովհետեւ իրենց տուներն ալ իրենց հասակին պէս կարճ էին։ Ամէն բան աւարտելէ ետք, աղջիկը հարցուց անոնց, թէ արդեօք անո՞նք էին որ գիւղին ծառերը կտրած էին։ Ատոր վրայ թզուկ մը յառաջ գալով ըսաւ անոր․ «Մենք ալ կը կարծէինք, թէ դուք էիք մեր գիւղին մէջ պատահած բաներուն պատճառը»։ Աղջիկը այն ատեն հասկցաւ, որ ո՛չ թզուկները, ո՛չ ալ գիւղացիներն էին աս բաներուն պատճառը, այլ իրենցմէ զատ բան մը կամ մէկը կար։  

Աղջիկը իր ունեցուածքը ձեռքը առնելով պալատին ճամբան բռնեց ու թագաւորին դիմաց կանգեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, դարերէ ի վեր մենք կը տքնինք, որ ամէն բան աւելի լաւ ըլլայ մեր աշխարհին մէջ, սակայն աւելի գէշ եղեր է։ Կը կարծէինք, թէ թզուկներն էին այս բաներուն պատճառը, բայց այսօր տեսանք, որ անոնք ալ չեն եղեր։ Ո՛վ տէր իմ, ձեզմէ կը խնդրեմ, որ շնորհ ընէք ձեր այս ծառային ու գտնէք այս պատահածներուն պատճառը»։ Այն ատեն թագաւորը ըսաւ անոր, թէ թագաւորը ի՛նքն էր այս փոփոխութեանց պատասխանատուն։ Երբ աղջիկը հարցուց, թէ այս բաները ինչո՞ւ ըրած էր, անիկա սկսաւ պատմել անոր։ Նախ ըսաւ, թէ գիւղին մէջ աղբի պէս բաներ կային ու անոնք մէջտեղէն վերցուց, ու լիճն ալ ամէն տեղ ողողած էր։ Աղջիկը, կրկին՝ «Ո՛վ տէր իմ,- ըսելով շարունակեց,- աղբի պէս երեւող բաները իրականութեան մէջ ծառեր էին ու լիճին շուրջն ալ տարբեր բան չկար»։

Թագաւորին կինը՝ թագուհին, որ այս բաները կը լսէր, հասկցաւ որ ամուսնոյն աչքը աղէկ չէր տեսներ։ Աղջկան քով բերանը բռնեց։ Անոր երթալէն ետք, բժիշկ մը կանչեց, ու ամէնքը տեսան, որ թագաւորին աչքը իրաւ ալ աղէկ չէր տեսներ․ այն ատեն պալատին իմաստունը ելաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, դուք ձեզ կատարեալ մի՛ սեպէք, քանզի մեծ էք․ եւ ո՛վ դուք՝ թիկնապահներ, «այո» մի՛ ըսէք թագաւորին ամէն ըսածին, որովհետեւ գիտէք, որ Աստուած կայ իրմէ մեծ»։ 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԾԻԱԾԱՆԻՆ ԳՈՅՆԵՐԸ (Ե.)

ՍԻՒԶԱՆ ԲՌՆԱԼԵԱՆ

Յանկարծ երկինքէն բամբ ձայն մը լսուեցաւ․

– Ձեզի կ’ըսեմ, աճապարեցէ՛ք եւ աշխարհը տեղատարափով պարուրեցէ՛ք։

Ծիածանի գոյները հետզհետէ աւելի մտահոգուիլ սկսան։ Ի՞նչ էր այս պատահածը։ Բան մըն ալ չէին հասկցած։ Անոնք իրարու ալ աւելի մօտեցան, որպէսզի տեսնեն, թէ ի՜նչ կը պատահի։ Բոլորն ալ նոյն տեղատարափին նայեցան, բայց իրարմէ տարբեր բաներ տեսան։

Կարմիրը ըսաւ․

– Ես ինծի համար կռուող երկու ամպեր կը տեսնեմ, իսկ միւս ամպերն ալ այս ամպերուն կողմնակից են։ Ուստի տեղատարափի վերածուած է այս կռիւը, հպարտ եմ։

Նարնջագոյնը ըսաւ․

– Ոչ, ես ամբողջ երկրին տիրապետող ամպեր կը տեսնեմ։ Քեզի ըսած էի, թէ ասոնք անզգայ ամպեր են, հապա միայն մե՞ր վրայ իշխել կ’ուզեն։

Դեղինը ըսաւ․

– Ոչ, երկուքդ ալ կը սխալիք։ Հոս եղածը ուրիշ բան է։ Իրենց թագաւորը ըսաւ, թէ տեղատարափ թող ըլլայ, այսինքն ամպերն ալ գերի են, մեր վրայ ինչպէ՞ս իշխեն։

Կանաչը ըսաւ․

– Ոչ, ոչ, դուն ալ կը սխալիս, Դեղին, այս ամպերը չարասիրտ են եւ տեղատարափ բերելով ամբողջ մարդկութիւնը պիտի ոչնչացնեն։

Կապոյտը ըսաւ․

– Ոչ, հարկա՛ւ ոչ։ Յոռետես խօսքեր են ասոնք։ Աշխարհի մէջ խոշոր հրդեհ մը ելաւ, անիկա դադրեցնելու համար տեղատարափ կը ղրկեն։ Հետեւաբար աշխարհը պիտի փրկեն։

Լազուարթը ըսաւ․

– Դուն ալ որքան չափազանցեցիր, Կապո՛յտ։ Պարզապէս տեղատարափ կը հանեն, որովհետեւ ծեր ամպերը այլեւս իրենց պաշտօնները նորափթիթ ամպերուն կու տան, որպէսզի անոնք ալ կարենան անձրեւ տեղացնել։

Մանիշակագոյնը ըսաւ․

– Ոչ, ես երկիրը ձեզմէ աւելի մօտէն կը տեսնեմ։ Մարդիկ ծարաւ են եւ ջուրի շատ պէտք ունին։ Ջուրի համար երկիրները իրարու հետ պատերազմիլ սկսան։ Այս պատերազմները դադրեցնելու եւ մարդոց ծարաւը յագեցնելու համար տեղատարափը սկսաւ։

Այս վիճաբանութեան վերջը պիտի չգար, բայց անոնք կացութիւնը հասկնալու համար որոշեցին միանալ եւ ամպերուն հասնիլ։ Անձրեւը դեռ վերջացած չէր, բայց ուրիշ ճար չկար։ Ծիածանին գոյները միանալով ամպերուն հասան։ Ամպերը եւ ծիածանը երբոր զիրար տեսան, այդ բամբ ձայնը կրկին լսուեցաւ։

– Բարե՛ւ ձեզ, ես օդն եմ։ Ժամանակս հասաւ, սիրելիներ: Ուրախ եմ որ ձեզ միասին կը տեսնեմ եւ բոլորիդ շատ շնորհակալ եմ։ Աշխարհի մէջ համաճարակ մը սկսաւ։ Մարդիկ իրենց կեանքը կորսնցնելու վտանգին մէջ ինկան։ Չգիտցան, թէ ի՛նչ պիտի ընեն։ Իսկ ձեր տեղացուցած անձրեւուն շնորհիւ թթուածինը աւելցաւ, այսպէս ինծի ճամբայ բացիք, որպէսզի երկինք իջնեմ եւ շունչս տալով մարդկութիւնը փրկեմ։ Իսկ Ծիածանին գոյութիւնն ալ մարդոց փրկութիւնը պիտի աւետէ։

Կարմիրը ըսաւ․

– Բայց դուն երկինքն ես։ Աշխարհ իջնելով ինչպէ՞ս պիտի ապրիս։

Ամպերը ըսին․

– Այս չար մարդոց համար ինքզի՞նքդ պիտի զոհես։

Օդը պատասխանեց.

– Չարութիւնը ձեր մտածելակերպին մէջ է։ Մարդկութիւնը կը դատէք, բայց դուք ի՞նչ կ’ընէք։ Կարմիրը Ծիածանէն խլելով մարդիկը վախցնել ուզեցիք, իսկ դո՛ւն, Կարմիր, ամպերուն միջեւ կռիւ հանելով միշտ երեւելի ըլլալ փափաքեցար։ Նայեցէ՛ք հիմա, ձեր ուզածը եղաւ։ Մարդիկ կը վախնան, եւ Ծիածանը երեւելի եղաւ։ Հետեւաբար աշխարհ պիտի իջնեմ։ Շունչս պիտի տամ եւ երեք օր վերջ յարութիւն պիտի առնեմ։

Օդը աշխարհ իջաւ եւ համաճարակէն տառապած մարդկութեան համար իր շունչը տուաւ։ Մինչեւ որ ամբողջ մարդկութիւնը բժշկուի, օդը իր գործը շարունակեց։ Ի վերջոյ օդին ուժը սպառեցաւ եւ մեռաւ։ Երբոր մարդիկ բժշկուեցան, աշխարհի բոլոր երկիրները առաջին անգամ, միասնաբար մեծ հրճուանք ապրեցան եւ Ծիածանը տեսնելով յոյսով լեցուեցան, իսկ ամպերը եւ Ծիածանին բոլոր գոյները շատ յուզուեցան։ Կարմիրին եւ ամպերուն սիրտերը վշտահար էին եւ զղջացած։Անոնք նաեւ տրտմած էին օդին այս մեծ զոհաբերութեան համար։ Ծիածանին միւս գոյներն ալ իրենց նախապաշարումներուն երեսէն տխրած էին։ Ոչ մէկ բան տեսնուածին պէս էր։ Նոյնիսկ բոլորը մտահոգուեցան իրենց կեանքին համար, որովհետեւ եթէ օդը մահանար, անոնք ալ երկինքին մէջ առանձին չէին կրնար ապրիլ։ Իրապէս օդը երեք օր վերջ պիտի կարենա՞ր յարութիւն առնել։ Ասիկա տեսնուած բան չէր։

Ծիածանին գոյներուն մէջ ամենազգայունը Կարմիրն էր, եւ այս պատահածներէն շատ ազդուած էր։ Ան մելամաղձոտութեան մէջ թաղուեցաւ եւ ինքզինք յանցաւոր զգաց։ Այդ ամպը, որ զինք մերժած էր, երանի վրէժ լուծելով միշտ երանելի դառնալ չուզէր։ Ան չէր գիտեր, թէ իր իրականացող փափաքը այսքան տխրութիւն պիտի բերէր։ Չէր գիտեր, թէ իր կեանքի աղբիւրէն, այսինքն օդէն պիտի բաժնուէր։ Միւս գոյները մտահոգ էին անոր վիճակով։ Վերջապէս Կարմիրը Նարնջագոյնին հետ խօսեցաւ, քանի որ ամենամտերիմը ան էր։

– Ես պիտի երթամ ամպերուն քով։ Անոնց միանալով արցունք պիտի թափեմ եւ վիշտս պիտի ապրիմ։ Այլեւս վրէժ լուծել եւ միշտ երեւելի ըլլալ չեմ ուզեր, Նարնջագո՛յն։ Ի՜նչ օգուտ։ Նայէ՛, բոլորս մեր կեանքի աղբիւրէն բաժնուեցանք։ Բայց ուրախ եմ միայն մարդկութեան համար, գոնէ ան փրկուեցաւ։

– Մի՛ յուսահատիր, Կարմիր, ո՛չ, չեմ ձգեր։ Խնդրեմ, մի՛ երթար, համբերէ՛ եւ պիտի տեսնես, թէ երեք օր վերջ օդը երկինք բարձրանալով յարութիւն պիտի առնէ։

Դուն կը հաւատա՞ս այս խօսքին։ Մեզ մխիթարելու համար ըսաւ։ Դուք՝ չեմ գիտեր, բայց ես առանց օդի, այս զղջումով արդէն չեմ կրնար ապրիլ։ Մնաս բարով․․․։

Կարմիրը Ծիածանէն բաժնուեցաւ եւ արցունք թափելու համար ճամբայ ելաւ։ Տեղատարափէն վերջ ամպերը իրարմէ հեռացած էին եւ օդին մահէն յետոյ բոլորն ալ իրենց անկիւնը քաշուած էին։ Անոնք կը սպասէին օդին վերադարձին։ Ուստի Կարմիրը երկար ճամբայ կտրեց, որպէսզի ամպ մը գտնէ եւ մէջը թաքնուելով անձրեւուն սպասէ։

Երեք երկար օրեր ամպերուն համար մտահոգութեամբ, Ծիածանի միւս գոյներուն համար համբերութեամբ եւ յոյսով, իսկ Կարմիրին համար տխրութեամբ անցան։ Ի վերջոյ Կարմիրը ամպ մը գտաւ, որուն մէջ պիտի թաքնուէր։ Երբոր ամպին մօտեցաւ, յանկարծ սաստիկ հով մը փչեց եւ Կարմիրը հեռացուց այդ ամպէն։ Կարմիրը ապշած, հովուն նայեցաւ։ Հասկցաւ, թէ հովը իրականութեան մէջ օդն էր։ Ան իր երեւոյթը փոխելով յարութիւն առած էր։ Օդը զինք ողորմութեամբ գրկած եւ այդ ամպէն հեռացնելով կեանքը փրկած էր։ Հիմա պիտի կարենար կրկին Ծիածանին միանալ եւ անոր իրական բնութեան մէջ խաղաղութեամբ ապրիլ։ Ողորմութիւն գտնել ինչ երանելի բան էր, քանի որ օդին կողմէ ներուած էր, ան ալ որոշեց ներել զինք յուզող այդ ամպին։ Կարմիրը անհամբեր էր պատմելու Ծիածանի գոյներուն օդին յարութեան եւ ողորմածութեան մասին։

ՎԵՐՋ

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԾԻԱԾԱՆԻՆ ԳՈՅՆԵՐԸ (Դ.)

ՍԻՒԶԱՆ ԲՌՆԱԼԵԱՆ

․․․Իսկ Կարմիրը արդէն հասած էր իր ընկերներուն քով։ Անոնք նշմարած էին անոր բացակայութիւնը, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ անձրեւ տեղացած չըլլայ, անոնք անբաժան ընկերներ կը մնան։ Ուստի մանիշակագոյնը հարցուց․

– Ո՞ւր էիր, Կարմիր։ Գիտես, այս գիշեր անձրեւուն կը սպասենք եւ պատրաստութիւններու սկսած ենք։ Մեր ճամբու քարտէսը կը շինենք, պարի շարժումները կ’որոշենք։ 

– Այո՛, գիտեմ։ Օրերէ ի վեր այս անձրեւուն կը սպասենք, բայց ես ալ ձեզի ուրիշ ձեւով օգնելու համար հեռացած էի։ 

Դեղինը հարցուց.

– Ի՞նչ է այդ ուրիշ ձեւը։ Մենք չենք գիտեր ուրիշ ձեւով մտածել։ Դուն ուրկէ՞ սորվեցար։

Նարնջագոյնը միջամտելով ըսաւ․

– Օ՜, ես կարծեմ հասկցայ։ Ուրեմն նպատակիդ հասա՞ծ ես, Կարմիր։

Դեղինը ըսաւ․

– Դուն ի՞նչ գիտես, Նարնջագոյն։ Մեր միջեւ գաղտնիք կա՞յ։ Դուն իմ ամենամտերիմ ընկերս չէի՞ր։ 

Կանաչը խօսեցաւ․

– Շատ ամօթ կ’ընես, Դեղին։ Ամէն առտու առաջ քեզի բարեւ կու տամ, իրարու ի՜նչ-ինչ կատակներ ըրած ենք։ Ես չե՞մ ամենամտերիմ ընկերդ։

Կապոյտը ըսաւ․

– Հիմա ալ դուն ինծի ամօթ ըրիր, Կանաչ։

Լազուարթը բարկութեամբ ըսաւ․

– Աստուա՜ծ իմ։ Մէկ հատ մտերիմ ընկեր չունիմ։ Նոյնիսկ սիրտս նեղացնող ընկեր մը չունի՞մ։

Վերջապէս Մանիշակագոյնը այս խօսքերուն չկրցաւ հանդուրժել եւ ըսաւ․

– Այլեւս պիտի չկարենամ համբերել։ Դուք լրիւ խենթեցած էք։ Այս գիշեր երկինքին վրայ երկա՜ր ճամբայ պիտի քալենք, ցուցադրութիւններ պիտի կատարենք, իսկ դուք ինչպիսի՞ մտածումներու ետեւէ էք։ Հիմա միանալու ժամն է, ոչ թէ վիճաբանելու։

– Այո, հիմա կրնա՞մ պատասխանել ձեր հարցումին,- ըսաւ Կարմիրը։

Միւս գոյները միասնաբար ըսին․

– Անշո՛ւշտ։

– Ուրեմն, պատմեմ։ Մեզի առնուազն երկու ամպ պէտք է, որպէսզի իրարու զարնուին եւ անձրեւ տեղայ։ Մենք միայն այդ պահուն կ’երեւինք, երբ անձրեւ տեղայ։ Այս նպատակով ամպի մը սիրտը գրաւել կ’ուզեմ, որպէսզի ուրիշ ամպեր նախանձին եւ ինծի համար կռուին։ Եթէ այս նպատակիս հասնիմ, յաճախ պիտի երեւինք։ Այսինքն ես ալ մեզի համար կ’աշխատիմ։ Հասկցա՞ք։

Այն ատեն ծիածանի գոյներուն միջեւ երկմտութիւն մը մէջտեղ ելաւ։ Ոմանք ուզեցին յաճախ երեւիլ, իսկ ոմանք ալ նախընտրեցին երբեմն հանգստանալ եւ ոչինչ ընել։ Այս վարանումին վերջը չեկաւ եւ գիշեր եղաւ։ Անձրեւը սկսած էր։ Ամպերուն միջեւ պատահածները սոսկալի էին։ Ոչ Կարմիրը իր նպատակին հասած էր, ոչ ալ Գաղտնի ամպը։ Արդեօք ի՞նչ էր այս անձրեւուն պատճառը։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԾԻԱԾԱՆԻՆ ԳՈՅՆԵՐԸ (Գ.)

ՍԻՒԶԱՆ ԲՌՆԱԼԵԱՆ

Ան իր ընկերներուն քով վերադառնալով ամբողջ զրոյցը իր ընկերներուն պատմեց: 

Անոնք ալ խորհեցան, որ կարմիրը ծիածանէն խլելու համար հոյակապ առիթ մը գտած էին: Ամպերէն մին ըսաւ.

– Ապրի՛ս քեզի, կարմիրին սիրտը գրաւեցիր, մօտ օրէն կ’առնենք այս գրաւումին արդիւնքները:

– Չէ, այդքան շուտ մի՛ խանդավառուիր, նորէն ընկերներուն քով վերադարձած է:

– Այո, սիրտ գրաւել այդքան դիւրին գործ չէ:

– Բայց մինչեւ հիմա ծիածանէն ոչ մէկ գոյն կայ, ամպի մը սիրահարած ու իր ընկերներէն հեռացած է: Իսկ հիմա յոյս ունինք:

– Ճիշդ կ’ըսես եւ թէ կարմիրն է, որ պիտի խլենք: Մեր ուզածը ասիկա չէ՞ր:

– Բայց յոյսը անմիջապէս պտուղ չի տար: Պէտք է համբերենք: 

– Ի՞նչ կ’ըսես դուն: Այդքան ժամանակ չունինք: Աշխարհի վրայ պատժուելիք ահագին մարդ կայ:

– Ընկերնե՛ր, կը ներէք, բայց ես կասկածներ ունիմ: Մենք ո՞վ ենք, որ մարդ կը պատժենք: 

Այս հարցումին վրայ բոլորն ալ բարկութեամբ այն ամպին նայեցան, որ քննադատելու քաջութիւնը ցոյց տուած էր: Ի վերջոյ վիճաբանութիւնը դադրեցաւ, հիմա միտքի մը վրայ համաձայնեցան եւ միասնաբար ըսին․

– Չարութիւն ընող բոլոր մարդիկ պատժուելու արժանի են: 

Եւ Գաղտնի ամպը ըսաւ.

– Ի զուր վիճաբանեցաք, նայեցէ՛ք, հիմա բոլորդ ալ համաձայն էք պատժելու մասին: Մեր նպատակը յայտնի է: Չարութիւնը պատիժներով պիտի ոչնչացնենք: Որովհետեւ աշխարհի վրայ մեղք չգործող մարդ չկայ: 

– Կը ներէք, նորէն խօսք պիտի առնեմ եւ գիտեմ, որ մէկը չկայ, որ ինծի հետ համաձայնի, բայց ո՞վ պիտի պատժէ մեզ: Անմեղ կարմիրը իր հիասթափութեան դէմ ինչպէ՞ս պիտի պայքարի: Գոնէ իրմէ հրաման առնէիր, արդեօք ան կ’ուզէ՞ չարերը պատժել: 

Պահ մը լռութիւն տիրեց ամպերուն մօտ: Այլեւս անհրաժեշտ էր հոնկէ հեռանալ, որովհետեւ այս խօսքերը անտեսանելի ասեղ մը մխած էին իրենց մէջ: Անոնք կամայ ակամայ երկնքին վրայ շարժիլ սկսան եւ չգիտցան, թէ ո՛ւր կ’երթան:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԾԻԱԾԱՆԻՆ ԳՈՅՆԵՐԸ (Բ.)

ՍԻՒԶԱՆ ԲՌՆԱԼԵԱՆ

– Հակասութիւն պիտի չըլլայ: Ո՞վ չի սիրեր մարդոց երեւելի դառնալ, անոնց կողմէ տեսնուիլ: Աշխարհի վրայ ապրող բոլոր մարդիկ անհամբեր մեզի կը սպասեն: Երբ մեզ տեսնեն, կը լուսանկարեն, կը գծագրեն, ուրախ-զուարթ պար կը բռնեն: Դուն չե՞ս ուզեր աւելի հաճոյք պատճառել:

– Այո՛, մեզմով կ’ուրախանան, որովհետեւ մեզ հազուադէպ կը տեսնեն: Եթէ մեզ յաճախ տեսնելու առիթ ունենային՝ այսքան հրճուանքի պէտք կ’ըլլա՞ր: Սիրելի՛ ընկերս, եթէ կ’ուզես որ արժէքդ յարգեն, ուրեմն հասանելի պիտի չըլլաս: Նայէ՛, հիմա արժէքաւոր կը զգաս ինքզինքդ, որովհետեւ հասանելի չես: Յանկարծ կը տեսնուիս եւ կ’անհետանաս: Նոյնիսկ արժէքաւոր ըլլաս, մարդոց վարուելակերպին համաձայն արժէքդ կը զգաս: Անզգայ ամպերէն մի՛ սպասեր, որ քեզի արժէքդ ցոյց տան: Բայց դուն քու արժէքդ ցոյց կրնաս տալ:

– Ես արժէքս գիտեմ: Ոչ ոքի ցոյց տալու պէտք ունիմ: Եւ այն ամպը զիս չի կրնար վշտացնել: Որովհետեւ ես նպատակիս պիտի հասնիմ:

– Խօսքեր չկան: Յուսամ գլուխդ չես ծեծեր: Ամէն պարագայի, քեզի հետ եմ, սիրելի՜ ընկերս:

Այս խօսակցութեէն վերջ Կարմիրը բաժնուելով մօտեցաւ այն ամպին, որուն սիրտը գրաւել կ’ուզէր, որպէսզի հասնէր իր նպատակին: Ամպն ալ այդ պահուն առանձին կը շրջէր: Տակաւին անձրեւ տեղացած չէր եւ ծիածանն ալ անյայտ էր: Ուստի ոչ մէկը անդրադարձաւ կարմիրին փախուստին:

Ամպը եւ կարմիրը որսորդներու նման իրարու մօտեցան եւ սկսան զրուցել.

– Օ՜, կարմի՛ր, քեզ մինակ տեսնելը ի՜նչ մեծ բախտ է: 

– Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

– Որովհետեւ ծիածանին ամենագեղեցիկ գոյնն ես, եւ քեզի հետ զրուցելու արժանի եղող ամպն ալ ես եմ: Ասիկա մեծ պատիւ է: Չէի՞ր գիտեր:

Այս խօսքերէն վերջ Կարմիրին մարմինը երկնքին վրայ աւելի բարձրացաւ: Իր կարմրութիւնը աւելի հրապուրիչ դարձաւ: Ան արդէն ինքզինք թագուհիի պէս զգալու պատրաստ էր: Առանց կասկածելու ընդունեց այս գովասանքը եւ ըսաւ.

– Շատ շնորհակալ եմ: Հիմա ընկերներուս քով պէտք է վերադառնամ: Որովհետեւ այս գիշեր անձրեւու կը սպասենք:

– Ես ալ խորհած էի, որ այս գիշեր քովս կը մնաս:

– Ինչո՞ւ:

– Որովհետեւ ես ալ առանձին եմ: Թէ ամպերու աշխարհին մէջ, թէ աշխարհի վրայ ապրող մարդոց առջեւ ինքզինքս յատուկ կը զգամ: Միայն դուն հասկցար զիս, որովհետեւ դուն ալ ծիածանին մէջ իւրայատուկ գոյն մըն ես: 

– Ուրեմն, միշտ անձրեւ տեղացնող այդ զօրաւոր ամպը դուն պէտք է ըլլաս: Ես երթամ, որ դուն ալ գործիդ նայիս: Ցտեսութիւն, ամպ: Բայց կը ներես, մոռցայ հարցնել, թէ այս իւրայատուկ ամպին անունը ի՞նչ է:

– Անունս պիտի չըսեմ, որ անիկա ալ չմոռնաս: Նորէն ալ ինծի «Գաղտնի» կրնաս ըսել:

– Մնաս բարով, Գաղտնի ամպ:

– Ես կարօտով մնամ, որ դուն ալ դարձեալ գաս, Կարմիր:

Կարմիրը հեռացաւ եւ աչքերը ուրախութեամբ փայլեցան: Ան մտածեց, թէ Գաղտնի ամպին սիրտը գրաւած էր: Բայց իր սրտի տրոփիւնով ալ մտահոգ չէր, որովհետեւ սքանչելի դերասանութիւն մը ըրած էր: Իր սրտին տրոփիւնը, խանդավառ դէմքը եւ փայլուն աչքերը այս դերասանութեան մարմնական արտայայտութիւններն էին միայն, սիրահարած չէր: Նարնջագոյնը սխալած էր: Հիմա անոր քով երթալով ամբողջ խօսակցութիւնը պիտի պատմէր: Իսկ Գաղտնի ամպը շատոնց քմծիծաղիլ սկսած էր…:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն blog-ի վարչութեան հետ:

ԾԻԱԾԱՆԻՆ ԳՈՅՆԵՐԸ (Ա․)

ՍԻՒԶԱՆ ԲՌՆԱԼԵԱՆ

Կար ու չկար ծիածան մը կար: Կարմիրը նարնջագոյնին կը ժպտէր, նարնջագոյնը դեղինին կը փաթթուէր, դեղինը կանաչը կը գրկէր, կանաչը կապոյտին կը բարեւէր, կապոյտը լազուարթին հետ կը զրուցէր, լազուարթը մանիշակագոյնին հետ կը խնդար: Կարծես թէ երկինքը խաղավայր մըն էր իրենց համար: Անոնք անբաժան ընկերներ էին:

Օրերը այսպէս կ’անցնէին եւ անոնք ոչ մէկ մտահոգութիւն ունէին: Կարմիրն ալ ծիածանին գագաթը կը գտնուէր: Ան սիրոյ գոյնն էր, ուստի ինքզինք շատ զօրաւոր եւ ազատ կը զգար: Աշխարհի մէջ ամէն մէկ էակ պէտք է իրեն իշխանութեան տակ ըլլար: Եւ ոչ մէկը կրնար անոր դիմանալ: Անյաղթելի գոյն մը ըլլալու համար ամբողջ երկինքին տիրապետել եւ այս նպատակով ալ ամպերուն տիրանալ կ’ուզէր, որպէսզի շարունակ անձրեւ տեղար, որովհետեւ ան միշտ երեւելի ըլլալ կը փափաքէր: Ասիկա իր գոյապայքարն էր: Այս կիրքը իր սիրտը գրաւած էր: Գաղտնաբար այս ըղձանքը ծրագրել սկսաւ, բայց չէր գիտեր, թէ ամպերն ալ իրեն հանդէպ կիրքով լեցուած էին, որովհետեւ անոնք ալ կարմիր անձրեւ տեղացնել կ’ուզէին, այսպիսով չար մարդոցմով  լեցուն աշխարհը պիտի պատժէին եւ ասոր համար ալ կարմիրը ծիածանէն խլել պէտք էր: Բայց անոնք շատ կարեւոր բան մը մոռցած էին․ Աստուած, որ թէ երկինքէն վեր էր եւ թէ իրենց հետ էր… Ան ամբողջ աշխարհը վեց օրուան մէջ ստեղծած էր եւ ամէն բան կատարեալ էր: Արդեօք ինչպէ՞ս պիտի հասկնային այս իրականութիւնը:

Օր մը, կարմիրը գլխուն մէջ իր ծրագիրը աւարտեց: Բայց ձայն մը անհանգիստ կ’ընէր զինք։ Երկինքի խորերէն կու գար այս ձայնը: Ահ, կարծես թէ խօսողը ամպերէն ալ վեր էր: Ուստի չկրցաւ դիմանալ: Ամէն ինչ մէկու մը պիտի պատմէր: Այսպիսի պարագաներուն ամենամօտիկ ընկերդ կ’ընտրես: Ով որ քեզի մտերիմ է, քեզի կը նմանի, քեզ կը հասկնայ, մտիկ կ’ընէ եւ երբեք չի դատապարտեր, ան է վստահելի ընկերդ, որուն սիրտդ կրնաս բանալ եւ ցոյց տալ, թէ ինչպիսի չարութիւններ հոն մտած են:

Կարմիրին համար նկարագրուած այս ընկերը նարնջագոյնն էր: Ան նարնջագոյնին ըսաւ.

– Ծրագիրս պատրաստ է: Անձրեւ պիտի տեղացնեմ, այնքան պիտի տեղացնեմ, որ բոլոր ցանկութիւններս կշտացնեմ:

– Ինչպէ՞ս պիտի ընես:

– Երկու ամպեր պիտի խաբեմ: Իրենց միջեւ կռիւ պիտի հանեմ, որպէսզի իրարու զարնուին: Երբ որ ամպերը զարնուին, անշուշտ անձրեւ պիտի տեղայ:

– Անձրեւը դադրի եթէ ի՞նչ պիտի ընես:

– Անձրեւը չդադրած ուրիշ ամպեր ալ խաղիս մէջ առնելու պիտի սկսիմ:

– Այս խառնակ յարաբերութիւնները պիտի կրնա՞ս կառավարել: Եթէ բոլորն ալ քեզի թշնամի ըլլան, քեզ կ’ոչնչացնեն:

– Չէ, դուն չե՞ս ճանչնար ամպերը: Անոնք սիրտ չունին որ զիս ատեն: Ես նպատակիս հասնելու համար զանոնք պիտի գործածեմ:

– Բայց, սիրելի ընկերս, մենք սիրտ ունինք: Զգայուն ենք: Եթէ այս խաղին ընթացքին անզգայ ամպի մը սիրահարիս՝ շատ կը յուզուիս: Գիտես, ամէն մէկ խաղ իրականութենէն յառաջ կու գայ: 

– Հոգ մի՛ ըներ, նարնջագոյն, այս ծրագիրին կղպանքը իմ ձեռքս է: 

– Եթէ այդ կղպանքով դուն քեզ այս ծրագրին մէջ կղպես, բանտարկեալ կ’ըլլաս: Ամէն պարագայի, քեզի հետ եմ, գիտես, բայց պիտի յուզուիս: Ա՜հ, իմ սիրելի ընկերս: Ի՞նչ է ցանկութիւնդ: Ճիշդը ըսէ՛ ինծի։

– Ճիշդը ըսեմ քեզի: Ամպի մը տիրանալ ուզած էի, բայց անիկա մերժեց զիս: Իրմէ վրէժ պիտի լուծեմ: Իրեն մտերիմ ամպին պիտի տիրանամ: Ան ալ անպայման պիտի նախանձի: Այսպիսով իրենց աչքին առջեւ երեւելի պիտի ըլլամ: Զիս պիտի չմոռնան:

– Շատ աղէկ, քու եսդ չմոռնան, բայց ինչպէ՞ս պիտի յիշեն քեզ: Դուն ինչպէ՞ս յիշուիլ կ’ուզես: 

– Չեմ գիտեր: Մի՛ նեղեր զիս: Կարեւորը այն է որ չմոռցուիմ: Ես գոյութիւն ունիմ: Հոս եմ, ներկայ եմ: Ինչպէ՞ս կրնամ մերժուիլ եւ կամ բացակայ նկատուիլ: Անտես մնալուն չեմ կրնար դիմանալ: Արդէն միշտ անձրեւի կը սպասենք, որ երեւելի դառնանք: Ոչ, չեմ ընդունիր այս պայմանը: Քանի որ հոս եմ, պէտք է միշտ տեսնեն զիս:

– Քեզ շատ կը սիրեմ: Դուն եւ բոլոր ընկերներս, մենք բոլորս միասին գոյութիւն ունինք: Այս գաղափարդ միւս գոյներուն ալ պէտք է բացատրես: Միասնաբար պիտի շարժինք: 

– Ասիկա ոչ մէկուն պատմել կ’ուզէի։ Ըլլար եւ վերջանար: Անոնք ալ ծրագիրիս արդիւնքները պիտի տեսնեն: Եւ կը մտածեմ, որ մանիշակագոյնը ինձմէ շատ հեռու է, անպայման վրաս յանցանք կը գտնէ: Թող չգիտնայ ընելիքներս:

– Բայց մեզի պարտադրած կ’ըլլաս, թէ բոլորս միշտ երեւինք: Մենք գոյնզգոյն ենք: Աստուծոյ շնորհիւ իրարու համաձայն, խաղաղութեան մէջ կ’ապրինք: Այս ծրագիրդ եթէ կատարես՝ բոլոր քարերը իրենց տեղէն կը շարժին: Ամէն մէկ գոյնին տարբեր հակազդեցութիւնը մեր մէջ պատերազմ կը ստեղծէ։ Հիմա ամբողջ մարդկութիւնը մեզի նայելով կ’ուրախանայ: Յետոյ, ինչպէ՞ս պիտի բացատրենք մեր հակասութիւնը:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն blog-ի վարչութեան հետ:

ԳԻՒՂԸ ԴԱԼԱՐ ՄՆԱՅ

ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ

Ջրաւազանը Կապոյտ լեռներուն ստորոտը գիւղ մըն էր: Լեռները այնքա՜ն բարձր էին, որ իրենց գոյնը երկինքէն կ’առնէին: Գիւղն ալ կապոյտին ներքեւ դալար էր եւ սիրուն՝  իր հոսուն գետերով, առուակներով: 

Լեռներէն փչող զեփիւռին ձայնը մեղմօրօր կը լսուէր գիշերները: Տերեւները կը խշխշային եւ աղբիւրներուն շուրջ ճնճղուկներ կը գեղգեղէին: Մարդիկ ուրախ կ’ապրէին գիւղին մէջ:

Շատ առատ էր գիւղին ջուրը եւ զուլալ. գիւղացիներուն միակ թերութիւնն էր ջուրը անխնայ գործածել: Պարտէզներ, արտեր, ծառ ու ծաղիկ կը ջրէին առատ ջուրով: Մեծ ու փոքր կը մտածէին, որ անձրեւ կը տեղար ու ջուրը չէր պակսեր: Լեռներուն ձիւնը կը հալէր ու կը հոսէր աղբիւրներէն: Ոչ ոք ուշադրութիւն կը դարձնէր, որ եթէ օր մը ջուրերը ցամքէին, գիւղը անջրդի կրնար մնալ: Ծառ ու ծաղիկ, արտ ու անտառ կրնային թօշնիլ եւ երաշտ կրնար պատահիլ: 

Առաւօտ մը, կանուխ, գիւղը արթնցաւ: Մարդիկ իրենց սովորական գործերուն պիտի լծուէին: Յանկարծ տարօրինակ ձայներ սկսան մօտենալ: Նախ ոչ ոք հասկցաւ, թէ ի՛նչ էր այս ձայներուն պատճառը: Կապոյտ լերան կապոյտը սկսած էր շուքով ծածկուիլ: Դալար գիւղին անտառները կը դղրդային: Հրէշ մը կը մօտենար: Հրէշը հողը կը կիսէր, փոսեր կը բանար գետինը: Ան այնքա՜ն հսկայ էր, որ ամէն մարդ փախչեցաւ եւ տունը փակուեցաւ: Հրէշը գիւղին հրապարակին վրայ կանգնեցաւ եւ աղբիւրներէն հոսող ջուրը սկսաւ խմել: Խմե՜ց, խմե՜ց, կշտացաւ եւ երբ գլուխը բարձրացուց, տեսաւ առուակը, որուն ջուրը կը հոսէր գիւղին մէջէն: Բարկացաւ, մտածեց որ ջուրը պարապի կը հոսէր հրապարակի աղբիւրներէն. այս գիւղին պատիժ մը տալ, խորհեցաւ: Լեռնէն խոշոր ժայռ մը փրցուց ու տեղաւորեց առուակին սկզբնամասին: Յանկարծ ծորակներուն ջուրը կտրեցաւ, աղբիւրները ցամքեցան եւ առուակը չորցաւ: Մարդիկ իրենց գլուխը պատուհաններէն հանեցին հասկնալու համար պատահածը եւ հրէշը պոռաց.

– Ասիկա պատիժ թող ըլլայ ձեզի: Երբ ջուրը խնայողութեամբ չէք գործածեր, ծորակները չէք փակեր, իմ ջուրս կը պակսի: Ասկէ վերջ ձեզի ջուր չկայ: Բնութեան ջուրը ես պիտի օգտագործեմ:

Գիւղացիները վախցան, սպասեցին որ հրէշը հոնկէ հեռանայ, սակայն սպասուածը չեղաւ: Օրեր, ամիսներ անցան: Գիւղին կանաչը սկսաւ դեղնիլ: Ծառերուն տերեւները թափեցան եւ գիւղին գարունը մոխրագոյն տեսք մը ստացաւ:

Մարդիկ համախմբուեցան եւ որոշեցին հրէշին ներկայանալ, որովհետեւ բնութիւնը օրէ օր կը փճանար: 

Հրէշը կը քնանար իր որջին մէջ: Երբ աղմուկը իմացաւ, որոտալով ելաւ որջէն: Տեսաւ խումբ մը մարդիկ, որոնք կու լային. մեծ ու պզտիկ, երեխայ ու ծեր, երիտասարդ եւ պարման, այր ու կին կը հեկեկային: Անոնք այնքա՜ն լացին, այնքա՜ն հեկեկացին, որ առուակին չորցած մասը լեցաւ աղի արցունքով: Հրէշը զարմացած կը նայէր մարդոց, որոնք արցունք թափեր եւ առուակը լեցուցեր էին: Հիմա ծորակներէն աղի ջուր կը հոսէր: Հրէշը անոնց մեղքցաւ եւ հասկցաւ, որ Ջրաւազանը շա՜տ կը սիրէին: Անոնց ներեց եւ ըսաւ.

– Ո՛վ գիւղացիներ, այս անգամ կը ներեմ ձեզի, որովհետեւ փաստեցիք, թէ ձեր գիւղը ինչքա՜ն կը սիրէք ու կարեւոր է ձեզի համար: Սակայն այս սիրոյն մէկ փաստն ալ բնութեան բարիքները խնայողութեամբ գործածելն է: Հիմա ժայռը պիտի հեռացնեմ եւ հինին պէս աղբիւրներէն, ծորակներէն անուշ ջուր պիտի հոսի, առուակները նորէն պիտի գլգլան եւ գիւղը պիտի դալարի:

Հրէշը խոստումը կատարեց եւ կարճ ժամանակի մէջ գիւղը իր բնական վիճակին դարձաւ: 

Այն օրէն վերջ գիւղին բնակիչները միութիւն մը կազմեցին, որպէսզի ակերը խնայողութեամբ գործածեն: Հրապարակին աղբիւրներուն ծորակներ տեղաւորեցին: Առուակներուն մօտ ջրաղացքներ շինեցին, որպէսզի ջուրին ուժը օգտագործեն: Իրենց արտերն ու պարտէզները ջրելու համար մասնաւոր խողովակներ տեղաւորեցին հողին մէջ: Ծառեր տնկեցին եւ անտառը ընդարձակեցին:

Հրէ՞շը… հրէշը չկար այլեւս:

Հրէշը երաշտն էր, որ եթէ պատահէր, անոնք գիտցան, իրենց դալար գիւղը անապատի կրնար վերածուիլ:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն blog-ի վարչութեան հետ:

ՀԵՔԻԱ՞Թ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Տարիներ առաջ, այս հեքիաթը տեղ մը կարդացած էի։

Օր մը, երիտասարդ գիւղացի մը, առաւօտ կանուխ, եկեղեցի վազելով անոր զանգը քիչ մը շատ երկար կը զարնէ։ Գիւղացիք շուարած ու զարմացած կը հաւաքուին տղուն շուրջ եւ հարց կու տան, թէ ո՞վ մահացած է եւ գիւղը տեղեակ չէ։

Տղան կը պատասխանէ․

– Մեր գիւղին ԽԻՂՃԸ մահացած է։

Արդ, յատկապէս այս օրերուն, եթէ մենք ալ այս երիտասարդ տղուն արարքին հետեւինք, կը կարծեմ որ մեր եկեղեցիներուն զանգերը գիշեր-ցերեկ պիտի չլռեն։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԾԵՐԸ

19113319_1525495594167139_1215557466_n

Յ․ ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ

Քարայրի մը խուցին մէջ անտէր ու միայնակ ծեր մը կ’ապրէր:

Ան գիշերները ձկնորսութեամբ կը զբաղէր: Մեր ծերը երբ հինգ կամ վեց ձուկ որսար՝ կը բաւարարուէր, կը վերադառնար իր խուցը, ձուկերը կը խորովէր եւ նախքան ճաշելը իր Ստեղծիչին հետեւեալ շնորհակալութիւնը կը յայտնէր.

-Այսօր ալ, Տէ՛ր Արարիչ, տուիր ինծի ճաշ ապրելու, շնորհակալ եմ եւ երախտագէտ  բարիքիդ համար,- ապա կը նստէր, Արարիչին տուած բարիքը խաղաղութեամբ կ’ուտէր եւ իր բաւարար սնունդը կը ստանար:

Ան մինչեւ խոր ծերութիւն ապրեցաւ այսպէս ու երբեք դժգոհանք չունեցաւ: Ան այս միօրինակութեան պատճառով ալ երբեք գանգատ չունեցաւ:

Ինչի՞ս պէտք են հարստութիւնը, փառաւոր սեղանները, խմիչքներն ու պտուղները, կը խորհէր ան:

Մեր ծերը կը բաւարարուէր ամէնօրեայ հինգ-վեց ձուկով եւ կշտանալէ ետք ուրախութեամբ կը յանձնուէր խաղաղ քունին:

Երբ կեանքին վերջին օրերը կը մօտենային, մեր ծերը հիւանդացաւ, ալ ծով իջնել անոր համար անկարելի էր: Ան դատապարտուած էր անօթի եւ հիւանդ մեկնելու անդենական:

Ծովեզերքի թափառական շուները որսորդներու ուռկաններէն մէկական ձուկ իրենց բերնին մէջ պահած կու գային, հիւանդ ծերուկին քարայրը մուտք կը գործէին, որպէսզի ձուկերը անոր տան, որ ուտէ եւ սոված չմահանայ, սակայն՝ ապարդիւն, ծերուկը զանոնք խորովելու ո՛չ ուժ ունէր, ոչ կարողութիւն:

Մեր ծերը մինակ քարայրին մէջ օրէ օր կը հիւծէր։ Կիրակի օր մը, արեւածագին, ան մնաս բարով ըսաւ աշխարհին:

Ծովեզերքի բոլոր շուները լուռ, շարան-շարան եկան, քարայրին մուտքին անձայն բազմեցան ու սգացին քարայրի անտէր, բարի ծերուկին մահը:

 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ

 

ԱՆՕԹԻ ՆԱՊԱՍՏԱԿԸ

Մանկական հեքիաթFIELD

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

Կար ու չկար անօթի նապաստակ մը կար։ Այս նապաստակը բանջարանոց կը մտնէ ու ի՜նչ տեսնէ աղէկ: Բանջարանոցը լեցուն է ահագին բանջարեղէններով: Ուրախութենէն կը շուարի, թէ ո՞ր բանջարեղէնով սկսի իր նախաճաշը: Ուստի մէյ մը կաղամբին կը մօտենայ, խած մը կ’առնէ, մէյ մը ստեպղինէն խածիկ մը, մէյ մը՝ վարունգէն… եւ այսպէս շարունակ երգելով, թռչկոտելով ու ցատկռտելով իր առաւօտը տօնի կը վերածէ:

– Օ՜ֆ, շատ կերայ, աս ուրկէ՜ դէմս ելաւ այս բանջարանոցը, այլեւս ամէն օր կու գամ,- կ’ըսէ ու փորիկը շփելով դուրս կ’ելլէ բանջարանոցէն եւ քիչ մը անդին խոտերուն վրայ կ’երկննայ հանգստանալու:

Քիչ վերջ բանջարանոցին տէրը կը մօտենայ բանջարեղէնները հաւաքելու, որպէսզի զանոնք քաղաք տանի ու ծախէ:

Ան հազիւ ոտքը բանջարանոցին մուտքին դրած, կը շշմի.

– Աս ի՜նչ իրարանցում է, այս ո՞վ համարձակած է մտնել բանջարանոցս ու ամբողջ բերքս փճացնել: Հիմա ինչպէ՜ս զանոնք պիտի տանիմ քաղաք ծախելու:

Տէրը այսպէս կը տխրի, կը զայրանայ, կը հաւաքէ փճացածները, կը մաքրէ բանջարանոցը, սակայն որպէսզի մնացածը եւս չփճանայ՝ շուտով միտք մը կը յղանայ: Ան փայտերով խրտուիլակ մը կը պատրաստէ, մեծ գլխարկ մը կը դնէ ու միտքէն կ’ըսէ.

– Թող համարձակի, տեսնեմ, ով որ է, գալ, մտնել բանջարանոցս:

Յաջորդ առաւօտ անօթի նապաստակը կրկին կու գայ նախաճաշի: Բանջարանոց մտնելուն պէս կ’ապշի ու երկիւղ կը մտնէ փորիկը: Այս մարդը ո՞վ է բանջարանոցին ճիշդ մէջտեղ, կը մտածէ: Կը պահուըտի թուփի մը ետեւ ու կը սպասէ որ մարդը հեռանայ:

Բայց մարդը ինչպէ՞ս հեռանա՜յ, չէ՞որ խրտուիլակն է:

Նապաստակը կը սպասէ, կը սպասէ, կը սպասէ՜, կը սպասէ՜… շատ կ’անօթենայ, ի վերջոյ կը նկատէ որ այս մարդը այսքան ժամանակ բնաւ չշարժեցաւ: Ուստի կամաց-կամաց կը փորձէ յառաջանալ. սկիզբը մէկ ոտքը առջեւ կը նետէ ու շուտով կը փախչի, բայց կը տեսնէ որ մարդը երբեք չի շարժիր, այս անգամ երկու քայլ, ապա երեք քայլ առջեւ կը մօտենայ ու կը հասնի խրտուիլակին.

– Օ՜, հիմա հասկցայ,- կ’ըսէ նապաստակը ու կը ծիծաղի իր վախկոտութեան վրայ: Անօթութիւնը պահ մը մոռցած կը սկսի յաղթական խաղեր խաղալ պարտուած խրտուիլակին հետ: Ան մէյ մը անոր գլխարկը կը հանէ ու իր գլխուն կը դնէ, մէյ մը իր թեւերը կը բանայ ու խրտուիլակին դիմաց անոր պէս ձեւեր կ’ընէ, մէյ մը թեւին վրայ կ’ելլէ… ապա մեծ յափշտակութեամբ կը նետուի կաղամբին, ստեպղինին, վարունգին վրայ ու ամէն մէկէն խած-խած առնելով փորիկը կը կշտացնէ եւ կը հեռանայ բանջարանոցէն:

Տէրը արտէն յոգնած տուն կը վերադառնայ ու ի՜նչ տեսնէ, բանջարանոցը կրկին տակնուվրայ վիճակ առած է: Շատ կը բարկանայ.

– Հմմ, ասիկա կայ-չկայ նապաստակին գործն է,- կ’ըսէ,- դուն խրտուիլակէն ալ չվախցար, չէ՞. ես վաղը քեզի ցոյց կու տամ, թէ ի՛նչ ըսել է առանց հրամանի ուրիշին բանջարանոցը մտնել ու առանց հրամանի ուրիշին ունեցուածքին ձեռք նետել:

Ուստի կ’որոշէ վաղը առաւօտ իսկ ցնցոտիներ հագուելով խրտուիլակի պէս ծպտուիլ:

Նապաստակը, իր սովորութեան համաձայն, յաջորդ առաւօտ կրկին կու գայ բանջարանոց: Մուտքին անմիջապէս կը նշմարէ խրտուիլակը, բայց փոխանակ վախնալու կը խնդայ.

– Հա, հա, հա՜ , դուն զիս պիտի վախցնե՞ս,- կ’ըսէ ու քմծիծաղով մը կը մօտենայ, որպէսզի անոր դիմաց քա՛ջ-քաջ ձեւեր ընէ:

Սակայն անմիջապէս որ ձեռքը կը նետէ խրտուիլակին գլխարկին, տանտէրը նապաստակին ականջներէն ամուր բռնած վեր կը քաշէ զայն ու կը սաստէ.

– Անգամ մըն ալ պիտի մտնե՞ս բանջարանոցս:

– Ու՜յ, ո՜ւյ, ո՜ւյ, ազատ ձգէ զիս, ի՛նչ կ’ըլլաս, անգամ մըն ալ չեմ գար:

– Կը խոստանա՞ս:

– Այո՛, այո, միայն ինծի բան մը մի ըներ, ի՛նչ կ’ըլլաս:

Տանտէրը բարի մարդ ըլլալով նապաստակին կը մեղքանայ եւ ցոյց կու տայ քիչ մը անդին մարգագետին մը ու կը յանձնարարէ որ հոն երթայ եւ իր նախաճաշիկը հոն ընէ ու առանց հրամանի գալով մարդոց բերքը չփճացնէ:

Այդ օրուընէ նապաստակը կը հասկնայ իր սխալը, այլեւս բանջարանոց չի մտներ, փոխարէնը դաշտ կ’երթայ ու խոտ կ’ուտէ, իսկ գիւղացին բերքը կը հաւաքէ ու կը տանի քաղաք ծախելու:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: