ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿՆԵՐ (ՂԲ․)

ԿԱՐՕ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

ՋԺԱ․
Եթէ Պոլիս ծնած ես եւ լաւ դերասան ես, չի նշանակեր, որ Պարոնեան կրնաս կարդալով ներկայացնել եւ կարդացածդ հասկնալ։ Բայց ի՞նչ կարեւոր է ասիկա․ կը բաւէ որ ձայնիդ ելեւէջ տալու կարողութեան տիրապետած, ձայնդ բարակցնելու եւ հաստցնելու արուեստին տիրապետած ըլլաս, բայց հայերէն իմացութիւնդ ըլլայ այնքան բարակ ու փխրուն, որ «առանձնաշնորհաց»ը «առանձնաշնորհած» կարդաս․ քալեցո՛ւր, իւրիւրտմիւշ ըրէ, հասկցողը ո՞վ է։ Վաղը մրցանակ ալ կը ստանաս։ Դռները բաց են։

ՋԺԲ․
Մենք մեր գնումն ու քունումը միայն Մեծ Պազարը կ’ընենք։ Պզտիկ պազարներ ալ կան շատ հաւանաբար, մեծ ու փոքր խանութներ, բայց Մեծ Պազարին պէս չկայ, հոն եղած ապրանքը միշտ թարմ է, նոյնիսկ եթէ տասն անգամ եռացնես, եփես, տապկես կամ խաշես՝ թարմութիւնը չի կորսնցներ։

ՋԺԳ․
«Արդար իրաւունքը՝ անշրջանցելի է»։
Աս բառերը գրուած ու տպուած են թուղթերու վրայ, երիտասարդական միութեան մը կողմէ պատրաստուած։ Ամէն մարդ նոյն աս թուղթը կը բռնէ ու կը նկարուի մայրիներու երկրին մէջ։ Մէկը չկայ մէջերնին, որ հայերէնի կէտադրութեան իրաւունքի արդարութեան մասին խօսի ու ըսէ, որ ասքան պարզ ու անբարդ նախադասութեան մէջ բութը գործ չունի։ «Հայ ժողովուրդը անմահ է»ի չափ ու պէս պարզ նախադասութիւնը եղած է «Հայ ժողովուրդը՝ անմահ է»։

ՋԺԴ․
Մեր ազգի արդար զաւակները ամէն երկրի մէջ թուղթ ի ձեռին լուսանկարուած են։ Թուղթերուն վրայ կան տարբեր-տարբեր գրութիւններ։ Կեցողները բանտարկեալներ կը յիշեցնեն, թէեւ պահանջատիրոջ վիճակ եւ դեր կ’ուզեն ստանձնել յայտնօրէն։ Բանտած են իրենք զիրենք կ’երեւի այդ թուղթերուն շղթաներով, թուղթէ շղթայ-շերեփներով։

ՋԺԵ․
Զիպիլնէթի «Բացերակ» իւրայատուկ յայտագրին իւրայատուկ հիւրն է Էրտողանի Պոլսոյ իւրայատուկ հայաթերթին իւրայատուկ խմբագիրը։ Երիտասարդ լրագրողը կը հարցնէ խմբագիրին, որ դուք հերոս էք, դուք սաքան տարի է տակաւին ձեր առագաստը պարզած կը նաւարկէք․․․ խեղճին «առագաստ» տեսածը Էրտողանին լայն փէշերն են, որոնց ծփուն զովութեան մէջ այդ օրաթերթը իր մնայուն հանգիստը կը վայելէ, հեռու ամէն տեսակի վտանգէ ու փորձութիւններէ։ Մենք վարժուած էինք կաթողիկոսներուն բերնէն միայն «պէտք է, պէտք է» լսելու։ Բայց տեսանք, որ աս խմբագիրն ալ «պէտք է սանկ ընենք, նանկ ընենք»ներու շարք մը շարեց, կարծես իր օրաթերթը տակաւին չէ սկսած հրատարակուիլ, կարծես անիկա ապագայի երազ է միայն։  

ՋԺԶ․
Լիբանոս լերան հայկական ծերանոցին մէջ պատսպարեալ ծերերուն ձեռքն ալ թուղթեր տուած են, ինչու ծերերը պահանջատէր չե՞ն կրնար ըլլալ,– բուն ատոնք են պահանջատէրը,– որոնց վրայ գրուած միատողերն ալ գեղեցկացած հայերէնով են․ «Իմ արմատներս Տիգրանակերտէն է», «Իմ արմատներս Տէօրթեոլէն է»․ «Քէօք(են)լերըմ Տիգրանակերտտէն տըր»․ «Քէօք(են)լերըմ Տէօրթեոլտան տըր»։ Երանի թրքերէն գրէին, գոնէ ճիշդ կ’ըլլար արտայայտութիւնը։

ՋԺԷ․
Մենք մարդ պատրաստելու համար դրամ չունինք։ Մեր հաւաքած հազարաւոր, միլիոնաւոր գումարները կը յատկացնենք Ամերիկայի ծերակուտականներու գրպանները լեցնելու առաքելութեան, որպէսզի «ցեղասպանութիւն» բառը իշու պէս յառաջ քշեն, ցեղասպանութիւնը ընդունիլ տալ։ Եւ ատով մենք գոհացում կը ստանանք։ Աս է մեր գոհունակութեան աղբիւրը։ Եթէ կարգը մարդ պատրաստելու, լեզու սորվեցնելու գայ՝ անմիջապէս կ’ըսենք, որ դրամ չունինք։

Եղբա՛յր, քո՛յր, այդ ծախսուած միլիոնները օր մըն ալ մարդ պատրաստելու, լեզու սորվեցնելու տրամադրեցէք։ Մարդ պատրաստել կ’ըսեմ, էշ պատրաստել չեմ ըսեր։ Էշ պատրաստելու սիրով պատրաստ էք դրամ յատկացնել։

ՋԺԸ․
Պէյրութի «Աղքատ» օրաթերթը տակաւին չէ սորված «զրոյց» բառին իմաստը։ Մի՛ զարմանաք։ Պէյրութի երեք օրաթերթերուն խմբագիրները շալկուած գացած են կաթողիկոսին քով անոր հետ զրուցելու․․․ իբրեւ թէ, չեն գիտեր, որ կաթողիկոսներու հետ զրուցելը անկարելի, գերմարդկային ու գերբնական բան մըն է։ Այդ մարդիկը միայն կրնան պատգամել․ ուան մեն շօ ու ուան ուէյ թիքէթ․․․ եւ ճիշդ այդպէս ալ, մեր երեք ասպետները ուան ուէյ թիքէթը կտրեր, գացեր, նստեր են մարդուն հովանիին, չէ, ներողութիւն, յուշարձանին հովանիին տակ ու մարդուն պատգամները մտիկ ըրեր, զորս յետոյ մանրամասնօրէն՝ երկար-բարակ ալ կը մէջբերէ «Աղքատ»։ Վերջաւորութեան ալ կ’ըսէ, անշուշտ առանց անդրադառնալու, թէ «զրոյց» բառը ի՛նչ կրնայ նշանակել ընդհանրապէս․ «․․․ մայրավանքի Հայաստանի Անկախութեան յուշակոթողին հովանիին տակ շուրջ երկու ժամ տեւած զրոյցը (․․․) կաթողիկոսին հետ (․․․) »։ Ի՞նչ զրոյց, բարեկամնե՛ր։ Գրեցէ՛ք, որ գացիք, սուսիկ-փուսիկ նստաք, սուրճերնիդ խմեցիք,– անոյշ ըլլա՛յ, շաքարը լա՞ւ էր,– ձեր 1000 անգամ լսածը 1001րդ անգամ մտիկ ըրիք, մտիկ ըրած ատեն ալ խելքերնիդ հոս-հոն գնաց, ետ եկաւ-չեկաւ՝ շատ ալ կարեւոր չէ։ Յետոյ ալ շալկուեցաք տուն գացիք։ Աս է եղածը։ Բան մը փոխուեցա՞ւ ձեր կեանքին մէջ, մեր կեանքին մէջ։

ՋԺԹ․
Մարդ կը զարմանայ։ Ի՞նչ տեսակ հայ են մեր աս ղեկավարները։ Սա քորոնայակապերը դրեր էք քիթ-բերաննուդ, գոնէ հայավարի եռագոյն ըլլային անոնք։ Չէի՞ք կրնար։ Ասպէ՞ս կը յարգէք մեր նահատակներուն յիշատակը։ Չէ՞ք ամչնար։

ՋԻ․
Բարեկա՛մ, աւելի ճիշդ՝ թշնամի՛, մենք ցաւակցութեանդ պէտք չունինք։ Ինչի՞ համար կը ցաւակցիս։ Չէ՞ որ բան մը տեղի չէ ունեցած։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՀԱԶԱՐՈՒՄԷԿ ԳԻՇԵՐՆԵՐՈՒ ԵՐԱԶՆԵՐ (843-850)

ՈՅԺ

ՈՒԹՀԱՐԻՒՐԵՒՔԱՌԱՍՈՒՆԵՒԵՐՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Անակնկալ այցելուն նոյնինքն Մուսթաֆա Մատպուլին է: Ինչպէ՞ս մտքէս չանցնի միւս Մատպուլին՝ կատակերգակ դերասան Ապտէլ Մոնէյմը, որ խաղարկութեան իր ոճով յաւակնած էր հիմնած ըլլալ ուրոյն դպրոց մը՝ Մատպուլիզմը: Վարչապետը սակայն լուրջ անձ է ու կը թուի ձեռնհասօրէն կատարել ինչ որ վստահուած է իրեն: Ոտքի կը կանգնի – կ’երեւի արդէն նստած էր բաւական – եւ … հիւրասենեակիս անկիւնը լուացարա՞ն կայ եղեր… ձեռքերը կը լուայ: Զարմանալի չէ՝ պսակաձեւ ժահրի այս օրերուն…

Պիտի մեկնի, բայց ահա կ’ուզէ տեղեկանալ ցեղասպանութեան հանգամանքներուն…: Յուշատետրի էջին վրայ աչքին զարկած ըլլալու է Ապրիլ 24ը: Բայց ոտքի վրայ ենք, ի՞նչ կրնամ բացատրել: Նաեւ կը նշէ 1892ը իբրեւ կարեւոր թուական: 1896ի համիտեան ջարդերո՞ւն կ’ակնարկէ: Իմ կողմէ որեւէ ճշդում դիւանագիտական պրոտոկոլէ շեղում կրնայ նկատուիլ: Թերեւս ալ տգիտութիւնս հաստատեմ…: Քանի մը բառով կ’անդրադառնամ Օսմանեան Կայսրութենէն անկախանալ տենչացող ժողովուրդներուն, եւ դեռ չեկած հայերուս… կը զգամ որ ձախ աչքիս ոսպնեակը խախտած է, պիտի իյնար ալ, եթէ բթամատով ու ցուցամատով չբռնէի…

Ու հոգէն ու ճիգէն կ’արթննամ… ի՛նչ ոսպնեակ, տասնհինգ տարիէ ի վեր դադրած եմ գործածելէ…

ՈՒԹՀԱՐԻՒՐԵՒՔԱՌԱՍՈՒՆԵՒՉՈՐՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Յանկարծ ծնծղաներ կը ծափեն, ու ես եմ որ կը հետեւիմ գեղապարոյր աղջկան: Բեռնաւորուած եմ պտուղներով՝ խնձոր, սերկեւիլ, տանձ ու դեղձ, եւ արդէն առջեւն ենք եբենոս դրան, զոր աղջիկը կը բաղխէ եւ ժպտուն մէկ ուրիշը կը բանայ: Մարմարակերտ սրահին մէջ օթոցներ են ու վարագոյրներ թաւշեայ ու ոսկենախշ եւ երրորդ աղջիկ մը կու գայ ընդառաջ: Հրաւիրուած եմ կոչունքի: Խորտիկներու կը յաջորդէ խորովածն ու անդադրում է հոսքը գինիին: Պիտի աւարտէր պտուղներով, բայց առաջինն անխիպօրէն կը մերկանայ ու կը նետուի մշկաբոյր աւազանին մէջ ու լուացուելով յայնկոյս՝ կը նետուի գիրկս ու մատն ագռմէջին կը հարցնէ․ «Ի՞նչ է աս»: «Շահասպրամ»: Կը զարմանայ, գիտեմ որ կը սպասէր լսել՝ «Պուց» ու պիտի ծեծէր զիս ու խածնէր՝ բառն համարելով գռեհիկ: Կը խաղանք ու կը շոյշոյենք: Կարգն է երկրորդին եւ աւազանէն ելլելով գիրկս կը նետուի ու նոյն հարցումին կը պատասխանեմ՝ «Թրաշուշան», մինչ ինք կ’ակնկալէր՝ «Բունոց»: Կը խաղանք ու կը շոյշոյենք: Երրորդ աղջկան պատասխանս է՝ «Մեղրածաղիկ», մինչ իր ակնկալածն էր՝ «Համք», եւ շոյախաղէն ետք կը բարձրացնեմ ու կը հարցնեմ, եւ չե՛մ սպասեր որ պատասխաններն ըլլան՝ «Կլիր», «Ճուճ» եւ «Վարոց», զի անկասկած իրե՛նք ալ կարդացած են Հազարումէկ Գիշերներու «Բեռնակիրն ու Երեք Աղջիկները» դրուագը:

ՈՒԹՀԱՐԻՒՐԵՒՔԱՌԱՍՈՒՆԵՒՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Գիտակից եմ ծիծաղելիութեան, բայց կը յամառիմ: Հարիւրնոց մը տուեր եմ, ու եօթանասուն պէտք է վերադարձնէ: Բայց միշտ ալ կը մերժեմ, որովհետեւ պիտի չդաւաճանեմ միայն մաքուր դրամ կրելու սկզբունքիս: Համաձայն եմ նոյնիսկ նորատիպ յիսուննոցով մը գոհանալ, բայց մարդն անտարբեր է առիթին ու հազարումէկ ձեռքէ անցած ախտավարակ մը կը մեկնէ: Բողոքեմ պիտի: Այս հաստատութիւնը ունենալու է տնօրէն կամ պատասխանատու: Եկո՛ւր ու գտի՛ր: Կը մնայ օրէնքին ապաստանիլ:

Փողոց կ’ելլեմ ու բարեբախտաբար ոստիկանատունն անկիւնադարձին է: Տարածուն ու բարձրառաստաղ սրահին աջակողմեան պատին վերի մասն ամբողջովին ապակեայ է ու ոստիկանապետը նստած է անոր ետին եւ տարօրինակ է որ բարձրանալու որեւէ կերպ չկայ: Բայց կը խօսիմ երբ, ձայնս հաճելիօրէն լսելի է ամէնուր: Վերէն չեն համակրիր սակայն, այլ հրաման է կ’երեւի, որովհետեւ կը յայտնուին ծանր ու հնոճ գնդացիրներով զինուած մարդիկ, որոնց հետ նախընտրելի է որեւէ գործ չունենալ…:

Դուրսը շրջանով մը վերադառնամ պիտի, թէեւ չեմ գիտեր համակերպա՞ծ եմ պարտադրուած կացութեան, իսկ եթէ ո՞չ…: Բայց ի՞նչ էր, գրասենեա՞կ էր, չկայ, այլ վաճառատուն է ամենատեսակ պտղաշաքարներու: Ով ի՞նչ կ’ընէր եթէ իմ տեղն ըլլար…

ՈՒԹՀԱՐԻՒՐԵՒՔԱՌԱՍՈՒՆԵՒՎԵՑԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Երկաթուղիի կայարանն եմ, ու կ’երեւի Լուքսոր-Ասուանն է դիմավայրս, որովհետեւ ննջակառք կը բարձրանամ: Բայց սպասածս չէ՝ տարինե՜ր առաջ անձնական փորձառութեամբ հաստատուած… կիներ են հոս ու հոն, մայրեր՝ իրենց նորածիններով կամ փոքրիկներով, եւ անկիւնները գրաւուած են մանկական կառքերով ու մահճակալներով: Ո՞ւր պիտի կարենամ քնանալ, թէեւ այնքան անհանգիստ էր կամ վարժ չէինք Կասիան ու ես, եւ չեմ յիշեր՝ Արիազատն ու Ծովինարը, տասնէն բաւական վար երկուքն ալ, քուն մը քաշա՞ծ էին կամ ոչ:

Ինքնաշարժէն ներքնակ մը կը բերեմ: Այս ներքնա՜կը… պզտիկներուս յաջորդաբար գործածած մահճակալէն, որ բաւական մեծ էր կ’երեւի, նոյնիսկ ես կերպով մը կը պարտկուիմ վրան: Ո՞ւր պիտի դնեմ, մէջտեղը, ուրիշ տեղ չկայ, ոտքի տակ պիտի ըլլայ եւ հաւանաբար կառախումբի պաշտօնեան հրամայէ վերցնել եւ մայրերն անպայման դժգոհին: Բայց չկայ առարկող եւ այս անգամ երանաւէ՜տ ծփանքով պիտի Հին Եգիպտոս հասնիմ:

ՈՒԹՀԱՐԻՒՐԵՒՔԱՌԱՍՈՒՆԵՒԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Գնահատելով գիրքի սէրս, եւ իբրեւ բացառիկ պատիւ՝ առաջնորդեր են զիս պատկառազդու գրադարան մը, որ կը թուի մաս կազմել դարերէն եկող համալսարանի մը, կամ նոյնիսկ՝ Վատիկանին: Անկասկած ինձմէ կը սպասուի նշանակալից գրականագիտական ներդրում: Տախտակամածի վրայ հնչող ոտնաձայները կը հեռանան արդէն: Զիս ձգեր են առանձին: Օ՜, հատորներ իտալերէն, լատիներէն, բայց եւ հայերէ՛ն: Խցկուեր են իրարու: Կը քաշեմ մին՝ տարիներու, թերեւս դարերո՞ւ, իր կալանքէն: Կը բանամ առջեւս, կարմրափայտ սեղանին վրայ: Սակայն…

Քունս կու գայ: Գիշերուան ուշացող ու յանկարծ տիրապետող քունը չէ այս, ոչ ալ քաղցրահրաւէր քունը յետ միջօրէի: Անդիմադրելի քուն մըն է, որ կը համակէ ակն ու գիտակցութիւն ու կը հակէ գլուխս էջաբաց հատորին: Այս ի՞նչ կացութիւն է, ինչ ամօ՛թ ինծի ու սա՛ստ հիասթափ: Ոտնաձայներ կը լսուին կարծես ջրամոյն քարայրներէ…: Ու կը կարծեմ ինքզինքս քաշել քունէս դուրս…: Աւելի մօտ հիմա, աւելի մօտ… քանդումն ակնկալութեանց…:

ՈՒԹՀԱՐԻՒՐԵՒՔԱՌԱՍՈՒՆԵՒՈՒԹԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Թիւով միայն ութ հոգի պիտի ընդունուի ձայնամարզութեան ուսուցչուհիին կողմէ, ու երկրորդ բախտաւորն եմ ու կը յայտնաբերեմ որ միւսները պատանիներ են, մանուկներ գրեթէ: Ի՞նչն է երաշխաւորած իմ ընդգրկումն այս տարիքիս: Բաւարա՞ր պէտք է համարել արդեօք բարեկամներու ներկայութեան կամ պտոյտի ընթացքին արաբերէն կամ հայերէն սիրած մէկ երգիս հազուադէպ կատարումը՝ կացութենէ ներշնչեալ կամ քմահաճոյքի թելադրանքով: Հազուադէպ ու մասնակի՛, զի գիտէի որ շարունակելու, ամբողջացնելու պարագային՝ պիտի շեղէի, ու խաթարուէր պիտի անթերին: Կ’անդրադառնամ որ արձագանգն է հին փափաքիս՝ չըլլալ միայն գրող, այլ երաժիշտ նաեւ: Բայց չէ՞ որ կը մնայ նկարչութիւնը, եւ ամէն ինչ դասական ուղիով սկսելու համոզումս կը պարտադրէ երկա՜ր ու թերեւս ապարդի՛ւն սերտողութիւնը գծելու արուեստին:

ՈՒԹՀԱՐԻՒՐԵՒՔԱՌԱՍՈՒՆԵՒԻՆՆԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Գրութիւնս աւարտեր եմ ու ժամանակ անց անգամ մըն ալ կը կարդամ ու կը վայելեմ: Բայց ան՝ որ գործերուս հրատարակիչն ըլլալ կը թուի ու գնահատողն առաջին՝ արագ աչք մը նետելէ ետք, ինծի կը նայի զարմացական․ «Այս գրութիւնը դուն բերած էիր տարի մը առաջ, այո, տարբերութիւններ կան մանրամասնութեանց մէջ, բայց ընդհանուրը նոյնն է: Ուրիշ ըսելիք չունի՞ս»: Ես ալ զարմացած եմ, ու աւելի՛, ինչպէ՞ս կրնամ մոռցած ըլլալ ինչ որ գրած էի ես ինքս, ու նստած ու նոր շունչով, նոր զուարճանքով գրած, ու մե՜ծ ալ գոհունակութեամբ, նո՛յնը: Ձեռքը դրած է գրութեանս վրայ եւ ինծի կը մնայ մեկնիլ: Վճռած եմ անյապաղ բոլորովին նոր գրութեան մը ձեռնարկել, բայց ի՞նչ էր հինը:

ՈՒԹՀԱՐԻՒՐԵՒՅԻՍՈՒՆԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Խոստում տրուած է շրջադարձի, բայց վստահ չեմ՝ հրաւէրի՞ կ’ընդառաջեմ, թէ անձնական նախաձեռնութեամբ որոշեր եմ երթալ…: Այսպէս կամ այդպէս՝ ներկայանալի պէտք է ըլլամ, զգուշանալով սակայն պճնանքէ: Հայելիին առջեւ կը փորձեմ փողկապներ, շա՜տ են որքան, ստորագրեալ ու մետաքսեայ, ժառանգեր եմ անհետացած սերունդներէ ու գներ ալ եմ անհետացած ժամանակներէ…: Մէկ առ մէկ կը սեւեռեմ հիացիկ…: Թող մնան ու սպասեն…:

Ու կը փակեմ փեղկերը պահարանին…: Ու կ’ազատեմ ինքզինքս սեւաթաւիշ համազգեստէն ու կը քաշեմ ճինզն ոտքերէս վեր ու կը ձգեմ շապիկն ալ վրան:

Ստիպուա՞ծ են ընդունիլ, դժկամակ, թէ հարցն արդէն կարգադրեալ է անվերադարձ… ժպիտ ունիմ ի տես… այլ հոգս չէր, փափաքեա՜լ էր նոյնիսկ, մերժուիլ…:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԼԱՑԸ ՀԱՐՑԱԿԱՆ

ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ

Վերջին անգամ ե՞րբ լացեր էի, կուշտ ու կուռ արցունք թափեր, որպէսզի տարտղնէին ամպեր եւ պայծառանար երկինք:

Մարդ ե՞րբ կու լայ հանգիստ եւ ճչալով: Ան երբ աշխարհ գայ, ապտակ մը՝ լալէն կը կարմրի, կու լայ եւ կու լայ, ու թոքերը կ’ուռին. երբ մանկիկ է, կաթ կ’ուզէ կամ սէր ու գուրգուրանք ու կու լայ: Արբունքի շրջանին ամէն խօսք կամ վարմունք անոր կամքը կը հարուածեն ու կու լայ:

Հայրս մեռած էր. տեղատարափ անձրեւ եկաւ։ Անձրեւի խոշոր կաթիլները կը ծեծէին դուռ-պատուհան: Երկի՞նքը կու լար մեզի հետ, թէ մե՞նք՝ երկինքին… յաջորդ օր արեւ-արեգակ, մաս-մաքուր օդ. մաքրուեր էին փոշին, աղտը եւ հիւանդութիւնը:

Մայրս մեռած էր. ցաւերը դադրած էին: Դէմքին վրայ խաղաղութիւն… ախտը դարմանուած էր: Դուրսէն տեսնողը կը կարծէր, թէ հոն ուրախութիւն կար փոխան վիշտի. հոն մա՛հ կար, անվերադարձ մարդ կար։

Կորուստին ցաւը միայն արցունքով չի յայտնուիր, մարդ կրնայ լալ իր իւրաքանչիւր մասնիկով՝ ներքին եւ արտաքին:

Ե՞րբ լացած էի ուզածիս պէս, առանց ինքզինքս զսպելու՝ բարձրաձայն հեկեկալով: Լացած, լացէն չկշտացած, եւ յաջորդ օր արթնցած ու աչքերս ուռած գտած։ Չեմ յիշեր… արդեօք ժապաւէ՞ն մը դիտեր էի, խօ՞սք մը իմացեր, թէ սիրելի՞ս ինձմէ հեռացեր էր: Չէ… չեմ կրնար յիշել։

Ի՞նչ կ’արտայայտէ լացը: Աչքերէն հոսող արցունքը ի՞նչ կը պատմէ դիմացինին կամ լացողին: Կը շարժի՞ մէկուն գութը, լացը հաճո՞յք, խնդո՞ւք կը պատճառէ:

Գիրք կը կարդամ, հեռատեսիլ կը դիտեմ, լուրերուն կը հետեւիմ, հին նկարներուն կը նայիմ, ժապաւէն մը կ’ընտրեմ ու քանիցս կը դիտեմ, աչքերս կը սեւեռեմ պատին, սակայն, չէ, չկա՛յ, շիթ մը, արցունքի կաթիլ մը չի գլորիր: Մինչդեռ պիտի տարտղնին, պիտի տարածուին մշուշն ու խոցը, վիշտն ու դառնութիւնը եւ պայծառ արեւը պիտի ծագի: Պիտի կազդուրուիմ, պիտի աշխուժանամ: Շունչս վեր-վեր քաշելով, հեծկլտալով, քիթէս-բերնէս արցունք հոսեցնելով լալ կ’ուզեմ:

Չէ՞ որ կուշտ ու կուռ խնդացեր էի: Քահ-քահներս կը պոռթկային շնչափողէս ու կրծքավանդակս կ’ելեւէջէր։ Շնչելու միջոց չկար: Կը խնդայի անդադար, յանկարծ պոռթկումս դուրս տուի լացով: Ահա՛ այս էր պահը. կը խնդայի անյագօրէն, յանկարծ հեծկլտուքս ժայթքեցաւ ընդերքէս առանց արցունքի:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԱՆԾԱՆՕԹԸ

ՎԱԶՐԻԿ ԲԱԶԻԼ

Մեզ մօտ էր բնակում անծանօթը
եւ իր գուբն էր փորում հիւրասենեակում՝
սնոտի, առերեւոյթ,
ողբամշակ։

Յետոյ հասաւ քարտէզի աւարտին
եւ մեզ զգուշացրեց․
Ինձ մի՛ մօտեցէք։
(Կարծես թէ տարբեր տանիքների տակ լինէինք)

Իսկ մենք քաղաքներ իրար հետ շփոթած
նինջի պտուղն էինք փնտռում,
երազը՝
հաստատուած լոյսը,
որ կարողանանք նորածնի նման
նորոգուած
տուն վերադառնալ՝

որ տանիքի տակ էլ որ լինի։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՃԱԲՈՆԱԿԱՆ ՀԱՅՔՈՒՆԵՐ (ԼԱ․)

Ծ․ Թ․ ՊԱԼԵԱՆ

ՃԻ․
Հայ բրուտի տաղանդը,
Անօսրացած գեղարուեստը
Համեստ կաւէն։

ՃԻԱ․
Մարդկային հմտութիւնը
Զինաթափ եղաւ
Տիեզերային խաւարին դիմաց։

ՃԻԲ․
Վերջապէս չխուսափեցաւ
Նայելէ իր կառուցած հոգեկան
Ջրհորի խորունկին մէջ։

ՃԻԳ․
Անաստուած ես, բայց խունկը վառէ՛,
Մեծարէ՛ անմահութեան արժանի
Անմեղ հայ հոգիները։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԱՒՍՏՐԻՈՅ ՄԷՋ ՀԻՆԳ ԱՄԻՍ (Ե.)

ԹԱՅԻՍ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ

Հասանք Մարտի վերջաւորութեան: Երբ դուրս ելլէի, պաղ հովը ոսկորներուս կ’իշխէր: Կ’ուզէի, որ այլեւս օդը տաքնար, սակայն ոչ այս շաբաթավերջ, որովհետեւ չմշկելու համար Ալպեան լեռներ պիտի երթայի:

Կը խորհէի, որ հոս պէտք էր ընէի ի՛նչ որ կարելի էր, բայց կարծեմ կը չափազանցէի: Բարձրութենէն եւ բարձրութեան հետ կապուած գործողութիւններէն կը վախնայի, յատկապէս մագլցելէ ու բարձրութենէն իջնելէ: Միեւնոյն ատեն կը փափաքէի տարբեր երկիրներէ ուսանողներու հետ ծանօթանալ ու զուարճանալ: Անոնք տարբեր քաղաքներէ պիտի հասնէին Պատ Կասթէին՝ չմշկումի կեդրոն: Բաւական մեծ գումար վճարեցի. շաբաթավերջի մը յատկացուած ամենասուղ ծախսս էր: 

Երկու ինքնաշարժով Լինցէն ճամբայ ելանք: Իմինիս մէջ կային երեք ծայրագոյն արեւելքցի: Անոնցմէ մէկը Թայուանէն էր: Կար նաեւ ֆինլանտացի աղջիկ մը, որ շատ հանդարտ եւ անձայն էր: Սկսայ հետը խօսիլ: Ձայնին միօրինակ շեշտը զիս նեղեց: Յետոյ թայուանցի տղուն հետ զրուցել սկսայ: Ան յայտնեց, թէ Չինաստան Թայուանը կը սեպէ իր մէկ մասը, փոխանակ զայն ընդունելու իբրեւ անկախ երկիր: Միւս երկու ծայրագոյն արեւելքցի աղջիկներէն անհանգստացեր էի, որովհետեւ իրենց բերաններէն ձայն հանելով կ’ուտէին: Աչքերս գոցեցի ու քնացայ: Երբ արթնցայ, տեսայ Ալպեան հոյակապ լեռները եւ ինծի այնպէս թուեցաւ, որ կարելի պիտի չըլլար չմշկել, քանի որ վախը սկսեր էր պատել զիս: Հասանք Պատ Կասթէին: Յաջորդ օրուան պատրաստութեան համար իբրեւ առաջին գործ խանութ գացինք չմշկումի առարկաներ վարձելու:

Գիշերը ճրագներով տողանցք կատարել ծրագրուած էր: Երբ հաւաքուիլ սկսանք, մեզի մօտեցաւ օտար տղայ մը: Յայտնեց, որ կարաւան (ինքնաշարժատուն) մը ունէր եւ լեռնէ լեռ կը պտտէր չմշկելու համար: Աժան ծախու առած պիթքոինը (bitcoin) սղած էր եւ ատոր շահով կրցած էր ինքնաշարժը գնել: Առաջարկեց ցուցնել կարաւանը, որովհետեւ մէջը ինք շինած էր: Մենք խորհեցանք առաջարկը ընդունիլ, որովհետեւ խումբը դեռ չէր հաւաքուած. չորս ընկեր անոր հետեւեցանք: Հոն կը գտնուէր տախտակէ անկողին մը, որ կը ծալուէր: Տաք ջուրի դրութիւնն ալ ճարած էր, սակայն լուացուելիք տեղ չունէր: Խորհեցայ. ի՛նչ տարօրինակ կեանք էր: Վարձք տալու խնդիր չունէր: Երբ վայրէ մը ձանձրանար, կրնար տեղափոխուիլ եւ հոն նոր մարդիկ ճանչնալ: Ես այն միջոցին կը մտածէի, թէ ան մեզի ինչպէ՛ս հանդիպած էր: Մինչդեռ ան շատոնց մտերմացած էր մեզի հետ ու այնպէս կը թուէր, որ երբեք դժուարութիւն չունէր օտարներու հետ խօսելու: Ըստ իս թեւեր ունէր թռելու եւ ուզած միջոցին երամը կը փոխէր: Ազատութիւնը ա՛յս էր: 

Խսիրէ շինուած լապտերներով քալել սկսանք: Անոնք որակաւոր չէին, խսիրը կ’այրէր ու կը հատնէր: Կրակը ձեռք կ’այրէր: Տղուն հետ խօսակցելով կը քալէինք, ան լապտերը կը կրէր: Վերադարձին մարդոց ձեռքը այրիլ սկսած էր: Անոնք աջ ու ձախ կը նետէին լապտերները։ Տղան կը պոռար.

– Ձիւնը կ’այրէք: 

Անոնք զարմացած իրար կ’անցնէին, եւ այս շփոթութենէն կը զուարճանայինք: Յետոյ ան սկսաւ պատմել.

– Գիտե՞ս, երբեմն մէջդ շատ սէր կ’ունենաս, բայց բաժնելու համար քովդ մէկը չ’ըլլար: 

Ազատ էր, սակայն առանձին էր, խորհեցայ: Թերեւս ան չէր կրնար մնայուն յարաբերութիւն պահել շուրջիններուն հետ, որովհետեւ քիչ ժամանակ կը յատկացնէր ճանչնալու համար մարդիկը: Անիմաստ կը թուէր, թէ ինչո՛ւ ասոնք ինծի կը պատմէր, տակաւին ժամ մը առաջ ծանօթացեր էինք: Կասկածելի էր, նիւթը փոխել կ’ուզէի․  

– Այո՛, այսինքն… չեմ գիտեր:

– Ճիշդ այսպէս կը զգամ ամէն ատեն:

Արդեօք կը յուսար, որ իրեն մեղքնայի՞: Ան շարունակեց.

– Եւ բան մըն ալ… պանդոկը լոգանք կրնա՞մ առնել:

– Դժբախտաբար ո՛չ… դուրսէն մէկը ներս առնել արգիլուած է:

Կանխավճարը, որ 20 եւրո էր, չէի կրնար վատնել: Իր ընտրած ազատ եւ առանձին կեանքը պիտի ապրէր եւ աւելին՝ աղտոտ: Արդեօք իրապէս սէ՞ր կը փնտռէր, թէ շահ: Թերեւս նախաճաշը ուրիշ օտար մարդոց հետ ըրած էր, իսկ լոգնալու հարցը լուծելու համար մեզի մօտեցած էր: Նոյնիսկ բնութեան մէջ ազատ ըլլալ կը պահանջէ փոխյարաբերութիւն մշակել ուրիշներու հետ, իսկ անոր խորհած միջոցն էր խաբեբայ մտերմութիւն: 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՍԱՐԴՈՍՏԱՅՆ

ՍԻՐԱՆ ԱՒԸՆԵԱՆ ԱՄՊԱՐՃԵԱՆ

Մութին մէջ շիթ մը լոյս․ ժամեր շարունակ, լուռ ու մունջ կը փնտռեմ ես մինակ եւ տրտում։

Պատէն իջած սարդոստայնը իր մետաքսեայ հիւսուածքով զիս կը գրաւէ, ձայն կ’առնէ եւ կը շշնջայ ականջիս։ Պահ մը կը սարսռայ մարմինս. սարդոստայնը ինծի կտոր մը լոյս պիտի տա՞յ։

Ներքին ձայն մը զիս կը քաջալերէ․ ինչո՞ւ ոչ, փորձ մը ըրէ, թերեւս ուզածիդ կը հասնիս։ Հլու, հնազանդ սարդոստայնին կը նայիմ եւ կը սպասեմ. ի՞նչ է տալիքը։
Գեղեցիկ, համաչափ եւ մետաքսահիւս թելերը զիս կը գրկեն ու կը տանին մեծ մօրս սենեակը, ուր անկիւն մը, մութ ու պաղ, կողովի մը մէջ կոկիկ շարուած՝ միլն ու մետաքսեայ գունդ-գունդ թելերը՝ ճերմակ, կը տեսնեմ։

Իր թոռան համար սկսած բարձերիզ մը, վրան ծաղկիկներ շարուած, սէր եւ գուրգուրանք կը բուրէ։

Ձեռքս առած այդ մետաքսահիւս ծաղիկները կը մօտեցնեմ պապակ սրտիս ու յանկարծ, յագեցած ծորող լուսաւոր կաթիլէն, սիրտս կ’աշխուժանայ, կը խայտայ։

Ձեռքիս ասեղնագործը այս անգամ մեղմիկ ձայնով մը կը սկսի երգել՝ «Օրօր, օրօր, անուշ բալիկս»։ Այնքան քնքուշ, բարի ու ազնիւ։

Կարօտով երկար շունչ մը կ’առնեմ։

Ձեռքերս բացած դէպի վեր, դէպի շատ վեր, կ’երգեմ երգը փառաբանութեան…

Գտայ, գտայ լոյսը այս մութին։

Խաբկա՞նք էր, թէ կտոր մը երազ, բայց եւ այնպէս սարդոստայնը կրցաւ զիս շիթ մը լոյսով խաբել։

23 Յունուար 2019

https://hayerenblog.wordpress.com/2019/01/23/%d5%bd%d5%a1%d6%80%d5%a4%d5%b8%d5%bd%d5%bf%d5%a1%d5%b5%d5%b6/

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԸՆԿՈՅԶԻՆ ԽՕՍՔԸ

ՍԻՒԶԱՆ ԲՌՆԱԼԵԱՆ

Ընկոյզ մը դիր ափերուդ մէջ,
Դանակով կտրէ մէջտեղէն.
Ոհ, մեղմանոյշ զգացի ցաւ,
Ձեռքերէս յարութիւն առաւ։

Գաղտնապահ մը չեմ ես հարկաւ,
Կեղծ կեղեւով ալ զարդարուած․
Բերանս կիսախուփ է միայն,
Լեզուս բռնուի, հիասթափ համ։

Սիրոյ հոսանքին հետեւի՛ր,
Տեսիլները կը յայտնուին․
Եւ թափանցեմ տապ կամուրջէն,
Ուր այրիլ տագնապալի չէ։

Հեռու չարասիրտ ջարդերէն,
Մոլորած մայր մը գտեր եմ․
Մարած մայթին վրայ ան է,
Մանրէներ կը դատապարտեն։

Եւ ընկոյզի կեղեւէն ներս,
Գառնուկին ալ մորթին ներքեւ
Դուն երկնային գիրկին մէջ ես,
Բարձունք կը հասնին փուչիկներ։

31 Մարտ 2020

https://hayerenblog.wordpress.com/2020/03/31/%d5%a8%d5%b6%d5%af%d5%b8%d5%b5%d5%a6%d5%ab%d5%b6-%d5%ad%d6%85%d5%bd%d6%84%d5%a8/

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն blog-ի վարչութեան հետ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿՆԵՐ (ՂԱ․)

ԿԱՐՕ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

ՋԱ․
Միայն գծագրելը չի բաւեր այսօր, քորոնայի օրերուն, եթէ իւրայատուկ ես, միասեռական ես, արուեստագէտ ես, ուրեմն ինչո՞ւ չբանաստեղծես։ Կարելի՞ է հեռու մնալ բանաստեղծական արուեստէն։  

ՋԲ․
Պուրճ-Համուտէն պիտի տօնենք համայն (հայութեան․․․ չէ՛, ի՞նչ հայութեան, հայութեանը միշտ կը տօնենք, նորութիւն չէ) մարդկութեա՛ն յաղթանակը, առաջ Աստուած, եթէ քորոնայի օրերը անցնին, կ’ըսէ մարգարէն։ Կ’երեւի թաղամասի աղբասարի հարցը մոռցեր է։ Նախ հոն պեղումներ պէտք է կատարուին ու յայտնաբերուած կարեւոր աղբերը զմռսուին։ Միւս գործերը, մարդկութեան յաղթանակի տօնը եւ այլն, աւելի դիւրին են։ Կրնան իրենց կարգին սպասել։

ՋԳ․
Նոր բանաստեղծ մը ծնած է Լոյսի մայրաքաղաքին մէջ։ Անկցի՛․․․ ըըը․․․ կեցցէ՛ բանաստեղծը։ Երկար սպասեցինք, որ Փարիզը իր ծոցէն իսկական հայ բանաստեղծ մը ծնի։ Եւ եղեւ լոյս։ Կիւլկիւլեան հիմնարկութեան փնտռած բանաստեղծն է ճիշդ՝ սխալ եւ անխնամ հայերէն, ջարդուած ուղղագրութիւն, սարսախութեամբ օծուն, նետէ-բռնէի կանոնները լիովին յարգող։ Մրցանակի արժանի։ Պայծառ գալիք է սպասում հային, այս դժուար պահին լինենք միասին։

ՋԴ․
Պզտիկ օրիորդիկը, նստեր է սենեակը, բացեր՝ դասագիրքը, կը կարդայ, կը կարդայ քերականութիւնը․ ելի՛ր օրիորդ, ելի՛ր, աչքերդ լաւ բա՛ց, կարդացածիդ հեղինակին անունը ի՞նչ է՝ նախ ատիկա ըսէ՛։

ՋԵ․
Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ, թէեւ չեմ գիտեր թէ ի՛նչ կը յիշեմ եւ ի՛նչ կը պահանջեմ։

ՋԶ․
Պէտք է խոստովանիլ, որ առցանց սփռուած ծիսական արարողութիւններուն եւ այլեւայլ ձեռնարկներուն այլ կողմն ալ կայ. երբ իրենք իրենց են՝ ալ ինչպէս որ ուզեն կ’ընեն իրենց արարողութիւնը, բայց երբ կը սփռեն իրենց տաղանդը, աւելի յստակ կ’ըլլան… խայտառակութիւնները, որոնք երբեմն ամենատարրական գիտելիքի մը բացակայութեան պատճառով են։ Քահանայ մը առցանց տնօրհնէք կ’ընէ․ «Փրկեա՛ յերեւելի եւ յաներեւոյթ թշնամեաց»ը թարգմանած է, բայց փոխանակ «թշնամիներից» ըսելու՝ «Փրկեա՛ (յ)երեւելի եւ (յ)աներեւոյթ թշնամիներին» կ’ըսէ։ Այո, պէտք է փրկէ, պահէ ու պահպանէ Աստուած մեր բոլոր թշնամիները, այլապէս որո՞ւ դէմ պիտի պատերազմինք։

ՋԷ․
Մասշտաբ բառը ռուսերէնը փոխ առած է արդէն այլ լեզուէ, իւրացուցած, անոր իւրացուցածը արեւելահայերէնն ալ իր կարգին իւրացուցած ու սրբադասած է ու հիմա կարգն է հարկաւ իր սիրելի քրոջ՝ արեւմտահայերէնին․ մեր «լեզուապաշտ»ներն ալ այդ փոխառութիւնը կը տարածեն մեր մէջ։

ՋԸ․
Ռումանիոյ մայրաքաղաքի հայկական գերեզմանատան մէջ մեռելոցի օրուան առթիւ հոգեհանգիստ տեղի կ’ունենայ․ Աստուած բոլորին հոգիները լուսաւորէ․ արարողութեան աւարտին կ’երգուի Ռումանական Ուղղափառ Եկեղեցւոյ յարութեան նուիրուած շարականը, անշուշտ ռումաներէն․ շատ աղէկ, շատ անոյշ է, բայց հայերէն շարականը չ’երգուիր։ Ռումաներէնին դէմ ալ չենք, համայնքին մէջ տեղական լեզուն հասկցողներ շատ են, բայց գոնէ երկուքը երգուէին։

ՋԹ․
Փրովիտենսի մէջ, պսակաձեւ ժահրի գալստեան տօնին առթիւ, տասներեք, լաւ լսեցէ՛ք, տասներե՜ք երիտասարդ-երիտասարդուհիներ գտնուած են, Աստուած գիտէ ո՞ր թանգարաններէն հանուած, հաւաքուած, բերուած են, որոնք ուզած են․․․ հայերէն սորվի՜լ․ լսեցի՞ք։ Սխալ չլսեցիք։ Ըստ ենթադրութեան, ամերիկահայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, թիւով տասներեք, Յիսուսի աշակերտներուն թիւին վրայ ալ մէկ հատ աւելցուցէք, ուզած են առցանց հայերէն սորվիլ, կամ հայերէննին բարելաւել, ըսենք․ եւ շաբաթը մէկ ի՞նչ կը կարդան, գիտէ՞ք, հայ մամուլէն յօդուած մը․․․ արդէն սխալ ճամբան բռնած են։ Ատիկա չի բաւեր, աս հրաշքը ծանուցանող «Անհայրենիք» շաբաթաթերթը կը յայտարարէ, թէ այս տասներեք իմաստունները կ’ուզեն իրենց աս արարքով օրինա՜կ ծառայել ա՛յլ գաղութներու երիտասարդներուն։ Կը տեսնէ՞ք ուր հասած է ձեր հայապահպանութիւն կոչած հայահայվանութիւնը, որ սորվելու տեղ, սորվիլը բնական պարտականութիւն համարելու տեղ, չըսելու համար պարտք կամ այլինչ, իրենց սորվիլը կը ծանուցեն։ Աւանակահայե՛ր, սորվեցէք ձեր լեզուն, ատիկա յայտարարելու տեղ, ո՛ր ցամաքամասի վրայ ալ որ ըլլաք, եւ մի՛ կարծէք, որ ըրածնիդ քաջագործութիւն է․ ասիկա քորոնայագործութիւն է միայն։ Թող անցնի համավարակը, վերադառնա՛նք մեր բնական առօրեային, հայերէնն ալ կը ծալէք, մէկ կողմ կը դնէք, երեսին չէք նայիր, ո՛վ աներես հայեր, կը տեսնենք ձեր հասակն ալ, ձեր ծանուցումն ալ, օրինակ դառնալու ձեր ապօրինութիւնն ալ։

ՋԺ․
Կիւլկիւլեան հիմնարկութիւնը աղբահաւաքութեան մրցանակ յայտարարած է։ Ով աղբ ունի, կրնայ հաւաքել ու դիմել։ Ընտիր, որակաւոր աղբ կ’ուզենք, աղբի բոլոր յատկանիշերը պէտք է ամբողջացած ըլլան։ Պարզ աղբերը անմիջապէս կը մերժուին։ Աղբ ըսելով մի՛ անցնիք, շնորհքով աղբ է ուզածնին, ուր հայերէնը վայերէնի կամ հայվաներէնի թարգմանուած ըլլայ, եւ ոռակաո՛ռ թարգմանութիւն կը պահանջենք։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՀԱԶԱՐՈՒՄԷԿ ԳԻՇԵՐՆԵՐՈՒ ԵՐԱԶՆԵՐ (835-842)

ՈՅԺ

ՈՒԹՀԱՐԻՒՐԵՒԵՐԵՍՈՒՆԵՒՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Կը գտնեմ ես զիս, առանց դոյզն զարմանքի, նստած Օմ Քալսումին մօտ: Չենք խօսիր, կարծես չենք ուզեր անդորրը խռովել…: Բայց երկար չի տեւեր, կռիւ մը կը փրթի: Ընդհարող երկու անձերը տարեց են ու կը թուի ինծի՝ երգերու բառերը հայթայթող – մրցակի՜ց – բանաստեղծներէն: Արեւելքի Աստղը ոտքի կը կանգնի եւ կ’ուղղուի աջ՝ դէպի բաղնիք ու հաւանաբար ալ սրտմտած այս յիմար գզվռտուքէն: Որ չի դադրիր սակայն ու կը ջարդուին ընդարձակ հիւրասենեակը զարդարող գեղօրներ ու կահոյք: Կը վերադառնայ Տիկինը եւ, ի տես սպանդին, նրբակազմ եռոտանի մըն ալ ինք կը ջախջախէ գետնին: Մեղմելու համար իր զայրոյթը, երգերու բառեր կը ներկայացնեմ: Հաճոյ են իրեն, բայց ո՞վ պիտի երաժշտութիւնն յօրինէ, մեռա՜ն բոլոր մեծ երգահաններն ու պատանիիս պիտի տրուի՞ ժամանակ նախքան որ քաշուի ան ասպարէզէն ու կեանքէն:

ՈՒԹՀԱՐԻՒՐԵՒԵՐԵՍՈՒՆԵՒՎԵՑԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Ժամադրավայր կ’ընտրեմ Օփերայի համալիրը՝ անծանօթ աղջկան հետ, որ որոշեր է աւարտաճառի նիւթ ունենալ երաժշտութեան ներկայութիւնը Պրաունինկի բանաստեղծութեան մէջ, կամ նման բան մը, պատրաստ չէի մանրամասնութեանց տեղեկանալ հեռաձայնէն, եւ կը փափաքի խորհուրդ ստանալ ինձմէ: Կայ անշուշտ A Toccata of Galuppi’s եւ ուրիշ քերթուած մըն ալ խուսանուագի վարպետի մը մասին է, եւ երրորդ մըն ալ կար, բայց այո՜, Abt Vogler, յանկարծաստեղծ երգեհոնահարը: Լաւ, վերաքաղն անհրաժեշտ է: Իսկ աղջիկը չի համարձակիր առարկել՝ թէեւ կրնար պատրուակել վայրի ընդարձակութիւնն ու առկայութիւնն ալ բազմաթիւ կառոյցներու: Այլ կը հարցնէ թէ ինչպէ՞ս պիտի ճանչնայ զիս: Լա՛ւ, նայինք այս մէկն ալ պիտի ընդունի՞: Պիտի ըսէի․ «Այնտեղ որ լսես Կալուփիի թոքաթան՝ այնտեղ ալ կը գտնես զիս», բայց կը նախընտրեմ՝ չա՛րըս ես, որոնումը դժուարացնել, փորձե՛լ զինք․ «Այնտեղ որ Սքարլաթի լսես, այնտեղ ալ կը գտնես զիս»: Եւ եթէ ծանօթ չէ, ահա բաւարար պատճառ փնտռելու եւ մտիկ ընելու, երկա՜ր, մինչեւ որ համոզուի թէ այլեւս կրնայ զատորոշել…: Այլ ուրախ է շնորհակալական իր խօսքին շեշտը…:

Օրերն անցան ու ժամադրաժամը եկաւ, սակայն չէ՞ որ ես Հանտել կ’ունկնդրեմ հիմա՝ Ութ Մեծ Շարքերը…

ՈՒԹՀԱՐԻՒՐԵՒԵՐԵՍՈՒՆԵՒԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Ժամանակաշրջանն անկարելի է հանդերձանքէ որոշել եւ ոչ միայն որովհետեւ թեթեւ են, ու մարմիններէն մասեր ալ՝ հո՛լ… եւ երբ կը մօտենամ կանանց՝ կը ձգեն ու կ’երթան, կամ ըսեմ՝ կը բաժնուին մինչ այդ աչքերէս անտես իրենց արձաններէն…: Եւ զանո՛նք է, որ, այդ մարմարակերտնե՛րն է, որ կրնամ զննել ու սահեցնել ալ ձեռքս պա՜ղ ողորկութեանց վրայ…: Որքան ատեն որ հետն եմ ասո՛ր կամ անո՛ր, զի երբ ձեռք ու նայուածք հեռացնեմ եւ զբաղիմ այլով՝ չկա՛ն, եղա՞ծ էին: Սպիտակ են, կիսաթափանց կարծես, եւ աչքն ինչպէ՞ս չուղղուի կապտագեղ երակներու խաբկանքին…: Շա՜տ են, ու չե՞ն պակսիր, մնա՞մ մէկուն հետ, տեւեմ ու տեւէ՜ թերեւս, թէ շարունակեմ շրջիլ…

ՈՒԹՀԱՐԻՒՐԵՒԵՐԵՍՈՒՆԵՒՈՒԹԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Բայց տիկին Սրբուհին է, ողջոյնի սուրճը կը պատուիրէ ու կը հարցնէ որպիսութիւնն իմ ու ընտանիքիս: Վերջին անգամ օթեւան այցիս՝ մահուան լուրն անակնկալ էր, որովհետեւ ինչպէ՞ս տեղեակ չէի, եւ ցաւած ալ էի, պահ մը, իննսունը անց պէտք է ըլլար ան, չէ՞, շատո՞նց: Բայց սխալած եմ, երազի մը մէջ էր հաւանաբար, անցքին հետ ժամանակի, ու ժամանակի՛ս՝ երազ եւ իրականութիւն կը դժուարանամ կոր զատորոշել: Միշտ անբծօրէն կենցաղագէտ, յանդիմանանք ունի մեղմ՝ «Պատմած էի ձեզի ծերանոց այցելութեանս մասին, տարիներ առաջ, եւ զարմացած էի այնտեղ տեսնելով համբաւաւոր նկարիչ Աշոտ Զօրեանը, վաթսունը ոչ շատ անց, բայց արդէն խելքը թռցուցած, պէտքարանին դուռը անհոգօրէն բաց ձգած եւ բոլորովին չանհանգստացած որ այդ դիրքին մէջ կը տեսնէի զինք, եւ դեռ յետոյ չէր ալ քաշուած քովս գալու, հիւրասենեակը կ’երեւի, հաղորդելու համար որ գեղագիտական ճաշակի ներհակ էր հագուստս կոճկել մինչեւ վերջ, որ հարկ էր վզամօտի կոճակը արձակել, ինչ որ ընդհուպ կը կատարէր: Ահա այս յատկանշական դրուագը պատմած էի ձեզի – արուեստագէտը կրնայ իր խելքը կորսնցնել, բայց երբե՛ք՝ գեղեցիկի զգացումը – եւ կարեւորութիւն չէիք տուած»: «Ինչպէ՞ս, հապա ինչո՞ւ կանչեցի ձեզ, որ պատմէք, անգամ մը եւս, հանգամանօրէն»:

ՈՒԹՀԱՐԻՒՐԵՒԵՐԵՍՈՒՆԵՒԻՆՆԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Հիւրասրահն եմ ծովափնեայ ամարանոցին ու երկրորդ յարկի բարձունքէն յետմիջօրէի ծովը կը վայելեմ: Քա՜ղցր հեղգութիւն: Միտքս կարծես թէ կը ծփծփայ ծիծաղկուն ջուրերուն վրայ: Ու կը ժպտիմ փրփրացող գաղափարներուն դիմաց: Սակայն… ծոցատե՛տրս մոռցեր եմ, ամէն ինչ պիտի ցնդի, փորձով գիտեմ, եթէ անյապաղ չնոթագրեմ եւ անիմաստ է փնտռտուքս գրպաններուս մէջ: «Որեւէ ծառայութի՞ւն»: Եկեր է սպասարկուհին պատուէր ստանալու յոյսով: «Ոչ, շնորհակալ եմ», ու ոտքի պիտի ելլեմ…: «Բա՞ն մը մոռցաք»: «Այո, ծոցատետրս»: «Մի՛ յոգնեցնէք ինքզինքնիդ», ու պիտի երթայ…: Անշուշտ պիտի չմերժէի զինք, եթէ պարագաներն ըլլային տարբեր… այս ամարանոցներուն ճաշակը բաւական բարձր է…: «Շնորհակալ եմ, ես անձամբ կը բերեմ»: Եւ կեղծաշխոյժ հեռացած եմ արագաքայլ: Ու պիտի չկարենայ ինձմէ առաջ անցնիլ:

Ո՞ւր է ծոցատետրս, դարձեալ օգնէ՞ պիտի ծուփը ծովուն: Ձայն՝ հանդերձարանէն: Կը ջանամ բանալ, մէկը ներսէն կ’ընդդիմանայ: Անճրկած տղեկ մը կը քաշեմ դուրս: «Ի՞նչ կ’ընես»: «Կը մաքրէի»: Զոյգ ձեռքերով բռնած եմ օձիքէն, զայրոյթս կը զարմացնէ զիս, ապուշ պատասխա՞նն է… եւ այստեղ գողնալիք բան չկայ, յիմա՛ր: Հասեր է տնօրէնն արդէն ու անխնայ կ’ապտակէ: «Պիտի վռնտենք զինք»: Հանդերձարանը մնաց բաց…: Հիմա եթէ աղջիկն ըլլար անոր տեղ…: Հակազդեցութիւնս ալ պիտի ըլլա՞ր տարբեր… ճիշդ ի՞նչ… սպիտակ սաւանով պարուրուած…: Ծոցատե՛տր:

ՈՒԹՀԱՐԻՒՐԵՒՔԱՌԱՍՈՒՆԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Ա՜հ, ինչ լաւ է բազմամարդ փողոցներէ յանկարծ մտնել ամայիներ: Լքուած կը թուէր այս տունն, ու խառնուած գիշերին, սակայն ահա ուրուալոյս մը ցոյց կու տայ աստիճաններ…: Ապակեայ լուսանցոյցէն է յարկաբաժնի դրան, որուն առջեւ կը կանգնիմ ու կը յուսամ լսել որեւէ ձայն: Չկայ… եւ երբ կը դպչիմ՝ կը հրուի…: Հրաւէ՞ր է մտնելու: Ա՜հ, խորութեան խաբկանքով թաւշային լռութիւն: Կահաւորուած է պարզ: Սիրելի է նստիլ… եւ սպասե՛լ մէկու մը, որ սահմանուած է գալ… ծանօ՞թ մը հին, ոչ մօտիկ, ոչ մտերիմ, տարիներէ հեռու ու մոռցուած… որ հրճուի պիտի, վայրկեանի մը կասկածանքէն ետք, լիայոյզ բերկրութեամբ… եւ ինծի պիտի մնայ ընդառաջել…

ՈՒԹՀԱՐԻՒՐԵՒՔԱՌԱՍՈՒՆԵՒՄԷԿԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Կը գտնեմ ես զիս կատակիս կատարման տարեդարձիս: Շատո՜նց, չորս-հինգ տարեկանիս, յայտարարած էի որոշումս՝ ապրելու գոնէ մինչեւ ութսունեւեօթը տարեկան: Այդ «գոնէ»ն չէր խուսափած ուշադրութենէ: Անծանօթ մարդիկ եկած են շնորհաւորելու ու կը շռայլեն մեծարանքի խօսքեր, տարինե՞րն են որ արժէք կ’ընծայեն, կը կասկածիմ որ ծաղր է ծերուկի ուղղուած: Հաւանաբար համարելով զիս ա՜յլ ժամանակէ վերապրող մը, ճի՞շդ է այս բառը… վերապրո՛ւկ մը, շողոմելով կը զուարճանան, ու կը հարցնեն․ «Ի՞նչ կը փափաքիս ընել այս նոր տարիդ»: Ես դատարկուա՜ծ եմ ամբողջովին՝ մի՛տք ու մարմի՛ն, ի՞նչ պիտի փափաքիմ ընել, կը պատասխանեմ․ «Չեմ գիտեր»: Յուսախաբ կը թուին ու կը պնդեն: Ի՞նչ ըրե՛ր եմ որ, ինչ որ ըրեր եմ՝ մոռցուած է, եւ ասոնք չեն գիտեր: Ոչ ալ, այլեւս, ես: «Չեմ գիտեր», այս նոյն պատասխանը չէի՞ տուած, այո՜, երբ չորս էի կամ հինգ…

ՈՒԹՀԱՐԻՒՐԵՒՔԱՌԱՍՈՒՆԵՒԵՐԿՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Հակառակ գիր ու գրականութենէ յագեցած ըլլալուս՝ կը գտնեմ ես զիս գրադարան մը, ուր գիրքերը կը թուին շատ հին ժամանակներէ: Շուրջս կը նայիմ, մէկ-երկու գիրք կը քաշեմ, էջեր կը դարձնեմ ու ետ կը հանգչեցնեմ: Տիկին մը կը մօտենայ, պիտի անկասկած հարցնէ թէ ինչպէ՞ս կրնայ օգնել, ի՞նչ տեսակ գիրք կը փնտռեմ: Կ’ըսեմ․ «Գիրք մը, որմէ ամէն օր հատուած մը ուզեմ կարդալ եւ որ մինչեւ մահս տեւէ»: Ունի՜ եղեր ու կու տայ: «Բայց այս գիրքէն պատռուած են կողք ու էջեր ու հեղինա՛կն իսկ յայտնի չէ»: Չի խօսիր, այլ նայուածքը կը մղէ զիս թերթատելու: Ոճը ծանօթ պիտի ըլլայ, դրուագներն ալ՝ կ’երեւի, եւ անկասկած վերջը չկայ երազներուս…:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: