ԵՐԱԶԻ ՆՄԱՆ

ՍԻՐԱՆ ԱՒԸՆԵԱՆ ԱՄՊԱՐՃԵԱՆ

Հիւանդապահուհիին՝ Հէլէնին հետ կը բարձրանան հիւանադանոցի երրորդ յարկի թիւ 301 սենեակը, դուռը կը բանան, նախ հիւրասենեակէ մը անցնելով դէպի անկողինը։ Ձախին զետեղուած է սերոմին կայմը, վրան տեսակաւոր սրուակներ կան, իսկ աջին, հեռուն դրուած են քալելու օգնական գործիք մը եւ մի քանի հիւանդապահուհիներով շրջապատուած անկողին մը։

Անհամբեր եւ սրտի զօրաւոր տրոփիւնով կ’ուզէր տեսնել մանկութեան շատ սիրելի ընկերուհին, զոր երկար տարիներէ ի վեր չէր տեսած եւ ոչ մէկ կապ ունէր անոր հետ․ ոչ ընկերային ցանցերու եւ ոչ հեռաձայնային․ պարզապէս կը կարծէր, թէ ան իր ունեցած օտար անձնագրով վերջնականապէս Գանատա հաստատուած էր, քրոջ քով։

Կը մօտենայ կէս մը վեր բարձրացած անկողինին եւ «Ցոլի՜կ, Ցոլիկսսս»,  բացագանչելով արցունքոտ աչքերով նախ հիւծած, անճանաչելի, դժգոյն դէմքին կը նայի եւ հարց կու տայ ինքնիրեն, թէ այս իր սիրելի Ցոլի՞կն է, բայց աչքերը ինչպէ՞ս ստեն, այդ աչքերը, որ մանկութեան, դպրոցի օրերուն, ժամերով դպրոցի բակին, դասարանին մէջ տեսեր էր։ Որպէս թաղեցի միշտ անմեղունակ եւ մանկական նիւթերու մասին իրարու հետ խօսած եւ անհիմն բաներու վրայ խնդալով ժամեր անցուցեր էին։

– Ցոլիկ, Ցոլիկկկ, ճանչցա՞ր զիս,- բարի ժպիտով մը կ’ըսէ։ 

– Ո՜չ,- ժխտական եւ անմեղունակ պատասխան մը կ’առնէ։

– Սալբին, Ցոլիկը, Ազնիւը, Անին եւ Սեզան, Սեզաննն,- կրկնելով անունը,- մտածէ՛ եւ կեդրոնացի՛ր.. 

– Սեզա՜, շատ կարօտցեր եմ, շատ փոխուեր ես։

Սեզան կը հանէ ակնոցը եւ կրկին Ցոլիկին աչքերուն կը նայի․ 

– Դուն ես, դուն, իմ Սեզա՛ս։

Ցաւէն զառանցող բարի եւ հրեշտականման էակը շատ յոգնած ու տարիքէն շատ մեծ կ’երեւի։ Յանկարծ կեանքի ժամացոյցը զինք կը փոխադրէ տասնեակ մը տարի առաջ, եւ նախակրթարանի կամ միջնակարգի չարաճճի աշակերտուհիի մը փայլուն աչքերը կու գան դժգոյն եւ խոժոռ դէմքին, ուր կը գծուի արեւու նման գեղեցիկ եւ ջերմութիւն բուրող ժպիտ մը․ դէմքը կը լուսաւորուի, ձեռքերու անվերջ շարժումով անցեալի դպրոցական պատմութիւններ կը պատմէ ետեւ ետեւի, հեւիհեւ, միեւնոյնը կրկնելով անդադար, առանց հանգիստի կը յորդի ջրվէժի մը նման այդ պապանձած ու չորցած քարայրէն, կէս մը արաբերէն, յարգելու համար հիւանդապահուհիները, եւ կէս մըն ալ հայերէն, Սեզային նայելով եւ ամուր մը ձեռքը բռնելով։ Տարիներու շատ լուսաւոր եւ յստակ յուշերու շարան մը կը հիւսուի եւ թիթեռնիկներու նման կը թառի ու գունաւորէ մոխրագոյն սենեակը։ Հիւանդապահուհիները վստահաբար չէին հետաքրքրեր այդ պատումները, բայց ժպիտով կը փոխադարձէին եւ գլխու շարժումով մը մտիկ ընել կը ձեւացնէին, պարզապէս՝ իրենց պարտականութեան գիտակից։

Իսկ Սեզան կարօտի զգացումներով կլանուած մտիկ կ’ընէր եւ միտքէն կարգ մը սխալ դրուագներ կը սրբագրէր, գիտէր որ Ցոլիկը հիւանդ էր եւ իրաւունք ունէր ամէն ինչ ինքն ի՛ր դիտանկիւնէն պատմելու։

Ոչ մէկ մեղադրանք կար ընկերուհիին, թէ ո՞ւր էր այսքան տարի․ այո, ճիշդ տասնեւհինգ տարի է որ չէր տեսած իր սիրելի ընկերուհին։ Պատերազմը միակ պատճառն էր, որ Սեզան այլ քաղաք ճամբորդած էր եւ կարգ մը կապեր խզուած էին իր եւ իր բարեկամուհիներուն հետ, կամայ թէ ակամայ։ 

Հէլէնը՝ անձնական հիւանդապահուհին, որ պիտի գիշերէր Ցոլիկին քով, նաեւ Սեզային մօր հիւանդապահուհին եղած էր։ Երբ մայրը խնամքի կարօտ ըլլար, Հէլէնը որպէս օգնական կու գար անոր, որոշ կարիքները հոգալու․ բծախնդիր եւ իր գործին մէջ փորձառու անձնաւորութիւն մըն էր։ Տարիներ առաջ, երբ մայրը ինկած եւ կողոսկրը կոտրած էր, այս նոյն հիւանդապահուհին էր, որ ամէն օր գալով խնամած էր իր կողքին եւ այդ մէկը իր եւ անոր միջեւ քրոջ յարաբերութիւն մը ստեղծած էր, եւ այս պատճառով ալ ան երբեմն այցելութեան կու գար եւ անպայման Սեզան ալ կը փափաքէր տեսնել։

Սեզան երբ անոր անուն-մականունը կը լսէ, ուրախացած եւ զարմացած, ստուգելու համար անորինքնութիւնը, բնակարանին հասցէն եւ այլն եւ կը հարցնէ եւ կը հասկնայ, թէ, այո, իր սիրելի ընկերուհին է, բայց ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ այս վիճակին հասած է, եւ ինչո՞ւ չէ հանդիպած իրեն։

Ըստ Հէլէնին, ան ոչ ձեռնահեռաձայն կը գործածէ, ոչ ալ համացանց կայ տուներնուն մէջ եւ իր հարազատներու հետ միակ կապը պարզ հեռաձայնն է, մէկ խօսքով ժամանակը կեցած է տասնհինգ տարի եւ ոչ մէկ ընկերային կապ…

Արդեօք ինչո՞ւ… 

Սեզան կը փորձէ մի քանի անգամ ալ հանդիպիլ ընկերուհիին՝ հիւանդանոց,  բայց վերջը իր ծանր պարտականութիւններուն պատճառաւ չի կրնար շարունակել այցերը, միայն որպիսութեանը մասին կը հարցնէ Հէլէնին, որ տակաւին կը շարունակէ իր այցելութիւնը։ 

Մէկ բան սրտին շատ կը մեծնայ․ ընկերուհին շատ առողջ, կատակասէր եւ ընկերային էր, ի՞նչ բանը զայն այս վիճակին հասցուցած է․ միայն մէ՞կ անգամ իյնալով, եւ կամ՝ երկո՞ւ անգամ։ Արդեօ՞ք ծանր հոգեվիճակէ մը անցած է, արդեօ՞ք ուրիշ անհանգստութիւն մը ունեցած է, արդեօ՞ք մօրը զոհը գացած է՝ հին մտայնութեան եւ կամ քարացած «օրէնքներու»։ Անշուշտ Սեզային միակ փափաքը կրկին ընկերուհին առողջ եւ կայտառ տեսնելն էր եւ ոչ միւս պատճառները հասկնալ, որոնք թերեւս գոյութիւն ալ չունէին, թերեւս ալ ճակատագիրը իր դերը խաղցած էր։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՃԱԲՈՆԱԿԱՆ ՀԱՅՔՈՒՆԵՐ (ԽԶ․)

Ծ Թ ՊԱԼԵԱՆ

ՃՁ․
Իրական նկարը
Չտեսնող
Անճշմարիտ աչքը։

ՃՁԱ․
Տիեզերքի մթութեան մէջ,
Էութեան խաւարին մէջ,
Հոսկէ հոնկէ փայլող աստղեր։

ՃՁԲ․
Աշխարհ գալէն
Մինչեւ վերջին շունչ
Ցաւը – մեր երկուորեակը։

ՃՁԳ․
Խիտ, անմահ անտառներ,
Յաւերժական կանաչ,
Նորոգուող երազներու պէս։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՄԵՐ ԹԱՂԸ (Բ․)

ԱՆԻ ՉԷԼԷՊԵԱՆ

Հինցած էր թաղը, բայց կրակը չէր սպառած: Ան ստացած էր ուրիշ արժանիք: Դարձած էր կրթական եւ մշակութային ովասիս մը: Այդ շքեղ բնակարաններէն մէկը դարձած էր ֆրանսական դպրոց մը, միւսը՝ հայկական, մէկը՝ պետական երաժշտանոց, միւսը՝ հետազօտութեան կեդրոն, որբանոց, կուրանոց կամ ակումբ: Շքեղ բնակարանները շրջապատող ընդարձակ պարտէզներն ալ կտոր-կտոր ծախուած էին եւ անոնց հողին վրայ բարձրացած էին մի քանի յարկանի շէնքեր. անոնցմէ մէկուն մէջ կը բնակէինք մենք: Մի քանի կիսափլատակ ապարանքներուն մէջ ալ բնակութիւն հաստատած էին կարգ մը ընտանիքներ, որոնք մեզի հետ միասին կ’ապրէին:

Թաղին մէջ կը շարունակէին բնակիլ երկրի նախագահն ու ուրիշ անձնաւորութիւններ, բայց հին ջոջերը պիտի չհաւատային, թէ իրենց բաղձալի բլուրը հիւրընկալած էր աքսորեալներ, գաղթականներ, արհեստաւորներ, ինչպէս նաեւ յառաջդիմական մտաւորականներ ու արուեստագէտներ: Մեծաթիւ հայութիւն մը հաստատուած էր հոն. ցեղասպանութիւնը վերապրածներ եւ իրենց յաջորդող սերունդը: Հրաշք մըն էր պարզապէս, որ այդչափ խոցուած ազգ մը կարողացած էր վերակենդանանալ եւ նորէն երազել: Որքան ստեղծագործ եւ երեւելի հայեր կային թաղին մէջ. պատուարժան ուսուցիչներ, գրագէտներ, երաժիշտներ, դերասաններ, նախկին քաղաքական գործիչներ առաջին հանրապետութենէն, եւ բազմաթիւ արհեստաւորներ: Հիմնած էին դպրոց, տպագրատուն, թատերասրահ: Կային արաբ քրիստոնեաներ, որոնց ընտանիքները փախչած էին իրենց լեռնային գիւղերէն, հին քաղաքացիական կռիւներու հետեւանքով: Կար իսլամ ազնուական խաւ մը եւ կային անհամբեր յեղափոխականներ: Կային հրեաներ, որոնցմէ մաս մը վաղուց մաս կազմած էր երկրի մոզայիքին, իսկ մաս մը ալ նորագաղթ՝ Եւրոպայի տարբեր երկիրներէն: Կային քիւրտեր, նոյնպէս փախչած հալածանքներէ՝ Թուրքիոյ արեւելքէն: Մեր թաղը հիւրընկալած էր այս բոլորը:

Որչափ կորով ունէր մեր թաղը: Առաւօտեան կը լսէինք խանութներու փեղկերու բացումը, մէկ առ մէկ: Տակաւին ականջիս կը հնչէ այդ ձայնը: Ընտելացած էինք այդ ձայնին. նեղութիւն չէր: Արդէն մեր տան վարի Եղիային հայկական փուռին գործաւորները գործի անցած կ’ըլլային, եւ շուտով նոր եփուած տաք հացի բոյրը կը հասնէր մեր տուն: Քովի մսավաճառ Սարգիսն ալ ճերմակ գոգնոցը հագած, միսի կտորները կախած կ’ըլլար եւ կը սպասէր առաջին յաճախորդներուն: Սափրիչ Ռուբէնն ալ հասած կ’ըլլար, պատրաստ ածիլելու եւ անուշահոտով ողողելու գլուխները: Թաղի պաշտօնեաները պաշտօնական տախըմ հագած կ’աճապարէին գործի: Աշակերտները՝ բարձրաձայն խօսակցելով կ’ուղղուէին դէպի դպրոց: Քիւրտ պտղավաճառներն ալ իրենց կառքերով ժամանած կ’ըլլային եւ իրենց ապրանքին գովքը կը հիւսէին. կիները կը շտապէին փողոց՝ լաւ ապրանքին լաւագոյնն ընտրելու, իսկ այն տանտիկինները, որոնք կը ծլանային վար իջնելու, զամբիւղ մը կ’իջեցնէին պատշգամէն, վստահելով որ բանջարավաճառը իրենց ուզածը պիտի լեցնէր մէջը: Ժամ մը ետք ապրանքները սպառած կ’ըլլային, քիւրտերը կը վերադառնային իրենց տուները եւ թաղը կը հանդարտէր: Գիշերը թաղը նոր թափ կ’առնէր, երբ մշակութային կեդրոններու սրահներուն դռները կը բացուէին, ու զոյգեր, լաւագոյնը հագած, կը շտապէին վայր հասնիլ կանուխ՝ հանդէսը չսկսած:

Ըստ երեւոյթին, այս զանազան ազգութեանց պատկանող մարդիկը իրարու հետ համերաշխ կ’ապրէին, թէեւ ամէն ազգ իր խումբին հետ էր որ կ’ունենար իր ամենամտերիմ յարաբերութիւնները: Օրական կը լսէինք մզկիթին կոչը, որ երկար չէր տեւեր եւ հաճելի էր, ու առօրեայ աղմուկին բաղկացուցիչ մէկ մասը: Կիրակի օրերն  ալ մեզի կը հասնէր եկեղեցիներուն զանգին ղօղանջը, աւելի հեռուէն: Շաբաթ օրերը, համազգեստ հագած, պատանիները կը յաճախէին իրենց համայնքին ակումբը: Մենք փոքրերս ալ բարեացակամ ու բարի նպատակով բակ կ’իջնէինք խաղալու իրարու հետ, կը խօսէինք եւ կ’երգէինք արաբերէն, յետոյ կը «քէննայինք» եւ կռնակները դարձնելով ամէն մարդ իր տունը կը բարձրանար: Երբեմն ալ, առանց դրդապատճառի մեր պատշգամներէն կը սկսէինք զիրար նախատել եւ մի քանի հայոյանքներ, որ սորված էինք, իրարու հասցէին շպրտել՝ առանց նոյնիսկ անոնց իմաստը հասկնալու: Մայրերը կը լսէին այս ամէնը եւ մեզ յանդիմանելով ներս կը կանչէին: Թաղին մէջ կ’ըլլային սիրահարութիւններ՝ տանիքէ տանիք, պատուհանէ պատուհան, իսլամ եւ քրիստոնեայ, հայ ու հրեայ: Թաղի փողփողուն անձնաւորութիւններէն մէկուն պալատին պահակը սենեկալցի սեւամորթ մըն էր, որ տարիներ առաջ երկիր ժամանած էր ֆրանսական բանակին հետ եւ մնացած: Սիրահարեցաւ հայ դրացիի մը աղջկան հետ, ամուսնացան եւ ունեցան սեւուլիկ զաւակ մը, որ յաճախեց հայկական վարժարան…: Մեր շէնքի դիմացն ալ կար հայախօս ասորի ընտանիք մը, որ ունէր գեղեցիկ երիտասարդ աղջիկ մը, որուն մասին ծերերը կը փսփսային, թէ «ամօթ» գործ մը կ’աշխատէր: Օր մը սեւ ու փայլուն ինքնաշարժ մը կանգնեցաւ մեր փողոցը, ճիշդ մեր տան տակ եւ գեղեցկուհին բարակ կռունկներով վար իջաւ: Փողոցի մուտքին, հին, երկաթեայ, գեղեցկազարդ դարպասին տակ կանգնած էր պատկառելի, ֆեսը գլխին, գաւազանը ձեռքին, վայելուչ զգեստով, միջին տարիքով պարոն մը, որ քաղաքավարութեամբ օրիորդին ձեռքը համբուրեց եւ զայն ինքնաշարժ առաջնորդեց: Յետոյ լսեցի որ այդ վայելուչ, ֆեսաւոր անձնաւորութիւնը երկրի վարչապետը եղած էր…: Ամէն Ուրբաթ երեկոյեան, թաղի կրօնապահ հրեաները հայ դրացիներուն դուռը կը զարնէին, որ իրենց օճախը վարէին…: Հայերն ալ ամէն Կիրակի իրարանցում մը կը ստեղծէին մեր փողոցին վրայ, որովհետեւ ամէն հայ ընտանիք այդ օրը պէտք էր լահմեճուն ուտէր: Թաղի հայ փուռի սուրիացի գործաւորները քրտինքով ծածկուած, առանց գանգատելու, անընդհատ խմոր կը բանային եւ ճիգ կը թափէին բոլորը գոհացնելու: Իսկ ռամատանի ընթացքին, առաւօտ կանուխ, թմբկահարը անախորժ հարուածներով թաղէն կ’անցնէր՝ ծոմապահները արթնցնելու: Մենք գլուխնիս միւս կողմ կը դարձնէինք եւ քուներնիս կը շարունակէինք: Բոլորս կը հանդուրժէինք զիրար: Հանգիստ կրնայի ըսել, թէ մեր թաղին մէջ այլագունութիւնը եւ բազմազանութիւնը խաղաղութեամբ կը կենակցէին, առանց խտրութեան, առանց բախումի:

Արաբական աշխարհի այսպէս կոչուած «վերածնունդի» մեր թաղի ռահվիրաները ջահը յանձնեցին ուրիշներու, որոնք երկար մտածեցին, երազեցին, վիճաբանեցան, եւ յղացան նոր գաղափարներ, բարեփոխելու եւ արդիականացնելու ամբողջ արաբական աշխարհի միտքը, լեզուն եւ քաղաքական մշակոյթը․ մէկ խօսքով՝ արաբ ժողովուրդի ինքնութիւնը: Արդիւնաբեր տարիներ էին: Որպէս երեխայ, նոյնիսկ պատանի, մենք գիտակից չէինք այս իրողութիւններուն, այս արժէքաւոր, կենսալից գործունէութեանց, որոնք տեղի կ’ունենային մեր թաղին մէջ: Ոչ ալ կը գնահատէինք: Մեզի համար ամէն ինչ բնական երեւոյթ էր. մենք պարզապէս կ’ապրէինք մեր առօրեան: Կեանքի անիւը կը դառնար ինքնաբերաբար, առանց մեր միջամտութեան, օրը օրին կը յաջորդէր, եղանակները՝ նոյնպէս: Մենք գոհունակ կեանք մը կ’ապրէինք, որ վերջ պիտի գտնէր իր ատենին…:

Թաղը  հիմա անճանաչելի է: Կը փնտռեմ այդ կիսափլատակ, մամուռով ծածկուած ապարանքները: Կը փափաքիմ նորէն տեսնել հին դէմքերը: Ինծի ժամանակակից բնակիչներէն շատերը մահացած կամ ցրուած են, ինչպէս՝ ես: Թաղը տարբեր բնոյթ ու դեր ստացած է: Հիմա մենք ենք, որ ստուերներ դարձած ենք: Մեզ փոխարինող բնակիչները ունին տարբեր տեսիլք, ուրիշ երազ: Անոնք անվախ են եւ յանդուգն: Կան ու կը շատնան: Իրենք ալ իրենց կարգին՝ իրենց հետքը պիտի ձգեն թաղի պատմութեան մէջ: Մինչ կեանքի անիւը, անտեսելով մարդկային մեր չնչին փոփոխելիութիւնները, իր ընթացքը պիտի շարունակէ՝ անկախ մեր բոլորէն:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿՆԵՐ (ՃՀԳ․)

ԿԱՐՕ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

ՌՉԻԱ․
Մենք ալ ուրախացանք, որ տեսլապաշտ՝ իտէալիստ, երիտասարդ, անփորձ տղայ մը սա երկիրը պիտի փոխէ, պիտի կառավարէ ի վերջոյ։ Դուն մի՛ ըսեր, որ սրիկայէն սրիկայ կը ծնի, ինչպէս՝ խաւարէն խաւար։

ՌՉԻԲ․
«Լատվիացի Մշակույթի Գործիչներն ու Մտավորականները Կոչ են Անում Ազատել Հայ Ռազմագերիներին»։
Հիմա հարցը լրջացած պէտք է ըլլայ։ Եթէ լատվիացիները, մանաւանդ մշակոյթի՛ գործիչներն ու մտաւորականնե՛րը մտան հարցին մէջ․․․

ՌՉԻԳ․
Բանաստեղծին մէկը իր դիմատետրի էջին վրայ բանաստեղծութեան միջազգային օրուան առթիւ կոչ ուղղած է որ իր ընթերցողները իրենց սիրած քերթուածներէն տող մը կամ տուն մը արձանագրեն։ 56 հոգի արձագանգած է եւ գրած։ Բանաստեղծը, «մահու չափ յուզուեր է», թէեւ դեռ ողջ է, եւ ի միջի այլոց, խանդավառուած՝ ի՞նչ կը գրէ այս արձագանգին իբր արձագանգ.
«…Եւ ո՛վ որ այսուհետեւ ըսէ թէ ընթերցասէր հասարակութիւն չունինք՝ նախ պէտք է սպաննել, յետոյ կախաղան հանել, յետոյ ալ բանտարկել։ Պարոնեանին թելադրած պատիժի ձեւն է այս մէկը»։
Այս տողերը կարդալէ ետք, այսինքն 56 արձագանգով ընթերցասէր հասարակութեան գոյութիւնը հռչակելէ ետք, ալ դուք համարձակեցէ՛ք հակառակը ըսել։ Կախաղան կայ խնդիրին մէջ…։

ՌՉԻԴ․
Այլեւս Շուշի պիտի չկրնանք երթալ, որ սուշի ուտենք, ոչ ալ Հադրութ, որ աթ-տութ ընենք։ Վիճակնիս շատ գէշ է։

ՌՉԻԵ․
Մենք նոր բառարան մը պատրաստած ենք 600 բառերէ բաղկացած եւ արդէն փրկեցինք արեւմտահայերէնը կորստեան վտանգէն։ Եթէ հազար բառի հասնի մեր բառահաւաքածոն՝ յաւիտենութեան դռները թակած կ’ըլլանք արդէն։ Ատկէ անդին մի՛ հարցնէք։

ՌՉԻԶ․
Հարաւային Ամերիկայի մէջ Արցախի պատերազմէն ետք հայութիւնը ոտքի կանգնած է իր բոլոր ոտքերով ու ձեռքերով, վարակազմակերպուած է, կրակի մկրտութենէ անցած-դարձած է, «համայնքային զօրաշարժ»՝ ոչ աւելի, ոչ պակաս, եւ այլն, նման ոճով փրոփականտա կը կատարուի օր ցերեկով եւ առանց ամչնալու։ Պէտք է ըսենք՝ լա՛ւ որ Արցախի պատերազմը տեղի ունեցեր է։ Գիտնայինք, կը մաղթէինք, որ աւելի երկար տեւէր ան, եթէ ասքան խանդավառութեամբ ոտքի պիտի կանգնին «Սփիւռքի գերեզմանը» կոչուած համայնքները։ Կամ ալ կլկլացող փարաներուն խաթրին համար ոտքի ելլելու փորձեր կ’ընեն։ Հատէ, ոտքի կեցիր, որ կեր տամ, կ’ըսեն շուներուն, գիտէ՛ք։ Հատէ, թաթիկդ տո՛ւր, բարեւ ըսէ՛, «բ – ա – ր – ե – ւ»։ Ապրի՜ս։ Կամ մաքուր հայերէնով՝ եաշասը՜ն։

ՌՉԻԷ․
«Շուշին Շուշի է, երբեք Շուշա պիտի չըլլայ»։ Շատ լաւ, բայց եթէ ասպէս շարունակէք, Շիւշէ ալ պիտի ըլլայ եւ պիտի խոթուի․․․։

ՌՉԻԸ․
Մեծահրաշ գործ տեսած ենք։ Լոնտոնի մեթրոյի ցուցափեղկերէն հեռացուցած ենք Ալիեւի ազրպէյճանակեդրոն եւ սխալ ծանուցապաստառները։ Գիտէ՞ք որքան դժուար գործ էր։

ՌՉԻԹ․
Արեւմտահայերէնի նոր ու շատ մեծ շարժումի մը ձեռնարկած ենք։ Մեր շապընկերներուն վրայ այբուբենը եւ կարգ մը արեւմտահայերէնով բանաստեղծական տողեր պիտի տպենք ու Երեւանի փողոցները պիտի պտտինք, թերեւս Արցախ ալ երթանք, յատուկ ցուցադրութեամբ զարկ տալով արեւմտահայերէնի կանգնումին։

ՌՉԼ․
Հիմա յոյսերնիս այս ծեր նախագահին վրայ դրած ենք։ Սա «ցեղասպանութիւն» բառը ելլէ մէյ մը բերնէն, որ բերնէն կախուինք։ Յոյսերնիս չենք կտրեր։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՄԵԾ ՀԱՅՐԻԿԻՆ ՃԱՄՊՐՈՒԿԸ (Թ.)

ՄԵԼԻՍԱ ՖԷՐԱՀԵԱՆ

Օդը պայծառ ըլլալով հանդերձ, Անին անկողինէն ելլելու նպատակ չունէր։

Պատահածները տակաւին չէր մարսած։ Օրերէ ի վեր ընկերները կը հեռաձայնէին, բայց ոչինչ… ան կը նախընտրէր լման օրը տունը նստիլ… ։

– Անիի՜, արթցի՛ր, մեծ հայրդ քեզ կը կանչէ,- ձայնեց մայրիկը։

Ապա դուռը բացուեաւ.

– Հայտէ, աճապարէ՛, ըսածս չիմացա՞ր։

Անին աչքը կիսափակ՝

– Դեռ շատ կանուխ է, մարդ այս ժամուն կ’արթննա՞յ,- հարցուց քնաթաթախ։

– Ի՞նչ կանուխ։ Ժամը տասնմէկ է, ամէնքս շատո՜նց արթնցած ենք… բացի քեզմէ։

Անգամ մը եւս պիտի չկրկնեմ, ժամ առաջ ելի՛ր ու մեծ հայրիկիդ քով գնա՛… քեզի ըսելիք ունի եղեր…։

– Ի՞նչ։ Ի՞նչ պիտի ըսէ։ Մայրիկ, կեցի՜ր։

– Ես տեղեակ չեմ, եթէ գիտնալ կ’ուզես, ժամ առաջ ելի՛ր։

Անին մէկէնիմէկ անկողինին մէջ տնկուեցաւ։ Արդեօք մեծ հայրիկը ի՞նչ պիտի ըսէր։

Թերեւս անցեալ շաբաթ հայրիկին հետ գացած տեղը կրնար գիտցած ըլլալ․․․։

Շուտով անկողինէն ցատկեց, վազելով լոգարան գնաց ու երեսը լուաց։ Սենեակ վերադառնալէ վերջ արագօրէն վրան գլուխը փոխեց եւ հեւիհեւ խոհանոց մտաւ։

– Բարի լոյս, մայրիկ, մմմ ՜սեղանը հիանալի կ’երեւի։ Ձեռքդ դալար։

Շուտ մը նստաւ ու պնակը լեցուց։

– Անուշ ըլլայ։

Անին պնակին մէջ դրած հաւկիթը, պանիրը, կարագը եւ սալամը ետեւ ետեւի բերանը թխմեց, պէտք էր որ ժամ առաջ նախաճաշը վերջացնէր ու երթար մեծ հօրը սենեակը…։

– Աղջիկս, կամաց,- միջամտեց մայրիկը,- պիտի խեղդուիս։

– Չէ, չեմ խեղդուիր, պէտք է ժամ առաջ վերջացնեմ, կ’ուշանամ։

– Ինչի՞ համար պիտի ուշանաս։

– Մեծ հօրս սենեակը երթալու…

– Աղջիկս, քովի սենեակը պիտի երթաս,- շարունակեց մայրիկը շուարած։

– Վերջացուցի, մայրիկ, ես կ’երթամ։

– Կեցի՛ր, բան մը չմոռցա՞ր։

– Ոչ։

– Հապա պտուղի՞ պնակը։

Անին երեսը կախ՝

– Այո, իրաւունք ունիս, ուրեմն պտուղները շուտով կեղուեմ,- ըսաւ ու սառնարանին դուռը բացաւ։

– Մայրի՜կ,- գոչեց ժպտադէմ,- շատ շնորհակալ եմ։ Քեզ շատ կը սիրեմ։

– Միայն մէկ անգամուան համար է։ Յաջորդին այս պարտականութունը նորէն քուկդ է։

– Անշուշտ։

Անին, խնդումերես, պնակը սառնարանէն առաւ եւ ուղղուեցաւ դէպի մեծ հօրը սենեակը։ Մեծ յուզումով դուռը բացաւ.

– Բա-րի-լո՜յս, մեծ հայրիկ։

– Օ՜, բարի եկար, սիրունիկ։ Ո՞ւր էիր։ Աչքս ճամբան մնաց։

– Այսօր քիչ մը ուշ արթնցայ, ատոր համար ուշացայ։ Զիս կանչեր ես։

– Այո, եկուր նայինք, քեզի հետ շատոնց չենք խօսիր։

– Այո, վերջերս շատ դուրս չեմ ելլեր։

– Գիտեմ, կարօտցայ եւ քեզ տեսնել ուզեցի։

Անին ճիշդ մեծ հօրը դիմաց նստաւ եւ պնակը եռոտանիին վրայ դրաւ։

– Մը՜մ, շատ համով կ’երեւի։

– Շնորհակալ եմ, բայց այս անգամ ես չեմ պատրաստած։ Ուշ արթննալուս պատճառով, որպէսզի քեզ աւելի չսպասցնեմ, պտուղները մայրիկս կեղուեր է։

– Ապրիս, միշտ այսպէս ուղղամիտ եղիր։ Ուղղամտութիւնը միշտ կը շահի։

– Ուրեմն քեզի հարցում մը կրնա՞մ ուղղել, մեծ հայրիկ։

– Հարկաւ, ի՞նչ է։

– Առջի օր հայրիկիս հետ միասին ո՞ւր գացիք։ Զիս ալ պիտի տանէիք, բայց կարծեմ մոռցաք։

Մեծ հայրիկը պահ մը խորհեցաւ.

– Իրաւունք ունիս, աղջիկս, քեզի խոստացած էինք, բայց անակնկալ մը պատահեցաւ։ Եւ մենք ալ ստիպուած աճապարեցինք։

– Ի՞նչ եղաւ։

– Կարեւոր չէ, ընկերներէս մէկը օգնութեանս պէտք ունէր… ես ալ անոր քով գացի։

– Հասկցայ,- պատասխանեց Անին։

– Ուրեմն պատմութեան համար պատրա՞ստ ես։

– Այո։

– Շատ լաւ, ուրեմն, սկսինք,- աւելցուց մեծ հայրիկը լիաթոք խնդուքով մը։

Եւ մեծ հայրիկը շարունակեց կէս մնացած պատմութիւնը։

– Երբեք ձեռք մի՛ երկարէք այն բանին, որուն ձեր ձեռքը չի հասնիր. անցած բանի համար մի՛ ափսոսաք. անհաւատալի բանի մի՛ հաւատաք,- աւելցուց իմաստունը շուրջը հաւաքուած գիւղացիներուն աչքերուն մէջ նայելով։

Գիւղացիներէն մէկը իմաստունին խօսքին միջամտեց.

– Եղբայր, աղէկ կ’ըսես, լաւ կ’ըսես, բայց երանի ժամանակին ըսածիդ պէս ընէի, թերեւս հիմա այսպէս առանձին չէի մնար։

– Եթէ չէք ուզեր «երանի» բառը գործածել, ուրեմն, տասը պիտի չափէ՛ք, մէկ պիտի խօսի՛ք,- պատասխանեց իմաստունը,- եւ այսպիսով անցածին համար պիտի չափսոսաք։

– Մեծ Հայրիկ, որքան գեղեցիկ պատմութիւն մըն էր։

– Ուրախ եմ, որ սիրեցիր, սիրունիկ։ Գիտես թէ պատմութիւնները ինչպէս մէջտեղ ելած են։

– Չէ, չեմ գիտեր․ ինչպէ՞ս։

– Լսէ՛ ուրեմն։

– Հին ժամանակ, անգիր շրջանին, այսինքն դեռ այբուբենը չստեղծուած, մեծերը երիտասարդները իրենց շուրջ հաւաքելով հեքիաթներ եւ պատմութիւններ կը պատմէին, որպէսզի ժողովուրդին աւանդութիւնները փոխանցէին նոր սերունդին։

– Այնքան բան ինչպէ՞ս միտքերնին կը պահէին։ Դժուար չէ՞,- հարցուց Անին շուարած աչքերը մեծ հօրը տնկած։

– Հահ, հահ, հա, ո՛չ,- պատասխանեց մեծ հայրիկը,- եւ մանաւանդ որպէսզի քեզի նման պզտիկներուն իրողութիւնները, այսինքն ինչը ճիշդ է, ինչը սխալ է, աւելի լաւ բացատրեն, զանազան պատմութիւններ կը պատմուէին։

– Քիչ առաջուան պատմութեան նմա՞ն,- հարցուց Անին ժպտադէմ։

– Այո,- պատասխանեց մեծ հայրը աչքը քթթելով։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԻՄ ԿԵԱՆՔԻ ԳՈՅՆԵՐԸ

ԺՊՏՈՒՆ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ ԶՈՒՌՆԱՃԸ

31 տարուան ուսուցչութեան կեանքիս մէջ ունեցայ տարբեր փորձառութիւններ, յիշատակներ եւ իմ կեանքի գոյները՝ սիրելի սաներ: Անոնց շնորհիւ ամէն վերամուտ նոր սկիզբ մը առաւ իմ կեանքը: Սորվելու եւ սորվեցնելու խանդը եւ տղոց հոգիներու մէջ թափանցելու անհուն երջանկութիւնը ոգեւորեց զիս: «Սէրը վաստակ է» խօսքը արդարացաւ կեանքիս մէջ, երբ տղոցս հետ փոխադարձ սիրոյ կամուրջ մը հաստատեցի:

Այժմ՝ համայնքիս վարժարաններէն Տատեանի մէջ կը բոլորեմ քսանմէկերորդ տարիս, ուր ստացած էի միջնակարգի ուսումս: Այս տարի Սահակեան Նունեան Լիսէի մէջ ալ կ’աշխատիմ որպէս գիր ու գրականութեան ուսուցիչ, ուր աշակերտած եւ լիսէի ուսումս ստացած էի: Նախապէս Մխիթարեանի մէջ տարի մը, իսկ Կեդրոնականի մէջ ինը տարիներ աշխատած եւ առաջին ուսուցչութեան փորձառութիւններս ձեռք ձգած էի: Տարիները այսպէս սահեցան ու անցան եւ իմ յիշողութեան մէջ մնացին տղոց անուններ, դէմքեր ու յիշատակներ: 

Համալսարանէն նոր շրջանաւարտ եւ անփորձ ուսուցչուհի մըն էի, երբ Մխիթարեան Վարժարանի մէջ ուսուցչութեան սկսայ. ինծի յանձնուեցաւ Է. դասարանը։ Չեմ մոռնար ութը հոգինոց իմ դասարանը, որ եօթը մանչէ ու մէկ աղջիկէ կը բաղկանար: Օր մը, տղաքս երբ Կաղանդի առթիւ շարադրութիւն մը պիտի գրէին,  մանչերը սկսան անվերջ բառերուն հայերէնները ինծի հարցնել: Նպատակը յայտնի էր. զիս հարցաքննել ու բառապաշարս չափել: Բոլորին կրցայ պատասխանել, բայց լէպլէպի  բառին հայերէնը չէի գիտեր, չկրցայ ըսել եւ տղոցս հետ բառարան նայեցանք ու սորվեցանք: Մինչեւ այսօր, երբ լէպլէպի՝ «գլուկ» բառը գործածեմ, այդ առաջին դասարանս իմ միտքը կու գայ:

Կեդրոնականի մէջ թէ միջնակարգի եւ թէ լիսէի ուսուցչութիւն ըրի: Կեանքիս մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն այդ տարիները, որովհետեւ հոն տարուէ տարի հասունցայ եւ գիտելիքներս զարգացուցի: Հոս յարգանքով եւ երախտագիտութեամբ կ’ուզեմ յիշել հայերէնի ուսուցչուհի՝ Տիկ. Շողեր Չափարեանը եւ տնօրէնուհի՝ Սիլվա Գույումճեանը, որոնք միշտ զօրավիգ կանգնեցան ինծի: Տիկ. Շողերը իր տարիներու փորձառութիւնը կը բաժնէր ինծի հետ, իսկ Տիկ. Սիլվան յարատեւ աշխատութեան կը մղէր զիս: Այդ տարիներէն ինծի յիշատակ մնացին անմոռանալի դասարաններ եւ աշակերտներ, որոնցմէ կ’ուզեմ զատորոշել դասարան մը, ուր կարծես իւրայատուկ աշակերտներ մէկտեղուած էին: Արեգը կատակասէր էր, իր չափաւոր կատակներով դասը կը գունաւորէր, Արան, դասի վերջաւորութեան, բոլոր պատմածներուս ամփոփումը կ’ուզէր, Սեդան՝ դասարանին աշխատասէրը, բոլորին օգնելու միշտ պատրաստ էր, Սարվէնը կէս քուն, կէս արթուն դասի կը հետեւէր…:

Տատեանի մէջ ալ տարիներու ընթացքին ճանչցայ զանազան տղաք եւ զանազան դէմքեր: Չեմ մոռնար, տարի մը ունեցայ շատ շարժուն Ը. դասարան մը, որ բան մտիկ ընելու համբերութիւն չունէր, բայց գիր գրելու ատեն ձայն չէր հաներ: Ես ալ հարցը լուծած եւ բոլոր պատմելիքներս գիրի վերածած էի: Տղաքը ամէն անգամ երբ ինծի հարցնէին, թէ լմնցա՞ծ են գրուելիքները, «Ոչ» ըսելով մանրամասնօրէն գրել կու տայի բոլոր պատմելիքներս:   

Ըստ իս, ուսուցչութեան առաջին պայմանը բան մը սորվեցնելէ առաջ տղոց հետ լաւ հաղորդակցութիւն հաստատել է: Տղան եթէ զգայ, թէ իրմով հետաքրքրուող մէկը ունի իր դիմացը, ինքն ալ ուշադրութիւն կը դարձնէ ուսուցիչին եւ դասին: Պայման է տղոց աչքերուն մէջ նայիլ: Դասարանները բազմութիւն կրնան ըլլալ, բայց ամէն աշակերտ յատուկ է եւ կ’ուզէ, որ իր ներկայութիւնը ուսուցիչը զգայ: 

Դժբախտաբար վերջին մէկ տարիէն ի վեր հեռավար ուսուցում կը կատարենք եւ չենք հաղորդակցիր տղոց հետ: Ուսուցիչը դարձած է միմիայն գիտելիք փոխանցող անձ, որուն հետ տղաքը չեն կրնար աչքի ու սրտի հաղորդակցութիւն հաստատել: Կը մաղթեմ, որ մօտ օրէն Քորոնա այս համաճարակը վերջ գտնէ եւ մենք կարենանք դարձեալ մեր ուսման բոյները վերադառնալ եւ հոն մեր սիրելի տղոց միանալ:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԱՍՄՈՒՆՔՈՂԸ

Սարգիս Պօղոսեանի յիշատակին

ԳՐԻԳՈՐ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

Պոլսոյ մէջ, յիսունական թուականներուն, միայն Սանուց միութիւնները գրական դասախօսութիւններ կը կազմակերպէին: Քանի մենք Մխիթարեաններու մօտ կը բնակէինք, երբ հանդէս, դասախօսութիւն կամ թատրոն ըլլար, ընտանեօք ներկայ կ’ըլլայինք: Անշուշտ միւս երկու բարձրագոյն վարժարաններն ալ, Էսաեան եւ Կեդրոնական, ունէին իրենց սրահները, եւ այնտեղերն ալ նոյն հանդէսները տեղի կ’ունենային:

Ուզեցի միտքս բերել այն անձը, որ եկած էր Պոլիս եւ ասմունքած Մխիթարեաններու մօտ․ եւ՝ անոր զուարճալի մէկ բանաստեղծութիւնը: Եւ շուտով հեռաձայնեցի մեր ընտանիքի միակ եւ լաւագոյն ասմունքողին՝ իմ շատ յարգելի եւ սիրելի զարմուհիիս՝ Զուարթ Փոլատեան-Պալըքճեանին: Մեր մեծ մայրերը քոյրեր են: Զուարթը կը բնակի Նիւ Ճըրզի: Եւ ահա շուտով գրաւոր պատասխանը ստացայ:

«Սիրելի Գրիգորս,

Շատ լաւ կ’ընես յիշատակներդ գրելով, որովհետեւ, դժբախտաբար, ժամանակը գրատախտակին վրայի գրութիւնները սրբող սպունգի մը պէս շատ մը բաներ կը սրբէ կը տանի:

Ուրեմն՝ Շէֆին [իմ մակդիրս՝ Զուարթին վերագրուած] յիշողութեան ապաւինելով սկսինք: 

Ֆրանսայէն եկողը բանաստեղծ չէր, այլ բանաստեղծութիւններ արտասանող, որոնց այսօր «Ասմունքող» մակդիրը տրուած է: Ես ալ ասմունքող եմ: Անունը՝ Սարգիս Պօղոսեան:

1991ին երբ Բարիզի ճամբով Հայաստան կ’երթայի, Բարիզի օդակայանը յանկարծ զինքը տեսայ, Հայաստան գացող եւ մեզ Երեւան տանող օդանաւին համար յատկացուած սպասման սենեակը նստած: Իրեն մօտեցայ եւ իր անունով զինքը բարեւեցի ու ըսի որ բնիկ Պոլսեցի եմ եւ եղած եմ Էսաեան վարժարանի աշակերտուհի. իր ելոյթին ներկայ եղած եմ, իսկ ինքն ալ մեր վարժարանի ասմունքի մրցումին ներկայ էր, իրեն հետ նկարուած էինք։ Անշուշտ շատ ուրախացաւ որ զինքը կը յիշենք տակաւին եւ գովեստով խօսելով մեր վարժարանին մասին ըսաւ, որ լաւ հայերէն խօսող-արտասանող աշակերտութիւն մը տեսած է ու նաեւ խոստմնալից, տաղանդ ունեցող ասմունքողներ: Երբ հարցուցի թէ ոեւէ մէկը կը յիշէ՞ թէ ոչ, զարմանալիօրէն պատասխանը հետեւեալը եղաւ. «Անշուշտ ոչ բոլորը, բայց Զուարթ մը կար, որուն մականունը չեմ յիշեր, ինքը շատ լաւ էր: Գրիգոր, բերանս բաց մնաց:  Ըսի՝ գիտէ՞ք ես ո՛վ եմ, այդ Զուարթն եմ:  

Բարիզէն Երեւան քով քովի նստեցանք, քանի որ աթոռները թուագրուած չէին: Ինծի պատմեց որ Հայաստան ազգականներ ունի եւ յետ-երկրաշարժի կարօտեալ վիճակի մէջ ըլլալով անոնց օգնութեան բաւական բաներ կը տանի. իսկ ինք իր ապրուստը կը շահի antiqueներու (հիմա չեմ յիշեր ինչ տեսակ) առուծախով: 

Փետրուար 1992ին ինծի ղրկեց մեծածաւալ եւ շատ ծանր գիրք մը, որ իր գրածն ու հրատարակածն էր. “Iconographie Arménienne”, շատ գեղեցիկ եւ հարուստ տեղեկութիւններով ու նկարներով հաստ, փայլուն թուղթի վրայ:  

Քանի մը տարի անց թերթին մէջ կարդացի որ իր տան մէջ կախուած գտնուած է:  Անձնասպա՞ն թէ… ոճիր այդ ժամանակ որոշ չէր:

Գալով բանաստեղծութեան:

Հէմ կիւլ, հէմ վարդ, հէմ նէրկիզ,
ինքը նէրկիզ կը հնչէր, որպէս գիւղացի աղջկայ բարբառ, բայց հայերէն նարկիս կամ նարգէսն է. անգլերէն narcissus․աղջիկը ինքզինք կը գովէ, ըլլալով կարապի երկար վիզով եւ ծաղիկի գեղեցկութեամբ:

Կէօլի կռունկ էրկէն վիզ
Կակէ, մարէ, կարգէ զիս.
Կօշկակարի մի՛տար զիս,
Կօշիկ կարէ մոռնա՜յ զիս:

Հէմ կիւլ, հէմ վարդ հէմ նէրկիզ,
Կէօլի կռունկ, էրկէն վիզ,
Կակէ, մարէ կարգէ զիս.
Չօպան մարդու մի տար զիս,
Երթայ սա՜ր դա՜շտ մոռնայ զիս:

(կրկնութիւն առաջին 3 տողերու)
Հարուստ մարդու մի տար զիս,
Ոսկի խամրէ, մոռնայ զիս:

(կրկն.)
Կտաւ գործողի տուր զիս.
Մաքուկ թալլէ պաչէ զիս:

Մարէ = մայր, Կակէ = հայր, կէօլի կռունկ = կարապ, կարգէ զիս = զիս ամուսնացուր,  խամրէ = համրել, մաքուկ = թրքերէն mekikն է, որ կտաւ գործող մեքենային վրայ աջ ու ձախ կ’երթայ կու գայ. ամէն երթալգալուն համբոյր մը կ’ուզէ աղջիկը:  

Հեղինակին անունը, ինքը այն ատեն կարծեմ «անծանօթ, ժողովրդական» ըսած էր:

Զուարթ»

Ես ալ ձեզի ներկայացուցի այս դժբախտ մարդուն ասմունքած կտորը:

Վիեննա, 28 Յունուար 2021 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՄՈՌՑՈՒԱԾ ՏԱՊԱՆԸ

ՇՈՒՇԱՆ

Երկար ժամանակ անցած էր Արմէնին մեծ պապին տապանէն դուրս գալէն ի վեր, Արարատ լերան շրջակայքը։

Ան լաւ կը յիշէր իր մեծ հօր խօսքերը, թէ իր հօրեղբայրները զիրար սպանեցին։

Արմէն տապանին ճամբան արդէն մոռցած էր, բայց տակաւին նշոյլներ կը յիշէր, երբ օր մը հոն այցելեց իր մեծ հօր հետ։ Ան լաւ կը յիշէր մանաւանդ այդ հին, կարմիր կանթեղը, որ յաւիտենապէս կը վառէր կապոյտ ճրագով մը։

Այդ առաւօտ արեւը կիզիչ էր, պատուհանէն աղաւնիի մը անընդհատ թափահարումը կը լսուէր։ Արմէն ուշ արթնցաւ, սուրճը արագ մը խմեց ու ինքնաշարժը աճապարանքով քշեց դէպի իր գրասենեակը՝ Նիւ Եորքի դրամի թաղը։ Համակարգիչը բացաւ ու սկսաւ կարդալ ելեկտրոնային նոր հաղորդագրութիւնները։

Յանկարծ ձեռքի հեռաձայնը հնչեց, Բադրիշան էր՝ իր կինը։ Շուարած էր․ հին, կարմիր կանթեղ մը գտած էր ննջասենեակին գետինը, անկողինին տակը ինկած։

Արմէն զարմացաւ եւ դարձեալ սկսաւ վերյիշել այդ տապանը եւ իր մեծ հօր խօսքերը ու անմիջապէս տուն աճապարեց։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՄԵՐ ԹԱՂԸ (Ա․)

ԱՆԻ ՉԷԼԷՊԵԱՆ

Հին էր մեր թաղը, բայց ապրած էր պանծալի անցեալ մը: Դար մը առաջ ան եղած էր Պէյրութ քաղաքի առաջինը, որ կառուցուած էր քաղաքի հին պարիսպներէն դուրս եւ արդիական պողոտայով մը օժտուած: Այդ դարու երկրորդ կիսուն, երբ Պէյրութ քաղաքը ունեցաւ բարգաւաճման եւ աճումի շրջան մը, քաղաքի ջոջերը, լիազօրուած, աչքերնին յառած էին քաղաքի պատերէն դուրս, եւ բաղձացած շրջակայ բլուրը․ քաղաքին արեւելեան մասին մէջ գտնուող, ծովուն տիրապետող, նայուածքը դէպի արեւմուտք եւ հեռու հորիզոններ յառած, զեփիւռի խաղավայրն եղող այս սիրուն բլուրը: Ջոջերը հաւնած էին այն ինչ որ տեսած էին ու բարձրացած հոն:

Բարձրացան, նուաճեցին այս բլուրը եւ այլափոխեցին զայն: Նման Միջերկրականի ծովեզերեայ ուրիշ բլուրներու, անբնակ, ծածկուած թուփերով եւ վայրի պտուղներով, այս սիրուն բարձունքը նախ ստեղծուեցաւ որպէս մշակութեան վայր եւ տնկաստան, ապա դարձաւ հողատէր դասակարգի ամառանոցը: Յետոյ, երբ այդ զառիվեր ճանապարհը սալայատակուեցաւ, եւ երթեւեկը դիւրացաւ, բլուրը արագ զարգացաւ եւ դարձաւ ժամանակի օսմանեան իշխանութեան, ապա իրեն յաջորդող ֆրանսական տիրապետութեան փառքի եւ ուժի մէկ կեդրոնը: Հոն կառուցուեցան բանակի զօրանոց, կառավարութեան սերայ, ոստիկանատուն: Մեր ջոջերն ալ իրենց կարգին շինեցին փառաւոր պալատներ, շքեղ ապարանքներ, կրթական հաստատութիւններ, մայր եկեղեցի, մզկիթ, սինակոկ, մասոնական հաւաքավայր, աղօթատեղի: Գործի կանչուեցան լաւագոյն տեղացի եւ օտար ճարտարագէտները, բնակարանները զարդարուեցան չքնաղ գեղազարդարանքով, ներածուած Եւրոպայի քաղաքներէն (Վենետիկ, Փարիզ), ինչպէս նաեւ արեւելեան եւ իսլամական շուկաներէն. մարմարէ արձաններ, հայելիներ, կահկարասի, գունաւոր ապակի, քրիստալ, մետաքս, գորգ, պեղուած հնութիւններ: Այս ապարանքները շրջապատուեցան դիւթիչ պարտէզներով, որոնց մէջ տնկուեցան տեսակաւոր ծառեր, ինչպէս բարակ ու բարձրահասակ արմաւենին, շքեղ յարականդը (jacaranda), bougainvilleaն, մագլցող վիստարիան, նորաշխարհը, կամելիան: Այս պարտէզներուն մէջ տեղի կ’ունենային առասպելական տօնակատարութիւններ ու հանդէսներ, լապտերներով լուսաւորուած, որոնք կախարդական երեւոյթ մը կու տային պարտէզներուն եւ տեսանելի կ’ըլլային մինչեւ ծովեզերք: Այնչափ գեղեցիկ էին այս պարտէզները որ, թաղը կոչուեցաւ «Պարտէզ Քաղաք»:

Այս թաղը հաստատուեցան ոչ միայն Պէյրութ քաղաքի, այլ նոյնիսկ շրջակայ սուրիական նահանգներէն եկած մեծահարուստ հողատէրեր, որոնք իրենց հետ բերին անչափելի հարստութիւն: Եկան նաեւ եւրոպական երկիրներու հիւպատոսները, բարձրաստիճան qօրավար, ծովակալ, տիտղոս կրող ազնուական ընտանիքներ, լրտես, միսիոնար: Ապրեցան հեքիաթային եւ հաւանաբար գայթաղկեցուցիչ կեանք մը, որու մասին կրնային վէպեր գրուիլ, եթէ երբեք կարելի ըլլար այդ ապարանքներու պատերու ետեւ խօսուածները մտիկ ընել…: Յամենայն դէպս, առեւտուրի ու զուարճանքի եւ գայթաղկութեան կողքին, թաղը ունեցաւ նաեւ լուրջ եւ բուռն մտաւորական եւ կրթական զարթօնք մը, որուն հունձքը արձագանգ պիտի ունենար արաբական աշխարհի մինչեւ հեռաւոր ափերը: Հոս էր որ հիմնուեցաւ Միջին Արեւելքի առաջին ոչ-համայնքային դպրոցը, որ ընդունեց ուսանողներ առանց կրօնքի եւ դասակարգի խտրութեան․ նաեւ՝ առաջին աղջկանց դպրոցը, որ իսկապէս յանդուգն քայլ մըն էր, ամերիկացի միսիոնարուհիի մը կողմէ: Եւ քանի որ քաղաքական մրցակցութիւն կար, թէ ո՛վ պիտի ժառանգէր այս երկիրը օսմանեան կայսրութեան անկումէն ետք, քով քովի յայտնուեցան թէ ֆրանսական, թէ անգլիական ուսումնական կեդրոններ իրենց գեղեցիկ շէնքերով ու բակերով․ եւ դեռ ուրիշ յառաջդիմական հաստատութիւններ ալ, որոնց համբաւը կը հասնէր մինչեւ Իսթանպուլ եւ Գահիրէ: Կատարուեցաւ Աստուածաշունչի արդի արաբերէնի թարգմանութիւն եւ տպագրութիւն: Իսկապէս վերածնունդ մը տեղի ունեցած էր:

Երբ ես ծնայ, այս եղելութիւններէն մօտաւորապէս հարիւր տարի ետք, մեր թաղը իր փառքի զենիթը անցած էր արդէն: Անդիմադրելի գեղեցկուհի աստղի մը կը նմանէր ան, որ իր համբաւը կորսնցուցած էր, բայց տակաւին կը պահէր իր հրապոյրը: Իր հին բնակիչները արդէն մահացած էին, հիացողները եւ երկրպագուները ցրուած ու հեռացած. արդէն անոնց սէրը շատ փոփոխական էր, շուտ սպառող…: Անոնք հեռացան փնտռելու աւելի արգաւանդ արօտավայրեր: Հեռացած էին բնակիչները, բայց ետեւ թողած իրենց վայելուչ պալատները, որոնցմէ մաս մը լաւ դիմացած էր ժամանակի աւերին, մաս մըն ալ լքուած էր ու կիսափուլ: Պատերու դեղնորակ քարերը դարձած էին փխրուն եւ ծակոտկէն, տեղ-տեղ ծածկուած մամուռով: Թաղը առած էր հին եւ գունատ նկարի մը երեւոյթը: Մնացած էին հին բնակիչներու կարգ մը ժառանգորդները, կառչած իրենց ունեցուածքին․ անոնք ընդհանրապէս կը  խուսափէին հաղորդակցելէ նոր բնակիչներուն հետ: Ինծի կը թուէր, թէ ստուերներու պէս կ’ապրէին անոնք…:

Շարն․ Ա․

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՍԷՐ ԵՒ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ

ՍԻՒԶԱՆ ԲՌՆԱԼԵԱՆ

Կար ու չկար, ծովանոյշ մը կար: Ան կապոյտ եւ երկար մազեր ունէր: Ամէն օր ծովուն ալիքներով իր մազերը կը սանտրէր եւ փայլուն զգեստով մը մարմինը կը ծածկէր: Ինքզինք շատ կը հաւնէր, բայց իր գեղեցկութեամբ գոհ չէր: Ծովային աշխարհի բոլոր գաղտնիքներուն տիրանալ կ’ուզէր: Ուստի իր կեանքը ճամբորդութեամբ կ’անցընէր: Բազմատեսակ ձուկերն ալ անոր երկար մազերէն կը կախուէին, որպէսզի շնաձուկերէն թաքնուէին, որովհետեւ անոնք այլ ձուկերով կը կշտանային: 

Ծովանոյշը իր զգեստով շատ աչքառու էր: Հապա ձուկերը ինչպէ՞ս չվախնային: Ծովանոյշը գեղեցիկ էր, ուստի շնաձուկերը իրեն մօտենալ պիտի ուզէին: Եւ եթէ մօտենային՝ կրնային նշմարել, որ երկար մազերուն տակ ահագին ձուկեր կը պահուըտին: Անոնք որոշեցին ճար մը գտնել:

– Ծովանոյշին հետ պէտք է խօսինք: Ան մեզ չնշմարեց: Եթէ նշմարէ՝ բոլոր վտանգներէն կը պահպանէ:

– Ուրկէ՞ գիտես, որ մեզ պիտի պահպանէ, թերեւս մեզի հետ ապրիլ պիտի չուզէ: 

– Այո՛, մենք իր մազերէն կախուած բեռներ ենք: Եթէ գիտնայ որ իրեն հետ ենք՝ մեզ պիտի չսիրէ:

– Ուրեմն ի՞նչ պէտք է, որ ընենք: Հագո՞ւստը փոխենք:

– Անկարելի: Ծովանոյշին հագուստը բնական է, չես կրնար վրայէն հանել: 

– Այսինքն հագուստը իր մարմինի՞ն կը պատկանի:

– Այո՛: 

– Ա՜հ, ամէն օր անոր կապոյտ ու երկար մազերուն շնորհիւ կը փրկուինք, իսկ փայլուն զգեստին պատճառով յանկարծ կրնանք մեռնիլ: Չեմ գիտեր՝ ուրախանա՞մ, թէ  տխրիմ:

– Մի՛ մտահոգուիք: Աղմուկ մի՛ ընէք, հիմա մեզ պիտի լսէ:

– Հոգ չէ, թող լսէ, թող լսէ որ այս վախէն ազատինք:

Ծովանոյշը զգաց, որ մազերը իրար խառնուած էին: Ան ծովու ալիքներով իր մազերը սանտրել սկսաւ: Յանկարծ ծովուն մակերեսին վրայ ձուկերն ալ երեւցան: Այդ պահուն հեռուներէն անօթի շնաձուկ մը կը մօտենար: Փախչելու ժամանակ չկար: Ձուկերէն մին ծովուն յատակը իջաւ եւ լօռ հաւաքեց ու շուտով իր ընկերներուն քով վերադարձաւ: 

– Ընկերնե՜ր, ինծի օգնեցէ՛ք: Այս լօռով ծովանոյշին հագուստը պէտք է ծածկենք:

– Ինչո՞ւ: 

– Քանի որ չենք կրնար հագուստը փոխել, ուրեմն ծածկենք, որ շնաձուկը չնշմարէ անոր գեղեցկութիւնը:

– Ո՜հ, ես շատ կը վախնամ: Ծովանոյշը մեր կատարած փոփոխութիւնը պիտի տեսնէ:

– Եւ բարկութեամբ այս հսկայ շնաձուկին բերանը մեզ պիտի յանձնէ:

– Աճապարեցէ՛ք, շնաձուկը հետզհետէ աւելի կը մօտենայ:

Ձուկերը աճապարանքով ծովանոյշին մարմինը ծածկել սկսան: Ծովանոյշը անդրադարձաւ պատահածին եւ կարծեց որ այս չարաճճի ձուկերը զինք կը պաշտպանեն: Ուստի ձայն չհանեց, իսկ շնաձուկը տեսաւ թէ ծովանոյշը լօռով շրջապատուած էր: Ալ աւելի մօտեցաւ եւ անոր մազերը շոյեց: Ձուկերը աղաղակելով վազվզել սկսան: Ծովանոյշը լօռը իր վրայէն հանեց եւ շնաձուկին ըսաւ.

– Նայէ, աս է իմ բնութիւնս: Թանկարժէք քարի մը պէս կը փայլիմ: Աշխոյժ եւ գեղեցիկ եմ: Պտտելով սորվիլը շատ կը սիրեմ:

– Դո՛ւն ալ ինծի նայէ: Ես ծովուն ամենազօրաւոր էակն եմ: Ուրիշները ինձմէ կը վախնան: Ես քեզ ծառաներուս քով տանիլ կ’ուզէի, որպէսզի ինծի ծառայելով ապահով ապրէիր այս ծովուն մէջ:

– Ինծի հարցուցի՞ր: Ես քեզի հետեւիլ չեմ ուզեր: Ես իմ ճամբուս հետեւորդն եմ:

– Բոլոր ծառաներս իրարու կը նմանին: Ես չեմ ուզեր քովս քեզի պէս աչքառու եւ ինքնուրոյն էակ մը:

Շնաձուկը հեռացաւ, իսկ ձուկերը հանգիստ շունչ մը առին: Ուր որ է շնաձուկին բերնին մէջ պիտի կտրտուէին: Ձուկերէն մին ըսաւ.

– Այս վա՛խը մեզ չարչարեց, ոչ թէ շնաձուկը: 

Այդ օրէն վերջ ծովանոյշը եւ ձուկերը իրարու ընկերացան։ Այլեւս վախին տեղ կար սէր եւ ընկերութիւն:

ՍԷՐ ԵՒ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: