ԱՇԽԱՏԱՎԱՅՐՍ, ԳԵՐՄԱՆԻԱ

Հրաժեշտիս առթիւ կատարուած հանդիպման ընթացքին, փրոֆ․ Ռենըրի հետ

ՄԱՐԳԱՐԻՏ ԱՍՈՅԵԱՆ-ԼԻՆՔ

1976ին, Իրաքէն մեր հնգամսեայ աղջկան հետ բաժնուելէ եւ գրեթէ երկու տարի Խարթում (Սուտան) ապրելէ ետք, 1978ի գարունը վերադարձանք Գերմանիա եւ վերջնականապէս հաստատուեցանք Էրլանկըն քաղաքին մօտիկ Ութընրօյթ կոչուած գիւղին մէջ: Թէեւ Խարթում Կէօթէ հիմնարկին մէջ դասընթացք մը ըրած ու գերմաներէնին քիչ մը ծանօթացած էի, բայց դեռ խօսիլ չէի կրնար։ Երեկոները սկսայ հետեւիլ գերմաներէնի դասընթացքներու:

Իրաքէն հեռանալէս ետք դադրած էի իբրեւ բժշկուհի աշխատելէ, գիտելիքներս չմոռնալու համար կ’ուզէի շուտով շարունակել պաշտօնս եւ սկսայ աշխատանք փնտռել:

Դիմեցի երկու հիւանդանոցներու Röntgen Abteilung, Diagnostik Radiologie  բաժիններուն: Երկու հիւանդանոցներէն ալ պատասխան եւ տեսակցութեան ժամադրութիւն ստացայ. մէկը՝ Էրլանկըն քաղաքի համալսարանի հիւանդանոցը (Friedrich-Alexander-Universität Erlangen), իսկ միւսը՝ Նիւրնպէրկի քաղաքային հիւանդանոցը (Städisches Klinikum Nürnberg-Nord): 

Առաջին տեսակցութիւնս եղաւ Էրլանկընի հիւանդանոցը, որ յաջող անցաւ, տնօրէնը խոստացաւ, որ Հոկտեմբեր ամսուն կրնամ աշխատանքի սկսիլ, եւ նշեալ թուականին անգամ մը եւս պէտք էր ներկայանայի, պաշտօնապէս արձանագրուելու համար:

Գերմաներէնին չտիրապետելուս պատճառով զրոյցները անգլերէն տեղի կ’ունենային: Ամուսինս իբրեւ թարգմանիչ ամէն տեղ պէտք էր հետս ըլլար․ քանի որ մենք ոչ ծանօթ եւ ոչ ալ բարեկամ ունէինք, ստիպուած էինք մեր երկուքուկէս տարեկան աղջնակն ալ  հետերնիս տանիլ:  

Երկրորդ տեսակցութիւնս Նիւրնպէրկի հիւանդանոցին մէջ մասնագիտութեանս (Diagnostik Radiologie) բաժնի տնօրէնին հետ էր: Տնօրէնին անունը փրոֆ․ Ցայթլըր էր, որ շատ սիրալիր ընդունելութիւն ըրաւ եւ մեզ հրամցուց իր սենեակի բազմոցին նստելու ու խնդրեց իր քարտուղարուհիէն, որ մեզ սուրճ հիւրասիրէ: 

Մինչ քարտուղարուհին կը զբաղէր սուրճը պատրաստելով, տնօրէնը սկսաւ անգլերէն հարցաքննութեան։ Պաղտատէն բերած վկայականներս նախապէս արդէն ուսումնասիրած էր: Պաղտատի հիւանդանոցին մէջ ես բաւական փորձառութիւն ձեռք բերած էի մասնագիտութեանս մէջ եւ փրոֆեսորին հարցումներուն սահուն անգլերէնովս կը պատասխանէի, եւ կը զգայի թէ փրոֆեսորին համակրանքը շահած էի:

Քարտուղարուհին սուրճի բաժակները տեղաւորեց մեր առջեւ դրուած սեղանին վրայ․ յանկարծ, չեմ գիտեր ինչպէ՞ս պատահեցաւ, մեր փոքրիկին ձեռքը դպաւ բաժակներէն մէկուն, սուրճը թափեցաւ սեղանին եւ գորգին վրայ, բոլոր թուղթերը եւ գորգը սուրճով ներկուեցան․․․: Ես անմիջապէս քարտուղարուհիին օգնելու ելայ, ամօթէս կ’ուզէի գետինը մտնել եւ վայրկեան մը առաջ դուրս գալ, բոլորովին սրտնեղած մտածելով թէ այս դէպքէն ետք պէտք էր յոյսս կտրէի այս փրոֆեսորէն։ Հազար անգամ ներողութիւն խնդրեցինք, արցունքս զսպելով պատրաստուեցայ հրաժեշտ առնելու եւ սպասողական հայեացքով փրոֆեսորին նայեցայ, թէ ինչ պիտի ըսէր: 

Փրոֆեսորը հանդարտեցուց մեզ ըսելով, թէ երեխայ է, կը պատահի, ու նայեցաւ ինծի եւ ըսաւ.

– Դուք պիտի կրնա՞ք մէկ ամիսէն գերմաներէն խօսիլ եւ հիւանդներուն Röntgenի արդիւնքը գրել:

– Այո՛,- պատասխանեցի առանց վարանելու։ 

– Ձեր երեխային նայող պիտի ունենա՞ք։

– Այո՛,- ըսի բայց մտքիս մէջ հազարումի մտածմունք արթնցաւ եւ հոգիս փոթորկեց:

Փրոֆեսորը ձեռքը պարզեց հրաժեշտի ժեստով եւ ըսաւ․

– Ուրեմն, դուք հիմա գացէ՛ք հիւանդանոցի տնօրէնութեան շէնքը եւ ձեր բոլոր վկայականները եւ տուեալները յանձնեցէ՛ք պատասխանատու քարտուղարութեան: Ձեզի կը սպասեմ գրասենեակս երեք շաբաթ վերջ, եկող ամսու գլխին:

Երկուքով ապշած նայեցանք իրեն, ամուսինս հարցուց, թէ այսինքն ամսու գլխին պիտի սկսի աշխատի՞լ ձեր մօտ: Փրոֆեսորը, Աստուած հոգին լուսաւորէ, մեղմ ժպիտով մը դրական պատասխան տուաւ:

Զարմանքիս եւ ուրախութեանս սահման չկար, ամուսնոյս հետ որոշեցինք այստեղ, թէեւ մեր բնակավայրէն քիչ մը հեռու, բայց արդէն ապահովուած էր, շուտով աշխատելու սկսիլս։ Էրլանկըն 6 ամիս սպասելու այլեւս կարիքը չկար:

Հեւիհեւ անցանք հարկ եղած պաշտօնական արձանագրութեան աշխատանքներուն, փրոֆեսոր Ցայթլըրը իր համաձայնագիրը տուած էր հիւանդանոցի տնօրէնութեան, եւ բոլոր գործողութիւնները առանց դժուարութեան ընթացան: Ամենադժուար հարցը ինծի համար վստահելի տիկին մը գտնելն էր, որ աշխատանքիս պահերուն մեր երեխային հոգ տանէր։ Շատ ծանր էր ինծի օտարութեան մէջ զաւակս վստահիլ եօթն օտար մէկու մը, հոգեպէս ինքզինքս երկու կրակի մէջ կը զգայի։ Բարեբախտաբար բախտը ունեցանք ազնիւ տիկին մը գտնելու: Երկրորդ դժուարութիւնն ալ յաղթահարեցի․ ինքնաշարժով Գերմանիոյ անծանօթ ճամբաներէն քշելը բնակավայրէս մինչեւ Նիւրնպէրկի հիւանդանոցը:

1 Յունիս 1978ին սկսայ աշխատիլ Նիւրնպէրկի քաղաքային հիւսիսային հիւանդանոցին Diagnostik Radiologie բաժնին մէջ: Գերմանիոյ մէջ մասնագիտութիւնս պաշտպանելու համար Պաղտատէն Diagnostik Radiologie գիտելիքներուս յաւելեալ պէտք էր նաեւ մէկ տարի Strahlentherapieի (ճառագայթաբուժման) մասնաճիւղին մէջ աշխատիլ եւ ապա քննութիւն տալ: Իսկ բժշկական ակադեմական տիտղոսը վաւերացնելու համար պէտք էր նիւթ մը հետազօտել եւ գիրք մը գրել: 

1979 Սեպտեմբերին աշխատավայրս փոխուեցաւ, նոյն հիւանդանոցին մէջ սկսայ ինծի բոլորովին անծանօթ ռէօնթկէնեան ճառագայթներով բուժման բաժանումին մէջ փրոֆեսոր Հելմութ Ռենըրի տնօրէնութեան տակ աշխատիլ:

Տարբերութիւնը շատ էր ռէօնթկէնեան ախտագիտութեան եւ ռէօնթկէնեան բուժման ճիւղերուն միջեւ․ առաջինին պարագային՝ հիւանդներու հետ հաղորդակցութիւնը քիչ էր, շատ խօսելու կարիք չկար, մասնագէտը հիւանդին նկարները դիտելով ախտաճանաչումը պիտի ընէր եւ տեղեկագրութիւն գրէր, իսկ երկրորդին՝ գործը հիւանդներու հետ անմիջական յարաբերութեան մէջ էր:

Փրոֆ․ Ռենըրը քաջալերեց զիս, որ մնամ իր մասնաճիւղին մէջ եւ երբ իմացաւ, թէ ես կ’ուզէի նաեւ տիտղոսի պաշտպանութեան համար հետազօտութիւն մը ընել, մեծ յօժարութեամբ ստանձնեց հովանաւորս ըլլալու պատասխանատուութիւնը եւ ինծի յանձնարարեց նիւթը, որուն վրայ ես երեք տարի աշխատեցայ մինչեւ գիրքիս աւարտը:

Այսպիսով ռէօնթկէնեան բուժման ճիւղին մէջ մէկ տարի մնալուս տեղ մնացի գրեթէ 27 երկար տարիներ, մինչեւ թոշակի անցնիլս: Այդ տարիներուն ընթացքին պաշտպանեցի աւարտաճառս, իբրեւ աւագ բժիշկ դարձայ ուռուցաբանութեան ռէօնթկէնեան բուժման (Radiooncologist) եւ ռէօնթկէնեան ախտաճանաչումի ճիւղերու մասնագէտ: 

Մեր հիւանդները քաղցկեղով կը տառապէին, փոքր հասակի կամ տարիքոտ անձեր, ես իրենց կը ծանօթանայի ախտաճանաչման առաջին օրէն սկսեալ, կը հետեւէի իրենց բուժման բոլոր փուլերուն, շատեր յաջողութեամբ կ’աւարտէին իրենց բուժումը եւ յաճախ կու գային ստուգման, հոգեկան մեծ բաւարարութիւն կը զգայի, երբ ստուգման արդիւնքները դրական ըլլային եւ ես հիւանդին ուրախութեան մասնակից կ’ըլլայի: 

Իսկ շատերուն ալ կ’ընկերակցէի մինչեւ իրենց կեանքի հանգրուանը, սահման մը, ուր բժշկութիւնը կը դադրէր իր միջոցներով հիւանդութիւնը բուժելէ, ու մեզի կը մնար հիւանդին ընկերակցիլ հոգեպէս դիւրացնելու իր վերջին երթը, ուրկէ այլեւս վերադարձ չկար:

Այդ երթը երբեմն շատ երկար կը տեւէր, իսկ երբեմն ալ շատ արագ: Իմ պարտականութիւնս միայն հիւանդին հոգատարութիւն ընելով չէր սահմանափակուեր․ հիւանդին ընտանիքը, պարագաները, ամուսին կամ զաւակներ ալ պէտք էր գոհացնել, խորհուրդներ տալ եւ մխիթարական խօսքեր գտնել եւ այլն:

Բնակավայրս Ութընրօյթ էր, որ Նիւրնպէրկի հիւանդանոցէն, նայած երթեւեկութեան, ինքնաշարժով մօտաւորապէս կէս ժամ հեռու էր։ Ես ուրախ էի այդ հեռաւորութիւնը ունենալուս համար, որովհետեւ գործէն տուն վերադառնալուս պահուն, ճամբան, օրուան դէպքերը ուղեղիս մէջ դեռ եռուզեռ կ’ընէին, եւ կը փորձէի անոնց ծանրութիւնը թեթեւցնել, տուն հասնելուս պէս պէտք էր այդ բոլորէն անջատուէի, անցնէի մայրական եւ տնային պարտականութիւններս կատարելու գործին, գիշերներն ալ պէտք էր հետազօտական նիւթիս վրայ աշխատէի եւ գիրքը գրելու փորձեր ընէի, որ շատ դժուար էր: Օրուան 24 ժամէն հազիւ 2-3 ժամ կը մնար քնանալու, ան ալ՝ եթէ հերթապահ չէի…

Հակառակ որ աշխատանքս յաջող ընթացքի մէջ էր, զիս կը տանջէր առանձնութիւնը, ազգականներէ, ընկերներէ եւ ընդհանրապէս հայութիւնէ կտրուած ըլլալս: Յաճախ հեռաձայնի լայնածաւալ գիրքերուն մէջ «եան» մասնիկով վերջացող հայկական անուններ կը փնտռէի։ Օր մը, հիւանդանոցին բժիշկներու անուանացանկին մէջ գտայ Սարաֆեան մականունով բժիշկ մը․ ազատ ժամուս փնտռեցի անուանատէրը, գտայ զինք վիրաբուժական բաժնին մէջ, ինքզինքս ներկայացուցի, բժիշկը խնդալով պատասխանեց․ «Բայց կը ներէք,- ըսաւ,- ես պարսիկ եմ»: Հիասթափուած շարունակեցի փնտռտուքս մինչեւ որ օրին մէկը յաջողեցայ հայ մը գտնել․․․:

26 Յուլիս 2022

25ամեայ պաշտօնէութեանս յոբելեանին առթիւ հանդիպման ընթացքին
Պաշտօնակիցներս

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԱՂՔԱՏ ՀՈՎԻՒԸ

ՆՈՐԱ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ

Հովիւ մը կար, որ ամէն օր դաշտ կ’ելլէր եւ իր ոչխարները կ’արածէր։ Օրին մէկը ճամբան յոգնեցաւ եւ ժայռի մը վրայ նստաւ։

Յանկարծ շատ գեղեցիկ տեսքով եւ ճոխ հագուստով աղջիկ մը քովէն անցաւ։ Հովիւը ըսաւ․ «Անուշիկ աղջիկ, զիս իբր ամուսինդ կ’ընդունի՞ս»։

Նուշիկը՝ աղջիկը զարմանքով եւ ջղայնանալով ըսաւ․ «Դուն չե՞ս ամչնար ինծի պէս մէկը ուզել, յիմար քեզի, դուն չե՞ս գիտեր՝ ես ով եմ»։

Եւ անցաւ։ Հովիւը սաստիկ նեղուեցաւ եւ զղջաց հետը խօսելուն համար։ Օրեր անցան եւ տարիներ, Նուշիկին հօրը գործերը վնաս կրեցին եւ շատ աղքատացաւ։ Ու սկսաւ Նուշիկը գործ փնտռել, որպէսզի ծնողքին ապրուստը հոգայ։

Բաւական փնտռելէ ետք, հասաւ մեծ գործարանի մը դրան առջեւ։ Ըսին․ «Մտի՛ր եւ տնօրէնը տե՛ս»։ Շատ ամչնալով մտաւ եւ տնօրէնին գրասենեակին դուռը զարկաւ։ Դուռը բացին, եւ տնօրէնը, որ մեր հովիւն էր, անմիջապէս ճանչցաւ զայն եւ ըսաւ․

– Հրամեցէ՛ք, ի՞նչ կ’ուզէք։

Նուշիկը շատ ամչնալով գործ խնդրեց։ Տնօրէնը ամիջապէս ըսաւ․

– Վաղը ժամը իննին հոս կ’ըլլաս եւ գրասենեակս կ’աշխատիս։

Սենեակէն ելած ատեն տնօրէնը ըսաւ․ «Շատ շնորհակալ եմ քեզի»։ Նուշիկը զարմացաւ եւ բան մը չհասկցաւ։ Տնօրէնը միշտ կը կրկնէր այս խօսքը։

Օրին մէկը, Նուշիկին մայրը անհանգստացաւ եւ գործողութիւն ընել պէտք եղաւ։ Տնօրէնը «Հոգ մի՛ ըներ,- ըսաւ,- ես կը վճարեմ»։ Գործողութիւնը յաջող անցաւ։ Տնօրէնը «Նուշիկ, այսօր ձեզի պիտի գանք «անցած ըլլայ»ի, ըսաւ եւ ծնողքը առնելով գնաց Նուշիկենց։

Տնօրէնին քոյրն ալ շատ հաւնեցաւ Նուշիկը, եւ ուղղակի ձեռքը խնդրեցին։ Տնօրէնը խնդալով ըսաւ նուշիկին․

– Օրիորդ Նուշիկ, մինչեւ հիմա զիս չճանչցար։ Ես այդ աղքատ հովիւն եմ, զիս օր մը լաւ խայտառակեցիր եւ դարձեալ կ’ըսեմ․ «Շնորհակալ եմ քեզի, որ զիս հոս հասցուցիր․․․»։ Հիմա կ’ընդունի՞ս զիս իբր ամուսին։

Նուշիկը ամչնալով «այո» ըսաւ։

Տնօրէնը խնդալով ըսաւ․

– Ճանի՛կ, կեանքը կը քալէ անիւի նման․ մէյ մը վեր եւ մէյ մը վար։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՈՉ՝ ՈՒՇ ՉԷ

ԳԱՐՕԼԻՆ ԹԷՄԻՐ

Ո՞վ պիտի ըսէր, թէ երկու տարի տունը պիտի մնաս, բոլոր գործերդ տունէն պիտի կատարես, դուրս ելած ատենդ դիմակով պիտի պտտիս… ո՛չ, երբեք չէի հաւատար:

Համաճարակին սկիզբը հաճելի էր․ ուշ արթննալ, հանգիստ հագուիլ․ դասերս վերջացնելէ յետոյ տուն վերադարձին խճողումին դէմ պայքարիլ չկար: Բայց այս հանգստութիւնը պէտք եղածէն աւելի եղաւ։ Նեղուիլ սկսայ, նոր ու տարբեր բան մը պէտք էր, բայց ի՞նչ:

Հեռաձայնս ձեռքս առած պարապ-սարապ բաներուն կը նայէի: Յանկարծ, առջեւս «առցանց դաշնակի դասեր» գովազդը ելաւ: Կ’ըլլայ-չ’ըլլար, հատի, ճանըմ, այս տարիքէդ վերջ կրնա՞ս նուագել… այսպիսի կասկածներու մէջ էի, երբ նայեցայ որ արդէն արձանագրութիւնս ըրեր եմ․․․:

Առաջին դասին անհամբեր սպասեցի: Ինչպէ՞ս պիտի ընէի, արդեօք ուսուցիչին ըսածները պիտի հասկնայի՞ թէ ոչ՝ ահագին հարցումներ կային գլխուս մէջ:

Այդ մեծ օրը հասաւ, ուսուցիչը «Zoomէն դասը պիտի կատարենք», ըսաւ: Համակարգիչս եւ օրկս պատրաստեցի. մանչս ալ դաշնակի դասեր կ’առնէր․ օրկ մը ունէինք արդէն:

Առաջին դասը շատ լաւ անցաւ: Երկրորդ, երրորդ եւ չորրոդ դասերը լմնցան, ամէն ինչ լաւ է: Այո, այս «գործը» սիրեցի: Առաւօտուն կանուխ կ’արթննամ, տան գործերս շուտով կը լմնցնեմ, յետոյ անմիջապէս դաշնակի ուսուցիչիս ինծի համար պատրաստած փորձերուն վրայ կ’աշխատիմ:

Հիմա կրնաք ըսել․ «Գարօլին, այս տարիքէդ յետոյ ինչպէ՞ս կը սորվիս, ինչպէ՞ս կը նուագես»: Ես ալ ձեզի ըսեմ, առանց վհատելու ճամբայ ելէ՛ք»: Միայն մէկ պակաս մնաց․ ան ալ՝ դաշնակ մը:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԱՅԲՈՒԲԵՆԸ ԳԻՏԷ՞Ք ՈՒՐ Է

ՍՏԵՓԱՆ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ամէն տեղ են մեր տառերը
Ուրեք-ուրեք
Ամէնուրեք
Սուրբ ու նուրբ
Թառած դրած ու զմռսուած
Դպրոցներուն պատերուն խոշորաչափ
Մեծ-մեծ տառեր պզտիկներուն
Պատերուն վրայ իբր պատազարդ
Պատաքանդակ հարթաքանդակ
Քարի վրայ ու խաչքարի
Արձանացած ու սառեցուած
Անմահացած անհամացած
Վեհացած ու վերացած
Վերցուած ու մեռցուած
Քար կտրած
Անշնչացած անբծացած
Հագուստներուն մեր վրայ
Աշխարհիկ ու եկեղեցական
Տպուած դրոշմուած ու վերջացած
Զգեստներու ներքին եւ արտաքին
Երեւելի աներեւոյթ
Մեծ ու պզտիկ
Իբրեւ արձան ու մահարձան
Յուշարձան ու փուշարձան
Իբրեւ ներկայ ու բացակայ
Մեր տառերը մեր տերտերը
Մեր տանտէրը մեր անտէրը
Լուսաւորեալ ու մեծացեալ
Փառաւորեալ բարեբանեալ
Այբուբենը
Մեր անզէնը
Զարդն ու յարդը
Մեր արգանդը

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀ՝ XXX ԷՊԻԳՐԱՄ (Գ․)

ՎԱՐՈՒԺԱՆ


VII.

Ս. Չ.

Սիրելին որ ըլլաս ջոջիկներուն,
Օրհնուիս սրբազանէն որպէսզի,
Եղի՛ր տկարամիտ ու կամազուրկ,
Կ’արժանանաս դրամաբե՜ր դիրքի.

Որո՞ւ հոգ որ վկայուեր ես անբան,
Ի՞նչ հարկ կայ որ գիտնաս հայերէն,
Կը դառնաս ու կը մնաս յաւիտեան
Հայկական վարժարանին տնօրէն:

X. VI. MMXXII


VIII.

Պ. Թ.

Անմահանալու համար
Բան չմնաց որ չըրաւ,
Բացէ ի բաց, գաղտնաբար,
Որ չմեռնէր ապաշաւ,
Ու վերջնագո՛յնն իր ճիգին՝
Բերաւ գրիչ մը վարձու,
(Արհեստին մէջ արդէն հին,
Անաչա՜ռ տեղեկատու),
Շատերու դեռ ոչ յայտնի
Հանճա՜րն իր ներբողելու,
Վճարումն իր գրպանէ՞ն,
Ե՞րբ ելած է ղրուշ որ,
Հայաշխարհի ապաւէն
Բարեգործի՛ն դրամով,
Եւ ոչ մէկ բառ բողոքի
Աշկերտներէն իր հլու,
Պատրաստ, երբ որ ա՛լ մեռնի,
Այս կերպն ալ ժառանգելու,
Բայց բաւակա՞ն է այսքանն՝
Անմահանալու համար,
Ո՞ւր է կնի՛քն հաստատման,
Վաւերացնող դարէ դար,
Ես այս հարցով մտահոգ,
Մտմտացի գտնել ճար,
Ա՛յս մէկն ինձմէ ըլլար թող,
(Բոլորովին անվճա՛ր),
Ահա նպաստն իմ անսաստ,
Էպիգրամով պերճիմաստ:

XXX. VI. MMXXII


IX.

Ն. Տ.

Նուիրեալներէն Սովետական Հայաստանի,
Շատերու պէս Դաշնակցութեան թշնամի,
Քաղաքիս մէջ աչք ու ականջ դեսպանատան,
Հերքող կամ հաստատող հայրենասիրութեան,
Ռամկավարներու ալ՝ առանց բացառութեան,
Կուրահաւատ, պնդագլուխ, ինքնահաւան,
Յայտնի իր յանկերգով. “Over my dead body!”
Ոչ միայն հարցերու մէջ գաղութային չնչին,
Այլ փքուած բացարձակ մենակալի դիրքով՝
Մայր-հայրենիքի ալ պաշտպան անխռով,
Պատրաստ արի՛ւն թափելու, ու ո՛չ միայն գինի,
Փլուզումէն ետք բայց՝ ողջ էր, զարմանալի՜,
Ու թէեւ միւսներուն պէս չփոխեց գոյն իսկոյն ու դատ,
Պարպուած էր արիւնէ, քաշքշուեցաւ գունատ:

XIII. VI. MMXXII

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԼՈՂԱՒԱԶԱՆԻՆ ՄՕՏ՝ ԵՐԵՍՈՒՆ ՔԵՐԹՈՒԱԾ (Գ․)

ՎԱՐՈՒԺԱՆ


Ը.

ԿՂԷՈՊԱՏՐԱ

Միտքս կ’երթայ Աղեքսանդրիա,
Օր մը երբ օդն էր գեղեցիկ,
Ինչպէս հոս ալ՝ օրեր յետոյ,
Տաքն ուղեղէն երբ պարպուի,
Ինչպէս հոն ալ, դարեր առաջ
Բանաստեղծէն Աղեքսանդրիոյ,
Մարզարանին մէջ գեղակերտ,
Ժողովուրդի հաւաք ցնծուն,
Հանդիսութիւն աննախնթաց,
Կղէոպատրա՝ հելլեն դշխոյ,
Զաւակներուն – թո՛ղ ըլլան փոքր –
Պիտի բաշխէ պետութիւններ,
(Հայաստանն է մինն անոնցմէ)
Ու թագաւոր կարգէ զանոնք,
Իսկ աւագին՝ Կեսարիոնին,
Շատ աւելի բա՜րձըր տիտղոս,
Ա՜հ, թագաւոր թագաւորաց,
Ու ժողովուրդն անշուշտ գիտէր,
Թատերական էր այդ ամէնն,
Եւ սնոտի՝ խօսքերն էին,
Օդը սակայն էր գեղեցիկ,
Ու երկինքն ալ՝ լազուարթ զուարթ,
Հիասքանչ էր հանդիսութիւնն,
Ու կեցցէներ կը հնչէին
Եռանդաբորբ բերաններէ,
Ինչպէս հոս ալ՝ ակումբին մէջ,
Լողաւազանն այս եզերող
Ծառերուն տակ ստուերահով,
Իւրաքանչիւր ճողփիւնի հետ
Տղայ, աղջիկ ցատկողներու,
Մայրեր իրենց զարմով հպարտ,
Պռաւօներ կ’արձակէին,
Փոխանցելով ալ մաղթանքներ,
Միշտ Աստուծոյ կամքով անշուշտ,
Յաղթանակներն անոնց տօնել,
Տեսնել վըրան պատուանդանի,
Կուրծքերն անոնց լուսապաճոյճ
Մետալներով արծա՛թ, ոսկի՜,
Լաւ գիտնալով որ յոյսերն այդ,
Նման ջուրի պղպջակի,
Պայթած, ցնդած էին արդէն,
Կրկներեւո՜յթ անհասնելի:

5 Յուլիս 2022


Թ.

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ

Կէս վայրկեանի քուն առափնեայ,
Ու արթնացում յանկարծ սթափ,
Եւ անդրադարձ որ չէր տարափ
Ջրաշաղի մարմնիս վըրայ:

Ու կը դիտեմ երազ-կատակ,
Շարժն անդադար, կամաց-կամաց,
Սանդուխէն վեր ուղղահայեաց,
Բարձրանալու շարժատախտակ:

Ու հոն սակայն կանգնած մինակ,
Ընդոստ պահեր պատրաստութեան,
Զգաստ՝ չախէն հաւանական,
Գլուխը վեր, ու երբեք հակ:

Այս աղջնակն ու այս տղան,
Մէկը միւսի՞ն կը հետեւի,
Զուարճա՞նք է չարաճճի,
Թէ մարզիչէն է հրաման:

Ինչպէ՞ս տեսնեմ ես անդիտակ,
Ճիշդ ի՞նչ է որ, օրն այս արեւ,
Կը պատահի աչքիս առջեւ,
Այս քմայքիս ի՞նչ զսպանակ:

Պարզ քոյր-եղբա՞յր, թէ երկուորեակ,
Աշխարհ եկած մրցավազքով,
Կարծես հիմա ալ քովէ-քով,
Նոյն մրցումին մէջ շարունակ:

Պիտի կազմե՞ն մէկ գումարտակ,
Մարմիններով պրոնզ ու կուռ,
Եւ իրարու զօդուած ամուր,
Որեւէ վայր ու ժամանակ:

Կամ արձաններ պղնձաձոյլ,
Դիտողներու համար հաճոյք,
Մոյնք ու մկան ընդմիշտ առոյգ,
Գեղեցկակոփ, ոսկենշոյլ,

Դիրք ու շնորհք բազմատեսակ,
Թեթեւազգեստ կամ հոլանի,
Թոյր ու հմայք անդրժելի,
Այլ անբաժան միշտ երկուորեակ:

4 Յուլիս 2022

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԱՆԿԻՒՆՆԵՐ

ԱՆԳԻՆԷ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Աշխարհը կազմուած է բազմաթիւ երկիրներէ եւ քաղաքներէ, իւրաքանչիւրը, փոքր կամ մեծ, կը գրաւէ «անկիւն» մը․ հարաւ, հիւսիս, արեւելք, արեւմուտք։ Սուրիոյ ժողովուրդը միշտ կ’ըսէ, թէ Գամիշլին, օրինակ, մեր երկրին ամենահեռու քաղաքն է, հեռու անկիւնը։ Հապա ի՞նչ ըսենք Միացեալ Նահանգներու մասին, Աւստրալիոյ կամ Եւրոպայի։ Երկրագունդը հսկայ անտառի մը նման է, լեցուած տեսակաւոր ծառերով․ ամէն ծառ ունի իր մնայուն անկիւնը եւ յատկութիւնը։

Հիմա մէկ կողմ պիտի դնենք այս հսկայ անտառը ու դառնանք մեր առօրեայ, փոքրիկ պարտէզներուն։ Բոլորս ունինք անկիւններ, ըլլան անոնք հանդարտ բնութեան կամ քաղաքին զբաղ օրակարգին ու եռուզեռին մէջ։

Մեր տուներուն մէջ ունինք մեր նախասիրած անկիւնները։ Աշակերտներ կը յատկացնեն անկիւն մը իրենց դասերը սորվելու ու եթէ փոխեն այդ տեղը, յանկարծ իրենց կեդրոնացումը կը շեղի ու դասը լաւ չեն հասկնար։ Ձմեռնային, ցուրտ ու անձրեւոտ օրերուն կը հանդիպինք ծերունիներու, որոնք վառարանին մօտ ունին անձնական, տաքուկ անկիւն մը. իրենց համար ուրիշ աշխարհ մը։ Հոն միայն հանգիստ կ’ընեն, կը յիշեն իրենց անցեալի օրերը ու կը վայելեն զիրենք շրջապատող զաւակներն ու թոռները։

Շատեր ալ եկեղեցւոյ մէջ ունին իրենց նախասիրած նստարանը եւ անկիւնը։ Ինչո՞ւ չէ. թերեւս հոն իրենց համար սիրելի է․ տեղ մը, ուր հոգեպէս կը հանգչին ու լուռ կ’աղօթեն։ Իսկ սրճարաններու մէջ կան մարդիկ, որոնք ունին իրենց յատուկ աթոռն ու սեղանը։ Անոնք ամէն օր կ’ուզեն հոն ժամանակ անցընել. ոմանք զբաղելու նպատակով, իսկ ուրիշներ իրենց հոգերը եւ նեղութիւնները կ’ուզեն մոռնալ ու կլկլակին կամ ծխախոտին ծուխին հետ միասին դուրս կը հանեն իրենց սրտին մէջ կուտակուած ցաւն ու տառապանքը։

Տանս պատշգամին մէկ անկիւնը ինծի համար շատ յատուկ է։ Այնտեղ նստելով կը հանգչիմ ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս։ Դիմացս գտնուող բնութիւնը կը դիտեմ ու կը կազդուրուիմ։ Մեղմ հովը կը փչէ ու կը շարժէ որթատունկին տերեւները եւ անոնք սօսափիւն մը յառաջացնելով կարծես պարախումբ կը կազմեն։ Հոն կը գրեմ, կը կարդամ ու խոհանոցի վերաբերող գործերն ալ կը կատարեմ, ինչպէս ոսպ ընտրել կամ գետնախնձոր կեղուել։ Չմոռնամ նաեւ երկու պզտիկ կատուներս։ Անոնք ալ գրաւած են հանգիստ անկիւն մը։ Պահ մը լուռ կը քնանան, ետքը իրարու ետեւէ վազելով կը խաղան։

Կը սիրեմ վայելել այս բոլորը, որովհետեւ գիտեմ թէ պիտի գայ օր մը, երբ աչքերս յաւէտ փակելով պիտի ձգեմ այս աշխարհը, ետիս պիտի ձգեմ նաեւ ինծի միշտ սիրելի եւ տաքուկ անկիւնս։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՓԵՏՐԱԼԻՑ ԱՆԿՈՂԻՆՆԵՐ

ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ

Ընկերուհին փետրազարդ մատիտները կը ցուցնէր Զէյնէպին: Այշէ հարուստի աղջիկ էր, իսկ Զէյնէպ՝ աղքատ ընտանիքի․ երկուքին հակասական պատկերները որոշապէս զգալի էին թէ՛ նիւթապէս թէ բարոյապէս: Սակայն անոնք դասընկերուհիներ էին: Այշէին հայրը երեք ամիսը մէյ մը արտասահման կը մեկնէր։ Իսկ Զէյնէպին հայրն ու մայրը շէնքերու, տուներու մաքրութեան կ’երթային: Երբ Զէյնէպ Այշէին տունը այցելէր, միշտ զմայլանքով կը դիտէր շուրջը: Կը հիանար անոր սենեակի կահ-կարասիին, բարձին, անկողինին, որոնք սագի փետուրներով շինուած էին: Օր մը, ան գիշերեց անոնց տան մէջ: Վերմակն ու բարձը այնքա՜ն կակուղ էին որ… հապա փետրազարդ, գոյնզգոյն մատիտնե՞րը… գրասեղանը զարդարուած էր ատոնցմով: 

– Նայէ՛, Զէյնէպ, հայրիկս վերադարձին առեր է ասոնք, յատկապէս ինծի համար: Կ’ուզե՞ս մեր տունը գալ, հայրս ինչե՜ր-ինչեր բերաւ նորէն:

Զէյնէպ հառաչեց. ո՞ւր էր ան այս աշխարհին մէջ: Ո՞ր ժամանակաշերտին մէջ պահուըտած էր բախտը, ու ինք այդ բախտի տրամագիծէն դուրս մնացած էր: Փետրազարդ մատիտներու, բարձերու տէր ըլլալը եւ հանգիստ անկողինի մը մէջ պառկիլը իր ալ իրաւունքը չէի՞ն: Ան կը փափաքէր հանգիստ կեանք ունենալ, ըլլալ հարուստի աղջիկ եւ վայելել կեանքը իր ուզած ձեւով․ կ’ուզէր ունենալ առարկաներ, որոնց տէր էին հարուստներ եւ գնել շատ մը բաներ, որոնք կրնային գնել բարեկեցիկ մարդիկ: Հայրիկը, մայրիկը գոնէ երբեմն հարցնէին, թէ ի՛նչ բանի կարիքը ունէր. նոր կօշիկի՞ կամ հագուստի՞…: Մինչդեռ Այշէն ամէն բան ունէր… ամէ՛ն բան, բացի մէկ բանէ, անոր կը պակսէր հօրն ու մօրը հետաքրքրութիւնը: Հայրը տարին քանի մը անգամ զանազան միջոցներով արտասահման կը ճամբորդէր, երբեմն կնոջը հետ: Մայրը յաճախ ընկեր-ընկերուհիներով մէկ հաւաքոյթէն միւսին կը վազէր հագուած-շքուած եւ շպարուած: Այշէն ընդհանրապէս իր մեծ ծնողներուն հսկողութեանը տակ կ’ըլլար: Միշտ առանձին էր եւ կարիքը կը զգար ընկերոջ մը, ընկերուհիի մը, եւ իր փրկարարն էր արդէն Զէյնէպը:

Զէյնէպ օրէ օր կը մեծնար, կը գեղեցկանար: Աղեղնաձեւ սեւ յօնքերը խոշոր, սեւ աչքերուն իմաստալից արտայայտութիւնը ալ աւելի մէջտեղ կը հանէին: Սպիտակ մորթը կը փայլէր, եւ ինք օրէ օր հասակ կը նետէր: Մեծնալու, երիտասարդուհի ըլլալու բոլոր մասնայատկութիւնները կը կազմուէին անոր աղքատիկ աշխարհին մէջ: Թէեւ տեսքով եւ մարմնով կը գեղեցկանար, սակայն աղքատութիւնը հետզհետէ լայն փոս մը կը բանար հոգիին մէջ: Կը փափաքէր հագնիլ, շպարուիլ, պտտիլ: Կը փափաքէր ունենալ հանգիստ, զարդարուն ննջասենեակ մը: Երբ անկողին մտնէր, վերմակը քաշէր մինչեւ գլուխը եւ անուշահոտ բարձի մը փաթթուէր ու զգար երազներուն զմայլանքը: Բայց ի զո՜ւր…

– Զէյնէ՜պ, ա՛ռ, կրնաս գործածել մատիտներս, յետոյ կը վերադարձնես:

Ա՛ռ եւ տո՛ւր. ո՛չ, ան կ’ուզէր ի՛ր առարկան ունենալ, առարկային տէրը ինք ըլլալ, գեղեցիկ պայուսակներ, ծամակալներ գործածել: Հագածին յարմար կօշիկ գնէր: Մայրիկը ոչ թէ փէշին մէջքը սեղմէր կամ թուլցնէր, այլ մարմնի չափերուն յարմար փէշ գնէր: Տաբատներ, շապիկներ ունենար. բոլոր ասոնց տէր էր Այշէն:

– Ինչո՞ւ կ’աճապարես, Այշէ:

– Հայրիկս զիս դպրոցէն առնելու պիտի գայ: Քեզ ալ տանի՞նք:

– Ո՛չ: Ես կ’երթամ:

Անկարելի էր որ անոնք իր տունը տեսնէին, ապրած թաղը գիտնային… խայտառակ կ’ըլլար: Այշէն գեղեցիկ ինքնաշարժի մը մէջ հեռացաւ, իսկ ինք քալեց գետնի քարերուն կից տալով: Քանի մը օր վերջ Այշէին հայրիկը դարձեալ դպրոց եկաւ եւ աղջիկը ինքնաշարժովը տարաւ: Զէյնէպ նորէն քալեց, առանց կից զարնելու քարերուն: Երրորդին՝ Զէյնէպ որոշեց միանալ անոնց, իր տան առջեւ պիտի չիջնէր, այլ՝ տան մօտ ուրիշ տեղ մը ցուցնէր: Քանի մը անգամ կրկնուեցան դպրոցէն վերադարձները, եւ ան բազմեցաւ ինքնաշարժին ետեւը: Իր ի՞նչ բանը պակաս էր ուրիշներէն: Երկար, սեւ մազերը կը ծածկէին նորափթիթ կուրծքերը: Այշէին հայրիկը զայն կը դիտէր հայելիին մէջէն․ ընդհանրապէս Զէյնէպ գլուխը մէկ կողմ դարձուցած հեռուն կը նայէր: 

․․․Եղնիկներ կ’ոստոստէին անտառին մէջ: Անոնց ձագերը կը ցատկռտէին մարգագետնին վրայ դառնալով իրենց մայրիկին շուրջ. անոնց ոստումները քարերը կը տարտղնէին ասդին-անդին: Անտառին մէջ ջրվէժը կը հոսէր եւ առուակը կը գլգլար: Զուլալ ջուրերու գլգլանքին կը խառնուէր թռչուններուն գեղգեղանքը: Հեռուն պարիկ մը կը սպասէր, պարիկը դուռ մը կը բանար ու կը քաշէր աղջիկը դէպի զինք՝ պառկեցնելու համար զայն փետրալից անկողինի մը մէջ:

– Թռչնի՜կս, հանդա՛րտ, թեւերուս մէջ պիտի հանգչիս, ո՛չ ցաւ, ոչ լաց… հանգիստ ձգէ՛ ինքզինքդ, փետուրի մը հպումին չափ թեթեւ է ամէն բան… զգա՛…

Զէյնէպ կծկուեցաւ, յետոյ հանդարտեցաւ. սպիտակ մորթին կը հպէին մատներ եւ ինքն ալ նոյնպէս պատասխան կու տար. շունչը շունչին խառնուեցաւ, «ո՜հ» բացագանչեց եւ բերանը փակուեցաւ. դող մը անցաւ իրանէն, որ ցնցեց մարմինը, գալարուեցաւ, սողոսկեցաւ, քանի մը անգամ կուրծքը ելեւէջ ունեցաւ եւ ուժաթափ եղաւ. ծանրութիւն մը իջաւ վրայէն, հիմա կը հանգչէր փետրալից անկողինի մը վրայ:

Մարմին մը կանգնեցաւ ու ըսաւ.

– Թռչնիկս, հագի՛ր այս գեղեցիկ հագուստները:

Հիմա Զէյնէպ ունէր իր երազած ամէն բանը. մարմինը կը փոխանակէր մարմնով եւ միշտ կռնակը կը հանգչէր փետրալից անկողիններու մէջ: Ան փետրալից մէկ անկողինէն միւսը կ’իյնար, փետրալից մէկ բարձէն միւսին վրայ կը քնանար մարմնի մը հետ: Զէյնէպին մարմինը կը ծածկուէր դրամով եւ միշտ «ո՜հ» բացագանչութեամբ կը փակուէր բերանը:

– Այսօր մեզի կու գա՞ս, տունը առանձին եմ:

– Ինչո՞ւ չէ, կու գամ, խմելիք բաներ մը բերե՞մ:

– Չէ՛, ամէն բան կայ տունը, կրնաս գիշերել, որովհետեւ հայրս, մայրս ճամբորդեցին:

– Ճամբորդեցի՞ն…

Դպրոցը վերջացեր էր: Մէկ ամիս, երեք ամիս… ժամանակը կ’անցնէր: Ե՞րբ պիտի վերադառնար հայրիկը:

– Գործի պիտի սկսիմ: Կը կարծեմ որ յաճախ չենք կրնար տեսնուիլ:

Սրահը մութ էր. երաժշտութեան ձայնանիշերը լսուեցան, կարմիր լոյս մը կեդրոնը լուսաւորեց: Պորտապարուհին մէջտեղ եկաւ եւ երաժշտութեան հետ ներդաշնակ՝ նախ մէկ ոտքը շարժեց, յետոյ՝ միւսը: Ապա սպասեց եւ նայեցաւ մութին, ուր ոչ ոքի դէմքը տեսնել կարելի էր: Շղարշը անդին նետեց եւ սկսաւ պարել. սրահին մէջ հիացումի բացագանչութիւններ լսուեցան: Այնպէս ինքզինքէն անցած կը պարէր որ հանդիսատեսները կը շնչէին շատ կտրուկ՝ չխանգարելու համար պորտապարուհիին ներդաշնակ շարժումները: Նէոն լոյսերը կը վառէին ու կը մարէին եւ պարուհիին իւրաքանչիւր շարժումը հառաչանքներ կը պատճառէր զբօսարանին մէջ: Զգեստին գունաւոր քարերը աւելի աչքառու կը դառնային փայլփլող լոյսերուն տակ: Մարմինը կը թրթռար, պորտին վերիվայրումները եւ ձեռքերուն ներդաշնակ շարժումները ալ աւելի կը զգլխէին հանդիսատեսները: Փետուրներով ծածկուած ծիծերը կ’երերային եւ մարդիկ պատրաստ էին իրենց դրամը թափել անոր ոտքերուն առջեւ, կամ տեղաւորել կուրծքին ճեղքին: Անգամ մը անոր մարմնին դպելով կրնային խելագարիլ: Ո՞վ պիտի ըլլար այն գիշերուան բախտաւորը որ մէկիկ-մէկիկ հանէր պարուհիին կուրծքերը ծածկող փետուրները եւ իւրաքանչիւր հպումին ան թրթռացնէր դիմացինին սիրտը:

Սենեակին ամէն կողմը, պատերը, թիկնաթոռները զարդարուած էին փափուկ փետուրներով: Զբօսարանին տէրը, գործաւորները, Զէյնէպին ոչ մէկ բան երկրորդել կու տային: Փաթրոնը շատ լաւ գիտէր որ իր ամբողջ շահը կը պարտէր անոր:

Փաթրո՛ն, եթէ յաճախորդը չհաւնիմ, կը մերժեմ, գիտցա՛ծ ըլլաս:

– Դուն ինչպէ՛ս որ կ’ուզես, սուլթանս: Քու մէկ խօսքդ երկու չ’ըլլար, քու ոտքերուդ առջեւ փետուրներ չփռողը ճզմուի:

Լոյսերը վառեցան ու մարեցան: Կարմիր-կապոյտ լոյսով լուսաւորուեցաւ կեդրոնը եւ թեթեւ ծուխին մէջէն շղարշներու փաթթուած Զէյնէպ կեդրոնը կանգնեցաւ: Նախ մէկ զարկ, յետոյ երկրորդը… սկսաւ շարժել մարմնին անդամները, պորտը, կուրծքերը. շղարշը կամաց անդին նետեց եւ մնաց կիսամերկ: Հիմա երաժշտութեան համաչափութեամբ, վարժ շարժումներով կը գալարուէր, կը դողդղացնէր մարմինը:

Կարմիր խարիսխով նաւ մը նաւահանգիստին մօտեցաւ, եւ չուանը փաթթուեցաւ կայմին: Գիշերուան լուսնի լոյսին տակ ալիքներուն ծփանքը եկաւ ու զարնուեցաւ խարիսխին: Արեւուն ճառագայթներէն թխացած նաւապետը թիակները քաշեց ջուրին մէջէն, եւ անոնք հանգչեցան նաւուն եզերքը: Ամուր կապուած նաւը ծփաց ջուրին վրայ մինչեւ առաւօտ:

Լոյսերը բացուեցան, եւ Զէյնէպ մինչեւ գետին խոնարհեցաւ ու բարեւեց հանդիսատեսներուն:

– Այս գիշերուան յաճախորդը շատ լաւ վճարեց, սուլթանս:

– Աշկերտին ըսէ՛՝ շիշ մը քոնիաք թող բերէ:

Դուռը բացուեցաւ: Զէյնէպ սենեակին տմոյն լոյսին ներքեւ, հայելիին դիմաց նստած շպարը կը թեթեւցնէր: Ճանչցաւ. քանի՞ տարի անցած էր, երե՞ք, հի՞նգ, թէ ութ: Մեծցած էր ինք, կին եղած էր, կին մը, որուն ոտքերուն առջեւ մարդիկ դրամ կը փռէին: Ան նոյնն էր, նոյն մարդը որ դիմացինին «ո՜հ» բացագանչութիւնը փակեր էր բերնով, մարմնով:

Զէյնէպ հանուեցաւ եւ երկնցաւ անկողինին վրայ: Սպիտակ մարմինը պաղ մարմարիոնի մը պէս արձանացած էր սեւ սաւանին վրայ: Չէր գիտեր, թէ ժամանակին ո՞ր շերտին մէջ կը գտնուէր այդ պահուն, միայն գիտէր որ քանդակագործը կը նայէր մարմարիոնին եւ կը պատրաստուէր քանդակել զայն, ուրկէ դուրս պիտի բերէր արձանը եւ անոր փայլ տալէ առաջ պիտի կենդանացնէր զայն եւ անոր հոգիին մէջ շունչ պիտի դնէր: 

Բաց ոտքերուն առանցքէն դող մը անցաւ, սարսռաց, կծկուեցաւ: Կը պարէ՞ր, թէ կը սողոսկէր, կը գալարուէ՞ր, թէ կը հեւար: Բաց պատուհանէն ներս հովը մտաւ, շարժեց փետուրները, որոնք սենեակին ամէն կողմը տարածուած էին: Կը լսուէին տրոփիւնները եւ արիւնը կը շրջէր երակներուն մէջ, ինչպէս կը շրջի առուակը քարերուն միջեւ եւ երբ նեղ բացուածքի մը հանդիպի կ’արագանայ եւ կը ժայթքի: Արձանը շունչ առած էր. կծկումները արագացա՜ն, արագացա՛ն մինչեւ որ ժամացոյցին սլաքները հանդիպեցան իրարու եւ սկսաւ ճօճանակը շարժիլ, «ո՜հ» մը լսուեցաւ ու բերանը փակուեցաւ:

Մարմինը ոտքի ելաւ եւ բացաւ քոնիաքի շիշը, ումպ մը առաւ, երկրորդ ումպին՝

– Համդ կը խառնուի քոնիաքի համին, գիտցիր որ նորէն կ’այցելեմ,- ըսաւ:

Արձանը անշարժ կը պառկէր փետրալից անկողինին մէջ: Կուրծքը կ’ելեւէջէր: Դուռը փակուեցաւ, փետուրները թրթռացին եւ ճղճիմ մարմնին ձայնը զարնուեցաւ պատերուն.

– Թռչնի՛կդ…

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՀԻՆ ՕՐԵՐԷՆ

ՆՈՐԱ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ

Օր մը նստած սուրճ կը խմէինք ես եւ ողորմած մայրս։ Հին օրերէն միշտ դրուագներ կը պատմէր։ Իրեն ըսի․

– Մամա՛, եղած բան մը պատմէ՛ հին օրերէն։

Խնդալով սկսաւ․

– Հարս ու փեսայ մը պսակուեցան եւ տուն եկան։ Մտան սենեակ, ու փեսան ըսաւ․ «Ճանիկ, նստի՛ր քովս, խօսելիք ունիմ հետդ։ Ինծի լաւ մտիկ ըրէ՛, ես շատ ջղային եմ։ Եթէ օր մը տեսնես, որ ֆեսիս փիւսկիւլը առջեւ եկած է, գիտցած եղի՛ր որ ջղայնացած եկած եմ տուն։ Բերանդ չբանաս, բան մը չխօսիս»։ Հարսը կ’ըսէ․ «Ուրիշ բան մը կա՞յ»։ «Չէ,- կ’ըսէ փեսան,- հիմա դուն պիտի խօսիս»։ Հարսը կ’ըսէ․ «Ես ալ ջղային եմ։ Եթէ տեսնես, որ օր մը խոհանոցի գոգնոցիս կապը առջեւ բերեր եմ՝ գիտցիր որ ջղայնացած եմ, բան մը չխօսիս»։ Եւ այսպէս, այլ նիւթեր խօսելով կը քնանան։ Մէկ-երկու շաբաթ վերջ, երբ կինը դուրսը, փողոցին առջեւը կը լուար, հեռուէն կը տեսնէ ամուսինը, որուն ֆեսին փիւսկիւլը առջեւ եկած է․․․։ Շուտով ինքն ալ կը դարձնէ գոգնոցին կապը առջեւ։ Մարդը կու գայ, կը նայի որ կինը ջղայնացած է, ձայն չ’ըներ, ու երկուքն ալ լռելով իրարու փաթթուելով ներս կը մտնեն, եւ այսպիսով, սիրով երկար կեանք մը կ’ապրին միասին։

Մօրս ըսի, որ մենք ալ ասանկ բան մը պէտք է ընենք։

Կը յիշեմ մանկութեան օրերս, ծնողքիս ողջ եղած ատենը․ կարծես հոգեր չունէինք․ տուներնիս երբեք հիւրերէն չէր պարպուեր։ Ամէն տեղ կը պտտէինք․ սինեմա, եկեղեցի, սրճարան՝ բոլոր հաճելի տեղերը։ Առաջ աժանութիւն կար, անկեղծութիւն եւ ամէն բանի առատութիւն։

Զատկի շաբաթ էր։ Կիրակի՝ Զատկի օրը դուռը զարնուեցաւ․ բացինք․ կաթողիկէ վարդապետն էր, որ տնօրհնէքի կու գար։ Քառորդ ժամ վերջ, նորէն դուռը զարնուեցաւ ու բացինք․ լուսաւորչական տէր հայրը եկաւ․․․։ Տունը լեցուն էր հիւրերով։ Մէյ մը եւս զարնուեցաւ դուռը, ու բացինք, ու այս անգամ՝ բողոքական պատուելին․․․։

Հիւրերը բոլորը խնդացին եւ հարցուցին, թէ դուք ի՞նչ էք․ բողոքակա՞ն, կաթոլի՞կ կամ լուսաւորչական։

Մայրս խնդալով ըսաւ․

– Բոլորը բարի եկան, լուսաւորչականը ես եմ, մօրս կողմէ, կաթոլիկ՝ ամուսինս, իսկ հայրս՝ բողոքական․․․։ Բոլորս հայ ենք, բոլորիս Աստուածը մէկ է։

Տուներնիս կարծես ժողովատեղի ըլլար։

Շատ ուրախ խօսակցութիւն եղաւ այդ օր․ այսպէս կ’ապրէին առաջ մարդիկ․ միամիտ եւ աստուածավախ էին։ Երանի առաջուան կեանքը կրկին դառնար, որովհետեւ շատ ուրախ եւ հանգիստ կ’ապրէինք:

Անցեալները նստած հին օրերէն կը յիշէի, եւ հեռատեսիլէն հին ֆիլմ մը դրին, շատ հին․ ձիւն, կառք, գլխարկով մարդիկ, խիստ դէմքեր։ Յիշեցի շատ հին Նոր Տարուան մեր օրերը։

Պզտիկ էինք, հազիւ առաջին դասարան, Նոր Տարի էր։ Մայրս ըսաւ․

– Բարի եղէ՛ք, քեռիենցդ պիտի երթանք, Նոր Տարին հոն տօնենք եւ գիշերը Կաղանդ Պապան  պիտի գայ, նուէրներ բերէ ձեզի։

Գիշեր եղաւ, բոլորս հաւաքուեցանք եւ գացինք Նոր Տարին տօնելու։ Պզտիկ էի, չէի զանազաներ տօնածառին զարդերը։ Մտանք, տեսայ խոշոր տօնածառը՝ բնական,  կանաչ ծառ, իսկ վրայի խաղալիքներն ու զարդերն էին՝ բնական սմբուկ, պղպեղ, լոլիկ, նարինջ եւ այլն․․․։ Ծառին քով, թելի վրայ անցած քարտերը կախուած էին։ Ծառին վրայ՝ ճերմակ-ճերմակ, պզտիկ, հլունի պէս բամպակի կտորներ։

Իրիկուն եղաւ, սկսան սեղանը պատրաստել, սեղանը լեցուցին մեր հայկական  ճաշերով․ կարմիր, կծու չի քէօֆթա, պասթրմա, սուճուխ, որոնք մեծ մամայիս գործերն էին։

Քիչ մը կերանք, դուռը զարնուեցաւ։ Մեզի ըսին․

– Դուռը բացէ՛ք Կաղանդ Պապային։

Կաղանդ Պապան ողորմած քեռիս էր։ Մտաւ ծափելով, երգելով, ցատկելով, իսկ ձեռքը կար կողով մը, մէջը խաղալիքներ կային, ըսին․

– Նորա, բան մը արտասանէ՛ դպրոցը սորվածներէդ։

Ես քիչ մը վախցայ, քիչ մըն ալ արտասանեցի։ Նուէրս գիտէ՞ք ինչ էր․ կարմիր խնձոր, որ մինչեւ հիմա կը սիրեմ։ Վերջը, քոյրիկիս՝ կտորէ շինուած պուպրիկ, իսկ եղբօրս՝ գունաւոր խմոր։

Ծափեցինք, պարեցինք, երգեցինք, ուրախացանք։ Դուրսը շատ մութ էր, իսկ ձիւնը՝   տեղատարափ, սոսկալի պաղ էր։

Մեծ մամաս միշտ նստած տեղը կը քնանար եւ այդ օր ալ քնացած էր։

Ժամը տասներկու եղաւ, բոլորս աղօթեցինք եւ համբուրուիլ սկսանք, Նոր Տարին շնորհաւորեցինք, մայրս մօտեցաւ մեծ մամայիս՝ արթնցնելու, մի քանի անգամ փորձեց եւ չարթնցաւ․ արդէն նստած տեղը մահացած էր․․․։

Որքան ուրախ անցուցինք, այդքան ու աւելի տխրեցանք եւ լացինք։ Անակնկալ մահ։ Մայրս ատկէ վերջ բաւական անհանգիստ մնաց ամիսներով։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՄԵՐ ԹՈՆԻՐԸ

ՀՐԱԿ ԹՐԹՌԵԱՆ
Քեսապ, Հայ Աւետ․ Նահատակաց Միացեալ Վարժարան, Զ․ կարգ

Մեր պարտէզին մէջ պտղատու տեսակաւոր ծառեր կան․ ծիրանենի, դեղձենի, խնձորենի, տանձենի եւ սալորենի․ մանաւանդ կայ խոշոր թթենի մը, որուն տակ գեղեցիկ թոնիր մը ունինք ու հաց եփող կին մը՝ Ըմ Գամէլը։

Ըմ Գամէլը թոնիրի մի քանի տեսակ հաց կ’եփէ։ Բոլոր հացերուն միջուկը մայրիկս կը պատրաստէ։ Ամենէն աւելի հռչակ ունեցող հացը չորթանով հացն է որ քեսապերէնով քէսնըքով հաց կը կոչուի։ Խմորի պատրաստութեան համար ալիւրին վրայ կ’աւելցնեն ջուր եւ լաւապէս կը շաղեն, յետոյ կ’աւելցնեն թթխմոր, որպէսզի խմորը քացխի, այսինքն եփելու պատրաստ ըլլայ։ Իսկ չորթանի միջուկին պատրաստութեան համար մայրիկս ձէթին մէջ քիչ մը մանրուած սոխ կը կարմրցնէ, վերջը մէջը կը դնէ չորթանը, ծոթրինը, կարմիր պղպեղը եւ կանաչ պղպեղը եւ այս բոլորը կը խառնէ։ Վերջը տասը վայրկեան մէկ կողմ կը դնէ, որ պաղի։ Խմորն ալ պատրաստ կ’ըլլայ, կլոր-կլոր կը բանանք եւ վրան միջուկը կը դնենք եւ թոնիրին մէջ կը փակցնենք որ եփի։

Եամմի, ես շատ մը սիրեմ այդ հացը ուտել, մանաւանդ երբ որ թոնիրէն հանենք տաքուկ-տաքուկ։ Իսկ կծու պղպեղին միջուկը եւ պանիրին ու ծոթրինին միջուկով հացն ալ նոյն ձեւով կը պատրաստեն ու կ’եփեն։

Հրամեցէ՛ք։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: