ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿՆԵՐ (ՄԺԷ.)

ԿԱՐՕ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

ՌՋԿԱ․
«․․․եղաւ շրջան մը, երբ տպագրութիւնը շատ յառաջացաւ Լիբանանի մէջ, որ դարձաւ Միջին Արեւելքի տպագրութեան կեդրոնը»:
Ասիկա հետաքննական լրագրութեան փոխանցած ամենամեծ եւ ամենաճշմարիտ սուտերէն մէկն է, թերեւս՝ ամենամեծն ու ամենաճշմարիտը։

ՌՋԿԲ․
«Միակ առաւելութիւնը այն է, որ երբ մեր Կաթողիկոսութեան հրատարակչատունէն լոյս կը տեսնէ, իսկ եթէ առաւել՝ ֆոնտով մը կը հրատարակուի, ատիկա ըսել է որ իր գործը աւելի բծախնդիր (վերասրբագրուած, վերընթերցուած) հրատարակութիւն է, որ խոցելի չէ»:
Միլիոնաւոր սխալներն ալ արդէն արդիւնք են «բծախնդիր՝ վերասրբագրուած ու վերընթերցուած» աշխատանքին։

ՌՋԿԳ․
«․․․պէտք է աշխատինք ուսումն ու գիտութիւնը հասանելի դարձնել մեր երեխաներուն, հետեւաբար զարգացնենք ու տէր կանգնինք մեր կրթական կառոյցներուն, ոչ մէկ բան խնայենք հայ դպրոցի բարգաւաճման համար, մեր քսակները առատ բանանք եւ մեր խղճի լուման արդարօրէն նուիրենք ապագայ սերունդներուն բարօրութեան համար: Ինչպէս ըսած եմ անցեալին հիմա նորէն կը շեշտեմ.- «այսօր տո՛ւր, վաղը մի՛ տար»:
Ազգային բարերար պարոն Կորիկոսին իմաստութիւնն է, որ այսօրով զբաղած է, իսկ վա՞ղը։ «Այսօր կանք, վաղը չկանք»՝ պարապի՞ ըսուած է։ Մարդը մեզմէ լաւ հասկցեր է առածը։

ՌՋԿԴ․
«գուցէ ներքին բաւիղներուդ մէջ ճամբորդես,
«հասնիս արմատը ջիղերուդ
«եւ մոռցուած արմատներուդ»։
Հասնիս մէյ մը արմատը, մէյ մը արմատներուդ։ Մէյ մը՝ հայցական, մէյ մը՝ տրական։ Ի՞նչ կ’ըլլայ։ Բանաստեղծութեան մէջ կը քալէ․․․։

ՌՋԿԵ․
«Արեւմտահայերէնը ներկայ է Հայաստանի մէջ»։ Ի՞նչ իրար անցեր էք, արդէն կիւմրեցիները, ջաւախքցիները, աբխազահայերը, համշէնահայերը արեւմտահայերէն կը խօսին։ Ինչո՞ւ տագնապի մէջ էք։ Արեւմտահայերէնը ամէն տեղ ներկայ է, ճանըմ։
Ասիկա արեւմտահայերէնի կենսագործման վերջնագոյն գիւտն է, որ մեր սիրտերը յոյսով կը լեցնէ, վաղը պիտի երթանք ու կիւմրեցիներէն արեւմտահայերէն սորվինք, կամ Աբխազիա, Նոր-Նախիջեւան, թերեւս Հին Նախիջեւան ալ արեւմտահայ վերապրողներ ըլլան, ո՞վ գիտէ, հոնկէ ալ երկու-երեք բառ, երկու-երեք նախադասութիւն արեւմտահայերէն կը սորվինք, այսինքն սորվելու պէտք չկայ, արդէն կայ, արեւմտահայերէնը ներկայ է։ Իւ՜ֆ, ինչ հանգստացանք։ Մենք ալ ասանկ հանգստափչիկ լուրի մը կը սպասէինք երկար ատեն։ Շունչ մը քաշեցինք։ Փակեցէ՛ք դպրոցներն ալ, բանի մը պէտք չկայ․ արեւմտահայերէնը ալ Կիւմրիէն պիտի լսենք։ Իսլամահայերն ալ արդէն թրքահայերէն կը խօսին ասանկ-անանկ, անոնցմէ ալ երկու բառ կը լսենք։ Լմնցաւ-գնաց, կամ պիթթի-կէթթի։ Ի՞նչ իրար անցեր էք։

ՌՋԿԶ․
Հայաստանի վարանկախացման երեսնամեակն է։ Կեցցէ՛ Հայաստան եւ հայութիւն։ Կը շնորհաւորենք։ Երեւանի երկնակամարին վրայ տրոնածին պատկերներ կը կազմուին յուրախութիւն, – աւելի ճիշդ, այսինքն սխալ՝ ի ուրախութիւն – համայն հայութեան, պատկերներ թռչող արծուի, Հայկ Նահապետի, Սասունցի Դաւիթի, Թուր Կայծակիի, ֆալան-ֆիլանի, եւ եթէ քիչ մը աւելի դիտես, ուրիշ բաներ ալ պիտի ելլեն։ Ամենէն կարեւորը, Հայկ նահապետին նիզակը կ’արձակուի, Աստուած գիտէ դէպի ո՞ւր։

ՌՋԿԷ․
«Սիքտիր ըրէ Հայաստանը» (Վահէ Օշական)։

ՌՋԿԸ․
Զիպիլնէթի ղեկավարը տասը հատ յայտագիր կը վարէ, բայց մէկ նախադասութիւն հայերէն շնորհքով չի կրնար կազմել։ Ատ ալ վարպետութիւն կ’ուզէ։ Մարդը կուսակցութեան վստահելով սաքան տարի խմբագիր եղած է, բայց հայերէն խօսիլ չէ սորված։ Եւ ինչո՞ւ սորվի։ Կուսակցական ըլլալը բաւարար չէ՞ հայերէն գիտնալու համար։

ՌՋԿԹ․
«Հայաստանում ապրելը ինքնին հայրենասիրութիւն է»…։

ՌՋՀ․
Եթէ դուն Լիբանանի այդ գիւղէն եկած ու հաստատուած ես երեսունմէկ տարի առաջ Հայաստան, ուրեմն իրաւունք ունիս մարգարէանալու, որ արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը օր մը չէ օր մը պիտի միաձուլուին, պիտի միաւորուին եւ դառնան մէկ լեզու, այսինքն… արեւելահայերէն, ինչ որ դուն կը խօսիս․․․ իբր թէ։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՃԱԲՈՆԱԿԱՆ ՀԱՅՔՈՒՆԵՐ (ԾԳ.)

Ծ Թ ՊԱԼԵԱՆ

ՄԸ․
Սեւն ու ճերմակը նկատել
Հայելիներու մէջ, հաճոյանալ
Կեանքի մոխրագոյներուն մէջ։

ՄԹ․
Խաւարն ու լոյսը
Ձեռք ձեռքի
Եինկ եւ եանկի անհրաժեշտութիւնը։

ՄԺ․
Էութիւնը իր գոյները կը փոխէ
Նոյնիսկ մէկ օրուայ մէջ – 
Ծովու կապոյտը կը դարձնէ սեւ։

ՄԺԱ․
Ապագայի օրերը՝
Շուքերու պղտորած գիծեր
Գիշերային գրեթէ լման մթութեան մէջ։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ

ԱՆԻ ՉԷԼԷՊԵԱՆ

Ամէն տարի, ամառուայ նախօրեակին, հայրս կը մեկնէր գիւղ, ամարանոցի բնակարան մը ձեռք ձգելու մտադրութեամբ: 

Վերջապէս կը հասնէր այդ օրը, որուն կը սպասէինք, երբ դպրոցները կը գոցուէին։  Բեռնատար մեքենան կը կանգնէր մեր պատշգամին տակ ու կը բեռնաւորուէր տան առարկաներով ու պիտոյքներով: Մայրս օրերէ ի վեր արդէն կը պատրաստուէր գիւղ փոխադրուելու. հագուստեղէն, ամանեղէն, կաթսաներ, բարձ ու վերմակ, աւետարան, ռատիօ, բոլորն ալ գիւղ պիտի ելլէին: Մենք՝ փոքրերս, հաւաքած կ’ըլլայինք մեր նախընտրած խաղալիքները, գիրքերն ու ձեռային աշխատանքները, ու անոնք ալ կը տեղաւորուէին գոյքերուն կողքին: 

Համբաւաւոր էին Լիբանանի գիւղերը սքանչելի տեսարաններով, անտառուտ, մայրիներով եւ շոճիներով զարդարուած, կազդուրիչ կլիմայով, աղբիւրներու սառ ջուրով, նաեւ զբօսավայրերով, ճաշարաններով, համեղ պտուղներով եւ ուտելիքներով, մշուշապատ երեկոներով ու աստղափայլ գիշերներով: Զբօսաշրջիկները կու գային շրջակայ երկիրներէն, մինչեւ Եգիպտոսէն ու Թուրքիայէն, Իրաքէն եւ Արաբական Ծոցի երկիրներէն: Շատեր ունէին իրենց անձնական ապարանքները, ուր կը վերադառնային ամէն ամառ: 

Կը տեղաւորուէինք մեր ամարանոցի տան մէջ ու կը սկսէր մեր ամառնային խաղաղ ու հանդարտ կեանքը: Կապոյտ, պայծառ երկինք, մաքուր օդ, լռութիւն: Օրերը կը յաջորդէին իրարու: Ոչինչ կը խանգարէր ցերեկուան լռութիւնը, բացի երբեմն երեխաներու ճչոցէն ու միջատներու պզզոցէն: Երբեմն փերեզակներ կու գային եւ կը կանչէին ու կը գովերգէին իրենց ապրանքներուն որակը: Երբեմն կու գային դանակ սրցնողները կամ պղինձ ճերմկցնողները: Կու գային նաեւ գնչուհիներ, «պասսաարա» կանչելով, մեր ձեռքի ափերուն մէջ գծուած բախտը կարդալու: Մեր տան մօտ կար ծխախոտի գործարան մը, որուն Ռեժի կ’ըսէին: Ռեժին հին, դեղնորակ քարերով եւ գեղեցիկ կամարներով, իտալական ոճով կառուցուած շէնք մըն էր: Ամէն առաւօտ խումբ մը երիտասարդուհիներ կ’ուղղուէին հոն: Կէսօրուան դադարին պատշգամ կ’ելլէին սիկարէթ ծխելու: Երեկոյեան, դարձեալ խումբով, կը մեկնէին իրենց տուները: Տարիներ ետք, ամէն անգամ որ Carmen օփերան կը դիտէի, երբ գնչուհի Carmen եւ իր գործընկերուհիները ծխախոտի գործարանէն դուրս կ’ելլէին իրենց դադարին, եւ Carmen կը սկսէր երգել «Սէրը ազատ է ու չի հնազանդիր որեւէ օրէնքի», մանկութեանս գիւղի Ռեժիիկիներուն խմբային պատկերը կը վերյիշէի, սիկարէթը իրենց շրթունքին:

Գիւղի մուտքին՝ բարձունքին վրայ, կար վանք մը, կառուցուած հսկայ, ժայռոտ բարձրաւանդակի մը վրայ: Հիմնուած էր դարեր առաջ: Նշանաւոր էր իր աստուածաբանական ճեմարանով եւ գինիի արտադրութեամբ: Գիւղը ունէր մի քանի աղբիւր, ժայռէն բխած, առատ, սառ ջուրով: Գիւղը ունէր ուղղափառ եւ Արեւելքի կաթողիկէ համայնքի եկեղեցիներ: Առաւել, ինչպէս ամէն գիւղ, ան եւս ունէր իր պահապան սուրբը եւ իր պահապան քաղաքական գործիչը, որու նկարը սուրբի նկարին չափ համատարած էր: Կախուած կ’ըլլար խանութներու մէջ ու ելեկտրական սիւներու վրայ: Մարդիկ գրեթէ սուրբին չափ կը պաշտէին քաղաքական գործիչը եւ հրաշքներ կ’ակնկալէին իրմէ:

Գիւղին կեդրոնը, հրապարակին վրայ, կար շարժանկարի փոքր սրահ մը, որ կը պատկանէր գիւղի մեր ընկերոջ հօրը: Ան երբեմն մեզի կ’արտօնէր յետմիջօրէին ձրի դիտել տուեալ ֆիլմը: Որչափ բախտաւոր եւ մեծցած կը զգայինք մենք մեզ՝ այս շնորհքին արժանացած ըլլալու համար: Կը զատէինք նստարաններ՝ մեր քմահաճոյքին համեմատ, կը տեղաւորուէինք գրեթէ դատարկ սրահին մէջ, ու շատ ժամանակ չանցած, ձանձրացած, դուրս կ’ելլէինք մութ սրահէն, մեր աչքերը շլացած՝ հրապարակի կուրցնող արեւէն: Կային մէկ-երկու սրճարաններ, ուր միայն տղամարդիկ նստած կ’ըլլային ու թուղթ կը խաղային, մինչ կիները տան գործերով եւ ճաշ եփելով զբաղած էին: Տեղացի տղամարդոց նախընտրած զբաղումը, թուղթ խաղալէն զատ, որսորդութիւնն էր: Այդ պատճառով ալ ամէն գիւղ ունէր որսորդական պիտոյքներու խանութ: Վերադառնալ որսէն՝ ցուցադրելով մէջքին կախուած թռչնիկները, մեծ հպարտութիւն էր տղամարդոց համար: Թռչնիկները կը փետուէին, կրակի վրայ կը խորովուէին: Համեղ կ’ըլլային, թապպուլէիեւ մանաւանդ գաւաթ մը օղիի հետ:

Գիւղացիներէն շատերը վարպետ որմնադիրներ էին. կը յիշեմ մէկը, որ այդ ամառ կ’աշխատէր մեր տան մօտակայ նոր շինութեան մը վրայ: Գլխուն կը կապէր թաշկինակ մը եւ ձեռքը առած մուրճ մը, կանուխ առաւօտէն սկսեալ, ուժեղ հարուածներով կը տաշէր քարերը, որոնցմով պիտի պատէր տունը: Տարիներու աշխատանքին պատճառով հաստցած ու կոշտցած էին ձեռքերը, բայց ան շահած էր գիւղի գեղեցկուհիին սիրտը: Բարձրահասակ, շիկահեր, կապուտաչեայ երիտասարդ կինը իրեն կ’այցելէր ամէն օր եւ կէսօրուան ճաշը կը բերէր: Շատեր շիկահեր ու կապուտաչեայ էին այս գիւղին մէջ, եւ կային բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնք կը կրէին յունական մականուններ: Կային նաեւ մէկ-երկու ծերունիներ, որոնց մեծ հայրերը ժամանակին փախուստ տուած էին ռուսական կայսրութիւնէն եւ ապաստանած այս լեռները: Զանոնք «ճերմակ ռուս» կ’անուանէին: Անոնցմէ մէկուն հարսը հայ էր, ու մեր տանտիրուհին էր:

Լիբանանի լեռները ընդունած էին ամէն գոյնի աքսորեալներ, փախստականներ ու գաղթականներ: Գիւղէն անդին կար անդունդ մը, որ կը կոչուէր «գանկերու անդունդ»: Երկար դարեր առաջ, հոն ահռելի պատերազմ մը տեղի ունեցած էր: Երբ ընկերներու խմբակով կը համարձակէինք մինչեւ այդ վայրը արշաւի երթալ, աչքերնիս լայն բացած կը զննէինք այդ ձորը: Արդեօք գանկեր պիտի երեւէի՞ն: Անսովոր ոչինչ կը գտնէինք: 

Մենք անհոգ կը խաղայինք ամբողջ օրը, մեր բակերուն եւ շուրջի գեղեցիկ բնութեան մէջ: Տեղացի երեխաներուն հետ արդէն բարեկամացած էինք: Ծառ կը մագլցէինք ու յաճախ վար կ’իյնայինք, ծունկերնիս ու գլուխնիս արիւնած: Սնոպար կը հաւաքէինք, քարով կը զարնէինք ու համեղ ճերմակ հատիկները կ’ուտէինք: Կը բարձրանայինք լեռ, կ’իջնէինք ձոր, կը մտնէինք գիւղին ամէն ծակն ու ծուկը: Խմբակներ կը կազմէինք ու գաւազաններով իրարու դէմ կը պատերազմէինք մինչեւ որ հակառակորդ խմբակը նահանջէր: Ամէն խորամանկութիւն ի գործ կը դնէինք, որ տունէն դուրս ազատօրէն խաղայինք. այլապէս մեր ծնողները մեզմէ պիտի պահանջէին, որ տան գործերուն օգնենք. լուացք ծալել, բուրդ փաթթել, բակը աւլել: Երեկոները գիւղի երիտասարդ-երիտասարդուհիները տարբեր խմբակներ կր կազմէին եւ թեւ թեւի անցած, խօսակցելով, իրարու գաղտնի նայուածքներ նետելով, ձմերուկի կուտ ծամելով կամ պաղպաղակ ուտելով կը պտտէին գիւղի մայր երթուղիին երկայնքին:

Ամէն ամառ տեղի կ’ունենար Աստուածածնի տօնը, կամ ուրիշ սուրբերու տօներ, որոնց ընթացքին գիւղը կեանք կ’առնէր, պայթուցիկներու աղմուկով կը լեցուէր, երթեւեկը կը շատնար, եկեղեցիներու բակերը սեղաններ կը շարուէին ու տարբեր քաղցրեղէններ կը ծախուէին: Կար նաեւ ծաղիկներու տօնը, երբ բեռնատար մեքենաներ ամբողջովին ծածկուած կ’ըլլային գունագեղ ծաղիկներով եւ տարբեր նիւթերու համապատասխան կառոյցներով զարդարուած, ուր կանգնած կ’ըլլային դեր վերցուցած, բեմային զգեստներ հագած մարդիկ. անոնք գլխու թեթեւ շարժումով մը կը բարեւէին մայրուղիին երկու կողմերը հաւաքուած ժողովուրդին: Ուրիշ առիթ մըն ալ կար, որ դարձեալ խանդավառութիւն կը ստեղծէր գիւղին մէջ, ան ալ ոտնագնդակի համաշխարհային մրցումներն էին: Այդ օրերուն, մարդիկ կը հաւաքուէին իրարու տուն. հեռատեսիլը զետեղուած կ’ըլլար այնպիսի անկիւն մը, որ մեծ թիւով մարդիկ կարողանային դիտել: Մեծ ակնկալիքներով կը նստէին, կուտ-լէպլէպու կը դրուէր, բաժակները կը լեցուէին օղիով, եւ ամէն անգամ որ գնդակը մտնէր ցանցին տարածքը, բացագանչութիւն մը կը լսուէր թաղէ թաղ․ «Կո՜ոոոոոլ…»: Մրցաշարքը կը տեւէր գրեթէ ամիս մը։ Այդ գիշերները քնանալ անկարելի էր:

Երբեմն ալ գիւղը կ’ունենար անսովոր այցելուներ: Օր մըն լսեցինք, որ հսկայ մը եկած էր գիւղը, որ կարողութիւն ունէր մէկ թեւով ինքնաշարժ մը վերցնելու. գացինք տեսնելու: Մեծ, ուռած մկաններով, գօտեմարտիկի մը երեւոյթով մարդ մըն էր: Այդպէս ալ ըրաւ: Ան յոխորտ Սամսոնի մը նման յառաջացաւ դէպի ինքնաշարժը եւ առանց յապաղելու ձեռքերը տարաւ մեքենային տակ ու շալկեց մեքենան: Ամբոխը ծափահարեց: Տեղի կ’ունենային հարսնիք ու յուղարկաւորութիւն, որու թափօրին երբեմն կը միանայինք, պարզապէս հետաքրքրութեան համար: Իսկապէս թատրոնի կը նմանէր այդ արարողութիւնը. փոքր տղաք երկար, ճերմակ հագուստ հագած ու եկեղեցական առարկաներ բռնած, երիտասարդներ թմբուկ զարնելով ու փող փչելով, ուրիշներ հանգուցեալին նկարը շալկած, տէր հայրեր խունկ սփռելով ու ամենէն ետեւը՝ տրտում ամբոխ մը հաւաքուած, կը յառաջանային դէպի եկեղեցի: Մեռելակառքը դանդաղօրէն կը շարժէր, ու ծանր ու տխուր երաժշտութիւն կը ձայնասփռէր: Խորհրդաւոր կ’ըլլար այս արարողութիւնը, որուն գրեթէ ամբողջ գիւղը կը մասնակցէր, եւ գիւղի պատմութեան անջնջելի յիշատակներուն մաս կը կազմէր: 

Տարիներ շարունակ գացինք ամարանոց: Վարձեցինք տարբեր տուներ: Մեծցանք. դադրեցանք ծառեր մագլցելէ, ունեցանք առաջին սիրահարութիւն, նոր հետաքրքրութիւններ, ու հետզհետէ սկսանք հեռանալ գիւղի հանդարտ մթնոլորտէն եւ փնտռել քաղաքի իրարանցումն ու հրապոյրները: Կեանքի պայմանները այնպէս ըրին, որ հեռացանք երկրէն ալ ու յետոյ վերադարձանք:

Երբեմն կ’այցելեմ գիւղը: Ներկայիս մանկութեանս գիւղը բարեփոխուած է. նոր շէնքեր, նոր մայրուղի, նոր խանութներ. Ռեժինչկայ: Վանքը կայ: Սուրբերն ալ կան: Գանկերու անդունդին եզերքը գողտրիկ սրճարան մը բացուած է: Երիտասարդ զոյգեր կը սիրեն հոն հանդիպիլ: Հին ընկերներս չեմ ճանչնար: Իրենք ալ զիս չեն ճանչնար: Բայց յուշերը կը մնան: Եւ գիւղը, որ արդէն հազարաւոր տարիներէ ի վեր կառչած է այդ ժայռոտ լեռնաշխարհին, պիտի գոյատեւէ ու շարունակէ իր կեանքը, ու նոր մարդիկ նոր յուշեր ու պատմութիւններ պիտի գրեն իր մասին: 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՖՐԱՆՍՈՒՀԻ ԸՆԿԵՐՈՒՀԻԻՍ ՀԵՏ

ՄԱՐԳԱՐԻՏ ԱՍՈՅԵԱՆ ԼԻՆՔ
 
Ֆրանսուհի դրացուհի մը ունիմ, ընկերուհիներ դարձած ենք, ամուսինը՝ գերմանացի.  որդին եւ աղջիկս ալ գիւղին նախակրթարանի դպրոցը կը յաճախէին եւ դասընկերներ էին: Տարիներու ընթացքին բարեկամութիւն յառաջացած է մեր ընտանիքներուն միջեւ: 

Ֆրանսուհին ուսուցչուհի էր եւ մեր գիւղին մէջ շաբաթը մէկ օր երեկոյեան ֆրանսերէնի դաս կու տար, որուն ժամանակին ես ալ կը մասնակցէի: Օտարութեան մէջ երկուքս ալ գրեթէ նման պայմաններ ունենալով, բաժնուած ընտանեկան հարազատներէն, հեռացած հին միջավայրէն, կարօտի զգացումները մեզ աւելի մտերմացուցած էին, մէկս միւսը աւելի լաւ կը հասկնար։

2006 թուականին, ֆրանսուհի ընկերուհիիս մայրը, որ Փարիզ իր անձնական բնակարանին մէջ առանձին կ’ապրէր, կարճ հիւանդութենէ մը վերջ կեանքէն հեռացաւ: Ընկերուհիս մօրմէն ժառանգած բնակարանին հարցով պէտք էր, որ Փարիզ ճամբորդէր: Հոգեկան ծանր վիճակի մէջ կը գտնուէր ան, երբ խնդրեց ինձմէ, որ իրեն ընկերակցիմ դէպի Փարիզ։  

Անցեալ տարիներուն, զանազան առիթներով այցելած էի Փարիզ՝ մասնակցելու բժշկական դասընթացքներու, ժողովներու կամ ալ ընտանիքիս հետ զբօսաշրջելու: Բոլոր այցելութիւններս եղած էին կարճ, իջեւանած էի Փարիզի կեդրոնին մօտ գտնուող լաւորակ պանդոկներու մէջ, այցելած՝ տեսարժան վայրերը եւ թանգարանները, ի միջի այլոց նաեւ հայ առաքելական եկեղեցին:

Առաջին անգամ ըլլալով, Փարիզի արուարձաններէն մէկուն մէջ, շէնքի մը չորրորդ յարկը գտնուող, ֆրանսացի համեստ ընտանիքի մը երեք սենեակնոց բնակարանին մէջ, ֆրանսուհի ընկերուհիիս հետ երկու շաբաթ պիտի բնակէի:

Առիթ մըն էր աւելի մօտէն ծանօթանալու փարիզցիներու առօրեայ կեանքին: Այս առիթը կ’ուզէի նաեւ օգտագործել՝ այցելելու համար անցեալ ճամբորդութիւններուս ընթացքին ժամանակ չունենալուս պատճառաւ  զանց ըրած այլ, հայկական կարեւոր հաստատութիւններ:

Ամէն առաւօտ նախաճաշէն առաջ կը քալէինք դէպի թաղին մէջ գտնուող հացավաճառին խանութը, ուրկէ թարմ թխուած հացին հոտը կը բուրէր․ պակեթ մը գնելէ ետք կը վերադառնայինք բնակարանը, խոհանոցին մէկ անկիւնը, փոքր սեղանին շուրջ նստած սուրճով կը ճաշակէինք թարմ հացը: Նպարավաճառի եւ մսավաճառի խանութները բաղդատելով Գերմանիոյ մեր գիւղի շուկային հետ այնքան ալ ախորժելի չէին թուեր ինծի, միայն պակեթն էր, որ հացերը կը գերազանցէր:

Նախաճաշէն ետք ընկերուհիիս՝ բնակարանին մէջ ընելիք գործերուն կ’օգնէի: Դժուար էր մօրը ապրած կեանքին հետքերը զննել եւ ետեւ թողած գոյքերուն մէջ ընտրութիւն ընել․ այնքան յիշատակներ կային անոնց մէջ․ չէ՞ որ ինքն ալ ժամանակին ապրած էր այդ բնակարանին մէջ: 

Օր մը վերջապէս ընկերուհիիս յայտնեցի փափաքս: Կ’ուզէի հանդիպիլ Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոնական վարչութեան Եւրոպայի քոյր միութիւններու նախկին ներկայացուցիչ ընկերուհի Հելէն Մերճանեանին, որուն ծանօթացած էի 1998ին, ՀՕՄի Գերմանիոյ մասնաճիւղի հիմնադրութենէն ետք: Հեռաձայնով ժամադրուեցանք եւ որոշեցինք հանդիպիլ Փարիզի Հայ Մշակութային Կեդրոնին մէջ, ուր կը գտնուէր նաեւ Փարիզի Կապոյտ Խաչի գրասենեակը: 

Սիրալիր հանդիպում մըն էր հայկական տան մէջ։ Շէնքի զանազան բաժանումները պտտելէ ետք ճաշակեցինք խոհանոցին կողմէ պատրաստուած հայկական ճաշը:  Ճաշէն ետք ընկերուհի Հելէնին հետ քալեցինք դէպի «Յառաջ» օրաթերթի խմբագրատունը, որ ես կը փափաքէի տեսնել, քանի որ թերթին ծանօթ էի: Շէնքը իր արտաքին տեսքով ֆրանսական գեղեցիկ, ճարտապետական ճաշակով կառոյց մըն էր: «Յառաջ»ի խմբագրատան գրասենեակը մեզ դիմաւորեց թերթին երկարամեայ խմբագրապետուհի, այժմ հանգուցեալ Արփիկ Միսաքեանը՝ անուանի Շաւարշ Միսաքեանի դուստրը:

Շաւարշ Միսաքեանը գրասենեակին մէջ պատէն կախուած իր խոշոր պատկերով կ’իշխէր սենեակին մթնոլորտին վրայ եւ իր ներկայութիւնը զգալի կը դարձնէր: 

Ողջոյնի խօսքեր փոխանակելէ ետք մտանք տպարանի բաժինը։ Սենեակի մը մէջ շարուած էին տպագրական գործիքներ։ 1957ի Սեպտեմբերէն «Յառաջ»ը ունեցած է իր տպարանը: Շատ հետաքրքրական էր դիտել, թէ ինչպէս հին գործիքներուն վրայ գրաշարները կը շարէին յօդուածին նիւթը մետաղեայ տառերով, որոնք յետոյ թերթին թուղթին վրայ տպուած՝ շունչ պիտի ստանային:

Հաճելի զրոյցէ ետք ուրախ տրամադրութեամբ հրաժեշտ առինք «Յառաջ»էն եւ ընկերուհի Հելէնէն: 

Քալելով պտտեցանք մօտակայ թաղերուն մէջ եւ հանդիպեցանք հոն գտնուող հայ նպարավաճառներու խանութներու, ուր ամէն տեսակի հայկական ուտեստեղէնի համեմներ եւ այլ մթերքներ կային։ Ընկերուհիիս ծանօթացուցի հայկական պասթուրմային եւ քանի մը բան ալ հոն գնեցինք: 

Քանի մը օր ետք որոշեցինք ծրագրիս երկրորդ բաժինը իրականացնել, որն էր այցելել Կիլիկիոյ վերջին թագաւոր Լեւոն Ե. Լուսինեանի գերեզմանը, որ կը գտնուէր Սէն-Տընի տաճարի՝ Ֆրանսայի թագաւորներու դամբարանին մէջ: Ֆրանսուհի ընկերուհիս հրաւիրեց նաեւ Փարիզ ապրող իր ընկերուհին՝ մեզի ընկերակցելու եւ այս պատմական այցելութեան մաս կազմելու: 

Սէն-Տընի Ֆրանսայի ամենակարեւոր տաճարներէն մէկն է, կը համարուի իբրեւ առաջինը կոթական ճարտարապետական ոճով շինուածներուն եւ դարեր շարունակ ծառայած է իբրեւ Ֆրանսայի արքայական դամբարան։

Ֆրանսուհի ընկերակիցներս անտեղեակ հայոց պատմութեան՝ զարմացած էին, թէ ինչպէս հայ թագաւոր մը թաղուած պիտի ըլլայ Ֆրանսայի թագաւորներու դամբարանին մէջ: Համառօտ պատմեցի իրենց մեր պատմութեան 14րդ դարուն, Կիլիկիոյ թագաւորութեան եւ վերջին թագաւորին տխուր ճակատագրին մասին:

Սէն-Տընի կը գտնուի Փարիզի հիւսիս-արեւելքը, արուարձանի մը մէջ։ Հոն երթալու համար «Նուազի լը Սեք» մեթրոյի կայարանէն, որ ընկերուհիիս բնակարանին մօտ կը գտնուէր, նստանք թիւ մէկ հանրակառքը եւ ուղղուեցանք դէպի Սէն-Տընի:

Հետաքրքրական էր հանրակառքով մեր անցած ճամբաները դիտելը։ Որքան կը հեռանայինք Փարիզի մայր շրջանէն, այնքան կը փոխուէին շրջապատի տեսարանները եւ հանրակառքին մէջ նստող մարդիկը: 

Կամաց-կամաց ինծի սկսաւ թուիլ, թէ մենք արդէն կը գտնուինք Ալճերիոյ կամ Մարաքեշի արուարձաններէն մէկուն մէջ․ ամէն ինչ ինծի կը յիշեցնէր հիւսիսային Ափրիկէի արաբական երկիրները, որոնցմէ քանի մը հատը ամառնային արձակուրդներուն ընտանիքիս հետ զբօսնելու նպատակով այցելած եմ, մանաւանդ՝ այդ քաղաքներու ծովեզերքները:

Մինչեւ Սէն-Տընիի կայարան հասնիլը ինծի ընկերակցող երկու ֆրանսուհիներէն զատ բնիկ ֆրանսացի գրեթէ չմնաց հանրակառքին մէջ: Մեր իջած վայրն ալ, ուր որ նայէի՝ նոյն տպաւորութիւնը կը ստանայի: Քիչ մը քալելէ ետք հասանք բարձր պարիսպով շրջապատուած Սէն-Տընի տաճարին մուտքը: Հազիւ ոտքերնիս մուտքէն ներս դրած, չորս կողմս նայեցայ ու խորունկ շունչ մը քաշեցի, կարծես թէ երազ էր․ չէ, մենք դարձեալ կը գտնուէինք եւրոպական տարածքի մէջ․ ներսի տեսարանը ուրիշ աշխարհ մըն էր, բոլորովին անջատուած դուրսէն։

Ժամանակ չկորսնցնելու համար ընկերուհիս ընդունելութեան գրասենեակի աշխատակիցին բացատրեց մեր նպատակը, թէ եկած ենք Կիլիկիոյ հայոց վերջին թագաւոր Լեւոն Ե.ի գերեզմանը այցելելու, երբ աշխատակից օրիորդը զարմանքով ընկերուհիիս հարցուց. «Դուք հա՞յ էք»․ ընկերուհիս պատասխանեց զիս ցոյց տալով, թէ ես հայ եմ եւ Գերմանիայէն եկած եմ: Օրիորդը լայն ժպիտով ըսաւ, թէ ինքն ալ հայ է, ի՛նչ զուգադիպութիւն, եւ ոգեւորուած աւելցուց, թէ ինք պիտի ընկերակցի մեզի եւ տեղը ցոյց տայ:  

Երբ տաճարէն ներս մտանք, առաջին հայեացքս դպաւ հսկայական, կլոր, կապտաւուն վարդապատուհանին, որուն ապակիներէն արեւուն ճառագայթը ներս կը մաղուէր եւ գոյնզգոյն երանգներով կը լուսաւորէր տաճարը: Հիացմունքով պահ մը կանգ առի ներընկալելու համար տաճարին հրապուրիչ եւ խորհրդաւոր մթնոլորտը: 

Եկեղեցիին մէջ շրջելէ ետք մտանք Ֆրանսայի թագաւորներու ընդարձակ տարածքով դամբարանը: Բազմաթիւ արձաններ թագաւորներու, արքայադուստրերու եւ կարեւոր գործիչներու, լուռ կանգնած կամ պառկած էին գերեզմանաքարերուն վրայ: Ամենատպաւորիչներն էին Մարի Անթուանէթի եւ Լուի 16րդ թագաւորի արձանները:

Վերջապէս հասաւ պահը՝ օրիորդը մեզի ցոյց տուաւ Կիլիկիոյ հայոց վերջին թագաւոր Լեւոն Ե.ի գերեզմանը: Թագաւորին արձանը գերեզմանաքարին վրայ պառկած էր։ Երկիւղածութեամբ մօտեցայ, ուշադրութեամբ դիտեցի քարացած դէմքը եւ ձեռքովս շօշափեցի արձանը, յուզմունքս զսպած ծունկի չոքած լուռ աղօթեցի ու մտքիս մէջ Կիլիկիոյ նուիրուած երգը՝ «Երբոր բացուին դռներն յուսոյ» հնչել սկսաւ: 

Ուխտս կատարած էի, խոնարհումի ու յարգանքի տուրքս տուած էի ազգիս վերջին թագաւորի շիրիմին, հոգեկան բաւարարութիւն մը կը զգայի…։ 

Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք բաժնուեցանք հայ օրիորդէն եւ պատմական Սէն-Տընիի տաճարէն: 

Հազիւ դուրս ելած, մեզ դարձեալ դիմաւորեց դաժան իրականութիւնը․ երեքով քալեցինք փողոցն ի վար, կ’ուզէինք սրճարան մը մտնել հանգստանալու եւ սուրճ կամ թէյ խմելու, բայց աչքի կը զարնէր մայթերուն եզերքը կուտակուած աղբը․ ոչ մէկ նշոյլ արեւմտեան զարգացած երկրի մը մաքրութեան եւ կարգ-կանոնին: Վերջապէս մտանք սրճարանէ մը ներս․ շուրջս նայեցայ․ միայն ափրիկեցի արաբ տղամարդիկ նստած էին, բոլորը աչքերը սեւեռեցին մեր երեքին վրայ, եւ շշուկով խօսակցութիւն մը սկսաւ մէջերնին։ Թէեւ ես ափրիկեցի արաբներուն բարբառը չեմ գիտեր, բայց գրական արաբերէնը լաւ գիտեմ, կը հասկնայի խօսակցութեան նիւթը, մարդ մը սկսաւ մեզի նայելուն աչքով-ունքով շարժումներ ընել, մէջս վախի զգացում մը արթնցաւ, ընկերուհիներուս առաջարկեցի վայրկեան մը առաջ դուրս ելլել սրճարանէն, քանի դեռ մեզ չեն նեղացուցած եւ անպատեհութիւն մը չէ ստեղծուած: Մեր ապսպրած թէյերը կիսատ թողլով արագ վճարումը ըրինք ու դուրս ելանք ետեւ ձգելով յետամնաց մարդոց ափեղցփեղ խօսակցութիւնը: 

Շատ ափսոս Սէն-Տընիի պէս հրաշալի տաճարին, որուն շրջակայքը ափրիկեցի արաբներով լեցուած էր եւ խղճալի վիճակի մէջ կը գտնուէր, անհիւրընկալ, վտանգաւոր մթնոլորտ մը ունէր բնիկ ֆրանսացիներու, մանաւանդ կանանց համար, եւ այս պատճառով ալ անկարելի պիտի ըլլար ինծի առանձին Սէն-Տընի այցելելը, նոյնիսկ երեքով կը զգայինք, թէ մեր այցը ուղղակի արկածախնդրութիւն մըն էր: 

Ֆրանսուհի ընկերուհիներս շատ ընկճուած էին այս իրողութիւը տեսնելով։ Այդ օր մեր ապրած զիրար հակասող տպաւորութիւններուն տակ հրաժեշտ առինք Սէն-Տընիէն եւ նոյն ճամբով արագօրէն վերադարձանք Փարիզի կեդրոնը:

Ընկերուհիներուս տրամադրութիւնը շտկելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու համար, որ այս այցելութեան ընկերակցած էին ինծի, զիրենք հրաւիրեցի փարիզեան գեղեցիկ ճաշարան մը, ուր հանգիստ սրտով եւ հաճելի զրոյցով ընթրեցինք մինչեւ որ օրը իր աւարտին հասաւ:

18 Սեպտեմբեր 2021

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԵՐԱԶՆ ԻՆՉՊԷՍ ՈՐ Է (ԼԸ.)

ՎԱՐՈՒԺԱՆ
 
101
(12-13 Մարտ 2021, գիշեր)
Ինչ անպահանջ, անրջակա՛ն մտերմութիւն այս անծանօթ ու անցեալէն չեկող աղջկան հետ, որ սիրահար ունի սակայն, ու կը փափաքի առանց ցաւ պատճառելու հեռանալ, եւ սենեակին դուռը երկու անգամ թեթեւօրէն զարնելէ ետք կը մտնեմ ու կը տեսնեմ զանոնք անկողնին մէջ, սերաթոյր վերմակի տակ, ու կ’ենթադրեմ որ մերկ ըլլալու են, եւ ամբողջ վայրն է սերաթոյր, չեն նկատած զիս եւ չեմ ուզեր խանգարել, ու կը պտտիմ յարկաբաժնին մէջ, եւ հասեր եմ խոհանոց, ու տակաւին ինչպէ՞ս վաթսունական թուականներէն կը բանի սառնարանն հնամենի, զոր բանալով կը ժպտիմ՝ շա՜րք է Coca Colaի այդ ժամանակուան փոքրիկ շիշերուն, որոնցմէ մին կ’առնեմ ու կ’ըմպեմ երջանկօրէն, մինչ աչքս յառեր է դուրս առաջնորդող բաց դրան, եւ ինքնակոչ հիւրերու մուտքն իբրեւ թէ արգիլող խմիչքներու դատարկ սնտուկին քովէն մեկնիլն ալ դիւրին է այնքան:

102
(13-14 Մարտ 2021, գիշեր)
Չէր պատահած, երկնցեր եմ ու ոտքերս դրեր գիրկը մէկու մը, որ մկրատով եղունգներս կը կտրէ ու անսպասելիօրէն կը հարցնէ «շուն» բառին ստուգաբանութիւնը, ու մինչ կը բացատրեմ, թէեւ մտածելով ալ՝ որ արդեօ՞ք արաբերէն «كلب»ը կրնայ տեղ ունենալ հնդեւրոպականի համակարգին մէջ, ըսածէ՞ս դժգոհ, թէ պարզապէս անճարակ, ա՛յ, վիրաւորեց կարծեմ, ու կը սաստեմ ուշքը գործէն չշեղեցնել:

103
(14-15 Մարտ 2021, գիշեր)
Ձերբակալա՞ծ ենք, թէ՝ ազատած, եւ իրմէ արագ քալողն ու առջեւ անցնողն ե՞ս եմ, ու դառնալով ետ կը տեսնեմ կամ կը տեսնէ, որ ան չկայ, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս անհետացաւ, ճնշիչ է պատասխանատուութիւնն, ու պատահարին ականատես կամ մասնակից եղած է աղջիկ մը, որուն վկայութիւնը կը հայցուի երբ սակայն, կը խնդա՜յ զուարթ ու անհոգ, եւ կ’ըսէ որ ոչինչ պիտի զինք բաժնէ իր սիրահարէն, ու չկարծեն որ պատրաստ է հաճոյալի որեւէ վայրկեան զոհելու:
 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԹԱԼԻՆԸ ԵՒ ԾՈՎԱԿԸ (Բ.)

ՍՈՆԱ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ

Ծովակ, պատուհանին ետեւ նստած, կը դիտէր երկինքը, ծովու կապոյտ աչքերէն հոսող արցունքի կաթիլները կոկորդին մէջ կը զգար, որոնք շնչառութեան արգելք կը դառնային: Չէր կրցած իր ծնողքին դիմադրելով ըսել, թէ ինք Յակոբը կը սիրէր: 

Պահ մը իր այս վիճակէն դուրս ելլելու միակ միջոցը գտաւ այն, որ երթայ Թալինին, եւ այդպէս ալ ըրաւ։ Երբ հասաւ Թալինենց տունը, արդէն ծով արցունքը չէր կրնար մէկ վայրկեան իսկ զսպել:

Թալինը հանդարտեցուցած էր զինք, ըսելով, թէ այս հարցին լուծումը ինք պիտի գտնէր: 

Այդ գիշեր Ծովակը ուրախութենէն չէր կրցած քնանալ, քանի յոյս ունէր Թալինին կարողութեան վրայ, անցեալը պիտի վերակենդանացնէր. կ’երազէր, թէ ինք նոր զգեստները հագած, կազմ պատրաստ կը սպասէր Յակոբին ժամանման: 

Երանի երկու սիրտ ունենար, որ սիրէր աւելի, աւելի ուժեղ սիրէր եւ այս աշխարհին մէջ երկար ապրէին իրարու հետ։ Երջանկութեան պահեր ապրեցաւ:

Թալինը յաջորդ օր ժամադրուեցաւ Յակոբին հետ, որ լուծէր այս հարցը:

Ան հագաւ իր կարճ, կարմիր հագուստը, թուխ երեսը ծածկեց ճերմակ հեղուկով մը, այտերը զարդարեց կարմիր փոտրայով, իսկ սեւ, խոշոր աչքերը լաւ մը գծեց սեւ մատիտով, ու գծելու ամէն մէկ ակնթարթին մէկ բանի մասին կը մտածէր: Իսկ խոպոպիկ մազերը աղուոր իւղոտ մը շիտակցուց, լաւապէս պատրաստուեցաւ, որ այս մեծ հարցը իր լուծման հասցնէր:

Իրենց շէնքէն դուրս ելլելով ուղղուեցաւ դէպի ժամադրավայր, մինչ այդ, փէշին մէջքը դէպի ներս դարձուց, որպէսզի սրունքները աւելի ուշագրաւ ըլլան։

Վերջապէս հասաւ որոշուած վայրը, գլուխը ծանրօրէն շարժելով Յակոբին հետ  ձեռնուեցաւ եւ աչքերը բանալով խորհրդակցեցաւ։

Յակոբ անկեղծօրէն ներկայացուց իր նիւթական կացութեան պարագան, թէ ինք անկարելին կարելի կ’ընէր, ձեռքէն եկածին չափ միայն։ Ծովակին մայրը համաձայն էր:

Թալին պահ մը լռելէ ետք ըսաւ․

– Լաւ մտածէ՛, մի՛ նեղուիր, Յակոբ, շատ աղջիկներ կան, որոնք կը փափաքին քու մէկ ակնարկդ վայելել։ Եթէ երկու սիրտեր սիրով բաբախեն՝ հարսնիքը ի՞նչ է․ եթէ սէր ըլլայ՝ ասոնք երկրորդական բաներ են: 

Յակոբ նայեցաւ Թալինին, նայեցաւ անոր սրունքներուն, որոնք նուազ գեղեցիկ չէին Ծովակին սրունքներէն․ թէ հասկցող, թէ գիտակից եւ անձնական կարծիքը պարտադրող անձ մըն էր: Բաւական իրարու հետ զրուցեցին ներկայէն, անցեալէն եւ որոշեցին որ այս հարցը դարձեալ արծարծեն։

Թալինին տուն վերադարձին ծով աչքերով կը սպասէր Ծովակը, յուսալով, որ իր հարցին լուծումը պիտի գտնէր:

Թալինը խոստացաւ լուծել հարցը, բայց այսպիսի ընտանեկան բարդ խնդիրներ ժամանակի կը կարօտէին, նոյնիսկ մէկ «նիստով» չէր կրնար որոշումի գալ Յակոբին հետ․ պէտք էր, որ քանի մը անգամ խորհրդակցէր, որպէսզի ճշգրիտ լուծումին հասնէր:

Ծովակը Աստուծմէ ետք ունէր Թալինը, որ իր անմիջական ազատարարն էր եւ լուծումը պիտի գտնէր իր ընտանիքին եւ Յակոբին միջեւ:

Ուստի, ան հանդիպեցաւ Յակոբին յաջորդ Երկուշաբթի, նոյն հարցով, եւ ըսաւ.

– Յակոբ, Ծովակին ծնողները եթէ քու վիճակիդ համաձայն չեն՝ մի՛ նեղուիր: Այս հարցը քիչ մըն ալ արժանապատուութեան հարց է, տղու մը անուան համար հարց է․ վաղը դեռ դուն պիտի կապուիս ուրիշ անձի մը հետ, ու քեզ կը վարկաբեկեն: Մենք պէտք է տեսնուինք, այս հարցը բարդ, լուրջ սերտողութեան կը կարօտի, որպէսզի ճիշդ եզրակացութեան հասնինք,- այսպէս խօսելով Թալինը բաժնուեցաւ Յակոբէն:

Այսպիսով Թալինը շաբաթներ կը տեսնուէր Յակոբին հետ։ Երբեմն համալսարանի իր դասաւանդութիւնը աւարտելէ ետք զիրար կը տեսնէին, Յակոբ կը սպասէր եւ մինչեւ համալսարան կ’երթար, որ զայն հոն տեսէր, անոր աչքերուն անհանդարտ վիճակը իրեն գոհունակութիւն կու տար, զայն կը տանէր՝ գոհունակութեան, ուրախութեան ու համաձայնութեան ուրիշ աշխարհ մը:

Ծովակը, սովորութեան համաձայն, նստած իր պատուհանին ետեւ, կ’երազէր Յակոբին ժամանումը։ Ամիսներ անցած էին, եւ լուր մը չէր առած Թալինէն: Պատուհանը կ’արտասուէր, սիրոյ աշուն մը կ’ապրէր: Երանի՜, երանի՜, աչքերը տեսնէին Յակոբը, խենթի պէս կը սպասէր, ամէն օր աւելի ու աւելի մեծ սիրով կը սպասէր, սիրոյ կրակը աւելի կը վառէր իր սիրտը։ Միակն էր ան իր սրտին մէջ եւ ինք կ’ապրէր անոր համար։ Դարձեալ ե՞րբ, արդեօք ե՞րբ Յակոբին արեւը, եարը, հեքիաթը պիտի դառնար:

– Այս հարցը շատ բարդ հարց է, ժամանակի կը կարօտի,- ըսած էր Թալինը:

Անցան ամիսներ:

Թալին եւ Յակոբ իրարմէ անբաժան զոյգ եղած էին, մեծ շղթայով կապած էր Յակոբը զայն:

Վերջապէս որոշուեցաւ որ նշանախօսութիւն կատարեն, պէտքը չկար աւելորդ ծախսի․ «Կարեւորը՝ երկուքը իրարու հետ համաձայն ըլլան», ըսաւ Թալինին մայրը: Նշանախօսութեան լուրը տարածուեցաւ թաղին մէջ: Բոլոր դրացիները ապշահար նախ կ’այպանէին, ետքը իրաւունք կու տային, ըսելով, թէ Թալինին ընտանիքին անդամները գիտակից, դիմացինին վիճակը հասկցող եւ ներկայ պայմանները լաւ սերտող, իմաստուն մարդիկ են:     

Ծովակին մայրը իր ընթացքին մէջն էր եւ դեռ իր դիրքին վրայ, թէեւ Ծովակը օրէ օր կը հալէր, կը մաշէր:

Կորսնցուցած էր ան իր ուսումը, ետքը՝ նշանածը, ալ ինք ինչի՞ համար ապրէր: Ամբողջ իր շրջապատը կ’արտասուէր, երկինքը կ’արտասուէր, սենեակը կ’արտասուէր եւ ոչ մէկ մխիթարանք կը գտնէր, հոգեկան անվերջ տառապանքի եւ ցաւի ու զղջումի զգացումները զինք կը տանջէին: Ելք չկար, պիտի տառապէր: Կը մտածէր, կը խորհրդակցէր ինքնիր անձին հետ, թէ ի՞նչն էր իր պակասը, բանականութի՞ւնը, զգացո՞ւմը թէ այլ կարողութիւն:

Այն առաջին եւ մեծ սէրը, որ զգացած էր, ո՞ւր էր հիմա, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ ձգած էր զինք եւ հեռացած էր իրմէ: Իր աչքերուն մէջ նայելով ամբողջ աշխարհի ծովերը կը դիտէր Յակոբ․ ո՞ւր էր հիմա, ո՞ւր:

Ալ չէր ուզեր պատուհանին ետեւ սպասել, քանի հիմա մեծ արգելք մը կար իր եւ Յակոբին միջեւ։ Երանի ժամանակը ետ երթար եւ անցած օրերը ապրէր: Հանգիստը գտաւ միայն իր բարձին վրայ, որ կը տանէր իր գլխու ցաւերն ու արցունքը: Միակ տեղն էր, ուր հանգիստ շունչ կ’առնէր եւ ժամեր տանջուելով կը քնանար, խոր եւ հանգիստ շունչ մը քաշելով:

Շարն․ Բ․

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԱՇՈՒՆ

ՆԱՐՕՏ ԵԱՆԸՔՕՂԼՈՒ ՔԸՅՄԱԶ
 
Որքա՛ն հետաքրքական եւ միաժամանակ անհասկնալի գիտութիւն մըն է հոգեբանութիւնը։ Տարիներ շարունակ կը տարուին աշխատութիւններ եւ դեռ հոգեբանական կարգ մը հարցումներու յստակ պատասխանները տակաւին չեն տրուած։ Մարդոց հոգեբանութիւնը կրնայ ազդուիլ իրենց շուրջ գտնուող ամէն ինչէն։ Կարծեմ աշխարհի վրայ չկայ մարդէն զատ ուրիշ արարած մը, որ ըլլայ այսքան զգայուն։
 
Ես մարդոց հոգեբանութիւնը կը նմանցնեմ տարուան չորս եղանակներուն եւ կը հաւատամ, որ մարդոց հոգեբանութեան եւ բնութեան միջեւ կայ ուժեղ կապ մը։ Օրինակ, մեր հոգեբանութիւնն ալ եղանակներուն նման փոփոխական է։ Երբ ամառ առաւօտ կանուխ տեսնենք արեւը, շատերս մենք մեզ աւելի աշխոյժ եւ երջանիկ կը զգանք։ Իսկ եթէ ձմեռ առաւօտ մը արթննանք անձրեւուն ձայնով, երբեմն չենք իսկ ուզեր անկողինէն ելլել եւ սկսիլ նոր օրուան։ Աշունը, լուսաւորութեան աստիճանաբար նուազելուն պատճառաւ, մարդոց տրամադրութիւնն ալ ժխտականօրէն կ՚ազդուի։ Ամռան ճաճանչաւոր օրերը իրենց հետքը կը ձգեն մոխրագոյն օրերուն վրայ։ 
 
Աշունը տարուան չորս եղանակներէն մէկն է, որ կը գտնուի ամռան եւ ձմռան միջեւ։ Աշունը անցումային ժամանակաշրջան մըն է, երբ աստիճանաբար կը նուազին օդի ջերմաստիճանը եւ մթնոլորտին լուսաւորութիւնը։ Բնութիւնը կը սկսի կամաց-կամաց քնանալ, տերեւները կը դեղնին, յետոյ տերեւազուրկ կը մնան ծառերը։ Բնութիւնը կարծես իր հագուստը հանելու եւ մերկ մնալու կը պատրաստուի մարդոց առջեւ։
 
Ես ալ յաճախ բնութեան փոփոխութիւններէն ազդուողներէն եմ։ Բայց մոխրագոյն օրերուն կը ջանամ արեւս ստեղծել, եւ այսպիսով աշնան եղանակը իմ վրայ ժխտական ազդեցութիւն չ’ունենար, որովհետեւ աշունը ինծի համար նման է դպրոցական նոր տարեշրջանին։ Վերածնունդ մըն է ան ինծի համար, քանի որ նոր դպրոցական տարեշրջանը նոր աշակերտներու, նոր դասարաններու հետ ծանօթանալու շրջանն է, եւ ամէն դասարան նոր էջ մը կը բանայ եւ նոր գիտելիքներ, նոր փորձառութիւններ կը ցանէ սրտիս մէջ։ Ամէն տարեշրջան կը բերէ նոր յուզումներ, նոր ապրումներ, նոր դպրոցական յիշատակներ։ Բնութիւնը քնանալու կը պատրաստուի, կը ծուլանայ, իսկ մենք՝ դպրոցականներս, կը սկսինք աշխատիլ, արտադրել եւ արդիւնաբեր դառնալ։ Մենք մեզ աշխոյժ եւ երջանիկ կը զգանք, որովհետեւ աշակերտներուն ներկայութիւնը կարծես կը ծագի արեւու նման։ Դպրոցը եւ մեր հոգիները կը լուսաւորուին ու կը զօրանան անոնց ձայնով եւ ներկայութեամբ։ 
 
Ապրուստի պայքարի ընթացքին մարդ պէտք է ինքզինք լաւ ճանչնայ եւ երբեմն ալ ինքն իր արեւը ստեղծէ, որպէսզի տէր դառնայ ուժեղ հոգեկան աշխարհի։ Եթէ որեւէ լուրջ հիւանդութիւն չունիք, ձեր շուրջ կրնաք գտնել շատ մը բաներ, որոնք արեւու նման կրնան ծագիլ մոխրագոյն օրերու վրայ եւ բարձրացնել ձեր կենսամակարդակը։ Յուսամ ալ աւելի ուշադիր կ՚ըլլանք եւ կը գտնենք մեր աշխարհներուն արեւը դառնալիք նշանները։ 
 
Բոլորին կը մաղթեմ արեւո՛տ չորս եղանակներ։ Ձեր լոյսը անպակաս ըլլայ։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

   
   
 

ՓՈՅԹ ՉԷ՛

ԿԱՐԻՆԷ ՊԱՏԱԼԵԱՆ

Ես կ’ուզէի ճախրել
Հորիզոններէն, անյայտանալ
Մանիշակագոյներուն
Մէջ անծայրածիր:
Երկինքներէն ունկնդրել
Զրոյցը լուսաճաճանչ,
Իմանալ յաւերժութեան
Խորհուրդը խորին:
Ես կ’ուզէի ոսկի լարերով
Հիւսել երգեր, սփոփել
Կարօտներ ցիր ու ցան :
Օ, շաղկապուիլ
Ակամայ տակաւին
Գաղջ արեւին:
Բայց երբեք չխնայել,
Բառերս փխրուն
Թաթխել փռուած բիւր
Երանգներուն հրավառ:
Թող տարափէ պատուհանիս
Եւ յօրինէ եղանակը
Շէկ ու սարսափահար,
Ես լսեմ հեւքերը վերջին,
Ծածկեմ մերկացող ծառերը
Յոյսերով կանաչ:
Ախ, կիսեմ
Մենութիւնը աշնան․
Փոյթ չէ՛, կը սպասեմ…

Քանզի այսպիսի ուշ
Րոպէի մըն էր, երբ
Տարօրինակ ոստումով մը
Յայտնուեցաւ.
Օ, գաղտագողի որդեգրեց զիս:
Իսկոյն ինկաւ
Օտար արցունք մը,
Ընդմիջեց ժպիտս ուրուագծուած
Ապշահար դէմքիս:
Անտարակոյս՝
Սա իմ խանդաղատանքն էր:
Տեսանք թաց աչքերէ
Գաղթող երազներ,
Ողջունեցինք լուսապսակը
Թաքուն կրող սրտեր:
Եւ ես եւ ինք գիրկընդխառն
Տողերուս մէջ անհասցէ
Մոլութեան մը պարզութեամբ
Ընդարձակուեցանք:
Կարծես անտես, սիրառատ
Թեւերով տարուեցանք
Ուրիշ-ուրիշ աշխարհներ։
Փոյթ չէ՛, ես նորէն կը սպասեմ…

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿՆԵՐ (ՄԺԶ.)

ԿԱՐՕ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

ՌՋԾԱ․
«Հայ տպարան, հայ գիրք եւ հայ ընթերցող եռեակը սերտօրէն առնչուած են իրարու»…։ Եռեակը… առնչուած են…։
Ասիկա գրողը հայերէնի բարձրագոյն կարգերու ուսուցիչ է։
Աս տեսակներուն ալ պէտք է ըսենք՝ ճիշդ-սխալ չկայ. գրեցէ՛ք, ինչպէս որ ուզէք։

ՌՋԾԲ․
«Հարկ է նշել, որ այս թատերախաղի առանցքը կը կազմէ թատրոնի աշխարհի երկու մեծանուն եւ անմոռանալի վարպետներու՝ Մուհսին Էրթուղրուլի եւ Վահրամ Փափազեանի անմահանալի ոդիսականին»։
«․․․ թատերախաղի առանցքը կը կազմէ․․․ ոդիսականին․․․»։ Մոռնանք պահ մը այս չինարէնը։ Էրտողանահայ օրաթերթին հարկ է հարցնել, թէ այդ ոդիսականը, որուն ինչ ըլլալը դեռ կարելի է ստուգել հանգամանօրէն, ինչո՞ւ անմահ է, ինչպէ՞ս մահկանացու կամ անմահ կրնայ ըլլալ ՈԴԻՍԱԿԱՆ ՄԸ․ որո՞ւ մտքէն կ’անցնի։ Դեռ ապառնի դերբայը` անմահանալի… եւ անշուշտ՝ մահանալի ոդիսականներ ալ ըլլալու են։

ՌՋԾԳ․
Մենք Յունաստանի մէջ շատ յաջողած դպրոց մըն ենք, բացառիկ յաջողութիւն արձանագրած ենք ցարդ, այնքան բացառիկ, որ վարին կարգերու աշակերտները թէեւ խանդավառ հայերէն կը սորվին ու կը գործածեն, սակայն երբ վերին կարգերուն հասնին, կամաց-կամաց այլեւս արդէն հայերէն չեն գործածեր, «մնաս բարով» կ’ըսեն հայերէնին, եւ մենք ալ էշշէկ կիպի կը դիտենք ու կը վկայենք, թէ ինչպէս անոնք աստիճանաբար հայերէնէն ալ, հայութենէն ալ կը հեռանան։ Մեր գործը միայն պզտիկներուն հայերէն սորվեցնել է, այն նպատակով, որ մեծնալէն յետոյ անոնք հայերէնը մոռնան եւ զայն գործածելու որեւէ տեղ ու առիթ չունենան։

ՌՋԾԴ․
«Հաւատացէ՛ք առանց այդ գիտակցութեան, կարելի է անմռունչ ձուլուիլ, անմռունչ կրել ստրկութեան լուծը, նոյնպէս անմռունչ ալ կորսուիլ այս աշխարհի պատմութենէն»:
Ուրեմն, հաւատա՛նք առանց այդ գիտակցութեան։

ՌՋԾԵ․
Ձեր մտատիպարներն ու իտէալական կերպարները մի՛ առնէք ներկայի մէջ ապրող սրիկաներէն, կեղծաւոր, անհաւատ ու անսէր պատասխանատու պաշտօնատարներէն, որոնք սէր ու հաւատք կը քարոզեն, բայց սուտ եւ անգէտ են ու կը մնան։ Գացէ՛ք անցեալ, դէպի պատմութիւն, որովհետեւ այդտեղի տիպարները մահացած են, գոնէ անոնց ինչ ըլլալը առանց հասկնալու կրնաք խանդավառուիլ անոնց գործերով։

ՌՋԾԶ․
Մեր հայ կաթոլիկ եղբայրները չեն յաջողած պատրիարք մը ընտրել, – իրենք կ’ըսեն՝ կաթողիկոս-պատրիարք, մերիններէն ետ չմնալու համար, – ու կանչուեր են կեդրոն՝ Հռոմ։ «Եթէ դուք ձեր պատրիաքը ընտրել չէք գիտեր՝ մենք ձեզի կը բացատրենք։ Հոս՝ քիթերնուս տակ ընտրեցէ՛ք, նայինք ինչպէ՞ս մէջէն չէք ելլեր ատ գործին», ըսեր են իրենց Հռոմէն։

ՌՋԾԷ․
Անկիրթ, լկտի, սրիկայ, կեղծաւոր, անբարոյական, կաշառակեր, գող, անխելք, տգէտ, բամբասող, չարաշահող, ստախօս, ոռտու – եղբա՛յր կամ քո՛յր, եկո՛ւր, լաւ ազգային գործիչ կ’ըլլաս, բոլոր յատկանիշերդ տեղն են, ազգային մեր հաստատութիւններէն մէկուն մէջ լաւ պաշտօն կրնաս զբաղցնել։
– Ինչու բոլորը այդպէ՞ս են։
– Ոչ բոլորը, բայց վստահաբար՝ ջախջախիչ մեծամասնութիւնը։

ՌՋԾԸ․
Հարսս բոզ թող ըլլայ, միայն թէ հայ թող ըլլայ։ Կարեւորը մարդկային որակը չէ, այլ՝ հայկականը, որ միշտ պատուական է ու բարձրորակ։ Ես հայկական ճեմարան աւարտած մարդ եմ։ Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ հարսս օտար ըլլայ։ Անննննննննկարելի է։

ՌՋԾԹ․
Ես դրամական նուիրատուութիւն կ’ընեմ, մեծահարուստ կամ ազգային բարերար չեմ, սակայն մանր գումարներ կը ղրկեմ հոս ու հոն, պայմանաւ որ անունս եւ նուիրած գումարս թերթերու մէջ հրատարակուին կամ ալ ստացագիր ստանամ դպրոցներու կամ այլ հաստատութիւններու տնօրէններէն, որպէսզի այդ ստացագիրը ելեկտրոնային նամակներով ցրուեմ բոլոր բարեկամ-բարեկամուհիներուս, անոնց աչքին մէջ խոթելով ցոյց տալու համար, որ ես ինչպիսի նուիրատու մըն եմ։ Աջ ձեռքիդ տուածը ձախն ալ պիտի գիտնայ, աչքերդ ալ պիտի տեսնեն, ականջներդ ալ պիտի լսեն, միւս բոլոր՝ ներկայ եւ բացակայ անդամներդ ալ պիտի վկայեն։ Այսպէ՛ս գրուած է Աւետարանիս մէջ։

ՌՋԿ․
Ամէն տարի, Ապրիլ 24ին, Ամերիկայի այդ դպրոցը կը փակեն, որպէսզի պզտիկները չազդուին, չյուզուին, չնեղուին, չհիւանդանան, թուրքերուն դէմ թշնամանք չունենան իրենց կակուղ հոգիներուն խորը։ Մինչ այդ, նոյն այդ պզտիկները տնօրէնուհիին բերանը բացուած եթէ տեսնեն՝ հայոց ցեղասպանութենէն աւելի սրտաճմլիկ ջարդի պատկեր կը գտնեն իրենց առջեւ, ի տես այդ կնոջ ատամնաշարին իրարանցումին։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԵՐԵՔ ՔՈՅՐԵՐԸ

ԱՒՕ ՇԷԿՈՅԵԱՆ
Սիտնի, Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարան, 8րդ կարգ

Աւստրալիան լի է գեղեցիկ եւ բնութենական վայրերով: Կրնաս լեռնային շրջաններէն մինչեւ ցամաքային շրջաններ հասնիլ միայն մի քանի ժամուան ընթացքին: Հին ատեն, Աւստրալիոյ բնիկ ժողովուրդը (The Aboriginals) իւրաքանչիւր վայրի մասին պատմութիւններ հիւսած է եւ մինչեւ օրս կը հաւատայ այդ պատմութիւններուն իրականութեան, ինչպէս նաեւ կը հաւատայ, որ բնութիւնը ողջ էր, եւ այս հաւատալիքները սերունդէ սերունդ հասած են մինչեւ օրս:

Իմ նախասիրած պտոյտի վայրերէս մէկը, որ մի քանի անգամ այցելած եմ, Կապոյտ Լեռներուն (The Blue Mountains) վայրն է: The Blue Mountainsը լեռնային, կոշտ, սակայն հիանալի շրջան է: Ան շրջապատուած է բազմաթիւ լեռներով եւ ժայռերով: Ամենայայտնի վայրը The Three Sisters (Երեք Քոյրեր) ժայռերուն վայրն է: Ինչպէս ամէն վայր, Երեք Քոյրերն ալ ունին իրենց պատմութիւնը:

Ժամանակին կային երեք գեղեցիկ քոյրեր, որոնք սիրահարեցան իրենց դրացի մէկ ցեղէն երեք գեղադէմ եղբայրներու: Դժբախտաբար, երեք քոյրերուն ցեղին օրէնքները կ’արգիլէին իրենց ամուսնանալ ուրիշ ցեղի մը անդամներուն հետ: Այս պատճառով, երեք եղբայրները որոշեցին փախչիլ քոյրերուն հետ: Դժբախտաբար, երբ զոյգերը կը փորձէին փախչիլ, երկու ցեղերը սկսան կռուիլ իրարու դէմ: Ծերուկ կախարդ մը մտահոգուելով քոյրերուն ապահովութեան մասին, որոշեց աղջիկները քարերու վերածել, մինչեւ որ կռիւները դադրին: Դժբախտաբար կռիւի ամենածանր  վայրկեաններուն, ծերուկ կախարդը սպաննուեցաւ եւ ետ չկրցաւ ժայռերը վերածել իրենց իսկական կերպարներուն, այսինքն՝ աղջիկներուն: Երեք քոյրերը մինչեւ օրս տակաւին քարի կերպարանքով անհամբեր կը սպասեն այդ օրուան, երբ իրենք ազատ պիտի դառնան եւ միանան իրենց սիրահարներուն:

Կը սիրեմ իւրաքանչիւր վայրի պատմութիւնը գիտնալ եւ հետաքրքրութեամբ կը լսեմ, ինչպէս նաեւ կը սիրեմ մօտէն ծանօթանալ բնիկ ժողովուրդի մշակոյթին, որովհետեւ իւրայատուկ է:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: