ԸՆԿԵՐՈՒՀԻՍ՝ ԺՈԳՈՆՏԱՆ

մոնա

Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ

1989, Ապրիլ ամսուն, Չորեքշաբթի օր մը, Պորտոյէն շոգեկառքով կը հասնիմ Փարիզ, կը զարնեմ ինծի ծանօթ պարոն Պօղոսին տան դուռը:

Դուռը  կը բացուի ու առջեւս կը յայտնուի պարոն Պօղոսին կինը, շալկած ազնուական կատու մը:

Տիկին Ատրինէն ժպիտով զիս ներս կ’ընդունի:

– Պարոն Պօղոսը տո՞ւնն է:

– Հիմա կու գայ, ձագս պարտէզ իջեցուց բիբիի համար, Ռէքսս տունը բիբի չ’ըներ: Ի՞նչ կեցեր ես օտարի պէս, մտի՛ր հիւրասենեակ:

Կը մտնեմ պարոն Պօղոսին յարկէն ներս, միջանցքին մէջ ոտքիս կը զարնուի անուշադիր կրիայ մը, տիկին Ատրինէին հետ կը թեքիմ հիւրասենեակ, ճամպրուկս միջանցքին մէջ ձգելով:

Հիւրասենեակի բազկաթոռներուն վրայ երեք կատուներ, արքայավաել նստած կարծես ինծի կը սպասեն:

Իմ հիւրասենեակ մուտքս կատուները չանհանգստացուց, անոնք տան տէրերուն պէս մնացին իրենց դրութեան մէջ:

Մտքովս կը դժգոհիմ՝ այս ո՞ւր եկայ ես. կենդանաբանական պարտէզ ըլլար կարծես իջեւանած տունս:

Քիչ ետք, պարոն Պօղոս իր Ռէքսին հետ ներս կու գայ. Ռէքսը զիս տեսնելուն պէս անըհնդատ կը հաջէ.

– Ռէքս, կը բաւէ՛ հաջես,- կը բարկանայ տիկին Ատրինէն:

Պրն. Պօղոսին հետ կը համբուրուիմ, կը նստինք, կը խօսինք սարէն-ձորէն, անցեալէն-ներկայէն: Պրն. Պօղոս Լիբանանի, Պուրճ-Համմուտի Արագած թաղի իր հին դրացիներուն մասին կը հարցնէ՝ կարօտը աչքերուն մէջ, իսկ դէմքին կեղծ ժպիտը կէս ժամ կը տեւէ մինչեւ ջնջուի: Իսկ տիկին Ատրինէին խոհանոց-ճաշարան մուտք-ելքը՝ ուղղակի գլուխս կը դարձնէ:

Տիկին Ատրինէն կարծես տասը հոգի պիտի հիւրընկալէ ճաշի։ Սեղանը ծայրէ ծայր լեցուած է ուտելիքով, պտուղներով ու բանաշէներով (ախորժաբեր խմիչք)։

Արդեօք ուրիշ հիւրերո՞ւ ալ կը սպասեն, մտքիս մէջ սկսայ եզրականացնել։ Տիկին Ատրինէին բարձր ձայնը զիս արթնցուց թմբիրէս: Ան մեզ սեղան կը կանչէր:

Մեր նիւթը շարունակուեցաւ Պրն. Պօղոսին հետ. ճաշին աւարտով նաեւ աւարտեցաւ մեր նիւթը:

Տիկին Ատրինէն քաղաքավար ոճով մօտեցաւ ինծի.

– Եթէ կ’ուզէք հանգչիլ, ննջարանը միջանցքին ձախ կողմն է:

– Ո՛չ, կ’ուզեմ դուրս գալ, Ժոգոնտան կ’ուզեմ տեսնել:

– Հա, ընկերուհի՞ ունիս Փարիզ:

– Այո,- ըսի կատակին սկիզբ տալու համար:

– Միայն ինծի Լուվր հասնելու տիրեքսիոնները կը գրէ՞ք թուղթի մը վրայ:

– Լուվրի մօտե՞րը կը նստի ընկերուհիդ:

– Ո՛չ, Լուվրին մէջ, տարիներէ ի վեր Լուվրէն դուրս չէ ելած:

– Անդամալո՞յծ է կ’երեւի:

– Ո՛չ, ժպիտը դէմքին, Լուվրի մէջ բանտարկուած է. եթէ խնդաս՝ հետդ կը խնդայ, եթէ տխրիս՝ հետդ կը տխրի:

– Ուրեմն կատարեալ խենթ է:

– Ուրկէ՞ գտեր ես այս հիւանդը:

– Ես չգտայ, Տաւինչին յայտնաբերեց, Նափոլիոնն ալ փախցուց Իտալիայէն, Լուվր բերաւ ու բանտարկեց:

– Խեղճին ալ խենթացուց,- աւելցուց տիկին Ատրինէն:

– Հրամմեցէք, միասին երթանք:

– Ո՛չ, ես խենթերէն կը զգուշանամ: Եթէ կ’ուզէ, Պօղոսը թող երթայ հետդ:

– Շանզելիզէ, Քաֆէ Թրոթուար սուրճ խմելու տանիս՝ կ’երթամ,- կատակելով պրն. Պօղոս կը սկսի գրել առաջարկած տիրեքսիոններս, ետքը ինծի դառնալով, լրջացած կ’ըսէ.

– Յովհաննէ՛ս, տղա՛ս, զգոյշ եղիր, այդ ընկերուհիդ գլխուդ փորձանք մը չբերէ:

– Ոչ, այդպիսին չէ, ազնուական է:

– Խենթին ազնուակա՞նը կ’ըլլայ:

– Ասի ազնուական է:

– Էհ, նորէն զգոյշ եղիր, այդ խենթը գլխուդ պելա մը չբերէ:

Պարոն Պօղոսէն տիրեքսիոններս առնելս, ճաշին համար շնորհակալութիւն յայտնելս, ժպիտը դէմքիս տունէն դուրս գալս ու Ժոգոնտայիս վազելս մէկ կ’ըլլայ:

 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

 

ՔԵՐԹՈՒԱԾՆԵՐ

kauafi
 Քօնսթանթին Քավաֆի (1863-1933)

ՔՕՆՍԹԱՆԹԻՆ ՔԱՎԱՖԻ

 

ՇԱՏ ԱՌԱՋ

Կ’ուզէի այդ յիշատակը պատմել,
Բայց խամրած է այնքան… ու ոչինչ կը մնայ…
Զի շատ առաջ էր… իմ տաք տարիներուս:

Մորթ մը կարծես յասմիկի
Օգոստոսի իրիկունն… Օգոստո՞ս էր իսկապէս…
Հազիւ աչքերը կը յիշեմ… կապոյտ էին կարծեմ…
Այո, կապոյտ, զերթ շափիւղա՛յ:

 

ՅԵՏՄԻՋՕՐԷԻ ԱՐԵՒԸ

Սենեակն այս՝ այնքան լաւ գիտեմ,
Վարձուեր է հիմա, քովինն ալ, իբրեւ
Գրասենեակ: Ամբողջ շէնքը տրուեր է
Ընկերութեանց, գործակալներու:

Սենեակն այս՝ ընտանի է այնքան:

Հոս, դրան մօտ, բազմոցն էր,
Առջեւը՝ թրքական կապերտը:
Քիչ անդին, դարակին վրայ,
Երկու դեղին ծաղկամանները:
Աջին, ոչ՝ դիմացը, հայելիով պահարանը:
Մէջտեղը կար սեղանը ուր կը գրէր,
Եւ երեք մեծ ոզորահիւս աթոռները:
Պատուհանին կողքին մահճակալն էր,
Ուր այնքան շատ սիրած էինք զիրար:

Տեղ մը պիտի ըլլան՝ այդ կարասիները:

Պատուհանին կողքին մահճակալն էր,
Յետմիջօրէի արեւը մինչեւ կէսը կը հասնէր:

Երեկոյ մը, ժամը չորսին, բաժնուեցանք
Շաբթուան մը համար: Բայց այդ շաբաթը
Պիտի երկարէր յաւիտեան:

 

ԻՄԱՍՏԸ

Տաք տարիներս, կեանքս հաճոյքի,
Այնքան լաւ կը տեսնեմ իմաստն հիմա:

Զիղջն ինչ անհարկի էր, ունայն…

Իմաստն այն ատեն խուսափեր է ինձմէ:

Տաք տարիներուս ընթացքը ցոփ
Ուղին է գծեր իմ քերթութեան,
Ծիրերն իմ արուեստին:

Զիղջն այդ պատճառով ալ՝ տկար էր այդքան,
Եւ որոշումներս՝ սանձումի, փոփոխման,
Երկու շաբաթէ աւելի չէին տեւեր:

 

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԸ

Այս լկտի լուսանկարին մէջ՝ գաղտնօրէն ծախուած
Փողոցը՝ ոստիկանի աչքէն հեռու,
Այս լպիրշ լուսանկարին մէջ,
Ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ այս դէմքն երազային,
Ի՞նչպէս յայտնուեցար այստեղ:

Ո՞վ գիտէ որքան վատասերած ես դուն,
Որքան խորշելի՝ շրջակայքը ուր
Այս դիրքն առիր որ լուսանկարեն.

Որքան աժան ըլլալու է հոգիդ:

Բայց հակառակ այս ամէնուն, դուն
Ինծի համար դէմքն ես երազային,
Ու կերպարանն նուիրուած
Հաճոյքի հելլենական պատկերման –
Այդպէս ես դուն ինծի, ու այդպէս
Կը խօսի քերթութիւնս քու մասին:

 

ԵԿԱԾ Է ՀԱՆԳՉԵԼՈՒ

Գիշերուան ժամը մէկն ըլլալու էր,
Թերեւս մէկուկէս:

Անկիւնը գինետան,
Փայտեայ միջնորմին ետին,
Մեր երկուքէն զատ վայրն ամբողջովին դատարկ էր,
Իւղաճրագ մը հազիւ կը լուսաւորէր զայն,
Սպասեակն ալ, սպառած, կը մրափէր դրան մօտ:

Մարդ չէր կրնար տեսնել մեզ,
Բայց արդէն այնքան գրգռուած էինք,
Զգուշութեան մասին չէինք կրնար մտածել:

Կիսաբաց էր մեր հագածն, արդէն թեթեւ՝
Աստուածային այդ Յուլիսին բռնկուն:
Մորթի շփման հաճոյքը
Կիսաբաց զգեստներուն միջեւ,
Մարմնին արագ մերկացումը, պատկերը որուն
Կտրած է քսանեւվեց տարիներ, եւ հիմա
Եկած է հանգչելու այս քերթուածին մէջ:

 

Անգլերէն թարգմանութիւն՝
ՈՅԺ

30 Օգոստոս 2016

 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՕՐՍ

օրս

ԳԱՅԼ ՏԷՐՊԱՊԵԱՆ
Լոս Անճելըս, Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային Վարժարան
8րդ կարգ

Իմ կօշիկս գոյնզգոյն է,
Իմ կօշիկս մոխրագոյն չէ.
Երբ կօշիկս ես կը հագնիմ
Շատ զօրաւոր զգացում մ’ունիմ։

Իսկ իմ գուլպաս ճեփ-ճերմակ է․
Ոչ կապոյտ է, ոչ կարմիր է,
Այսպէս շատ ճերմակ գուլպայ ունիմ,
Բայց ոմանք ալ ծակեր ունին։

Իմ ակնոցս բաց կապոյտ է
Եւ ապակին թափանցիկ է,
Բայց ակնոցս երբ կը հագնիմ
Ամէն բանի լաւ կը նայիմ։

Ես շատ տարբեր շապիկներ ունիմ
Բայց բնաւ վարդագոյն չունիմ.
Երբ շապիկ մը վրաս դնեմ
Դպրոցի ճամբան կը բռնեմ։

Քանի՜ Քանի՜ տաբատ ունիմ
Որ ամէն օր կ’ուզեմ հագնիլ.
Երբ տաբատս ալ վրաս դնեմ
Մեծ տղայ մը զիս կը կարծեմ։

Ակնոց, գուլպայ, կօշիկ, տաբատ
Նաեւ շապիկ շատ հարազատ…
Օրս ահա այսպէս բարի
Ամէն առտու նոր կը սկսի։

 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

 

 

 

 

ՄԵՐ ՊԱՐՏԷԶԸ

կարմիր գլխարկիկը

ՆԱԹԱԼԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Լոս Անճելըս, Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային Վարժարան
8րդ կարգ

Մեր պարտէզը կանաչ խոտով
Եւ գոյնզգոյն ծաղիկներով,
Մեծ ծառերով, պտուղներով՝
Ես կը մտնեմ հոն գիշերով։

Քաղցր ու համեղ պտուղները
կը թափթփին ծառերէն վար
Կը հաւաքեմ զանոնք սիրով
Ու կը հրճուիմ ես խանդավառ։

Գոյնզգոյն ծաղիկներով
Փունջ կը կազմեմ դալարագեղ
Իսկ վարդեր ու ծաղիկներով
Կը գինովնամ ես այս գիշեր։

 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

 

 

ՀԱՅԱԽՕՍ ՎԱԳՐԵՐ

Շամլեան դպրոց

ՃՈՐՃ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Լոս Անճելըս, Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային Վարժարան
6րդ կարգ

Այս առտու երբ ես արթնցայ
Շապիկս եւ տաբատս հագայ
Կօշիկիս կապերը կապեցի
Ակռաներս ալ մաքրեցի։

Ճամբայ ելայ դէպի դպրոց
Ըլլար կարծես բերդ կամ ամրոց
Մտայ առաջին դասարանս
Եւ սկսաւ զարգացումս։

Ես կը սիրեմ վարժարանս
Հայախօս վագրի անունս
Հպարտ հայ եմ ես յաւիտեան
Քու շնորհիւ մեր «Շամլեան»։

 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

 

 

ՄՈՆԹԵՐԷՅ

պտոյտ

ԹԱԼԻՆ ԱՐՈՒՇԵԱՆ

Լոս Անճելըս, Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային Վարժարան
6րդ կարգ                     

Կը պատրաստենք պայուսակները
Ինքնաշարժին մէջ կը դնենք,
Ուրախութեամբ կը ցատկռտենք
Ընտանիքով պիտ’ ճամբորդենք։

Ճամբայ կ’ելլենք, ճամբան երկա՜ր
Ե՞րբ պիտ’ առնենք արդեօք դադար,
Ժամանակը չի վերջանար
Ախ այս ճամբան որքա՜ն երկար։

Կ’անցնինք տարբեր ճամբաներէ
Պարզ տեղերէ եւ լեռներէ,
Տեղ մը արեւ, տեղ մը ամպոտ
Բայց մեծ մասամբ միշտ արեւոտ։

Վերջ ի վերջոյ կը մօտենանք
Բոլորս ալ կ՚ուրախանանք,
Քանի գիտենք շատ քիչ մնաց
Համբերութիւն ալ չի մնաց։

Վերջ ի վերջոյ հասանք ահա
Գեղեցիկ այս քաղաքն հիմա,
Մոռցանք ճամբուն յոգնութիւնը
Սկսաւ մեր ուրախութիւնը։

 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

 

 

ԵՂԲԱՅՐՍ

եղբայր

ՆԱԹԱԼԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Լոս Անճելըս, Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային Վարժարան
6րդ կարգ

Լաւ առիթ է այսօր գրել եղբօրս մասին
Ան միշտ ժպիտ կու տայ դէմքիս,
Ուրախ եմ որ մենք կը մեծնանք միասին
Քանի որ ան նեցուկն է իմ թիկունքիս։

Եղբայրս մեծ կ’ուզեմ տեսնէք դուք այսպէս
Ունի գանգուր ու սեւ մազեր.
Աչքերը սեւ, որ փայլուն են լուսինին պէս
Իսկ ժպիտը կ’առնէ ինձմէ հոգ ու ցաւեր։

Բարձրահասակ եւ իր հուժկու մարմինով
Բամպակի պէս փափուկ սրտով իր բարի
Իր ազնիւ, մեղմ եւ հոգատար հոգիով
Հպարտութիւն կը բերէ մեզ ուրախալի…։

 

 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

 

 

ՀԵՐՈՍՈՒԹԻՒՆ

լիզպոն

ՆԱՅԻՐԻ ԳԱԼԻՆՃԵԱՆ

Լոս Անճելըս, Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային Վարժարան
6րդ կարգ

Անապատին մէջ աքսորական,
Մեր տուներէն տեղահան,
Տարիները անցած-գացած
Թափառական մենք դարձած։

Լեզուս դարձած խառնիճաղանճ,
Միտքս նոյնպէս դարձած պատանդ,
Բայց տակաւին իմ Հայաստա՛ն
Քեզի համար քաջ կը մնամ։

Լիզպոնի մէջ հինգ տղաներ,
Դարձաք հայուն նոր հերոսներ,
Ցոյց տուիք դուք թշնամիին
Որ պիտ’ հասնինք Արարատին։

 

 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՄԷԿ ԸՆԿՈՅԶ, ՄԷԿ ԿԱՂԻՆ, ՄԷԿ ՆՈՒՇ

 

համակարգիչ

ՍԵՒԱՆ ԼԱԼԻՔՕՂԼՈՒ

Հին ատեն, երբ «աշխատանք» բառը իմանայինք՝
կարելի է արտերը կու գային նախ մեր միտքը:
Կը հերկէինք, կը ցանէինք, կը ջրէինք,
կը հաւաքէինք բերքը:
Յետոյ կարելի է կենդանիներու հսկողութիւնը
Կը մտաբերէինք,
Մէյ մը կ’ելլէինք բարձունքները լեռներուն,
յետոյ կ’իջնէինք տափաստանները…
Կովուդ, ոչխարիդ հետ դուն ալ կը թափառէիր:
Շարժում, մարզանք կար գործիդ մէջ:
Յոգնած, դադրած տուն կու գայիր,
Սակայն՝ առողջութեան կարմրուկը այտերուդ վրայ…
Հիմակուան սերունդը անբախտ է,
Շատերուն գործը՝ համակարգիչի վրայ:
Արտ չկայ, կով չկայ, արեւ-արեգակ չկայ…
Ամբողջ օրը նստած դիմացը այս խելացի մեքենային,
միայն մատները կը շարժեն, ամբողջ մարմինը՝ անշարժ:
Մէյ մըն ալ եթէ ծխէ, վերելակով վար իջնէ ու ծխէ,
Քիլօները կու գան հինգական, տասնական…
Բժիշկը կը կտրէ կերածներէն,
Ընթրիքը կ’ըլլայ՝
Մէկ ընկոյզ, մէկ կաղին, մէկ նուշ։

 

 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

 

 

 

ՕԳՈՍՏՈՍ 25, 1991

Ոյժ

Կրահամ Կրին (1904-1991)

ՈՅԺ

Արեւին տակ տաքցող ծերունիներ տեսնելով…
Երբ հանգստեան կոչուիմ պիտի կարենա՞մ դառնալ
Վէպերու, պատմուածքներու, քերթուածներու,
Զոր կարդացած եմ մէկ անգամ, երկու, ու քաշուած հեռու:

Կրահամ Կրինի պատմուածքը՝ «Աժան՝ Օգոստոսին»…
Պանդոկներն են աժան՝ մեռած եղանակ է,
Անհրապոյր՝ ծովն իսկ, օրը՝ միայն քրտինք,
Բայց կինը կը մօտենայ փղամարմին մարդուն…

Օգոստոսի՞ն էր արդեօք… ծեր Քավաֆին է՝
«Յետմիջօրէի Արեւը» քերթուածին մէջ…
Մինչեւ իր անկողնին կէսը կը մագլցէր…

Ու կը ջանայ յիշել իր արու սէրը…: Օր մը,
Երկու շաբթուան համար մեկնած էր ու ա՛լ չդարձած ետ,
Եւ աչքերն են ահա որ կը պայթին կապոյտ:

30 Օգոստոս 1991

 

 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: