ՅԱՂԹԱՆԱԿ

ՍՏԵՓԱՆ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

– Յաղթանակի գիշերն է այս տօնական
Հա՛րս Ամերիկայի դրօշը բե՛ր
– Պէ մա՛րդս գիշերով ի՞նչ պիտի ընես դրօշակը
– Դուն բեր մեր անկողինին սաւանը պիտ ըլլայ այս գիշեր
Ատոր վրայ պիտի պառկինք
– Ի՞նչ առիթով
– Առիթը յաղթանակն է այս տօնական

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԿԱԽ-Ի՞ՆՉ

ՍԵԼԻՆ ՊՈՒ ՄՇՐԷՔ
Ալֆորվիլ, Ս․ Մեսրոպ-Արապեան Կրթարան, 8րդ դասարան

Թիթեռնիկ մը, որ կարծես չի կրնար թռչիլ, որ լոյսը վրայէն կ՚երթայ, ու գիշեր պիտի ըլլայ։
Ծառին վրայ նստած է։
Բայց ան կախիչ մըն չէ՞։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԵՐԿԵՐԵՍ ԿԱԽԻՉ

ԱՆԻ ՍՈՄՈՆԵԱՆ
Ալֆորվիլ, Ս․ Մեսրոպ-Արապեան Կրթարան, 8րդ դասարան

Ա՛խ, կախիչս։ Սեւ գոյնդ աչքերս կը կուրցնէ։
Կախելու տեղերդ՝ մէյ-մէկ ծաղիկ։
Կը սիրեմ տասներկու տերեւներդ։
Բացուած տերեւներդ ուրախութիւն են։
Վերի տերեւներուդ կլորութեան մէջ երկար երբ նայիմ, կրնամ արեւը տեսնել։
Կախիչիս տերեւները շատ պզտիկ են։
Ան երկերե՞ս է։
Չեմ հասկնար՝ դուն ուրա՞խ ես թէ տխուր։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԹԻԹԵՌՆԻԿՆԵՐ

ԱՐԹՈՒՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Ալֆորվիլ, Ս․ Մեսրոպ-Արապեան Կրթարան, 8րդ դասարան

Անշարժ թիթեռնիկներ,
Անկեանք թիթեռնիկներ․
Խոշոր թիթեռնիկները ծառի մը վրայ քնացած են:
Երկար ճամբայ գաղթեցին մինչեւ հոս,
Ու հիմա, այս ծառին ճիւղին վրայ հանգիստ կ’ընեն,
Մինչեւ որ անհետանան եւ իյնան գետին, սեւ խոտերուն մէջ:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՆՈՐ ԱՃԱԾ ԾԱՂԻԿ

ՄԱՆԷ ՄԱՐՏԻՐԵԱՆ
Ալֆորվիլ, Ս․ Մեսրոպ-Արապեան Կրթարան, 8րդ դասարան

Նոր աճած ծաղիկ, արմատներդ երկար, բայց թերթերդ դեռ գոց:
Ցօղունդ երկար, բայց գլուխդ կարճ:
Պզտիկ ես, բայց կարծես՝ մեծ:
Հասուն ես, բայց դեռ կեանքի չարչարանքը չես ճանչցած:
Դեռ գոյներդ չես գտած, անգոյն ես, սեւ:
Բայց մինչեւ կեանքիդ վերջը, այս կերպարին մէջ պիտի ապրիս, որովհետեւ անկեանք ես:
Ոտքերդ ալ չեն շարժիր, դէմքդ ալ արտայայտութիւն չունի եւ մարմինդ, նիհար ու բարակ մարմինդ, բիւրեղի պէս սառած ու անշարժ է:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԾԱՌ-ԾԱՂԻԿ

ԱՆԱՅԷ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Ալֆորվիլ, Ս․ Մեսրոպ-Արապեան Կրթարան, 8րդ դասարան

Կախիչ, ծառի կը նմանիս, սեւ ու շատ մեծ։
Ծառի պէս հաստարմատ ես ու բունէդ չորս մեծ ճիւղեր ելած են, 
վերջը այլ ճիւղեր են ելած, որոնք կը ծալուին եւ ծաղիկի կը նմանին։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԱՇՆԱՆ ՈՒՐՈՒԱՆԿԱՐ

ՅԱՍ

Տերեւներու
զրոյց, շրշիւն․
աշուն է շէկ,
արփագունի:

Ատոք հասկեր
հոսուն ոսկի,
հասակն հասուն
աշուն ունի:

Նարինջի թէյ,
եւ համ, եւ բոյր,
մե՛ղր շրթներու
արդար համբոյր:

Զոյգ մը մոլոր
սիրատոչոր,
կեանքի ճամբուն
ոլոր գլոր:

Սաղարթագեղ
ծառեր աշխէտ,
աշխարհ վառ-վառ,
ժիր ու վէտվէտ:

Աշնանացած
յուշ մը մեղուշ․
մեղրի խորիսխ,
մեղուի խայթոց…

Գոյնի տարափ,
յոյզեր սթափ,
աշնան հեւքով
տերեւաթափ:

«Այդ ե՞րբ էր դեռ,
գարուն երէկ»,
կը խշխշայ
աշնանահաս
ուղեւորն հէգ:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿՆԵՐ (ԼԴ․)

ԿԱՐՕ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

ՅԼԱ․
Երկրին հոգեւոր համայնքապետերը, բոլորն ալ մօրէ եւ հօրէ մերկ, – որոնցմէ իւրաքանչիւրը երկրին քաղաքական-ընկերային կացութեան մասին իր աշխարհիկ համայնքապետին ըսելիք չունէր ատենին, ճիշդ ատենին, կամ ըսածը չէր լսուեր ընդհանրապէս, – հիմա հաւաքուեր են, եւ փողոցը թափուած ժողովուրդին հանդէպ հասկացողութիւն ցոյց կու տան։ Սեղաններու շուրջ տայալոկներ ընողները մէյ մը փողոց իջնելու են, որ լաւ մը տայախի արժանանան, որովհետեւ այդ է իրենց արժանի վարձքը։ Ոչ միայն ժողովուրդը առաջնորդելու կարողութիւն չունեցան եւ չունին, այլ ժողովուրդին հետեւելու, անոր ետեւէն երթալու իսկ քաջութիւնը չեն կրնար ունենալ։

ՅԼԲ․
Մարդիկ ութ օր է փողոց իջած են եւ կը բողոքեն, ութերորդ օրը երկրին նախագահը տակաւին չէ հասկցած, թէ ի՞նչ է բողոքին պատճառը, կ’ուզէ խորհրդակցիլ, հասկնալ բողոքողներուն փորացաւը։

ՅԼԳ․
Եթէ Կրակեան Սրբազանը ասքան աղտեղութեամբ աթոռ բազմելով աթոռը պիտի աղտոտէ, ուրեմն այդ համայնքին մեծամասնութեան ուղեղն ալ աղտով մկրտուած է։ Եթէ Թուրքիոյ Սուրիա ներխուժումը փրկարար գործ է, ասոր ալ գահ բարձրացումը պատրիարքութիւն կրնայ ըլլալ։

ՅԼԴ․
Հիմա ընտրութեան համար միայն երկու հոգի մնաց․ սատանան եւ սատանայաձագը։ Ընտրէ՛, որ մէկը որ կ’ուզես։ Աթոռին վրայ կը բաւեն երկուքն ալ միասին։

ՅԼԵ․
«Սփիւռքի յանձնակատարը Ֆրանսայէն պիտի պահանջէ ապահովել հայկական հաստատութիւններուն անվտանգութիւնը»․․․։ Հանելո՞ւկ, կատա՞կ, զաւե՞շտ, թեթեւսոլիկութի՞ւն, ծիծա՞ղ․ յստականայ յուսանք։

ՅԼԶ․
Երեւանի քաղաքապէտքը կաթողիկոսը «մեծարգոյ տէր հայր» կոչեր է, ինչ որ մեծ սխալ մըն է, որովհետեւ կաթողիկոսը ոչ մեծարգոյ է, ոչ տէր է, ոչ ալ հայր է։ Այդ բոլորէն շատ հեռու բան մըն է։

ՅԼԷ․
Վարչապետին տղան վարչապետ կ’ըլլայ, երեսփոխանին տղան, թոռնիկն ու ծոռնիկը՝ երեսփոխան, համայնքապետին տղան՝ համայնքապետ, կուսակցապետին տղան՝ կուսակցապետ, կաթողիկոսին տղան՝ կաթողիկոս, գողին տղան՝ գող, ոճրագործին տղան՝ ոճրագործ, բռնաբարողին տղան՝ բռնաբարող, իշուն տղան՝ քուռակ։ Լոյս ի լուսոյ, խաւար ի խաւարէ։ Ամէն ինչ ժառանգական է եւ կոչում։

ՅԼԸ․
Դուն թերեւս շատ լաւ կուսակցական գործիչ մըն ես, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ հայերէնին կը տիրապետես, որ քեզ ձեր կուսակցութեան թերթին խմբագիրը նշանակած են դժբախտ օր մը։ Կուսակցութեանդ համար ալ հայերէնին տիրապետելդ կամ չտիրապետելդ իմաստ չունին։ Անոնց համար կարեւոր է հաւատարիմ շուն մը ունենալը իբրեւ խմբագիր։ Շնաբուծումը կուսակցութեանց մէջ հայերէնէն շատ, շա՜տ աւելի կարեւոր առաքելութիւն է, իրենց առաքելութիւնն իսկ է, կրնանք ըսել։ Ատկէ բարձր գաղափարախօսութիւն չկայ արդէն։ Ինչո՞ւ ըլլայ։ Մեր կուսակցութեանց առաջին եւ միակ պատուիրանը ուրեմն հետեւեալն է. «Կեցցէ՛ շնութիւնը։ Որքան կրնաք՝ շնացէ՛ք»։ Կրնաս լակոտ ալ ըլլալ հիմակուհիմա, բայց պատւոյդ վրայ երդում պէտք է ընես, որ օր մը պիտի մեծնաս, աճիս ու անպայման շնաս։

ՅԼԹ․
Մէկուկէս աչքով գիւղացի արուեստաբանը կէս ժամ հարցազրոյց կու տայ, սակայն ոչինչ կ’ըսէ գեղարուեստի մասին ցարդ կատարած իր ցնդաբանութիւններէն անդին։ Իսկ եթէ արուեստի գործ ծախելու համար շաշ վաճառական ըլլալը եւ արուեստաբան ըլլալը նոյն բաներն են, ուրեմն պէտք է ըստ այնմ կողնորոշուինք։

ՅԽ․
Ո՞վ կը հաւատայ ձեր խոստումին, ո՞վ կը վստահի ձեր բարեկարգումին, ո՞վ կրնայ հետեւիլ ձեր խօսքին, ո՞վ կրնայ ապաւինել ձեր անգոյ անկեղծութեան, ո՞վ կրնայ համաձայնիլ ձեր երկխօսութեան առաջարկին։ Եթէ տակաւին մնացեր են այդպիսի մարդիկ, որոնց սիրտը չէ այրած, իրաւունքը չէ յափշտակուած, արժանապատուութիւնը չէ ոտնակոխուած, դրամը չէ կերուած, ապրելու իրաւունքը չէ կորզուած, ուրեմն այս ժողովրդային շարժումը իմաստ չունի։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՀԱԶԱՐՈՒՄԷԿ ԳԻՇԵՐՆԵՐՈՒ ԵՐԱԶՆԵՐ (523-525)

ՈՅԺ

ՀԻՆԳՀԱՐԻՒՐԵՒՔՍԱՆԵՒԵՐՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Կը հրաւիրէ զիս խունկի բուրմունքն ու քուլաներն երբ կը ցրուին՝ կը տեսնեմ զանգուածներէն երկրպագեալ Նատիա Կինտին բոպիկ ու ձախ ձեռքով թոյլ շրջազգեստը ծունկերէն վեր բարձրացուցած՝ աջ ոտքով քայլ մը կ’առնէ գետինը դրուած խնկամանին վրայէն, ձախն ալ յետոյ, մրմնջելով բառեր որ ականջիս յստակօրէն չեն հասնիր, բայց որոնց միտքը կրնամ կռահել: Ոգում մըն է ապահովաբար: Կը շարունակէ ան ծէսը, եօթն անգամ պէտք է ըլլայ կարծեմ, կամ թերեւս երեսուներեք: Աւարտեց, կ’երեւի, աթոռակի մը վրայ կը նստի ու կը քաշէ խնկամանը ոտքերուն մէջտեղ, ու խունկին քուլաները շրջազգեստին տակէն իր ցայքն է որ կը շոյեն անշուշտ: Բաւարարուած, կ’ըսէ․ «Աստուծոյ դիմեցի եւ իմ յաջորդ ֆիլմս պիտի ըլլայ Նակիպ Մահֆուզի Սիրամոլուհին, ցերեկը թափուկներու վաճառանոց մը կը բանեցնեմ առնական կամքով ու խստութեամբ, իսկ գիշերը… սիրոյ ծարաւ էգ մըն եմ, հրապոյրներս կը բանամ ու կը յանձնուիմ ընտրած տղամարդուս, եղանակ մը, երկու, մինչեւ որ ձանձրանամ եւ ուրի՛շն ընտրեմ…: Ա՜հ, զանգուածները պիտի բերեմ ես իմ անկողինը եւ Աստուծոյ օրհնութեամբ աննախնթաց պիտի ըլլայ յաջողութիւնս եգիպտական շարժանկարի տարեգրութեան մէջ»:

ՀԻՆԳՀԱՐԻՒՐԵՒՔՍԱՆԵՒՉՈՐՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Նեղոսին մօտն եմ, կը դիտեմ ճանապարհի բարձունքէն, արեւը տակաւին կը մնայ շէնքերու ետին, հայեցումի կարօտս կ’արթննայ…

Կարծես կատարին արդէն հասած մարդուկ մը յայտնուեր է աջէս, քուրջն ու մարմինը կեղտոտ, կը հարցնէ․ «Այդ նաւակը ո՞ւր կ’երթայ»: Անշուշտ ո՛չ մէկ տեղ կ’երթայ դիմացի ափին խարսխուած ճաշարան-գետանաւը… բայց կամուրջէն անդին, այո, նաւակ մը կը շարժի դէպի հարաւ, ատո՞ր կ’ակնարկէ, եւ ինչպէ՞ս ես կրնամ պատասխանն ունենալ…: Կը չքմեղանամ․ «Չեմ գիտեր»: Չ’առարկեր, ու մինչ կը լքէ զիս ու կը հեռանայ, հայեցումի հրաւէրն ալ կ’անհետանայ մտքէս…

Եւ գլխուս շուքը ահա կը յայտնուի, ամառուան տաքը կը սկսի պարուրել զիս, չեղաւ, պիտի երթամ, կը դառնամ ետ, մարդուկը պառկեր է գետին, ոչինչ ունի որ կորսնցնէ, Նեղոսն արդեօք կը տեսնէ՞ իր դիրքէն, կ’ուզէ՞ տեսնել, արեւն ուր որ է պիտի ողողէ զինք, պէ՞տք է որեւէ պատասխան մը տայի, ըսէի գոնէ․ «Դէպի հարաւ», թերեւս իր անդրադարձն ըլլար խորհրդածման արժանի կամ նոյնիսկ ժպտառիթ… կորսնցուցի՞…

ՀԻՆԳՀԱՐԻՒՐԵՒՔՍԱՆԵՒՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԵՐԱԶ
Կը գտնեմ ես զիս շարժանկարի սրահ մը, հօրս հետ, զարմանալի՜, ինչպէ՞ս պատահեր է…: Cinema Palace-ն է, շքեղագոյն իր օրերուն, եւ ո՛չ ինչպէս երկա՜ր տարիներէ ի վեր լքուած ու աւերակ: Բայց այս ֆիլմը պիտի ուզէի ես առանձին դիտել… հերոսը հնարեր է ակնոց մը, որով մարդիկը մերկ կը տեսնէ ի՛նչ ալ հագած ըլլան, եւ խելամտաբար գաղտնի պահած է իր գիւտը, զոր միայն մեզի հետ կը բաժնէ…: Ահաւասիկ հրաւիրուած է պարահանդէսի մը ու զոյգերուն միջեւ կը շրջի ու կը նայիմ հօրս ու կը զուարճանամ տեսնելով որ իր ժպիտը կը գերազանցէ իմն ու հերոսինը:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՁԱՆՁՐՈՅԹ

ՆԻԳՈԼ ՊՈԼՍԱՃԵԱՆ

Ժամեր կ՚անցնին,
Աշխարհը լուռ կը դառնայ,
Եւ ժամանակը անտանելի կը դանդաղի.
Գոյները մոխրագոյն կ՚ըլլան,
Նուագը ցաւոտ ձանձրոյթը կ՚երգէ,
Գեղեցիկ զգացումներ կը վերածուին թմրութեան.
Աչքերս կը պաղին,
Մարմինս կ՚անշարժանայ,
Եւ փորիս մկանները կը ցաւին բուռն ծիծաղի երազանքէն։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: