ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿՆԵՐ (ՃԻԸ․)

ԿԱՐՕ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

ՌՄՀԱ․
Մողէսին ագին կտրելէդ յետոյ կը շարժի ինքնիրեն, բաւական երկար ժամանակ։  

ՌՄՀԲ․
«Աճառեանն ալ շրջեց ամբողջ Արեմտեան Հայաստանը եւ բարբառները գրի առաւ», Քահքահէ Վերվարեանին կ’ըսէ բառարանահաւաք մասնագէտը, որուն գործածած բայը այս ձեւով ճիշդ չէ անշուշտ։ Յուսամ Աճառեանը Արեւմտեան Հայաստանը տակնուվրայ չըրաւ։ Սակայն դուք ըրած ճիշդ բաներուն նայեցէք, սխալներուն հետ գործ մը չունիք։ Բառարանահաւաքութիւնը հայերէնին հետ ի՞նչ կապ ունի։

ՌՄՀԳ․
Գանատահայ երիտասարդ ուսանող-ուսանողուհիներ հաւաքուած են եւ անկախութեան տօն կը տօնեն։ Ապրի՛ն։ Շատ, շա՜տ դրական է։ Ժխտական բան մը չկայ, որ ըսենք։ Լրագրողուհին կ’ըսէ, թէ ՀՀ քայլերգին ընկերակցութեամբ վեր բարձրացուած են երկու պետութեանց դրօշները։ Ալ թէ քայլերգը ինչպէ՞ս դրօշներուն հետ միասին իբրեւ ընկերակից վեր բարձրացած է՝ ձեր երեւակայութեան կը թողունք։ Ձեւ մը գտած է անպայման։ Բացման խօսք արտասանող երիտասարդին ձեռքն ալ թուղթ մը տուած են որ կարդայ․ եւ անիկա կը կարդայ ի միջի այլոց․ «․․․մեր ժողովուրդի 99 տոկոսին մահամուր այո-ն․․․»։ Լաւ սորվեցէ՛ք, միահամուռ-ին հոմանիշ է, ըստ կիւլկիւլահայերէնի, մահամուր, մահուան չափ ամուր։ Կեցցէ՛ք դուք, երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, հայութեան ու հայերէնին ներկան ու ապագան․․․ մահամո՛ւր ապագան։

ՌՄՀԴ․
Սեպտեմբեր 21ի առթիւ շատ մը բաներ եռագոյն ներկուեցան։ Ոմանք իրենց արիւնն ալ հոսեցուցին ու եռագոյն ներկեցին, նկարուեցան, ընկերային ցանց տեղադրեցին։  Չտեսա՞ք։ Փախցուցեր էք։ Եռագունասէր ազգ մը դարձած ենք։ Ալ յստակ չէ՝ ֆօթօշօփո՞վ թէ առանց ֆոթօշօփի շատ մը բաներ եռաքունուեցան։ 

ՌՄՀԵ․
Ձեր խաւարը սփռելու համար ամէն լոյս կրնաք հալածել ու փակել։ Կը յաջողիք ալ։ Խաւարը աւելի կը սիրուի։ Գրուած է տեղ մը։ Անոր սիրահարներուն թիւն ալ շատ է։ Ա՛տ ալ գրուած է։

ՌՄՀԶ․
Ամէն պետութիւն իր երեւելի բանը եռագոյն կը ներկէ մեր անկախութեան տօնը շնորհաւորելու համար։ 

ՌՄՀԷ․
«Այսօր իւրաքանչիւր հայ ունի կարեւոր առաքելութիւն մը՝ պահելու, հոգալու եւ ծաղկեցնելու հայրենիքը, անկախ անկէ, թէ ո՛ւր կ’ապրի: Անկախութիւնը այս իմաստով հայուն համար պէտք է դառնայ առաքելութիւն, որուն համար արժէ ապրիլ»:
Լաւ որ ըսիր, բարեկա՛մ։ Ապրելու պատճառ կայ ուրեմն։ Մենք ալ որոշեր էինք արդէն անձնասպան ըլլալ։

ՌՄՀԸ․
Ի՞նչ պէտք կայ Մուշեղ Իշխանին դիմելու, երգի մը բառերը անկէ առնելու համար։ Կեդրոնացէ՛ք ձեր գեղեցիկ երգերուն, գեղեցիկ բառերուն վրայ, որոնք ամէնուն ուղեղէն կը հոսին տիւ եւ գիշեր։ Ինչո՞ւ կը խախտէք ձեր աւանդութիւնը։

ՌՄՀԹ․
Ինչո՞ւ մեր սփիւռքահայ երգիչ-երգչուհիները առանց բացառութեան անլեզու էակներ են։ Ո՞վ կտրած է լեզունին եւ տեղը ի՞նչ ցանած է։

ՌՄՁ․
Դուն ի՞նչ տեսակ արուեստագէտ ես, որ այսինչին այնինչ տեղ ըսած այդինչ խօսքին կը հաւատաս եւ ինքդ որոշում առնել չես կրնար։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՍԱԿԱՌԱԳՆԴԱԿ

ՀԱՄԲԻԿ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Այն եւ միակ խաղը, որ զիս իրապէս կ’ուրախացնէ․ այն խաղը, որ հաճոյքի սահմանագիծ չունի․ այն խաղը, որ կրնայ լման կեանքդ փոխել՝ սակառագնդակի խաղն է։

Պզտիկութենէս ի վեր սիրահարած եմ անոր, բայց ափսոս որ միայն նախասիրութիւն էր, չշարունակեցի, միայն ամիսը անգամ մը խաղալու գացի։ Երանի՜ մայրիկս ստիպէր ինծի զօրաւոր խումբերու մէջ խաղալ։

Այս խաղը այնքան անուշ խաղ մըն է։ Խաղցած ատենս կ’երազեմ, որ տաք ամառ օր մըն է, եւ ես պաղ ջուրի քով երկնցեր եմ, բայց մարմինս այնքան տաք է, որ կ’ուզեմ ելլել ջուրին մէջ ցատկելու, բայց չեմ կրնար, քանի բոցավառ աւազը չի ձգեր որ ելլեմ։

Երազս է սակառագնդակի ախոյեան խաղցող ըլլալ։ Դէմս շա՜տ երկար ճամբայ կայ՝ լեցուն չհաւատացողներով կամ մարդոցմով, որոնք մինչեւ վերջ կ’ըսեն․ «Չես կրնար, մի՛ երազեր», կամ կը խնդամ, բայց ես եմ որ իմ զօրաւոր կամքովս պիտի կայնիմ, լաւանամ եւ ցոյց տամ, որ ես կարող եմ եւ երբեք պիտի չկենամ երազներուս ետեւէն վազելէ։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՍՊԱՍՈՒՄ

ՍԵՒԱՆ ԼԱԼԻՔՕՂԼՈՒ

Պատուհանը բացաւ, սոսկալի անձրեւ կը տեղար,
Ճաղերուն ետեւէն սեւ երկինքին նայեցաւ,
Ձեռքը ճաղերուն մէջէն երկնցուց,
Պարապ գաւաթը ջուրով կը լեցուէր:
Ջուրէն ումպ մը խմեց,
Ժահրը արիւնին մէջ թափառիլ սկսաւ,
Վառօդի հոտը կոկորդը այրեց,
Երկու կաթիլ արցունք կաթեցաւ  
Գաւաթին մէջ:
Ջուրը արիւնի վերածուեցաւ․
Թաքստոց իջնելու ատենն էր:

29 Սեպտեմբեր 2020

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

***

ԿՐԱՆԹ ՉԷՄԻՏԼԻՆ

Արդեօք քանի՞ բանաստեղծութիւն
գրած եմ մտքիս մէջ 
քնանալու ժամանակ։

Արդեօք դժոխքը գրադարա՞ն մըն է
լեցուած ամէն բաներով,
զորս ուզեցի ըսել, բայց չըսի։ 

Երէկ գիշեր երազիս մէջ 
հրեշտակ մը եկաւ ու ըսաւ. 
«Մի՛ մտահոգուիր», 
ըսաւ ՝«փրկութիւն»,
որ դրախտը հաւաքածոյ մըն է
ամէն սիրային նամակներուն, որ երբեք չեն ղրկուած․
որ ամէն բառ,
որ կ՚ուզէիր ըսել, հո՛ս
կը կարդացուի։ 

Անգլերէնէ թարգմանեց՝
ՆԻԳՈԼ ՊՈԼՍԱՃԵԱՆ

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԳՆԱՑՔՈՒՄ

ՎԱԶՐԻԿ ԲԱԶԻԼ

Աշնանամուտ է։
Ծառերի կանանչը դեռ խիտ է։
Ամպերը խճողւում են։
Մթնոլորտը տամուկ է։

Օրերը կարճանում են։
Թռչունները համերամ երկինք են փոխում։
Բայց եղանակը դեռ դիւրահոլով չէ։ 

Օրացոյցի ոյժը բարկ է,
նախաբանից զուրկ, անմիջական,
մինչ եղանակները հռետորական են՝
չափազանցող, հեգնական, գրեթէ։

Իսկ ես հաշւում եմ
եւ գնացքում ձանձրոյթս փարատում։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԽՈՍՏՈՒՄ

ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ

Երեք եղբայրներ հաւաքուած էին իրենց հօր սնարին վերեւ: Հայրը իր զաւակներուն  ժառանգը կը կտակէր:

– Փայլուն օրեր տեսանք, առատ ուտելիք, պտուղ քաղեցինք մեր պարտէզներէն: Ապրեցանք կողք կողքի, թեւ թեւի, բայց օր մը մթագնեցաւ երկինքը: Սեւ ամպերով ծածկուեցաւ, փոթորկեցաւ ու մենք անտէր-անտիրական լքեցինք տուն-տեղ, ագարակ, հող: Ճամբայ ելանք հասնելու համար քաղաք: Ես կը փակեմ աչքերս: Արդէն չեմ ուզեր որ այլեւս բաց մնան, տեսայ այն, ինչ որ, երանի չտեսնէի: Գացէ՛ք, ուսանեցէ՛ք եւ ապրեցէ՛ք, պահեցէ՛ք ձեր ինքնութիւնը:

Հայրը երեք որդիներէն ստոյգ պատասխան ստացաւ ու աչքերը փակեց. ան արժանացաւ երկնային անդորրութեան: 

Երեք որդիները իրենց հարազատ հողին պորտէն անջատուեցան, գաղթեցին Պոլիս: Անոնք յանձնուեցան ազգային վարժարան: Սորվեցան մայրենի լեզուն, ճանչցան բարքերն ու աւանդները, գիրն ու գրականութիւնը: Հօր կտակը իրականացաւ: Տաքուկ էր բոյնը, հարազատ հօրենական տան նման:

Երեք եղբայրները հասունցան: Բոյն ունեցան, տարիներու ընթացքին ընտանիք կազմեցին: Զաւակներ ունեցան: Երեք եղբայրներուն գերդաստանը աճեցաւ ու եղան տասնհինգ հոգի: Անոնք իրենց ժառանգորդները ունեցան՝ բախտաւորուեցան աղջիկ ու մանչ զաւակներով: 

Երբ եկաւ-հասաւ այն ժամանակը, երբ իրենց զաւակները դպրոց պիտի յաճախէին,  ընկերային շրջանակը պնդեց, որ երեխաները յաճախէին օտար վարժարաններ: Երէց եղբայրը միջնեկին եւ կրտսերին յիշեցուց, որ իրենք ինչ-ինչ պայմաններով ուրկէ՜ ուր հասեր էին: Հետեւաբար աւանդը պիտի շարունակէր: Երէց եղբայրը ըսաւ.

– Լաւ ուսում ստացանք մեր ազգային վարժարաններուն մէջ, ահաւասիկ արդիւնքը. մեր զաւակներուն ծնունդ տուինք ու կը փոխանցենք մեր հօր ժառանգը: Եթէ մենք մեր զաւակները օտարացնել ուզենք՝ կրնանք դիմել շատ դիւրին միջոցներու: Ասով ի՞նչ կը շահի երեխան եւ ընտանիքը։ Անցեալը եւ ինքնութիւնը ուրացողը իր գլխուն տէրը չի կրնար ըլլալ: Եթէ մենք ազգային վարժարաններուն դռները բաց պահելու գիտակցութիւնը անտեսենք, ինչպէ՞ս կրնանք պահել մեր բոյնը: Գացէ՛ք, ձեզի ըսածներս հաղորդեցէ՛ք այն շփացածներուն, որոնք կը փափաքին օտարանալ:

Անոնք միասնաբար երդում ըրին ամէն ճիգ, կարելիութիւն ի գործ դնելու համար, որպէսզի պարտքը վերադարձնէին հայոց ազգային վարժարան եւ խրատեցին իրենց որդիները, ինչպէս հայրը խրատած էր զանոնք իր շունչը տալէ առաջ.

– Գացէ՛ք, ուսանեցէ՛ք ազգային վարժարանի մը մէջ ու պահեցէ՛ք ձեր լեզուն, բարքերն ու աւանդները:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԳԵՐՄԱՆԱՑԻՆ

Քարլ Լինք եւ Աւետիս Ասոյեան, Տիգրիսի ափին, Պաղտատ, 1974

ՄԱՐԳԱՐԻՏ ԱՍՈՅԵԱՆ-ԼԻՆՔ

1971 թուականի սկիզբն էր. Պալատրուզէն Պաղտատ վերադարձայ հիւանդ վիճակի մէջ։ Բուժումէս վերջ, բժիշկիս յանձնարարութեամբ առողջապահական նախարարութիւնը զիս պաշտօնի կոչեց Պաղտատի բժշկական համալսարանին պատկանող պետական հիւանդանոցի «ախտորոշիչ ճառագայթաբանութեան» բաժանմունքին մէջ, նկատի ունենալով, որ այդ պաշտօնին մէջ աշխատիլը այն ատեն առանց գիշերապահութիւն ընելու եւ հերթապահութիւններու յարմար էր տկար առողջութեանս: 

Ես առաջին բժշկուհին եղայ, որ այս ճիւղին մէջ աշխատիլ սկսաւ, մինչ այդ աշխատողները միայն տղամարդիկ էին․ ինձմէ վերջ ուրիշ բժշկուհիներ ալ քաջալերուեցան դիմելու այս մասնագիտութեան հետեւելու:

Սկիզբը չուզելով սկսայ աշխատիլ, որովհետեւ երազած մասնագիտութիւնս չէր․ նպատակս էր մանկաբոյժ ըլլալ, բայց յետոյ կամաց-կամաց ախտորոշիչ ճառագայթաբանութեան նիւթը նոր հորիզոն մը բացաւ ինծի համար, հիւանդներուն մարմնի ճառագայթային զանազան նկարները (ռենտգենեան ֆիլմ) ուսումնասիրելը եւ ախտաճանաչում ընելը կը նմանէր ծովու մը մէջ սուզուելուն ու ձուկ որսալուն․ եթէ յաջողէր՝ հոգեկան մեծ բաւարարութիւն կը յառաջացնէր:

Պատասխանատու տոքթոր Ամճատ Կթթայ անունով մասնագէտ բժիշկը մեծ գոհունակութեամբ կը հետեւէր աշխատանքիս եւ երբեմն ալ կը փորձէր հետս մրցում ընել, հիւանդի մը ճառագայթային նկարը լուսաւորուած պատին վրայ կը կախէր եւ կ’ըսէր․ «Նայինք ո՞վ աւելի շուտ ախտը պիտի գտնէ»։ Առանց ինքնագովասանութեան՝ ես շատ արագ կը գտնէի եւ միշտ տնօրէնիս գնահատանքին կ’արժանանայի: 

Նոյն տարին Պաղտատի համալսարանի հիւանդանոցին նոր շէնքի շինարարութիւնը, որ տարիներ տեւած էր, աւարտեցաւ։ Հիմնարկին անունը դրած էին Մատինաթ էլ-Թուպ, որ կը նշանակէ «բժշկութեան քաղաք». իսկապէս հսկայ հաստատութիւն մըն էր: 

Նոր հիւանդանոցին մասնագիտական բոլոր բաժիններուն մէջ զետեղուած էին բժշկական նոր գործիքներ եւ առողջապահութեան նախարարութեան հրամանով նշանակուած էին երկրի ամենանշանաւոր մասնագէտները․ այդ տարիներուն Պաղտատի բժշկութեան մակարդակը շատ բարձր էր:

Իմ բախտս ալ բերաւ, զիս հին շէնքէն փոխադրեցին նոր շէնքի ախտորոշիչ ճառագայթաբանութեան բաժին եւ նշանակեցին նոր տնօրէնին՝ տոքթոր Սահիպ Զէյնիին կրտսեր օգնական:

Նոր բաժնի գործիքները ապսպրուած էին Գերմանիոյ Սիմընս ընկերութենէն՝ ամենէն արդիականները: Այդ գործիքներու տեղադրման եւ դասաւորման պատասխանատուն էր գերմանացի ելեկտրականութեան ճարտարագէտ պարոն Քարլ Լինքը: 

Մեր առօրեայ աշխատանքին մէջ գործի բերումով յաճախ ժողովներ եւ հանդիպումներ կ’ունենայինք գերմանացի մասնագէտին հետ, որ շատ սիրուած եւ յարգուած էր տնօրէնէս եւ բաժնի միւս աշխատողներուն կողմէն՝ բոլորին հանդէպ իր ցոյց բերած պարզ եւ ընկերային վերաբերմունքին պատճառով, մանաւանդ իր հմտութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ անմիջապէս օգնելու, երբ գործիքներէն մին կամ միւսը խնդիր ունենար:

Օր մը տնօրէնս զիս իր քով կանչեց, տեսայ գերմանացին՝ աջ ձեռքը փաթթուած կապոցի մէջ, գոյնը դեղնած նստած էր սենեակին բազմոցին վրայ: Տնօրէնս խնդրեց, որ յանձն առնեմ պարոն Լինքին վէրքը խնամելը․ աշխատանքի պահուն պայթումի մը պատճառով միջնեմատի մատնոսկրը փշրուած էր: Շտապ օգնութենէն բուժման համար ասեղներ եւ դեղեր նշանակուած էին: 

Ամէն առաւօտ գերմանացին կու գար աշխատասենեակս, իր բուժումը կը ստանար եւ քանի որ ձեռքով աշխատիլ չէր կրնար, բացի բերանացի հրահանգներ տալէ աշխատաւորներուն, կը մնար սենեակս նստած ու կը սկսէր հարցուփորձի։ Գիտցաւ որ հայ եմ, հայերու մասին բնաւ գաղափար չունէր, դաւանանքով լուտերական՝ Աւետարանը կարդացած էր եւ գիտէր, թէ Նոյեան տապանը Արարատ լերան գագաթը հանգչած էր, բայց թէ Արարատը հայերուն սուրբ լեռն է՝ չէր գիտեր: Մեր զրոյցը անգլերէնով տեղի կ’ունենար, ես կեանքիս մէջ ոչ գերմանացիի հանդիպած էի, ոչ ալ գերմաներէն լեզուին ծանօթ էի: Ես ալ սկսայ ամէն օր հայոց պատմութիւնը քարոզել եւ նշանաւոր հայերու մասին տեղեկութիւններ տալ, այսպիսով մեր մէջ մտերիմ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ: Պարոն Լինքը իր վիրաւոր մատին պատճառաւ ընկերութենէն արձակուրդ ստացաւ եւ ճամբորդեց Գերմանիա: Ամիս մը վերջ օր մըն ալ աշխատասենեակիս մէջ ան նորէն երեւցաւ, այս անգամ մեծ ոգեւորութեամբ պատմեց, թէ Գերմանիա եղած շրջանին հայերու մասին զանազան գրադարաններէ գիրքերու մէջ պրպտած եւ շատ մը տեղեկութիւններ քաղած է (այն ատեն համացանց չկար անշուշտ․․․) ու հայոց պատմութիւնը ուսումնասիրած՝ Խորենացիէն մինչեւ սովետական շրջանը․․․: Ես ապշած մտիկ կ’ընէի եւ սիրտս անբացատրելի հրճուանքով մը կը լեցուէր:

Այդ շրջանին, Իրաքի իշխող արաբական Պա’աթ կուսակցութեան կարգադրութեամբ հանրային ամպուլաթորիաներ (իյատաթ էլ-շա’ապիա) բացուած էին Պաղտատի շատ աղքատ շրջաններուն մէջ, ուր հիւանդները անվճար կրնային բուժուիլ։ 

Հակառակ բժիշկիս յանձնարարութեան՝ ցերեկները հիւանդանոցի աշխատանքս աւարտելէն ետք իրիկունները սկսած էի աշխատիլ Պաղտատի ամենաղքատ արուարձաններէն, Մատինաթ ալ-Թաուրա կոչուած, այդ ամպուլաթորիաներէն մէկուն մէջ:  

Վերջապէս անգամ մը եւս զգացի իմ երազած բժշկական կոչումին մօտ ըլլալս, հիւանդներուն ոչ միայն ճառագայթային նկարները կ’ուսումնասիրէի, այլեւ իրենց հետ մօտէն կապի մէջ էի: 

Լծուած աշխատանքի, որ երբեմն կ’երկարէր մինչեւ ուշ գիշեր, ճիշդ Պալատրուզ եղած շրջանիս պէս, քանի մը ամիս ետք առողջական վիճակս սկսած էր նորէն տկարանալ եւ անգամ մը եւս բուժման պէտք էր ենթարկուէի, այս անգամ աւելի երկար տեւող ժամանակով, այդ պատճառաւ աշխատանքէս երեք ամիս ազատ արձակուեցայ: 

Գերմանացին քանի մը օր զիս աշխատանքիս վայրը չգտնելով հետաքրքրուած էր ինձմով, իմանալով բացակայութեանս պատճառը խնդրած էր տնօրէնէս բնակավայրիս հասցէն իմանալ: 

Եւ ահա օր մը, ի զարմանս ծնողքիս, գերմանացի մը մեր տան շէմքին կեցած կը խնդրէ ներս ընդունուիլ եւ ինծի այցելել: 

Երկար ամիսներու բուժման ընթացքիս գերմանացին եղաւ մեր տան ամէնօրեայ հիւրը։ Հիւանդութեան բերումով ես մեր տան երկրորդ յարկի սենեակներէն մէկուն մէջ առանձնացած էի, այցելուներ արգիլուած էին, ան կը նստէր վարի յարկը, մեր տան ընդունելութեան սենեակը եւ ողորմած հօրս հետ ժամերով անգլերէնով կը զրուցէր եւ ճատրակ կը խաղար՝ հօրս սիրած զբաղմունքը: Ընտանիքիս միւս անդամներն ալ սկսած էին գերմանացիին համակրիլ, անոր գալուն պէս ինծի լուր կու տային, «Գերմանացին եկաւ», կ’ըսէին, կը նկատէին որ գերմանացիին այցելութիւնը, նոյնիսկ եթէ ես անոր չէի հանդիպեր, դրական ազդեցութիւն կ’ունենար տրամադրութեանս վրայ:

Խառնիխուռն զգացումներու փոթորիկներ սկսած էին ալեկոծել հոգիս․ ի՞նչ պատահած էր, արդեօք սիրոյ զգացումնե՞ր էին, ինչպէ՞ս կարելի էր օտարազգի մը սիրել, ես, որ ծնած օրէս ազգային, հայրենասիրական ոգիով սնած եմ, նոյնիսկ մտովի կեանքս կապել ոչ-հայու մը հետ անկարելի կը թուէր ինծի։   

«Մի՛ ամուսնանար օտար ազգի հետ, թող հայու հոգին մնայ հայու հետ»․ այս նախադասութիւնը մտքիս մէջ կը տանջէր զիս, եթէ տարի մը առաջ մէկը ինծի հարց տար՝ ես ինքս նոյնը պիտի կրկնէի։ Ինքզինքս կրակի մէջ ինկած կը զգայի ու ելք մը կը փնտռէի: Ի՞նչ երեսով պիտի նայէի ընկերներուս, հապա ի՞նչ պիտի մտածէր հայրս, որ մեզ գիշեր-ցերեկ ազգայինը քարոզած էր․ հօրս հանդէպ մեր ունեցած ակնածանքը շատ խոր էր եւ իր խօսքը կշիռք ունէր:

Կանգնած էի նորէն ճակատագրական մեծ խնդրի մը առջեւ, որ անլուծելի կը թուէր: Գիտէի, որ պէտք էր որոշում մը առնէի, հոգեկան աշխարհիս մէջ հակասական կողմերու պայքարը ուժեղ էր, հիւանդութեանս պատճառաւ ապագաս ալ անորոշ կը թուէր ինծի, ամէն ինչ մշուշոտ էր, այլեւս կեանքս ալ ոչ մէկ նշանակութիւն ունէր:

Անցան օրեր, կամաց-կամաց ինքզինքս աւելի լաւ կը զգայի եւ ուրախ էի, քանի որ բժիշկս յոյս տուած էր, որ կարճ ժամանակէն գուցէ կրնայի քանի մը ժամ աշխատանքի երթալ․ կրկին աշխատելու յոյսս միակ սփոփանքս էր: 

Օր մըն ալ գերմանացին եկաւ սենեակս եւ իր «սրտի առաջարկը» բացայայտեց: Թէեւ իր նպատակը շատոնց գուշակած էի, բայց նորէն պահ մը անակնկալի եկայ, չէի սպասեր ուղղակի ամուսնութեան առաջարկի մը եւ ան ալ՝ իմ այդ վիճակիս մէջ: 

Ինքնաբուխ եւ առանց երկար մտածելու պատասխանեցի․

– Եթէ հայրս իր յօժարութիւնը տայ՝ պիտի ընդունիմ առաջարկդ, այլապէս՝ Ո՛չ: 

Այս ըսելէս ետք կարծես թէ բեռ մը ինկաւ ուսերէս, ինքզինքս թեթեւցած զգացի, այլեւս ես պիտի չըլլայի ծանր որոշում տուողը, հայրս էր պատասխանատուն, հարցը իր վրայ ձգեցի, նախապէս առանց բառ մը իրեն հետ խօսած ըլլալու․ ի՞նչ համարձակութեամբ պիտի խօսէի հօրս հետ, ան ալ այսպիսի՛ նիւթի մը շուրջ: 

Յաջորդ օրը, քոյրերէս իմացայ, որ գերմանացին հօրս հետ ընդունելութեան սենեակը առանձնացած երկար խօսակցութեան մէջ մտած էր եւ հօրմէս պաշտօնապէս ձեռքս խնդրած էր:  

Տարի մը վերջ, 10 Նոյեմբեր 1972ին, հօրս օրհնութեամբ Պաղտատի Սուրբ Աստուածածին հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, Իրաքի Հայոց Թեմի առաջնորդ այժմ հոգելոյս Ասողիկ Եպիսկոպոս Ղազարեանի ձեռքով պսակուեցանք եւ մեր ամուսնութեան խոստումը կնքեցինք: 

Մեր ամուսնութենէն ետք հայու հոգին եւ հայրենիքիս հանդէպ ունեցած սէրս անփոփոխելի եւ անբաժան կ’ապրին սրտիս մէջ եւ ցմահ պիտի մնան: Կեանքիս գերմանացի ընկերը նեցուկ մը եղաւ ինծի՝ իմ ազգային գործնէութեանս եւ կեանքիս բոլոր այլ մարզերուն մէջ: 

1976ի Մարտին մեր հնգամսեայ դստեր հետ վերջնականապէս հեռացանք Իրաքէն եւ բաժնուեցանք մեր հարազատներէն: 

Օտարութեան մէջ կեանքը շարունակուեցաւ նոր մարտահրաւէրներով: 

15 Օգոստոս 2020

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՆԱՄԱԿՆԵՐ

ՍԻՐԵԼԻ ԶԱՐՄԻԿՍ
ԹԱԼԻԹԱ ՏԱՂ
Իսթանպուլ, Էսաեան Վարժարան, ժ. դասարան

Գիտես որ այս տարի տունն ենք եւ քանի մը ամիս դուրս չկրցանք ելլել: Այս օրերը դժուար էին, բայց առիթներ ունէինք մենք մեզ զարգացնելու համար:

Հինգ ամսուան ընթացքին շատ մը բաներ ըրի: Օրինակի համար՝ անգլերէնս զարգացուցի, սկսայ գծագրել, պարել, երգել եւ այլն: Հարկաւ դասեր ալ ըրի եւ հիմա արձակուրդն ալ վերջացաւ եւ նորէն դաս կ’ընեմ: 

Դեռ դպրոց չենք կրնար երթալ: Համակարգիչէն կամ հեռաձայնէն դաս կ’ընենք: Ուսուցիչները կը պատմեն եւ մենք ալ պարտականութիւնները կը կատարենք:

Այս տարի շատ կ’ուզէի Գերմանիա գալ, սակայն չեղաւ: Պիտի սպասենք գալ տարուան: 

Քեզ շատ կը սիրեմ, գրէ՛ ինծի:

ՍԻՐԵԼԻ ՔԵՒԸՆ
ՏԱՒԻՏ ՏԱՂՃԸ
Իսթանպուլ, Էսաեան Վարժարան, ժ. դասարան

Ինչպէ՞ս ես, կը յուսամ թէ լաւ ես: Թէ՛ երկիր եւ թէ մարդկութիւն ըլլալով դժուար շրջանէ մը կ’անցնինք:

Երբ հիւանդութիւնը ելաւ, առաջին օրերուն շատ վախցանք եւ վերջը կարեւորութիւն տուինք:

Մեռնողները շատցան եւ մենք մեզ սիրողներուն համար վախցանք:

Ընտանիքիդ բարեւներ:

ՍԻՐԵԼԻ ԸՆԿԵՐՍ
ՄԻՐԱՆՏԱ ՄԻՍՆԱՐ
Իսթանպուլ, Էսաեան Վարժարան, ժ. դասարան

Քեզ շատ կարօտցայ, բայց դուն շատ հեռու ես: Քեզի հետ նամակով կրնանք խօսիլ: Այս տարի քովդ պիտի գայի, բայց քորոնա ժահրը ելաւ եւ ամէն տեղ գոցուեցաւ:

Իմ դպրոցս սկսաւ, բայց դուն շատ հեռու կը բնակիս: Ես Պոլիս եմ, իսկ դուն՝ Ամերիկա: Բան մը չ’ըլլար, 2021 ամառը քորոնան կը լմննայ եւ ես քովդ կու գամ: 

Քորոնա ժահրի եւ մեկուսացման օրերուն ինչեր ըրի՝ քիչ մը պատմեմ: 11 Մարտէն մինչեւ 19 Յունիս դպրոց կար, բայց տունն էինք եւ զումէն դաս կ’ընէինք: Այն ատեն ամէն մարդ դիմակ դնել սկսաւ, հիմա ալ կը դնէ, որովհետեւ եթէ չդնենք՝ քորոնա ժահրը մեզի կրնայ հասնիլ: 

Այն ատեն շատ պարապ ժամանակ ունէի: Գծագրութիւն ըրի: Հիմա չեմ զբաղիր:

Իմ պատմելիքներս այսքան են: Կարգը քուկդ է: Դուն մեկուսացման ինչե՞ր ըրիր:

Քեզ շատ սիրող՝
Միրանտա

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿՆԵՐ (ՃԻԷ․)

ԿԱՐՕ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

ՌՄԿԱ․
Մենք համացանցի վրայ շաբաթական զրոյց կ’ունենանք։ Մասնակցութեան գլխաւոր պայմանը այն է, որ մասնակիցները 100 տարեկանը արդէն լրացուցած ըլլան։

ՌՄԿԲ․
Արեւմտահայերէնի խթանումը տեղի կ’ունենայ միայն անոր խցանումով։ Բոլոր միւս ձեւերը սպառած են։

ՌՄԿԳ․
Ի՞նչ է ասիկա՝ ՌՄԿԱ․, ՌՄԿԲ․, ՌՄԿԳ․ ․․․ հիմա ալ ռամկավարներո՞ւն հետ ու վրայ սկսաք աշխատիլ։

ՌՄԿԴ․
Ի՞նչ կերցուցած էք ձեր զաւակներուն, հայութիւնն ու հայերէնը որքա՞ն գետին զարկած, գետնին տակ անցուցած էք, որ անոնք փարսախներով կը հեռանան անոնցմէ, մօտենալու համար սարսախներուն։

ՌՄԿԵ․
Հակահայ կեցուածքի արդիւնք՝ հայկական դպրոցի վրայ յարձակեր են կամ եկեղեցիին գրասենեակները կրակի տուեր են անյայտ ուժեր։ Նորաշխարհի մէջ պատահած է։ Լաւ. մենք հայ օղլու հայ եւ յայտնի ուժեր գիտենք, որոնք գիշեր-ցերեկ կրակի կու տան հայ աշակերտն ալ, դասագիրքն ալ, լեզուն ալ, դպրոցն ալ, մեզ ալ, ձեզ ալ, իրենք զիրենք ալ։

ՌՄԿԶ․
Եթէ Սփիւռքի որեւէ գաղութ լքէք՝ պէտք է անպայման Հայաստան գաք կամ երթաք։ Մենք ձեզի չենք կրնար օգտակար դառնալ, ոչ ալ խօսք կրնանք տալ, որ կրնանք օգտակար դառնալ, սակայն դուք պարտաւոր էք Հայաստան գալ կամ երթալ։

ՌՄԿԷ․
«Անգործածելի են անոր գրասենեակները, համակարգիչները, զովացնող եւ այլ ելեկտրական սարքերը եւ կահոյքին մեծ մասը: Տակնուվրայ է անոր արխիւի սենեակը: Ապակիներ չունին այսօր խմբագրատան պատուհանները: Այսօր, մեր խմբագրատունը չունի նաեւ դռներ ու պահարաններ»:
Պէյրութի «Յաւերժաքուն» օրաթերթին հաղորդած տեղեկութիւններն են ասոնք, որոնք կրնաք կարդալ նաեւ այլաբանօրէն։

ՌՄԿԸ․
Գաղութէ գաղութ պտտելով, փոր ու ոռ կշտացնելով մեր միութիւնը տարուէ տարի զարգացում կ’արձանագրէ։ Չէ՞ք տեսներ։

ՌՄԿԹ․
Հիմա Լէյտի Կակային ոռը մտնենք ազգովին, ամենասիրած գործերնիս է, գիտէք՝ ինչո՛ւ, որովհետեւ Փարաճանովէն ներշնչուեր է։ Ի՞նչ կայ որ։ Կը բաւենք, կը բաւենք։ Նեղ կ’ընենք, տեղ կ’ընենք։ Ու մենք ալ իրմէ կը ներշնչուինք։  

ՌՄՀ․
Բարի գալուստ կու տամ ձեզի,- կ’ըսէ տղան, բացումը կատարելով բարեսիրագործական նպատակով կազմակերպուած համերգի մը։
Էհ, ի՞նչ ընենք, մենք ալ տուած բարի գալուստը կ’առնենք անշուշտ։ Ուրիշ բան չի մնար ձեռքերնիս։ «Բարի գալուստ»ը ոլորես խոթես ալ՝ պիտի ընդունինք։ 

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՎԱՉԱԿԱՆԸ

ՍԱՐՀԱՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Վաչականին պատմութիւնը շատ աղուոր պատմութիւն մըն է։ Այս պատմութեան մէջ երկու մարդեր ծերունիին կը հանդիպին եւ ամէն մէկը իր ուզածը կը խնդրէ։ Վաչականը քաջութիւն կ՚ուզէ, իսկ միւսը՝ անմահութիւն։ Երբ գիւղ կը վերադառնան, կը տեսնեն որ թշնամին յարձակեր է, Վաչականը կը կռուի, բայց միւսը կ՚երթայ քարայրի մը մէջ կը պահուըտի։ 

Վաչականի քաջութեան համար գիւղը իր անունով կը կոչեն։ Իրական անմահը ինքն է, որովհետեւ ամէն մարդ իր անունը կը յիշէ, իսկ միւսին անունը մարդ չի գիտեր։ Վաչականը հզօր է, իսկ միւսը՝ վախկոտ։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: