ԵՐԱԶՆ ԻՆՉՊԷՍ ՈՐ Է (ԾԵ․)

ՎԱՐՈՒԺԱՆ


164

(22-23 Մայիս 2021, գիշեր)

Մտահոգութիւնն, ինչպէս միշտ, վարձակառք գտնելն է, մտադրեալ վայրն հեռու չէ, բայց ոչ ալ ոտքով երթալն յանձնարարելի, ու կինս արդէն ելեր է փողոց, եւ անշուշտ աննախադէպ պէտք է համարել գրեթէ իսկոյն երեւումն ու կանգնո՛ւմն ալ յիսունական թուականներու թմբլիկ Mercedesի մը, ի՜նչ բա՛խտ, ահա հայրս ալ կու գայ, բայց տան բոլոր լոյսերը բաց ձգած, պէտք է երթամ ու մարեմ, ու վարորդէն կը խնդրենք սպասել, ու կ’ուրախանանք որ կ’ընդունի, փոխան թէեւ աչքերնուս շատ երեւցող գումարի մը, որ սպասման տեւողութեան ալ համաձայն աւելնայ պիտի եղեր, ու կ’աճապարեմ բնակարան մտնել, եւ այս որքա՜ն լոյս կայ, ամէ՛ն տեսակի, բոլո՛րն ալ վառած, եւ կոճակներն ալ գտնել դիւրին չէ, կան որոնք կարծես զետեղուած են բոլորովին չսպասուած տեղեր, ու ծածկուա՛ծ, բայց յաջողեցայ, վերջապէս, ու դուրս կ’ելլեմ ամբողջովին մութ մեր յարկաբաժնէն, սակայն Mercedesը չկայ, գացե՜ր են հայր ու կին, խնայելու սկզբունքս գործադրելով – այպանեմ ինչպէ՞ս – չեն խնայեր եւ զի՛ս:


165

(22-23 Մայիս 2021, գիշեր)

Աստղանունն ինծի մրցակից չէ, աղջիկն ընտրած է զի՛ս, սակայն ինչո՞ւ իր նենգ արարքներուն – այո, հի՜ն ու մոռցուա՛ծ – պատիժը չտամ ու – հոգս չէ խոստովանիլ – վրէժխնդրութեան առթած խնծիղը չվայելեմ, ուստի բազրիքին կառչած իր մատները կը քակեմ ու կ’իյնայ ան անձո՛ւկ մեկուսարանին մէջ, ու սրտի զարկերուն կշռոյթով կը քալենք, կ’ոստոստե՜նք նրբագեղ ուսանողուհին ու ես փողոցներէ ուր ուրիշ ո՛չ ոք կայ, բայց կը տեղեկանամ որ ան կալանքէ ազատած է դասախօսն ու ազատէ՛ պիտի միշտ, ու թէեւ չ’զգուշացներ որ եթէ յամառիմ անել վիհին մէջ ձգել զայն՝ բաժնուի՜ թերեւս ինձմէ, կը նայիմ իրեն՝ սէրս ժպիտով շաղած:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿՆԵՐ (ՄԼԴ․)

ԿԱՐՕ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

ՍՃԼԱ․
«Ժամանակացոյց ճրագալոցի պատարագներու». վերնագիր է ասիկա։ Վարն ալ, յայտարարութեան մէջ, անգամ մը եւս՝ «ճրագալոց»։ Աւելցուցէ՛ք Կիւլկիւլեան բառարանին մէջ։ Մարդը բառը չի գիտեր կամ ըստ կամս փոխած է։ Մեռելոց, հաւնոց, արտաքնոց, գերեզմանոց, ինչո՞ւ չըլլայ ճրագալոց։

ՍՃԼԲ․
«Եւ եթէ որպէս առաջին քայլ մենք տեսնենք, որ մեր բարեկամը հայն է, կը նշանակէ, պիտի կարենանք նաեւ տեսնել, որ հայուն բարեկամը նոյնինքն հայուն խելքն է»։
Շատ աղէկ, հայը ուրեմն երբեմն իր խելքին հետ բարեկամական յարաբերութեան մէջ է, ինչ որ բաւական մխիթարական երեւոյթ է․ շնորհակալ ենք յիշեցման համար․ սակայն ի՞նչ պիտի ընենք անխելք հայերու պարագան, որոնք իրենց խելքին հետ ունեցած բարեկամութիւնը խզած են։

ՍՃԼԳ․
Ան որ սորվելու կարողութիւն չունի, կրնայ սակայն սորվեցնելու կարողութիւն ունենալ, նոյնիսկ կրնայ չգիտցածը սորվեցնելու ընդունակութեամբ օժտուած ըլլալ։ Այդ ունակութիւնն ալ ի ծնէ կրնայ ժառանգած ըլլալ։ Ամէն ինչ կարելի է, նոյնիսկ փաստուած իրականութիւն ալ է․ առցանց արեւմտահայերէնի ուսուցումները կը փաստեն, օրինակ, թէ չգիտնալը, մանաւանդ չսորվիլը լաւագոյն միջոցներն են ուսուցանելու յաջողութիւն ձեռք ձգելու համար։

ՍՃԼԴ․
«Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի Քրիստոսի ուղղուած խօսքերով «Ետեւէս Եկուր» շարականը անոյշ ձայնով երգեց Տէր Այսինչը»։
Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանը Քրիստոսի ուղղելով խօսքը ըսեր է՝ «Ետեւէս եկուր․․․»։ Եթէ թերթին յաջորդ թիւին մէջ ալ կարդաք, որ Քրիստոս Եղիշէ Դուրեանին ետեւէն գացեր է՝ մի՛ զարմանաք։

ՍՃԼԵ․
«Սրբազան հայրը ,իր քրիստոնէական պայծառ հաւատքի զօրութեամբ,մտքի հզօր ուժով եւ ամուր կամքով իր կեանքը նուիրած է Հայաստանեայծ եկեղեցւոյ պայծառածման գործընթացին»։
Հայաստանէ այծերը շատ են։

ՍՃԼԶ․
Երեք տասնամեակ ոչ թրքերէն սորվեցան, ոչ թուրքերը ճանչցան, հիմա պիտի խօսին թուրքին հետ։ Կարծես խօսելիք ի՞նչ կայ։ Ինչ որ ըսեն՝ պիտի ընէք սիքէ-սիքէ։ Վաղը պիտի ըսեն նաեւ, թէ դուք ի՞նչ պիտի խօսիք, ինչպէ՞ս պիտի խօսիք, ո՞վ ցեղասպանած է ու ո՞վ՝ ցեղասպանուած։

ՍՃԼԷ․
Մեր դպրոցի նախկին տնօրէնն ալ մահացաւ, կեանքը քեզի, իրմէ առաջ սակայն՝ իր տնօրինած դպրոցը։ Մարդիկ դպրոցներէն աւելի երկար կեանք ունին, չէի՞ք գիտեր։

ՍՃԼԸ․
«Հայրենիքի մէջ բազմաթիւ անգամ առիթ ունեցայ մարդոց հարցնելու, թէ կը ճանչնա՞ն Մավեանը. տակաւին հայրենիքի տարածքին ճանչցող մը չգտայ: Մավեան աւելի պակա՞ս գրող է քան Պարոնեան, Օտեան կամ Օշակա՞ն. երբե՛ք: Կարդացէք եւ պիտի փաստէ՛ք»:
Մավեան, Պարոնեան, Օտեան, Օշական նոյն գիծի վրայ շարող մասնագէտը կը զարմանայ, որ առաջինը հայրենիքի մէջ ծանօթ չէ։ Կարծես միւսները ծանօթ էին, կարծես անոնց անուններէն զատ ուրիշ բան ծանօթ է հայրենիքի կամ Սփիւռքի բնակիչին։ Վերջինին անունն ալ թերեւս լսած չըլլան։ Բայց աս բոլորը՝ ըսելու համար, որ․․․ ի՞նչ։ Գրողները հայոց ծանօթ չեն, չե՞նք գիտեր, Հայաստան կամ Սփիւռք, անոնք գրականութեամբ չեն հետաքրքրուած։ Գրականութիւնն ալ՝ անոնցմով։
Այս նախադասութիւնն ալ կարդացէ՛ք, եթէ հասկնաք՝ բացատրեցէ՛ք․ «մինչեւ օրս Մավեանէն մէկ գրութիւն կարդալ կ՚որոշեմ, սակայն նուազագոյնը 5-6 գրութիւն կը կարդամ»:
Մավեանը մաֆ ըրեր է։

ՍՃԼԹ․
Մարդը քերականագէտ է, սակայն կը զարմանայ ինք ու կը շուարցնէ իր լսարանի խելացի ունկնդիրները, ըսելով, թէ շփոթեցուցիչ է «աս, սա, այս, ասիկա, սաւիկա, սուիկա»՝ վեց նոյնիմաստ ցուցական դերանուն ունենալը։ Եթէ անոնք կան, սիրելի՛ բարեկամ, ուրեմն գոյութիւն ունին լեզուիդ մէջ, ի՞նչ պէտք ունիս շուարելու եւ շուարցնելու շրջապատդ։ Կամ կը սորվիս ու կը սորվեցնես, կամ չես սորվիր եւ չես սորվեցներ։ Ուրիշ ճամբայ չկայ։

ՍՃԽ․
«Այո, մենք կորցրել ենք մեր հայրենիքի մի մասը, բայց մենք չենք կորցրել մեր անկախությունը, մեր ինքնիշխանությունը»։
Նկատի ա՛ռ, որ վաղը միւսներն ալ, ատ ունենալ կարծածներդ ալ կը կորսնցնես, քանի կարծիքդ եւ կարծածդ հաշուի առնող չկայ։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՇՇՈՒՆՋ

ԿԱՐԻՆԷ ՊԱՏԱԼԵԱՆ

Դիմառնական եղանակով
Հարցումս լոկ թելադրական
Շշնջաց
Գիշերը բոյլ-բոյլ շղարշող
Ըղձաբաշխ աստղերուն․
Միթէ կը կրե՞մ սրտի հաղորդ
Արտացոլք մը, շնչիւն մը,
Հիւլէ անգամ դիմակաւոր…
Օ՛, յայնժամ դիմադրեց
Լուսնեակը խաւարաբնակ,
Կայլակ-կայլակ արձակեց
Շողն իր շքեղափայլ,
Կարծես յիրաւի
Ժպտեցաւ ու մեղմեց
Հնհնուքս մշտական,
Քանզի մաքառումներս տուին
Թերի պատկեր մը ապարդիւն,
Խոնարհումս շնորհապարտ
Յար թիւրիմաց,
Յարգանքս պարտաւոր 
Սեպեցին անոնք…
Արեւաբոյր ձնծաղիկներ
Վերաքաղեցի,
Սրտաբուխ սիրով շաղախեցի,
Գգուանքով, խինդ ու ծիծաղով
Ջերմացուցի
Անհոգ օրերը մանկան…
«Բնոյթս այս է», ըսի․
Չհաւատացին․
Անբառ ձեւացայ, զիջեցայ․
«Թոյլ է», ըսին․
Երբ հնչեց հնչիւնս պարզ,
«Գոռոզ» անուանեցին…
Ուստի միեւնոյնն է:
Յաճախ յուսադրող վառ
Կանթեղը ճանապարհիս
Հնաւուրց, անթեղուած,
Մատուռէս ցայտող
Բիւր բառերը բիւրեղեայ
Իբրեւ մատեան ոսկեթաթախ
Ես հիմա անշշուկ կը կարդամ…

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

Ե՞ՐԲ Կ’ԱՆՑՆԻ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ
 
պարտէզիս մէջ ծառ մըն էր
եղեւինը
կանաչ փշացից ճիւղերով
դէպի երկինք աղօթքի էր կանգնած
ի՜նչ լաւ կ’ըլլար
Կաղանդի ծառ մը զարդարել
կախել զարդեր մէկիկ-մէկիկ
գնդակներ փայլուն
խաղալիքներ գոյնզգոյն
դիտէի պատուհանէս
վառ լուսազարդումը աչքառու
բոլորը պիտի հմայուէին անկասկած
ան սրտերուն պիտի ցանէր
գալիք օրերու խնդագին մաղթանքներ
ծառին գագաթը զետեղէի
լուսապսակ աստղը փայլփլուն
լուռ յուշէր
անուրջը շողշողուն
կախէի՜
կախէի՛ անյագ անկուշտ
փուչիկներ երփներանգ
սակայն ասեղները սուր
հպումը թեթեւակի
պայթեցան արագ-արագ
ակնթարթի մը մէջ անհամբեր
պղպջակներ վառ թիթեռ
կաթիլ-կաթիլ անձրեւ տեղաց
երկինքէն անջրդի
եղեւինին տակ չթրջելու համար
արցունքով աչքէս կաթած
մնացի թեւերս լայնատարած
սթափեցայ
պատրանքն էի հագեր
այնքան արագ հոսեր
հեղ մըն ալ սպասէի
Կաղանդ տօնելու
դալար եղեւինին տակ
մինչեւ որ գար գալ տարի

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՀՈՄԱՆՈՒՀԻԻՆ՝ ՀՐԱՒԷՐ ԱՆԿՈՂԻՆ ԳԱԼՈՒ

ՃՈՆ ՏԱՆ

Եկո՛ւր, տիկին, եկո՛ւր, ալ չեմ կրնար տոկալ,
Տենչն ունիմ երկնելու, երկունքս երկարեցա՜ւ,
Թշնամին իր դիմաց տեսնելով թշնամին
Կը յոգնի կանգնելէ, թէեւ չպայքարին:
Արձակէ՛ սա գօտիդ՝ երկինքը կամարող,
Այլ չքնաղ աւելի երկիր մը պարփակող:
Կոճակներն անջատէ՛ փայլուն լանջազրահիդ,
Ուր հեղգ յիմարներու աչքերը կը դադրին:
Ժանեակներն արձակէ՛, զի շրշիւնն այդ անուշ
Քեզմէ ինծի կ’ըսէ, որ ժամն է պառկելու:
Ուրախ սեղմիրանն ալ, ինչպէ՞ս չնախանձիմ,
Հանդարտ կրնայ մնալ, թէեւ այնքան մօտիկ:
Պարեգօտըն իյնալով կը պարզէ նայուածքիս
Խոտառատ արօտներ՝ բլրան շուքն երբ անցնի:
Ցանցահիւս պսակն ալ կը ցուցադրէ հիմա
Վարսայորդ ապարօշն ուռճացող քու վրայ:
Նետէ՛ կօշիկներդ ալ, եւ քալէ՛ ապահով
Կակուղ մահիճին մէջ, տաճարին սուրբ սիրոյ:
Ճերմակ շղարշներով հրեշտակներն երկնի
Կ’ընդունէին մարդիկ. կը բերես դուն ինծի
Մոհամմետի՜ Դրախտն, ու երեւին թէեւ
Ոգիներն ալ ճերմակ, կը տարբերենք դիւրաւ
Հրեշտակներն ազնիւ ոգիներէն դժնի,
Մա՜զ կը կանգնի մէկէն, միւսէն՝ արի՛ւն ու մի՛ս:
Արտօնէ՜ ձեռքերն իմ թափառին անարգել
Առջեւ, ետեւ, մէջտեղ, վերեւ, ներքեւ:
Ո՜վ իմ Ամերիկաս, նոր գտնուած երկիր,
Տիրութիւն ապահով, երբ մէ՛կ արքայ ունի,
Ադամանդի իմ հանք, անծայր իմ կայսրութիւն,
Բախտաւոր եմ որքան՝ անմասն իմ յայտնութիւն:
Կապանքներուն մէջ այս մտնելն ազատի՜լ է,
Յետոյ ուր ձեռք դնեմ, կնիքըս շուտ կ’իջնէ:
Բացարձա՛կ մերկութիւն, քեզմէ՜ ես կը բերկրիմ,
Հոգին առանց մարմնի, մարմինն առանց զգեստի՝
Ամբողջն համտեսելու: Գոհարները ձեր
Ատլանտայի խնձոր նետուած մարդոց առջեւ,
Որ ատով շլանան աչքերը յիմարին,
Ուզէ ա՛յդ ունենալ եւ ոչ՝ պճնուող կինն:
Նման նկարներու կամ կողքերու փայլուն՝
Կոպիտ մարդոց համար, կիներն ա՛յդ ցոյց կու տան.
Իրենք միսթիք գիրքեր, որոնք միայն մեզի
(Որոնց ներքոյ շնորհն ազնուացնեն պիտի)
Պէտք է յայտնաբերուին: Արդ, գիտնամ որպէսզի,
Անմնացորդ, բացուէ՜ ինչպէս մանկաբարձին,
Նետէ՜ ամէնն, այո՜, այս ճերմակ կտաւն ալ,
Ապաշխարանք չկայ մարմնի անմեղութեան:
Մե՜րկ եմ քեզմէ առաջ՝ սորվեցնելու քեզի,
Կինն այրէն աւելի ծածկոցի հարկն ունի՞:

John Donne (1572 – 1631), To His Mistress Going to Bed

Անգլերէնէ թարգմանեց՝ ՎԱՐՈՒԺԱՆ
26 Սեպտեմբեր 2021

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԵՐԱԶՆ ԻՆՉՊԷՍ ՈՐ Է (ԾԴ․)

ՎԱՐՈՒԺԱՆ

162

(20-21 Մայիս 2021, գիշեր)

Հասա՛ւ օրն սպասեալ – ու երկա՜ր – մենահամերգին, ու Ծովինարն արդէն կը հնչեցնէ Սքարլաթիի տասներկրորդը, երբ կը տեսնեմ որ անցեր է բեմին ետեւ – նուագը շարունակուի թէեւ – ու երաժշտական փոշոտած նոթագրութիւններ կը մաքրէ, ու կ’անդրադառնամ որ ձայնագրութիւն է սփռուածն, ի՞նչ պիտի ըսէ ժողովուրդն, իսկ աղջիկս իր գործին է անայլայլ ու չի կասիր նոյնիսկ երբ սոնաթը կ’աւարտի, ու, վերջապէս, կատարածէն գոհ, պիտի մեկնի անհոգ, ինչպէ՞ս չվրդովիմ, որպէսզի ինք ալ յայտնէ – զարմացա՜ծ – որ երեկոյեան վեցին է հանդէսն ու անիմաստ է, չէ՞, եօթը-ութը ժամ նստիլ դաշնամուրին առջեւ ու դատա՜րկ սրահի մը դիմաց:


163

(21-22 Մայիս 2021, գիշեր) Երկա՜ր ու մտահոգի՛չ յետաձգումէ ետք, վերջապէս ստանան պիտի քաղաքացիներն ամէնօրեայ շարժման այնքան անհրաժեշտ անձնաթուղթերն, ու յանձնումի պետական վայրը կ’երթանք ես ու Կասիան, ու ներքին սրահն արդէն լեցուած ըլլալուն դուրսինը կը նստինք շատերո՜ւ հետ, եւ ակնկալ կը սպասենք, մինչ հանգստացած այրեր ու կիներ դուրս կ’ելլեն ու կը մեկնին, ու յանկարծ կը յայտարարուի որ օրուան աշխատանքն աւարտած է, եւ ուրիշներու հետ ներս կը փութամ, իրազեկ դառնալու համար այս անսպասելի զարգացման ու բացատրութիւն պահանջելու, ու կը տեղեկացնեն որ ըստ օրէնքին երիցս կանչած էին մեր անուններն, ու չէինք ընդառաջած, եւ ընդվզած կը բողոքենք որ ոչինչ լսած էինք մենք դուրսի սրահը, բայց անտարբեր են բոլորովին, եւ մեզմէ ոմանք ոստիկանատուն կ’երթան պատահածը հաստատելու, իսկ միւսներս կ’ուզենք գիտնալ, թէ ե՞րբ կարելի պիտի ըլլայ ստանալ, ու պատասխանն Աստուծոյ կամքով վաղն է կամ որեւէ այլ ժամանակ, ու իբրեւ հեղինակաւոր անձ կը կերպարանեմ ես զիս, յուսալով որ կ’ենթարկուին ու կը յանձնեն թուղթերն առանց որոնց մեր ինքնութիւններն իսկ կը մնան հարցական, յաջողութեան պարագային իսկոյն կանչելու համար Կասիան, բայց եկեր է ինք արդէն ու կ’ըսէ որ ծաղրական են ինծի հանդէպ, Վարուժանը հնչելով فروج , ու կը յայտնեմ որ այդ յիմար բառախաղն ամենեւին նեղած չէ զիս, ինքզինքնին խելացի կարծող մարդոցմէ ուղղուած է երբեմն ինծի, եւ այս սովորամիտ պաշտօնեաներէն ալ բնաւ զարմանալի չէ:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿՆԵՐ (ՄԼԳ․)

ԿԱՐՕ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

ՍՃԻԱ․
Պոլսոյ մեր երիտասարդ Պատրիկը գործը, աւելի ճիշդ՝ նստած աթոռը լուրջի առած է, եւ ետեւ ետեւի կը տեսնուի սա միութեան վարչութեան հետ, նա միութեան վարչութեան հետ, դա միութեան ատենապետին հետ, ուսուցիչներու ու ուսուցչուհիներու, խմբագիրներու, խմբագրուհիներու եւ մաքրուհիներու հետ, ճաշաստեղծ տիկնանց եւ ճաշազարդար սրբուհիներու հետ, միայն ցարդ աղբահաւաքներու միութեան վարչութեան հետ դեռ չհանդիպեցաւ։ Հէրհալտէ անոնց ալ ժամանակը շուտով պիտի գայ, անոնք ամենակարեւոր միութիւնն են, որովհետեւ անոնց ձեռքէն իսկապէս բան մը կու գայ։

ՍՃԻԲ․
«Բայց ի՞նչ կրնանք ընել. չէ՞ որ մենք ա՛յն ազգն ենք, որ իր մշակները աղքատութեան, անտարբերութեան կը մատնենք, մեռնելէ ետք զինք մեծարելու երաշխիքով»:
Այո, այդպէս է, որովհետեւ նախադասութեան կէսէն յետոյ (պահ մը մոռնալով «ազգն ենք, որ կը մատնենք»ը), այսինքն մեռնելէ յետոյ միայն եզակի կը դառնան մշակները («զինք»)։ Ողջ եղած ատեն միշտ յոգնակի կ’ըլլան։

ՍՃԻԳ․
Հայաստանի մեռած այդ կուսակցութիւնը համագումար կազմակերպած եւ վերընտրած է իր նախագահը։ Նախապէս նոյն մարդը կ’ընտրուէր բոլոր ներկայ մասնակիցներուն միաձայնութեամբ, հիմա, ա՛յս քուէարկութեան ժամանակ, ո՜վ զարմանք, երկու հոգի դէմ քուէարկած է։ Արտօնուած է, ըստ երեւոյթին, դէմ քուէարկելու կարելիութիւնը։

ՍՃԻԴ․
«Ձեր մտքին մէջ ունի՞ք հայրենադարձ ըլլալու ծրագիր, սակայն չունի՞ք ժամանակ կարդալու այդ գործընթացի բոլոր քայլերուն մասին։ Հոգ չէ, մենք ձեզի համար պատրաստած ենք այս ձայնային տեղեկութիւնը։ Լսեցէ՛ք եւ եղէ՛ք տեղեկացուած հայրենադարձութեան ողջ գորընթացին մասին»։
Եթէ գրութիւնը հայրենադարձութեան մասին չըլլար, պիտի կարծէինք, թէ ապրանքի մը ծանուցումն է որ կը կատարուի։ Երբոր ժամանակ ունենաս՝ թէսէլլէ ըլլալու պէս, կամ եթէ գիշերը քունդ փախցնես, կրնաս մտիկ ընել այս ծանուցումը։ Շատ ժամանակակից ու արդի էք, շա՛տ, նոյնիսկ՝ գերարդի, հայրենիքը ձեզի համար ապրանքի ալ վերածած էք, անոր ծանուցումը կ’ընէք, յետոյ, եթէ պէտք ըլլայ, որ անկիւնը որ ուզէք՝ կրնաք զետեղել ու մեկնիլ։
Ի դէպ, տպագրական սխալ ալ չէ վերջընթեր բառը՝ «գորընթաց»․ այո, այս ընթացքը, իսկապէս, արեւելահայերէնավարի՝ գոր է։

ՍՃԻԵ․
«Այսօրուանից սկւսում է մի նոր ճանապարհ եւ այդ ճանապարհը մենք բոլորս պարտաւոր ենք դարձնել հայրենիքի փրկութեան ճանապարհ։ Այլ տարբերակ չպիտի քննարկուի պարզապէս։ Եւ մենք այդ ճանապարհին պարտաւոր ենք ներկայանալ ոչ թէ որպէս փրկիչ, – փրկիչներից մենք այսենց կուշտ ենք կարծես թէ, մանաւանդ վերջին երեքուկէս տարիներին, – մենք էս ճանապարհին պարտաւոր ենք ներկայանալ որպէս խաչուող. խաչուող մեր բոլոր մեղքերի համար, ուրիշների մեղքերի համար, առհասարակ մարդու մեղքի համար։ Միայն էդ դէպքում մենք բոլորս կարող ենք մաքրուել եւ գնալ առաջ»։
Ասիկա ըսողը Հայաստանի վերոյիշեալ մեռած կուսակցութեան մէկ անդամուհին է, որուն համար փրկիչ եւ խաչուող իրարմէ շա՜տ տարբեր բաներ են։

ՍՃԻԶ․
Կիւլկիւլեան հիմնարկութեան վարձու մունետիկները, որոնք աջ ու ձախ երկայնամտութիւն եւ հանդուրժողութիւն կը քարոզեն, որոնց նեցուկով կը վարակենդանանայ արեւմտահայերէնը ամէն ժամ, ամէն օր, ամէն տեղ, որոնք կը սպասեն այն հրաշքին, որ «սխալ», «սխալ», «սխալ» առաւել «սխալ»ին գումարը «ճիշդ»ը տայ օր մը, հիմա սկսած են նոր գործի մը՝ մրցանակներու յայտարարութեան։ Մրցանակն ալ դրամով է հարկաւ։ Մրցանակը կը շահիս, սաքան գրպանդ կը մտնէ։  

ՍՃԻԷ․
Ըստ Կիւլկիւլեան բառարանի «յաւակնութիւն» բառը «հաւակնութիւն»՝ հ-ով պէտք է գրել, որովհետեւ ուղղակի կապ ունի հաւերը կնութեան առնելու արարողութեան հետ։

ՍՃԻԸ․
Եղբա՛յր, քո՛յր, ինչո՞ւ կը գանգատիք Կիւլկիւլեան բառարանի ուղղագրութեան համար, գացէ՛ք այդ կայսրութեան մայրաքաղաքի հայկական գերեզմանատուներէն մէկը կամ միւսը, թերեւս բոլորն ալ նոյն հիւանդութեամբ կը տառապին, չենք ստուգած, ուր գրեթէ բոլոր նոր դամբարանները ուղղագրական կիւլկիւլականութիւն կը պարզեն։

ՍՃԻԹ․
Էշը իշանոցին մէջ իշուն իշանշան կրնայ կախել։ Կախեց ալ։ Բայց էշերուն պատուին մի՛ դպնաք, զի էշերը իրենք զիրենք լաւ կը ճանչնան եւ իրարու նշան չեն կախեր, իշական բարձր ինքնաճանաչողութեամբ։

ՍՃԼ․
Փաթփաթեանը նոպելեան մրցանակակիր է, է՜։
Պայտընը ցեղասպանութիւնը ընդուներ է, է՜։
Մալոնքան ալ Եւրոտեսիլի կրտսերներու թագուհին է, է՜։
Յաղթանա՜կ։
Է՜, կը բաւէ՜։ Շարքը եթէ երկար է նման սին յաղթանակներու, հաճիք հոս կեցէ՛ք։ Կամ՝ դուք առանձին շարունակեցէ՛ք։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԹՇՈՒԱՌՆԵՐ, ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐ ՈՒ ՇՆՈՐՀԱԼԻՆԵՐ

ԱՆԻ ՉԷԼԷՊԵԱՆ

Երկաթ, խաւաքարտ, ապակի․ երիտասարդ աշխատաւորը հաւաքեց, զատեց ու լեցուց մեծ պարկին մէջ: Բեռը ծանր էր: Տարաւ պարպեց ու դարձեալ հաւաքեց: Ամբողջ օրը: Հակառակ ասոր, գոհ էր եւ հպարտութեան զգացումով մը լեցուած էր սիրտը. կը զգար, թէ արդէն ինք մուտք գործած էր չափահասներու աշխարհը: Օրավարձք կը վաստկէր. բախտը ժպտած էր իրեն: Առանց անդրադառնալու, երիտասարդ աշխատաւորը ինքն ալ ժպտեցաւ: Ան տասներկու տարեկան էր: Գաղթական մըն էր…:

…Մարդուն երեսը զուրկ էր նրբութենէ: Անտաշ էր ու կոշտ, նոյնիսկ վայրագ երեւոյթ մը ունէր: Հսկայ մըն էր, Գողիաթի նման: Եկած էր դրացի երկրէն՝ գործ փնտռելու: Հետը բերած էր երեք զաւակները: Հաստատութեան մը տնօրէնին հետ կը խօսակցէր․

– Նայեցէ՛ք,- կ’ըսէր,- զաւակներս բարձրահասակ են, բայց ես չեմ ուզեր, որ անոնք ծանր գործ ընեն: Ուժեղ չեն: Սակայն նայեցէ՛ք այս տասներեք տարեկան տղուս: Լման ուժ է: Գալով ինծի, ես չեմ կրնար ծանր գործ աշխատիլ: Կրնամ մուտքի դուռ բանալ ու գոցել, բայց ոչ աւելի:

Գործատէրը շուարած է: Նայուածքը կը պտտցնէ մէկէն միւսին: Այս փոքրը պէտք չէ՞ դպրոց ըլլայ այս վայրկեանին…: Մինչ այդ, հսկան իր զրոյցը կը շարունակէ յայտնելով, թէ աղջիկ զաւակ մըն ալ ունի, որ մեծ մօրը հոգ կը տանի…: Գործատէրը ըսելիք չի գտներ: Դռնապանի մը յատկացուելիք սենեակի մը մէջ քանի՞ անձ կրնար բնակիլ: Տասներեք տարեկան տղու մը աշխատանքով քանի՞ հոգի պիտի կշտանար։ Գործատիրոջ սիրտը տագնապի մէջ է։ Գործատիրոջ դէմքին վրայ աւելի հոգ կայ այս վայրկեանին քան իր դիմաց կեցած չորս անձերուն…:

…Հայ տիկինը ներս կը հրաւիրէ այցելուները: Տան պատերը ծածկուած են նկարչական պաստառներով: Յայտնի է որ արուեստասէր մարդիկ կը բնակին հոս: Կինը հպարտութեամբ ցոյց կու տայ իր վկայականը հայրենիքի երաժշտանոցէն եւ օփերայէն: Իր ամուսինը եղած էր նկարիչ: Երբ ամուսնին մասին կը սկսի խօսիլ, կը յուզուի: Յետոյ, ինքզինք հաւաքելով կը պատմէ. «Այդ առաւօտ կանուխ, չորս ամիս առաջ, ամուսինս իր նկարչական պիտոյքները հաւաքեց եւ մեկնեցաւ ծովափ: Ամէն ինչ հետը տարաւ. նկարակալ, կտաւ, իւղաներկ, վրձին: Ներշնչուած էր ու երկար օր մը պիտի անցընէր ծովափը…: Յետմիջօրէին հեռաձայնը հնչեց․ հիւանդանոցն էր. ըսին որ գամ եւ ամուսինս վերցնեմ: Ես ճչացի խելագարի մը նման: Ինչպէ՞ս կարելի էր․ ամուսինս ոչ եւս էր: Դրացուհիս հետս առի ու գացի հիւանդանոց: Հոն գտանք իր դիակը: Քառասուն տարուայ կողակիցս ոչ եւս էր: Զիս մինակ թողած էր: Ի՞նչ պատահած էր: Ինծի տուին մարդու մը հեռաձայնի թիւը եւ ըսին թէ անոր հետ խօսիմ: Հեռաձայնեցի եւ մարդը ըսաւ, թէ շուտով քովս կու գայ: Ան պատմեց, թէ ինք ծովափը կը քալէր, երբ նկատած էր ամուսինս, որ նկարի մը վրայ կ’աշխատէր: Ուշադրութիւնը գրաւած էր այս երեւոյթը: Ամէն օր չէր որ արուեստագէտ մը կը տեսնէր ծովափը, որ պաստառի մը վրայ գեղեցիկ նկարի մը վրայ կ’աշխատէր: Հետաքրքրուած, ուզած էր մօտենալ, բայց չուզելով խանգարել հեռուէն դիտած էր միայն: Յանկարծ, անակնկալ, հսկայ ալիք մը բարձրացած եւ ակնթարթի մը մէջ նկարիչը տարած ու ծովը նետած էր։ Մարդը փորձած էր օգնել նկարիչին, բայց լողալ չէր գիտեր: Նկարիչը աւելի ու աւելի հեռացած էր ծովափէն: Մարդը վազած էր օգնութիւն գտնելու, բայց արդէն ուշ էր…: Նկարիչը արդէն մեկնած էր այս աշխարհէն…»: Կինը լռեց. այլեւս բառեր չէր գտներ: Միայն կը կրկնէր, թէ ինքզինք որքան առանձին կը զգար եւ կ’աղաչէր, որ այցելուները իրեն յաճախ այցելէին…:

…Դրացի երկրէն եկած արաբ կինը ունի աղջիկ զաւակ մը ու հինգ տղայ, տասներկու տարեկանէն մինչեւ վեց տարեկան: Ո՞ւր է ամուսինը: Արդեօք նահատակուա՞ծ է, ինչպէս շատերու պարագային, թէ՞ կինը ձգած է զայն, որպէսզի այլեւս չբեռնաւորուի յաւելեալ զաւակներով…: Ան կը յայտնէ, թէ չ’ուզեր զաւակները դպրոց ուղարկել, նոյնիսկ եթէ դպրոցը ձրի է: Ինք գոհ է, որ իր զաւակները իր մօտ են, մաքուր ու կոկիկ հագուած: Բայց իր դէմքին վրայ վիշտ մը ներկայ է: Կը խոստովանի, թէ ինք սխալած է, երբ իր տասներկու տարեկան աղջնակը ամուսնութեան տուած է մարդու մը, որ արդէն ուրիշ կին ունէր: Կինը երեսը կը դարձնէ թաքցնելու համար արցունքը, որ անձայն կը հոսի։ Շուտով իր աղջնակը, որ հիմա տասնչորս տարեկան էր եւ երկու զաւակներու մայր, իր քով պիտի գար իր երկու երեխաներով, մէկը՝ մէկուկէս տարեկան, միւսն ալ՝ նորածին: Լաւ որ իրենց խրճիթը ծովուն մօտակայքն էր, ուր ձմեռը ցուրտ չէր ըներ, աւելցուց կինը բան մը ըսելու սիրոյն…:

…Մտայ մեր թաղի նպարավաճառին խանութը: Յաճախորդ չկար. սկսայ ընտրել պէտք եղած պտուղները: Նպարավաճառը եկաւ գրասեղանին ետեւէն ու մօտեցաւ ինծի օգնելու, մինչ այդ խոշոր, սեւ ինքնաշարժ մը կեցաւ մուտքին. դուռը բացուեցաւ ու պատանի մը երեւցաւ մուտքին: Ինքնաշարժը աճապարանքով անհետացաւ: Այս պատանին թշուառ, խղճալի երեւոյթ մը ունէր. երեսը թուխ, անապատի արեւէն կաշիի նման չորցած, ըստ երեւոյթին օրական չէր լուացուեր, ցնցոտի հագած, ոտքերուն՝ մեծ ու հին, մաշած կօշիկներ: Յայտնի էր, որ տեղացի չէր: Պատանին գործի անցաւ զատած ապրանքներս տոպրակներու մէջ տեղաւորելով: Բայց տարօրինակ բան մը կար: Շարժումները դանդաղ էին, կարծես՝ իրմէ անկախ, զոմպիի մը նման: Ոչինչ խօսեցաւ, կարծես ինք ներկայ չէր նոյնիսկ: Քալուածքն ալ տարօրինակ էր: Հարցուցի իր մասին նպարավաճառին. անորոշ պատասխաններ ստացայ: Չուզեցի աւելի հետապնդել եւ մեկնեցայ: Սակայն չկրցայ մտքէս հանել պատանին: Ովքե՞ր էին այդ մարդիկը, որոնք զինք խանութ հասցուցին. աւելի ճիշդ՝ որոնք զինք ինքնաշարժէն դուրս շպրտեցին անպէտք լաթի մը կտորին պէս եւ շտապ անհետացան…: Բռնաբարա՞ծ էին տղան. տղան հա՞մր էր արդեօք…: Մտքով տկա՞ր էր: Այս անտէր, գաղթական պատանիները ո՞վ պիտի պաշտպանէր: Պատերազմ ու պանդխտութիւն խլած էին իրմէ իր մանկութիւնը: Ի՛նչ անգութ ու անիրաւ աշխարհ:

Այս տարի չարաբախտ տարի մըն էր այս երկրին համար: Փորձանքները յաջորդեցին իրարու: Երկիրը կորսնցուց իր հմայքը, խանդը, գոյնը: Հագաւ գորշ գոյն եւ տխուր հայեացք: Հակառակ այս բոլորին, մարդիկ փրկութեան եւ աւելի լաւ կեանքի մը յոյսով կ’ուղղուին հոն, մօտիկ ու հեռաւոր երկիրներէ, կը հանդուրժեն շատ մը նուաստացումներ, զեղծում, չարչարալից աշխատանք: Գաղթականներ, պանդուխտներ, նաեւ շնորհալի մարդիկ, որոնք տառապեալներուն բեռը քիչ մը թեթեւցուցին բարի խօսքով մը, բարեխնամ արարքով մը: Բոլորն ալ նոյն երկինքին տակ կ’ապրին: Այս չարաբախտ տարեշրջանի վերջին օրերուն կը խորհրդածենք անցած-դարձածին եւ Չարլզ Տիքընզի այս խօսքերուն վրայ.

Լաւագոյն ժամանակներն էին, ամենավատ ժամանակներն էին,
Իմաստութեան դարն էր, յիմարութեան դարն էր,
Հաւատքի դարաշրջան էր, անհաւատութեան դարաշրջան էր,
Յոյսի գարունն էր, յուսահատութեան ձմեռն էր,
Մենք ամէն ինչ ունէինք մեր առջեւ, մենք ոչինչ ունէինք…:

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ՆԱՄԱԿ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՅԻՆ

ԱՐԵԳ ՏԷԿԻՐՄԷՆՃԵԱՆ 
Քուէյթ, Ազգային Վարժարան, 5րդ դասարան
 
Ողջոյն, սիրելի Կաղանդ Պապա,
ահա արդէն տարի մըն ալ իր աւարտին հասաւ եւ դարձեալ ձեզի հանդիպելու օրը մօտեցաւ, անհամբեր սպասումի մէջ եմ։
Այս տարի քիչ մըն ալ մեծնալով ու հասուննալով հասկցայ, որ կեանքի մէջ ամենակարեւոր բանը առողջութիւնն է։ 
Համաճարակի այս օրերուն կը խնդրեմ, որ ձեր նուէրի տոպրակին մէջ առատօրէն առողջութիւն լեցնէք ու բերէք։ 
Յաջորդ նուէրը, որ կը խնդրեմ, խաղաղութիւնն է. եթէ խաղաղութեան սերմ մը ըլլար եւ ձեզի հետ բերէիք, խաղաղութիւնը կորսնցուցած հողերուն մէջ կը ցանէինք ու խաղաղութիւն կը գտնէինք։
Խաղաղութեան այդ սերմը հայրենիքիս սահմաններուն մէջ կը ցանէինք, որպէսզի այլեւս տարածքային ու մարդկային կորուստներ չունենայինք։ 
Լիայոյս եմ, որ ցանկութիւններս կը կատարէք։
Ձեզի կարօտով սպասող՝ 
Արեգ Տէկիրմէնճեան

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

ԿԱՂԱՆԴ

ԿԱՂԱՆԴ
ՏԱՐՕՆ ԷՐՏԻՆՉ
Իսթանպուլ, Էսաեան Վարժարան, Զ. դասարան

Ես կաղանդը շատ կը սիրեմ: Կաղանդ Պապան կու գայ եւ մեզի նուէրներ կը բերէ: Ընդհանրապէս ամէն տարի Կաղանդը զարմիկներուս եւ ծնողքիս հետ բոլորս միասին մեր տունը կը տօնենք:
Երբեմն Դեկտեմբեր ամիսը ձիւն կը տեղայ, այսպիսով մենք ալ ընկերներով  ձիւնագնդակ խաղալու առիթը կ’ունենանք։ Նաեւ կը շինենք ձիւնեմարդ:
Դպրոցը մեր դասարանի ընկերներով վիճակահանութիւն կ’ընենք։ Ապա մեր քաշած անուններուն համեմատ կ’որոշենք մեր նուէրները եւ վերջին օրը զանոնք իրարու կը նուիրենք։
Կ’ուզեմ պատմել Կաղանդի վերաբերեալ պզտիկ մէկ յուշս. քանի մը տարի առաջ Կաղանդի մօտ գիշեր մը տան մէջ պահուըտեցայ եւ Կաղանդ Պապուկին գալուն սպասեցի։ Յետոյ Կաղանդ Պապային նուէրներուն տօնածառին տակը դնելը տեսայ, բայց ով ըլլալը չկրցայ հասկնալ։
Ա՜, չմոռցած աւելցնեմ․ գիտէ՞ք, թէ իմ պզտիկ քոյրիկս օր մը Կաղանդ Պապիկին սահնակը նստիլ կ’ուզէ… 🙂          
                                                           

ՆՈՐ ՏԱՐԻ
ԱՐԱՍ ՊՈՒԼԿՈՒՐ
Իսթանպուլ, Էսաեան Վարժարան, Զ․ դասարան
 
Կաղանդը կը տօնենք Դետկեմբեր ամսուան վերջին օրը: Նախապէս, այսինքն երբ  ես մանուկ էի, Դեկտեմբեր ամիսը ձիւն կը տեղար, բայց քանի մը տարիէ ի  վեր դժբախտաբար բնաւ ձիւն չի տեղար:
Դպրոցներուն մէջ կը սկսին Կաղանդի նախապատրաստութիւններ: Ընկերները իրարու նուէրներ կը նուիրեն: Դպրոցը կը տիրէ հաճելի մթնոլորտ մը։
Կաղանդէն առաջ անշուշտ  տօնածառը կը զարդարենք եւ Կաղանդի գիշերը  ամբողջ ընտանիքը մեր տունը կը հաւաքուի: Ժամը տասներկուքին Կաղանդ Պապան կու գայ եւ պարկէն նուէրները կը հանէ:
Բայց արդեօք Կաղանդ Պապան իրակա՞ն է:
Դուք Կաղանդը կը սիրէ՞ք։
 

ԿԱՂԱՆԴ
ԱՐԵԳ ՉԱԳԸՐ
Իսթանպուլ, Էսաեան Վարժարան, Զ․ դասարան

Կաղանդը մօտեցաւ եւ պատրաստութիւնները սկսան: Տօնածառերը գոյնզգոյն զարդերով զարդարուեցան։
Կաղանդ Պապային հետ ճամբայ ելան նաեւ զանազան խաղալիքները։ Կաղանդ Պապան իր սահնակով ճեփ-ճերմակ ձիւներուն վրայէն մեզի կու գայ եւ բոլոր պզտիկները ան շատ կը սիրէ: Կաղանդը ամենէն աղուոր օրերէն մէկն է: Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ բոլորիդ։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: