ԾՊՏՈՒԱԾ

ՍԳԱՐԱ ՆԱՈՒՄԱՆ

Հրաշքներու կը հաւատա՞ս
Բեգասի մը կը հաւատա՞ս

Բեգասը կը միացնէ ձիուն ոյժը եւ գեղեցկութիւնը
Կարապին ոյժին եւ գեղեցկութեան հետ
Անոր ճերմակ փայլքը հակում ունի շլացնելու
Իրեն չհաւատացողին տեսողութիւնը
Այնպէս որ անոնք ինչ որ կը տեսնեն
Միայն գեղեցիկ ձի մըն է
Բայց մենք հաւատացողներս աւելի լաւ գիտենք
Կրնանք զայն ճանչնալ
Անոր գեղեցկութեամբ Երբեմն կը հանդիպինք ծպտուած միեղջերուներու
Անոնք փայլուն սեւ ձիերու նման են
Բարկութեամբ եւ դժգոհութեամբ լի
Եւ վտանգաւոր
Երբ իրենց մօտենալ ուզես
Որովհետեւ անոնք իրենց իրական գոյութեան
մասին աւելի լաւ գիտեն
Եւ իրենց իրական նկարագրին համար կ’ափսոսան

Երբեմն նաեւ սփինքսներու կը հանդիպինք
Որոնք սովորաբար կատուներու նման
կը ներկայանան
Եւ շէկ ու շերտաւոր մորթ կ’ունենան
Այս ծպտուած կատուները
Վայրենի եւ յամառ ըլլալու սովորութիւն կ’ունենան
Եւ ամէն ինչ ու ուզես կը վերլուծեն
Եւ կ’որոշեն ինչ որ ուզեն
Նոյնիսկ աւելի շատ քան սովորական կատուները
Որովհետեւ կը սիրեն
Երբ շուարիս եւ անխօս ես

Նաեւ հրեշտակներ կան
Որոնք մարդկային էակներու մորթով կը ծածկուին
Երբ անոնց մասին կը խօսիմ
Քու մասիդ կը մտածեմ
Դուն ամէն ոքի համար որ շուրջդ է
Ամենալաւը կ’ուզես
Անձ մըն ես որ ամենալաւը ուրիշներուն
Կը վերապահես
Անձնազոհութեան սահմաններէն շատ անդին
Բայց ինչ որ կեանքը քեզի կու տայ
Ցաւը եւ վէրքն են
Յաճախ աւելի շատ քան տանիլ կրնաս

Գէշ արարածներ կան աշխարհին մէջ
Որոնք ճիւաղներ են բայց ծպտուած
Իբրեւ բարեացակամ եւ ընկերներուն հոգացող
Անոնք չարակամութիւնն են
Որ կեանքին մէջ կը քալեն
Եւ անոնք են որ միւսները կը կործանեն
Դիւրութեամբ երեւան չեն գար
Ինչպէս վամփիրները
Որովհետեւ անոնք ոչ ցոլացում ունին
Հայելիին մէջ
Ոչ ալ տունս կրնան մտնել
Առանց արտօնութեան
Բայց ատիկա տարբերութիւն չ’ըներ
Որովհետեւ դուն վստահելով արդէն հրաւիրեցիր
Դէպի տունդ եւ կեանքդ

Ուրեմն ինքզինքիս պէտք է յիշեցնեմ
Որ տողերուն միջեւ պէտք է կարդամ
Եւ ճակատներուն ետեւը պէտք է տեսնեմ
Որպէսզի այլեւս երբեք խոցելի չըլլամ
Բայց միաժամանակ այս ծպտուած միեղջերուները
Տեսնել կ’ուզեմ
Սեւերը
Որպէսզի միասին իրարու ցաւը
Թեթեւցնել կարենանք
Որովհետեւ երբեք ամբողջովին զայն թօթափել
Պիտի չկարենանք
Այս աշխարհին մէջ
Որովհետեւ ծովանոյշներ ենք
Որոնք իրենց պոչերը կորսնցուցած են
Եւ պէտք է քալենք ցամաք երկրին վրայ
Մեծ ցաւով

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

Leave a comment