ՅԱՍՄԻԿ ՃԱՆԻԿԵԱՆ
Պուէնոս Այրէս, Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Կրթական Հաստատութիւն, երկրորդականի գ. տարի
13 Սեպտեմբեր, 2016
Սիրելի մեծ հայրիկս,
Իմ անուշիկ մեծ հայրիկս, չես գիտեր, թէ որքա՜ն կը կարօտնամ քեզ: Շատ ժամանակ անցած է, որ արձակուրդի գացած ես:
Անցեալ օրը մամային եւ ինծի հետ խօսեցար հեռաձայնով, բայց նոյնը չէ: Կ’ուզեմ երեսդ տեսնել, համբուրել քեզ եւ որ դուն պատմես ինծի, թէ ինչպէս էր ճամբորդութիւնդ:
Շատ նոր բաներ պատահեցան քու բացակայութեանդ միջոցին, կ’ուզեմ որ այլեւս վերադառնաս եւ այս նորութիւնները պատմեմ քեզի:
Այս տարի ամէնքս ալ կը սպասենք, որ ամրան արձակուրդին մեզի հետ կարենաս գալ:
Նուէրներ չենք ուզեր, միայն կ’ուզենք որ դուն գաս եւ նորէն միասին ըլլանք:
Հաճիս պատասխանէ նամակիս:
Պաչիկներ՝
Յասմիկ
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: