ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿՆԵՐ (ՅԻԸ․)

ԿԱՐՕ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

ՎՀԱ․
«…աշակերտութեան համար մեծ բախտաւորութիւն է հանդիպումը իւրայատուկ հիւրի մը, յանձինս Սեւակ Ղազարեանի, որ արեամբ եւ գործով հարազատ ժառագն է հայ արդի գրականութեան հսկաներէն մէկուն, եւ որ բարձր կը պահէ անոր վառած ջահը՝ յանուն մտքերու եւ սրտերու լուսաւորութեան»:
Ջահը բարձր կամ անմար պահելնիդ գոց գիտենք, միայն թէ սա թոռնիկը քանի՞ անձեր ունի իր մէջ որ «յանձինս» կը գրէք։

ՎՀԲ․
Դուք որ Սփիւռքի էութեան, գոյութեան եւ անգոյութեան մասին ձեր ունեցած հրաշալի գաղափարները հրաշազան յօդուածներու մէջ սեղմեցիք եւ հրաշագործ հատոր մը՝ յօդուածներու ժողովածոյ մը մէջտեղ բերիք, աւարտեցի՞ք ձեր առաքելութիւնը։ Ա՞ս էր ըլլալիքը։ Հիմա նոյն հրաշալի ոճով Հայաստանի ու Արցախի, Նախիջեւանի ու Ջաւախքի, Վանայ ու Մշոյ մասին ալ հատորներ հրատարակեցէ՛ք։ Քանի որ մէկուն մէջ յաջողեցաք, միւսներուն մէջ ալ անպայման կը յաջողիք։

ՎՀԳ․
«․․․փառաւորեսցուք զզօրութիւն սքանչելի տնօրէնութեանց քոց» ըսելու փոխարէն, Աւագ Հինգշաբթի, կրնաս նաեւ կարդալ՝ «սքանչելի անօրէնութեանց․․․»․ տարբերութիւնը մեծ է, սակայն կիւլկիւլահայերէնի համար ոչինչ է․ ա կամ տ շատ նման են իրարու, սակայն տնօրինութիւն եւ անօրինութիւն տարբեր են իրարմէ։ Կարդացուածը գրաբարէ աշխարհաբարի ալ թարգմանուած է դեռ․․․։

ՎՀԴ․
«Հայ Ժողովուրդի Փրկութեան Միակ Ճանապարհը Դիմադրութիւնն է»։
Ահաւասիկ նոր իմն Չարենց, աս ալ Բարենց կրնաք կոչել։

ՎՀԵ․
Եթէ գաղութի մը մէջ Ապրիլ 24ի յուշատօնը տարուէ տարի կազմակերպելը քաղաքական գործունէութեան գլխաւոր եւ գրեթէ միակ ձեռնարկութիւնն է, դուք կրնաք այդ գաղութէն քաղաքական գործունէութիւն ակնկալել։

ՎՀԶ․
«ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԿԱՌԱՓԱԿԸ ԲԱՑ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ» այս ու այս թուականներուն։
Եթէ կառաՓակ է արդէն, ինչպէ՞ս պիտի… բաց ըլլայ։ Կեցցէ՛ կիւլկիւլահայերէնի ուղղագրութիւնը։

ՎՀԷ․
Երբ այլեւս չես կրնար շրջապատդ զարմացնել, – որովհետեւ զարմացնելէ զատ ուշադրութիւն գրաւելու ուրիշ միջոց ալ չունիս այլեւս, – կրնաս կրկէսէ մը կապիկ մը հրաւիրել գաղութդ ու զայն դպրոցէ դպրոց պտտցնել, ցոյց տալ, ըսելով՝ տեսէ՛ք, ասպիսի կապիկ մը գոյութիւն ունի. ճիշդ ատպէս ալ կրնաս բանաստեղծին 100ամեայ յոբելեանին առթիւ անոր թոռնիկը հրաւիրել Հայաստանէն եւ ցոյց տալ հոս ու հոն, դպրոցներու աշակերտները խանդավառել եւ նոյնիսկ հաւատալ այդ խանդավառութեան։

ՎՀԸ․
«Յոբելեանները՝ իբրեւ իրականութիւն, մանաւանդ՝ հաւաքական եւ կազմակերպական կեանքին մէջ, կարեւոր են իրենց բնոյթով, որովհետեւ առիթ կ՛ընծայեն յետադարձ ակնարկ մը նետելու, վերանորոգուելու եւ որոշ նպատակի մը ուղղութեամբ արդէն իսկ նախապէս սկիզբ առած աշխատանքի մը նոր թափ ու սլացք տալու համար»:
Առիթ… կ’ընծայեն հարկաւ անոնց միայն, որոնք գիտեն թէ առիթ ինչ կը նշանակէ եւ կրնան այդ առիթը աշխատող բանի մը վերածել։

ՎՀԹ․
«…Որքանո՞վ կը հաւատաք որ այսօր մեր ժողովուրդն ալ իր կարգին պէտք է այդ հոգատարութիւնը ցուցաբերէ յատկապէս այս կեդրոնի տղոց եւ աղջիկներուն»։
Որքանո՞վ կը հաւատաք, որ… պէտք է ցուցաբերէ…։
Դուք բան մը հասկցա՞ք։ Նիւթը կարեւոր ալ չէ։ Բնական, բանող նախադասութիւն մը կազմելն է հարցը։
Երբ հայկական-պատուական ձայնասփիւռակայանի մը խօսնակուհին գիշեր-ցերեկ այս հայերէնն է որ կը խօսի, դուք ակնկալիք մը կրնա՞ք ունենալ։

ՎՁ․
«Քրիստոս հարյավ ի մեռելոց
Ձեզի մեզի սուրբ ավետիս»։
Այս ալ նորութիւն մեր Հայաստան աշխարհէն։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

Leave a comment