ԱՌԱՋԻՆ ԱՅՑՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Գերմանիոյ Հայ Բժիշկներու եւ Բուժաշխատողներու Միութեան անդամներ

ՄԱՐԳԱՐԻՏ ԱՍՈՅԵԱՆ ԼԻՆՔ

1988 թուականին Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժը ցնցեց Սփիւռքի ողջ հայութիւնը աշխարհի բոլոր ծագերուն: Գերմանիոյ մէջ առաջին օրէն իսկ հայերը սկսած էին անհատական ձեռնարկութիւններով, հոս ու հոն հանգանակութիւն ընելով եւ այլ միջոցներով օգնութիւն հասցնել հայրենիքին: Այս մթնոլորտին մէջ Գերմանիոյ հայ բժիշկները 1990-1991ին հիմնեցին Գերմանիոյ Հայ Բժիշկներու եւ Բուժաշխատողներու Միութիւնը տոքթ. Ռաֆայէլ Պապանեանի գլխաւորութեամբ, նպատակ ունենալով աւելի կազմակերպուած բժշկական օժանդակութիւն բերել հայրենիքին:

Լուրեր կը հասնէին մեզի, թէ Սփիւռքէն ներդրուած օգնութիւնները կեդրոնացած էին Երեւանի մէջ եւ կամ ալ բնաւ տեղ չէին հասներ: Միութեան վարչութիւնը, որուն ես անդամ էի, որոշեց այցելել Հայաստան եւ տեղւոյն վրայ ծանօթանալ դրութեան: 1992ի աշունը, հինգ հոգինոց կազմով՝ տոքթ. Ռաֆայէլ Պապանեան, տոքթ. Շաւարշ Յովասափեան, տոքթ. Գէորգ Քալաթաշ, տոքթ. Հրայր Խոսրովեան եւ ես (տոքթ. Մարգարիտ Ասոյեան Լինք) ճամբայ ելանք: Մեզի ընկերակցեցան երեք գերմանացիներ դեղագործական տարբեր ընկերութիւններէ: Մենք կը բնակէինք  Գերմանիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ եւ որոշեցինք հանդիպիլ Փարիզի Շարլ տը Կոլ օդակայանին մէջ, ուրկէ երեկոյեան, ռուսական Էյրոֆլոթ ընկերութեան պատկանող հայաստանեան թռիչքով պիտի ճամբորդէինք դէպի Երեւան:

Խումբը համախմբուած էր Շարլ տը Կոլ օդակայանին մէջ։ Որոշուած ժամէն անցան եօթը երկար ժամեր, վերջապէս հասաւ ուշացած օդանաւը եւ մենք տեղաւորուեցանք փոքր օդանաւուն մէջ:

Այնքան ոգեւորուած էի, որ բազկերակս արագ կը զարնէր, ջերմութիւնս բարձրացաւ եւ ինքզինքս գէշ զգացի: Այդ միջոցին մէջտեղ եկան օդանաւուն սպասեակները իրենց մատուցարաններով՝ վրան թէյի բաժակներ շարուած: Առաջին հիասթափութիւնս սպասեակներուն արտաքին երեւոյթին պատճառով էր․ բաց դեղին ներկուած մազեր, որոնց արմատներուն՝ բնական սեւ մազի գոյնը բաւական դուրս խուժեր էր, կարծես կ’ուզէր գրաւել իր հին տեղը․ շռայլօրէն ներկուած դիմագիծեր, կէս-քուն կէս-արթուն վիճակով վերաբերմունք․ իմ ակնկալած հայ օրիորդի կամ տիկնոջ հակապատկերները: Օդանաւուն մէջ անկարելի էր լուացարանը օգտագործել՝ կուտակուած աղբին եւ աղտոտութեան պատճառով․․․:  

Մտքիս մէջ ինքզինքս կը համոզէի, զսպելով սրտխառնուքս, ամէն ինչի հանդուրժելով․ բան չմնաց, կը խորհէի, յոյսով շուտով պիտի հասնինք։ Չէ՞ որ քիչ վերջ հայրենիքս պիտի տեսնեմ եւ կարօտս պիտի առնեմ: Կարօտը… մեր մանկութեան օրերէն այդ կարօտով ենք մեծցած: Յանկարծ բարձրախօսէն յայտարարուեցաւ, թէ օդանաւը ճամբան պիտի շեղի եւ պիտի իջնէ Սոջի քաղաքը, քարիւղ առնելու համար: Վարէջքը զիս տակնուվրայ ըրաւ, դարձեալ սպասողական երկար ժամեր՝ անտանելի մթնոլորտին մէջ:

Լուսադէմին հասաւ երազած պահս, օդանաւը իջաւ Զուարթնոց․ օդակայանը դեռ իր հին վիճակին մէջ էր անշուշտ․ առաջին անգամ ըլլալով ոտքս դրի հայրենիքիս հողին վրայ։ Երբ օդակայանէն դուրս ելանք, խորունկ շունչ մը քաշեցի, թոքերս հայրենիքի շունչով լեցնելու համար: Չորս կողմս նայեցայ․ աչքիս դպաւ տարիքոտ կին մը, գլխուն շարփ մը կապած, ձեռքի աւելով դանդաղօրէն ճամբան կ’աւլէր:

Իջեւանած էինք Հանրապետութեան հրապարակին կից գտնուող Արմենիա պանդոկը, որ իր հին վիճակով դեռ կը պահէր սովետական իշխանութեան տարիներու կարգը, ամէն մէկ յարկին վրայ՝ հսկիչ մը։ Սենեակս հասնելուս պէս արագ լուացուեցայ, պահ մը հանգստացայ, ապա շուտով կ’ուզէի դուրս ելլել, ժամանակ չկորսնցնել, ամէն մէկ վայրկեանը սուղ էր ինծի համար:

Արդէն արկածախնդրական թռիչքին նեղութիւնները մոռցած էի, սիրտս լեցուն էր անհուն հրճուանքով, կը գտնուէի Հայաստան, իմ երազած երկիր դրախտավայրին մէջ:

Վաթսունական թուականներուն, Սովետական Հայաստանը պատած երկաթէ վարագոյրը քիչ մը թեթեւցած էր: Իրաքի գաղութին մէջ մեծ ոգեւորութիւն կար, կարելիութիւն ստեղծուած էր զբօսաշրջկութեան համար Հայաստան ճամբորդելու:

Պաղտատէն խումբ մը հայեր մասնակցեցան առաջին ճամբորդութեան: Խումբին մասնակից մեզի ծանօթ մը վերադարձէն ետք նամակ մը բերած էր հետը ուղղուած Ասոյեան ընտանիքին: Այդ տարիներուն ես Պաղտատի բժշկական գոլէճը ուսանող էի։ Նամակը հասաւ ձեռքս, ստորագրուած Աւետիս Արշակի Խաչատրեանի կողմէ։ Նամակին բովանդակութիւնը կարդացի, նշուած էին անուններ, որոնք, ինչքան հօրս պատմածներէն կը յիշէի, կը պատկանէին հօրս գերդաստանի անդամներուն: Աւետիս Արշակի Խաչատրեան, Աստուած ողորմի հոգուն, կը գրէր, թէ ինք զաւակն է Նանէի եղբօր՝ Արշակին․ Նանէն կինն է եղած Ասատուր կամ Ասօ Ասոյեանին՝ մեծ հօրս: Արշակը տարիներէ ի վեր փնտռած է իր քոյրը, ամէն անգամ Միջին Արեւելքէն հայու մը հանդիպելուն հարցուցած է Ասոյեաններուն մասին: Շատ յուզուած էի, որովհետեւ Արշակը իր կրտսեր որդիին հօրս անունն էր տուած՝ Աւետիս: Ծնողքս կ’ապրէր Քէրքիւք․ նամակը անմիջապէս հասցուցի հօրս: Աննկարագրելի ապրումներ, զարմանք եւ յուզմունք․ հայրս չէր յիշեր իր քեռին, բայց նամակին մէջ յիշուած անուններէն յստակ էր, որ փնտռուող Ասոյեանները հօրս ընտանիքին անդամներն էին: Վասպուրականէն գաղթած ատեն հօրս քեռիին ընտանիքը տարբեր ուղիներէ հասած է Արեւելեան Հայաստան եւ հաստատուած Արարատ գիւղը, մինչ հօրս ընտանիքը գաղթած է Պարսկաստանի ճամբով եւ հաստատուած՝ Իրաք: Նամակին անմիջապէս պատասխանեցի, թէ այո՛, մենք իրենց փնտռած Ասոյեան ընտանիքն ենք: Հայաստան մեկնող զբօսաշրջիկներու երկրորդ խումբին հետ, 1974ին, ծնողքս ալ ճամբորդեց եւ անձամբ ծանօթացաւ Խաչատրեան ընտանիքին հետ, այդպիսով կապը հաստատուեցաւ եւ մնաց մինչեւ Աւետիսին վաղահաս մահը:

Հայաստան հասած առաջին օրս իսկ հեռաձայնով կապուեցայ Աւետիս Արշակի Խաչատրեանին հետ եւ ժամադրուեցանք յաջորդ օրը Արմիենիա պանդոկին մէջ: Մինչ այդ մեր խումբը սկսած էր տեղեկութիւններ հաւաքել մեր ձեռնարկելիք ծրագիրներուն համար:

Հետաքրքրական էր մեր հանդիպումը։ Աւետիսին բացատրեցի մեր այցելութեան նպատակը։ Ան ինծի տեղեկացուց, թէ Արարատ շրջանի հիւանդանոցը շատ ծանր կացութեան մէջ էր: Գործընկերներուս հետ խորհրդակցելէ ետք, այցելեցինք Արարատ քաղաքի մայր հիւանդանոցը, ուր մեզի արդէն կը սպասէր հիւանդանոցին տնօրէնը: Հիւանդանոցին բոլոր բաժինները պտտեցանք: Վաղածին մանուկներու միաւորը այնքան խղճալի վիճակ մը ունէր, որ խեղճուկ նորածինները տեսնելով կարելի չէր անտարբեր մնալ:

Հոն մեր որոշումը արդէն կայացաւ․ 1. Հիւանդանոցի վաղածին մանուկներու բաժինը արագօրէն բարելաւել․ 2. Տեղւոյն բժշկուհին՝ տոքթ. Աննա Բազէեան հրաւիրել Գերմանիա, հիւանդանոցի մը մէջ այդ մարզին մէջ փորձառութիւն ձեռք բերելու համար, վեցամսեայ կեցութեամբ․ 3. Հիւանդանոցի շտապ օգնութեան ինքնաշարժը նորոգել, որ այդ օրերուն քարիւղի պակասութեան պատճառով անգործածելի դարձած էր, եւ շտապ օգնութեան հիւանդները սայլակով մը կը փոխադրուէին հիւանդանոց․ նաեւ անհրաժեշտ էր ինքնաշարժին քարիւղ հայթայթել: Շնորհիւ միութեան անդամներուն նուիրատուութիւններուն, նշեալ երեք կէտերուն ալ իրագործումը յաջողութեամբ պսակուեցաւ:

Գերմանիոյ Հայ Բժիշկներու եւ Բուժաշխատողներու Միութիւնը հետագային տարբեր փուլերով շարունակեց եւ դեռ կը շարունակէ իր բարեսիրական գործունէութիւնը․ օրինակները շատ են․ Աբովեան հիւանդանոցին թոքախտի բուժման դեղերու հայթայթում, Արաբկիրի հիւանդանոցի տարրալուծարանի եւ երիկամունքի տիալուզի կարգ մը գործիքներու նուիրում, Մարտակերտի շրջանի անհասանելի գիւղերուն համար շարժուն ամպուլաթորեումի սարքում եւ մինչեւ օրս դեղորայքի հայթայթում, Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին վիրաբուժական արդի գործիքներու ուղարկում Ստեփանակերտի կեդրոնական հիւանդանոց… եւ բազմաթիւ այլ օգնութիւններ: Տոքթ. Ռաֆայէլ Պապանեանէն եւ տոքթ. Համբարձում Մերկերեանէն ետք, 2013էն մինչեւ 2018 Դեկտեմբեր, վարած եմ միութեան ատենապետութեան պաշտօնը:

1992ին Հայաստան կ’ապրէր ծանր պայմաններու տակ, ժողովուրդը տագնապի մէջ էր, ամէն ինչի պակասը զգալի էր, ելեկտրականութիւն չկար, մարդիկ իրենց տան փայտէ առարկաները կը վառէին կամ պարտէզներէն ծառեր կը կտրէին, կ’օգտագործէին իրենց առօրեայ կարիքներուն համար: Այս իրողութիւնը կապարի ծանրութեամբ կը ճնշէր մեր սրտերուն վրայ:

Ութօրեայ կեցութեանս ընթացքին, ուր որ ալ այցելէինք, ամէն անգամ մէկ աչքս կը խնդար, իսկ միւս աչքս կու լար: Աչքս կը խնդար, որովհետեւ ուրախ էի հայրենի հողիս վրայ գտնուելուս, սրբավայրերը այցելելուս, տեսարժան տեղերը տեսնելուս եւ երազներու կարօտը առնելուս համար:

Արարատ գիւղը, ուր ազգականներս կ’ապրէին, կը գտնուէր ճիշդ թրքական սահմանին վրայ․ սահմանի երկայնքին Արաքս գետը կը հոսէր: Արաքսէն անդին սրբացած Արարատ լեռը տեսայ․ այդ օրը բախտաւոր օրս էր, պայծառ, արեւոտ, ձիւնապատ գագաթը տեսայ․ կեցած էինք դէմ դիմաց այնքան մօտիկ, եթէ ձեռքս երկարէի՝ իրեն պիտի դպնայի, բայց, աւա՛ղ, ան անմատչելի էր։ Յիշեցի Աւետիք Իսահակեանի քերթուածը․

Արարատի ծեր գմբէթից
Դար է եկել, վայրկեանի պէս, ու անցել:
Անհուն թուով կայծակների
Սուրն է բեկուել ադամանդին, ու անցել:
Մահախուճապ սերունդների
Աչքն է դիպել լոյս գագաթին, ու անցել:
Հերթը հիմա քոնն է մի պահ.
Դու էլ նայիր սէգ ճակատին, ու անցիր։

Այդ պահը քանդակուած է հոգւոյս մէջ:

Աւետիսենց տունը ընդարձակ այգիով շրջապատուած էր, տան սենեակները լայն եւ լաւ կահաւորուած էին, հիւրասենեակին անկիւնը դաշնամուր մը կար․ կինը եւ երեք փոքր աղջիկներն ալ սիրով կը նուագէին: Ընտանիքին անդամները մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեցին զիս եւ ես գիշերը մնացի իրենց տունը: Ամէն ինչ հոյակապ էր, եթէ լուացարանի հարցը չըլլար․ ան կը գտնուէր տունէն դուրս՝ խոշոր պարտէզին մէջ, հեռու անկիւնը…:

Ուրախ էի վայելելով անծանօթ մարդոց ջերմ հիւրասիրութիւնը, հայկական ճոխ սեղաններուն շուրջ խինդն ու ծիծաղը, լաւաշ հացը ճերմակ պանիրով եւ թարմ կանաչեղէններով ճաշակելը:

Սփիւռք ծնած ու մեծցած, արաբական երկիրներու մէջ իբրեւ փոքրամասնութիւն ապրած հայը մինչեւ օրս ճանչցուած է իբրեւ աշխատասէր, պարտաճանաչ, հաւատարիմ եւ բծախնդիր ու մաքրասէր ազգ։ Հաւատացած էի, որ հայրենիքին մէջ ալ նոյնը պիտի ըլլար: Երեւանի ճամբաներուն վրայ դժբախտաբար նշուած յատկութիւններէն քանի մը հատը փնտռեցի, բայց քիչերը գտայ: Ամենածանր հիասթափութիւնս եղաւ մաքրութեան պակասութիւնն ու մարդոց անտարբերութիւնը այդ մարզին մէջ: Ամենուրեք կը հանդիպէի աշխատող կիներու, որոնք ծանր գործեր կ’ընէին: Իսկ քարքարոտ եւ քանդուած ճամբաներու մայթեզրին քով քովի պպզած այրեր անընդհատ ծխախոտ ծխելով ու ոչինչ ընելով, օրերնին կը մեռցնէին չգիտեմ՝ ինչո՞վ զբաղած․ կը մտածէի, փոխանակ նստելու, եթէ քանի մը հոգիով վեր ելլէին, իրենց դիմացը, ճամբուն մէջտեղը դիզուած քարերը հաւաքէին, ճամբու փոսերուն մէջ շարէին, բան մը ըրած կ’ըլլային եւ այն ատեն գոնէ ինքնաշարժներու երթեւեկութիւնը կը դիւրանար։ Տեսայ ինչպէս նախաճաշէն սկսեալ մինչեւ ուշ գիշեր վոտքան ու կոնիակը ջուրի պէս առատ կը հոսէր խմողներուն կոկորդներէն․ հոգիս կը լեցուէր անսահման տրտմութեամբ:

Ահա այսպէս, վերադարձի օրս, մէկ աչքս՝ թաց, միւսը՝ խնդուն, հրաժեշտ առի իմ երազած հայրենիքէս:

Յաջորդող ճամբորդութիւններու տպաւորութիւններս տարբեր էին, արդէն շատ մը բաներ բարեփոխուած էին:

18 Յունիս 2019

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

Leave a comment