ԿԱՐՕ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ
ՎՂԱ․
«Գիտէ՛ք , այդպիսի մթնոլորտներ այլեւս շատ դժուար կ’ստեղծուի: Լուսաւորիչ երգչախումբին ապրած դժուար օրերէն վերջ այսպիսի պահերը կանթեղի մը ուղի նման է որպէս 95 ամեայ երգչախումբս լուսաւորելու շարունակէ նոր սրտեր…»։
Կիւլկիւլապոլսահայերէնի բացառիկ նմոյշ մը…։ «Կանթեղի մը ուղի», ուղտի՞։ Կարեւորը սրտերը լուսաւորելն է, ատիկա առանց հայերէնի ալ կարելի է։ Չէի՞ք գիտեր։
ՎՂԲ․
Ես ինծի պարտականութիւն տուած եմ գովելու քաղաքիս մէջ տեղի ունեցածները. անոնք ըլլան ճիշդ կամ սխալ՝ կարեւութիւն չունի երբեք։ Նոյնիսկ եթէ ճանճ քաղաքացիս բան մը ընէ, ըսենք՝ տզզայ, ինծի համար կարեւոր է ատիկա, «արժանի գրոց յիշատակութեան»։ Ես քաղաքիս հանդէպ պարտք մը ունիմ, այդ պարտքը քննադատութիւն չի կրնար ըլլալ հարկաւ, որովհետեւ քննադատութենէն ամէն մարդ կը նեղուի, պէտք է ըլլայ գովասանք, որուն ամէն մարդ ալ պէտք ունի, Թէքէեան չըլլաս, «հացի եւ ջուրի պէս», ուրեմն, ես ալ կը գովեմ, ինձմէ ուրիշ ակնկալիք մի՛ ունենաք, շատ կը խնդրեմ։ «Լաւ մարդ» կ’ըլլամ այդ ձեւով, մէկու մը հետ խնդիր ալ չեմ ունենար։ Ուրիշներ ալ զիս կը գովեն ի հարկին։ Եւ աս ձեւով մենք զիրար կը զարգացնենք, թէ՛ մեր քաղաքի հայութիւնը, թէ՛ համայն հայութիւնը աս ձեւով զարգացում կ’արձանագրէ։ Դուք ալ փորձեցէ՛ք։
ՎՂԳ․
«Պատրիարք Հայրը, 4 Ապրիլ 2024, Հինգշաբթի, ընդունեց Ֆրանսայի Լիազօր Դեսպան Իզապէլ Տ․ի այցելութիւնը»։
Ընդունուածը մարդ չէ, այլ՝ այցելութիւն։ Տարածուած հիւանդութիւն ըլլալու է։
ՎՂԴ․
«Մեզի համար ցաւատանջ է պատկերացնել, որ մեր 16-17 տարեկան տղաքն ու աղջիկները չեն կրնար… ԿԱՐԴԱԼ: Այո՛, պարզապէս կարդալ: Կարդալ հայերէն սովորական էջ մը: Երբ մեր ապրած երկրին գիւղերու ու գաւառներու անուս գեղջուկներուն զաւակներն անգամ համալսարաններ կը յաճախեն հիմա ու կը վկայուին հոնկէ՝ իբրեւ կերպարանափոխուած տիպարներ, ինչո՞ւ մերինները իրենց մայրենի հարազատ լեզուն կը կարդան կմկմալով ու հեգելով՝ խաչելով զիրենք մտիկ ընողները»:
Ասիկա գրողը հայերէնի ուսուցիչ է, որ, ըստ երեւոյթին, կարդալ սորվեցնել չի գիտեր։
ՎՂԵ․
Ինչ ուզէ ըլլայ՝ ասիկա մեր միութիւնն է, որուն ես անդամ եմ ծնունդէս իսկ առաջ։ Ուզէ՛ աննպատակ կառոյցի մը վերածուի, ուզէ՛ իր կանոնագրութեամբ առաջադրած նպատակները չիրագործէ, ուզէ՛ բոլոր գիծերէն ամբողջապէս դուրս ելլէ՝ մե՛րն է, մե՛ր միութիւնը, կը հասկնա՞ք, իր գէշով ու լաւով, պորտալարով կապուած ես, կամ իշակապով․ գիրկդ կ’առնես զայն, կը նստիս կամ կը միաձուլուիս անոր հետ։ Կը դառնաս միութեանդ հետ․․․ միութիւն։ Չես տարբերիր անկէ։ Ասոր կ’ըսեն՝ հաւատարի՛մ միութենական։ Իսկ թէ՝ այդ ձեւով ո՞վ ի՞նչ արդիւնքի կը հասնի՝ երբեք ալ կարեւոր չէ։ Կարեւորը վստահութիւն ունենալն է։ Արդիւնքին մասին հարցնող ալ չէ եղած մինչեւ այսօր, ասկէ յետոյ ալ պիտի չըլլայ։
ՎՂԶ․
Մենք միտք, տրամաբանութիւն, ընդհանրապէս ուղեղ ալ չունինք, սակայն կը փափաքինք մեր միութեան յոբելեանը կազմակերպել։ Ի՞նչ ընէինք որ մեր միութեան այդ յոբելեանը ճաճանչներ սփռէր կամ զարթօնք մը դառնար. գացինք-եկանք-խորհեցանք, շատ երկար գիշերներ անքուն մնացինք, ու վերջապէս որոշեցինք, որ մեր յոբելեաններուն յատուկ անուն կամ նշանաբան տանք՝ ՃԱՃԱՆՉ, ԶԱՐԹՕՆՔ. արդէն աս բառերն իսկ կը բաւեն, որ մենք դառնանք ճաճանչ եւ զարթնունք։ Զարթօնք ըսես՝ կ’արթննաս ու անմիջապէս ու անդադար կը ճաճանչես։
ՎՂԷ․
Մեր երկրին մէջ տասնամեակներէ ի վեր բռնատիրական վարչակարգ կը տիրէ, ամէնքս ալ գիտենք, թէեւ ձայներնիս չենք հաներ, սակայն մենք մեր երկիրը ձգած դաս կու տանք Հայաստանի Հանրապետութեան, ոչ ուրիշ բանի, այլ… ժողովրդավարութեա՛ն։ Մեր երկրին մէջ եթէ մեր կառավարութեան դէմ բան մը ըսենք՝ զնտանէն դուրս չենք ելլեր մինչեւ մեր կեանքին աւարտը։
ՎՂԸ․
«Հետեւաբար երիտասարդութիւնը միայն տարիքով չ’որոշուիր. իմաստութիւնը կը գոյանայ ծերունիին փորձառութիւնը, չափահասին որոշումներ գոյացնելու կարողութիւնը եւ պատանիին աշխուժութիւնը մէկտեղելուն մէջ, ստեղծելու այնպիսի համահունչ ու խաղաղ ամբողջութիւն մը, որ անպայման կը յաջողի որեւէ յանձնառութիւն հասցնել իր կատարելագործուած լրումին»:
Ձեզ տեսնենք։ Այս յորդուն եռիմաստութեան կիրարկումը ձե՞ր ձեռքն է։ Ոչ թէ ատոր մասին ալ առանձին յօդուած մը պատրաստած էք։
ՎՂԹ․
«Գրական երեկոներու ծարաւը հագեցնող, այս հոգեպարար հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց՝ Գերպ․ Հայր սուրբը»։
Յագեցնո՞ղ թէ հանգեցնող․ երկու պարագաներուն ալ հասկնալու համար ոչ միայն երեւակայութեան, այլ նման երեկոներու մէջ իմաստ գտնելու անկարելի աշխատանքին պէտք ունիք։
ՎՃ․
Ուղեղս միայն կուսակցութեանս վրայ կ’աշխատի։ Նոյն բանը երբ կուսակցութիւնս ընէ՝ կը հասկնամ, իսկ ատիկա եթէ կուսակցութենէս դուրս տեղի ունենայ, ոչ միայն չեմ հասկնար, այլեւ պարտաւոր եմ անտեսելու։ Այս է կուսակցութեանս գոյութեան նպատակը։
Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ: